Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԷՐԶՐՈՒՄ

Անդրանիկ տեսած չէր Էրզրումը։ Ան չէր ճանչնար բերդաքաղաքը, որուն ամրութիւններուն լայնատարած ցանցը, բնակչութեան հոծ թրքութիւնը եւ խիստ կլիման՝ երբ այնտեղ հասաւ ան՝ մէկ մէկ սեւ բիծեր թուեցան իր լուսաւոր երեւակայութեան համար։ Էրզրումը՝ իրեն համար, դուրս եկաւ, իր՝ մինչ այդ տասած՝ Անատօլիի քաղաքներէն, Շապին-Գարահիսարէն, Վանէն, Պիթլիզէն, Մուշէն բոլորովին տարբեր քաղաք մը։

Նիւթական այս բիծերը՝ սակայն, այնքան մութ չթուեցան Անդրանիկին, որքան անոնք որոնց մարդը բարոյական էր։

Էրզրումը՝ ռուսական բանակին կողմէն լքուելէն վերջ ծողուած էր իր բաղդին։ Անուանապէս՝ այդ հսկայ բերդաքաղաքը՝ պաշտպանութեան ներքեւ կը գտնուէր հայկական բանակին, որ՝ նոյնքան անուանապէս, ենթակայ էր կովկասեան ռուս բանակին  ընդհանուր հրամանատար զօրավար Լէպէտինսքիի, իսկ ասոնք, միշտ անուանապէս, ենթակայ էին կովկասեան Սէյմէն (խորհրդարան) բխող գործադիր իշխանութեանը։

Կովկասը կտրուած էր Ռուսաստանէն, եթէ ոչ, զինուորական ըլլայ թէ վարչական հիէրաշին, անարշին ըսենք ասոր, այստեղ ալ կանգ չէր առներ։

Կովկասի համար, Ռուսաստանը ե՛ւ կար, ե՛ւ, չկար, եւ կամ, ոմանց համար կար, ոմանց համար չկար։ Իշխանութիւնը բաժնուած էր Ռուսերու, Վրացիներու, Հայերու եւ Ազրպէյճանցիներու միջեւ։ Չորս ազգութիւն, չորս քաղաքականութիւն, բաժնուած զիրար խաչաձեւող չորս կուսակցութեանց վրայ   մենշեվիկ, պոլշէվիկ, սօսիալ յեղափոխական եւ քատէթ   առանց հաշուելու իւրաքանչիւր ազգութեան ծոցին մէջ, ուրոյնօրէն գոյութիւն ունեցող կուսակցական երանգաւորումները։

Էրզրում՝ հայկական բանակին պաշտպանութեան շրջանակ ճանչցուելէն  վերջ, քաղաքին հրամանատար զօրավար Օտըշէլիձէ քաշուած էր Սարը-Գամիշ։ Ան կը պահէր, սակայն, պաշտօնը, որ՝ ինքն ալ չգիտէր, թէ ընդհանուր հրամանատարութենէն կախուած էր, թէ ոչ զօրավար Նազարպէկովէն։

Զօրավար Օտրչէլիձէի Էրզրումէն մեկնումէն վերջ, առանց գլուխի մնացած այս քաղաքի մէջ կը տիրէր կատարեալ անիշխանութիւն։ Քաղաքային իշխանութեան համար, իրարու հետ վէճի մէջ էին, կուսակցական ըլլայ թէ բարեգործական, քանի մը զոյգ հայկական կազմակերպութիւններ, որոնց ե՛ւ ոչ մէկուն, սակայն, ռուս սպաները կ՚ուզէին ճանչնալ իրաւասութիւնը։ Իսկ, իրենք սպաները, կը կազմէին ուրոյն տարր մը, որ ուրիշ հող չունէր, եթէ ոչ ուտել խմել եւ առնել կիներ, որոնց հրապոյրն էր արդէն, որ զիրենք վարդրած էր Էրզրումի մէջ եւ որոնց առեւտուրը՝ այդ օրերուն ընթացիկ գործ մը դարձեր էր քաղաքին մէջ։

Քաղաքին զինուորական ուժին կորիզը կը կազմէին հայկական զորմասերը, որոնց թիւը Երզնկայի ճակատէն նահանջող ռուսահայ եւ Թիֆլիսէն ղրկուած թրքահայ  զինուորներով, օր ըստ օրէ, կը ստուարանար. բայց որո՞ւն կ՚իյնար անոնց իսկական հրամանատարութիւնը, ապահովաբար առտուն կանուք վեր ելնողին, Ապաս օղլիի շալվար հագնողին։

Վանեցիները՝ առանց բացատրութեան, կը հասկնան այս փոխաբերութիւնը։

Ապաս օղլին վանեցի Թուրք մըն է, հայր երեք զաւակներու, որոնք, սակայն, Հօրասի զաւակներուն պէս կտրիճներ չեն. մէկը միւսէն ծոյլ, անոնք սովոր են պառկիլ մինչեւ կէսօր։ Ապաս օղլին՝ խրատներէ եւ յանդիմանութիւններէ ձանձրացած, հնարքի մը կը դիմէ օր մը։ Ան՝ ընտիր չալէ շինուած շալվար մը դնելով տունը կը բերէ, եւ երբ տղաները կը հարցնեն թէ՝ իրենցմէ որո՞ւն համար է շալվար։ Ապաս օղլին՝ Մեծն Աղեքսանդրի պէս չըսեր «ամենէն արժանաւորին» որ ատեն իր զաւակներն ալ, մեծ աշխարհակալին զօրավարներուն պէս, իրարու գլուխը պատռելու ելնելով, պիտի փճացնէին իր ժառանգութիւնը, ինչպէս որ այդ զօրավարները ըրին Աղեքսանդրինը։ Չենք կրնար ըսել, անշուշտ, թէ Ապաս օղլին՝ Մեծն Աղեքսանդրէն աւելի խելացի մէկն էր, բայց, ամէն պարագայի, անկէ աւելի գործնական, տղաներուն՝ «շալվարը որո՞ւն համար է» հարցումին կը պատասխանէ.

Ամենէն կանուխ վեր ելնողին։

Որուն վրայ, տղաներէն գէթ մէկը՝ կը սկսի միշտ կանուխ վեր ելնել անկողինէն եւ երթալ գործին։

Արդ՝ կը պատահի որ օր մը, զօրավար Թորգոմին, որպէս այդ օրը ամենէն շուտ վեր ելնողի՝ վիճակի Ապաս օղլիի շալվարը։ Ան՝ այդ օրը, հայկական ամբողջ զօրամասերը քաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ հաւաքել տալով՝ զօրահանդէս մը կը սարքէ եւ անոր մէջ պաշտօնապէս կը յայտարարէ Թրքահայաստանի անկախութիւնը։ Յետոյ, ի պատիւ այդ անկախութեան՝ զօրանցք, ճառ, նուագ եւ ընդունելութիւն։

Բարեբաղդաբար, զօրավար Թորգոմ, որուն տիտղոսը, մանաւանդ մեր առաջին նահապետէն անոր ժառանգ մնացած անունը, կրնային փորձութեան ենթարկել զինք, հեռատեսութիւն կ՚ունենայ՝ ինքզինքը թագաւոր հռչակելով, գործը աւելի առաջ չքշելու, հեռատեսութիւն՝ որուն զառանցումը կրնար, Աստուած մի արասցէ, հասնիլ մինչեւ տինասթիական ներքին կռիւներ։ Չէ՞ որ մեր մէջ ունինք նաեւ Բագրատունիներէն ե՛ւս իշխան մը, որ՝ որպէս աւելի նոր տինասթիի մը ներկայացուցիչ, աւելի իրաւունք մը յաւակնութիւնը կրնար մէջտեղ դնել։

Այս յայտարարութիւնն ալ, սակայն, առանց միջադէպի չանցաւ, ան տեղի տուաւ ռուս վերին հրամանատարութեան կողմէ ծանր դիտողութեան մը, որուն վրայ, Ապահովութեան Խորհուրդը որոշեց ետ կանչել զօրավար Թորգոմը, բայց որոշումին դործադրութեան, աւելի ճիշդը՝ գործադրելիութեան համար, Անդրանիկի խորհուրդին վրայ, ան գտաւ յատկանշական ձեւ մը։ Ան հեռագրեց զօրավար Թորգոմին, թէ՝ կարեւոր խորհդրակցութեան մը համար իր ներկայութիւնը անհրաժեշտ էր Թիֆլիսի մէջ։ Խայծ մը, որ՝ անմիջապէս Թիֆլիս քաշեց բերաւ զօրավարը, զոր՝ Անդրանիկ ինքն էր, որ՝ վերջէն հետը տարաւ եւ որ մէկն եղաւ   այս ալ ըսենք   այն քանիներէն, որոնք Անդրանիկի կողքին, քաջաբար կռուելով, աստիճան մը փրկեցին հայ զինուորին պատիւը։

