Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  1 Յունիս 1019

Ա

ԺԱՄԱՆԵՑԻՆ մեզ աւուրք չարչարանաց, եւ գ տին զմեզ նեղութիւնը անհնարինք… Ազ գ ք ատարածնաց սօտարացուցին զմեզ ի բնակութենէս մերմէ. եւ դարձան փառք մեր յապականութիւն…

Յաջորդք ի յաջորդաց փոխանակեցին, եւ նուազեաց արդիւն արծարծիշ շնչոյ կենդանութեան, հաստատունք յաշխարհի ի պանդխտութեան իւրեանց պանդխտեցան երկրորդ ան գ ամ, եւ եղեն վտարանդիք ի ձեռանէ պանդխտաց ապստամբաց, ի սիրելեաց քակտեալք, զորս ոչ սուր սատակեաց, ցրուեցան զօրէն աստեղաց մոլորական կոչեցելոց…Բարձան ուրախութիւնք յերկրէ. լռեցին ձայնք քնարաց, լռեցին բոմբիւնք թմբկաց, բարձրացան աղաղակք լալեաց»:

Այս ի՞նչ ցաւա գ ին ձայներ, ի՞նչ ակամայ գ երութիւնք եւ կամաւոր օտարութիւնք. ի՞նչ տրտմառիթ լռութիւնք քնարաց եւ թմբկաց: - Եւ ո՞վ մեզի այսօր, Հայկակ, մեր հայրենի քնարաց եւ թմբկաց ջախջախանքը գ ուժէ, եւ լռութիւնը հռչակէ: - Ականատես վկայ մը, հայրենակէզ հո գ ի մը, զ գ այուն եւ խոցեալ սիրտ մը, փափուը եւ մաքուր գ րիչ մը. մէկ հատիկ մնացեալ ձայն ողբարկու եւ պատմիչ ժամանակին` ի մէջ մեր պատմըչաց Ժ եւ ԺԲ դարուց, միակ մնացեալ շաղկապ պատմիչ ԺԱ դարու Արիստակէս Լաստիվարտցի, որ համառօտէ զյիշատակ «անցիցն անցելոց ի յայլասեռն ազ գ աց` որ շուրջ զմեօք են, ընդ աշխարհս Հայոց»: Մէկ մարդու կենաց ժամանակի չափ է իր պատմութեան միջոցն, 72 տարի սկսեալ ի 1001 թուոյ, յորում տեսնելու կամ չտեսնելու ծանր ծանր դիպուածք հանդիպեցան իր եւ մեր աշխարհին մէջ. - մեծամեծ եւ պժ գ ալի փոփոխութիւնը, որոց ականատես ականջալուր եւ կարեկից ըլլալով միակ մխիթարանք այրած եւ անշէջ սրտին գ տաւ` տեսածը եւ կրածը գ րչին, եւ անով` յետնոց աւանդել:

Բայց որչափ որ եղածքն մեծամեծ եւ ծանր ըլլան, մարդ իր սրտովը կու կշռէ կու զ գ այ, եւ այսով իր զ գ ացումն աւելի մեծ կ ՚ ըլլայ. գ ոնէ մեր Լաստիվերացոյն համար այսպէս եղած է. անոր համար եղածէն աւելի զ գ ացածը կու նկարա գ րէ ընդարձակ տեսարանը` իբրեւ իր սրտին հայելւոյն մէջ բովանդակելով կու ցուցընէ. - աւելի ողբասացութիւն քան պատմաբանութիւն. - զոր եւ ինքնին շատ ան գ ամ խոստովանի, եւ ուրիշ պատմըչի կարօտ կու սեպէ դիպուածքը: Իսկ ես, կ ՚ ըսէ, գ րեցի «ոչ լիով, այլ միայն զսկիզբն իրացն որ եղեւ եւ անց ընդ մեզ»: Դժբաղդաբար ինչուան հիմայ մենք այլ իրեն հետ «կարօտացաք հին ժամանակա գ րացն պատմութեան, զի ըստ պատշաճի եւ յարմարական բանիւք դրոշմեսցեն… զանցելոցն զհանդիպումն անսխալապէս որ ինչ եղեն»: Ոչ ոք իր ատեն կամ յետոյ մանրամասն գ րեր է այն բաները, մանաւանդ թէ գ րեր` եւ մեզի չէ հասեր, որով պատմասէրք թերեւս ի զուր մեղադրեն զԱրիստակէս` փոխանակ իրաց` մեզի լաց աւանդելուն համար:

Սակայն ո՞վ կրնայ իրաւամբք մեղադրել այնպիսի սիրտ մը` այնպիսի վշտաշատ տեսարանաց մէջ պաշարեալ. «ի չորից կողմանց` յարեւելից սուր, յարեւմտից սպանումն, ի հիւսիսոյ հուր եւ ի հարաւոյ մահ», սիրտ մը` որ երբեմն տեսաւ իր ազ գ ու հայրենիքը` բար գ աւաճանաց եւ պանծալի փառաց եւ ուժոյ մէջ, իբրեւ ի գ եղեցիկ առաւօտու եւ յերիտասարդական հասակի, եւ ապա տեսաւ յանկարծ երեկոյացեալ եւ ծերացեալ, խաւարեալ եւ օրհասական: - Տեսաւ, ինչպէս ինքն կ ՚ ըսէ. «Չորք աթոռք թա գ աւորութեան ունէր Հայք, թող թէ զկիւրապաղատին (Տայոց) իշխանութիւն եւ զոր ի Հոռոմոց». ամենքն այլ իշխաններով, գ ունա գ ոյն դրօշներով եւ զինուորութեամբք զարդարեալ եւ զւարճացեալ. եւ յետոյ ամենքն այլ մէկմէկու ետեւէ քակեալ քանդեալ քայքայեալ, պանդխտեալ յօտար աշխարհս. տեսաւ Հայոց քահանայապետական աթոռը, «հայրապետութիւն մեծ եւ նախանձելի ամենայն ազ գ աց». իր ամենէն մեծ փառաւորութեան եւ եկեղեցական բազմութեան մէջ (Պետոս Գետադարձ ճոխասէր կաթողիկոսի ատեն), եւ յետոյ զնա այլ` իր յաջորդներն այլ` անտեղի եւ անհան գ իստ թափառել յօտարաց երկրի եւ բռնութեան. - տեսաւ անապատները ծաղկեալ միանձանց բազմութեամբ, եւ յետոյ թա գ աւորանիստ քաղաքներն ան գ ամ անապատացեալ յիշխանաց եւ ի զօրականաց. - տեսա զՀայաստան յղփացեալ հարստութեամբ վաճառականութեան եւ երկրա գ ործութեան, բաւական ժամանակ աշխարհին հանդարտ մնալովը, եւ յետոյ` գ անձեր բաժնողներն ան գ ամ մուրացկան կամ բարբարական պտըտիլ. - տեսաւ Հայաստանի յետին պարծանաց պսակ` հազարտաճարեան Անին` կրկին ան գ ամ մատնեալ, անկեալ յօտար եւ բարբարոս ձեռս, եւ արեամբ ողողեալ. - տեսաւ իւր սեփական հայրենեաց պանծալի քաղաքը (Արծն)_ եւ իր ընտանի ծննդեան գ եղաւանը (Լաստիվարտ) սրով եւ կրակով այնպէս մաշած, որ մէկուն հազիւ աւերակաց հետքը եւ սեւ անունը կու մնայ (Գարա Արզ) յետ 800 տարուան, մէկայլին` ոչ հետքը եւ ոչ անունը. մինչեւ թէ եւ ուզեմք այլ ըստ խրատու պատմըչին, չեմք կրնար զթողեալն պատմել ի նմանէ` յաւերակացն ուսանել: - Տեսաւ իր համազ գ իները, նաեւ իր աստիճանակիցները, անասուններէ աւելի անար գ եւ խշխշալի կերպով մորթուած եւ մորթեզերծ եղած` նորատեսիլ վայրենի ասպատակաց ձեռքով… Այսպիսեաց ականատեսի մը սրտաշարժ քան մտա գ ատ գ րիչը, ես չեմ կրնար մեղադրել. մանաւանդ որ իր յստակ վայլչաբանութեան, ազնիւ զ գ ացմամբք եւ նկարա գ րութեամբք, եւ իր իսկատիպ ոճովն` ոչ միայն նորօրինակ եւ աննմանակ պատմիչ մ ՚ է մեր, այլ թերեւս յետ մեր ոսկեղէն դարուն պատմըչաց` քան զամեն ուրիշներն աւելի համբոյր եւ է սիրելի ընթերցողաց: - Եւ ահա սա ինքն է որ այնպէս անսովոր կամ մար գ արէախօս իմն ոճով ըրած է իր պատմութեան նախաբանը, զոր եւ ես քեզ նախաբանեցի: Հայկակ, եւ յորում` դեռ ախորժեմ եւ կարծեմ լսել Լաստիվարտցոյն ակնարկած լռեալ քնարաց յետին արձա գ ան գ ը. եւ անթոպ թմբկաց թաքուցեալ բոմբիւնքը… Ով կու յիշէ` կու լսէ. ով որ կ ՚ ապրի` կու յիշէ. թէ հարկ է ապրիլ` հարկ է եւ յիշել եւ լսել, գ ոնէ անծերանալի յիշատակօք` լսել այն թմբըլկի Բոմբիւնը, առանց որոյ չկեան եւ չկան հայրենիք:

Բ

Բայց ի՞նչ թմբուկ հայրենի, եւ ի՞նչ տաւիղ վայրենի, որ մէկզմէկ կու ջանային խափանել այն ատեն: - Սկիւթիոյ անապատին բարբարոսաց սրտակտուր ասպտօպայն` որ մեր աշխարհին հիմերը թնդացուց, դեռ ամենանուազ բզզիւն մը սեպուէր այն տիեզերադղորդ փողոյն ձայնէն առաջ, զոր զարհուրեալ նախնիք մեր համարէին տարուէ տարի լսել. եւ ոչ մեր նախնիք միայն, այլ գ րեթէ ամեն քրիստոնեայք յարեւելս եւ յարեւմուտս` մեծ տա գ նապի մէջ էին այն ատեն. երբ ի գ ալստենէ Քրիստոսի Տեառն մերոյ հազար տարի նոր անցեր էր: Ի հնուց կարծիք էր շատ հաւատացելոց` թէ անկէ ետեւ աշխարհիս վախճան պիտի ըլլայ: Յայտնութեան գ րոց մէջ ըսուածն` թէ «կապեաց զսատանայ հազար ամ» լցուած ըլլալով` նորէն պիտի արձակի սատանայ եւ բռնանայ չարութեամբք ի վերայ երկրի, անծանոթ ազ գ եր ի ծա գ աց երկրի պիտի վազեն ի վերայ քաղաքացեալ ազ գ աց, եւ որով ու աւերմամբ ջնջեն. եւ ի ժամանակի անդ բռնութեան բարբարոսաց, Նեռին եւ սատանայի` գ այ պիտի Քրիստոս Աստուած, դադրեցընելու զժամանակ եւ զծնունդս ժամանակի, եւ երկիրս աւեր պիտի դառնայ: Ըստ բամաց կարծեաց ոչ ի ծննդենէն Քրիստոսի այլ ի խաչելութենէն կու համրուէր հազար ամն, եւ ահա մեր պատմըչին այլ կենաց ծաղկած ատենն էր այս ժամանակս. որ եւ առանց յայտնի երկար բանիւ այս ահաւոր ըլլալիքը յիշելու (զի եւ չեղաւ այլ) դարձեալ նոյն տարին կու սեպէ մեր աշխարհին չարեաց դուռը, մանաւանդ որ արե գ ական խաւարում մ ՚ այլ հանդիպեցաւ ուրբաթ օր մը` նոյն տարին (1033). «զոր տեսեալ բազումք ի գ իտնոց` կարծեցին գ ոլ զծնունդ Նեռինն` զօրն զայն, կամ մեծամեծ չարեաց գ ուշակ. որ եղեւ իսկ յաւուրս մեր, յորս պատմութիւն բանիս առաջնորդեալ տանի զմեզ, զոր տեսաք աչօք մերովք զաստուածասաստ հարուածսն», եւ այլն: Նաեւ պատմութեան վերջաբանին մէջ այլ կրկնէ, «զի յայնմհետէ զոր յառաջա գ ոյն ասացի, յորում թուական Հայոց ՆՁԲ (1033) էր, մինչեւ ցայժմ` ուխտ սրբութեան եւ կար գ ք եկեղեցեաց քայքայեալ ապականեցան. եւ ոչ համբաւ խաղաղութեան կամ աւետիս բարեաց լուաք, եւ ոչ մի արձան յաղթութեան կան գ նեցաւ, ոչ թա գ աւորաց եւ ոչ իշխանաց»: Ուրիշ պատմիչ մը համարձակ այլ կու զրուցէ այն տարւոյն համար, թէ «Արձակեցաւ սատանայ ի կապանաց խաչելութեանն Քրիստոսի»:

Իսկ մերս` ուրիշ նշան կամ դիպուած մ ՚ այլ կու տայ այն հանդերձեալ մեծ ըլլալիքին. Երուսաղէմի կործանման ատեն հանդիպածին պէս կ ՚ ըսէ ի Հայաստան այլ մէկ անծանոթ մարդ մ ՚ երեւցաւ նոյն ատենները, որ արեւելեան գ աւառներէն գ ալով` դէպի յարեւմուտք կ ՚ երթար, Վանայ ծովուն հիւսիսային եզերեքներէն մինչեւ յԵրզնկա` անդադար կանչելով. Եղու՜կ զիս, եղու՜կ զիս. (վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ). - կու հարցընէին թէ ո՞վ ես, ուստի՞ կու գ աս, ինչու՞ կ ՚ ըսես. ուրիշ պատասխան չէր տար, բայց նոյն եղուկը, մինչեւ ոմանք (զորս անմիտ կոչէ պատմիչն) խելաթափ սեպեցին զնա. «Բայց իմաստունքն ասէին, այդ եղուկդ ամենայն երկրի լինելոց է»:

Այսպիսի դիպուածներ` եթէ շատ կամ աւելի կերպով մերազ գ եաց եւ մանաւանդ թա գ աւորաց եւ իշխանաց միտքը շփոթեցին ու սրտերնին վախցուցին, առանձին ազ գ ային աւանդութիւն մ ՚ այլ ունէին պատճառ. այն էր` իրենց նախնեաց անիրաւ գ ործերը, եւ անոնց համար ժամանակին սուրբ եւ ընտիր անձանց յանդիմանութիւնը եւ սպառնալիքը. մանաւանդ Ս. մեծին Ներսիսի: Սա նախատեսութեամբ գ ուշակեր էր Հայոց գ լուխը գ ալիքը, եւ վերջի ժամանակներ ըլլալու բաները` աշխարհիս կատարածին մօտերը. նաեւ Նետողք ազ գ ի մը արշաւանքն ի Հայս, եւ բոլոր աշխարհս տակն ու վրայ ընել եւ ժողովուրդը ցրուելը: Զայս կու յիշեն իր վարուց գ րիչք, նա եւ ուրիշ պատմիչք այլ ԺԱ դարէն ետեւ, իր վարքը երկարօրէն գ րողն Մեսրոպ Երէցն այլ ի Ժ դարու` այնպիսի խօսքեր կ ՚ աւանդէ Սրբոյն, սակայն իր գ րոց հնա գ ոյն օրինակաց մէջ (որչափ հանդիպեր եմ), չկան այն որոշակի խօսքերը` զոր յետին օրինակաց մէջ կարդամք` Սէլչուկեան եւ Թաթար Նետողաց վրայ. եւ յայտնի է որ յետոյ աւելցուած են. կէս մը այս (ԺԱ) եւ յաջորդ (ԺԲ) դարուն մէջ, կէս մ ՚ այլ յետ արշաւանաց Թաթարաց ի սկիզբն ԺԳ դարու, սրբոյն Ներսիսի ընդհանուր խօսքերը մասնաւորելով եւ յարմարցընելով Տուղրիլեանց եւ Ճինկիզեանց: Սակայն ստոյ գ է որ հասարակ եղած էր այն Ս. Հայրապետին սպառնալեաց վախն. եւ երբ այսպիսի նշաններ տեսնէին` մէկէն անոր խօսքերուն կատարուիլը կարծէին:

Այսպէս ըրին նաեւ ժամանակին թա գ աւորք եւ ազ գ ային գ լխաւորքն, Յովհաննէս–Սմբատ Բա գ րատունին, որ Յովհան Կոզեռն վարդապետին ձեռքով քննել տուաւ եւ նոյն կարծեաց վրայ հաստատեցաւ. եւ Սենեքերիմ Արծրունեաց թա գ աւորն` որ շատոնց նոյն վախին մէջ էր, եւ իրեն համար Քրիստոսի 1000 թուականէն սկսած էր: Առաջին նետ Նետողաց իրեն դիպաւ: Զարմանքն այս է որ մեր պատմիչն` միայն տեղ մը անցողաբար եւ լռելեայն կու յիշէ այն դիպուածը` որ իր յետա գ այ ողբոց նախասկիզբն պատճառն է, եւ պատմութեան պէտքն այլ կու պահանջէր յիշելը: Կ ՚ երեւի որ բաւական տեղեկութիւն չունէր Հայաստանի սահմանածայրը եղած բաներուն, նոյն իսկ Արծրունեաց մէջ, բայց դիպուածին տարին ստոյ գ կու յիշէ, 1022 ին հանդիպած բան մը պատմելու ատեն. «երկու կամ երեք ամօք յառաջ գ ործեցաւ», կ ՚ ըսէ Սենեքերիմայ հասած վտան գ ն. որ է 1019 ամն Քրիստոսի:

Գ

Մինչդեռ ի բաւական խաղաղութեան եւ շինութեան էր աշխարհնիս եւ սահմանակիցքն այլ, անակնկալ ատեն եւ կողմէ նոր եւ անծանոթ ասպատակ մը սփռեցաւ Հայաստանի հարաւային արեւելեան ծայրը, ի Վասպուրական աշխարհ, որոյ իշխան եւ թա գ աւոր էր Սենեքերիմ Արծրունի, հասակաւ, պատուով եւ խելօք յառաջացեալ, սիրելի Վասլի կայսեր եւ պատկառելի իշխանաց Հայոց: Այնպէս անկարծ, աննման, անշնորհք եւ ան գ ութ երեւցաւ այն խուժադուժ ազ գ ն անօրինաց, որ ոչ այսչափ միայն կ ՚ ըսէ պատմիչն, այլ եւ կարծէ թէ «օձք թեւաւորք հասին եւ կամէին ցոլանալ ընդ ամենայն աշխարհ հաւատացելոց. այս առաջին ելն արիւնարբու գ ազանացն»: Տարակոյս չկայ որ մեծ շփոթ եւ սարսափ ձ գ եցին թէ խաղաղաբնակ ժողովրդեան (որոց շէնքերը եւ վարուցանը կոխէին եւ կողոպտէին), թէ իշխանական եւ զինուորական դասուց, որք ոչ միայն անպատրաստ էին, այլ եւ «չէին բնաւ տեսեալ (այնպիսի) զօրք հեծելոց… այլակերպ, աղեղնաւորս եւ հերարձակս իբրեւ զկանայս. եւ յայնժամ զօրքն Հայոց չէին սովոր պատրաստ լինել ընդդէմ նետիցն». կամ ինչպէս ուրիշ եւ գ րեթէ ժամանակակից պատմիչ մը կ ՚ ըսէ. «Նոքա ունելով զբնութիւն արիւնարբու գ ազանի, զի են ազ գ ք ահաւոր տեսլեամբ. զի տեսիլ դիմաց նոցա զարհուրեցուցանէ զտեսողսն եւ ահաբեկ առնէ, եւ բնակութիւն նոցա ի լերինս եւ ի դաշտս եւ յանապատս, որպէս զվայրենի գ ազանաց. եւ են չաղղակերք որպէս զ գ ազանս. ոչ պատուեն զմեծամեծս, ոչ խնայեն յալիս եւ ի հարկիս ծերոցն, ոչ ողորմին երիտասարդին եւ տղայոյն, ոչ խնայեն ի մանկութիւն ումեք, ազ գ չար եւ դառնացող»:

Այլազ գ եաց նետերն ի Վան եւ յՈստան չհասած` Սենեքերիմայ եւ իր եղբօր Դերենկայ զօրքերն խմբեցան ելան զանոնք յետ դարձընելու, առաջնորդ ունելով զՇապուհ` ծեր եւ փորձ սպարապետն Արծրունեաց, որ բբանակ եւ պատերազմ վարելը իրեն խաղ ըրեր էր ի մանկութենէ. եւ սակայն հոս դժուարին եւ նոր խաղ մը տեսաւ. անճոռնի հերարձակ հեծեալք, եւ մանաւանդ լայնաձի գ հեռաձի գ աղեղաց նետեր, որ առջի բերան չէին թողուր Հայոց` իրենց մօտենալ ան գ ամ: Ո՜հ. եւ Հայք էին երբեմն աղեղնաւորք, այլ եւ քաջաձի գ արք աղեղանց, որոց ազ գ ահայրն ինքնին համարուի հնարող աղեղան յետ ջրհեղեղին, Հայկն հսկայ. եւ որոց զինուորութեան սեփական նշան իսկ` աղեղն եւ կապարճն էր. զոր եւ ինչուան հիմայ կու տեսնեմք իրենց հետ կռուող Հռոմայեցի կայսերաց դրամոց վրայ: Բայց երբ այս Փռիւ գ ացի գ աղթականն` (Հռոմայեցիք) հին Ասքանազայ սերունդն կամ մերձաւորն` Լատիոնի տիրելով` կամաց կամաց բոլոր Իտալիոյ, Յունաց, Փոքր Ասիոյ այլ տիրեց, իր աշխարհակալութեան գ րեթէ յետին սահման ընելով մեր աշխարհը, հսկայակերպ Հայաստանի ուսէն վերուց անոր պարծանաց եւ ուժոյ զարդ` հարուստ կապարճը: Հայաստան ոչ այնքան կողոպտուելով թողուց իր կորովի բազկաց խաղալիկ կամարը (աղեղը), որքան ընտրութեամբ փոխեց զայն` աւելի յարմար զինուց հետ, մօտէն կռուելու մօտեցող դիմամարտից դէմ: Ինչուան այն ատեն` հիւսիսային եւ արեւելից ասպատակաց դէմ` անոնց գ ործածած զէնքով կ ՚ ընդդիմանար հեռաձի գ աղեղամբ. անկէ ետեւ տեսաւ որ արեւմուտքէն է իր գ լխաւոր դիմակացն. Լուկուլ, Պոմպէոս, Կեսար, եւ Կրասոս սովրեցուցին իրեն նոր օրէնք կռուելու` սրով եւ փքնաւ: Յետոյ Բիւզանդացոց դաշնակցելով կամ հետեւելով` անոնց զինուորութեան օրէնքն եւ կերպերն առին Հայք, առանց բոլորովին թողու իրենց նախնական եւ հայրենի թռչուն զէնքերը. սակայն քիչ գ ործածէին, եւ այն այլ` աւելի լեռնաբնակք կամ ընդդէմ լեռնաբնակաց:

Դ

Արդ հիմայ այս նորատեսիլ Նետողաց հարուածներէն` նախ տա գ նապեցան մերայինք, յետոյ խիզախելով ուժով յարձակեցան հասան այլազ գ եաց այլանդակ բանակին. եւ սուր բանեցընելով` առատ արիւն հանեցին: Եթէ դաշտին վրայ ընկնողաց բազմա գ ոյնն ի Հայոց, այն յանկարծահաս եւ հեռաձի գ նետերէն` որոց դէմ չէր կրնար Շապուհ ուզածին պէս իր կտրիճները քշել եւ քաշել. մանաւանդ որ իրեն ար գ ելք կ ՚ ըլլար մէկ նետ մը, կամ այն նետից նպատակ մէկ գ լուխ մը, որ իր գ լխէն այլ բարձր եւ թանկ էր, թէ եւ ոչ իրեն պէս խոհական եւ փորձ. աւելի տաք արիւնոտ եւ լի եռանդեամբ եւ յանդ գ նութեամբ: Սա էր թա գ աժառան գ ն Արծրունեաց Դաւիթ. անդրանիկ ի մէջ չորս կտրիճ որդւոց Սենեքերիմայ: Հասակին եւ աստիճանին դրդումն, հօրը պատիւն եւ սէրն, եւ քաջութեան գ ինովցուցիչ մոլութիւնն գ րեթէ աչքերը գ ոցեր էին ընդդէմ վտան գ աց, եւ բացեր միայն ի խնդիր վրիժուց եւ փառաց խնուսիկ կամ արաբիկ երիվարին վրայ թռչըտելով` սանձը թողած, միայն սուրբ մերկ վզերու եւ լայնչի երեսներու վրայ իջեցընելով` կու բանար ահեղ եւ վտան գ աւոր ճամբայ մը, թէ եւ անվախ քաջութեամբ, թշնամեաց խառնակ գ նդերուն մէջ. ուր` յիրաւի չէին կրնար ասոնք դիւրաւ նետ բանեցընել իրենց ճակտին եւ կռնըկին հասնող կտրըճին վրայ. բայց նա այլ չէր կրնար երկար ատեն ողջ կամ անխոց մնալ: Շապուհ շուարած` իր զօրաց կար գ ը եւ թշնամեաց անկար գ ութիւնն այլ մոռնալվ` Դաւթի վրայ հո գ ալով կու կանչէր. «Թա գ աւոր, ետ դարձիր, այս իմ եւ քու տեսած սովորական պատերազմը չէ. նոր ու յանկարծահաս զէնքեր են. այս անիծեալ նետերուն դէմ բաւական պատսպարութիւն չունի մեր զօրքն, եւ ահա մեծ մասն վիրավորած է: Մի այդպէս շատ առաջ նետուիր. ե'տ դարձիր թա գ աւոր. յիշէ որ հօրդ պատասխան պիտի տանք կամ դու կամ ես… Թող այս ան գ ամ պահ մը յետ քաշուինք, նետերուն դէմ դնելու զրահ հա գ նինք, եւ այնպէս քշենք դա գ ազանները»: Քանի ան գ ամ այլ այսպէս յորդորեց ետ կանչեց, թիկնապահ հասուց, Դաւթի աչքը արիւնով լեցուած` ականջներն աղեղանց կաշիներուն շկահիւնէն խլցած` յամառած չէր ուզեր յետ դառնալ, ինչուան որ թշնամիներուն երեսը իր երկրին սահմանէն չդարձրնէ: Երբ տեսաւ Շապուհ` որ այլ ոչ խօսելու ատեն կայ ոչ մտիկ ընել տալու, ինքն այլ իր սպարապետութեան եւ մանաւանդ դայեկութեան իրաւամբք (վասն զի Դաւթի եւ անոր եղբարց դաստիարակ եւ կրթողն էր, եւ իր գ րկաց մէջ զ գ ուեր էր անոնց մանկութիւնը), յառաջ քշեց ձին, հասաւ արքայորդւոյն եւ անոր թիկնալայն կռնակին կունտ կոփ մը տալով` ձիուն գ լուխը բռնի դարձուց, քշեց իր զօրաց բազմութեան կողմը. բոլոր բանակն այլ կամաց կամաց յետ յետ քաշելով, հանեց յայտնի վտան գ էն, արիութեան եւ խոհեմութեան պարտքերը միատեղ կատարելով, որովհետեւ Նետողքն այլ իրենց կողմէն յետ դարձան կորան. զորս հարկ ըլլայ մեզի յետոյ փնտռել:

Սենեքերիմ եղածը իմանալով` մէկ կողմանէ շնորհակալ եղաւ Աստուծոյ եւ իր կտրիճներուն, բաւական փառօք դառնալնուն վրայ. մէկայլ կողմէն մտածեց` որ եթէ թշնամք այլ յամառէին կամ նորէն ետ դառնային, երկար ատեն անոնց դէմ դնելու ոյժ չունի, մանաւանդ թէ յոյս չունի, եւ այս անյուսութեան գ լխաւոր պատճառն այլ մեր նախայիշեալ ներսիսեան գ ուշակութիւնն էր` Նետողաց յարձակման վրայօք: Բոլոր օրը տարակուսանօք անցընելէն ետեւ, գ իշերը ՚ ըսէ պատմիչն) հասարակաց քնոյ եւ լռութեան ատեն` ինքն իր աշխարհին եւ տանը հո գ ովը տքուն` գ րքեր իջուց եւ քննեց Ս. Ներսիսի խօսքերը, եւ տարին արմար գ տաւ. արդէն սատանայն արձակուած էր ըստ կարծեց նոցա: Այն գ իշեր ծեր եւ երկարահո գ թա գ աւորին մէն մինակ իր տէրութեան սահմանը եւ բաղդը փոխեց, երկիրը թողլով` ժողովրդեան գ ոնէ մէկ մասը ազատել եւ յապահովել յանձն առաւ: Արեւելեան այլազ գ ի ազ գ աց եւ տարոէ տարի ելած նորանոր տէրութեանց դէմ դնելու զօրաւոր տէրութիւն` միայն Յունաց ինքնակալութիւնն կրնար ըլլալ այն ատեն, որ արդէն իսկ եօթն հարիւր տարի ստէպ կռուեր էր ընդդէմ Պարսից եւ Արաբացւոց: Ատենին Բիւզանդիոյ կայսրն էր մեծն եւ խոհեմ Վասիլ, որ շատ տարի առաջ (1004) Վրաց եւ Հայոց սահմանները կոխեր էր. եւ այն ատեն նախատեսութեամբ իմն Սենեքերիմ մեծարանաց դեսպան խաւրելով անոր դաշնադրութիւն ըրեր էր հետը, հիմայ այլ անոր վրայ վստահանալով` իրեն ճար գ տաւ: Յետին ճար - երկիրը թողուլ Յունաց կայսեր, եւ ասոր տէրութեան մէջ երկիր մ ՚ առնուլ, եւ հոն փոխադրուիլ իր արքունեօք եւ զօրականօք եւ ժողովրդենէն գ աղթիլ յանձն առողներով: Ղրկեց իր տաք գ լուխ անդրանիկը ի Կ. Պօլիս, առ Վասիլ կայսր, ուրիշ 400 ազնուականներով, 1000 ձիաւորով եւ իր երկրին տէր Եղիշէ արքեպիսկոպոսով, 300 ջորւոյ բեռ այլ ընծաներով, զորս ընդունելով Վասիլ` կայսերաբար պատուեց իր պատուողները, ընծայողները` ընծայեց, եւ երկրի փոխանակութեան դաշնադրութիւնն այլ կնքելով` դարձուց պատ գ ամաւորները:

Հետեւեալ տարին (1021) ելաւ ծեր թա գ աւորն` անուանակիր եւ պայազատ հին Ասորեստանի մեծ Սենեքերիմ թա գ աւորին, տոհմապետն Արծրունեաց եւ Սասնեցոց, իր ըանտանեօք եւ ազ գ ականաց մէկ մասամբ, բազմութեամբ իշխանաց եւ պաշտօնէից եւ 14, 000 հեծելովք կամ կտրիճ մարդով, որոց հետ ի հարկէ այր եւ կին, մեծ եւ փոքր հն գ ապատիկ աւելի բազմութիւն այլ պիտի ըլլար, գ ոցէ բոլորն իբրեւ 100, 000 հո գ ի, թողլու հին հայրենեաց հողը եւ նոր հայրենիք հիմնելու յերկիր օտար, եթէ հնար է այս:

Շատ հեղ անկէ ետեւ այսպիսի գ աղթականներ գ նացին ի մեր բնիկ աշխարհէն` յօտար աշխարհը, ուր եւ ցարդ բնակին իբրեւ յիւրեանց աշխարհի. սակայն թերեւս ոչ մի գ աղթական անոր պէս հանդարտ եւ հան գ իստ կերպով գ նաց. ուրիշներն աւելի ստիպմամբ եւ արտօրնոք, ասիկայ ակելի մտածութեամբ եւ հաշուով: Բայց հանդերձ այսու` ոչինչ պակաս ողորմելի: - Թողուլ սկզբնական հողը, հազարամեայ շէնքեր եւ տուներ, հարց եւ նախնեաց կերպ կերպ յիշատակներ, եկեղեցիներ եւ գ երեզմաններ. - մեծամեծ չարեաց սպառնացեալ վախով` երթալ յանծանօթ երկիր. նոր լեռներ եւ դաշտեր. - անծանոթ կամ օտար ազ գ աց մէջ բնակիլ եւ խառնուիլ. - իբրեւ յաւիտենական մնաս բարով մ ՚ ըսելով այն ամենայն բանի` զոր բովանդակէ անունն Հայրենիք… Ապա չեմ տարակուսիր որ շատ սրտառուչ եղած պիտի ըլլայ այս Արծրունեաց գ աղթումն եւ բաժնուիլն իրենց հին եւ բազմայիշատակ տեղէն. - շատ դառն եղած պիտի ըլլայ նոյն ինքն գ աղթողաց գ լուխ Սենեքերիմ թա գ աւորին, թողուլն իր հոյակապ գ ա գ կաշէն պապական Ոստանայ արքունիքը, Աղթամարայ դղեակը, Վանայ բերդերը, եւ մանաւանդ հարց գ երեզմանն, իւր դաստակերտ եւ կամ զարդարած հռչակաւոր Վանքն Վարա գ այ. ուր եւ յետին մխիթար պանդխտից եւ օտարացելոց, նաեւ յետ գ աղթականութեանն` ուզեց (եւ բաղդ ունեցաւ) որ մարմինն թաղուի, եւ իր նախնեաց հետ ննջէ անոնց հասարակաց բարձին վրայ. թողլով ունայն գ երեզման մը ի Ս. Նշան Սեբաստիոյ, զոր ընտրեր էր իրեն երկրորդ Վարա գ. եւ հոն դնելով Վարա գ այ մեծահռչակ սուրբ Խաչը, զոր հետը բերեր էր, եւ յանուն նորին կոչեց նորաշէն եւ մինչեւ ցայժմ անուանի վանքն այլ Ս. Նշան, մօտ ի քաղաքն Սեբաստիոյ: Սեբաստիա` որ երբեմն գ լխաւոր քաղաք էր Բ Հայոց նահան գ ին, հիմայ այլ եղաւ մայրաքաղաք եւ աթոռ Սենեքերիմայ նոր թա գ աւորութեան. որոյ սահմանքը որոշ գ ծած չէ մեզի պատմութիւնն. այլ կ ՚ ըսէ թէ Սեբաստիոյ հետ տրուեցան Արծրունեաց` Լառիսա եւ Ապարա? քաղաքք եւ շատ գ եղեր, որք չէին հաւասարեր ոչ շատութեամբ եւ ոչ հարստութեամբ` իրենց թողած տեղւոյն. որ էր Վանայ ծովուն չորս բոլոր երկիրն. ուր միայն ծովուն եզերքը կամ մօտ` տասն քաղաքք կային, զոր եւ թուեն Յայսմաւուրք մեր. Վան, Արտամէտ, Ոստան, Հողց, Խիզան, Խլաթ, Մանազկերտ, Արծկէ, Արճէշ, Բերկրի. եւ ասոնցմէ օրերով ճամբայ հեռու սահմանք` մինչեւ ի Ջուլամերկ ընդ հարաւ, Սալամաստ ընդ արեւելս, եւ Երասխ գ ետ ընդ հիւսիս. ուր այն քաղաքաց հետ թողուց Սենեքերիմ առ Յոյնս « գ եւղս 4400 լայնանիստ եւ արդիւնաւորս», եւ 70 կամ 72 բերդ: Միայն իրեն եւ իր ժողովրդեան, եւ իրենց նախնեաց անմահ արդեանց անմահ յիշատակ պահեց եւ չօտարացուց` հազարէն աւելի վանքեր, կամ ըստ ոմանց 200 փոքր աննշան վանքերը թողլով` 115 մեծ եւ հռչակաւորներ` իբրեւ սեփական կալուած կնքեց իրեն, իր եւ առաջնոց տուրքերովը դարմանելու. որպէս զի վանականքն այլ` իբրեւ հաւատարիմ պահապանք սրբազան հայրենի գ երեզմանաց եւ յիշատակաց` աղօթեն վասն հեռաւորաց եւ մերձաւորաց, վասն հան գ ուցելոց եւ հան գ իստ փնտըռող պանդխտելոց:

Այս նոր օրինակ գ աղթը եւ մանաւանդ անոր պատճառն` կ ՚ երեւի թէ մեծապէս ազդեցին Սենեքերիմայ թա գ ակցաց, որոց գ լխաւորն էր Շահնշահն Հայոց Յովհաննէս Սմբատ թա գ աւորն Բա գ րատունեաց. որ` երբ նոյն գ աղթին տարին Վասիլ կայսր երկրորդ ան գ ամ եկաւ ի Հայաստան, իրեն ընդ առաջ ղրկեց զկաթուղիկոսն Պետրոս, եւ ասոր ձեռքով գ աղտ կտակ ընել տուաւ, յետ իր մահուանը կայսեր թողլու իր թա գ աւորական քաղաքը` Անի, եւ բոլոր իր վիճակը. զոր եւ կատարեց ու կնքեց կաթուղիկոսն: Հետեւանքն յայտնի է. - յետ 23 տարւոյ (1045) Սմբատայ տարաբաղդ յաջորդն` եղբօրորդին Գա գ իկ` ստիպուեցաւ թողլու իր թա գ աւորաբնակ աշխարհը, եւ Սենեքերիմեանց սահմաններուն քովերը պանդըխտութեան տեղ առնուլ: Ոչ յետ շատ ժամանակի` իր անուանակից Վանանդայ թա գ աւորն այլ նոյնպէս ըրաւ. թողուց Յունաց զԿարս, եւ առաւ երկիր մը մէկալոնց մօտ: Քիչ ատենէն ուրիշ թա գ աւորազունք եւ մեծամեծ իշխաններ այլ, ինչուան արեւելեան Արցախոյ եւ հարաւային Սասնոյ ամուր երկիրներէն` գ աղթական եկան, վերոյիշեալ թա գ աւորաց սահմաններուն հարաւակողմը, Փռիւ գ իոյ եւ Կիւլիկիոյ տաւրոսական լերանց մէջ իրենց նոր հայրենեաց բոյնը հաստատելու, շատ դժուարութեամբ եւ աշխատանօք: Սակայն այս ետքիններս` իշխանազունք եւ սոսկականք` աւելի բաղդաւոր եղան. վասն զի թէ եւ ջանքով` սակայն կոխած տեղերնին հաստատ բռնեցին եւ տիրացան. մինչդեռ երեք թա գ աւորքն այլ իրենց սերունդներովն` գ րեթէ հազիւ 50 կամ 60 տարիէն անհետացան, թէ' իրենց եւ Յունաց հակառակութեամբն, եւ թէ' զիրենք իրենց հայրենիքէն նետահալած ընող բարբարոսաց` այն նոր հայրենեաց երկիրներուն այլ տիրելով կամ անհան գ իստ ընելովն…:

Հիմայ թէ ոչ մխիթարական` գ ոնէ հետաքրքրական է այս աշխարհավրդով Նետողաց հետամուտ ըլլալն պատմական քննութեամբ, թողլով այսօր մեր անոնցմէ նետահարեալ հայրենեաց եւ փառազուրկ իշխանաց շէնքերը: Եւ եթէ այս ցաւառիթ տեսարանէս աւելի ցանկալի մը չէ անոնց չարեաց առիթը քննելն այլ, սակայն պատմական տեսութեան մէջ` մեծ եւ կարեւոր դէպք է Նետողաց արշաւանքն, որ ոչ միայն մեր աշխարհը այլ եւ ուրիշ շատ աշխարհաց յեղափոխութիւն բերին, եւ թերեւս ինչուան այս օրս այլ կարեւոր կամ գ լխաւոր կերպարանք մը կու տան քաղաքավարութեան ազ գ աց արեւելից, մասամբ իմն նաեւ արեւմտեայց: Ասոր համար էր որ պատմեցի քեզի, Հայկակ, այդ Նետողաց սկիզբը եւ ասպատակն ի Հայս: