Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  29 Նոյեմբեր, 1393

Ա

ԱՄԵՆԱՅՆ Հայազ գ ի որ Բարիզու քով Ս. Դիոնեսիոսի աբբայարանի տաճարին այց ելնէ եւ իջնէ անոր տապանատունը, չիկըրնար առանց մեծ եւ խոր մտադրութեան չտեսնել քնարան մը թա գ աւորի, թա գ իւ խաչիւ եւ առիւծով, եւ վահանաւ մը` յորում քանդակեալ են նշանք թա գ աւորութեան Հայոց եւ Երուսաղեմի եւ Լիւսինեան տան: Աչք մէկէն կու տեսնեն այս խորա գ իրս, Cy gist Lyon, Roy d ՚ Armenie. (Աստ հան գ չի Լեւոն թա գ աւոր Հայոց). եւ դարձեալ. Cy gist le tres noble et excellent prince Lyon de Lizingne, quint Roy Latin du royaume d ՚ Armenie, qui rendi l ՚ ame a Dieu a Paris le XXXIX jour de novembre, I ՚ an de grace M. CCC. XX et XIII. IIII

Այսինքն. Աստ հան գ չի մեծատոհմ եւ մեծապայծառ իշխան Լեւոն Լիզինեան, հին գ երորդ արքայ Լատին` թա գ աւորութեանն Հայոց, որ աւանդեաց զհո գ ին առ Աստուած, ի Բարիզ, ի 29 աւուր նոյնեմբերի, յամի փրկութեան 1393: Հոս ուրուա գ րուած փոքրիկ ծնօտածաղիկ անձն` էր յաջորդ եւ վերջին հսկահասակ Հայկազանց եւ իշխանազօր Հայպետաց. եւ աւելի այս նկատմամբ քան թէ իր անուանակցաց մէջ յետին ըլլալուն համար` կու վայելէ իրեն կոչուիլն ՎԵՐՋԻՆ: Իր անունն այլ ըստ իմաստին կրնայինք կերպարանել ծեր Առիւծ մը` վատած թաթերը զինուց եւ վահանաց վրայ դրած եւ ընկած, բայց առիւծաբար ընկած, որուն խորշոմեալ եւ կռնճեալ յօնքն ու կիսաբաց աչերն` ոչ անվախ իրեն նայել կու տան:

Լեւոն Ե կամ Զ դասեալ ի կար գ ի Ռուբինեան պարոնաց եւ թա գ աւորաց Կիւլիկիոյ Հայոց, վերջինն եղաւ 150ի չափ Հայպետաց կամ ազ գ ապետաց Հայոց, որոց կէսն թա գ աւորական պատիւ եւ անուն այլ կրեցին, կէսն առանց այդ անուան եւ թա գ ի` մեր ազ գ ին գ լխապետք եղան, կատարեալ 40 դարուց միջոց: Ազ գ աց դե'ռ չձեւացեալ կամ չծաղկեալ կոկոնակերպ նահապետաց հետ, երբ մեր նահապետն` Հայկն` ելաւ ի նոյաբնակ երկրէն, Քամայ բռնաւոր թոռան հետ երթալու ի Սենաար, յաբեթական գ նդի մը գ լուխ կեցած, հաւատարմա գ ոյն ժամանակա գ րութեան թիւն էր 2625 տարի Քրիստոսէ առաջ. երբ Լեւոն Զ Քամայ ցեղին պայազատական աթոռոյն իշխող Ե գ իպտացի սուլտանին դէմ` մինչեւ ի յետին հնարս կռուելով ի վերայ թա գ աւորութեան եւ անուան Հայոց` գ երի ընկաւ, եւ բազմութիւնք Հայոց թողեալ զյետին հայրենիս` օտարական գ նացին յարեւմուտս Քրիստոսի թուականն էր 1375, այս երկու թուոց գ ումարն կ ՚ ընծայէ ողջ ամբողջ 4000 տարի: Չորս հազար տարի ազ գ ի մը ինքնանուն եւ քիչ շատ ինքնիշխան պայազատութեան` ի մէջ հին եւ նոր ազ գ աց, - բաւական էր այդչափ ազ գ ի մը համար` ի չափս Նախախնամողին ազ գ աց եւ ազանց, որ մարդկան ստեղծմանէն մինչեւ ցայսօր ձ գ ուած ժամանակի մըշտախաղաց կամարին մեծա գ ոյն մասին վրայ` լարած եւ շարած է Հայոց ազ գ ապետութեան գ իծը, որոյ հաւասար շատ քիչ ազ գ աց գ իծք կ ՚ երեւին: Այն գ իծն` թերեւս օտարաց համար աննշան եւ աղօտ է այսօր. բայց Հայ աչաց լոսանշոյլ եւ անջինջ գ իծ մ ՚ է, կարմիր-կանաչ կամար մը` որոյ գ լխուն ի լեառն Մասիս, եւ վերջքն յամուրն Սիս. մէկուն քով Հայկն կան գ նած, միւսոյն` Լեւոն ընկած: Յառաջ քան զՀայկն` դեռ ժողովրդոց զանազանութիւն չկայ, չկան ազ գ ք եւ լեզուք. յետ Լեւոնի ամենայն ազ գ ը եւ իշանութիւնք` դեռ երեկուան բաներ են յաչս Հայոյն. Հայն իր ազ գ ային ինքնիշխանութեանը վերցուելէն վերջն այլ, իբրեւ լեզու եւ կրօնք` ունի պայազատութիւն մը, ունի որոշ տեղի եւ բարակ գ իծ մ ՚ այլ ժամանակին կամարին վրայ, ունի գ ոնէ դեռ եկեղեցական հարստութիւն մը, որ կրնայ ձ գ ել եւ յարատեւել զհին Հայրապետութիւնը, քանի որ լեզուն եւ ծէսն մնան ի վերայ երկրի, զուսամբ թէ ցորչափ մնայ եւ երկիրս:

Լեւոն Վերջին` Հայոց հարստութեան ետքինն ըլլալուն, իրմով գ րեթէ մեր ազ գ ան եւ աշխարհն այլ աննշան մնալուն համար, դարձեալ իր օտար ցեղէ ըլլալովն եւ օտար երկրի մէջ վախճանելովն, եւ իշխանութեանն ատեն փայլուն եւ փառօք յիշատակներ չթողլուն համար, չի կրնար մեծ սիրելութիւն մը ձ գ ել ազ գ ապանծ Հայոց, եւ սիրող եւ կռուող Հայ փառաց եւ անուան վրայ, իբրեւ քաջութեամբ եւ երկայնմտութեամբ եւ առ հարկի գ երի ընկնող. - իբրեւ անարատ քաղաքավարութիւն ունող ի թա գ աւորութեանն եւ յետոյ, եւս եւ իբրեւ ազնիւ, ողորմած, բարեպաշտ, հնարա գ էտ, մեծաց եւ փոքունց եւ թա գ աւորաց եւ աղքատաց` սիրելի անձ մը, - միան գ ամայն եւ իբրեւ քիչ մը քողաւոր խորհըրդապատ (mysterieux) անձ մը, եւ տարօրինակ բաղդի հանդիպող մը, արժանի եղած է եւ ազ գ իս մտադրութեան եւ սիրոյն, հայկական յուշոյն մէջ խորատիպ անուանց մէկն է վերջին Լեւոն:

Ընդհանուր պատմութեան կամ մարդկութեան նկատմամբ այլ նշանաւոր, կամ թէ աւելի որոշ ըսենք, նշանաբաղդ անձ մ ՚ է Լեւոն, եւ բազմատեսարան վիպասանութեան մը առիթ ըլլալէն աւելի, կրնա մեծ բարոյական պատկեր կամ վարդապետութիւն մ ՚ ընծայել շատ դաս մարդկան, եթէ ուզէ մէկն ուշիւ քննել եւ նկարա գ րել իր կենաց ծանօթ պարա գ աները: Լեւոն Ե կար գ ի համանուն թա գ աւորաց մերոց Ռուբինեանց, եւ Զ ի կար գ ի պարոնաց եւ թա գ աւորաց), այն տարաբաղդիկ իշխանաւորաց եւ աւա գ աց մէկն է` որ յետ ընկնալու իրենց բարձէն եւ բաղդէն, աւելի հան գ իստ եւ հարուստ կ ՚ ըլլան, եւ աւելի անուանի եւ յիշելի: Այս երկու յատկութիւններն այլ ունեցաւ մեր վերջին թա գ աւորն իր տարա գ րութենէն ետեւ. Հռովմայ պապն, Սպանիոյ, Գաղղիոյ եւ Ան գ ղիոյ թա գ աւորք, իրենց երկիրներուն մէջ առատապէս տուին իրեն քաղաքներ, պալատներ, գ անձեր, պատիւներ. եւ որչափ ապրեցաւ` միշտ իրենց բարձակից, եղբայր եւ համշիրակ սեպէին, եւ արքունի մեծամեծ հանդիսից մէջ վերա գ ոյն աթոռներուն մէկը անոր կու տային: Ինչուան հիմայ թէ իր եւ թէ իրեն պաշտօնէից համար տրուած շատ հրովարտակներ կու գ տուին դիւանատանց մէջ. իր կենաց վերջի տարիներուն օրա գ իրը, մահը, կտակը, կտակին մուրհակները պահուած են$ եւ յայտնի մնան գ երեզմանն, մահարձանն եւ կիսանդրին, գ րեթէ աւելի քան զամենայն թա գ աւորաց մերոց: Հոս միան գ ամ այլ կու տեսնեմք աշխարհիս ընդունայնութեան բարոյականը. որ շատ հեղ մեծամեծ մարդկանց` միայն կամ հազիւ եւ կամ ոչ իսկ գ երեզմանը կու թողու յետնոց. այսպէս մեզի այլ մեր 4000 ամեայ հայպետաց յիշատակարանքը գ րեթէ բոլորովին ծածկելով մեզմէ` անոնց վերջնոյն գ երեզմանը միայն յերեւանի թողած է, աշխարհիս ամենածանօթ քաղքին մէջ. ի խորհրդածութիւն իմաստասէր մտաց եւ քաջազ գ ած սրտի:

