Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐՑՈՂԸ ԹՈՂ ԱԶԱՏԻ

Յանձնաժողովը, նոյն գիշերը մեր տանը մէջ նիստ գումարած էր, երբ լուր բերին թէ ռուս զինուորական իշխանութիւնը յայտարարութիւններ փակցնել տուած է քաղաքին պատերուն վրայ, թէ՛ ժողովուրդը երեք օրէն պէտք է որ Բերկրիի կիրճը անցած ըլլայ։ Ասիկա «կրցողը թող ազատի»ի նշանակութիւնը ունէր։ Յանձնաժողովին անդամները ժողովը թողին եւ վազեցին իրենց տուները։

Հարիւր քիլօմէթր երեք օրէն կտրելու համար, հարկ էր յաջորդ առաւօտը ճամբայ ելնել։ Այդ հարկադրութեան պատճառած խուճապին կուգային միանալ փոխադրութեան միջոցներու պակասը, ինչ որ յուսահատական կը դարձնէր ընտանիքին մէջ ծեր, երեխայ կամ հիւանդ  ունեցողներուն դրութիւնը։ Կեանքի անմիջական սպառնալիքէն շշմած՝ նահանջողներու ուղեղն էր միայն, որ ի խնդիր միջոցներու կը գործէր առաջին օրը. անոնց սիրտը տակաւին ի վիճակի չէր զգալու դարաւոր հայրենիքը, դարերու տուն ու տեղը եւ ունեցած-չունեցածը մէկանց լքելու կսկիծը։

Ու միջոց... ունեցողները՝ յաջորդ շաբաթ օրը, կէս միջոց ունեցողները կիրակի ճամբայ  ելան։ Գըտնուեցան բնաւ միջոց չունեցողներ ալ   ծեր, հիւանդ   որոնք «ինչ կ՚ըլլայ թող ըլլայ» ըսելով, տեղերնէն չշարժեցան։

Մենք՝ շաբաթ օրը, ուշ ատեն թողուցինք մեր տունը։ Երբ, անգամ մը, ապահով եղանք թէ ճամբայ ինկած ենք արդէն, առաջին մտածումնիս եղաւ այն թէ՝ ինչ կրնայինք առնել միասին եւ չառինք։ Այս թւումն  ընելու մէջ էինք երբ աղջիկս ըսաւ՝

Հապա՞ Մաման։

Խե՜ղճ կենդանին. զայն միասին չէինք կրնար առնել անշուշտ. բայց ան՝ իր վիզին մետաքս պարանովը կապուած էր ծառի մը եւ մենք՝ մեր աճապարանքին մէջ, մոռցած էինք զայն արձակել իր կապէն։

Մենք շուտով մօռցանք Մաման, այն աղեխարշ տեսարաններուն մէջ, որոնք՝ մէկը միւսին ետեւէն, սկսան պարզուիլ մեր աչքերուն։ Ատոնք, սակայն, պարզ եւ ուրոյն պատկերներ էին. բայց, ինչ որ տեսանք, կիրակի ցերեկին, ճանապարհի առաջին  հանգրուան եղող Սեւ Գետի եզերքը, ահռելի համայնապատկեր մըն էր տրտունջի, ցաւի, ճիչի, անէծքի։ Հոն չէր գտնուեր  մէկը, որուն դէմքին վրայ կարելի չըլլար կարդալ՝ առջի գիշերուան անքնութեան հետ նոյն ցերեկուան յոգնութիւնը, որոնք՝ մէկը երկուք ըրած էին ենթակային մատնուած հոգեկան տառապանքներուն։ Երեւակայելու է ուրեմն, խելայեղ  տեսարանը բազմութեանը, բաղկացած նմաններէ, որոնց թիւը հարիւր հազարը կ՚անցնէր. տեսարան՝ զոր ո՛չ Տանթէն կրցած է երեւակայել իր  Աստուածային Գոմէտիին մէջ, ո՛չ ալ Յովհաննէս Առաքեալը՝ գուշակել իր Յայտնութեան մէջ։

Տեսարանին եղերականութեանը մէջ հետաքրքիր նօթ մը կը կազմէր իրարու վրայ կորսուած սիրելիներու բարձրաձայն կոչը՝ գետին մէկ եզերքէն դէպ ի միւսը, տեսակ մը «կը փնտռուի»ներ։

Երբ մենք, մեր կարգին, Սեւ Գետը հասանք եւ անոր ափին քիչ մը հանգիստ առինք, ես պէտք զգացի բարեկամի մը ընկերակցութեան։

Օննիկ էֆէնտի՜, պոռացի ես մէկ ձայնով, գետին եզերքին մօտենալով։

Մէկ, երկուք, երեք, չորրորդին եկաւ պատասխանը, քանի մը վայրկեան վերջ ինքը, Օննիկ։

Մահն ընկերով հարսնիք է   ըսաւ Օննիկ էֆէնտին, ժպիտը երեսին եւ, աջ ձեռքին՝ անհոգութեան շրջանակ մը գծել տալով օդին մէջ։

Առաջին ժպիտն էր, որուն ես կը հանդիպէի այդ օրը։

Օննիկ էֆէնտիի՝ վարկածի մէջ դրած մխիթարանքի զգացումը լռելեայն կը թագաւորէր ամենուն հոգիին մէջ, զգացում՝ թէ ոչ ոք զուրկ չէր մնացած պղուտոնեան այդ խրախճանքէն, զգացում՝ առանց որուն՝ «մահը առանց ընկերի» իսկապէս մահ պիտի ըլլար։

Երեք օրէն Բերկրիի կիրճը։

Երկու օր գրեթէ անցեր է արդէն։

Ու, Սեւ Գետէն անդին, հոգեպէս ծիւրած եւ ֆիզիքապէս մաշած այդ բազմութիւնը, որ իր մէջը կը համրէր աւելի քան 150000 հոգիներ, արեւուն այրող տապին տակ, ճամբայ խեղդող փոշիին դէմ եւ Թուրքէն խողխողուելու վտանգին պարտադրած շտապին մէջ՝ որը անօթի, որը ծարաւ, երթալով հալեցաւ։ Այդ բազմութենէն, տասնեակ մը հազար, շնորհիւ այն հանգամանքին, որ ռուսական բանակը եւ կամաւորական խումբեր իրենց դերին վրայ չգտնուեցան, Թուրքին եաթաղանը խլեց, քանի մը տասնեակ հազարներ, շնորհիւ մեր ազգային մարմիններու հեղգութեան եւ անճարակութեան, համաճակարներ եւ հիւանդութիւնները։

Երբ բազմութիւնը իր շունչն առաւ Կովկասի մէջ, տեսաւ որ իր մէկ երրորդը կը պակսէր իրմէն։