Էրզրումի մէջ տերող քաոսին պատկերը լրիւ չըլլար, սակայն, եթէ չկարդանք այդ բերդաքաղաքին այդ օրերու ռազմական կացութեան ուրիշ մէկ էջը։

Էրզրումի ամրութիւնները՝ փարսախներով իրարմէ հեռու, տարուան բացառիկ ձիւնը մեծապէս դժուարացուցած է անոնց հաղորդակցութիւնը։ Ասիկա բնական արգելի եւ բնութեան պատուհաս, Բայց քիչ չէին մարդկային ձեռքի պատուհասները, թէլէֆօնային գիծերուն եւ ոչ մէկը գոյութիւն ունէր այդ ամրութեանց մէջ, թնդանօթներուն ալ որուն բալլիք պակաս էր որուն ռումբը կը պակսէր։ Յայտնի էր թէ թուրք կնոջ հրապոյրը մինակ չէր մնացած, թէ թուրք դրամին մաքնիսն ալ անցած էր այդ ամենուն վրայէն։

Բերդապահ զօրավար մը պիտի կրնար անշուշտ, չափով մը, լրացնել այդ պակասները եւ, մասամբ, իրենց դերին մէջ դնել ամրութիւնները, բայց Անդրանիկ հասկցաւ որ երկու բան կը պակսէր իրեն, մասնագիտութիւն եւ ժամանակ։ Թուրքերը արդէն Էրզրումի դուռները հասած էին։

Անդրանիկին՝ միայն մասնագիտութիւնը չէր որ կը պակսէր, անոր կը պակսէին գիտական տարրական ծանօթութիւններ եւ ռուսերէն լեզուն, ինչ որ ոչ-մասնագիտական հարցերու առիթներով եւս, զինք յաճախ անյարմար դրութեան մէջ կը դնէին։

Անդրանիկ ըմբռնեց, ո՛ր ինքը եկած էր հնձելու ուրիշներու այնքան առատօրէն ցանած փոթորիկը։

Սասունի հերոսին կը մնար ուրեմն իր մարզին մէջ մտնել եւ ճակատ ճակատի դէմ գալ Թուրքին, որ դրութեանը ծանօթ՝ արագօրէն կը յառաջանար։

Այդ փորձն էր որ փորձեց Անդրանիկ Մարտ 7ին Իլիջէյի մէջ։ Անոր անծանօթ չէին, իր հրամանին ներքեւ գտնուած զօրամասերուն, մասնաւորապէս ռուսահայ զինուորներուն մէջ տիրող տրամադրութիւնը։ Ու, երբ հասաւ հոգեբանական րոպէն, Տիլմանի հերոսը՝ իր անձին օրինակովը եւ տեսքովը, ուզեց բարձրացնել այդ տրամադրութիւնը։ Ան ծրագրած յարձակողականին մէջ, առաջին գիծին վրայ, սուրը քաշած՝ ինկաւ զօրքին առաջ։ Զօրքերը, սակայն, չհետեւեցան իրեն եւ կամ շատ քիչերը, ու երբ, ան՝ սուրը ձեռքին՝ ընկըկողներէն մէկուն վրայ ինկաւ, այս վերջինը չքաշուեցաւ ձեռքը իր հրացանին տանելու։

«Անկցի պատերազմը», «թող Թրքահայերը՝ իրենք պաշտպանեն իրենց սահմանները» սեմերն էին որ Ազգային Ժողովի մահուան պատիժի իրաւունքը մերժող որոշումով ոռոգուած՝ տուած էին իրենց առատ հունձքերը։

Անդրանիկ՝ սուրը կամաց մը պատեանը դրաւ եւ ետ դարձաւ։

Էրզրում ինկած էր։