Բ

Որչափ ծանօթ է Լեւոնի կենաց խաղաղ արեւմուտքն, այնքան անծանօթ է արեւելքն: Իբրեւ տասնամեայ թա գ աւորութեանն ատեն ինչե՞ր ըրաւ (բաց ի քանի մը դժբաղդութեանց), ինչո՞վ այդպէս ընտրելի եւ հաճելի եղաւ Հայոց. թա գ աւորութենէն առաջ ի՞նչ կ ՚ ընէր, ո՞ւր էր, որո՞յ որդի էր. - ամենն այլ դեռ անծանօթ են մեզի, բայց ի ցեղէն կամ տոհմէն: - Յայտնի է քեզ, Հայկակ, որ մեր Կիւլիկիոյ իշխանքն նախ Պարոն կոչմամբ պայազատէին` սկսեալ ի Ռուբինէ ազ գ ականէն Գա գ կայ վերջին Բա գ րատունեաց թա գ աւորի, որոյ անուամբ եւ Ռուբինեանք ըսուեցան. եւ որոյ որդիքն ինչուան հին գ վեց պորտ, 140-150 տարի իշխանպետեցին, ինն կամ տասն անձինք, որոցմէ իններորդն` Լեւոն Բ առաջին թա գ աւոր եղաւ Հայոց, եւ արու զաւակ չունելով` ժառան գ եւ յաջորդ թողուց իր Զապել դուստրը. ասոր հետ պսակուեցաւ Հեթում Ա ի ցեղէ Հեթմեանց, ի բնէ Արծրունի ցեղին, եւ ասոր պայազատութիւնն այլ տեւեց իբրեւ 120 տարի` իրմով չորս ազ գ եւ 8 կամ 9 պայազատ թա գ աւորօք. որոց վերջինն եղաւ Լեւոն Գ կամ Ե, մեռեալ յամի 1341, չթողլով արու զաւակ: Թէ այս եւ թէ տէրութեան տկարանալուն պատճառաւ (վասն մեծի թշնամութեան եւ անդադար պատերազմաց Ե գ իպտոսի սուլտանաց), ասկէ ետեւ Հայոց թա գ աւորութեան ժառան գ ութիւնն այլ, կար գ քն այլ շփոթեցան, եւ քանի մը տարի անյաջողութեամբ թա գ աւորեցին Լեւոնի հօրաքեռորդիքն Կոստանդին-Յովհան (Ճուան) եւ Կուիտոն կամ Կի, որք ի հօրէ գ աղղիացի էին ի Լիւսինեան տոհմէ (յորմէ էին եւ թա գ աւորքն Կիպրոսի եւ իշխանք Տիւրոսի). եւ իբրեւ անհաւատարիմք ազ գ ային օրինաց Հայոց` ի մահ դատապարտեցան. եւ անոնց տեղ դրուեցաւ (1346) Կոստանդին Դ, որ թէ ի հօրէ եւ թէ ի մօրէ Հայոց թա գ աւորաց կողմնական գ ծերէ իջած էր. եւ թա գ աւորեց զ գ ոնութեամբ դժար ժամանակի մէջ մինչեւ ի 1364-5: Իր երկու որդիքն կու յիշուին, Օշին` ծնեալ ի 1338 եւ Լեւոն` յառաջ քան զ1345: Ինչո՞ւ ասոնք չյաջորդեցին իրեն. - անտարակոյս կարճօրեայ մեռած պիտի ըլլան. կամ ըստ ոմանց` Լեւոն թա գ աւորած է, այլ մէկէն Ե գ իպտացւոց դէմ պատերազմի մէջ բռնուած եւ թունով կամ խեղդով սպանուած` հաւատքը չուրանալուն համար: Այնքան մթին մնացեր է այս բանս, որ շատ ժամանակա գ իրք եւ ոչ այս Լեւոնի անունը գ իտեն. եւ յայտնի նշան մեծ շփոթութեան ժամանակին եւ անհան գ իստ պատերազմաց եւ հալածանաց, որ յետ մահուան Կոստանդնի Դի մինչեւ ի թա գ աւորութիւն մեր վերջին Լեւոնին տեւեցին: Այն խառնակ միջոցին` թերեւս ուրիշներ այլ թա գ աւորած ըլլան, ինչպէս յիշուի եւ Կոստանդին մը, որպէս թէ թոռն մօրէ) Ե Լեւոնի եւ որդի Հեթմոյ իշխանի մը: Այսպիսի բռնաբարութեան ատեն բնական էր որ Լուսինեանք այլ` թէ ի վրէժ սպանման իրենց երկու երեք տոհմակցացն, եւ թէ իրաւամբք ժառան գ ութեան` ջանային Հայաստանի թա գ ը ձեռք ձ գ ելու: Այսպէս այլ ըրաւ` ցեղին գ լխաւորն` Պետրոս Ա թա գ աւոր Կիպրոսի, որ բազմութեամբ նաւուց եկաւ տիրեց ծովեզերեայց Կիւլիկիոյ եւ նուաճեց զշատս ի պարոնայց. յորոց ոմանք ասոր, ոմանք ուրիշներու կողմնակից կ ՚ ըլլային. իսկ հայրապետն Հռովմայ (Ուրբանոս Ե) գ րեց առ իշխանս եւ առ ուխտ եկեղեցւոյն Հայոց (1365, ապրիլ) որ թողլով զուրիշները` թա գ աւորեցընեն զԼեւոնս այն (վերջին), զազ գ ական Պետրոսի թա գ աւորի. որ թէ իրաւամբք մերձաւոր էր թա գ ին եւ թէ արդեամբք վարուցն: Հայք հպատակելով հարկին եւ խրատուն` թա գ եցին զԼեւոն, նոյն կամ յաջորդ տարին. որ ինչպէս իր տապանա գ րին վրայ կարդացինք ի սկզբան` հին գ երորդ Լատին թա գ աւոր կոչուի Հայոց. ըսել է որ բաց ի Ճուանայ եւ Կուիտոնէ` երկու ուրիշ Լատինք այլ թա գ աւորած են, որոց մէկն թերեւս սեպուի իրենց Պէմունդ եղբայրն, նոյնպէս սպանեալ ի Հայոց, միւսն այլ Պետրոս, եւ կամ թէ Փիլիպպոս առաջին փեսայն Զապելի թա գ ուհւոյ, դստեր մեծին Լեւոնի, որ նոյնպէս Հայոց եւ իր խոստման անհաւատարիմ ըլլալով` բանտի մէջ մեռաւ: Թողունք այս խնդիրը եւ գ անք ի Լեւոն:

Զսա ոմանք ի մերոնց փոքր պատմըչաց` կոչեն որդի Բրնձին, այսինքն (prince) իշխանին, - ո՞ր տեղւոյ Անտարակոյս է Կիպրոսի Լիւսինեան` թա գ աւորաց հետ մերձաւոր ազ գ ակցութիւնն, ինչպէս վկայեց Քահանայապետին թուղթն վասն Պետրոսի թա գ աւորին. որոյ որդին Յակոբ Ա (եղբայր Բ Պետրոսի) յետ մահուան` Լեւոնի Զ` ինք զինքը Հայոց թա գ աւոր անուանեց իբրեւ երրորդ աստիճանի ժառան գ նորա: Թէպէտ ի հօրէ Լատին կամ Գաղղիացի, հաւանելի է թէ ի մօրէ Հայ էր, ինչպէս Ճուանն եւ Կուիտոն. եւ կ ՚ երեւի թէ ի Կիւլիկիա այլ կեցած էր իր մայրենի արքայազարմ Հայոց քով, եւ ընտանի ու սիրող անոնց կարգաց, օրինաց եւ լեզուին, գոնէ թագաւորութեան ատեն հայերէն օրինօք եւ պաշտօնէիւք կը վարէր. այսպէս հաւանօրէն Լեւոնի կինն այլ` Մարիամ դշխոյն, որ Մաճառաց թա գ աւորին ցեղէն էր, եւ ազ գ ական Փիլիպպոսի Տարենտայ իշխանին` արեւելքի կայսր անուանելոյն:

Գ

Լեւոն թէ եւ հանճարեղ եւ սրտաշահ մարդ էր, բայց Կիւլիկիոյ գ րեթէ քայքայեալ թա գ աւորութիւնը յոտին պահելու համար` իրմէ վեր եւ իրմէ դուրս այլ ոյժ եւ հնարք պէտք էր, որ չ գ տուեցան, եւ գ րեթէ անկարելի այլ էր այն նուազեալ թա գ աւորութիւնը կործանմանէ ազատել. վասն զի մէկէն աւելի զօրաւոր թշնամիք կամ հակառակք կային անոր: Նախ այլազ գ եաց թշնամութիւնն կամ ոխութիւնն հին եւ արմատացեալ էր: Կիւլիկիոյ դիրքն այս կողմանէս վտան գ աւոր էր մեր Ռուբինեանց. որովհետեւ մէկ կողմէն դրակից ունէին (ատեն մը) Ղօնիայի հզօր սուլտանները, որ Փոքր Ասիոյ մեծ մասին տիրած` միայն մեր Հայոց Պարոններէն կ ՚ ար գ իլուէին ինչուան Միջերկրականին եզերքը ձ գ ելու իրենց իշխանութիւնը. մէկ այլ կողմէն` ինչուան այն ծովեզերքը կը հասնէր Ե գ իպտոսի սուլտանին զօրութիւնը, շատ հեղ Ասորւոց կողմէն, երբեմն այլ նաւով յարձըկելով ի Կիւլիկիա: Առաջին պարոնայքն եւ թա գ աւորքն մեր շատ հնարա գ իտութեամբ եւ քաջութեամբ դէմ կեցան Իկոնիացւոց, ինչուան որ Հեթում Ա յաջողեցաւ Թաթարաց ղանին օ գ նութեամբ տկարացընել անոնց իշխանութիւնն այլ, Բա գ արատայ վախն այլ: Ե գ իպտոսի կողմէն այլ բաւական ապահովութիւն ունէին մերքն, քանի որ Լատինք Երուսաղեմի կու տիրէին եւ Ասորւոց ու Պաղեստինու մէջ իշխանութիւննին կու պահէին. իսկ երբ անոնք վերցուեցան, եւ Թաթարք այլ` կէս մը իրարու մէջ բաժնուելով, կէս մը մահմէտական կրօնքն ընդունելով` իրենց վախը եւ ուժը կորուսին, Ե գ իպտոսի սուլտանը երբեմն անոնց հաւասար դիմամարտ կ ՚ ելնէին, երբեմն հաշտութիւն եւ միաբանութիւն կ ՚ ընէին, որով մերոնց վիճակը կասկածելի կ ՚ ըլլար: Իսկ երբ այս ԺԴ դարուն կիսէն ետեւ Թաթարք գ րեթէ բոլորովին քաշուեցան յարեւմտեան Ասիոյ, եւ Օսմանեանց նախահարքն սկսան յառաջ գ ալ հանդարտօրէն տիրապետելով, Ե գ իպտոսի սուլտանք հանդերձ Դամասկոսի սուլտաններով (որք երբեմն մէկ իշխանութեան տակ այլ կ ՚ ըլլային), առաջին հզօր տէրութիւն եղան Ափրիկէի եւ Ասիոյ սահմանակից կողմերը, որոց մէջ կը փակուէր Կիւլիկիա:

Ասոր ամրութիւնն էր մէկ մը ծովուն, մ ՚ այլ ծովային քրիստոնեայ տէրութեանց օ գ նութիւնն եւ անոնց հեռաւոր նպաստն. բայց Հայք բաւական նաւային ոյժ չունելով շատ հեզ չէին կրնար այլազ գ եաց նաւատորմիղը վանել, անով շատ ան գ ամ իրենց մեծ եւ ամուր նաւահան գ իստն Այաս` անոնց ձեռքն ընկաւ եւ աւերեցաւ, Քրիստոնէից կողմէն այլ շատ օ գ նութիւն չ գ տան, վասն զի ոմանք (Վենետկեցիք, Ճենովացիք) իրենց վաճառականութեան զբաղած եւ շատ հեզ իրարու հակառակորդ եւ թշնամի` մերոնց մեծ շահ մը չէին թէ ոչ վնաս, ոմանք այլ (ինչպէս Գաղղիացիք, Ան գ ղիացիք) երբեմն ստակով կ ՚ օ գ նէին, զօրք խաւրել այլ խոստանային, բայց ոչ երբէք կրցան խաւրել, թէ ճամբու հեռաւորութեան համար, թէ իրարու մէջ կռիւ ունենալուն: Հին կտրիճ Հիւրընկալ (Ոսպիթալի) եւ Տաճարական (Դամբլուն) ասպետքն այլ նուազեր էին, եւ ոմանք բոլորովին վերցուած հեռացած ի սահմանաց Կիւլիկիոյ. կու մնար եկեղեցւոյ գ լուխն, որ իբրեւ հայր հասարակաց քրիստոնէից կու գ թար Հայոց վրայ. մանաւանդ լաւ տեսնելով որ անոնց փոքր թա գ աւորութիւնն էր բոլոր արեւմտեան քրիստոնէութեան նախամարտիկն կամ նախապարիսպ պատուարն ընդդէմ անքրիստոնեայ տէրութեանց արեւելից. ուստի թէ եկեղեցւոյ եւ թէ արեւմտեայ թա գ աւորաց օ գ ուտ էր Հայոց օ գ նական ըլլալն, եւ այս բանիս համար ոմանք երկայն ճառեր եւ գ րքեր այլ գ րեցին այն ատեն առ Պապն եւ առ թա գ աւորս, որոց մէկն այլ սեպելու է մեր Հեթում թա գ աւորազն պատմիչը: Բայց ոչ Հայոց վերջին թա գ աւորաց ստէպ աղաչանքն եւ զրկած դեսպանին կրցա յարեւմտից օ գ նութիւն մը գ տնել, բաց ի ստակէ, խոստմունքէ եւ քաջալերութենէ, եւ ոչ Պապին առ նոսա տուած յորդորն, վասն վերոյ գ րեալ պատճառաց: Որոց վրայ հարկ է աւելցընել քիչ մ ՚ այլ կրօնական խնդրոց յուզմունքն Հռովմայ եւ Սսոյ մէջ, զոր զայրացուցին պէսպէս սխալ տեղեկութիւնք կամ աւելորդ պահանջմունք, յամառութիւնք եւ հակառակութիւնք: Ազ գ երնուս թէ եկեղեցական եւ թէ քաղաքական գ լուխքն` մերձաւորութեամբ, տեսութեամբ կամ թղթակցութեամբ ընդ գ լխաւորացն արեւմտեայց` բաւական խելամուտ եղած էին, եւ իրենց կողմանէ դժուարութիւն մը չէին տեսներ համաձայն միաբանութեան ընդ արեւմտեայց` կարեւոր խնդրոց վրայ, զորս արդէն շատ հեզ ժողովով այլ ընդուներ եւ հաստատեր էին, բայց ոմանք ի կանխակարծ եւ անխելահաս իշխանաց եւ ի ժողովուրդէն` ոչ միայն դեռ խորշէին յօտարաց, մերթ անպատճառ մերթ պատճառաւ, այլ եւ իրենց գ լուխներէն քաշուէին, ինչպէս որ պատմութիւնն ցուցընէ դժնդակ դէպքերով այլ: Մեր թա գ աւորքն այլ ինքնիրեննուն բաւական ոյժ չունէին, երկիրնին մասամբ մը` պայազատական օրինօք` իշխանաց ձեռքն ըլլալով: Ա Լեւոն ու Հեթում թա գ աւորաց կարողութիւնն եւ ճարտարութիւնն այլ չկար` որ ինչուան 60000 զորք գ ումարեն եւ դէմ ելնեն թշնամեաց, ուստի պէտք էր հիմայ պաշտպանողական հնարքով ի թշնամեաց փախչիլ, կամ ապաւինիլ ամրոցներու մէջ, ինչպէս որ ըրաւ շատ հեղ մեր Լեւոնն այլ:

Ասիկայ բնական ապաւէն կամ օ գ նական մ ՚ այլ կրնար ունենալ զթա գ աւորս Կիպրոսի, անոնց ազ գ ակցութեամբն, նոյնպէս Լատինացի ըլլալն եւ հաւատաց կողմանէ անկասկածութիւնն այլ մեծ օ գ ուտ էր իրեն. բայց ժամանակն զայս այլ բանի չբերաւ. որովհետեւ այլազ գ իք Կիպրացւոց այլ թշնամի էին, Պետրոսի յարձակմանն համար իրենց երկիրներուն վրայ. որոյ վրէժն հանել ուզելով Ե գ իպտացիք` յարձակեցան (1366) երկու Լուսինեան թա գ աւորութեանց վրայ այլ (Հայոց եւ Կիպրացւոց), որք ոչ միայն իրարու` այլ եւ ոչ ինքն իրենց կրցան օ գ նել: Ոմանք կու սեպեն թէ այս Ե գ իպտացւոց եւ Կիւլիկիա վազելուն ատենն էր` որ բազմութիւն Հայոց թողուցին երկիրնին եւ նաւով փախան Յունաց կողմերը, ի Հռոդոս, ի Մելիտինէ, եւ այլն: Կիպրացիք այլ խրատով Ս. Պապուն ջանացին հաշտութիւն խօսիլ իրենց կղզին վազողներուն հետ. եւ այսպէս երկուքն այլ` այս ան գ ամ առանց շատ մեծ վնասու` յետ դարձուցին զթշնամին: Անկէ ետքն այլ Կիպրոս իր ծովապատ ամրութեամբն եւ իր թա գ աւորաց տարբեր վարչութեամբն ու արեւմտեայց հետ հաւասարութեամբն կրցաւ դեռ դար մ ՚ ալ դիմանալ այլազ գ եաց դէմ. բայց Կիւլիկիոյ եւ Հայոց թա գ աւորութեան վախճանն մօտեցեր էր իրենց ոխերիմ թշնամեաց հարուածներով որք գ րեթէ ամեն տարի յարձակելով հոն` որով եւ հրով կու մաշէին կ ՚ աւրէին զաշխարհքը, զիշխանս եւ բերդատէրս կու ցրուէին. թա գ աւորն երթալով կու միայնանար, իշխանութիւնն եւ զօրքն կ ՚ ամփոփուէին. կամաց կամաց կու մարմըրէր 300 տարուան ռուբինեանց ջահն. ուժով հով մ ՚ այլ բաւական էր բոլորովին անցընելու զայն, եւ Քրիստոնէից անօ գ նական թողած նախապարիսպը` փլցընելու, որոյ հետ Հայոց թա գ ն եւ ազ գ ապետութիւնն այլ պիտի ընկնէր ու ծածկուէր:

Սակայն պէտք է խոստովանիլ, մանաւանդ թէ հռչակել ի պարծանս Լեւոնի եւ ի փառս ազ գ իս, որ եթէ իր կողմանէն այլ քիչ մ ՚ անիմաստութեամբ եւ թուլութեամբ այն տկարութեանը եւ վտան գ ին հասաւ, բայց ոչ վատութեամբ եւ անճարակ յուսահատութեամբ թա գ ը եւ զէնքերը թողուց` իրմէ շատ շատ ան գ ամ զօրաւոր թշնամւոյն ձեռքը, եւ թէպէտ չէմ կրնար այս փառաց հաղորդել բոլոր մեր ազ գ ային Կիւլիկեցիս` որք արդէն սկսեր էին ցրուիլ հեռանալ ի Կիւլիկիոյ (որպէս երբեմն իրենց նախնիքն ի Մեծ Հայոց, Սէլչուկեանց յարձակման ատեն) սակայն` մէկ մասն երկըրցոց հաւատարիմ կեցաւ իր թա գ աւորին, թա գ աւորն այլ անոնց իրաւանց եւ ազ գ ային պատւոյն: Ոչ միայն պաշտպանողական հնարիւք, այլ եւ դէմադէմ պատերազմով զարնուեցան ընդ ե գ իպտական եւ դամասկացի բանակաց զանազան ան գ ամ, բոլոր Լեւոնի տասնամեայ թա գ աւորութեան ատեն. թէպէտ եւ մէկ կողմէն կու տեսնէին քաղաքներուն այրիլը` կ ՚ ապաւինէին բերդերու, անկէց հալածելու զթշնամին եւ նորէն բնակարաննին շինելու, եւ երբ բերդերն այլ կ ՚ առնուէին, աւելի ամուր բերդեր ու լեռներ կ ՚ ելնէին: Այս կերպ կռուիլն, զիրենք ու զհայրենիքը պաշտպանելն` ոչ միայն Լեւոնիս ատեն, այլ եւ անկէ առաջ, գ ուցէ թէ անկէ ետքն այլ տեւեց, եւ անշուշտ կէս դար մը քշած ըլլայ Կիւլիկեան Հայոց կռուիլն եւ դիմանալն ընդդէմ դարական սպառնացեալ յարձակմանց Ե գ իպտացւոց, մինչեւ իսպառ իրենց ցրուըտիլ ու նուաճիլն:

Դ

Դիպուածներուն վրայ ցաւ մ ՚ այլ սեպելու է այն ետքին եւ բոլոր ԺԴ դարուն մերայնոց հանդիպածներուն չյիշուիլը յազ գ ային պատմըչաց` կարդաւ եւ ոճով: Մեր պատմըչաց պատուական շարն հոս կու դադրի յետ Սմբատայ սպարապետի` որ Կիւլիկիոյ եւ իր եղբօր (Հեթմոյ Ա) եւ անոր որդւոյն պատմութիւնը ժամանակա գ րօրէն համառօտած է ցվերջին քառորդ ԺԳ դարուն, է յետ անոր շարունակողին, յետ Հեթմոյ պատմըչի` որ մինչեւ ի ԺԴ դարուն առաջին քառորդը կու հասցընէ զայն, չեմ գ իտեր ազ գ ային պատմիչ մը Կիւլիկիոյ տանն եւ թա գ աւորաց գ ործոց, բաց ի քանի մը տարե գ իրներէ եւ յիշատակարանաց, ու քանի մը հեռաւոր վարդապետաց (Մեծ Հայոց կամ Ղրիմու) կարճ ու խառնակ գ րուածներէն, որոնց նման խառն եւ հակասական են արեւմտեայց գ րուածքն այլ այս դիպաց նկատմամբ: Ցաւալի՜ նշանք անհան գ ըստութեան եւ աւարման Կիւլիկիոյ: Թէպէտ ես չեմ յուսահատիր որ օր մը անծանօթ պատմիչ մ ՚ այլ յերեւան ելնէ այն կողմերէն, մեր յետին թա գ աւորաց պայծառ կամ խաւար օրերը մեզի լաւ եւս յայտնելու:

Առ այժմ գ ոհ ըլլանք, Հայկակ, որ գ ոնէ քանի մը յիշատակա գ իրք եւ տարե գ իրք մեզի կ ՚ աւանդեն` առանց երկար պարա գ այից, որ ինչպէս քանի մը նշանաւոր եւ կտրիճ ազ գ աց վախճանին պատահեր է` մեծ եւ ուժով պատերազմով մը դէմ կենալ հզօր եւ բռնաւոր թշնամւոյ, եւ զէնքն ի ձեռին ընկնիլ ու նուաճիլ, եւ ինչպէս թերեւս հանդիպեցաւ մեր հին Հայկազանց այլ. որոց յետինն Վահէ երբեմն նիզակակից Դարեհի ընդդէմ Մակեդոնացւոյն, եւ յետոյ ընդվզեալ յԱղէքսանդրէ` մեռանի». այսպէս եղաւ մեր ռուբինեան հարստութեանն այլ, եւ ոչ որպէս զԱրշակունեացն` իշխանաց վատթար անձնադատութեամբ եւ տիրանեն գ ութեամբ, կամ Բա գ րատունեացն` պէսպէս մատնութեամբք:

Յիշատակա գ րաց զրուցքէն կ ՚ երեւի թէ Լեւոն չոր հին գ այլ եւ այլ ան գ ամ ու տարիներ զարնուած է Ե գ իպտացւոց հետ, եւ մեծ պատերազմ մ ՚ եղած է յամին 1369, յորում Ե գ իպտացիք առաջնորդութեամբ եղբօր սուլտանին` Շահարօղլուի` Կիւլիկիոյ լերանց դժուար անցքերէն ներս մտան: Լեւոն իրեն նիզակակաից եւ սպարապետ զօրաց ունեցաւ անձ մը, որոյ անունն ան գ ամ անծանօթ եւ անսովոր է բոլոր Կիւլիկեցւոց պատմութեան մէջ, եւ սովորա գ ոյն է Վրահայոց ու մանաւանդ Օրպելեան տոհմին մէջ (ԺԱ-Դ դարերուն). - Լիպարիտ: Լիպարիտ յետին սպարապետն է Հայոց, վարդանանման քաջութեամբ եւ նահատակութեամբ, որ իր տիրոջ դիմաց Հայ հայրենեաց եւ թա գ ին վրայ կռուելով մինչեւ ի յետին շունչն` յաղթութեամբ յառաջեց թշնամեաց խումբերուն մէջ, եւ հոն ծածկուեցաւ նետերու հարուածոց տակ. իր մահն` յաղթութիւնն այլ հետը տարաւ. հարկ եղաւ որ յետ քաշուի Լեւոն իր բանակին մնացորդովը, եւ հաշտութեան պայմաններով` այն ան գ ամ այլ յետ դարձընէ Լիպարիտայ սրէն ապրող թշնամի:

Ինչպէս այս պատերազմիս եւ ուրիշներուն դէպքերն այլ չի պատմէր մեզի ազ գ ային գ րիչն, այսպէս եւ Լիպարիտայ քաջա գ ործութիւնքն ու հնարքն, պատմութեան մէջ փայլակի մը պէս. բարեբաղդաբար պատմըչին համառօտութիւնը կամ լռութիւնը` երկայութենէ եւ տարակուսէ կ ՚ ազատէ եւ կու հաւատարմացընէ, կու հռչակէ, կ ՚ անմահացընէ ազ գ ային եր գ իչն. - օրհնեալ ըլլայ, որ հետեւեալ գ ովք կամ ողբս գ րեր է` հայրենասէր, կտրիճ եւ տեղ տեղ (միջին չորս տունքն) բանաստեղծական ո գ ւով: Հայկակ, կարդա, եւ գ ոհացիր:

Հո գ ւովըդ սուրբ ես եւ ամբիծ.

Զքեզ էր ընտրեալ Տէր ի յերկնից,

Պարծանք եզեր քրիստոնէից:

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Անձամբըդ քաջ Սամփսոն էիր.

Յորժամ ճօշանըդ հա գ նէիր`

Թուրքն ի յահէդ դառնար մոխիր.

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Արե գ ակն նըման պայծառ:

Երեսըդ լոյս էր կամար.

Բարքըդ բարի, խօսքըդ շաքար.

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Բնութեամբ բարի դէմ աղքատաց,

Լըսող էիր վարդապետաց.

Քո բանդ` յամեն երկիր գ ոված.

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Զանձնըդ տըւիր վասն օրինաց.

Մէն կան գ նելով հազրի դիմաց.

Քո սուրըդ շատ սրտեր երաց.

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Դու պհազարաց դէմ պահապան.

Մարդ չէ տեսեր քեզիկ նըման,

Այս հողածինքս որ յերկրի կան,

  հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Անձամբըդ քաջ Սամփսոն էիր.

Յորժամ ճօշանըդ հա գ նէիր`

Թուրքն ի յահէդ դառնար մոխիր.

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Արե գ ակն նըման պայծառ:

Երեսըդ լոյս էր կամար.

Բարքըդ բարի, խօսքըդ շաքար.

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Բնութեամբ բարի դէմ աղքատաց,

Լըսող էիր վարդապետաց.

Քո բանդ` յամեն երկիր գ ոված.

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Զանձնըդ տըւիր վասն օրինաց.

Մէն կան գ նելով հազրի դիմաց.

Քո սուրըդ շատ սրտեր երաց.

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Դու պհազարաց դէմ պահապան.

Մարդ չէ տեսեր քեզիկ նըման,

Այս հողածինքս որ յերկրի կան,

  մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Սըսայ երկրիս ասաղ լուսատու,

Կան գ նող էիր յամեն ժամու,

Թուրքն ի յահէդ սարսէր մահու.

Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ,

Այն չար պահիկն որ քեզ հասաւ`

քեզի օ գ նող չըկայր բընաւ.

Անձնըդ` կարմիր գ ոյն ներկեցաւ,

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Զայն չարաչար մահն որ տեսար,

Կսկիծ է մօրն որ դուն ծընար,

Աւա՜ղ ըզքեզ բերան հազար,

Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ:

Սըսայ երկրին պաղչա ու ծառ,

Գոյնք ի գ ունաց ծաղկունք որ կայր`

Հառաչանօք առին զիրար,

Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ,

Կաթողիկոս եւ վարդապետ,

Սուրբ քահանայք ամենն ի հետ`

Շատ արտասուօք սրտերն երետ.

Զայն չարաչար մահն որ տեսար,

Կսկիծ է մօրն որ դուն ծընար,

Աւա՜ղ ըզքեզ բերան հազար,

Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ:

Սըսայ երկրին պաղչա ու ծառ,

Գոյնք ի գ ունաց ծաղկունք որ կայր`

Հառաչանօք առին զիրար,

Ո՜վ մեծ հըզոր քաջ Լիպարիտ,

Կաթողիկոս եւ վարդապետ,

Սուրբ քահանայք ամենն ի հետ`

Շատ արտասուօք սրտերն երետ.

  մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Հիւսիսային հողմըն հիմիկ`

Սար գ իս` յիշող եղաւ քեզիկ.

Դուն սիւն էիր Հայոց` մեզիկ,

Ո՜վ մեծ հըզօր քաջ Լիպարիտ:

Է Աստուծոյ անունն օրհնած

Որ անըսկիզբն եւ անվախճան,

Որ ուժ երետ քաջ Լիպարտին

Եւ զօրացոյց զիւր սուրբ ծառայն:

Ի սուրբ Սար գ իս քաջին նըման,

Ի սուրբ Թորոս, ի սուրբ Վարդան

Քան ըզմուշեղ այլ խիստ յաղթող

Քան ըզՏրդատ Հայոց արքայն,

Պատերազմիլ եկիր հափայն:

Ամեն տարի տասն ու քըսան.

Ինքն ըզթուման հալածանէր

Արիւն հաներ գ ետեր Ջիհան:

Ե

Լիպարիտայ նահատակութենէն երկու տարի ետեւ նորէն յարձակեցաւ սովորական թշնամի յանօ գ նական երկրին Կիւլիկիոյ: Լեւոն իր մնացեալ սակաւաւոր պարոններով եւ զօրքերով դէմ ելաւ իր պարտքը կատարելու, եւ գ ոնէ ուշացնելու կամ պակսեցընելու անոր չարիքը, երբեմն զարնուելով երբեմն փախչելով. մինչեւ ստիպեցան այլազ գ իք` ոմանք անոր ետեւէն ընկնիլ եւ հալածել, եւ ոմանք անոր թա գ աւորական քաղաքը պաշարել, զոր եւ առին յետ երկար ընդդիմութեան եւ սով ձ գ ելու, եւ շատ աւարով ու այրելով` քաշուեցան անկէ եւ ուրիշ քաղաքներէ ու բերդերէ. Լեւոն այլ ստիպուեր էր ամւր տեղ մը ապաստանելու. ուր եւ պահուըտած մնաց, կամ ի գ ընդէ թշնամեաց պաշարեալ, եւ կամ կասկածելով անոնց դարանակալութենէն: Այս ծածկուիլն երկար եւ տարեւոր ատեն քշած կ ՚ երեւի, եւ ուր եւ ինչ ըլլալն մինչեւ հիմայ իսկ անծանոթ մնացեր է. այնպէս որ այն ատեն` աներեւոյթ եղած, կամ մեռած կորած կարծուեցաւ, մինչեւ նոյն ինքն թա գ ուհին Մարիամ յուսահատած էկրանը, կեանքէն, այրաբար եւ տիրաբար սկսաւ մտածել աշխարքին եւ ազ գ ին փրկութիւնը: Այնքան արժանացաւ տիկնութեան ա գ ի եւ մայր հայրենաց ըսելու որքան որ դժուար առթի եւ ժամանակի մէջ կու ջանար ապրեցընելու զազ գ ն եւ զերկիրն:

Մարիամ այլ փառօք եւ քաջութեամբ եղաւ վերջին թա գ ուհի Հայոց: Խորհրդակցութեամբ հաւատարիմ իշխանաց` դեսպան ղրկեց զՅովհաննէս արքեպիսկոպոսն Սսոյ (որ սովորաբար արքունի քարտուղար էր) եւ զՄանուէլ ոմն ազնուազ գ ի ասպետի որդի, առ Փիլիպպոս խնամին իւր ի Սիկիլիա, եւ առ սրբազան հայրապետն Հռովմայ Գրի գ որ Թ, իմացընելով Կիւլիկիոյ վտան գ աւոր վիճակը եւ օ գ նութիւն խնդրելով, նոյնպէս Փիլիպպոս այլ գ րեց առ Պապն աղաչելով որ հայրաբար հնարի օ գ նելու Հայոց թա գ ուհւոյն:

Պապն տեսնելով արեւմտեան տէրութեանց խառն եւ խռովեալ վիճակը` տարակուսեցաւ. ի վերայ այսր ամենայնի անհո գ չեղաւ գ րելու առ դուքսս Վենետկոյ եւ Ճենովայ, եւ առ կար գ ապետս ասպետաց Երուսաղեմի եւ Հռոդոսի, որ ձեռքերնէն եկածին չափ օ գ նեն Հայոց. նոյնպէս Անտիոքայ անուանեալ իշխանին այլ գ րեց (որ այն ատեն Կիպրոսի թա գ աւորութեան խնամակալն էր). խնամ տանելու իրենց խնամի Հայոց թա գ ուհւոյն. Փիլիպպոսի այլ խրատ տուաւ, որ գ րէ եւ յորդորէ զԼուտովիկ թա գ աւորն Մաճառաց` օ գ նելու իրենց ազ գ ական թա գ ուհոյն Հայոց:

Այս օ գ նութիւններէն աւելի ապահով օ գ նութեան հնարք մ ՚ այլ մտածեր էին Հայք, որոց դեսպանն` արքեպիսկոպոսն Սսոյ` իմացուց Պապին. եւ էր արեւմտեան թա գ աւորազանց մէկը փեսայացընել Մարիամայ, որ գ ոնէ իր հայրենի երկրին ոյժը` օժիտ բերէ Հայոց թա գ ուհւոյն: Ասոր արժանաւոր դատեցաւ Պապն` զՈթոն դուքսն Պրունզուիքայ. որ կտրիճ եւ լաւ անձ մ ՚ էր, միան գ ամայն եւ ազ գ ական շատ ազնուաց: Գրեց առ սա Սրբազանն. իսկ արքեպիսկոպոսն Սսոյ` ուզեց անձամբ այլ երթալ խօսիլ հետը, որպէս թէ եթէ չյաջողի` ուրիշ մ ՚ ընտրէ եւ իմացընէ թա գ ուհւոյն: Ոթոն` ուրիշ ակնկալու թա գ ուհւոյ մը խոստացեր էր սիրտը, եւ փեսայացաւ Նէապօլսոյ դշխոյն, բայց Պապն դարձեալ իրեն յորդորական պարտք դրաւ` գ ոնէ յօ գ նութենէ չզրկելու զդշխոյն Կիւլիկիոյ: Այս յորդորեալ օ գ նութեանց մէկն այլ չհասաւ Հայոց: Իտալիոյ երկու մեծ ծովազօր դքսութիւնքն` որք մերոնց մերձաւորութեամբ եւ վաճառակցութեամբ ամենէն աւելի կրնային յուսալի ըլլալ, իրարու հետ կռուելով` ոչ միայն ձեռք չտուին Հայոց, այլ եւ անոնց ամենէն մերձաւոր եւ բնական օ գ նականը` զԿիպրացիս այլ զբաղեցուցին, Վենետկեցիք դաշնակցելով զանոնք ընդդէմ Ճենովացւոց: Մարիամ նոր փեսայ այլ պէտք չեղաւ. իր յանկարծ աներեւութացեալ թա գ աւոր ամուսինն յանկարծ այլ յերեւան ելաւ, այն խորհրդաւոր վերջին Լեւոնն` որպէս Արայն կամ Էրն հայկազուն ի մեռելոց վերադառձեալ$ եւ ան գ ամ մ ՚ այլ մրրկապատ երկնքէ` արեւ ծա գ եց Կիւլիկիա:

Բայց այս արեւս արդէն խոնարհէր եւ մօտեցեր էր ի մուտս: Հազիւ երկու կամ երեք տարի այլ մնաց Լեւոն ի վերայ գ ահուն Հայոց, հո գ ալու իր տունը եւ երկիրը, եւ գ ր գ ելու իր մեծասիրտ զու գ ակիցն ու սերունդքը: Յամին 1375 ե գ իպտացի եւ դամասկացի գ ունդեր` առաջնորդութեամբ եղբօր սուլտանին` վերջին ուժերնին եւ վրէժնին թափեցին Լեւոնեանց տան վրայ. առին զմայրաքաղաքն Սիս յետ երկար պաշարման: Ժամանակակից մը այսպէս յիշատակա գ րէ. «Ի ՊԻԴ (թուին) բարկացաւ Աստուած ի վերայ քաղաքին Սիսոյ, ու սղարեցին զբերդն սեպտեմբերէն, ու մինչուր ի յապրիլ ԺԶ. (6), ու տուին զբերդն օրն ուրբաթ, ոչ այլ իրաց` քանց ի սովոյ. որ մարծպան մի ցորենի` ԳՃ (300) ԳՐ. չէր ի գ տվել. որ կերան կատու վ ՚ էշ. ու այս սատ (սաստ) էր յԱստուծոյ. յաղա գ ս ծովացեալ մեղաց մերոց մատնեաց զմեզ ի ձեռս թշնամեաց մերոց: Ո'վ տեսնոյր զմեր խաչերոյն արհամարհանքն, ու զԱստուածաշունչ գ րվոյն կտրտել. զսուրբ սեղանացն կործանելն…»:

Այս ան գ ամ այլ Լեւոն ելաւ թշամեաց դէմ. բայց ոչ զԼիպարիտ ունէր սպարապետ եւ ոչ արեւմտեան օ գ նական. վերջի ան գ ամն էր որ հայկական գ ունդն նիզակ կան գ նեց դէմ իր տանը կործանողներուն. յետ նիզակին վահանը դրաւ կուրծքին` պարթեւաբար յետ քաշուելով երեսն ի թշնամին, եւ ամրացաւ ի լերինս, ի տեղ հեռաւոր, օտար եւ անուրեք:

Վերջին Հայպետն եւ թա գ աւորն այլ իր արքունի եւ զինուորական պարտքը կատարելէն ետեւ, յայտնի մահուանէ փախչելով` ի բազմութենէ թշնամեացն, իր թա գ ուհեաւ եւ Փիննա (կամ Ֆիմի) դստերաւ եւ անոր փեսայիւ Կոռիկոսի Շահան կամ Շահառ իշխանաւ, քաշուեցաւ Տորոսի լերանց ամրա գ ոյն տեղը, ի բերդն Կապանայ, որոյ կողմանքն հիմայ Կիւլէկ պօղազ կոչին. եւ ուրիշ ան գ ամներուն պէս դէմ դնելով պաշարողաց` սպասեց ամ անոնց հեռանալուն, կամ ամեն պաշար եւ հնարք սպառելուն. եւ այս ետքինս եղաւ: Յետ ինն ամիս չարակրթութեամբ համբերելու, եւ յետ զամենայն ուտելի պաշար սպառելու, մինչեւ զմիս եւ զկաշի ձիոց: Լեւոն` իր եւ ընկերացը կենաց խնայելու խոստմունք առնըլով ի պաշարողացն, անձնատուր եղաւ իրեններովն` ի գ երութիւն, ի կապանս, յօտարութիւն ե գ իպտական Գահիրէի եւ ի բանտ, այլ եւ նեղութիւն, ի սպառնալիս չարչարանաց եւ մահու, վասն չուրանալոյ զհաւատսն:

Զ

Բայց թէ ինքն եւ թէ իւրքն իրենց արժանի հաստատութիւն եւ համբերութիւն ցուցին երկար տարիներ. զիրենք գ երող իշխանն այլ` սուլտանութեան հասնելով եւ յիշելով խոստմունքը` մահուան սպառնալիքը վերուց. բայց ոչ բանտար գ ելութեան նեղութիւնը եւ տխրութիւնը, եւ ապա գ ային անստու գ ութիւնը: Քանի մը տարի Լեւոն եւ Մարիամ վերջին թա գ աւոր եւ թա գ ուհի Հայոց` իրենց նախորդաց եւ պաշտօնէից պակասութեան պարտքը քաշեցին. ամեն կորստեան մէջ անկորուստ պահելով սրտերնուն մեծութիւնը եւ սուրբ հաւատոց յոյսը, բարեպաշտութեամբ կու մխիթարուէր յանմխիթարութեան անդ. ուրիշներէ զատ յիշելով թերեւս իրենց նախնին` Գ Լեւոնը, որդին Ա Հեթմոյ, որ նմանապէս պատերազմի մէջ գ երի ընկնելու (հարիւր տասն տարի առաջ), յետոյ աղաչանօք եւ փրկանօք հօրն` ազատեր էր: Բայց թա գ ուհին Մարիամ չտեսաւ իր սիրելեաց ազատութեան օրը, թէ եւ իրեն թոյլ տրուեցաւ բանտէն ելնելու. բանտին հետ կենաց կապն ալ կտրեցաւ. հաւանօրէն գ երութեան սրտմաշուքին չդիմացաւ, եւ դեռ Լեւոն ի բանտի եղած ատեն` ինքն բոլորովին ազատեցաւ մահուամբ, եւ թաղեցաւ Գահիրէի Հայոց եկեղեցւոյ մը մէջ:

Լեւոնի մնաց մէկ հատիկ մխիթարութիւն, միան գ ամայն եւ սրտի այրուք իր մանկամարդ դուստրն Փիննա, որ փոխանակ իր պալատան պատշ գ ամներէն լսելու միջերկրական ծովուն ալեաց զբօսանքը եւ հին կոռիկեան քարայներուն զարմանալի ձայները, կու լսէր դաժան շղթայից շռընչելը: Էրիկն Շահան` քան զծնողսն աւելի իր սիրոյն ու հասակին սրբազան պարտք սեպելով իր որոջին եւ աներոջ փրկութիւնը` հին գ տարիէն հնարք մը գ տաւ բանտէն փախչելու, եւ Լեւոնէն թղթեր առնըլով` բերաւ առ թա գ աւորս արեւմտից, թէ ոչ անոր երկրին եւ թա գ աւորութեանը` գ ոնէ գ լխուն ազատութիւնը մուրալու: Շահան թղթերուն հետ բերանացի պատմեց Հայոց թա գ աւորական տան քաշած վտան գ ները` սկսեալ իրենց գ երութենէն, եւ ամենուն սիրտը կու շարժէր: Բայց ամենէն աւելի Կղեմէս կամ Րոպէրդ դերապապն յԱւինիոն` վառուեցաւ ի ջանս փրկելու զԼեւոն, եւ գ րեց առ թա գ աւորս քրիստոնէից. յորոց պատրաստա գ ոյնք գ տան Սպանիացւոց թա գ աւորքն, Յովհաննէս` Կասդիլիոյ եւ Պետրոս Դ` Արա գ ոնի. գ րեցին առ սուլտանն Ե գ իպտոսի, փրկանք խոստացան եւ տուին:

Յետ եօթնամեայ գ երութեանն` ազատութիւն գ տաւ Լեւոն. ելաւ ի բանտէ եւ յաքսորանաց (1382), եւ փութացաւ առաջին երախտեաց շնորհակալիքը մատուցանել առ միակ պատճառն ազատութեան, առ Ազատարարն ամենայն աշխարհի. եւ գ նաց իրեններովն ի սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ, երկայն ատեն կենալով եւ պարտելով յուխտ սրբազան տեղեացն. եւ այն ատեն կրցածին չափ եւ յետոյ այլ առատ տրօք պատուեց զանոնք. մանաւանդ որ, իթէ ստոյ գ է աւանդութիւնն, իր Թորոս անուամբ որդին (որ չյիշուիր առաջ ի պատմութեան) մեռաւ հոն յԵրուսաղէմ, եւ հայրն աւանդելով զնա այն սուրբ հո գ ուն, Ս. Յակոբայ Հայոց մեծ տաճարին հիւսիսակողմը եկեղեցի մ ՚ այլ շինեց եւ յիշատակաւ որդւոյն անուանեց Ս. Թորոս: - Այս սրբազան տեղիքը եւ յիշատակքը այնքան սիրեց հեզահո գ ի տիկինն Փիննա` որ չուզեց անկէ հեռանալ. թերեւս ըսաւ Լեւոնի, Գնա' յարեւմուտս, եւ եթէ յաջողիս նորէն թա գ աւորութիւնդ ձեռք ձ գ ելու` ես այլ կու դառնամ. ապա թէ ոչ` Քրիստոսի սուրբ անօրէնութեան տեղեաց աղախին մնալով` ի հասարակաց արքայութեան անոր եւ քեզ հետ թա գ աւորեմ:

Է

Ասանկ մեծ եւ սրտառուչ պարտաւորութեամբ մեկնեցաւ Լեւոն միայնակ եւ դարձաւ իրեն բարերար եւ բարեկամ մարդկանց այլ շնորհակալ ըլլալու. նաւեց եկաւ նախ ի Կիպրոս իր մերձաւոր մտերմաց տեսութեան: Անշուշտ ոչ առանց խոր եւ խուլ հառաչանաց նշմարելով անկէ` իր երբեմն տասնամեայ տառապանօք թա գ աւորութեան աթոռը, Կիւլիկիոյ եզերքը. եւ դարձեալ հոմերական պանդըխտին (Ոդիսեւսի) պէս` արտասուոտ աչքերը յարեւմուտս ուղղելով, սլացաւ նախ առ քահանայապետն գ որովանօք շնորհակալութեամբ. անկէց առ ազատութեան մեծա գ ոյն միջնորդսն` Պետրոս թա գ աւոր Արա գ ոնի, եւ Յովհաննէս Կասդիլիոյ: Այս ազնիւ եւ մեծանձն թա գ ակից` եղբայրաբար ընդունեցաւ զԼեւոն, եւ յորդորեց այլ իր երկիրներուն մէջ արքայաբար ապրելու. եւ անոնց մէջ ազնուա գ ոյն մասը, հիմակուան աշխարհին մայրաքաղաքը` գ եղեցիկ Մատրիտը` տուաւ Լեւոնի ստացուած եւ աթոռ. բոլոր անոր շրջակայ սահմանաց այլ ազատաբար տիրելու` ցորչափ ապրի. եւ անուանեց զնա Տէր Մատրիտայ Վիլլա - րէալայ եւ Անտուխարայ: Մատրիտցիք իրեն շնորհակալութեան եւ հպատակութեան նուիրակներ խաւրեցին (2 հոկտ. 1383). Լեւոն ալ իշխանութեան հրովարտակ մը հանեց (19 հոկտեմբերի), եւ այն տեղի տիրութիւնը պահեց մինչ ի մահ. նորո գ եց Մատրիտու արքունի պալատը, թէ եւ քիչ բնակեցաւ անոր մէջ: Մինչեւ հիմայ պահուի ի դիւանս Սեկովիոյ քաղաքին Սպանիացւոց` հրովարտակ մը, զոր Լեւոն տուաւ Մատրիտեցոց նոյն քաղքէն (յամին 1389) շնորհելով անոնց խնդրած ազատութիւնները. իսկ Մատրիտցիք դարձեալ խնդրեցին իրմէ, ինչպէս Կասդիլիոյ թա գ աւորէն այլ խնդրեր էին, որ յետ Լեւոնի` Մատրիտ նորէն Կասդիլիոյ թա գ ին դառնայ: Լեւոն ասոր հասար այլ հրովարտակ մը գ րեց յամին 1391: Կասդիլիայէն անցաւ ի Նաւարրա, յայցելութիւն Կարոլոսի Բի թա գ աւորի, որ մէկայլ թա գ աւորաց պէս պատուով ընդունելով զԼեւոն` ընծայեց անոր արծաթէ գ եղեցկաշէն աման մը (nef) մէջը 2000 Արակոնի ֆլորին դրած, 20 ֆլորին այլ տուաւ Լեւոնի նուիրակին. 15 այլ իրեն հետ եղող ծաղրածուին կամ ձեռնածուին (yuglar, jongleur):

Սպանիայէն ի Գաղղիա անցաւ Լեւոն (1385) առ թա գ աւորն Կարոլոս Զ, թէ շնորհակալութեան իրեն խոստմանցը եւ բարեկամութեանը, եւ թէ հնարք եւ օ գ նութիւն փնտըռելու նորէն Կիւլիկիոյ գ ահը հաստատելու: Նոյն բանը խնդրեց եւ ի Րիքարտ Բ Ան գ ղիոյ թա գ աւորէն: Երկու թա գ աւորքն այլ իրենց հաւասարի եւ եղբօր պէս ընդունեցան զինքը, բայց փոխանակ անոր օ գ նելու` իրենք կերպով մը իր օ գ նութիւնը եւ ճարտարութիւնը ուզեցին, իրենց երկուքին մէջ երկայն հակառակութիւնը եւ կռիւը դադրեցնելու համար, որով առաջուց այլ չէին կրցած օ գ նել անոր. Լեւոն բնական սրտաշահութեամբն, եւ իր անձնական կամ ազ գ ային շահուն սիրով` ստէպ ստէպ երկու թա գ աւորաց եւ մայրաքաղաքաց կու դիմէր. եւ անով շահեցաւ անոնց բաւական հաշտութիւն, իրեն այլ թէ ոչ հին թա գ ը` գ ոնէ թա գ աւորական կեանք մը: Վասն զի ոչ պակաս քան զՅովհաննէս ընդունելութիւն ըրաւ Լեւոնի Կարոլոս այլ. որ եւ մեծ հարկինք մ ՚ ըրաւ Հայոց թա գ աւորին, իր տէրութեան բոլոր մեծամեծները հրաւիրելով: Երբ ասոնք հետաքրքրութեամբ կու հարցնէին անոր դիպուածները, եւ արեւելից վիճակը, մանաւանդ Յունաց կայսրութեան եւ Թաթարաց բռնակալութեան, եւ աւելի մտադրութեամբ այլ կու լսէին, Լեւոն` թէ զանոնք հաճեցընելու համար թէ ինքզինքը` լաւ եւ երկար տեղեկութիւն տուաւ Թաթարաց ղանին եւ Ե գ իպտոսի սուլտանին վրայօք, եւ անոնց իրեն ըրած թշնամութեանը եւ աշխարհքը աւրելուն. նա եւ խոր ու լուսաւոր քաղաքական նախատեսութեամբ իմացուց` որ Յունաց տէրութեան վտան գ ը ոչ այնչափ այս մէկէն է կամ մէկայլէն, հապա երրորդէ մը` որուն այնչափ ծանօթ չէին. եւ էր նորահաստատ Օսմանեան պետութիւնն, որոյ գ լխապետն Մուրատ-Պէկ (այսինքն սուլտան Մուրատ որդի Օրխանայ) շատ կտրիճ, զօրաւոր եւ խոհեմ մարդ էր. ուսկից ղանն եւ սուլտանն գ իպտոսի) ան գ ամ կու պատկառէին. իսկ նա դեռ կու խնայէր անոնց երկիրները կոխելու` իրեն հաւատակից ըլլալնուն համար: Անշուշտ, կ ՚ ըսէր, Մուրատ-Պէկ պիտի առնու զԿ. ՊՕլիս` եթէ չփութան արեւմտեայք իրենց միջի պատերազմները դադրեցընելու եւ շատ զօրք թափելու յարեւելս. նոյնպէս այլ պապերուն երկպառակութիւնը վերցընելու, որ այլազ գ եաց այլ արհամարհելի կ ՚ երեւէր, եւ անով զարեւմտեայս բաժանեալ սեպելով` չէին վախեր անոնցմէ: Իսկ ինքն Լեւոն այս վիճակիս մէջ շատ փափա գ ելի կու սեպէր որ Մուրատ տիրէր իրեն երկրին (Կիւլիկիոյ). վասն զի, կ ՚ ըսէր Մուրատ-Պէկ մեծահո գ ի եւ առատասիրտ մարդ է, միայն հպատակութիւն կ ՚ ուզէ յիշխանաց, եւ կու թողու որ ամենքն իրենց երկրին տիրեն: Այս այլ աւելցուց Լեւոն, թէ Մուրատ-Պէկ միայն զՓրանկս կու սիրէ յարեւմտեայց, եւ կու զուարճանայ երբ անոնց վրայօք լսէ, միշտ հարցընելով ճանապարհորդաց: - Իսկ իր կորուսած թա գ աւորութեան վրայ` երբ նորէն հարցուցին, Լեւոն համարձակ իմացուց որ առանց արեւմտեայց օ գ նութեան անկարելի էր ձեռք ձ գ ելն. եւ թէ միայն Կոռիկոս անառիկ բերդն ազատ մնացեր էր հոն Ճենովացոց ձեռքը:

Այս խօսքերով եւ ուրիշ պատմութեամբք Լեւոն բոլոր ունկնդրաց սիրտը շահեցաւ. թա գ աւորն ըսաւ մեծամեծաց թէ պէտք է պատմուեմք եւ հան գ իստ պահեմք զթա գ աւորն Հայոց, ինչպէս իրեն եւ ինծի կու վայլէ. ինչուան որ յաջողութիւն գ տնեմք զօրօք եւ զինուք անցնիլ յարեւելք` եւ նորէն իր երկրին վրայ թա գ աւորեցընել զնա: Հրամայեց Կարոլոս որ հասարակաց գ անձէն ամսէ ամիս 500 ֆր. տրուի Լեւոնի (այն ատենուան ֆրան գ ն ոսկի էր). եւ հիմայ այլ մէկէն 5000 ֆրան գ, իրեն կահ կարասիքը պատրաստելու համար: Իրեն բնակութեան տեղ այլ Ս. Դիոնիսեայ արուարձանին մէջ Սէնդ-Ուան (Saint-Ouen Saint-Audoin) կամ Ս. Անտոն մեծ ապարանքն, որ եւ Noble maison անուանեցաւ: Այս եղաւ Լեւոնի հաստատ բնակութիւնն իր պանդխտութեան ատեն. յորում ամեն արքունի հանդիսից մէջ կու մտնէր կ ՚ ելնէր, աւելի քան զաւելի սիրելի ըլլալով իր հիւրընկալաց:

Բայց իր գ լխաւոր խնդիրը յաջողեցընելու համար` պէտք էր Ան գ ղիոյ թա գ աւորին սիրտն այլ շահիլ. որուն` կ ՚ երեւի թէ Ան գ ղիացիք առջի բերան քիչ մ ՚ ընդդիմացան, Փրանկաց դէմ ատելութեան եւ պատերազմին պատճառաւ. եւ պատմըչաց տարաձայնութենէն որոշ չիմացուիր` թէ առջի ան գ ամ 1385ին վերջերը ի՞նչպէս հոն գ ացեր եւ դարձեր է. բայց յաջորդ տարւոյն սկիզբները նորէն գ նաց Գալէէն ի Տուվր անցնելով. ուր Րիքարտայ հօրեղբարքն բանակով զօրաց պահապան կեցեր էին, եւ իրեն հետ մարդ դնելով խարեցին թա գ աւորին: Րիքարտ առանձին ընդունելութենէն ետեւ` իր խորհրդականաց ժողովին ներկայացուց զԼեւոն` անոր խնդիրքը լսելու համար. խորհրդականք կասկածելով որ Կարոլոսի թելադրութեամբ եկած է նա` քիչ մը դժարեցան, եւ Կանդորբերեայ արքեպիսկոպոսն կերպով մը մեղադրեց իրեն` զինեալ մարդիկներով գ ալը: Րիքարտ իբրեւ Լեւոնի սիրտն առնըլու համար շատ եւ թանկ բաներ ընծայեց, զորոնք չընդունեցաւ Լեւոն, բաց ի մատանիէ մը որ 500 ֆրան գ (ոսկի) կ ՚ արժէր. շուտով դարձաւ ի Գաղղիա, ու պատմեց Կարոլոսի իր բանա գ նացութիւնը. զոր իբրեւ ինքն իր գ լխուն հասարակաց բարւոյն համար ըրած էր, եւ ոչ ի խնդրոյ նորա, եւ այսպէս այլ իմացուցեր էր Ան գ ղիացւոց: Կարոլոս իմանալով անոնց ծանրասրտութիւնը` սկսաւ նորէն պատրաստուիլ յԱն գ ղիա վազելու: - Բայց Րիքարտ նորէն խորհրդածելով` զիջաւ Լեւոնի բարի խրատուց, եւ մէկէն հրովարտակ հանեց խօսելու հաշտութեան վրայ, վասն փառաց Աստուծոյ եւ գ թոյ մարդկութեան եւ վասն շնորհաց Լեւոնի թա գ աւորին Հայոց. (et auxi a les instanz prieres et reguestes, qui nous ont este faites par notre cousyn, le roi d ՚ Armenie). եւ Լեւոնի երախտեաց համար այլ տարեկան թոշակ կապեց (1386 փետր. 3) 1000 լիրայ. իրեն բնակութեան տեղ մ ՚ այլ: Որոց շնորհակալութեան եւ խնդրոց յաջողութեան համար` նորէն գ նացեր է Լեւոն ի Լոնտոն, ինչպէս Րիքարտոսի զանազան հրովարտակներն եւ գ րերն կու յայտնեն. որոց մէկով (18 մարտի 1386) կու պատուիրէ` որ ազատ թողուն զԼեւոն 40 ձիաւորով եւ ուրիշ պաշտօնէիւք երթալ գ ալ իր երկրին մէջ. Լեւոնի այլ կու գ րէ (12 մայիս) որ ինչուան 100 ձիաւորով կարենայ պտտիլ յԱն գ ղիա մինչեւ նոյն տարւոյն վերջերը. դարձեալ հրովարտակաւ պատուիրէ (24 հոկտ. ) որ հազարապետն կամ տաճարապետն (magister hospitii) Լեւոնի` Յովհան Ռոսպեան (Johannes de Rusr) կարենայ ազատութեամբ գ ալ հին գ մարդով` եւ վեց ձիերով, եւ աղեղամբք եւ 24 փետրաւոր սլաքօք. քանի մ ՚ օր ետքն (28 հոկտ. ) ուրիշ գ իր մ ՚ այլ, որ հազարապետն կարենայ առանց մաքսի մտցընել ի Գաղղիոյ յԱն գ ղիա 150 սափոր գ ինի` Լեւոնի մարդկանց համար. նոյնպէս գ իր մ ՚ ազատութեան Լեւոնի սենեկապետին համար (8 նոյեմբ. ): - Թա գ աւորին հօրեղբայրն Կլոսդըրի դուքսն այլ մեծ պատուով եւ սիրով հիւր ընդունեցաւ զԼեւոն իր պալատին մէջ:

Լեւոն այս երկու թա գ աւորաց հաշտութեան համար կրցածն ընելէն ետեւ` պարապ ժամանակները ուրիշ կողմեր այլ կ ՚ երթար, ինչպէս յիշեցինք ի Սեկովիա գ տուիլն յամի 1389: Նոյն տարին մեծ քաղաքական եւ արքունի հանդէս մ ՚ եղաւ` ի Բարիզ (20 օ գ ոստ. ) ի պատիւ թա գ ուհւոյն. կոչնոց ատեն, յորում շատ արքայազուն հիւրք այլ կային, զԼեւոն բազմեցուցին թա գ ուհւոյն քով:

Ասոնք աղէկ, բայց Լեւոն իր գ ահուն վրայ չէր. Գաղղիոյ եւ Ան գ ղիոյ հաշտութիւնն այլ չյաջողեցաւ. գ ոնէ շատ ուշ: 1391ին մեծ ժողով մ ՚ եղաւ յԱմիէն քաղաքի Գաղղիոյ վասն հաշտութեան. ուր եկեր էին Ան գ ղիոյ դեսպանքն, հօրեղբարք թա գ աւորին. հոն էր եւ մերս Լեւոն. երկու ազ գ աց խնդրոյն վրայ խօսելէն ետեւ` Կարոլոս խօսեցաւ Լեւոնի թա գ աւորութեանն համար այլ: Ան գ ղիացւոց դեսպանքն խոստացան զայն այլ յիշեցնել իրենց թա գ աւորին: Երկու տարի վերջը` (1393) գ արնան ատեն նորէն հաշտութեան պայմանադրութիւն կ ՚ ըլլար ի Գալէ, իսկ Բ Կարոլոս յԱպըվիլ էր. հոն եկաւ Լեւոն Յունաց երկրէն դառնալով, ուսկից գ ալու ատեն հեռուէն ան գ ամ մ ՚ այլ, եւ վերջին ան գ ամ, ի մայրն մօտեցած արեւու պէս, ողջուներ էր իր հայրենեաց եւ արքայութեան սահմանները (Կիւլիկիա), չիշխելով եւ յետ իբր 20 տարւոյ ոտքը ներս դնելու. վասն զի իմացաւ եւ իմացուց որ այլազ գ իք լցուեր են հոն, եւ Կոռիկոս բերդն միայն դեռ ազատ մնացեր էր ի ձեռս քրիստոնէից:

Զայս լսելով նորէն վառուեցան շատ Գաղղիացիք` եւ զէնք ու նշան խնդրէին երթալու հոն յօ գ նութիւն Լեւոնի. եւ կու սպասէին ժամ մ ՚ առաջ հաշտութեան հռչակուելուն: Եւս առաւել Լեւոն (ան գ էտ իր սպառեալ ժամանակին), քանի մ ՚ ամիս ետեւ նորէն փութացաւ գ նաց ի ժողովն դեսպանաց, որք էին երկերկու հօրեղբարք երկու թա գ աւորացն, ի Լոլինկէն` Գալէի մօտ: Հոն վերջին սրտի թելադրութեամբ խօսեցաւ իր եւ Հայոց թա գ ին վերական գ նելուն համար: Այս ան գ ամ դեսպանքն եւ մանաւանդ Կլոսդրի դուքսն` աւելի տաքութեամբ ընդունեցան Լեւոնի խնդիրքը, եւ աւելի հաւանականութեամբ խոստացան. Լեւոն այլ աւելի մեծայոյս դարձաւ. վասն զի հաշտութեան պայմանքն երկու կողմին այլ հաճոյ կ ՚ ըլլային, եւ քիչ ատենէն իրենց թա գ աւորաց տանելով` ձեռնադրեցան կնքեցան, զինադուլ եւ հաշտութիւն ըրին գ ոնէ չորս տարուան համար: Թերեւս երկու թա գ աւորներէն աւելի այս հաշտութեան վրայ զուարճացողն` պիտի ըլլար անոր միջնորդն` Լեւոն, թա գ աւորն եւ թա գ ասէրն Հայոց. բայց աւա՜ղ, աւա՜ղ. գ րեթէ հաշտութեան հետ կնքուած էր եւ Լեւոնի կեանքն:

Ը

Տարի մը եւ աւելի առաջ (1392 յուլիսի 20) Լեւոն իր կտակը գ րեր էր Յոհան տը Ֆոլըվիլ Գաղղիոյ արքունի մուրհակաց գ լխաւորին ձեռօք. յորում յետ յանձնելոյ զհո գ ին առ Աստուած` նախ կու պատուիրէր որ մարմինը թաղուի ի վանս նորահաստատ Կելեստինեան կամ Երկնային (Celestins) անուանեալ կրօնաւորաց ի Բարիզ. եւ եթէ անոնք չուզեն` ուրիշ վանք մը. եւ վրան պարզ ճերմակ զ գ եստ մը հա գ ցընեն, գ լուխն եւ ոտքն բաց թողլով. դա գ աղը վերցընեն 12 աղքատք, չորս այլ ջահակիր աղքատք, ամենքն այլ ճերմակա գ եստ: Յետոյ կու պատուիրէր իր ունեցած պարտքերը վճարելու. եւ ապա զանազան գ ումարներ կու սահմանէր այլ եւ այլ եկեղեցեաց եւ վանաց. իր թաղուելու եկեղեցւոյն այլ կու թողուր բոլոր իր մատրան սպասքը, որպէս զի իր հո գ ւոյն համար աղօթեն: Վերջը կու պատուիրէր որ մեռնելուն պէս` բոլոր այս պանդխտած երկիրներուն մէջ ունեցած ստացուածքը չորս հաւասար մասն բաժնուի. առաջինն տրուի աղքատաց եւ վերոյիշեալ բարեպաշտութեան տեղեաց. երկրորդ մասն տրուի իր թաղուելու եկեղեցւոյն, ուր ամեն օր իր հո գ ւոյն համար մէկ երկու պատարա գ մատուցանեն. երրորդ մասն տրուի իր մէկ օտարածին որդւոյն` Կի կամ Կիւյոդ կոչուած, որ դեռ տղայ էր, եւ անոր դաստիարակութեան ծախքն հո գ ալէն ետեւ` երբ քսան տարուան ըլլայ` դրամա գ լուխն իրեն յանձնուի. իսկ եթէ նա քսան տարիէն առաջ մեռնի` աղքատաց տրուի: Իսկ ընչից չորրորդ մասն բաժնուի իր ամեն սպասաւորացը, ուր որ ըլլան: Եւ այս ամէն բանս կատարել կու յանձնէ իր սենեկապետին եւ հազարապետին: Իսկ ընդհանուր կամ բարձր կտակակատար կ ՚ աղաչէ որ ըլլան (բաց ի Գաղղիոյ թա գ աւորէն), թա գ աւորքն Ան գ ղիոյ, Կասդիլիոյ եւ Արա գ ոնիոյ, զորս իրեն համշիրակ (cousin) կ ՚ անուանէ:

Ի 29 նոյեմբերի 1393 տարւոյն` Բարիզու Դուռնէլ (Tournelles) ըսուած պալատին մէջ` պանդխտութիւնն եւ կեանքը կատարեց Լեւոն Զ. վերջին թա գ աւոր Հայոց. եւ թա գ աւորական պատւով ու հասարակաց ո գ ով յուղարկեցաւ յեկեղեցի վանաց Երկնայնոցն, բարերարն բազմութեան կարօտելոց եւ բարեկամն թա գ աւորաց: Իր պաշտօնեայքն եւ սպասաւորքն ամենքն այլ ճերմակ հա գ ած` անոր որոշած աղքատներովն յուղարկաւոր գ նացին. իրեն այլ ճերմակ հա գ ուցեր էին, ոչ իր ուզած խոշոր լաթովն, այլ արքունի բեհեզով, ճերմակազարդ անկողնի վրայ դրած, գ լխուն քով այլ դրած ոսկի թա գ մը: Հին ատեններէ սովորութիւն էր Հայոց թա գ աւորաց` ոչ միայն ի կեանս` այլ եւ ի մահուն սպիտակազ գ եստ երեւիլ. այնքան գ երազանց սեպուած էր Հայպետն առաջի ժողովրդեան: Եկեղեցւոյն աւա գ սեղանին քով կամարի տակ պատին մէջ հաստատած դրին Լեւոնի դամբանը սեւ տապանաքարիւ, որոյ վերայ հան գ ուցին իր չափով արձանն ճերմակ մարմարէ արքայական նշաններովն: Հոն 400 տարի հաւատացեալ ննջեցելոց քունը քաշելէն ետեւ, անցեալ դարուն ետքերը Փրանկաց քաղաքական մեծ շփոթութեան ատեն, սրբապիղծ ձեռք` ինչպէս ուրիշ թա գ աւորաց` այսպէս Հայոց վերջին թա գ աւորին հան գ իստն այլ խռովեցին. խորան եւ դամբան վեր ի վայր եղան. դարական խաղաղացեալ ոսկերքն` ժամանակէն աւելի` բռնաբարութեան խաղալիկ եղան. Կիւլիկիոյ թա գ աւորաց թշնամի Քէօլէմէններուն չըրածը` աշխարհիս+ ամենէն բարեկիրթ կարծեցեալ ժողովուրդն ըրաւ. այսքան իրարու մօտ են կիրք եւ կրթութիւն: Կենօքն հալածեալ, հան գ իստ վախճանեալ, յետ մահուն այլ իր հալածանքը կրեց Լեւոն: Բայց դարձեալ բոլորովին անբաղդ չեղաւ. խնայիչ ձեռք ազատեցին իր դամբանը, եւ տարին թան գ արանի մը մէջ դրին, ուսկից յետոյ ի խաղաղանալ երկրին` Փրանկաց թա գ աւորաց մնացեալ նշխարօք եւ տապանօք տարին զետեղեցին Ս. Դիոնեսիոսի հոյակապ վանաց տաճարին տակ, ուր որ ականատես եղած` քեզ այլ ցուցի, Հայկակ: Հոն է մինչեւ ցայսօր Հայոց վերջին թա գ աւորի Լեւոնի մահարձանն իր սեւ անկողնովն, իր արքունի նշանօքն եւ արձանա գ րութեամբ, որպէս եւ տեսնես. բայց նշխարքն ո՞ւր…:

Լեւոնի երկու գ լխաւոր բարեկամքն եւ պաշտպանքն` Րիքարտ Բ եւ Կարոլոս Զ` խնամով հո գ ացան անոր կտակը կատարելու, եւ իրենց վկայութիւններն կամ անդորրա գ իրքն այլ դեռ կու պահուին ի դիւանս: Ասկից այլ յայտնի կ ՚ երեւի այս երկու թա գ աւորաց մեծարանքն եւ սէրն ի վերայ Լեւոնի, եւ ասոր աչալուրջ, սիրելի եւ անձնանուէր բնաւորութիւնն. զոր սիրեմ ես, Հայկակ, համարիլ չքնաղա գ ոյն կամուրջ մը Գալէ վրայ ձ գ ուած ընդ մէջ Գաղղիոյ եւ Ան գ ղիոյ, ուսկից անցուց Լեւոն այս երկու մեծ եւ նախանձընդդէմ ազ գ աց խաղաղութիւնը: - Արդեօք այսպիսի բաղդ կամ փոխարէն մը պիտի ունենա՞յ Լեւոնի սեփականեալ ազ գ ն ուրիշ ան գ ամ մ ՚ այլ: - Փրանկաց թա գ աւորն որ երկարակեաց եղաւ յետ Լեւոնի, անոր թողած զաւկին վրայ այլ խնամք ցըցուց, եւ իր մահուանէն տարի մ ՚ առաջ (1412) հաճութեան թուղթ մը գ րած է առ ժողով երիցանց Սուասոն քաղաքի` զԿիւյոդ իրենց եկեղեցւոյն կանոնիկոս ընտրելնուն համար. վասն զի այս ժառան գ ս Լեւոնի` եկեղեցական վիճակ ընտրեր էր, եւ յառաջ ի Պրի (Brie) սարկաւա գ ապետ էր եղած:

Իսկ Լեւոնի բուն հարազատն եւ միակ նշխար իր եւ Հայոց արքունի տան սրբացեալ եւ այրիացեալ դուստրն Փիննա, ըստ աւանդութեան, վախճանեցաւ յԵրուսաղէմ, որպէս նուիրական տիրուհի` Հայ հայրենեաց սրբազան կրակին մոխրաց վրայ հսկելով, եւ սքանչելի խելամտութեամբ քան զչքնաղ հաւն փիւհիկ, այն աճիւնացեալ կայծակը խորհըրդաբար խառնելով` Քրիստոսի կենդանաթաղ գ երեզմանին անմանարար նշուլից հետ:

Այսպիսին են, Հայկակ, համառօտ յիշատակք Լեւոնի վերջնոյ: Աւելորդ է մեզի հոս իրմէ ետեւ իր երկրին եւ ժառան գ ութեան անցքը քննել, այլ այսչափս հարկ է ըսել Հայոց թա գ աւորութեան վրայօք, որ Լեւոնի մահը լսելուն պէս` Ա թա գ աւորն Կիպրոսի իբրեւ ազ գ ական եւ ժառան գ Լեւոնի` պսակեցաւ անոր թա գ ովն այլ, եւ անուանեց զինքը թա գ աւոր Կիպրոսի, Երուսաղեմի եւ Հայոց, այս անունս անցաւ իր յաջորդաց այլ մինչեւ ի յետինն, որ է դշխոյն Կատարինէ` դուստր Գոռնարոյ Վենետկեցւոյ. սա անժառան գ ըլլալով` յամին 1489 տուաւ զկղզին ի Վենետկեցիս, եւ ինքն այլ մեռնելով ի Վենետիկ (1510) իր գ երեզմանին վրայ այլ թողուց ոսկեքանդակ գ րով Հաոց տիկնութեան անունը: Բայց իրմէ առաջ Յակոբոսի թոռն Յովհաննէս Գ թա գ աւորն` օրինաւոր մանչ զաւակ չունելով, յետ մահուն իր դուստրն Գաբլո գ դա` որ այրի մնացեր էր ի թա գ աւորէն Փոր գ ո գ ալի, վեց եօթն տարի Կիպրոսի (եւ անուամբ` Հայոց) թա գ ուհի եղած էր. եւ երբ Յակոբ Բ անհարազատ որդի Գ Յովհաննու հալածեաց (1464) զԳարդոդդա, սա իր իրաւունքը տուաւ (յամին 1482) առ Կարլոս Ա դուքս Սաւոյայ Իտալիոյ, այս պատճառաւ ասոր յաջորդքն եւ ժառան գ ք (որ հիմա թա գ աւոր կոչուին Իտալիոյ) իրենց իշխանական պատուանուաց մէջ կու համրեն եւ զանուն թա գ աւորի Հայոց:

Հաւանական է որ ասոնցմէ աւելի մերձաւոր ժառան գ ք կամ իրաւատեարք կային ի Կիւլիկիա ի ցեղէ Հեթմեանց եւ Կոստանդեանց, եւ թերեւս ոմանք փորձած այլ ըլլան իրենց իրաւունքը ցուցընել. այս անտարակոյս է որ շատ իշխանք եւ պարոնայք դեռ Լեւոնէն դար մ ՚ ետք այլ` ազատորէն իրենց բերդերուն կու տիրէին. ինչուան Սիս մայրաքաղաքն այլ նորո գ ելով` գ րեթէ անոնց ձեռքն էր. եւ անոնց հետ այլ պատերազմելով առաւ Տուլղատրցի կամ Զիւլ գ ատրեան Շահսուար պէկն Մարաշու` յամին 1467. քսան տարի մը վերջը Օսմանեան սուլտանք տիրեցին մնացեալ բերդերուն եւ ամուր տեղերուն, բաց ի քանի մ ՚ ամուր տեղեաց եւ հասարակութեանց Հայոց, որոց նոր եւ յետին դէպքն` հիմայ ծանոթ են ամենուն:

Արեւմտեայք այլ փորձեցին կերպով մը իրենց խոստմունքը եւ պարտքը կատարեալ առ Լեւոն, երկու տարի յետ անոր մահուն` Յ. կոմս Նըվերայ (Nevers) եւ ուրիշ ազատ Գաղղիացիք զօրա գ նդաւ գ նացին յօ գ նութիւն թա գ աւորին Մաճառաց, որ կու խոստանար նախ Յունաց օ գ նելու, եւ յետոյ Լեւոնի երկիրն այլ ազատելու. բայց Նիկոպոլեայ քով Բուլղարս) յաղթուելով ի սուլդան Պայէզիտայ (1395, հսկա. 27) լռեցին ամենայն այդպիսի յոյսք եւ մտածութիւնք: