ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆԸ
Անդրանիկի
խօսքերը
շատ
խօսեցնել
տուին
իրենց
վրայ,
անոր
խօսքերէն
մէկը
եկաւ
մտաւ,
օր
մը
Պիւտճէի
Յանձնաժողովին
օրակարգին
մէջ։
Պիւտճէյի
Յանձնաժողովի
օրակարգն
էր,
այդ
օրը,
տուրքերու
հաստատումը,
որ
առիթով՝
Յանձնաժողովին
անդամներէն
Պ.
Սարգիս
Արարատեան
(յետագային
Հայաստանի
ելմտական
նախարար)
ինձմէ
իմանալ
ուզեց
թէ՝
թրքական
կառավարութեան
եկամուտներէն,
ո՞րն
էր
որ
ամենէն
աւելի
կանխիկ
դրամ
կը
բերէր
գանձին։
—
Տասանորդի
տուրքը.
բայց...
—
Բայց...
ի՞նչ,
հարցուց
Պ.
Արարատեան։
—
Բայց,
ձեր
բլաթֆօրմին
քիչ
մը
հակառակ
կուգայ
տասանորդի
տուրքը
—
պատասխանեցի
ես։
—
Դրամը
հոտ
չունի
—
ըսաւ
Արարատեան,
կէս
կատակի
ժպիտով
մը։
Պ.
Կոստի
Համբարձումեան
—
Յանձնաժողովի
ուրիշ
մէկ
անգամ,
նկատելով
որ,
ո՛չ
ես,
ո՛չ
ալ
Յանձնաժողովին
չորրորդ
անգամը,
տեղացի
մը,
չհասկցանք
Արարատեանի
կատակին
իմաստը,
ըրաւ
պատմութիւնը,
որմէ
ծնած
էր
Արարատեանի
«դրամը
հոտ
չունի»ի
օրինակը։
—
Հռովմի
կայսրերէն
մէկը
—
ըսաւ
Պ.
Համբարձումեան
—
Վէսբասիէն՝
Հռովմի
արտաքնոցներուն
վրայ
տուրք
մը
կը
հաստատէ,
որուն
վրայ
տղան
Տիտոս,
տուրքին
անպատեհութիւնը
դիտել
տալու
կ՚ելնէ
հօրը,
որ
կուտայ
Արարատեանի
յիշած
օրինակը,
դրամը
հոտ
չունի,
կ՚ըսէ
ան
եւ
հաստատելու
համար
օրինակը,
թիկնապահը
ղրկելով՝
այդ
տուրքէն
գոյացած
դրամներէն
հատ
մը
բերել
կուտայ
եւ
տղուն
հոտուըտալ
կուտայ
զայն։
Պատմութիւնը
հիւթեղ
էր,
բայց
չվճռեց
հարցը։
Յանձնաժողովին
տեղացի
անդամը,
Պ.
Վարդան
Յովակիմեան,
փորձառու
անձնաւորութիւն
մը,
որ
Անդրանիկի
ընդունելութեան
ներկայ
եղած
էր,
յիշեց
անոր,
Անդրանիկի՝
«Վանի
գրաւումը
վերջնական
մի
համարէք»
խօսքը
եւ
առարկեց
թէ՝
ո՛չ
տասանորդի
կապալառուները
պիտի
ուզէին
կանխիկ
վճարումներ
ընել,
ո՛չ
ալ
կառավարութիւնը
արդար
համարելու
էր,
տիրող
անորոշութեան
մէջ,
կանխավճարներ
գանձել
անոնցմէ։
Պ.
Յովակիմեանի
այս
առարկութեան
վրայ՝
Պ.
Սարգիս
Արարատեան,
ըրաւ
անակնկալ
յայտարարութիւն
մը,
որուն
վրայ
առարկութիւնը
հալեցաւ
այնպէս,
ինչպէս
կարագը
կրակին
վրայ։
Ան
ըսաւ
որ՝
իրենք
խորհրդապահական
տեղեկութիւն
մը
ունէին
թէ
Նիքօլա
ձարը,
մասնաւոր
ուքազով
մը,
հրամայած
է
ոչ
մէկ
պարագայի
չթողուլ
Վանը։
Մօտիկ
ծանօթ
չմնաց,
որուն
մենք
հաղորդած
չեղանք
այս
խորհրդապահական
լուրը.
ու
անոր
պատճառած
ուրախութեան
տպաւորութեան
ներքեւն
էինք
դեռ,
երբ
օր
մը,
որ
շատ
ուշ,
փողոցին
մէջ
հանդիպեցայ
Օննիկ
էֆէնտիին
որ՝
անակնկալ
լուր
մը
շշնջաց
ականջիս.
—
Թուրքերը
Մանազկերտի
կողմէն
կը
ճնշեն
ռուս
զօրամասերուն
վրայ։
Ոչ
զինուորական
մը,
չկրցի
ըմբռնել
անմիջապէս
լուրին
տարողութիւնը
եւ
ցոյց
տուի
անտարբերութիւն
մը,
որ
քիչ
մը
գրգռիչ
թուեցաւ
բարեկամիս։
Քիչ
մը
թթուած՝
շարունակեց
ան.
—
Բայց,
այդ
ճնշումին
վրայ
Ռուսներ
կը
խորհին
թողուլ
Վանը։
Արարատեանի
խորհրդապահական
լուրը
յիշեցի
անմիջապէս,
եւ,
թէ՛
Օննիկ
էֆէնտին
եւ
թէ՛
մանաւանդ
ինքզինքս
հանդարտեցնելու
համար
զայն
բարձրաձայն
կրկնեցի.
—
Նիքօլա
ձարը
չէ
որ
կուտայ
Վանը,
այլ
զայն
կ՚առնէին
անկէ,
ըսաւ
Օննիկ,
գլուխը
քիչ
մը
տնկելով։
Ռասպութինի
գայթակղութիւնը
երեւան
եկած
չէր
տակաւին,
եւ
ես
չգիտէի
թէ
Նիքօլան
ձար
չէր
այլ
բան
մը.
անոր
ուքազին
վրայ
մեծ
գաղափար
մը
ունէի։
Ուքազին
արժէքին
վրայ
չէր
որ
կասկածեցայ,
այլ
անոր
գոյութեանը։
Օննիկ
էֆէնտիի
հետ
մենք
մեր
քայլերը
ուղղեցինք
դէպ
ի
ֆրանսական
հիւպատոսարանը,
որ՝
առանց
գործիքի
ռատիօյի
կայան
մը
կը
համարուէր։
Հիւպատոսը՝
պատերազմի
յայտարարութեան
վրայ
մեկնած
էր,
բայց,
կինը
յղի
ըլլալուն
համար,
Վան
թողած
էր
զայն
անոր
հօրը,
Պ.
Ռույի
հետ
որ
պրիճի
վարպետ
մը՝
հիւպատոսարանը
պրիճի
ժամադրավայրի
մը
վերածած
էր։
Հիւպատոսարանի
դրան
վրայ,
սպասաւորը
մեզի
ըսաւ
թէ
Պ.
Ռու,
այս
առաւօտը,
ընտանիքին
հետ
Կովկաս
մեկնեցաւ։
Մեր
նայուածքները,
Օննիկ
էֆէնտիի
հետ,
զիրար
փնտռեցին։
Մենք
միասին,
երկու
օր
առաջ,
Պ.
Ռույի
եւ
աղջկանը
քովը
եղած
էինք
եւ
անոնք
բառ
մը
ըսած
չէին
մեզի
իրենց
մեկնումի
մտադրութեան
մասին։
Երկուքս
ալ
գիտէինք,
թէ
Պ.
Ռույի
պրիճի
սեղանին
կը
մասնակցէին
նաեւ
ռուս
սպաներ։
Գլուխնիս
կախ՝
մենք
գացինք
նստելու
սրճարան
մը,
որուն
առջեւէն,
քիչ
վերջ,
անցնիլը
տեսանք
մենք
բազմաթիւ
ֆուրկօններու,
որոնք
ռուս
բանակին
համար
բերած
պաշարի
եւ
ռազմամթերքի
բեռերնին
պարպած,
պարապ՝
Կովկաս
կը
վերադառնային։
—
Եթէ
ռուս
բանակը
Վան
թողնելու
ըլլար,
այս
Ֆուրկօնները
պարապ
չէին
վերադառնար
—
ըսի
Օննիկին,
առանց
մոռնալու
համրելու
ֆուրկօնները։
Ֆուրկօններուն
բարձրաձայն
համրանքին
աճող
թիւերուն
իւրաքանչիւրը
նոր
օղակ
մը
կը
դառնար
իմ
լաւատեսութեան
շղթային,
որով,
սակայն
ես
չկրցի
զսպել
Օննիկի
յոռետեսութեան
կատաղութիւնը։
Ան՝
ուրիշ
փաստերէ
զատ,
իր
յոռետեսութեանը
օգնութեան
կը
կանչէր
Անդրանիկի
խօսքերը։
«Վանի
գրաւումը
վերջնական
մի
համարէք»։
Յաջորդ
առաւօտը,
Մանազկերտի
լուրերը
սկսան
շրջան
ընել։
Անոնք,
սակայն,
իրենց
հակասութիւններովը
զիրար
կը
հրմշտկէին։
Լուրերը՝
որքան
վերէն
կուգային
նոյնքան
հակասական
կը
դառնային։
Հակասող
չգտնող
լուրն
այն
էր
միայն,
որ
Թուրքերը՝
Մանազկերտի
մէջ,
յանկարծակիի
բերած
էին
Ռուսները
եւ
անոնցմէ
հազար
զինուորներ
սպաննած։
Իրիկուան
կողմը,
լուրերը
վերածուեցան
փսփսուքներու,
որոնց
հիւսուածքին
մէջ
ճիշդն
ու
սխալը
իրենց
թելերն
ունէին.
անկարելի
եղաւ
մօտաւոր
գաղափար
մը
կազմել։
Միւս
առաւօտը,
ուրբաթ,
կանուխ,
լուր
փնտռելու
գացի
Աշճի
Նշանի
օթէլը,
որ՝
աւելի
սրճարան
եւ
ճաշարան
էր
քան
թէ
օթէլ
եւ
որ,
սակայն,
Վանի
մէջ
հազուագիւտ
հաստատութեան
այդ
անուն
առած
էր։
Օթէլը՝
այդ
օրերուն,
դարձեր
էր
լուրի
տեսակ
մը
սակարան։
Միեւնոյն
նպատակաւ
հոն
փութացեր
էին
քաղաքին
ծանօթ
անձնաւորութիւններ,
վաճառականներ,
մտաւորականներ։
Անոնց
հետ
շրջանակ
մը
կազմած՝
մենք
սկսած
էինք
առնել
ծախել,
երբ
ներս
մտաւ
ոստիկան
մը,
ձեռքը
թուղթ
մը,
որ
ուրիշ
բան
չէր,
եթէ
ոչ
վաճառականներու
անուններու
ցուցակ
մը,
ներքեւ
Արամի
ստորագրութիւնը
կրող
երկտողով
մը,
հրաւիրող
անուններուն
տէրերը՝
որպէսզի
ժամը
6ին,
Առաջնորդարանը
գտնուին,
մասնակցելու
համար
հոն
տեղի
ունենալիք
խորհրդակցութեան
մը։
Ներկաներէն՝
ցուցակին
մէջ
իրենց
անունները
գտնողները
իրենց
ստորագրութիւնները
դրին
թուղթին
վրայ
եւ
ոստիկանը
հազիւ
թէ
ոտքը
սրահին
սեմէն
դուրս
նետած
էր,
որ
Օննիկ
պոռթկաց
իր
զարմանքը.
—
Ծօ՜,
ըսել
է
այս
երկրին
մէջ
վաճառականնե՜ր
ալ
կան
—
քրքջաց
ան՝
ակնարկն
ուղղելով
դէպ
ի
Թիւթիւնճեան։
Յետոյ
ծայր
տուին
ենթադրութիւններ՝
—
Հանգանակութիւն
կայ,
ըսաւ
վաճառականներէն
մէկը,
որ
այդ
բառէն
կը
դողար։
—
Ի
պատիւ
զօրավար
Նիքալայէվի
կոչունք
կայ
—
ըսաւ
ուրիշ
մը,
բայց
քաշուեցաւ
Թիւթիւնճեանի
երեսը
նայելու։
—
Քաղաքական
ժողովոյ
կազմութեան
համար
ըլլալու
է
—
ենթադրեց
երրորդ
մը,
միշտ
հեգնօրէն։
Ձախորդ
բան
մը
եւ
կամ
դրամի
պէտքը
միայն
կրնան
Արամին
յիշեցնել
թէ
այս
երկրին
մէջ
վաճառականներ
ալ
կան
—
երկու
միտքերը
միացուց
չորրորդ
մը,
որ
չէր
ուզեր
առանց
կարծիքի
մնալ։
—
Ճիշտ
է
—
ըսաւ
ուրիշ
մը
որ՝
քովինիս
հետ
խօսքի
բռնուած՝
բան
մը
հասկցած
չէր։
—
Ինչալ
որ
ըլլայ,
ես
չպիտի
գամ
—
ըսաւ
Թիւթիւնճեան,
քիչ
մը
կիրքով,
որ
կը
թուի
թէ
իրեն
բերաւ,
այդ
րոպէին,
իրեն
տան
կոչունքին
յիշողութիւնը
եւ
քօնեաք
մը
ապսպրեց։
—
Կ՚ուզէ՞ք
իմանալ
թէ
ի՜նչ
կայ—
հարցուց
յանկարծ
Օննիկ
էֆէնտին՝
ուղղուելով
Թիւթիւնճեանի։
—
Ի՞նչ
կայ—
հարցուցին
քանի
մը
ձայներ՝
միասին։
—
Նահանջ
կայ,
նահա՜նջ
—
ըսաւ
Օննիկ՝
ձեռքովը,
քիչ
մը
աւելի
ճակտին
վրայ
բերելով
ֆէսը
եւ
Թիւթիւնճեանին
քօնեաք
բերող
կարսօնին
քօնեաք
մը
եւս
իրեն
համար
ապսպրելով։
Օննիկին
այս
յանդուգն
կարծիքը
առանցքը
դարձաւ,
այնուհետեւ,
յաջորդող
խօսքերուն։
—
Հապա՞
ֆուրկօնները։
—
Հապա՞
Արարատեանի
խորհրդապահական
լուրը։
—
Հապա՞
Անդրանիկ,
որ
իր
գաւառին
մէջ
մարգարէ
չէր
կրցած
ըլլալ։
Իրիկուան
կողմը,
հրաւէրի
ժամուն,
դողը
սիրտերնուս
մէջ
Առաջնորդարանը
գացինք։
Առաջնորդարանը
փոխադրուած
էր
Այգեստան,
Պողպատի
Դարի
վրայ
գտնուող
տան
մը
ընդարձակ
մէկ
սրահը։
Առաջնորդն
ալ
Այվազեան
Սահակ
եպիսկոպոսն
էր,
նոր,
քանի
մը
շաբաթ
առաջ
հասած։
Սրահին
ճակատը,
սէտրի
մը
վրայ,
Առաջնորդին
քով
բազմած
էին
Փաստրմաճեան
Գարեգին,
որ
առջի
օրը
հասած
էր,
խմբապետ
Վարդան,
որուն
անունը՝
Խանասորի
արշաւանքին
նուիրուած
մէկ
երգէն
էր
միայն
որ
լսած
էինք։
Արամ՝
քովը
իր
սիրական
խորհրդական
Սիրական
Տիգրանեան,
որ՝
մէկ
ձեռքով
քովը
բազմած
ճերմակ
կատուին
մազերը
կը
շոյէր,
միւսովը՝
իր
սեւ
աղուոր
մօրուքը։
Ուրիշներ
ալ
կային,
կուսակցական
կամ
կամաւորական
երկրորդական
դէմքերէն,
բայց,
անոնք
սրահին
վարերը
կը
դեգերէին։
Պատուոյ
աթոռները
վերապահուած
էին,
այս
անգամ,
պուրժուաներու,
որոնք
վախը
թողած՝
զարմանքով
էր՝
որ
կը
գրաւէին
այդ
աթոռները։
Թիւթիւնճեան՝
հակառակ
իր
հաւաստիքին
եկած
էր
ժողովին
եւ
ո՜հ
հեգնանք
—
կը
գրաւէր
ամենէն
վերի
աթոռը։
Սրահին
լռին
մթնոլորտը
զգալ
կուտար
արդէն,
որ
ծանրակշիռ
բան
մը
տեղի
պիտի
ունենար։
Երբ
Արամ՝
բաւական
թուով
պուրժուաներ
գտաւ
իր
դէմը,
ժողովը
բացաւ։
Անոր
առաջին
խօսքը
այն
եղաւ
թէ՝
Մանազկերտի
ճակատին
վրայ
ռուս
բանակին
դրութիւնը
խախտած
ըլլալուն
պատճառաւ,
Սպայակոյտը՝
աչքի
առաջ
ունենալով
Վանի
աշխարհագրական
դիրքը,
կը
խորհի
առժամապէս
թողուլ
Վան
եւ
անցնիլ
Ապաղա։
Հազիւ
թէ
Արամ
աւարտած
էր
իր
խօսքը
որ
Թիւթիւնճեան
առանց
խօսք
ուզելու՝
—
Եթէ
նահանջ
պիտի
ըլլար
ինչո՞ւ
վար
չդրինք
ութսուն
ֆուրկոնները
եւ
թոյլ
տուինք
որ
անոնք
պարապ
վերադառնան
Կովկաս
—
ըսաւ
ոխակալ
վաճառականը,
պայքարողի
շեշտով
մը։
Պ.
Սիրական
Տիգրանեան,
որ
իրաւաբան
է,
ստանձնեց՝
անմիջապէս,
Արամի
փոխանորդութիւնը։
—
Լուրը
նոր
է,
ֆուրկոններու
մեկնումը
հին։
Լուրը,
այս
րոպէին
իսկ,
վերջնական
չհամարուիր
դեռ,
ո՜ւր
մնաց
երեք
օր
առաջ։
Յետոյ
նման
խօսքեր,
որոնք,
առհասարակ,
փաստաբաններ
միայն
կրնան
բերաննին
առնել։
Յետոյ
Պ.
Վարդան,
որ,
կամ
հրաբուխի
բռնուած
էր
րոպէապէս
եւ
կամ
էնֆիէյի
լայն
պտղուց
մը
քիթին
անցուցած՝
սկսաւ՝
երկու
փնդտռոցներու
միջեւ,
իրարու
ետեւէն
կրկնել,
—
Կազմակերպիչ
յանձնաժողով
մը,
կազմակերպիչ
յանձնաժողով
մը։
—
Ի՜նչ
բան
կազմակերպելու
համար,
հարցուց
Եկարեան,
որ
նոր
մտած
էր
սրահը։
—
Նահանջ
—
պատասխանեց,
Վարդանի
փոխարէն
Փաստրմաճեան,
որ
կարծես
թէ
այդ
խօսքն
ընելու
համար
էր
որ,
առջի
օրը
Վան
հասած
էր։
Պ.
Գալուստ
Ճիտէճեան,
որ
քովս
նստած
էր,
ականջիս
ծռելով՝
ինծի
հարցուց
թէ՝
արդեօք
Պ.
Արարատեան
սէտրի
վրայ
նստող
շէֆերուն
մէ՞ջ
կը
գտնուէր։
Եթէ
իմ
պատասխանը
դրական
եղած
ըլլար,
ան
ալ
գուցէ
հարց
տար՝
—
Հապա՞
Նիքօլա
ձարին
ուքազը։
Խե՜ղճ
Նիքօլան։
Գուցէ
ան
ալ
չգիտէր
թէ
ձարութիւնը՝
Լոպանովներու
ուղեղովը
որպիսի՜
չարութիւն
կը
խորհէր
Հայերու
համար։
Հարուածը
անակնկալ
էր
եւ
անգութ։
Այդ
հարուածին
սաստկութեան
ներքեւ
շշմած,
վաճառականները՝
խելօք
մարդեր
դարձան
անմիջապէս։
Երբ,
յանձնաժողովին
անդամակցութեան
համար,
անոնց
անունները՝
մէկիկ
մէկիկ,
մէջտեղ
եկան,
եւ,
մինակ
անոնց
անունները,
անուններ՝
որոնք
ցարդ
չէին
երեւցած՝
ո՛չ
կոչունքներու,
ո՛չ
ալ
պաշտօնաբաշխութեանց
ցուցակներուն
վրայ,
ոչ
ոք
անոնցմէ,
ոչ
իսկ
Թիւթիւնճեան՝
առարկեց,
թէ՝
ինչպէս
կ՚ըլլայ
որ՝
կառավարութիւնը,
նման
րոպէի
մը,
իր
դերէն
կը
հրաժարի
եւ
վաճառականներու
կը
յանձնէ
զայն։
Հրաւէրին
հեղինակները
գիտէին
որ
այսպէս
պիտի
ըլլար։
Անոնք՝
պուրժուաներէ
կազմեցին
ուրեմն
յանձնախումբը,
նախագահութիւնն
ալ
փաթթեցին
Պ.
Իգնատիոս
Հիւսեանի
(այժմ
Պուէնոս-Այրէս)
գլուխը
եւ
ձեռքերնին
լուացին։