Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  27 Յանուարի

Ա

ՊԱՅԾԱՌ հո գ ի, զօրաւոր միտք, եռանդուն սիրտ, անվեհեր կամք, քաջաբան լեզու. - այսպիսի էր Խօսնակն Եկեղեցւոյ, Խօսնակն գ երա գ ոյն: Իր ամենէն սրտանց ըսածն, իր առաջին եւ վերջին մրմունջն, իր եր գ ոց եր գ ն էր, «Փառք քեզ, Աստուած. «յաղա գ ս ամենայնի փառք քեզ»: - Ասորւոց դաշտաց մէջ բացուեցաւ: Յունաց կայսերական մայրաքաղաքին մէջ, ի վերայ երկթերթի շըրթանց Վոսփորոնի` ընդարձակեցաւ. ի հովիտս եւ յանապատս Հայոց ամփոփեցաւ, բիւրաբարբառն այն ՈՍԿԻ - ԲԵՐԱՆ: Եւ յետ այնքան անթիւ ան գ ամ կրկնելու զնոյն ձայն, զնոյն եր գ, ան գ ամ մ ՚ այլ հնչեց սրտառուչ, եւ լռեց:

Լռե՜ց այն «հռչակաւոր բարբառն` որ ել ընդ ամենայն աշխարհս: Քաջաձայն նուա գ ն եկեղեցւոյ` որ յորդորեաց զմանկունս նոր Սիոնի յօրհնութիւն աստուածութեան, գ ործարան քնարն Հո գ ւոյն սրբոյ, որ ի սաղմոսելն իւրում հալածեաց լե գ էոնն դիւաց: Տասնաղի միաւորեալք զ գ այարանք շնչոյ եւ մարմնոյ, որ միացեալ միաւորեցաւ սիրով ի յեր գ ս երկնաւոր թա գ աւորին: Անթուլանալի լարապնդեալն միաձայնութեամբ` որ հարսնացոյց զեկեղեցի ի միաւորութիւն սուրբ փեսային: Գործասէր եւ քաղցրա գ ործ մեղուն, որ ի խարըսխէ աշխատութեան իւրոյ` քաղցրացոյց զեկեղեցի սուրբ: Գերա գ ոյնն եւ գ երահրաշ միտքն, որ զանհասանելի իմաստութիւնս հին եւ նոր կտակարանաց` յինքն ամբարեաց: . Նմանակիցն եւ անուանակիցն պատուականութեանն ոսկւոյ, որ զամենեսեան հարստացոյց ի փարթամութիւնս անապական գ անձուցն: Մեծն այն եւ ոսկէզարդ լեզու (որ ձ գ եաց տարածեաց զբան վարդապետութեան իւրոյ ընդ ամենայն երկիր` իբրեւ զմանանեխ` զառակեալն ի Տեառնէ, եւ եղեւ հան գ իստ եւ հովանի ամենայն իմաստնոց, վերացելոց թռուցելոցն յերկրէ: Մի բարբառ շնորհաց Հո գ ւոյն սրբոյ` վարդապետութեան լեզուի նորա». եւ այլն:

Այսպէս ի գ ովեստ տիեզերաալուր Խօսնակին նուա գ էր իր թեւոց տակ մեծցած եւ յետոյ իր բեմին վրայ թառած` սանականն Պրոկլոս: Իբրեւ ձայն Աստուծոյ` ձայնն ժողովրդեան` մեծի եւ փոքու, հեռաւորի եւ մերձաւորի` նաեւ անոր կենդանութեան ատեն սեփականեց իրեն զկոչումն Ոսկիբերան. արժանաւո'ր պատիւ. որ եւ 15 դարերէ կրկնուելով, ոչ թուլցաւ, ոչ տկարացաւ. այլ եւ ինչպէս քան զնախորդս իւր գ երազանց սեպուէր նա` այսպէս եւ ի յետնոց անհաւասարելի մնալով` ա'յլ աւելի հաստատեցաւ, նուիրեցաւ, սրբազնացաւ:

Ո՜հ. երբ ճշմարտութեան դիմաց զուր ճարտասանք կան գ նին դէմադէմ, ի՞նչ են ասոր քով Կիկերոն ճոռոմաբան եւ թոթով թութակն Դիմոսթենէս, գ ոնէ իրենց մեզի համար անտարբեր խնդիրներովը: - Ճշմարիտ իմաստասէր մը, (որ միայն քրիստոնեայն կրնայ ըլլալ) չի' կրնար անոնց քով գ տնել այ ստոյ գ մտաց եւ սրտի ճարակը, զոր առատ եւ անսպառ բղխէ Բերանն ոսկի. ոչ միայն ճարտասանից վեհա գ ոյն ճանչցուած, այլ եւ աշխարհաքարոզ գ երա գ ոյն քերդողին հետ նմանակցելով մը համարուած Հոմէր բէմական. զոր եւ ես, Հայկակ, սիրեցի կոչել քեզ` Խօսնակ Եկեղեցւոյ, ըստ ամենայն նշանակութեան բառիս: Բայց ոչ ես, եւ ոչ քաջ եւ արդար քննաբանք այսպէս ըսելով ընդ հասարակաց, կ ՚ ուզեմք նուաստացընել զարժէս եւ զառաւելութիւնս Եկեղեցւոյ ուրիշ սրբազան եւ գ երա գ ոյն պերճախօսից եւ հանճարեղ բեմականաց, Գրի գ որեանց եւ Բարսեղեանց, Ամբրոսեանց եւ Հերոնիմեանց. որք նրբութեամբ եւ խորութեամբ իմաստից, ծաղկեալ պերճախօսութեամբ, գ րեթէ եւ բանաստեղծական նկարա գ րութեամբք. յաղթական տրամաբանութեամբ եւ բարձր աստուածատեսութեամբ, ոչ ինչ նուազ հիանալի եւ ախորժելի են, եւ բազում մասամբք առաւելեալ իսկ քան զմեր Խօսնակս, նա եւ շատ տեղ աննմանք: Ի վերայ այսր ամենայնի` դարձեալ հասարակաց առջեւ` մերս միայն կու մնայ Ոսկիբերան, քան զամենն աւելի պատուեալ եւ սիրելի, վկայեալ ի հայրենակցացն, յօտարաց եւ ի մերոց նախնեաց` «Աստուածաշարժ հայր, եւ ուսուցիչ հանուրց»: - «Աստուածակազմ լեզու, աղբիւր եկեղեցւոյ եւ արե գ ակն բանին տիեզերաց վարդապետ Յովհաննէս»: «Անապական բանին քարոզ Բերան-ոսկի, յորմէ աղբիւր կենաց հոսեալ արբուցանելով քառավտակ բղխմամբ զընդհանուր տիեզերս»: Հազիւ քանի մը տարի յետ անոր մահուանն, յաջորդն եւ նախանձորդ Ատտիկոս հայրապետ` գ րէր առ մերս Սահակ Պարթեւ. «Աղբիւրն եկեղեցւոյ հայր մեր Ս. Յովհաննէս, որ ոչ միայն տիեզերական մայրաքաղաքիս (Կ. Պօլսի), այլ սովաւ եւ ամենայն քրիստոնեայք եւ ընդհանուր աշխարհ ի նմանէ վարդապետեալ ուսանի. ուստի եւ Ոսկիբերան կոչեցին զնա»: - Անհատնում կ ՚ ըլլար եթէ ուզէի ամեն այսպիսի մեծա գ ովութիւնները յիշել:

Բ

Արդ ի՞նչ է կամ ուսկի՞ց մեր Խօսնակին գ երազանցութիւնն. ուսկի՞ց անոր ոսկի լեզուէն թափուածն. ի՞նչ է անոր կախարդիչ կամ աշխարհակալ ճարտարխօսութիւնն. ինչէ՞ն այն իրեն ընծայեալ եւ արժանացեալ եզականութիւնն: - Ինձ կ ՚ երեւի, թէ նախ` իր բնական, հզոր, վարպետ` միան գ ամայն եւ անարուեստ ճարտասանութիւնն, ինչպէս կու պահանջեն բնութիւն եւ հռետորութիւն. զարմանալի զօրութիւն եւ անլուծանելի պարզութիւն միաձոյլ, որով գ երազանցէ սա քան զամեն վերոյիշեալ սքանչելի պերճախօս Հարս եւ վարդապետս եկեղեցւոյ: Եւ եթէ երեն ինծի քաջ քննարանք` որք ըսին թէ Կիկերոնի զրուցածին վրայ բառ մը կարելի չէ աւելցընել, եւ ոչ Դիմոսթենէն բառ մը վերցընել, առանց աւրելու անոնց զարմանալի բանահիւսութիւնը. կարծեմ թէ իմ Խօսնակս այս երկուքին միջոց ճամբայ մը գ տեր է, անանկ բանահիւսութիւն մը մտնէր, որ արժանի է թէ Հերմիսի եւ թէ Քրիստոսի: Վասն որոյ եւ իրաւամբք ասոր վրայ քան ուրիշի` կու զմայլէր եւ կու հառաչէր Լիբանիոս` իր ժամանակին մեծա գ ոյն հռետորն, բարեկամն եւ վարժապետ Բարսեղեանց եւ Գրի գ որեանց, եւ յետոյ` սոյն մեր Խօսնակին վարժապետ, եւ կ ՚ ըսէր թէ իր աթոռին միայն արժանաւոր յաջորդ վարդապետ կու ճանչնար եւ փափա գ էր զԱնտիոքացին Յովհան. (որ դեռ 18 տարուան էր երբ թողուց այդ հռետոր վարպետը), եթէ քրիստոնեայք յափշտակած չըլլային զնա: - Ի զու՜ր նախանձիս եւ ողբաս, հեթանոս սոփեստէս. Յովհան աշակերտդ` կը ծաղրէ զքեզ քու Յուլիանու Ուրացողի կամ Անտիոքայ Դափնոյն վրայ գ րած ու քերած ճառատանացդ վրայ, (իր Ս. Բաբելայ եւ Անտիոքայ շարժման վրայ գ րած ճառից մէջ), նա առանց հակառակութեան` քու աթոռէդ այլ քեզմէ այլ վեր բարձրացաւ եւ նստաւ: Ահա կու լսես (եւ երանի՜ թէ լաւ լսէիր) որ ոչ միայն յԱնտիոք եւ յԱթէնս եւ ի Բիւզանդիոն կու հռչակուի, այլ եւ յանկիւնս աշխարհի, առաւել քան զայլ արժանաւոր ճարտասանս, իսկ քան զքեզ` անհուն առաւել: Ափսո՜ս, որ բնութեան քեզի տուած մեծ տուրք մ ՚ ալ, երկարակեցութիւնդ- ամենէն կարեւոր պէտքի չբերիր, եւ չկարցար խոնարհիլ եւ ըլլալ աշակերտ քու աշակերտիդ, երբ նա յԱնտիոքայ եկեղեցին կու քարոզէր եւ ձայնն զԲիւզանդիոն զուարճացնէր, զաշխարհ զարմացընէր: «Ամենայն տուրք հռետորականք բնականութիւն, փափկութիւն եւ մեծութիւն, միաբանեալք յՈսկիբերան` ըրին զնա մեծա գ ոյն ճարտասանից նախկին եկեղեցւոյ, եւ պայծառա գ ոյն թար գ ման այն նշանաւոր ժամանակին: Մէկէն կ ՚ ափշին միտք ի տեսնելն այս մարդուս անբաւ երկասիրութիւնքը, եւ անոր հանճարոյն եռանդը եւ յաջողակութիւնը» (կամ դարձուածքը). կ ՚ ըսէ ժամանակիս ամենէն երեւելի քննադատն գ եղեցիկ դպրութեանց` Վիլմէն:

Ոսկիբերանի երկրորդ առաւելութիւն` որ եւ առաջնոյն կցորդ` կու սեպեմ, ոչ միայն լեզուով տիրանալ ի վերայ ունկնդրաց, այլ ինքն իր լեզուին կատարեալ տիրանալ եւ սանձելը. որ նշան է իր հարուստ եւ զօրաւոր մտաց, որով չիկարօտիր շատոց պէր` պերճախօսութիւն կարծուած բանից զարդե եւ ձեւեր փոխ առնուլ: Իսկ եթէ իր լեզուն ալ զարդեր եւ ձեւեր ունի` այնքան բնական եւ աներեւոյթ են զարդքն, որ տարբեր լեզու մը կ ՚ երեւի ուրիշ շատ Հարց լեզուին քով. ասոնց ճառից մէջ շատ եւ շուտ կրնանք գ տնել բառեր եւ բաներ` առանց որոց ալ կրնար ըլլալ` կ ՚ ըսենք, իսկ Ոսկիբերանին մէջ` կարծեմ խիստ դժար է փնտռելն ան գ ամ: Ուրեմն հզօր լեզուն, հզօր եւ հարուստ միտքն միաբանեալ` իրեն անհամեմատ առաւելութիւն կու տան. եթէ անոնց մէկու համար ըսուցեաւ Ոսկիբերան, մէկայլին համար կ ՚ ախորժէի ըսել ադամանդ միտք, նա եւ սիրտ. - հաստատութիւն եւ պայծառութիւն` սեփական շնորհք են Ոսկիբերանի թէ խօսից թէ' վարուց: Իսկ մտաց հարստութիւն կ ՚ իմանամ թէ ըստ ուժոյ տրամախոհութեան եւ թէ ըստ գ իտութեան եւ հանճարոյ, որով երրորդ առաւելութիւն մը կու ստանայ: Ասոր այլ վկայեն անբաւ գ րած կամ խօսած ճառեր եւ գ ըրքերն, որոց մնացեալ տպա գ իրքն ան գ ամ բազմահատորք են քան զշատից ի Հարց, եւ որոց համար մեր եկեղեցական գ րոց մէկն (Յայսմաւուրքն) կ ՚ ըսէ, թէ «Մինչ տանէին զսուրբն` յաքսորս, եդ ձեռն ի վերայ եկեղեցւոյն եւ ասաց. Ո'ղջ մնա, սուրբ եկեղեցի… զի ի պար գ եւացն զոր առի ի Տեառնէ` յաւելի ի գ անձս քո գ իրս 800, եւ ճառս 12, 000 արդ մի մոռանար զաշխատութիւնս իմ»: Ոչ հատորոց թիւն, այլ գ րուածոց իմաստն, ազնուութիւնն, պէս-պէս օ գ ուտն են ցանկալի եւ զարմանալի, որոց համար առաւ այն մեծամեծ կոչմունքը զոր վերը յիշեցինք, եւ զոր բովանդակելով` շատք միաբան կ ՚ ըսեն Աղբիւր եկեղեցւոյ, վասն զի Ս. գ րոց մեծա գ ոյն եւ գ ործածա գ ոյն մասին վրայ մեկնութիւն եւ խրատ գ րած է թափանցիկ մտօք, տաք սրտով եւ վարպետ գ րչով, որք անդին գ անձ սեպուին Եկեղեցւոյ, եւ որոց մէկը միայն` չէր ուզեր փոխել Բարիզի պէս քաղքի մը հետ` միջին դարուց գ երա գ ոյն հանճարն աստուածաբանն` Ս. Թովմաս Ա գ ուինացի: Միշտ անհամեմատ պիտի մնայ մեր Խօսնակն այն լեզուաւն` որ աւելի հասկանալի է ժողովրդեան` գ ործնական եւ բարոյական խօսքերով, քան տեսական եւ այլաբանական, ինչպէս են շատ ուրիշ հարց, որով եւ ոչ դիւրիմաց եւ ոչ օ գ տակար բազմութեան մարդկան: «Պարզ եւ յայտնի բանիւ զխորս աստուածային գ րոց առ հասարակ ամենեցուն ճառէր, - կ ՚ ըսէ Պրոկլ. - իբր ոչ եթէ տ գ իտանայր իմաստասիրել դժուարաբաց բառիւք, այլ ցանկայր զամենայն հո գ իս լսողացն օ գ տեցուցանել: Քարոզեացզծածուկ միտս գ րոց ի լոյս եւ ի հրապարակս, զոր իբր յունկանէ եւ ի խաւարէ` ի մաքուր միտսն ընկալաւ»:

Չորրորդ պատճառ մ ՚ այլ Ոսկիբերանին մեծ համբաւոյն` իրմէ վերջը իրեն նմանող մը չունենալն է, եւ գ րեթէ վերջին ըլլալն մեծամեծ Հարց եկեղեցւոյ. յորոց միայ Կիւրեղ մ ՚ եղաւ առ Յոյնս (յԱղեքսանդրիա), եւ մեծն Օ գ ոստինոս առ Լատինս, որք հմտութեամբ եւ աստուածաբանութեամբ գ երադաս են, այլ ոչ եւ լեզուի կամ գ րչի դասական ճարտարապետութեամբ: - Իսկ հին գ երորդ մեծա գ ոյն պատճառ (թողլով քննել զայլս) մեծութեան Ոսկիբերանի` իր մաքուր բարքն եւ զանազան հանճարն, որովք նշանա գ ոյն է եւ ի դպրութեան Սրբոց եւ ի քաղաքակնութեան: Չի կրնար իր վարքն ընթերցողն եւ դիտողն` չզմայլիլ մեծապէս, նկատելով անոր հո գ ւոյն անմարելի կրակը` սէրն առ Աստուած, իր կուսական մաքրութիւնն, խոր խոնարհութիւնն եւ բարձր յար գ ն աստուածային իրաց. որով չէր համարձակեր եկեղեցւոյ պաշտօնեայ իսկ ըլլալ, այլ անապատի մէջ տատրակաց հետ մնչել եւ իր ծիծեռնաձայն լեզուն ծածկել, եւ գ րեթէ բռնի յանձն առաւ 37 տարուան (ըստ ոմանց 27 տարուան) սարկաւա գ ըլլալ եւ իբր 40 ամեայ քահանայ, ու յետոյ նոյնպէս ակամայ եւ խաբուելով բերուիլ ու պատրիարք ըլլալ Կ. Պօլսի:

Գ

Հոն իր գ րեթէ հն գ ամեայ կարճ հայրապետութեան միջոց (398-404) ըրած եկեղեցւոյ եւ ժողովըրդեան օ գ տակար բարեկար գ ութիւնքն, եթէ եւ խիստ շատ են ըստ ժամանակին քիչութեան` աւելի այլ մեծ են ազնուութեամբ: Կ ՚ ապշին միտք, թէ ե՞րբ ի վերայ այնքան գ րուածոց եւ քարոզութեանց` ժամանակ կու գ տնէր կար գ աւորելու կանոնաւորելու իր կղերը, իր հեռաւոր թեմերն այլ այցելութեամբ քննելու, պայծառացընելու զեկեղեցի եւ զաստուածային պաշտամունս` ջերմեռանդն աղօթիւք, եր գ ովք եւ ժամասացութեամբք, որոց շատն` ոչ միայն մինչեւ ցարդ հասարակ են առ Յոյնս, այլ եւ մեր եկեղեցւոյ մէջ. - ի՞նչպէս այն տիեզերական մայրաքաղաքին զեղծումեղծ բարուցը հետ կրցաւ կռուիլ. - ի՞նչպէս անմատչելի թա գ աւորաց եւ թա գ ուհեաց հետ անվախ համարձակ վարեցաւ իբրեւ իր հօտին հասարակ ոչխարաց հետ. - եւ ի՞նչպէս յետնա գ ոյն ռամիկը, գ ռեհիկը, այրի կնիկը, եւ ըրածը ճանչցող խառնակեցիկն ու մեղաւորն ան գ ամ կու կան գ նէր, սիրէր, մեծարէր, իբրեւ զիշխան եւ զարքայ: - Հմառօտ ըսեմ, ի՞նչպէս, նման իր շատ սիրած, իր զմայլած, իր բացատրած վարդապետին` Պօղոսի առաքելոյ, ընդ ամենայնի ամենայն լինելով, կրնար անոր պէս այլ ըսել` «Նմանողք ինձ եղերուք, որպէս եւ ես Քրիստոսի»: - Ոչ ոք, մանաւանդ անանկ դժուար առթից մէջ, ուր հարկ էր փառասէր, պչրող, նրբամիտ, ամենահնար Յոյն կայսրուհւոյ մը հետ (Եւդոքսեայ) մրցիլ` վասն իրաւանց Աստուծոյ եւ զրկելոց նորա, թոյլ թա գ աւորի մը (Արկադիոսի) քով խօսք քալցընել, Աղեքսանդրիոյ մեծ եւ զինքն իսկ ձեռնադրող հայրապետին (Թէոփիլոսի) հակառակիլ` արդարութեան եւ մարդասիրութեան վրայօք, - գ իտնոց եւ տ գ իտաց միջնորդ, ըլլալ, դէմադէմ խռովեալները խաղաղցընել, բարեկամները չվհատեցընել, թշնամիները չվստահացընել, ամենուն չափը զանազանիլ, զամենքն անզանազան սիրել. ըստ պատշաճին տեղը կենալ կամ տեղի տալ, ոչ փառասիրութեամբ գ ահին փակչիլ, եւ ոչ նուաստութեամբ աթոռէն իջնել. - ոչ այն ամենեւին անարժան եւ անհիմն զրպարտութիւններէն նեղուիլ, եւ ոչ այն աշխարհահռչակ գ ովեստներէն եւ Ոսկիբերան կանչուելէն` լայնիլ. (ինչպէս ինքնին կ ՚ ըսէր ան գ ամ մը յամպիոնէն, «Երեկ զիս երեքտասաներորդ առաքեալ, եւ այսօր Յուդաս յառաջ ընթացաւ»). - ոչ ոք կ ՚ ըսեմ, ասանկ եւ այլ աւելի բազմակնճիռն առթից եւ հակառակութեանց մէջ գ տուեցաւ. եւ ոչ այլ այնքան իմաստութեամբ եւ արիութեամբ, միան գ ամայն սիրով եւ համբերութեամբ` վարուեացաւ անայլայլակ, անշփոթ, անտխուր եւ անտարակոյս: Գեղեցիկ ուրեմն գ ովութեամբ մեր գ անձասացն կ ՚ եր գ է ի պատիւ նորա:

 

«Անկոխ է բազմաց շաւիղ քոց վարուց.

Նուրբ եւ բարձրա գ ոյն քան զելս աղաւնւոյ»:

Այսպիսի բարեկար գ ութիւններն յիշելով իրեն հո գ եկիր մերազ գ ի դիտապետ մ ՚ այլ: Ս. Ներսէս Լամբրոնացի, կու կանչէ. -«Ո՜վ երանելի եւ քաղցր աստուածազ գ եացն հո գ ւոյ. այսպիսի վայելէր մեզ քահանայապետ` չարչարակից, զ գ ածեալ տկարութեամբ ժողովրդեան»: - Ոչ ոք լաւա գ ոյն քան զնա կրցաւ, կ ՚ ըսէ վերոյիշեալ փռանկ քննաբանն. կատարել զպաշտօն բանին` զոր աւետարանն մըտուց: Հին աշխարհքին վրայ պատուաստած նոր ընկերութեան` գ եղեցկա գ ոյն հանճարն է Սա. Սա է գ երա գ ոյն քրիստոնէացեալ Յոյնն»:

Դ

Բայց ով դժբաղդութիւն եւ զրկումն հասարակաց. ո'վ ամօթ գ րկողաց. այսպիսի անձն այլ ունեցաւ թշնամի եւ հակառակորդ: Անաչառապէս յանդիմանուած դշխոյն Եւդոքսիա, իր ձեռնադրելոյն մեծութեան չքաշող հայրապետն Աղեքսանդրիոյ (Թէոփիլոս), քանի մը կաշառակուրծ կամ նախանձաբեկ եկեղեցականք, քանի մը կշտամբեալ իշխանք, եւ տկարամիտ կամ անմիտ բարիատեացք` միաբանելով, չուքի պէս ընկան Յովհաննու փայլուն կերպարանաց ներքեւ, այնչափ աւելի անոր պայծառութիւնը` որչափ իրենց սեւութիւնը նշաւակելով. եւ որ աւելի ցաւալին է, ոչ միայն մարդու հետ կռուելով` այլ եւ աստուածամարտ ըլլալով: Շատերու ծանր եկած էր լսելն` ոչ միայն զՈսկիբերան անունն եւ զհամբաւ իմաստութեան նորա, այլ եւ անոր անխարդախ, մաքուր եւ սքանչելի վարքը, սըրբութիւնը, հրաշա գ ործութիւնը. եւ թերեւս այս ետքինիս նկատմամբ իր կուսակիցքն եւ սիրելիք չափազանց գ տուեցան. այլ գ ոնէ այնպիսի անձի մը վրայ կըրնար չափազանցութիւնն արդարանալ: Գուցէ գ ուցէ կապուտակ նախանձն այլ, եթէ կարելի էր յայտնի երեւելու, չէր կրնար աւելի նախանձելի մէկ մը գ տնել քան զՈսկիբերան. զոր բարեսէրքն` ի կենդանութեանն գ երա գ ոյն հռչակեցին իր ժամանակակցաց, յետ մահուն` բարձրացեալ ի դասս սրբոց եւ անմիջապէս Աստուածպետականին աթոռոյ քոյ, ըստ յայտնութեան կամ տեսլեան մը, զոր տեսան, կ ՚ ըսեն, արժանաւոր անձինք, եւ այս աւանդութիւնս է` զոր մեր եկեղեցւոյ քաջ եր գ իչն այլ ի պատիւ նորա սրբացընէ, ըսելով. «Որ յանճառելին մերձեալ ի լոյս` հուպ Երրորդութեանն, ո՜վ երանելի տէր վարդապետ»:

Սէր եւ մեծարանք իրենց աննման հովուին եւ վարդապետին վրայ` եթէ քիչ շատ մեծաբանել տուաւ յունական դիւրաշարժ սրտերու, աւելի շատ ապաշնորտ եւ ան գ ութ գ տուեցաւ հելլենական յաչաղանքն եւ ատելութիւնն, ի նախատինս այնպիսի պանծացեալ ազ գ ի եւ ժողովրդեան, որ զՈսկիբերան եւ զԱստուածաբան իր մայրաքաղաքի բարձր աթոռէն հեռացուց յօտարութիւն, յաքսոր եւ մինչեւ ի մահ: Զասոնք յիշելու ատեն` կրնամք մոռնալ, Հայկակ, մեր նախատինքն այլ, մեր հարց ըրածներն առ Սահակ եւ Ներսէս եւ նմանիսն: Սակայն, քաւ լիցի, ես ոչ զՀայս մեղադրեմ եւ ոչ զՅոյնս, ոչ զընդհանուր ազ գ ն եւ ոչ զժողովուրդն, այլ թէ շատ` իրենց պնդա գ լուխ գ լխաւորները, արքունեաց եւ աթոռոց հնարքները եւ կուսակցութիւնները, եւ մեծամեծաց քով աւելի մեծցած նախանձը եւ գ իրցած կրքերը, որոց ըրած չարիքն շատ հեղ ռամկին վրայ կ ՚ ընկնի, եւ բոլոր ազ գ ին անուամբ յիշուի. «Հարք կերան զազոխն եւ որդւոց ատամունքն առան»: Բայց արդարութիւնն գ իտէ եւ կրնայ ընտրել զաջ ու ձախ, պատմութիւնն ան գ ամ շատ հեղ վկայ է ստու գ ութեան:

Առջի ան գ ամ Ոսկիբերանի դէմ միաբանելոց հնարքն, վճիռն, հրամանն, պատուհասն եւ աքսորն, հայրասէր եւ հաւատարիմ ժողովրդեան սիրոյն դէմ, եւ կարկտախառն երկնից արհաւրաց դէմ` խիստ քիչ դիմացաւ. արե գ ական պէս հազիւ թէ ծածկուելով յաթոռէն, եւ ահա առաջինէն պայծառ ծա գ եցաւ բարձրացաւ իր տեղը, մեծ ու պզտի թշնամիք` շուքի եւ մի գ ի նման հալածեցան կորան. դժնդակ դշխոյն ան գ ամ սարսափելով` ներումն եւ անմեղադրութիւն խնդրեց, թէ եւ այլ աւելի նախանձելով, երբ իր պալատան ծովահայեաց պատշ գ ամէն կու գ իտէր եւ չէր տեսներ ծովուն երեսը. ոչ այնքան մեծազօր երեւցեր էր Քսերքէս` նաւերով կամրջելով եւ յատակելով այն խորանդունդ նեղուցը, եւ ոչ մերս Արտաշէս որ «յԵլեսպոնտոս եւ ի Թրակէ` զտարերացն փոխեաց զբնութիւնն… ընդ ծով հետեւակելով», որչափ մեծա գ ործ եւ մեծասիրտ կ ՚ երեւէր այն յունական ռամիկ ժողովուրդն, տկար իաւակներով ծածկելով բովանդակ նաւահան գ ըստին ծփած աւազանը` յընդառաջելն եւ ի դարձընել յաթոռն` իր Ոսկիբերանը: Երջանի՜կ ժողովուրդ, այլ երանի թէ միշտ կամ աւելի երկար ատեն: -

Եւ ոչ կէս տարի քշեց մեր Խօսնակին հաստատուիլն ի բեմն իւր. ամօթապարտ թշնամիք կամ յաչաղկոտք` աւելի թանձրացած կրքերով` մխոտ ծխոտ ամպերու պէս խտացան մօտեցան իրարու կպան. դարձեալ ժողովեցան ի Թրակիա` այլ աւելի ընդդիմակաց բազմութեամբ եւ զօրութեամբ, մինչեւ Եպիփանու պէս պարզամիտ սուրբերն ան գ ամ խաբխըբելով եւ իրենց կողմը ձ գ ելով, որոնց մէջ` սիրտ առած, յօնքերը կամարած, ոտքով ու գ լխովթեթեւն Եւդոքսիա` իբր նոր «Հերովդիադա` դարձեալ կաքաւէր, դարձեալ խնդրէր զ գ լուխն Յովհաննու Մկրտչի», արդարեւ իսկ մկըրտչի եւ կնքահօր իր թա գ աժառան գ որդւոյն Թէոդոսի Փոքու: Կրնար Յովհաննէս իր անիրաւ բռնաւորաց դէմ իրաւացի բռնութիւն բանեցընել, գ ոնէ իր սիրելի որդւոց` ժողովրդեան գ ութն եւ աղաչանքը զէն ու վահան առնուլ. սակայն իր մեծ սրտին, եւ մանաւանդ աստուածաշարժ հո գ ւոյն եւ հեզութեանն Յիսուսի` անարժան սեպեց զայն:

Ե

Իր վարուց (եւ ընդհանրական պատմութեան մէջ) մեծապէս սրտաշարժ դիպուածներէն մէկն է Ոսկիբերանի յետին հրաժարական ողջոյնն առ ուխտ եկեղեցւոյ իւրոյ, որ եւ ակամայ իմն հոս կու յիշեցընէ ինծի մեր դարուն մեծա գ ոյն Քաջին մեծահռչակ հրաժեշտը. այլ քանի այլակերպ, նուաստ եւ խիթալի: - Նա բոլոր եւրոպական ազանց ճապաղեօք ճենճերեալ եւ դեռ արիւնակաթ դրօշը եւ դրօշակիրը կու համբուրէր` ցաւելով, որ այլ չպիտի կարենայ թռցընել զայն կայսերական արծւոյն թեւօք` նորանոր մարդածախ դաշտերու մէջ, եւ իրեն անձնանուէր գ նդերով` աւելի բազմաթիւ մարդկութեան գ նդերը` որբ այրի, նաեւ դիակն դարձընելու. - իսկ մեր Խօսնակն Եկեղեցւոյ` որ աւետարանին փողով կու դղրդէր զտիեզերս եւ ի հո գ եւոր զինուորութիւն Քրիստոսի գ ումարէր գ ծեր եւ զտղայ, զերիտասարդ եւ զկուսան, հիմայ իր չորս դին տեսնելով մեծամեծ գ աւառաց եւ քաղաքաց այցելու գ նդապետներ, 40 իւ չափ եպիսկոպոսներ, որք տղու պէս կու լային իր քով, եւ կ ՚ աղաչէին չհեռանալ իրենցմէ, ինքն վսեմա գ ոյն եւ աստուածային կամաւ տարա գ իր` մէկ մէկ գ ըրկելով այն սրբազան ժողովրդապետները, (որոց ձեռօք Աստուծոյ թա գ աւորութեան սահմանները կ ՚ ընդարձակէր յերկրի), հայրապետական սուրբ համբուրով` եւ ոչ առանց արտասուաց` կ ՚ օծէր ճակատնին, կնքէր եւ զօրացընէր ի վշտակցութիւն եւ ի նահատակութիւն` վասն երկնաւոր յաղթանակին: Ամեն եպիսկոպոս` որ գ րկէն կ ՚ ելնէր, բան մը կուփրցընէր ի սըրտէն: Չկրցաւ այն ադամանդ սիրտն այլ մինչեւ ցվերջ դիմանալ, եւ ոչ զամենքն ողջա գ ուրել. հայր էր սիրուն, զօրացաւ զայրացաւ գ թալիր սիրտն… թողուց սուրբ գ ունդը, հեռացաւ պահ մը ի սարկաւա գ անոցը ծածկուելու…

Եւ ահա հոս` այլ աւելի սրտաճմլիկ տեսարան մը եւ կակուղ խումբ ոը պաշարեց նա, երանելի սարկաւա գ ուհին Ոլիմպիադա` ընկերակցօք նմանեօք` հեծեծանօք վազեցին յոտքը պլլուեցան: Մարթայի պէս կ ՚ աղերսէին, Մարիամու պէս կու լային, կուսանաց պէս մարմըրէին. ողկուզազարդ ուռոց պէս փակած իրենց երկնա գ իտակ որթոյն վրայ` չէին ուզեր բաժնուիլ… Կուսից եւ եպիսկոպոսաց արտասուքն յիրար խառնուեցան. եկեղեցւոյն մէջ բոլոր ժողովուրդն կու հառաչէր, սուրբ սեղաններն ան գ ամ կու սարսէին. աստուածային առա գ աստն ինքնին կ ՚ ողբայր իր այրիանալն ի զ գ աստ փեսայէն, ըսե՜մ թէ «եւ արտասուեաց Յիսուս: …»

Յովհաննէս ` լսելով տեսնելով զասոնք, եթէ կրնար գ երազանցել քան զմարդ, այլ ոչ եւ զաստուածամարդն. հատուց ինքն ալ բնութեան անմեղ գ թոյ պարտքը, բայց եւ շուտով տիրանալով ինքն իր վրան ` քաշեց ադամանդիկ սիրտն յոսկի բերանը, լռեցուց ( թէ եւ լացուց ) զինքն յորդորող, պաշտող ու պաշտպանող եպիսկոպոսները, կղերը, սարկաւա գ ուհիները ու բանին տեղեակ եղողքը: Իր լեզուին ճարտարութիւնն եւ ոյժը ` շատ ան գ ամ փորձեր էին, բայց սրտին այսքան պնդութեան եւ մեծութեան դեռ անփորձ էին. ափշեցան, ափիրերան եղան, յաղթուեցան, ան գ ամ մ ՚ այլ դաս առին իրենց աննման վարպետէն, որ մատովն կու ցուցընէր զերկրիս բոլորը, թէ « Տեառն է երկիր լրիւ իւրով ». արդարեւ ուր ալ որ ըլլայ, միշտ նոյն է, կամ միշտ պանդուխտ կամ ոչ երբէք եւ բերնովն կրկնէր իր պանծալի պարոյրը, « Փառք քեզ Աստուած, յաղա գ ս ամենայնի »: Եւ ըստ սրտին ` անայլայլակ եւ զուարթ դիմօք իջնելով յաթոռոյն, յայն աթոռոյն ` որ ոչ յառաջ եւ ոչ ետքը իրեն հաւասար բազմական ունեցաւ, զատուեցաւ ի սիրելեացն: - Իսկ ի թշնամեա՞ցն. - իր աստուածային օրինակին նման ` նկատելով զանոնք ` որք գ ահավէժ ընել կ ՚ ուզէին զինքը, « եւ նա անցեալ ընդ մէջ նոցա ` գ նայր »:

Զ

Ամառնամըտին նախընթաց օրն էր, յամին 404 իբրեւ յանկարծական վտան գ է մը դրդած Կ. Պօլսի ժողովուրդք շտապելով` քաղքին հարաւային ծովեզերքը կու դիզուէին իրարու վրայ, եւ գ րեթէ ի ծով կ ՚ ընկնէին. մանաւանդ թէ ոտքով ալիքները կտրել թռչիլ կ ՚ ուզէին, նաւակ չ գ տնելով: Ոմանք լռութեամբ կենային, ոմանք ձեռուընին դէպ ի ծով` դէպ յերկինս` դէպ ի կուրծքերնին կու տարբերէին. ոմանք գ թութեան ձայներ` եւ բանայիաներ կանչելով, ոմանք անէծքներ թափէին, ամենքն աշուընին տընկած դէպ ի հարաւ` Պրոպոնտոսի (Մարմառայի) ալեաց եւ Գեմոնիսեան կամ Պռինկիպեան կղզեաց մէջ, գ րեթէ մինչեւ ցկուրութիւն` բիբերնին տանջէին: Ամենքն այլ ուզելով բռնել, ար գ ելուլ, յետ դարձընել նաւ մը. նաւ մը` որ դիմացնէն երա գ երա գ կու սահէր կ ՚ անցնէր, կու հեռանար եւ եթէ բռնել չէ` գ ոնէ պահ մ ՚ այլ կ ՚ ուզէին տեսնել: Իսկ նաւն փախստական` երկայնաձեւ բազմաթիակ` ցռուկը ցըցած` ծովային նոր ցուցանքի մը պէս` ճոճալով ճապկըտելով ծփած ծեծուած ալեաց վրայ` շուտ շուտ կու սողար, փախչէր թաքչէր, իբրեւ թէ այն դիզուած ժողովուրդքն` իրեն համար մթա գ ին ու սպառնացայտ մրրիկ մ ՚ ըլլար. մինչեւ կղզիներուն միջէն անցնելով հեռացաւ, փոքրացաւ, կէտ մը դարձաւ հազիւ տեսանելի սրա գ ոյն աչաց. որք քանի մը վայրկենէ ետեւ` ծովուն հաւասարած երեսէն զատ` այլ բան չտեսնելով, յուսահատեալ դարձան, ողբերնին եւ անէծքնին երկարելով, եւ բարկութեամբ արքունական ապարանից վրայ նայելով:

Այն խուճապեալ նաւուն բարձրաւանդակին վրայ հանդարտօրէն նըստած անձ մը` կու նայէր անխռով, գ ոնէ ըստ արտաքին տեսլեանն, ընդ ծով եւ ընդ ցամաք, կու նայէր այն ծովեզերքը պարսպաձեւ պատած ժողովրդեան վրայ, եւ ճանչնալով անոնց հայրասէր գ ութն ու գ որովը` չէր կրնար անոնց ետեւէն բարձրացած Պոլսոյ խրոխտ աշտարակներն ու ապարանքը` սուրբ բարկութեամբ ան գ ամ չ գ ողացընել: Չէր թշնամիներ, չէր անիծաներ ապերախտ մայրաքաղաքը, եւ ոչ աւերք ու երեր կարդար անոր. այլ զարդարութիւն եւ զդատաստան թողլով միայն ամենա գ էտ դատաւորին, ինքն ողջունելով, օրհնելով եւ աղօթելով` կու հեռանար կու ծածկուէր` անհետ կ ՚ ըլլար իր հին գ տարի դայեկաբար դաստիարակած ժողովըրդէն, զոր մէկ մ ՚ այլ պիտի չտեսնէր կենդանի աչօք. այլ սրտով դեռ կու տեսնէր, կու լսէր, կ ՚ իմանար որբոց եւ այրեաց շնորհակալութեան մրմունջը, զղջացեալ մեղաւորաց ողբաձայն ապաշաւանքը` որոց համար ինքն Պատմող կամ Քարոզ ապաշխարութեան եւ ողորմութեան անուանեցաւ. կու զ գ ար մեծի եւ փոքու խանդաղատանքը: Ինչուան որ անդադար ու անդարձ նաւն ան գ ութ` խոտորելով ի խորշն Կիանեան (Մուտանիա կամ Կէմլէյիկ) Պրոպոնտոսի ձեւն ան գ ամ կորուս. եւ քիչ ատենէն ասիական եզերքը հասնելով` Բիւթանիոյ ցամաքին վրայ ձ գ եց զՈսկիբերան:

Եւ ոչ կէս ազատ պանդըխտի ցուպն տրուեցաւ անոր, որ ըստ կամացն իրեն օտարութեան բնակարանն ընտրէ. այլ պահապանաց մատնուեցաւ ըստ արքունի հրամանաց, որ տանին յաքսոր` յաշխարհ հեռի, յերկիր ցուրտ եւ քարուտ, ի քաղաք ամայի եւ անապատ, ի ծայր սահմանաց Յունաց եւ Հայոց: Հոն մնայ որչափ որ մնայ, մինչեւ ցմահ…

Է

Իսկ ի՞նչ էր այտոր յանցանքն, որ այդպէս դատապարտեալ ի ժողովոց Կաղնոյն եւ ի կայսերական դատակնքոն` արտասահման կ ՚ ըլլայ ի հեռաւոր եւ ի դժուարաբնակ տեղ մը: - Իսկական յանցանքն` իր Ոսկիբերան եւ ադամանդիկ անձն ըլլալն էր, ըստ որում առաջ տեսանք. իսկ ըստ չարախօսաց` ծաղրելի կամ ողբալի բաներ. - ծաղրն այլ ողբն այլ իրենց գ ըլխուն. - որք առաջին յանցանք սեպած էին զայն` որ Ոսկիբերան ոչ ուրիշի քով կերակուր կ ՚ ուտէր, եւ ոչ զուրիշը կու հրաւիրէր: Գեղեցիկ խրատ ոմանց պետաց, որ թերեւս միայն ասոր հակառակ կերպով` կրնան ցուցընել իրենց առաջնորդութիւնը եւ ընդունակութիւնը: - Ոսկիբերանն որ ի մանկութենէ յանապատ Ասորւոց վարժեր էր Անտոնի եւ Պիմէնի կերակրոց գ նաւորական չորակերութեան), այն աստիճան փափուկ եւ տկար ստամոքս ունէր` որ այլ որ եւ իցէ կերակուր չէր կրնար ընդունիլ, այլ հազիւ թեթեւ բաներ. եւ յիրաւի Թէոկրիտեան կամ Եղիշեան անարիւն ճպռանց նմանեալ` աստուածային բանին քարոզութիւնն ըրեր էր իրեն սնունդ, եւ կ ՚ ուզէր ընել իր հոտին այլ: Թշնամիք` փառասիրութիւն կու սեպէին զայս: - Նոյնպէս բամբասէին, թէ խիստ յանդիմանութեամբ կ ՚ անար գ է զիշխանս եւ զթա գ ազունս, կ ՚ արհամարհէ զմեծատունս, եւ աղքատաց ու ռամկաց տէր կու կենայ: Թէոփիլոս կ ՚ ըսէր, թէ իմ վռընտածներս ընդուներ է, բանա գ րեալներս` արձակեր է, իմ իրաւանցս խառնուեր է. - տաք գ լուխ ղՓտիք կ ՚ ըսէին թէ Որի գ ենէսի պաշտպան եւ հետեւող է. - Սեւերիանոսք եւ Սիսինիոսք կ ՚ ըսէին` թէ նոր ճամբայ կու բանայ, մեզի չինմանիր. - Իովատիանոսք, թէ մեղաւորներն անխտիր սիրով կ ՚ ընդունի, եւ այլն, եւ այլն: Որոց թէ ստութիւնն, թէ ծռութիւնն եւ թէ պատասխաններն դիւրին եւ յայտնի են:

Բայց եւս ոչ Յովհաննու վարքը կ ՚ ուզեմ պատմել քեզ, Հայկակ, ոչ զարդարն արդարացընել, եւ ոչ այն Ոսկիբերան Խօսնակը` գ ովել ջանալ, որոյ եւ գ ովութեան համար արդարեւ միայն իրեն նման լեզու կամ գ րիչ արժանի է: Սակայն մեզի` ազ գ ային սրբազան իաւունք է այս գ իշեր մեր հայրենեաց հանդիսից մէջ խառնել Կ. Պօլսի հայրապետին յիշատակը, զր այսօր (27 յունուարի) տօնեն ամենայն` ազ գ ք (ըստ Յայսմաւուրաց կար գ ի). որ է օր փոխադրութեան մարմնոյ նորա յաթոռն: - Ազ գ ային իաւունք մը, վասն զի եթէ Ոսկիբերանի հայրենեօքն պարծին` Ասորիք, լեզուաւն եւ աթոռովն` Յոյնք, արդեամբք եւ օ գ տիւն` ամենայն ազ գ ք, Հայք` անոր աքսորանաց վանատուրք եւ հիւրընկալք, անոր վերջին տարիներուն կենակիցք, անոր յետին հան գ ստեան մարմնոյն սպասաւորք եւ պահապանք, աւելի զ գ այուն եւ սխրալի պարծանք ունին Հայք: Ասոնցմով եւ դեռ ուրիշ մասամբք այլ` մեր է Յովհան Ոսկիբերան առաւել քան թէ ուրիշ ազ գ աց. եւ յետ Յունաց` հայա գ իր օրացուցակին մէջ աւելի արժանաւոր եւ իրաւացի տեղի ունի: Անոր համար թողլով իր առաջին կենաց կերպ կերպ յիշատակները, կ ՚ ուզեմ մէկ երկու գ իշեր քեզի հետ, Հայկակ, նուիրել` Եկեղեցւոյ Խօսնակիս վերջին եւ թաքուն կենացը` յանապատս Հայոց, ինչպէս ինքն շատ հեղ կ ՚ անուանէր իր թղթոց մէջ, (ուսկից պիտի քազեմ այս առանձին կենաց դիպուածները) զայն տեղն` ուր երեք վերջին եւ ան գ ին տարիները շնչեց անմահահոտ Ոսկիբերանն:

Դեռ Ոսկիբերանի հակառակորդքն իրենց անիրաւ ժողովոյ աթոռներէն չէին իջած, դեռ անոր գ ահուն վրայ նստելու` պնդերես անձ մը կու փնտըռէին, դեռ իր արդար պաշտպանքն եւ չարաչար զրկեալ հօտն եւ հովիւք, որբք եւ այրիք, աղքատք եւ ապաշխարողք` իրենց հովուապետն եւ հայրապետը կու լային. կէսք` իրեն հաւատարիմ մնացեալ եպիսկոպոսաց դիմելով, կէսք` մեծասիրտ եւ մեծահաւատ Ս. Ոլոմպիա տիկնոջ քով ողբալով, մինչդեռ Արկադէոս երկու մտքի եւ խղճի մէջ կու տատանէր. իսկ դժնիկ դշխոյն Եւդոքիա` դեռ ապարանից պատշ գ ամէն կու գ իտէր զոլորտս Պրոպոնտոսի, որ չըլլայ թէ առջի ան գ ամուն պէս յետ դառնայ աքսորատարնաւն, չըլլայ թէ նորէն ժողովուրդն ովսաննայով ընդ առաջ դիմէ` գ ծով ի ցամաք փոխելով, չըլլայ թէ ան գ ամ մ ՚ այլ իր գ ոռոզ գ լխուն վրա կայծակնաթափ փացուի Բերանն Ոսկի. - եւ ահա ասոր սուրբ աթոռէն, արքունի պալատան քովի եկեղեցւոյն միջէն, եւ ատենակալաց ապարանքէն դուրս պոռթկացին թանձր ծուխ ու կարմիր բոց մը, եւ իբր իրարու հետ կռուելով ուժ գ ին եւ ահաւոր յերկինք ի վեր դիզուէին: Ոչ ոք երկբայեցաւ թէ այդ կրակդ` արդարոյն անիրաւ դատապարտութեան վրէժն էր. սակայն ո՞վ էր զայն բռնկցընողն. - խնդիրն եւ վէճն այս եղաւ: Վրիժապարտք` շարունակելով իրենց լրբութիւնը` ըսին, թէ այդ այլ թէ ոչ ձեռօք Յովհաննու, գ ոնէ իր թելադրութեամբն է, իր սարկաւա գ ուհի Ոլոմպիադայ եւ ուրիշ կուսակցաց գ ործովն է. անոր շունչն է այս դժուարաշէջ հրդեհը բռընկցընոցն. հալածուի խռովարարն, հեռացուի հրձի գ ն. հեռու, հեռու այս կողմէն: Այս զրպարտութեան վրայ այլ վրդովեցաւ վշտացաւ բողոքեց արդեն զարնուած սիրտն, ինչպէս նաեւ յետոյ իր նամակաց մէջ այլ կու յայտնէ:

Ը

Հազիւ թէ հասած ի Նիկիա, իր բռնաբար տարա գ րութենէն, ծովուն վրայ ասպատակորէն սահելէն, եւ կրքերէն քիչ մը դադրած, հան գ իստ կու փնտռէր` մարմնէն աւելի իր սրտին: Միայնացեալ կ ՚ երթար քննելու իր սուր մտօք եւ վառ հո գ ւովն` այն յաւերժայիշատակ մեծ հանդիսարանը, ուր ութսուն տարի առաջ` առաջին ան գ ամ միաբան ժողովեր էին յամենայն կողմանց քրիստոնէութեան` անոր գ լխաւոր առաջնորդք, 318 հայրապետք, որոց շատն պէսպէս հալածանքներ, աքսոր, տանջանք եւ կըտանք քաշեր էին, եւ դեռ քաշեցին անկէ ետեւ այլ, յանուն եւ ի պաշտպանութիւն աստուածութեան Քրիստոսի եւ ճշմարտութեան աւետարանի նորա, Ոսկիբերան զինքն եւ աթոռն մոռցած` հիացմամբ կու պտըտէր այն վեհ, (թէ կըրնայի ըսել`) հսկահասակ հայրապետաց հանդիսին մէջ, փոխ առ փոխ խօսելով կնդ Ոսիոսի, Աղեքսանդրոսի, Մակարայ, Ղեւոնդիոսի, Արիստակիսի, Յակոբայ, Մծբնացւոյ, Աթանասի եւ այլոց հետ, ամենէն շնորհաւորութիւն եւ քաջալերութիւն լսելով, եւ թէ` իր մեծամեծ վաստակաց եւ սիրոյն պսակն` այս խուլ եւ խաւար աշխարհիս մէջ` պիտի ըլլար իրենցմէ շատին հանդիպածը. - զրպարտութիւն, հալածանք, աքսորանք, եւ խոստովանողական մահ:

Ո՞րչափ քաղցր էր Ոսկիբերանի` այսպիսի տեսլեանց մէջ յերկարել. եւ յետ այն նախադաս հայրապետաց` տեսնել նաեւ երկրորդ գ ումարն այլ 150-ից , որք դեռ քիչ տարի առաջ (յամին 381)իր գ ահանիստ մայրաքաղաքին մէջ Կ. Պօլիս) ժողովեցան, եւ որոց շատն աչօք իսկ տեսեր, եւ դեռ ոմանք ողջ այլ էին: Անշուշտ անոնց մէջ կու փնտռէր եւ կու փարէր իր սիրելի եւ դրուատեալ Անտիոքայ հայրերը. զԲաբելաս եւ զՄելիտոս, եւ իր գ ահուն նախորդները Մետրոփանէս, Աղեքսանդրոս, Գրի գ որ Աստուածարան. անշուշտ կ ՚ ըսէր զմայլեալ միտքն, Բարւոք է ինձ աստ լինել ընդ սոսա… Երբ յանկարծ մեծ շշնկոց, դղրդիւն մը փրթաւ. տեսլարանին դռներն գ րեթէ խորտակեցան, պահապանք, գ երեպանք, ջորեպանք ներս թափեցան… «Շու'տ շու'տ, փութա', ելի'ր, հեծի'ր, արքունի հրաման է. պէտք է հեռացընենք քըշենք տանինք զքեզ յաքսոր, յօտար, մինչեւ ի Կոկիսոս, մինչ ի Տաւրոս, մինչ յԱմանոս, մինչեւ ի ծայրս սահմանաց ինքնակալին»: - «Փառք քեզ Աստուած, յաղա գ ս ամենայնի», ըսաւ. եւ զնոյն ձայն կրկնէր, յեղյեղէր քաղցրաձայն Խօսնակն Եկեղեցւոյ, եւ տալով զինքն ի ձեռս եւ ի կամս վարողացն եւ խնամոցն Աստուծոյ, կու քշուէր կ ՚ երթար յաշխարհ հեռի, յանծանօթ ճանապարհ: Եօթանասուն որ չեն եւ անշէն տեղիք, լերինք եւ անտառք, գ ետք եւ քարաժայռք` զնոյն ձայն, զնոյն եր գ ` բիւր ան գ ամ լսեցին, բիւր ան գ ամ կրկնեցին. «Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ, յաղա գ ս ամենայնի փառք քեզ»:

Երկու շաբաթ կեցեր էր Ոսկիբերան ի Նիկիա, ուսկից ելաւ յուլիսի չորսին: Բիւթանիոյ մայրաքաղաքէն մինչեւ ի Կեսարիա` ի մայրաքաղաքն Ա Հայոց եւ Կապպադովկիոյ, յարեւմտից յարեւելս հարաւոյ` գ րեթէ 300 մղոն կ ՚ ըլլայ, իբրեւ 25 օր մը քշեց այս ճամբան, որ ի սկզբան արահետ ըլլալով` քիչ մը ամառային տաքուն դէմ այլ կրնար հան գ իստ տալ. մանաւանդ որ պահապանքն այլ հոս մարդասէր գ ըտուեցան եւ շատ չէին չարչըրկեր. գ ուցէ չէին այլ կըրնար, ծանոթ քաղաքաց եւ գ եղից միջէն եւ սահմաններէն անցնելով, ուր անդադար երթեւեկ կար` արեւելքէն դէպ ի Կ. Պօլիս կամ ասկէ հոն, եւ ուր որ հասնէին` համբաւն աւելի առաջ հասած գ տնէին: Շատ լաւ կու ճանաչէին այն կողմերն այլ զՈսկիբերան, որոյ եւ գ երա գ ոյն հովուապետութեան վիճակ էին, եւ իրեն արժանաւորապէս կարեկցէին. ոչ տեղացիք միայ այլ եւ հեռաւոր եկք. ինչպէս ինքնին Ս. հայրապետն վկայէ մէկ թղթին մէջ, թղթին մէջ, առ Ոլոմպիադա, եւ յանուանէ միայն զՀայս յիշէ, թէ «յարեւելքէ եւ ի Հայոց եւ ուրիշ կողմերէ` ճամբու վրայ հանդիպողքն` զմեզ տեսնելով` աղբերաբար արցունք կու թափեն, լալով ու հեծկլտանօք ետեւնուս կու գ ան, մեզմէ չեն բաժնուիր: Այս բանս անոր համար կ ՚ ըսեմ որ գ իտնաս թէ հոս այլ շատեր կան, որ նոյն ցաւով վշտակից կ ՚ ըլլան ինծի` ինչպէս դուք հոն»: Ուրիշ թղթով մ ՚ այլ. «Երբոր կու տեսնեմ որ զանազան քաղաքներէ եւ բնակութիւններէ դուրս թափելով բազմութիւն արանց եւ կանանց` կու լան կ ՚ ողբան մեր վրայ, ձեր ցաւկ կու յիշեմ, թէ ո՜րքան սաստիկ պիտի ըլլայ, երբ հոս զմեզ առաջին ան գ ամ տեսողքն իսկ այսչափ կու տըրամին, եւ որչափ աղաչենք ու պաղատինք որ չհո գ ան զմեզ` անոք այլ աւելի խեղճ կ ՚ ընեն կու լան». եւ այլն: Ոսկիբերան այս խօսքերով կ ՚ ուզէր իր ազնիւ սարկաւա գ ուհին եւ հաւատարիմ աշկերտները մխիթարել. բայց թերեւս առանց ուզելուն` կ ՚ իմացընէ մեզի, թէ ի՞նչ աստիճանի մեծ էր իր համբաւն, արժանիքն, եւ հրաշալի ու գ թաշարժ կերպն, որ այսպէս անցած տեղերը յոտք եւ ի գ ութ կու հանէր:

Հոս պէտք է յիշել, որ իր երկայն եւ կրկին ճանապարհորդութեանց մէջ` թէ եւ շատ հեղ այսպէս ի տեսողաց կարեկցութիւն գ տաւ, բայց ոչ միշտ եւ ի պահապանացն. ոչ այլ դիւրութիւն ճանապարհի, այլ ամեն կերպ նեղութիւն եւ զրկմունք եւ վախ, ցաւ եւ հիւանդութիւն, ատքէն եւ ցրտէն տա գ նապ: Մանաւանդ որ բնութեամբ այլ փափուկ եւ տկար կազմուածով էր: Իր մեծ եւ վառ հո գ ւոյն արտաքին պատեանն` շատ անհաւասար եւ փոքր էր. տարիքն այլ արդէն (ըստ ոմանց) վաթսունը լըցած, մազերն թափթըփած, ստամօքսն աւեր. շատ դարմանայ եւ խնամոց կարօտ: Որոց փոխան` այնպիսի չարակրութիւնմը պատրաստեցաւ իրեն, որոյ հազիւ թէ զօրաւոր մարդիկ կարենային համբերել: Եւ սակայն ինքն ուրախ զուրաթ` իր եր գ ն ի բերան կ ՚ երթար, եւ բաւական այլ դեռ ուժով եւ առողջ էր ի սկըզբան: Իսկ իրեն մխիթար եւ օ գ նական ընկեր ունէր քանի մը եկեղեցական պաշտօնեայ, որք Կ. Պօլսէն հետն եկեր էին, չկարենալով զատուիլ իրմէ. եւ աւելի կու մխիթարուէին անոր ընկեր վշտակից ըլլալուն, քան թերեւս կու մխիթարէին զնա: Իր մէկ մեծ մխիթարութիւնն այլ էր (որպէս եւ ամենայն աքսորելոց եւ վտարելոց, եթէ այս բաղդս ունենան) բարեկամաց հետ թղթակցիլն, պանդխտութեան երեք տարուան մէջ գ րածներէն` մօտիկ 250-ի չափ նամակ եւ ճառ ձեռուընիս հասած են, առ զանազան անձինս, հեռաւորս եւ մերձաւորս, սկսեալ յՈլումպիադայ մինչեւ առ Ս. Քահանայապետն Իննովկենտիոս, այս նամակներէն շատն, մանաւանդ առաջինքն, Ոսկիբերանի ընտիր գ ործոց կար գ ը կու գ րուին: Ոչ միայն աքսորանաց տեղէն, այլ եւ ճամբուն իջեւաններէն կու գ րէր, եւ երբեմն կ ՚ ընդունէր այլ: Իբրեւ հասարակ մահկանացու եւ ընկերակեաց անձ մը այն մեծ սիրտն այլ կու կարօտէր մտերմաց զրուցին, բարեկամական խօսքի եւ մխիթարութեան. անոր համար ստէպ կ ՚ աղաչէ թղթոցը մէջ` որ անպակաս գ րեն իրեն, եւ մեծ պար գ եւ կու սեպէ անոնց նամակը. կու մխիթարէ եւ քաջալերէ բարեկամները, եւ գ եղեցիկ ու հաստատուն եւ երբեմն երկայն խրատներով` զմեզ ան գ ամ կու լուսաւորէ:

Ո՜հ, չիդիմանար սիրտ, երբ այն ցաւա գ արն մարմնով` անանկ դժնդակ տեղուանք եւ ատեններ կրածները նկարա գ րէ. թէ եւ ջանացած է յայսմ մասին շատ չըսել, որ իր սիրելիները չտխրեցընէ. սակայն բաւականէն այլ աւելի են մեզի թէ ցաւերը ճանչնալու, եւ թէ անոնցմէ աւելի` սէրն, որով իր ցաւերը մոռցած` կու ջանայյ սիրտ տալ անոնց` առ օրս կու գ րէ: - Ասոնցմէ մէկն է Արաբիոս մը, որ յանձնարարութեան թղթեր տուեր եւ գ րեր էր` որ եթէ ի Սեբաստիա երթայ` իր տունը հանդիպի եւ հան գ չի տիրոջ պէս: Սուրբն շնորհակալ կ ՚ ըլլայ, եւ կ ՚ իմացընէ` որ թշնամիքն չթողին որ երթայ հոն` ի մայրաքաղաքն Բ Հայոց. վասն զի Եւդոքսիա ուզեց որ աւելի հեռու քշուի, ի Կոկիւսոն. եւ կ ՚ աղաչէ սուրբն որ եթէ հոս այլ ծանօթ ունի` գ րէ անոնց այլ յանձնարարութեան թղթեր:

Թ

Թղթակցաց մէջ առաջին եւ սիրելա գ ոյն անձն, եւ արժանաւոր Ոսկիբերանի սուրբ սիրելութեան է` շատ հեզ յիշածս Ոլումպիադա, զոր եւ հարկ է քիչ մ ՚ աւելի ծանօթացընել քեզ, Հայկակ: Մեր պատմութեան մէջ միտքդ կու գ այ Բ Արշակ թա գ աւորին ունեցած ասոր համանուն դըշխոյն, (եւ երանի՜ թէ բոլոր պատմութիւնն չ գ ար ի միտս, այլ եւ ելնէր ամեն յիշատակէ). կայսերական ցեղէ կին, եւ երբեմն ամուսնացած ընդ Կոստանդեայ կայսերազին, յետոյ մեր չուառ թա գ աւորին. ասոր ազ գ ական, եւ ոմանք ինչուան դուստր այլ կարծեցին այս կրսեր Ոլոմպիադայն, (ծնած իբր յամի 368), ի հօրէ Անիսիոսէ, եւ 16 տարուան հարսնացած Նեբրիտիոսի իշխանի, ուսկից յետ 20 ամսու այրի մնալով, չուզեց անկէ ետեւ աշխարհի երես տեսնել. թէպէտ եւ կայսրն, մեծամեծ իշխանք, մանաւանդ Ելպիդիոս Սպանիացի իշխանն եւ խնամին կայսեր` շատ ջանային որ ասոր կին ըլլայ. եւ այս բանիս համար առաքինակրօն եւ մանկամարդ այրւոյն ինչքը գ րաւեցին (որ անբաւ շատ էին): Սակայն նա հաստատ մնաց իր առաքինի կամաց մէջ, բարեպաշտութեան գ ործերով մխիթարուելով ամենայն զրկմանց վրայ. մինչեւ յուսահատեցան բռնադատողքն` իր գ եղեցկութիւնը եւ սիրտը յափշտակելու, զոր բոլորովին նուիրեր էր Աստուծոյ: Պատրիարքն Նեքտառիոս օրհնեց զնա Սարկաւա գ ուհի. որով` երբ իր ստացուածոցն այլ ազատ մատակարարութիւնը դարձուցին իրեն, եղաւ կրկնակի մայր աղքատաց եւ տառապելոց. ստակով այլ սրտով այլ խնամելով զանոնք, եւ զամեն կարօտ անձեր, եւ մանաւանդ եկեղեցական եւ եկեղեցի, (ինչուան հեռաւոր կողմեր: Իրաւ քիչ տիկին այնչափ հարստութիւն ունեցած է, բայց աւելի քիչք զանոնք այնպէս օ գ տակար ըրած են. վասն զի քիչեր այլ` իր բնականէն աւելի մտաւոր ձիրքն ունեցեր են, մեծ եւ տաք հաւատք, զ գ աստութիւն եւ խոհեմութիւն. որով չէ թէ լոկ հասարակ ժողովըրդեան, կամ իշխանաց եւ արքունեաց միայն, այլ եւ իմաստուն եւ սուրբ եպիսկոպոսաց քով` մեծ յար գ մեծ պատիւ ունեցաւ:

Ս. Գրի գ որ Նազիանացի, Ս. Գրի գ որ Նիւսացի, Ամփիլոքոս, եւ այլք իրեն ընծայած են իրենց գ եղեցիկ գ րուածներէն ոմանք, Ս. Եպիփան, Մարութա, Թէոփիլոս, Ակակ, Սեբերիանոս, եւ այլն, իրմէ ողորմութիւն կամ օ գ նութիւն գ տած են: Բայց իր ամենէն մեծ պարծանքը կրնանք սեպել մեր Ս. Ոսկիբերանին մտերմութիւնն, յար գ ն, խնամքն եւ թղթակցութիւնն, եւ թերեւս ասոնցմէ աւելի այլ` իր վշտակցութիւնն անոր համար եւ անոր հետ: Վասն զի յետ աքսորանաց Խօսնակին` հալածեցին այս իրեն զմայլած ունկընդիրն այլ, եւ շատ նեղութիւն հասուցին, որոց կու ջանար հեռուէն իր անապատէն այլ քաջալեր տալ Ոսկիբերան, իսկ յետ իր մահուն` շատ երկար չդիմանալով այս ողջախոհ տատրակս այլ, կնքեց իր մաքուր կեանքը (յամի 410) եւ դասեցաւ ընդ սուրբս, յիշեալ ի Յունաց եւ ի Լատինաց:

Ահա այս սրբուհւոյս` եւ իր եկեղեցւոյ սարկաւա գ ուհւոյն է` որ Ոսկիբերան այս առաջին ճանապարհորդութեան մէջ այլ զանազան թղթեր գ րած է. եւ որոց մէկուն մէջ, ՚ երեւի թէ արքունի զիւր ճամբէն դառնալով դէպ ի հարաւ, ի Կեսարիա երթալու ատեն) կրած դժարութիւնները կու յիշէ. «Տեսած լսած բանս չէր, ժայռեր եւ ջրի տակ ծածկուած քարեր, մրրիկք եւ փոթորիկք թնդալով կ ՚ որոտան, գ իշեր անլուսնկայ, թանձր մէզ, գ ահավէժք եւ քարաժեռք, եւ սակայն ասանկ ծովու մէջ նաւելով` նաւահան գ իստը կեցողներէն պակաս հան գ իստ չեմք»: Կ ՚ աւելցընէ այլ թէ մարմնով առողջ եմ, սրտիւ զուարթ, պահապան զինուորք այլ ձեռքերնէն եկած խնամքը կ ՚ ընեն. «ուստի զասոնք գ իտնալով, դու այլ տիկին իմ բարեպաշտուհի, յաղթէ` այս մրրկաց եւ ալեաց. եւ քու առողջութեանդ վրայ ապահովէ զիս, կ ՚ աղաչեմ»: Ուրիշ թղթոց մէջ առ սա ինքն եւ առ ուրիշ բարեպաշտ տիկին մը (Թէոդորա)` մնացեալ ճամբուն մէջ քաշած հիւանդութիւնը եւ չարչարանքը կու յիշէ. «Հալեցանք, մաշեցանք, հազար կերպ մահուամբ մեռնելու մօտեցանք… մէկ կողմէն անդադար տենդով կու տանջուէի, մէկ այլ կողմէ գ իշեր ցորեկ հարկ էր ճամբայ ընել, ցորեկը` արեւուն տօթէն, գ իշերը` տքնութենէն տանջանք, հարկաւոր եղած բաներ չկան, զիս հո գ ացողներն` աղքատ, բանտար գ ելոցմէ պակաս չէր քաշածներս… ոչ հաց գ տուէր եւ ոչ աղէկ ջուր ճամբուն վրայ… վերջապէս հիւանդա գ ին հասայ ի Կեսարիա` իբրեւ ալէկոծեալ նաւ մը, եւ հոն այլ մէկէն չհան գ ստացայ, ինչուան որ ճարտար բժշկաց խնամօք, բայց աւելի անոնց կարեկցութեամբը` քան թէ դեղերով` ըռընացայ…: Փառք Աստուծոյ յաղա գ ս ամենայնի: Այս խօսքս ինծի ամեն հանդիպած դիպուածոց մէջ չեմ կրնար զանց ընել, եւ ոչ ոք զայս յինէն կրնայ յափշտակել: Շատ բան կար ըսելու (առ Թէոդորա գ րելով), բայց չեմ ուզեր սիրտդ խռովել, թող լռենք, բայց միայն այս մէկս այլ ըսեմ… որ այնքան ճոխ եւ հզոր բարեկամներ ունենալով այլ` չկըրցանք արժանի ըլլալ այն շնորհաց` որ չարա գ ործաց ան գ ամ կու շնորհուի. այսինքն, քիչ մը մօտիկ եւ բարեխառն օդով տեղ մը բնակելու. այլ եւ այսչափ չարչըրկած ու ցաւա գ ար մարմին ունենալով, եւ Իսաւրացւոց (աւազակաց) վախով չորս գ ին պատած ըլլալով, այս պզտիկ ու չնչին շնորհքէն այլ զրկուեցանք: Ասոր համար այլ փառք Աստուծոյ, եւ ոչ երբեք դադրինք յամենայնի փառս տալ Աստուծոյ. Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ յաւիտեան». - Անցողաբար յիշեմ, որ այս թղթիս մէջ կ ՚ ըսէ Ոսկիբերան առ Թէոդորա, թէ այս չորրորդ կամ հին գ երորդ թուղթն է որ կու գ րէ առ նա. անկէց աւելին այլ գ րած է առ Ոլոմպիադա, եւ առ այլս. որովք յայտնի կ ՚ երեւի իր վառվռուն միտքն, տաք սիրտն եւ անդադար մատներն, որք այնքան հազարաւոր ճառեր արտադրեցին: Ոչ քարաժայռք ճանապարհին եւ ոչ անհարթութիւնք օդոց, ոչ իսկ հիւանդութիւնք կրնային յո գ նեցընել, լռեցընել, դադրեցընել այն անխոնջ Խօսնակը:

Ժ

Ճամբէն աւելի եռօրեայ ջերմին տաքէն տկարացած` հազիւ կրցաւ Ոսկիբերան զինքը ձ գ ել ի Կեսարիա մայրաքաղաք. եւ անոր մէկ անծանօթ թաղին մէջ յանկողին ընկած` բժիշկ եւ դարման փնտռել, զոր դիւրաւ չ գ տաւ ի սկզբան. բայց յետոյ ոչ միայն բժիշկք, այլ բոլոր քաղքին կղերն, միանձունք եւ միանձնուհիք, ամենայն բարեպաշտ անձինք` իբրեւ ուխտի դիմեցին իրեն, եւ մէկմէկէ յափշտակել կ ՚ ուզէին իրեն ծառայելու պատիւը: Միայն, կ ՚ ամաչեմ ըսել, միայն անոնց առաջնորդն եւ հովիւն` Փարետրիոս արքեպիսկոպոսն` ոչ երեւեցաւ Յովհաննուեւ ոչ այլ կ ՚ ուզէր տեսնել. կամ թէ չէր այլ կրնար, նախանձով եւ հակառակութեամբ կուրացեալ, ինչպէս իրմէ առաջ կարծուի որ Անկիւրիոյ արքեպիսկոպոսն այն նոյն կրքով բռնուած, ինչուան մահուան սպառնալեօք կու վռնտէր զՍուրբն` իր թեմէն, բայց ինքն շուտով մեռաւ: Ոսկիբերան առաջուց կու գ ուշակէր հոս այլ ըլլալիքը, թէ եւ ճամբան միամիտ անձինք իրեն աւետիս կու տային թէ Կեսարու արքեպիսկոպոսն կու սպասէ քեզի. իսկ ինքն` մինչ քիչ մը հիւանդութենէն ըռընանալով` կու մտածէր շուտով հեռանալու անկէ, յանկարծ քաղքին դռներն ու ճամբաներն գ ոցուեցան: Իսաւրացիք անակնկալ յարձակմունք մ ՚ ըրին Մաժակայ (Կեսարիոյ) սահմանները. քաղքին զօրապետն զօրքերովը դուրս ելաւ անոնց դէմ, բնակչաց թողլով քաղաքը պաշտպանել: Երկրորդ առաւօտ Ոսկիբերան իր բնակած տունը պաշարուած տեսաւ. բայց զարմա՜նք, ոչ յԻսաւրացոց` այլ արքեպիսկոպոսէն գ ր գ ռեալ միանձանց գ նդով, որք կու սպառնային տունը այրել` թէ ոչ շուտով ելնէ երթայ, եւ այնպէս գ լուխնին տաքցեր էր` որ քաղաքապետին զինուորաց ան գ ամ վախ կու ձ գ էին եւ կու ծեծէին, եւ ոչ իսկ քաղաքապետէն պատկառէին: Սա չկարենալով անոնց խօսք հասկըցընել, մարդ զրկեց առ Փարետրիոս որ թող տայ խեղճ հիւանդին հան գ չիլ` ինչուան որ քիչ մը վրայ դնէ եւ ճամբաները բացուին: Ճար չեղաւ համոզել, երրորդ օրը այլ աւելի սաստկութեամբ կու ստիպէին, կու վռնտէին սուրբ պատրիարքը, որ ջերմին եւ կէսօրուան տաքութեան ատեն` հազիւ կրնալով զինքը պատ գ արակի մէջ ձ գ ել, հանել տուաւ քաղքէն, մինչդեռ բազմութիւն քաղաքացեաց շուարած կու լային, եւ քանի մը քահանայք ամըչնալով եւհառաչելով ետեւէն կ ՚ երթային, եւ այրած սրտով` «Աւելի լաւ է, կ ՚ ըսէին, որ Իսաւրացոց ձեռք ընկնիս, քան մերոնց պէս մարդատեցից մէջ մնաս»: Ռուփինոս պաշտօնէին բարեպաշտ այրին Սելեւկիա` աղաչեց, եւ տանել տուաւ զՍուրբն իր գ եղի տունը, որ չորս հին գ մղոն հեռի էր քաղքէն: Անարժան հօտապետին նախանձն` ասով այլ գ ոհ չեղաւ, այլ այնքան սպառնացաւ վախցուց բարի տիկինը, որ ակամայ եւ լալով ստիպեցաւ իր հիւրը հեռացընել. սակայն գ եղեցիկ եւ ազնիւ խորա գ իտութեամբ ձեւացընել տուաւ` թէ բարբարոսներուն վախէն է:

Կէս գ իշեր էր, հանդարտ եւ կարոտած քուն մը կու քաշէր Ոսկիբերան, երբ յանկարծ իր ընկեր քահանայն (Եւեթիոս) խթելով արթընցուց. Բարբարոսք կու գ ան, փախչինք, ըսելով: «Անլուսնկայ, մառախլապատ, տխուր կէս գ իշեր էր, կ ՚ ըսէ ինքն Ոսկիբերան, որ զմեզ մեծ տարակուսի մէջ կու ձ գ էր, ոչ խորհուրդ տուող կար եւ ոչ ձեռք տուող, ամենքն զմեզ թողեր էին, զարհուրած, եւ գ րեթէ մահուան սպասելով` հիւանդա գ ին անձամբ ելայ եւ ջահերը վառել տուի. բայց երէցս մարել տուաւ, որ չըլլայ թէ լոյսը տեսնելով` բարբարոսք վրանիս յարձակին: Ուրեմն ջահերը մարած ընկանք ճամբայ, որ սաստիկ քարոտ եւ խորտուբորտ էր. անանկ որ պատ գ արակս կրող ջորին զարնուելով` ընկաւ, դեսպակն այլ զիս այլ անանկ գ լորեց, որ կարծէի թէ այլ պիտի չելնեմ, հազիւ ոտք ելայ, եւ սկսայ կամաց քայլել` օ գ նութեամբ Եւեթիոսի, որ ինքն այլ ձիէն ընկած` թեւս կու բռնէր, եւ այսպէս ուրիշի ձեռքով առաջնորդած կամ քաշքըշած` այն դժուարին տեղւոյ եւ վտան գ աւոր լերանց մէջ կէս գ իշերուան ատեն կու խարխափէին: Մտածէ' թէ ի՞նչ կու կրէի ցաւերէս, ջերմին տա գ նապէն, եւ եղածը չ գ իտնալով` կարծելով թէ հիմայ հիմայ այնահաւոր բարբարոսաց ձեռքը պիտի ընկնինք: Կարծեմ թէ միայն այս ատեն քաշած տառապանքս` բաւական էին շատ մը մեղքերս քաւելու եւ ինծի վարձք պատրաստելու»: Յետոյ իմացաւ եւ կ ՚ իմացընէ Ոսկիբերան, որ այս ամեն բանի պատճառ նախանձն է եղեր, այն` որ զինքն հալածեց ի Կ. Պօլսոյ եւ հիմայ այլ ի Կոսարիոյ, անոր համար ցաւա գ ին եւ այրած սրտիւ կ ՚ աւելցընէ խօսք մը, զօր ես այլ դողալով կ ՚ արտաբերեմ, թէ «ո'չ Իսաւրացւոց եւ ոչ յայլմէ ումեքէ այնպէս երկնչիմ ես` որպէս յեպիսկոպոսաց, բաց ի սակաւուց ոմանց»: Այսքան ծանրակշիռ են գ ործք անոնց` զորս երկինք եւ երկիր կու ճանչնան այցելու, հովիւ եւ հայր ժողովըրդեան:

Այս տառապա գ ին եւ դժնդակ ուղեւորութիւնս` պատճառաւ իր հիւանդութեանն, անդադար ջերմին, արշաւանաց բարբարոսաց (որ սովորական ճամբաները բռնած էին), շատ ծանր եւ երկար եղաւ. գ րեթէ ամիս մը եւ աւելի, իսկ Պօլսէ ելնելէն ի վեր 70 օր, մինչեւ հասաւ Ոսկիբերան իր աքսորանաց սահմանեալ տեղը, ի Կոկիւսոն, որոյ անուանէն ան գ ամ կու սոսկար եւ կու փափա գ էր ուրիշ տեղ մը քշուիլ, բայց ասոր համար այլ գ ոհացաւ ըսաւ` Փառք քեզ Աստուած յաղա գ ս ամենայնի:

ԺԱ

Կոկիւսոն` ուր իրեք տարւոյ մօտ պանդըխտեցաւ Ոսկիբերան, եւ ուսկից գ րեց հարիւրաւոր նամակներ, իրեն համար էր ամայա գ ոյն, անապատա գ ոյն վայր համօրէն աշխարհի: Վասն որոյ պատշաճ է մեզի այլ ծանօթանալ այս տեղւոյս, թէ եւ ի սկզբանէ անտի մինչեւ հիմայ այլ խիստ քիչ ծանօթ մնալով աշխարհա գ րաց եւ ուղեւորաց, ան գ ամ մ ՚ այլ կ ՚ արդարացընէ իր ամենէն մեծ տարաբնակ պանդըխտին վկայութիւնը:

Հին Գամբաց կամ Կապպադովկիոյ, Կիւլիկիոյ, Կոմա գ ենիոյ (կամ Եփրատացւոց) եւ Գ եւ Բ Հայոց միջասահման` փոքր աշխարհ մը կար հին ատեն, Կատայունիք ըսուած, զոր ոմանք Կապպադովկիոյ մասն անուանէին, այլք (ինչպէս Պտղոմէոս) Փոքր Հայոց. միջին դարու մէջ` մերքս Ջահան աշխարհ կամ երկիր կ ՚ անուանեն այս տեղս, յանուն Ջահան կամ Ճիհան (որ եւ Պիւռամիս) գ ետոյ, որ կու բղխէ ի զանազան կողմանց լերանցն: Լերինքն են` յարեւմտից եւ հիւսիսոյ` Անտիտաւրոս, ի հարաւոյ` Ամանոս, իսկ յարեւելից` այն լեռներն` որ Եփրատայ ջրերը կու զատեն ի Ջահանայ, զսա ի Միջերկրական ծով իջեցընելով, զնա` յարեւելս զրկելով մինչեւ ի Ծոցն Պարսից: Այս զանազան լեռներէն շրջապատեալ երկիրն` ի հարկէ կու ձեւացընէ լեռնադաշտ կամ մեծ լեռնահովիտ մը, ինչպէս կ ՚ անուանէ այլ զսա հին աշխարհա գ իրն Ստրաբոն. եւ է շատ ընդարձակ. հիմայ Ալպստանի կամ Էլպօսթանի (որ եւ Ապլաստան) գ աւառն, եւ Փալանկա-օվա դաշտն, որոց հարաւակողմը Ալպօստան` կամ մեր Ջահան քաղքէն վար` կու միանան եեք գ լխաւոր գ ետակք, ժողովելով լեռնահովտին ջրերը, եւ միանալով կու ձեւացընեն զ գ ետն մեծ Ջահան, որ անկից կ ՚ իջնէ ի Մարաշ, եւ կու մտնէ ի Կիւլիկիա, երթալով յԱնարզաբա եւ Մսիս, թափիլ ի Ծոցն Հայոց (հիմայ` Իսքէնտէրունի ծոց): Այս երեք գ ետակաց արեւմըտա գ ոյն եւ հարաւա գ ոյնն է Կովիսոնի գ ետն (Կէօքսուն-սու). որոյ եզերքն է շինած մեր հետաքննելի տեղին, ընդ մէջ Հաճնայ եւ Խօղանօղլուի լերանց` յարեւմտից, Ջահանայ` յարեւելից, եւ Ուլնեայ կամ Զէյթունի` որ հանայ` յարեւելից, եւ Ուլնեայ կամ Զէյթունի` որ կայ ի հարաւոյ: Յանուանէ գ ետակին եւ ուրիշ նշանակաց կու հաւաստի` որ ասոր բնիկ հովիտն կամ վիճակն է Կոկաց գ աւառն յիշեալ ի մերոց պատմչաց միջին դարու, որոյ գ լխաւոր շէնքն կամ քաղաքն` անշուշտ համանունապէս Կոկաց քաղաք կամ Կոկս կոչէր ըստ սովորութեան Հայոց (որպէս Կարս` Կարուց քաղաք), զոր Յոյնք եւ Լատինք փոխեցին ի Գու գ ուսսաս յետոյ եւ Հայք ի Կոկիւսոն, յորմէ ցարդ եւ այլազ գ իք Կէօքսուն կոչեն: - Կոկիւսոն` զոր Յոյնք միշտ քաղաք Հայոց կոչեն, եւ ի գ իրս մեր կոչուած է նաեւ քաղաք Հայոց մեծաց, հիմայ երեսէ ընկած աւան մը կ ՚ երեւի 2-300 տաճկաբնակ անով, որոց հետ չեն յիշուիր մերազ գ իք, այլ անոր մօտերը երեք գ իւղից մէջ: Տեղւոյն դիրքն ինքնին կու կրկնէ Ոսկիբերանի ըսածները. ամառը բաւական տաք պիտի ըլլայ, լայնութեան 38 աստիճանին տակ ըլլալով, իսկ ձմեռը` անհնարին ցուրտ, թէ բնական յատակին բարձրութեամբ եւ թէ բարձր ու ձիւնապատ լերանց մերձաւորութեամբ, որք չէ թէ միայն երկայն շարք մը կու ձեւացընեն արեւմտից կողմէն, այլ եւ ոմանք ցրուած կան գ նին դաշտին մէջ. եւ անով այլ աւելի վայրենի եւ դժնդակ կերպարանք մը կու տան, եւ ճամբայ ընելու դժուարութիւն: Ուստի ոչ այնքան բնակութեան եւ առեւտրի յարմար` որքան ամրութեան եւ պահպանութեան տեղ մը կըրնար ըլլայ: Այնպէս այլ ըրեր էին սրատես շահա գ էտ Հռովմայեցիք, բերդով ամրացընելով եւ պահապան գ ունդ մը դնելով հոն: Այսպիսի ամրութեամբ, եւ հեռաւորութեամբ, սահմանածայր Յունաց, Հայոց եւ Ասորւոց) աքսորանաց այլ յարմար տեղ սեպուեցաւ, ինչպէս եւ 70 տարի յետ Ոսկիբերանի` Զենոն Իսաւրացի կայսրն իր հակառակորդ Բասիլիկոսը տընով տեղով հոս աշտարակի մը մէջ փակեց, սովամահ ըրաւ:

Քիչ շատ լսեր եւ գ իտէր Ոսկիբերան իր ար գ ելանաց ամնխիթար դիրքը, սակայն երբ յետ ամսօրեայ տապանացն որ ի Կեսարիոյ սկսեալ` հասաւ հօս, եւ գ ոնէ հալածողներէն ազատած` ընկաւ իր առանձնութեան տնակը եւ յանկողին, եւ սկսաւ շունչ առնուլ, ողջանալ, ու Իսաւրացւոց այլ ետ քաշուելովն` վախն այլ փարատեցաւ, առջի կարծածին չափ տխուր եւ ահարկու չերեւցաւ Կոկիւսոն. «Ինչու համար կու տրտմիս, կ ՚ ըսէ առ Ոլոմպիադա, այս տեղւոյս ամայութեան վրայ… թէպէտ եւ ոչ հրապարակ ունի այս քաղաքս, ոչ վաճառանոց, բայց ինծի ի՞նչ փոյթ են ասոնք, ինծի հարկաւոր եղածն առատապէս կու գ տնեմ. (հիւրընկալաց ճարտարելովը): Նոյնպէս ուրիշ գ րի մէջ այլ կ ՚ ըսէ, թէ երբ ի Կոկիւսոն հասայ` սկսայ անամպ երկինք տեսնել, մաքուր օդ ծծել, հիւանդութիւնս փարատեցաւ եւ ամէն կողմէ սկսան հարկաւոր եղածքն տեղալ` բարերաց յօժար կամքով:

Այս բարերաց մէկ գ լխաւորն էր Հայաստանի այս մասին նախարարն կամ կողմնակալն` Սոպատրոս անուամբ, որ հայրաբար կու խնամէր իր իշխանութեան տակ եղածները. Ոսկիբերան գ ովութեամբ եւ շնորհակալութեամբ կու յիշէ զնա. եւ անոր մէկ որդին` որ հոն էր` ուսմանց ետեւէ եղած. կու յանձնէ իր բարեկամ Կիւրակոս եպիսկոպոսին խնամոց: - Մէկ բարերար եւ խնամածուն այլ էր տեղւոյն եպիսկոպոսն, որ յայլոց կոչուի Ա գ ելփոս (Եղբայր) որ նախ Արաբացւոց եպիսկոպոս էր, կ ՚ ըսեն. եւ պատկառելով յարժանապատիւ պատրիարքէն` ուզեց անոր թողուլ իր աթոռը, զոր ի հարկէ յանձն չառաւ Սուրբն. Որոշեալ սահմանէն անդին չանցնինք, ըսելով, այլ ըստ պատշաճին` վարդապետութեան պաշտօնը կամ արուեստը կատարէր:

ԺԲ

Ասոնցմէ եւ ամենէն աւելի մտերիմ եւ ձեռնտու եղաւ Դիոսկորոս, զօր Տէրն իմ կոչէ Ոսկիբերան որ շատ հեղ եպիսկոպոսաց կու տայ այս տիրական անունը. եւ մենք ուրիշ վաւերական աւանդութենէ այլ գ իտենք որ նա մեր ազ գ էն էր` եպիսկոպոս եւ վարդապետ Հայոց այն կողմերուն, եւ ինչպէս Ոսկիբերանի եւ Շնորհալւոյ յիշատակքն տան գ ուշակել` ազնուազ գ ի, այլ եւ Պահլաւունեաց տոհմէն: Ցեղէն աւելի մեծահո գ ի եւ տաքսիրտ ըլլալով` երբ լսեց թէ Խօսնակն եկեղեցւոյ իր սահմանաց մէջ պիտի պանդխտի, ուրախութեամբ եւ մեծարանօք մարդ խաւրեց մինչեւ ի Կեսարիա, (մինչդեռ հոն էր Սուրբըն) եւ հրաւիրեց իր տունը: Սուրբն այլ մեծարեց զնա եւ յանձն առաւ խնդիրքը, թողլով ուրիշներուն հրաւէրքը, եւ երբ եկաւ ի Կոկիւսոն` պատրաստ գ տաւ Դիոսկորեայ տունը` ամենայն կարեւորք ըստ կարելւոյն, զոր բաւական չսեպելով տանուտէրն` բոլոր իսկ տունը թողուց Ոսկիբերանի պիտոյից եւ հան գ ստեան, ինքն իր գ եղի տունը քաշուելով, եւ տանը վերակացուին պատուիրելով` որ ամեն կարելի դիւրութեան հնարք ընէ, հան գ չեցընէ իր արժանապատիւ հիւրը: Ասոր նախանձելով ուրիշ շատեր այլ` մէկմէկէ աւելի կու ջանային ծառայութիւն մ ՚ ընել Ոսկիբերանի:

Անոնց մէջ գ ովութեամբ կու յիշէ սարկաւա գ ուհի մ ՚ այլ Սաբինիանա (Զաւենտ) անուամբ, որ տարիքն առած եւ շատ այլ տկար ու հիւանդոտ էր: Սակայն նոյն իսկ Ոսկիբերանի հոն հասած օրը` եկաւ իրեն այցելութեան, թէ եւ հազիւ կըրնար քալել, բայց երիտասարդի պէս աշխոյժ եւ զուարթ կու խօսեր, եւ կ ՚ ըսէր Ս. հայրապետին: Եթէ զքեզ Սկիւթացւոց աշխարհն այլ քշելու ըլլային, ինչպէս որ կ ՚ ըսէին, ինչուան հոն այլ կու գ այի քեզի: - Ազնի՜ւ պառաւ, ո՞րքան տարբեր յԵւդոքսիայ սրտէն: - Գուցէ մերազ գ ի էր եւ այն բարեպաշպ եւ ազնիւ Հրահատն, ինչպէս կ ՚ ըսէ Ոսկիբերան (Ափրաադ կոչելով) որ Դիո գ ենէս անուամբ մեծի մը կողմանէ ընծանէր բերեր էր առ Սուրբն, եւ երբ սա չէր ուզեր զամենն այլ ընդունիլ: Հրահատ յանձն չէր առնուր հեռանալ անկէ, եւ ոչ իսկ սրբոյն նամակը տանիլ, ինչւան որ բոլոր բերածները չընդունիր. «այնպէս ինծի հետ կապուեցաւ», կ ՚ ըսէ Ոսկիբերան, եւ կ ՚ աղաչէ զԴիո գ ենէս որ այն պար գ եւները զրկուին ի Փիւնիկէ ի պէտս նոր հաւատացելոց: Անկէ ետեւ նամակացը մէջ եւ բերնով այլ կու պատուիրէր Սուրբն, որ այլ իրեն ընծայ չխաւրեն, վասն զի ինչուան կանայք իրենց զարդերն ան գ ամ կու խաւրէին: Ասածներն այլ աղքատաց կու տար, կամ գ երիները ազատելու յԻսաւրացւոց: Իսկ ինքն իր գ երութեան ատեն աւելի շատ բարեկամ ունեցաւ քան յազատութեանն:

Արդ ասոնց եւ նմանեաց խնամոք եւ սիրով` եւ օդոց լաւութեամբ շուտով վրայ դնելով պանդուխտ Խօսնակն մեր. կըրցաւ դուրս այլ ելնել, եւ բնութեան աստուածատուր եւ աննախանձ գ եղեցկութիւնը եւ կենսատու շունչը վայելել: Դեռ սեպտեմբեր ամիս էր, տաքերն մեղմացած զուարճալի աշնան եղանակն կու տիրէր բարձրադաշտակաց վրայ, հովտաց եւ լերանց ծմակաց եւ ծործորաց մէջ, ուսկից դեռ քաղցրաշարժ կրկըջանօք կ ՚ իջնէին արծաթափայյլ առուակք, կու հնչէին առապարասէր թռչունք, եւ ծաղկէին զանազան գ ունով վայրենի ծաղիկքն, իբրեւ անխռով եւ անմեղ խաղաղութեան մը մէջ. «Միայնութի՜ւն խաղաղութիւն, անդորրութիւն բազում եւ մարմնոյ կազդուրումն». զ գ աց, կանչեց, գ րեց Ոսկիբերան: Տեսաւ եւ յիշեց անշուշտ իր երկնաւոր վարդապետին ցուցած եւ ըսածը, զոր եւ ինքն իսկ երբեմն մեկնաբանած էր, «զառաւելութիւնն… գ եղեցկութեանն, զոր տուեալ է շուշանացն վայրենեաց… Եթէ Սողոմոն պարտեցաւ ի գ եղեցկութենէ նոցա, յամենայն… ի փառս իւր, յայտ առնէ թէ յամենայնիսկ ի թա գ աւորութեան իւրում այնպիսի ինչ ոչ զ գ եցաւ. եւ ոչ եթէ ի միոյ ծաղկէն պարտեցաւ եւ միւսումն նմանել կարաց, այլ յամենեցունց միան գ ամայն յաղթեցաւ. վասն որոյ եւ ասէ իսկ, եթէ Ոչ իբրեւ զմի ի նոցանէն… Զի՞նչ նուազա գ ոյն քան զայն կայցէ, զի որ այսօրն իցէ եւ վազիւ չիցէ, եւ յայնմ եւս զայնպիսի պայծառութիւն ցուցանիցէ: Զի որ խոտոյն` որ չէ ինչ ի պէտս եւ ճարակ հրոյ, զայնպիսի գ եղեցկութիւն շնորհեցաւ զիարդ ոչ քեզ` որ ի պէտս հաստատեցար, տայցէ զամենայն պէտս… ո՞րչափ եւս առաւել զքեզ` որ քան զամենայն ինչ պատուականա գ ոյն ես, ամենայն պիտոյիւք պատուիցէ»: Այն որ այսպիսի խորհրդածութեամբ կու խրատէր երբեմն իր ժողովուրդը, ո՞րչափ աւելի խորհրդածէր հիմայ տեսնելով այս վայրենի ծաղկըները` իրենց պարզ եւ գ երսողոմոնեան գ եղեցկութեամբն` այն բացավայր առանձնութեաց մէջ, որոց ինքն իսկ էր ամենէն աւելի միայնացեալ անձն, միան գ ամայն եւ ամենէն աւելի զանոնք լեցընողն` իր աստուածափառ ներկայութեամբ:

ԺԳ

Այսպէս զ գ ործս եւ զխորհուրդս Աստուծոյ տեսնելով եւ նկատելով հիացմամբ յանպատրուակ դէմս բնութեան: Ոսկիբերան գ րեթէ չէր իմանար եղանակին յառաջ շարժիլն եւ աշնայնոյն լռիկ հեռանալն. - մինչեւ գ րել առ ոմն, թէ ոչ միայն ազատեցաւ Հայաստան յԻսաւրացւոց. (այլ եւ) տեղւոյս ձմեռն մինչեւ հիմայ ամենազուարճ գ արնան նմանի»: Եւ ուրիշի մ ՚ այլ գ րելով կու նմանեցնէր Անտիոքայ` իր բնիկ հայրենեաց կլիմային, որոյ արդարեւ թէպէտ նոյն միջօրէին տակն է Կոկիսւոն, այլ գ րեթէ 120 մղոն անկէ աւելի հիւսիսա գ ոյն, աւելի բարձրադիր եւ շատ աւելի հեռու ի ծովէ, որով Անտիոքայ ցանկալի ձմեռուան շատ կարօտ կրնար քաշել, ինչպէս որ քիչ ատենէն ինքն այլ զ գ աց: Մէկ երկու պախրցի հովեր Անտիաւրոսէն փչելով` այլափոխեցին բնութեան կերպարանքը. հասաւ նստաւ թա գ աւորեց դժնդակ ձմեռն` լերանց եւ դաշտաց վրայ, չորս դին ընդարձակ լայնայատակ բռնած գ ուր մը նմանեցաւ. միայն երկինք իր գ ոյնովը կ ՚ երեւէր վերէն, այն այլ երբ ձեան տարափէ եւ բըքէ ազատ ըլլար: Ոչ այնքան տեսքն եւ ցուրտն, որքան անոնց երկարութիւնն եւ սաստկութիւնն, ստէպ ստէպ կրկնուիլ եւ բարդուիլ տեղատարափոյն, սառանց թանձրանալն, ամեն երթեւեկի դադրիլն, դիւրութեան եւ առողջութեան կարեւորաց պակասիլն, շատ եւ խիստ շատ իմացուց Ոսկիբերանի` իր աքսորանաց եւ աքսորողաց դառնութիւնը: Ամենայն խամք եւ զ գ ուշութիւն բաւական չեղան զինքը ծանր հիւանդութենէ եւ նեղութենէ ազատելու, գ րեթէ երկու ամիս միօրինակ յանկողին ընկած մնաց. «Ձմեռն, կ ՚ ըսէ մէկ թղթին մէջ, սովորականէն ծանր ծա գ եցաւ, եւ ինծի աւելի ծանրա գ ոյն ստամոքացաւի ձմեռ մը բերաւ. գ րեթէ ոչ դիւրա գ ոյն եւ լաւա գ ոյն քան զմեռեալս, այլ թերեւս աւելի գ էշ անցուցի այս երկու ամիսները: Լոյսն ան գ ամ կարօտութեամբ կու գ տնէի… ցորեկ, արշալոյս, միջօրէ, ամենն այլ ինծի գ իշերուան հաւասար էր, բոլոր օրն այլ անկողնի մէջ գ ամուած կու կենայի: Թէպէտ եւ շատ տեսակ հնարք գ ըտնէի` բայց այն դժնդակ ցըրտէն եղած վնասին ճար չէր ըլլար. թէպէտ եւ կրակ կու վառէի եւ մեծ ծուխ կ ՚ ըլլար, եւ խցկանս մէջ փակուած կենայի, հարիւր զ գ եստ այլ հա գ նէի, եւ դռնէս դուրս չելնէի, դարձեալ չարաչար կու տանջուէի: Անկէց սրտիս վերաբերութիւն կ ՚ ըլլար, գ լխիս ցաւ, կերակրոյ անախորժութիւն եւ քնոյ կտրուք, բոլոր գ իշերուան երկար անդունդը` տքնութեամբ կ ՚ անցընէի». եւ այլն:

Այս ձմեռուան փորձն առած` իմացաւ Ոսկիբերան որ իր ճանչցածը չէ եղեր, եւ մէկ խօսքով անոր սաստկութիւնը իմացընելու համար` գ րեթէ բաւական կու սեպէ Հայկական ձմեռն ըսելը, այն ձմեռը` զոր ի Մեծ Հայս` Քրիստոսէ 400 տարի առաջ փորձեց Մեղուն ատտիկեան, Քրիստոսէ 400 տարի վերջն այլ հոս փորձեց Խօսնակն եկեղեցւոյ, եւ թերեւս իր խրճթին մէջ աւելի դառն գ տաւ հայրապետն, քան զորապետն իր լեռնային ճամբուն մէջ: Անոր համար կու խոստովանի նա մէկու մը գ րելով, թէ «Մարմինս եւ ոչ մէկ բանէ այնպէս կու չարչարուիինչպէս ի ցրտոյ, եւ չկայ բան մը որ այնպէս օ գ տակար ըլլայ ինծի` ինչպէս ամառն եւ տաքութեան զուարճութիւնն»: Ուստի եւ երբ առաջին ան գ ամ քիչ մը տաք հով փըչեց եւ գ արնան նշան մը տեսաւ` ամեն բան փոխուած եւ նորէն կենդանացեալ կարծեց. թէ եւ յայսմ մասին` մեր հայրենեաց եւ Տաւրոյ-Կիւլիկիոյ կլիմայն` շատ մարդասէր եւ քաղաքավար չէ, մանաւանդ ամփորձից, ինչպէս էր եւ Ոսկիբերան. որ եւ դարձեալ անուշիկ գ ան գ ատի, թէ «Նորէն օդոց փոփոխութիւնն խռովեց զմեզ. եւ դեռ հոս ձմեռն կու տիրէ. (ըսել է որ ուրիշ տեղ գ արունն բաւական առաջ գ ացած էր) սակայն յուսանք թէ երբ ամառն լաւ մը հաստատուի` հիւանդութեանս մնացորդն այլ անցնի»: Եւ այս բանիս համար, ինչպէս կ ՚ ըսէ, շատ զ գ ուշութիւն կ ՚ ընէր:

Այսպէս ցրտով ցաւով անցուց երանելի հայրապետն, եւ Կ. Պօլսոզ պատսպարեալ պալատանց մէջ վարժող փափուկ եւ տկար անձնն ` այս առաջինն ձմեռը, որուն ` ժամանակաւ կամ հարկաւ ` վարժեցաւ. անանկոր երկրորդ տարին կու գ րէր. Գրեթէ սովորութեամբ վարժեցայ Հայկական ձմրան այլ. թէպէտեւ ցրտէն շատ կու նեղիմ, ինչպէս որ բնական է ասանկ տկար մարմին ունողին, սակայն կրնամ դէմ դնել, սաստիկ ցրտութեան ատեն տնէն դուրս չելնելով, եւ հազիւ թէ դռնէս դարուս ոտք կու դնեմ »:

Խե՜ղճ Խօսնակ, այսպէս խնամեցին զքեզ կայսերք եւ իշխանք, որք իբր գ ողնալով եւ բռնի բերեր էին զքեզ ի ջերաշունչ Անտիոքայ` բարձրացնելու ի բեմ տիեզերակալ մայրաքաղաքին եւ ու՞ր քշեցին ու մոռցան զքեզ: - Բայց արդ ուրախ լեր, հանդարտէ, բաց դուռդ եւ ե'լ ի դուրս, ե'լ յաստուածանորո գ զբօսարան բնութեան. «Ձմեռն էանց ' ծաղիկք երեւեցան». եթէ խիստ է ձմեռն Կոկիւսոնի, եւ քիչ մ ՚ երկար բայց մէկ եղանակ մ ՚ է, եւ յետա գ այքն աւելի քաղցր կ ՚ ըլլան: - Ինքինի փորձեց եւ վկայեց զայս, «Մնացեալ տարւոյ մասերն այնպէս զուարճալի եւ անոյշ կու գ ան ինծի, կ ՚ ըսէ, որ դիւրաւ կրնամ բոլորովին առողջանալ այն ձմեռուան բերած հիւանդութենէն»: - Ուրեմն ահա քեզի ջերմահօտ եւ անուշահոտ օրեր, ըռընացի'ր, ուժովցի'ր, անբան բնութիւնն` ծլեցաւ ծաղկեցաւ զարդարեցաւ չորս կողմէ: Հապա, ո'վ անխոնջ մշակ Քրիստոսի այ գ ւոյն, զոր հերկէիր եւ ցանէիր եւ քրտամքդ ոռո գ էիր, ո'վ աղբիւրդ եկեղեցւոյ, ե'լ, ե'կ, մշակէ, ոռո գ է, ծաղկեցու փայլեցու այս ամայի անապատ անծանօթ կողմանցս բանաւոր բնութիւնն այլ, որ արդէն աւետաբեր ոտք կոխելուդ` դրդեցաւ, առաւ շրթանցդ ցօղը եւ սրտիդ բոցը: Քու եւ քու նախորդացդ, մեր Սահակայ Պարթեւի եւ իր նախորդացը, երկուքիդ այլ իշխանութեանց այս միջասահման կողմը, այս կորուսեալ Կոկաց գ աւառս` նորէն կան գ նէ' ի կենաս: Ոչ հեռու յայս կողմերէս` անցաւ երբեմն առաջին պերճախօսն հին աշխարհի, Կիկերոն, եւ հազիւ հպարտութեան համբաւն հնչեցաւ. իսկ քու հեզիկ շնչովդ` Քրիստոս պիտի թա գ աւորէ հոս: - Խօսէ' մնչէ' մեզի, ով Ոսկիբերան, այս լռանիստ հայկական անապատացս մէջ: Ահա «Ձայն տատրակի լսելի եղեւ յերկրի մերում»:

ԺԴ

Ոսկիբերան երբեք չմոռցաւ իր բարբառը, նաեւ ինչուան ի յետին շունչ կենացն, միշտ եւ ամեն տեղ անխտիր` ամենուն` իբրեւ անլռելի եւ անդադար պատմախօս Աստուծոյ` քարոզեց սովրեցուց զբանն կենաց: Հիւանդութեան եւ ցրտի ատեններ այլ` կամ ուրիշներու մխիթարական թղթեր կու գ րէր, որով ինքն այլ մխիթարուէր, կամ ուրիշ հո գ եւոր խրատական եւ մեկնողական գ րուածներ, ոչ միայն առանձնականաց համար կամ ապա գ այից յիշատակ, այլ եւ այն կողմերուն ժողովրդոց եւ քահանայից համար, եւ նաեւ հեռաւորաց: Ասորւոց եւ մանաւանդ Փիւնիկեցւոց կողմանց, ուր քիչ ատենուան մէջ շատ ծաղկեցնել տուաւ զքիստոնէութիւն, եւ շատ եկեղեցիներ կան գ նել: Իր ցած ու անծանոթ խրճիթէն եւ աթոռակէն այլ` առանց պատրիարքական հեղինակութիւն բանեցընելու, աւելի կու գ ործէր եւ կու շահէր, քանզայլ իշխանաւոր հայրապետս ժամանակին: Արդէն երբ ի Կեսարիոյ սահմաններէն անցեր մտեր էր այս լեռնային կողմերու, տեղացի հարք, կրօնաւորք եւ կուսաք ընդ առաջ ելան խնդութեամբ, միան գ ամայն եւ լալով ու տրտմութեամբ` իրենցմէ հեռանալուն եւ յաքսոր դատապարտուելուն համար. եւ «Աւելի կնտրեոք, կ ՚ ըսէին, արեւուն ճառա գ այթներէն զրկուիլ` քան թէ Յովհաննու բերնէն»:

Ինքնին Ոսկիբերան բռնադատուած է զայս խոստովանելու իր մէկ մտերմին: - Արդ այնքան հեռաւորներն ան գ ամ հո գ ացողն` կրնար իր մօտիկները զանց ըել:

Այս մօտաւորքս աշուշտ նախ Կոկք էին եւ Կատայունիք, այս ետքիններուս համար մեծ աշխարհա գ իրն Ստրաբոն կ ՚ ըսէ թէ Հին կ ՚ անուանէին ի մէջ Կապպադովկացւոց, թէ եւ լեզունին տարբեր չէր. ես այլ չեմ գ իտեր թէ արդեօք հի՞ն Ասորւոց` թէ Գոմերեան Գամրաց սերունդք էին. եւ ոչ իսկ զԿոկս` թէ արդեօք ասո՞նց ազ գ ակից էին` թէ մանաւանդ մեր Արամ նահապետին ատենէն այս կողմերուս հայացեալ ցեղերուն: Ըստ ոմանց Հայ էին, ըստ այլոց` առանց անուան ազ գ ի` կէս բարբարոս եւ հեթանոս ժողովուրդ մը, բաց ի հաւատացեալ Հայոց եւ Յունաց: Այս ետքիններս կերպով մը վաղուց ծանոթ պիտի ըլլային Ոսկիբերանի, վասն զի գ րեթէ իր մկրտութեան տարին էր` երբ նահատակեցաւ հոս Ս. Ստեփանոս Ուլնեցի եւ իր մայրն, Կանչի բերդին քով, մօտ ի Կոկիսոն, ուսկից էր հայրենեօք այս վկայուհին` Մարիամ Հայկազն, Յայսմաւուրք մը Ուլնեցւոյն երկու ծնողացն համար այլ կ ՚ ըսէ թէ «էին ազ գ աւ Հայն: Արդ ասոր այրն Ղազար` էր հայրենակից Ոսկիբերանի` յԱնտիոքայ, ուսկից արիանոսաց հալածանաց ատեն փախաւ հոս, ուր ապահով էին քրիստոնեայք, եւ ամուսնացաւ ընդ Մարեմայ, Ստեփանոսի նահատակեալ ընկերքն` թէ ոչ ամենն այլ Հայ, գ ոնէ շատն մերազ գ ի էին, որոց մէջ յիշուի Բա գ րատունի մ ՚ այլ, եւ ուրիշ մը Սմբատ անուամբ: Անկարելի կ ՚ երեւի որ այս իր օրերուն (40 տարի առաջ) եւ գ րեթէ հայրենակցացը վկայարանաց` յայց ելած չըլլայ Ոսկիբերան: Մեզի հիմայ քիչ զարմանք չէ մտածելն` թէ ասկէ 1460 տարի առաջ Ոսկիբերան յուխտ գ ացած ըլլայ ի Զէյթուն:

Թողլով այս հաւատացեալները` դառնանք առ անհաւատսն. Ոսկիբերանի վարուց ընդարձակորէն գ րողն այսպէս կ ՚ ըսէ. «Քանզի հեթանոսք էին բնակիչք տեղւոյն այնորիկ. ուստի ոմանք պաշտէին զկուռս անմռունչս, եւ այլք զփայտս վարսաւորս անտառախիտ ծառոցն, եւ կէսք արե գ ակնն երկիր պա գ անէին: Իսկ երանելին Յովհաննէս իբրեւ եհաս անդ` առնէր նշանս եւ սքանչելիս շնորհօք Աստուծոյ. եւ ամենեքեան իբրեւ լսէին թէ ծառայ Աստուծոյ բարձրելոյ է` գ ային առ նա»: Եւ յետ պատմելոյ զբժշկութիւն մէկ արեւապաշտ ութամեայ անդամալուծի մը «Իբրեւ տեսին ազ գ ն այն զյանկարծահաս եղեալ սքանչելիսն` հաւատային ամենեքեան միաբան յԱստուած յարարիչն երկնի եւ երկրի, եւ մկրտեցան ի նմանէ անթիւ բազմութիւնք ի Հայր եւ յՈրդի եւ ի Հո գ ին սուրբ, եւ ձեռնադրեաց նոցա եօթն եպիսկոպոս, եւ բազում երիցունս եւ սարկաւա գ ունս, առ ի բաւական լինել հովուել զանթիւ բազմութիւն ժողովրդեանն, եւ սպասաւորել եկեղեցեացն` որ շինեցանն… Եւ ապա մտեալ անդ այր մի ի նոցանէ ըստ շնորհացն Աստուծոյ` որ գ իտէր` զհելլենացի ճարտասանութիւն իմաստութեան դպրութեան, եւ պատրաստեաց զնա թար գ մանել ի լեզուս նոցա զՆոր կտակարանս, զի ի միտ առցեն զպատուիրանս հրամանացն աստուածաշունչ տառիցն. եւ զՍաղմոսարանն եւս ետ թար գ մանել, զի առցեն ի բերան զհո գ ելից եր գ սն Դաւթի` եր գ ել միշտ յեկեղեցիսն, եւ ապա փոքր ի շատէ եւ զայլ եւս Հին կտակարանսն: Որ եւ ի սակաւ աւուրս առաւել եւս ծաղկեաց եւ պտղաբերեցաւ հաւատք փրկչին մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի ի պատուիրանաց անտի. եւ միշտ զնային եւ յառաջադէմք լինէին եւ բարիսն, եւ փառաւորէր Աստուած ի բարի գ ործս նոցա: Թէպէտ եւ վշտացաւ թա գ աւորական քաղաքն ընդ արտասահմանութիւն ճշմարիտ հովուին իւրեանց, սակայն ուրախացաւ ժողովուրդ մի մեծ ընդ գ իւտ ճշմարիտ լուսոյն»:

ԺԵ

Այս պատմիչս խօսքերէն եւ Թէոդորետեայ մէկ խօսքէն, կու հաւանին եւ կու հետեւցընէն շատ եւրոպացի Սուրբ գ րոց հմուտ բանասէրք ԺԶ եւ ԺԷ դարուց, որ Յովհաննէս Ոսկիբերան առաջին հեղինակ ըլլայ հայերէն թար գ մանութեան աստուածաշունչ գ րոց, մանաւանդ նոր կտակարանաց եւ սաղմոսաց, եւ գ րեթէ հասարակաց էր այս կարծիքս` քանի որ մեր ազ գ ային Ս. Թար գ մանչաց պատմութիւնն անծանօթ էր Եւրոպացւոց, անանկ որ ոչ միայն Ս. գ րոց թար գ մանութեան, այլ եւ հայերէն այբուբենի գ տիչ` Ոսկիբերան կու սեպուէր յոմանց: Մինչեւ այսօր այլ Հռովմայ Վատիկանու գ երահռչակ գ րատուն դահլըճին մէջ, ուր ամենայն ազ գ աց գ իր հնարողաց պատկերքն կան, իբրեւ հայերէնի գ րա գ իւտ կան գ նած է Ոսկիբերան, հայ այբուբենն գ ոթացի ձեւով մը վրան գ րած: Ուրիշ կողմանէ մեր պատմչաց մէջ այլ կայ յիշատակ հին թար գ մանութեան մը Սաղմոսաց. «զոր հանապազ ի բերան ունին», կ ՚ ըսէ Թովմա Արծրունի, ուրիշ Կո գ ացի կամ Խութեցի լեռնաբնակաց համար: - Եթէ Կոկացիք Հայք էին` ըստ շատ հաւանութեան, գ րեթէ տարակոյս չիմնար Ոսկիբերանի ջանքով հայերէն թար գ մանութեան մը Ս. գ րոց` ըստ մասին. վասն զի եւ նոյն քրիստոսասէր Սուրբն էր` որ Գթաց եւ Սկիւթաց մէջ այլ կու ջանար տարածել զաւետարանն, եւ ինքնին թար գ մանաւ կու քարոզէր անոնց ի Կ. Պօլիս:

Գրասիրաց թողլով հետաքննել այս բանասիրական խնդիրը, չեմ կրնար հոս չյիշեցընել քեզի, Հայկակ, այս Ս. Ոսկիբերանի եւ մեր Ս. Մեսրովպայ ըրած կամ ընծայուած գ ործոց զարմանալի կամ նախախնամական զու գ ակցորդութիւնը: Ծանօթ է քեզի թէ ի՞նչ ջանք ըրած է մեր դպրութեան վարդապետն` հայերէն գ իր հնարելու եւ սուրբ գ րքերը թար գ մանելու, գ իտես այլ որ այդ հայերէն գ րերը` աստուածային իմն շնորհոք գ տաւ կամ հնարեց յամին 406, մինչեւ նոյն եւ նախընթաց տաին` Ոսկիբերան զԿոկիւսոն լուսաւորէր: Երկու մեծարոց լուսաւորք, թերեւս անծանօթք իրարու, որոց մէկն Հայաստանեաց աշխարհին ամենէն արեւմտեան հարաւային ծայրերը (Տաւրոկիւլիկա) լուսաւորէր, մնացեալ հեթանոսութեան հետքը ջնջելով, միւսն (Մեսրովպ) այն աշխարհին ամենէն արեւելեան հիւսիսային ծայրերը` նոյն բանը կ ՚ ընէր Սիւնիս, յԱղուանս եւ ի կովկասեան Մազ գ ութս), եւ երկուցն այլ գ րեթէ մէկ ժամանակի մէջ, մինչդեռ սուրբն Սահակ կայր եւ ծա գ էր ի միջնաշխարհին: - Այն ի՞նչ զարմանալի գ երելեկտրեան լուսացայաք էին երկու բացարձակ սահմանաց Հայոց, ի դրանց Կիւլիկիոյմինչեւ ի դուռն Հոնաց, (իբրեւ 600 մղոն իրարմէհեռու) որ մեր հայրենեաց վրայ ցոլացընէին երկնից մեծա գ ոյն շնորհքը: Ո՜րքան առատաձեռն եւ մեծա գ ործ եղած է Նախախնամութիւնն ի վրայ մեր Հայ ազ գ իս եւ աշխարհիս: Ո՜րքան օ գ տակար եղած է ընդհանուր Եկեղեցւոյ` իր քաջաձայն Խոսնակն` իր արտասահմանութեան ատեն այլ, քան մասնաւոր յունական եկեղեցւոյ մեծ վիճակի մը: Եւ ո՜րքան երախտապարտք եմք մեք Հայք` Աստուծոյ եւ իր հռչակաւոր քարոզին` այս այցելութեանս համար: Ո՜րքան այլ երախտա գ էտ պէտք է ըլլան Յոյնք եւ համօրէն հաւատացեալք` մեզի, եւ մեր հարց հիւրընկալութեանն, սիրոյն, պատւոյ եւ մեծարանաց առ Ոսկիբերանն:

Եւ նոյն ինքն մեծահո գ ին այն` արդեօք չէ՞ր եւ չէ՞ իսկ ճանաչող եւ յար գ ող այսպիսի ազնիւ զ գ ացմանց` զոր գ տաւ ի Հայս: Վկայեն իր ժամանակակից պատմիչքն (Պալլատիոս եւ Սողոմեն), հոս այլ զմերայինս միայն յանուանէ յիշելով, թէ «Յոյժ սիրելի էր Նա Հայոց` յորոց միջի բնակէրն, եւ այլոց եւս մերձաւորաց»: Այլ արդեօք սիրուէ՞ր առաւել թէ սիրէր: Իր նամակաց մէջ շատ հեզ գ ովութեամբ եւ գ որովանօք կու յիշէ ի տեղացեաց գ տած մարդասիրութիւնը, որոց ինքն այլ փոխարինեց հո գ ւով եւ սրտով եւ ոսկի բերնովն. այլ եւ մարմնաւոր հօր պէս պաշտպանելով. - գ երեթափ ընելով ի գ երչաց. առատ ողորմութեամբ առ տնանկս, եւ սովու ատեն (որ նոյն տարիները պատահեցաւ այն կողմերը) շատերը կերակրելովիր ընդունած պար գ եւներով եւ ստակներովը: Ճշմարիտ հայր եւ լուսատու եղաւ այս տեղացի մերազ գ եաց, որպէս եւ օտարաց, լրացուցանելով զարդիւնս եւ զփառս իրմէ դար մ ՚ առաջ մեր Հայոց Մեծաց անմահ Լուսաւորչին Գրի գ որի:

Գիտէր Ոսկիբերան որ Հայոց ազ գ ն արեւելքի մէջ առանձին եկեղեցի եւ գ լուխ մ ՚ ունէր, առանձին լեզուաւ եւ սովորութեամբ եւ քաղաքական վարչութեամբ. այլ մերձաւոր եւ յարակից Յունաց` դրակցութեամբն ու դաշնակցութեամբք, անոնց նախա գ ահական աթոռին երբեմն հպատակութեամբ ի ձեռնադրութեանն, եւ նոյն իսկ դեռ անոնց (յոյ) լեզուով եկեղեցական սուրբ պաշտամունքը կատարելով, - գ իտէր որ այն ատեն արեւելեան ազ գ աց ամենէն մեծ եւ կար գ աւորեալ եկեղեցեաց մէկն էր Հայոցն, գ իտէր որ հարիւրաւոր եպիսկոպոսներ ունէին եւ եպիսկոպոսապետ` զմեծն Սահակ Պարթեւ` զթոռնորդի թոռան Ս. Լուսաւորչին, զոր թերեւս անձամբ այլ ճանչցեր էր. - գ իտէր որ լեզուի եւ ծիսի իրաւամբք` ամենայն Հայք անոր վիճակ եւ հօտ էին. բայց այն ատեն քաղաքական օրէնք զՓոքր Հայս զատեր եւ Կ. Պօլսի կայսերաց իշխանութեան տակձ գ եր էին, թողլով զՄեծ Հայս իրենց բնիկ թա գ աւորին, որ էր բարեացապարտն Վռամշապուհ: - Գիտէր որ Պարսից արքայից արքային նախանձու եւ վախին համար` մեծ զ գ ուշութիւն պէտք էր Հայոց, (նաեւ թա գ աւորին եւ հայրապետին) ի հաղորդելոյ կամ մտերմութիւն ցուցընելու Յունաց հետ, անով առ ժամանակ մը Փոքր Հայք` նաեւ ըստ եկեղեցական վարչութեան (յիրաւի կամ անիրաւի) Յունաց պատրիարքութեան տակ ընկած էին, (Կեսարիոյ նախա գ ահին վիճակեալ). - գ իտէր եւ Ս. Սահակ քաջ քաղաքավարութիւն, միան գ ամայն եւ ճանչէր զանձինս եւ զժամանակն, եւ իրեն մեծ ուրախութիւնեւ պատիւ սեպէր Ոսկիբերանի պէս հովուապետի մը հեռաւոր կամ մերձաւոր խնամոց տակ մնալն իր սեպհական հօտին մէկ մասին. զօր յետ մահուան նորա` (անոր յաջորդաց ո գ ին ճանչնալով) պահանջեց ի Թէոդոս կայսերէ եւ յԱտտիկոսէ պատրիարքէ, եւ ստացաւ, սկսաւ հովուել անձամբ այցելութեամբ եւ քարոզութեամբ իր հո գ եկիր աջակցին` Ս. Մեսրովպայ: Իսկ այս ատեն վասն վերոյիշեալ քաղաքական զ գ ուշութեանց, եւ կամ իրարու վրայ ունեցած վստահութեան, Ոսկիբերանի եւ Սահակայ մէջ մասնաւոր թղթակցութիւն մը չի գ տուիր, եւ ոչ այլ ուրիշ Հայ եպիսկոպոսաց` յայտնապէս, թէ եւ շատ հաւանական է որ Ոսկիբերանի քանի մը թղթերն գ րուած ըլլան առ մերազ գ ի եպիսկոպոսունս եւ երիցունս Փոքր Հայոց, որոց անուանքն կամ յունական են, կամ յունարէն թար գ մանեալ (ինչպէս Ելպիդիոս` Յուսիկ, Ա գ ելփոս` Եղբայր, Իսրդիուս` Տօնիկ եւ այլն) եւ կամ աւելի Հայոց քան Յունաց մէջ գ ործածականք են, ինչպէս Մալքոս, Մովսէս, եւ այլն. յորոց ոմանք այլ անշուշտ Ասորիք են: Ապա թէ ոչ` անհաւատալի կ ՚ ըլլայ թէ աքսորանաց տեղէն ինչուան Փիւնիկիոյ եւ Արաբիոյ, Պարսից եւ Գթաց եկեղեցեացհամար հո գ ացողն` իր ամենէն մերձաւոր եւ ընդարձակ եկեղեցւոյն տեսչաց հետ վերաբերութիւն չունենայ. մինչդեռ անոնց բնական վիճակին մէկ մասին մէջ` գ րեթէ անձամբ հովութիւն, հայրութիւն եւ վարդապետութիւն ընելով, կու բովանդակէր Լուսաւորչի գ աւազանին շրջաբոլորը:

ԺԶ

Աւելի անակնկալ կերպով մ ՚ այլ մեծարեց եւ հռչակեց Ոսկիբերան զԼուսաւորիչն Հայոց, այն լեզուով` որով երբեմն իր առաջին եկեղեցւոյն Ս. հովիւները ներբողեր էր, զԻ գ նատիոս, զԲաբելաս եւ զՄելիտոս. միան գ ամայն մեծարու եւ երախտա գ էտ ըլլալով` թէ մեծին Գրի գ որի եւ թէ անոր պայազատ եւ իր ասպնջական Դէոսկորին. վասն զի ասոր խընդրանօք գ րեց եւ խօսեցաւ «Ներբողեան, ասացեալ յաղա գ ս վարուց եւ նահատակութեան Գրի գ որի Հայոց Մեծաց հայրապետի ի Կոկիսոն Հայոց, մինչ յաքսորանս էր (Ոսկիբերան), ի խնդրոյ Հայազին որումն եպիսկոպոսի եւ վարդապետի համազ գ ւոյ նորին` Դիոսկորոս անուն կոչեցելոյ, եւ այլ եւս յո գ նախումբ բազմութեան, որք ժողովեալ էին յաւուր յիշատակի մեծահռչակ տօնի նորին սուրբ Լուսաւորչին արեւելեան աշխարհին»: Այսպիսի է վերնա գ իր ճառին, որոյ յիշատակարանն այլ արժան է գ իտնալ. «Ի թուականիս ՇՂ (1141) թար գ մանեցաւ ճառս ի յունականէն ի մերս, ի ձեռն Աբրահամու Ղրամատիկոսի, ի հին եւ յեղծ օրինակաց. իսկ յարմարեցաւ ըստ բանից դպրութեան եւ բառից` յիմոյ նուաստութենէ Ներսիսի (Կլայեցւոյ), հրամանաւ տեառըն իմոյ եւ հարազատի` Գրի գ որիսի Հայոց կաթուղիկոսի»: Արդ այս ճառս որոյ սկիզբն է, «Հրաշալի է մեզ տօնս այսօր, եւ պայծառա գ ոյն քան զսովորականն` չարա գ րութիւնս», զոր Շնորհալին եւ այն յոյն վարպետ գ րա գ էտն գ տան Ոսկիբերանէն 740 տարի ետեւ` հին եւ եղծ օրինակաց մէջ, եւ անտարակոյս ճանչցան, հիմայ չի գ տուիր հեղինակին մնացեալ յունարէն գ ործոց մէջ: Ասոնց հրատարակող մեծարդիւն եւ քննադատ աբբայն Մոնֆոքսն` անցեալ դարու մէջ` տարակուսած կարծուի ասոր վաւերականութեանը վրայ, թերեւս եւ այլք անոր պէս: Բայց անշուշտ այնպէս չէին ըներ` եթէ նախ ճառին վերնա գ իրն եւ յիշատակա գ իրը քննէին, եւ յիշէին Ոսկիբերանի ըրածները ի Կոկիւսոն, եւ իր հոն հիւրընկալուն` Դիոսկորոսը , որոց համար Մոնֆոքսն այլ անհաւան չիսեպեր Ոսկիբերանին ճառախօսութիւնը, այլ զճառը` երկրայելի եւ անարժան անոր գ րչին. եւ իրաւունք ունի: Վասն զի իր կարդացած եւ հրատարակած ճառը (զոր ի լատին թար գ մաներ է հայա գ էտ երէցն Վիլըֆռուա), ոչ է այս մեր ըսած Հրաշալի ճառս, այլ ուրիշ մը` Աստուածազարդից արանց սկզբնաւորութեամբ, որ թէ եւ ձեռա գ րաց ոմանց մէջ Նորին Յովհաննու Ոսկիբերանի անուամբ գ րուած է, բայց ոչ ոճն եւ ոչ ուրիշ վկայութիւն մը կու ճշմարտէ զայն: Ըստ դիպաց` գ աղղիացի բանասէր աբբայք անհարազատ ճառին գ լուխը դրած գ տեր են հարազատին վերնա գ իր, եւ շփոթեր են. որոյ տեղ եթէ այս ճառս գ ըտած ըլլային` անշուշտ բնաւ չէին տարակուսիր Ոսկիբերանի ըլլալուն. որոյ լեզուին եւ սրտին եւ դիպուածոց յարմար` շատ խօսք կան մէջը: Յառաջաբանութեանը մէջ կու յուսայ Լուսաւորչին մեծախոհութենէն` որ ընդունի «ըզդուզնաքեայ ընծայաբերութիւնս է տկար մարմնոյ եւ բազմադիմի վշտօք պաշարեալ անձնէ». յետոյ թուելով անոր անթիւ արդինքն եւ արժանաւորութիւնը` կերպ կերպ գ ովէ, Աբրահամ նահապետին եւ նոր օրինաց սրբոց հետ համեմատելով, կ ՚ անցնի ի վիրացին համբերութիւնը. եւ անկից կու սկսի պատմել Հռիփսիմեանց եւ Տրդատայ դէպքը, Գրի գ որի հանուիլն ի վիրապէն եւ բժշկելն զպատուհասեալսն յԱստուծոյ, եւ քարոզել զճշմարտութիւն Քրիստոսի. ըստ ախորժելոյ հայկական լսելեաց յերկարելով այս բաներս:

Բայց երբ կու հասնի Հայոց խնդիրքին առ Գրի գ որ` իրենց քահանայապետ ըլլալու համար, եւ ասոր նախ խոնարհութեամբ հրաժարելուն, ապա հարկաւ յանձնառութեանը, Ոսկիբերան իր անձին եւ ժամանակին դէպքերէն դրդած չիկրնար չկանչել. «Զայնպիսին գ ովեմ ես հովիւ, զայնպիսին վերակացու, զնորայն ողջունեմ զտկարութիւն, զնորայն ընդունիմ զհեղ գ ութիւն, զի ոչ նա զհետ պատուոյն, այլ զհետ նորա պատիւն ընթանայր, ոչ խնդրէր զփառսն, այլ խնդրեալ լինէր ի փառացն, այնպիսին վայելէ քահանայապետ` ըստ Պօղոսի, սուրբ, անմեղ, անարատ, զատեալ եւ մեղաւորաց եւ բարձրացեալ քան զերկինս: Զի որ այնպիսի ոչ լինիցի` ոչ հովիւ ուրեմն կոչի, այլ գ ող եւ աւազակ եւ գ այլ ապականիչ օձտելով զհօտն Քրիստոսի, ըստ որում եւ առ միզ իսկ երեւէցան հակառակողք ճշմարտութեան. Վասն որոյ` եթէ հաճոյ թուեսցի, պարտ եւ ժան է նախ եւ առաջին անցանել առ այնպիսին բանիւ, եւ ապա զերանելի հօրս մերոյ աւարտել զներբողական ճառս: Հովուապետի է ատեանս, քահանայապետի` տօնախմբութիւնս, պարտ է զատանել զ գ այլսն ի հովուաց եւ առ նորա փառացն պատիւ` սակաւ ինչ եւ զմերս յիշատակել զվիշտըս… Քանզի տեղի տալն երանելի հօրս մերոյ` ի խորս բանից արկանէ զմեզ». եւ այլն: Այս ըսելով կու սկսի ի բանից Քրիստոսի, եւ առաքելոցն Պօղոսի, Պետրոսի եւ Յովհաննու` ցուցընել, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ ճշմարիտ հովիւ, եպիսկոպոս. եւ ի՞նչ կ ՚ ընեն անարժան հովիւք, աշխարհասէրք եւ արծաթասէրք, եւ դարձեալ թէ ի՞նչպէս պէտք է որ առաքինիք համբերեն իրենց դէմ հալածանաց եւ վշտաց, օրինակաւ իրենցմէ առաջ հալածելոց, եւ այլն: Այսպիսի սրտառուչ եւ խրատական խօսքեր գ րեթէ ճառին քառորդէն աւելին կու բռնեն, եւ աւելի հովուաց քան հօտին վերաբերելով` կրնանք կարծել` թէ այս մասս խօսած չէ հանդիսին մէջ, այլ գ րած կամ յետոյ յաւելած: Անկէ ետեւ դարձեալ կու յիշէ Լուսաւորչին աշխատանքը եւ ի լերինս առանձնանալը. «Թա գ ուցանել զանձնն ի մարդկայինս տեսութենէ. զի մաքրապէս անդանօր եւ աննիւթաբար` աննիւթականին հանդիպեսցի տեսութեանն Աստուծոյ»: Եւ հոս կ ՚ աւարտէ Լուսաւորչի պատմութիւնը, ամենեւին չյիշելով անոր երջանիկ փոխման աւանդութիւնը եւ մարմնոյն գ իւտը. - վասն զի դեռ երկուքն այլ չէին յայտնուած, որպէս յետոյ. եւ այս այլ կրնայ վկայ ըլլալ ճառիս հնութեանը: Յետոյ դարձեալ ներբողելով զՍուրբն, չի մոռնար անոր բնիկ հօտն այլ գ ովելու. «Մինչեւ ցայժմ իսկ` որ ըստ օրէ ի լաւա գ ոյնսն յառաջանան ընտրեալ նորայն ժողովուրդ եւ վիճակ»: Պանծալի՜ գ ովութիւն արդիւնք գ ործակցութեան ջանից որդւոց Ս. Լուսաւորչի, եւ դեռ գ ործող Ս. Սահակայ:

Յետ ամենայնի Ոսկիբերան իր վիճակին յարմար եւ սրտառուչ կերպով կնքէ խօսքը, դարձնելով առ Ս. Լուսաւորիչն մեր. «Աղաչեմ, կ ՚ ըսէ, ո'չ եւս մեկուսանալ հո գ եւորական այցելութեամբ առ ի մէնջ, այլ յիշել զմեզ անմոռաց… զի եւ մեք զպատահումն սակաւա գ ոյն վշտացս` համբերութեամբ կատարեսցուք… եւ քոյին, վշտաբեր նեղութեանցս յիշատակաւ` ի մերումս մխիթարեալ սփոփեսցուք: Զի եւ ես նուազեալ ի զօրութենէ անդամոց, տկար գ ոլով մարմնով եւ վշտա գ ին անձկութեամբ, մանաւանդ բռնադատեալ սիրով ի քո համազ գ եաց, ի քում վիճակիս, նշանակ սիրոյ հատուցի քեզ ընծայ ջերմա գ ոյն սրտիւ: Զի ահաւադիկ նուիրեալ եմ եւ ես յայսմհետէ լքանել զկեանս զայս տաղտկալի, եւ լինել ընդ Քրիստոսի, թերեւս անդանոր հանդիպեսցուք միմեանց զուարճալի եւ գ եղեցկա գ ոյնհանդիպմամբ բնակցելով ի միասին մշտնջենաւորապէս. եւ արժանաւոր լինել երանաւէտ խոստամանցն. որոց լիցի ամենեցուն մեզ հասանել ի Քրիստոս Յիսուս ի տէր մեր», եւ այլն: - Ոսկիբերանի ամենէն սրտաշարժ խօսքերէն մէկն է այս վերջաբանս, եւ թերեւս ամենէն աւելին, խոստովանութիւն մը` զոր կու ջանար լռելու իր թղթոց մէջ, եւ զոր հոս համարձակի` առաջի Աստուծոյ եւ իր բազմաչարչար նահատակին, ու անոր արեան քրտանց գ ին աննախանձ եւ անկասկած ժողովրդեան մը: Կ ՚ երեւի այլ որ իր կէս հիւանդութեան ատեն խօսած է, եւ թերեւս վերջին տարին: Անշուշտ իր յետին ոսկեղինիկ եւ զ գ այուն գ րուածոց մէկն է սա. մի ի վերջին ձայնից կամ եր գ ոց Խօսնակին եկեղեցւոյ` հնչեցեալ յանապատս Հայոց, ի սէր նոցին իսկ Հայոց եւ ի պատիւ Լուսաւորչի նոցին: Քարանձա'ւք Կոկաց, արդեօք կու կրկնէ՞ք դեռ այդ հրաշալի ձայնը, որ զերկուքն այլ յանմահութիւն կու խառնէ, զձայնեալն` Գրի գ որ, եւ զձայնողն` Յովհաննէս, զԼուսաւորիչ եւ զՈսկիբերան:

ԺԷ

Եթէ աւելորդ պարծանք չէ, կու համարձակիմ ըսել, թէ Ոսկիբերան կանուխ եւ շատ հին պարտք մ ՚ ունէր Լուսաւորչայ ժողովրդեան եւ վիճակին. իր բնատուր հանճարով եւ Անտրակաթ ու Լիբանիոս սոփեստիսից ջանքով ոսկէզօծեալ շրթունքը` եկեղեցւոյ Խօսնակ ըլլալու վարժեցընողն` Պօլիքտոսի հայրենակից եւ բնիկ ազ գ աւ Հայ մ ՚ էր, նուիրեալ եւ մեծահաւատ անձ մը, - Ս. Մելիտոս հայրապետն. որ տեսնելով զՅովհաննէս (18 ամեայ պատանի) լցեալ հռետորական շնորհօք եւ գ իտութեամբք զարդարեալ, բայց տարակուսեալ երկնից եւ երկրի որոշիչ ճամբուն վրայ, ճարտար սիրով իրեն քաշեց, երեք տարի քովհ պահելով` բացաւ, ցըցուց, սովրեցուց իրեն Քրիստոսի բարձր եւ վսեմ իմստասիրութիւնը, անոր Հօր յաւիտենական գ աղտնիքը, եւ Հո գ ւոյն` հրեղէն լեզուն. եւ երբ անոնց լիուլի ընդունակ տեսաւ` մկրտեց զՅովհաննէս (21 տարուան), եւ իր Անտիոքայ մեծ եւ նախաքրիիստոնեայ եկեղեցւոյն` Գրակարդաց ձեռնադրեց: Այսպէս, մինչ Ասորին հայր` Յոյնն մայր` եւ արտաքին դաստիարակ եղան, Հայ մը եղաւ վերածնող եւ դայեակ հո գ ւոյն եւ սրտին Ոսկիբերանի, զորս ինքնին յետոյ կրթեց եւ զարդարեց աստուածային շնորհօք, Անտիոքայ լերանց ճ գ նաւորաց խորշերուն եւ իր քարայրին առանձնութեան մէջ:

Հոս անցողաբար յիշենք, որ այն ատեն երբ յետ վեց կամ եօթն ամաց դարձաւ Յովհաննէս ի լերանց` այլափոխեալ կերպով մը, մարմնովն` նուազեալ, ցամաքեալ, ճ գ նեալ, եւ ճնշեալ, իսկ հո գ ւովն եւ մտօք լուսափայլեալ եւ հմտացեալ գ իտութեամբ աստուածայնոց, զորս եւ արդէն գ րուածովք այլ յայտնել սկսեր էր, Ս. Մելիտոս գ րկաբաց ընդունեցաւ իր հո գ եսուն սանը, եւ նորէն եկեղեցւոյն պաշտօնեայ ընելով` լսեցուց անոր ընթերցուածները. իսկ երբ ինքն հան գ եաւ ի տէր յամի 381, իր յաջորդն Փլաբիանոս` սարկաւա գ եւ քահանայ ձեռնադրեց, եւ իրեն օ գ նական ըրաւ, նաեւ տեղակալ եւ քարոզիչ, թէ իր բացակայութեան ատենն եւ թէ մօտ ըլլալուն. ինչուան որ յետ 12 (կամ աւելի տարւոյ) տրտմութեամբ եւ խնդութեամբ ստիպուեցաւ բաժնուելու անկէ, թողլով որ երթայ իրեն պատուակից եւ աթոռակից եւ աւելի այլ բարձրա գ ահ ըլլայ Կ. Պօլիս): Եւ երբ ասկից քշեցին զՍուրբն` դեռ ողջ էր Փլաբիանոս եւ ցաւօք լսեց զայն. եւ ինչպէս կու վայլէր իր առաքինութեանն եւ մեծութեանն` մերժեց Թէոփիլեանց հրապոյրքը, եւ գ րեց այլ Կ. Պօլսի ժողովրդեան` որ հաւատարիմ մնան իրենց արժանաւոր հովուին. անոր համար Ոսկիբերան այլ կ ՚ աղաչէր եւ կու պնդէր` որ առանց Հռովմայ քահանայապետին եւ Անտիոքայ ու Երուսաղեմի պատիարքաց` իրեն վրայ դատաստան չընեն: Ձայնը չլսեցին, կամ ջանային չլսել. աքսորեալ հայրապետն մօտեցաւ տեղեաւ իր հայրենեաց եւ զինքը քահանայ ձեռնադրող ծերունի հօրը աթոռոյն, ի՜նչ ցաւ եւ ի՜նչ մխիթարութիւն երկուքին այլ: Բայց աւելի եղաւ ցաւն Յովհաննու. վասն զի հազիւ տեղաւորուած իր պանդխտութեան մէջ. եւ դեռ չսկսած թղթակցիլ իր նահապետանման հորը հետ, լսեց անոր վախճանը: Այլ աւելի դառնակսկիծ եղաւ ցաւն` երբ այն առթիւ Անտիոքայ եկեղեցւոյն մէջ այլ շփոթ ընկաւ. եւ անարժան քահանայ մը (Պորփիւր) հայրապետական աթոռը գ րաւեց. ողջամիտք տխրած` յետ քաշուեցան. շատերն բոլորովին հեռացան զԱնտիոքայ, շատեր` քահանայք եւ ժողովուրդք` իբրեւ ուխտի եւ մխիթարութեան` սկսան դիմել առ Յովհաննէս ի Կոկիւսոն, ցանկալով անոր քարոզութեան հին օրերը յետ դարձընելու, եւ եթէ կարելի ըլլա` նորէն զինքն իր հայրենիքը բերելու` իրենց զիրենք նոր յաշխարհ եկած պիտի սեպէին: Զարհուրեցան թշնամիքն, կ ՚ ըսէ Ոսկիբերանի հաւատարիմ եւ կենակից կենսա գ իրն: Տեսանելով զի Անտիոքայ եկեղեցին ի Հայս փոխաբերեալ լինի, եւ անտուստ դարձեալ որպէս թէ յԱնտիոք ընթանայ` հռչակ զուարթաբար իմաստասիրութեանն Յովհաննու»: Կամ ինչպէս ուրիշ մը կ ՚ ըսէ. «Գրեթէ ամենայն կողմանքն այնոքիկ Հայաստանեայց, եւ անտի մինչեւ ցԱնտիոք եւ ի Կ. Պօլիս հռչակ հարկանէին զիմաստութիւն նորա, եւ ի բերան առեալ զնորա վարդապետութիւնն` գ ովելի եւ փառաւոր յամենեցունց բերանոյ լինէր նա»: Շատ թղթեր ունի գ րած յաքսորէն առ Անտիոքացիս, մանաւանդ առ քահանայս, յորդորելով միշտ ի համբերութիւն եւ ի խաղաղութիւն, զ գ ուշաւոր խրատներով. զնոյն կ ՚ ընէ եւ ուրիշ թղթոց մէջ առ զանազանս. միշտ ջանալով հակառակողաց առիթ չտալ, նախանձնին չ գ ր գ ռել ստէպ. այլ կու պատուիրէ մտերմացն` որ չհռչակեն իր քաշած նեղութիւնները, թէ եւ օտարք խօսելու այլ ըլլան:

Սակայն այս բանս անկարելի եղաւ, եւ էր, ոչ իր վիշտերն եւ փառքն պակսեցան եւ ոչ այլ թշնամեաց նախանձն, իր եռամեայ պանդխտութեան մէջ, զոր մեծաւ մասամբ անցուց հեռաւոր աշխարհաց մէջ այլ քրիստոնէութեան ծաւալմունքը հնարելով, թղթեր գ րելով, ինչպէս շատ հեզ ըսի, եւ առանձին հո գ եւոր եւ խրատական գ րքեր եւ ճառեր, որոց համար բաւական թուղթ կամ տախտակ չէր գ տնէր, եւ այս էր իրեն ամենէն մեծ կարօտութիւնը: Սրտի եւ բերնին համեմատ ձեռքն այլ ժիր եւ անխոնջ էր, եւ չէր կրնար անոնց բաւական ճարակ եւ դաշտ գ տնել:

ԺԸ

Իր հոն եւ վերջի գ րուածոց մէջ` յայտնի եւ նշանաւորներէ, իր աննման ձայնին եւ գ րչին վերջին ճռինչներէն, ու քրիստոնէական իմաստասիրութեան գ երա գ ոյն արտադրութիւններէն մէկն է ճառ մը, թէ Ոչ ոք վնասի` եթէ ոչ յանձնէն, այսինքն թէ ոչ ոք կրնայ ուրիշ ստոյ գ վնաս մը հասցընել, թէ որ անիկայ առաքինօրէն համբերէ. ստոյ գ վնասն` միայն մեղք եւ անհամբերութիւնն է: Երկրորդ մ ՚ այլ է գ իրք մը առ ժողովուրդն Կ. Պօլսի, անոնց` որ գ այթակղեր էին արդարաց հալածանաց եւ անիրաւաց յաջողութեան վրայ. - երկայն եւ ընդարձակ խօսքերով եւ օրինակներով կու բացատրէ առջի ճառին մէջ ըսածներէն զատ` Աստուծոյ նախախնամութեան զարմանալի եւ անքննելի ճամբաները, վշտաց եւ հալածանաց օ գ ուտները, եւ նոյն իսկ գ այթակղութեանց` որոց թոյլ տայ Աստուած, եւ թէ ո՞րչափ մեծ պիտի ըլլան վարձք հալածելոց եւ վշտացելոց, եւ ի՞նչ վերջ կ ՚ ունենան հալածիչք եւ անիրաւք: Այս երկու, ինչպէս ուրիշ գ րուածոց մէջ այլ, կու փայլէ հաւասար ճարտարութիւն խօսից եւ մեծութիւն հո գ ւոյ Ոսկիբերանի, եւ իր անհամեմատ տիրութիւնն սրտին վրայ:

Գրեթէ կենաց յետին տարին, լի տառապանօք եւ զրկմամբք, տեսնելով իր աթոռը ապօրէն բռնաբարողաց որս եղած, գ րեթէ իր վախճանը քիչ հեռի տեսնելով, եւ դեռ անխռով` կու գ րէ, կու ջանայ ուրիշներուն սիրտը հանդարտել, մխիթարել, շինել, առանց ամենեւին իր քաշածները յիշելու տրտմութեամբ կամ դառնութեամբ, առանց վրէժխնդրութեան, առանց գ ան գ ատի եւ անհամբերութեան կամ շփոթութեան մը. վասն զի յամենայնի կու ճանչնայ զկամս Աստուծոյ եւ կ ՚ ըսէ «Փառք քեզ Աստուած, յաղա գ ս ամենայնի»: Թերեւս այս կոկաց անապատաց մէջ բուսած Ոսկիբերանեան ծաղկունքն` իր հո գ եւոր եւ բանաւոր երկանց եւ կենաց գ երա գ ոյն պսակներն են, եւ իր անժան գ ոսկւոյն մէջ` ամենափայլ ադամանդներն:

Այսպիսի գ րուածք` մխիթարանք թէ գ րողին, թէ առ որս գ րէր, թէ մեզի իսկ, անշուշտ աւելի շատ այլ կ ՚ ըլլային, եթէ Ոսկիբերաի երկու արտաքին սպառնացող վտան գ ն քիչ մը պակաս ըլլային. - ձմեռնն եւ Իսաւրացիք: Առջի տարին մէկն միայն կար, իսկ երկրորդ տարին ձմրան հետ հասան իջան իրենց լեռներէն մեկնակազէն աւազակք այլ. որոց բնիկ տեղի էր Կիւլիկիոյ եւ Լիկայոնիոյ (Ղոնիոյ կամ Գարամանի) միջոց լեռնոտ երկիրն, ուր կովկասեան Լէկզեաց (կամ Չէրքէզաց) պէս ամրացած Իսաւրացիք` իրենց երկրին եզերքը եղած դաշտա գ աւառներուն վրայ կու վազէին եւ կ ՚ աւարէին: Հնուց ի վեր անուանի ըլլալով այս գ ործով` Հռովմայեցւոց ան գ ամ ահարկու եւ զ գ ուշալի եղան. եւ թէպէտ անոնք ան գ ամ մը (Քրիստոսէ 78 տարի առաջ) նուաճեցին զանոնք ձեռն Սերվիլիոսի), բայց նորէն սկսան ասպատակել` Հռովմայ եւ Կ. Պօլսի կայսերաց ատեն, մինչեւ գ րեթէ ցկէս Զ դարու, իսկ Գ եւ Դ դարուց եւ այս Եիս սկիզբը` շատ աւելի զօրացեր կամ կատղեր էին, լեռնային Կիւլիկեցւոց հետ այլ միաբանած եւ իբր մէկ ժողովուրդ ըլլալով: Այս լեռնոտ եւ վայրենի երկիրներն էր որ ԺԲ դարուն մէջ նուաճեցին Թորոսք եւ Լեւոնք մեր Ռուբինեանք, եւ քրիստոնեայք թա գ աւորութեան մը կալուած ըրին. իսկ իրենցմէ 800 տարի առաջ` մեր պատմութեան ատենները` կայսերք ան գ ամ դողային Իսաւրացւոց անունէն, եւ շատ զօրաց բանակներ կորուսին անոնց դէմ:

Մեր աքսորելոյն պանդխտութեան ատեն` յետ արշաւանացն ի սահմանս Կեսարիոյ, տարիէն աւելի հանդարտած կ ՚ երեւին, երբ յանկարծ ի սկիզբն 406 տարւոյ` ձմեռուան ցրտէն գ ր գ ռած գ այլերու պէս յարձակեցան նաեւ Կոկիսոնի սահմաններն այլ: Այս տեղս այն բերդաշէններէն մէկն է` զոր Հռովմայեցիք կան գ նած էին ի պաշտպանութիւն, բայց շատ ամուրներէն մէկն չէր. անոր համար պէտք եղաւ որ մեր հայրապետն այլ թողու իր տաքուկ սենեակը, թափառական պարտի սառամանեաց ատեն, երբեմն շէնքերու եւ երբեմն անշէ տեղեաց, անտառաց եւ քարայրից մէջ, թէ' բնութեան դժուարութեամբք եւ թէ հիւանդութեամբ այլ նեղուելով, ինչուան որ կրցաւ իր ընկերաց եւ պահապանաց հետ զինքը ձ գ ել յԱրաբիոսն կամ Արափսուս: Ասիկայ Կոկիւսոնէն 40 մղոնի չափ դէպ յարեւելք` հիմակուան Եարփուզ քաղաքին մօտ` աւելի ամուր բերդաւան մ ՚ էր, որուն դրսի շէնքն այլ բաւական ապահով չսեպելով` բուն միջնաբերդին մէջ քաշուեցան փախստականք, խառն ի խուռն բազմութեամբ, որ շատ անտանելի ըրաւ բնակութիւնը, եւ բանտէն այլ գ էշ, կ ՚ ըսէ մեր տառապեալ, Խօսնակն մէկ կողմէն Իսաւրացւոց վախն, որ կրակով եւ որով ինչուան դռներուն կու հասնէին, մէկ այլ կողմէն տեղւոյն նեղուածքն եւ սովու վախն. ասոնց վրայ այլ` ձմեռային ցուրտն եւ հիւանդութիւնն: Ի վերայ այսր ամենայնի դեռ անհատնում Ոսկիբերանն` ժամանակ եւ հնարք կու գ տնէր թղթակցելու մտերմաց հետ եւ հո գ ալու Փիւնիկիոյ մէջ ծա գ ած խռովութեանց եւ հալածանաց վրայ: Ասկէ գ րած մէկ թղթին մէջ, «Ամէն բան կ ՚ ըսէ, հիմայ գ էշ է ի Հայաստան, եւ ամենէն աւելի օդոց խառնակութիւնն եւ փոթորիկը, ուր որ դառնայ մարդ` կու տեսնէ հեղեղներ, մեռելոց գ իակոյտ, գ ետնայատակ եղած տներ, կործանած քաղաքներ, իսկ մենք թէպէտ եւ վտան գ էն ազատած կ ՚ երեւինք, բայց գ րեթէ ի բանտի եմք այս բերդիս մէջ, եւ պատճառաւ ամենորեայ վախու, սպանմանց լուրերով, Իսաւրացւոց յանկարծ մեր վրայ հասնելուն կասկածանօք, եւ մարմնոյ տկարութեամբ` որոյ հետ դեռ կու կռուիմ, ամենեւին չեմք կրնար ապահով եւ հան գ իստ ըլլայ: Բայց այս ամենայն աղիտից մէջ ինծի մեծ մխիթարութիւն է քու առողջութեանդ լուրն ընդունելս»: - Ոսկիբերանի վախն ստոյ գ է. եւ յիրաւի կ ՚ ըսէր, թէ այս բերդիս մէջ իբրեւ ծուղակի մէջ բռնուած եմք, եւ ահա մէկ գ իշեր մը բոլորովին անակնկալ եւ անկարծ ատեն` 300 մեկնակազէն Իսաւրացիք մտան յԱրաբիսոն, բերդը պաշարեցին, մեծ սարսափ ձ գ եցին, բայց դեռ երկրորդ օրն չլուսցած` նոյնպէս անկարծելի կերպով` ցրուեցան անհետացան աւազակք. եւ անկէ ետեւ քաղաքացեաց եւ Յովհաննու վախն այլ փարատեցաւ: Մնաց հիւանդութիւնն եւ ցուրտն, զոր միայն նոր գ արունն կամաց կամաց փարատեց:

ԺԹ

Կ ՚ երեւի թէ բաւական ժամանակ մնաց Ոսկիբերան յԱրաբիսոն, որ Կոկիսոնէն աւելի ամայի եւ անշէն էր: Իր ձախ բարեկամներն կամաւ հոս ուշացուցին զինքը` որ աւելի նեղուի, մինչդեռ ստոյ գ բարեկամներն կու մորմոքէին վրան: Իսկ ինքն իրեն սովորութեամբը գ րելէ չէր դադր գ ր եւ յոմանց կարծուի որ հոս գ րած ըլլայ այն երկու նախայիշեալ գ րքերն ի մխիթարութիւն վշտացելոց եւ գ այթակղելոց: Նոյն իսկ տեղն այլ իրեն ուրիշ սփոփանաց առիթ կ ՚ ընծայէր. - բարեսէր հիւրընկալներ, որոց առաջին սեպելու է այն ամայութեանց մէջ կորած քաղքին եպիսկոպոսն` Ոտրիոս, (եթէ ուրիշ կերպ կարդալու չէ այս անունս), անշուշտ առաջուց իսկ ծանօթացած էր ասոր հետ եւ թղթի մէջ` առ Ռուփինոս երէց Փիւնիկիոյ` որ իրմէ սրբոց նշխարք կու խնդրէր, խոստանայ զրկել, բերել տալով այս Արաբիսոնի Ոտրիոս եպիսկոպոսէն, որ ունէր շատ մասունք սրբոց: Հաւանօրէն այս բանս հանդիպեցաւ յԱրաբիսոնէ նորէն ի Կոկիւսոն դարձած ատենը. ուր մէկ սաստիկ եւ վերջին ձմեռ մ ՚ այլ անցուց, որ երթալով կու նուազեցնէր իր ուժը եւ կեանքը:

Հասաւ վերջին գ արունն այլ. նորէն կենդանանալ կարծեց եւ զուրթացաւ Ոսկիբերան. բայց, «եթէ ամեն մարդ, կ ՚ ըսէ, կու զուարճանայ գ ալստեամբ գ արնան, որ զերկիր ծաղկօք եւ մար գ օք կու զարդարէ, ես անոր համար կ ՚ ուրախանամ` որ ինծի ոյժ կու տայ` նորէն իմ մտերմացս հետ խօսակցելու թղթով… Ո'չ այնչափ նաւավարք եւ թիավարք, խնդալով այս եղանակիս գ ալուն` կ ՚ ելնեն ծովեր պատռելու, որչափ ես խնտումով կ ՚ առնում ի ձեռքս` եղէ գ ս, թուղթս եւ թանաքը, ձեզի գ րելու համար»: Երանի՜ երբ այս գ րութեան նիւթերն ունենար. վասն զի «ձմեռուան ատեն երբ չորս գ ին սառած էր, կ ՚ ըսէ, եւ չտեսնուած թանձրութիւն ձեան ամեն ճամբայ խցեր գ ոցեր էր, եւ ոչ երթալ ոչ գ ալ կ ՚ ըլլար, իբրեւ բանտի մէջ յայս տնակս փակուած, թուղթ չունենալով` իբրեւ շղթայակապ լեզուաւ մշտնջենաւոր դատապարտուած էի»: Իսկ այն վերջին ձմեռուան համար` զոր ի Կոկիւսոն կրեց, ի սկիզբն 407 տարւոյն, այսպէս կու գ րէ առ հաւատարիմն Ոլոմպիադա: «Ձմեռնս արդարեւ Հայաստանի ձմեռն էր, այսչափ ըսելս բաւական է բայց ինծի շատ չդպաւ. վասն զի գ իտնալով ըլլալիքն` առաջը կ ՚ առնում, միշտ կրակ վառելով, շատ զ գ եստ հա գ նելով, աղէկ գ ոցուելով, եւ խցիկէս դուրս չելնելով, որ թէպէտ շատ ձանձրալի բան է ինծի, բայց ապա գ այ օ գ տին համար կու համբերեմ: Քանի որ տան մէջ եմ` շատ չեմ նեղիր ցրտէն, բայց եթէ քիչ մը դուրս ելնենք կամ բաց օդի կենանք` շատ կու նեղինք: Ուստի քենէ այլ կ ՚ աղաչեմ եւ կու խնդրեմ իբրեւ մեծ շնորհք մը` որ քու առողջութեանդ այլ հո գ տանիս… եւ ճարտար բժշկաց խորհրդով վարուիս… Ինչպէս ես այլ անցեալները քիչ մը օդին ցրտութենէն ստամոքի նեղութիւն քաշելով, բաց ուրիշ գ եղերէ` մեր ազնիւ եւ պատուական Սիւնկլիտիա տիկնոջ խաւրած գ եղն այլ առնըլով` գ րեթէ իրեք օրուան մէջ նորէն առողջացայ… ուստի եւ կու խնդրեմ որ այն գ եղէն նորէն ինծի ճարել տաս, որ թէ ստամոքաց գ ր գ ռութեան դէմ կ ՚ օ գ տէ, թէ' կրծոց բորբոքումը հանդարտեցնելու, եւ թէ հարբուխը կ ՚ իջեցընէ. եւ չափաւորապէս տաքցնելով` թէ ոչ կու տայ թէ ախորժակը կու բանայ, ինչպէս քանի մ ՚ օր առաջ ես փորձեցի այս ամենն այլ: Ճար ըրէ որ Թէոփիլոս կոմսն նորէն խաւրէ ինծի այս գ եղէն: - Բայց չըլլայ թէ խռովիս հոս տեղ քաշած ձմեռուանս համար. վասն զի անցեալ տարուընէ շատ աւելի աղէկ եմ»:

Այս իրաւ կամ յուսա գ իր աւետիսը տալէն ետեւ, երկայն խրատներով կու յորդորէ զՈլիմպիա` որ ինքզինքը չթողու տրտմութեան հո գ ոց մէջ, հապա գ եղով, համբերութեամբ եւ սուրբ մտածութեամբք քաջալերուի. եւ ասոնց դիւրութեան համար կու խաւրէ իրեն` նախ յիշած մխիթարական գ րուածքը: Ոչ ոք վնասի յայլմէ` եթէ ոչ յանձնեն. զոր եւ պատուիրէ շատ ան գ ամ կարդալ եւ ինչուան ի բերան այլ սովրիլ: Եւ դարձեալ իր վրայ գ ալով` աւելի մխիթարելու համար այն սրտահո գ աղաւնին` ցանկալի յոյսեր կու տայ (որով թերեւս նախախնամութիւնն զինքն իսկ խաբէր եւ կ ՚ անուշցընէր պանդըխտութիւնը). «Իսկ եթէ ինձմէ զատուած ըլլալուդ համար է տխրութիւնդ, ասոր այլ ուրախալի վերջը կրնաս յուսալ, եւ զայս ոչ եթէ զքեզ սփոփելու համար կ ՚ ըսեմ, այլ ինծի յայտնի կ ՚ երեւի այս բանս. վասն զի եթէ այսպէս ըլլալու չըլլար, եթէ չեմ սխալիր, ինչուան հիմայ քաշած նեղութիւններէս` շատոնց մեռած կ ՚ ըալլայի. թողլով ի Կ. Պօլիս կրածներս, ինչեր որ քաղքէն ելնելէս ետեւ այն երկայն եւ ձանձրալի ճամբորդութեան մէջ կրեցի, որոց շատն բաւական էին զիս մեռցընելու, ինչ որ հոս գ ալէս վերջը քաշեցի, ինչ որ Կոկիսոնէն ելնելէս ետեւ եւ Արաբիսոն եղած ատենս, յայտնի են քեզի: Արդ այս ամեն վտան գ էն ազատեցայ. եւ հիմայ թէ առողջ եմ եւ թէ շատ հան գ իստ, անանկ որ Հայերն ան գ ամ կ ՚ ափշին թէ ի՞նչպէս ասանկ տկար եւ զաղփաղփուն մարմնով կրնամ այսպիսի ցրտու դիմանալ եւ օդի առնուլ, երբ իրենք իսկ` որ ձմեռուան վարժած են, այս տարուանս ձմեռը կար գ է դուրս է կ ՚ ըսեն. իսկ ես ինչուան այսօր անվնաս եւ անարատ մնացի. աւազակաց ձեռքէն ազատեցայ, որ շատ ան գ ամ վրանիս յարձակեցան. շատ կարեւոր բաներէ զուրկ ըլլալով, ինչուան բաղնիքէ այլ. որոնց առջի բերան շատ պէտք կու զ գ այի. իսկ հիմայ անանկ եղայ` որ ոչ պէտք կ ՚ իմանամ, եւ ոչ այլ պակաս առողջ եմ` քան եթէ անոնք ունեցած ըլլայի: Ոչ օդոց սաստկութիւնն, ոչ տեղեաց ամայութիւնն, ոչ գ նելի բաներու քիչութիւնն, ոչ կարեւոր դարմանոց պակասութիւնն, ոչ բժշկաց տ գ իտութիւնն, ոչ բաղանեաց չ գ տնուիլն, ոչ իսկ տնակիս մէջ իբրեւ ի բանտի ար գ ելեալ մնալս, չկարենալով քիչ մը քալել` որ ինծի միշտ հարկաւոր էր, ոչ անդադար կրակի եւ ծխոյ մէջ նստիլս, ոչ աւազակաց վախն, ոչ պահապանաց զ գ ուշանալն վրաս, եւ ոչ մէկ այսպիսի նեղութիւն` չկրցան զիս ճնշել եւ ընկճել, այլ եւ աւելի առողջ եւ հան գ իստ եմ քան թէ առաջ, թէպէտեւ խնամք եւ հո գ տանելով: Արդ այս բաներս գ իտնալով` դու այլ մէկդի թող հո գ երդ եւ տրտմութիւնդ»:

Ի

Աստուծոյ ողորմութեան, արդարութեան իրաւանց, հաւատարմաց սիրոյն եւ ջանից, եւ Հռովմայ քահանայապետին եւ կայսեր (Ոնորիոսի) յուսադրութեան վրայ վստահացեալ` կրնար Ոսկիբերան այսպէս գ րել, մանաւանդ առ Ոլիմպիադա: Նոյն իսկ երկինք եւ վերինք Ոսկիբերանի վշտակից եւ կողմնակից յայտնուեցան շատ եւ շատ կերպով, ուղղոց պաշտպանութիւն եւ երկայնմտութիւն եւ վկայական պսակներ տալով, իսկ թիւրելոց շատին` շուտ եւ չարաչար վախճան, որոց ժամանակակից եւ անկողմնասէր պատմիչք այլ վկայեն: Արդարոյն դէմ միաբանեալ եպիսկոպոսաց շատերն այսպիսի վերջ ունեցան, եւ նախ քան զայլս` Կիւրինոս, Քաղկեդոնի եպիսկոպոսն, որ իր թեմին մէջ ժողվեր էր իր օրինաւոր առաջնորդին հակառակորդները, նոյն ժողովին մէջ միամտութեամբ գ տուելով եւ Ս. Մարութա մատիրոսասէր հայրապետն` դիպուածով այս Կիւրինոսի ոտքը կոխեց, անկէ ցաւ եւ վէրք պատճառեցաւ, որ մարմնոյն վրայ այլ ճարակելով` քիչ ատենէ մեռուց զնա:

Բայց ամենէն գ լխաւոր չարեաց գ ր գ ռիչն` Եւդոքսիա, գ րեթէ ամենէն այլ առաջ, իր հասակին եւ փառաց ամենէն փայլման ատեն` մեռաւ (տղաբերքի ցաւով), հազիւ երեք եւ կէս ամիս Ոսկիբերանի արտասահմանութենէն ետեւ, (6 հոկտ. 404) մինչ դեռ սա նոր հասած էր ի Կոկիւսոն: Թշուա՜ռ դշխոյ, տ գ եղեցեալ մայր որբասէր Գեղանւոյն (Բուլքերիայ). թէ կամաւ չնուաստացընէիր քու սիրտդ` միթէ չէ՞ր կրնար բարձրանալ քու օրիորդիդ նման: Եթէ Ոսկիբերան զքեզ` լրբութեանդ եւ ա գ ահութեանդ համար` Յեզաբելի եւ Հերովդիադայ նմանցուց, միթէ երբեմն այլ մեծապէս չ գ ովե՞ց, երբոր գ րեթէ իրեն հետ թափորակից` փոխադրէիր զնշխարս սրբոցն: Դու թշնամի եղար այն մեծ անձին, նա ոչ երբէք քեզի, որ եւ հիմայ լսելով տարաժամ մահդ` ոչ միայն ոչ խնդաց, այլ եւ ողբաց անշուշտ, որպէս Դաւիթ զԱբեսաղոմ: Աւա՜ղ, ափսո՜ս քեզ, շատ` եւ քան զչափդ ի վեր բարձրացուցիր թա գ ափայլ գ լուխդ: Հասաւ, ո'հ, եւ ի՜նչ շուտով, հասաւ քու սեւ օրդ այլ, ծածկելու ամեն փառքդ, ամեն վայելքդ, ամեն յոյսդ, զքեզ ինքն բոլորովին ծածկելու յաշխարհէս:.. Թո'ղ, դի'ր հիմայ այդ մարմարեայ գ լուխդ ցուրտ բարձին վրայ, եւ իջի'ր, մտի'ր թա գ ի'ր թաղուէ', դադրէ, մութ գ երեզմանին մէջ: Խնայէ', ո՜վ ահեղ արդարութիւն. - բայց սա թող չիտար անոր հան գ չելու գ երեզմանին մէջ այլ: - Ո'չ Ոսկիբերանն է հոս, այլ Բարձրեալն Աստուած` բարկութեամբ կու նայի իր սրբութեանց դիմաց դրուած դշխոյին մեռեալ մարմնոյ վրայ: . Երեսուն եւ չորս տարի Եւդոքսիայ գ երեզմանն շարժելով կու դողայ կու դղրդի, ինչուան որ յետ այնքան երկար տարիներու` իր հալածեալ Սրբոյն փառաւորեալ մարմինն գ այ` իր դիմաց կան գ նի ու դադարեցնէ զանհանդարտն զայն` ի կեանս եւ ի մահուն: Այն ատեն պիտի դադրի եկեղեցւոյն հերձուածն այլ, որում մէկ մասն Յովհաննիսեան կոչուէր` Ոսկիբերանի հաւատարիմ մնալուն համար: Շատ կու ցաւէր Սուրբն այլ այս երկպառակութեան եւ անպարտ մարդկան հալածանաց եւ չարչարանաց վրայ. զոր կու վախէր թէ աւելի զայրացընէ` եթէ կամօք հրաժարի իր աթոռէն, իբր հաստատելով Թէոփիլեանց անկանոն ժողովը: Ասոր համար դեռ Կ. Պօլսէն չելած` բողոքոյ գ իր գ րեր էր առ Պապն Իննովկենտիոս, որպէս եւ վերջն այլ, բայց օ գ ուտ մը չեղաւ:

Իսկ հիմայ յետ եռամեայ աքսորանաց եւ տառապանացն սրտառուչ գ իր մ ՚ այլ գ րելով կ ՚ ըսէ առ նոյն գ լուխն եկեղեցւոյ. «Թէպէտ եւ մարմնով որոշեալ տեղ մը միայն կու բնակինք, բայց սիրոյ թեւն բոլոր աշխարհս կու պատէ. թէ եւ անբաւ ճամբով հեռու եմք իրարմէ, բայց ես քու Սրբութենէդ զատուած չեմ, այլ միշտ ներկայ կու գ տուիմ. սիրոյ աչօք տեսնելով քու արիութիւնդ, անկեղծ գ ութդ, անփոփոխ հաստատութիւնդ, եւ այն մեծ, անպակաս եւ շարունակ մխիթարութիւնդ` որով կու սփոփես զիս: Ասոր համար մեծապէս շնորհակալ եմ, եւ փափա գ էի ստէպ գ րել ձեզի, որ ինծի այլ մեծ մխիթարութիւն էր. սակայն տեղւոյս ամայութիւնն չիթողուր ինծի զայս. ոչ միայն հեռաւոր` այլ եւ մօտաւոր կողմերէ ան գ ամ հոս գ այր դժար է թէ' տեղւոյս սահմաններէ դուրս առանձնութեանը համար, եւ թէ' ճամբաներն աւազակներէ բռնուած ըլլալուն. անոր համար կարեկցութեան արժանի սեպէ զիս եւ մի' կարծեր անհո գ ութիւն»: Ապա կու խոստովանի որ Ս. Պապին հայրենի խնամքն բաւական էր ամեն բան կար գ ի դնելու, եթէ հակառակողք նորանոր չարիք չհնարէին, որոց ըրածները պատմելու չէ' թէ նամակ` այլ եւ ոչ գ իրք մը կու բաւէր:

Եւ դարձեալ կրկին եւ կրկին կ ՚ աղաչէ` որ զանց չընէ հսկողութիւնը. վասն զի եղած չարիքն բոլոր եկեղեցւոյ վնաս կու սպառնան: «Իսկ ես` ահա երեք տարի կ՚ըլլայ աքսորանացս, որ սովու, սրածութեան, պատերազմի, անդադար պաշարմանց, խելքէ դուրս միայնութեան, ամենօրեայ մահուան եւ Իսաւրացի օրերու մէջ ըլլալով, շատ ու շատ կու մխիթարուիմ ձեր հաստատուն եւ յարատեւ գ թովը, եւ անկեղծ սիրովդ կու զուարճանամ: Ատոնք են իմ պարիսպքս, իմ պաշտպանութիւնս. այդ է իմ անալէկոծ նաւահան գ իստս, եւ անբաւ բարեաց գ անձս, եւ մեծ ուրախութեանց եւ զուարճութեանց առիթս: Այսպէս այս անապատա գ ոյն տեղւոյս մէջ այլ` իմ վշտացս մեծ մխիթարութիւն կու գ տնեմ»: -

Այսպիսի թղթոյ եւ գ րողի` Իննովկենտիոս չէր կրնար ճարտասանական պատասխան մը տալ, այլ կրնար եւ կրցաւ իրեն վայելուչ հայրաբար լեզուաւ խօսիլ. «Թէպէտ եւ պէտք է որ անմեղն` ամենայն բարիք եւ ողորմութիւն յԱստուծոյ յուսալ, սակայն մենք այլ այս թուղթս կու գ րեմք (Կիւրակոս սարկաւա գ ի ձեռօք), յորդորելով ի համբերել. որ չըլլայ թէ անիրաւութիւնն աւելի զօրանայ` ընկճելով, քան թէ բարի խիղճն` յուսալով: Գիտեմ որ ինձմէ սովրելու կարօտ չես դու` այդքան ժողովրդոց վարդապետ եւ հայր, թէ առաքինիք ան գ ամ միշտ կու փորձուին, որ յայտնի ըլլայ իրենց հաստատութիւնն եւ չտկարանալն վտան գ ոց մէջ, եւ երեւնայ խղճի մտաց զօրութիւնն ընդդէմ ամենայն անիրաւ չարեաց. որոց կատարելապէս չյաղթողն` կրնայ երկբայելի ըլլալ: Ամեն բանի պէտք է համբերէ` ով որ նախ Աստուծոյ եւ ապա իր խիղճմտանաց վրայ վստահ է: Արդարն կրնայ ամենայն վշտաց տակ ընկնիլ. բայց յաղթուիլ` ո'չ. վասն զի միտքն ամրացած է վարդապետութեամբ Ս. գ րոց, զոր ժողովրդեան կու քարոզեմք. որք եւ վկայեն` թէ գ րեթէ ամենայն սուրբք զանազան կերպով եւ միշտ չարչարուեցան, եւ իբրեւ կրակով փորձուելով` այնպէս իրենց համբերութեան պսակն ընդունեցան: Արդ հո գ ւոյդ գ իտակցութիւնն մխիթարէ քու սիրտդ, եղբայր իմ ամենասիրելի, որ միայն մխիթարութիւն է առաքինութեան` տառապանաց մէջ: Քրիստոսի Տեառն մերոյ աչաց առջեւ` զտեալ խիղճմտանքն` պիտի ձ գ է խարիսխը ի նաւահան գ իստն խաղաղութեան»:

Ի՜նչ պարզ ուվսեմ, ի՜նչ սրտառուչ եւ երկնախառն խօսուածք երկուց քահանայապետաց. ո՞վ չիտեսներ աստուածային ձեռքն` իր եկեղեցւոյն գ լխոյն ձեռաց մէջ, եւ իր երկնային վճիռն` գ ուշակեալ անոր գ րչովը, քան զոր բարձրա գ ոյն անձ մը չէր կրնար ըլլալ երկրիս վրայ`` Յովհաննու առջեւ: Միշտ մաքուր գ իտակցութիւնն Յովհաննու` ա'յլ աւելի զտեալ այսքան տառապանօք, ուրեմն ուրիշ բանի չէր մնար` բայց եթէ ձ գ ելու իր մեծ խարիսխը ի խորս յաւիտենական խաղաղութեան:

Արդ ինչո՞ւ փութար յետին փոթորիկ կրից նախանձու եւ ատելութեան, քչերու այս ալէկոծ եւ միշտ ծովայաղթ նաւը` իր յետին ծոցը. մինչեւ ցե՞րբ կու տարուբերես զնա ի Կոկիւսոնէ յԱրաբիսոն, յամայութենէ յամայութիւն… փչէ', մէկ մ ՚ այլ փչէ քու յետին դառնութեան շունչդ, եւ անիրաւութիւնն իր գ ործը կատարէ երկրիս վրայ, արդարութիւնն այլ յերկնից հանդիսանայ:

ԻԱ

Եկաւ հասաւ, լեռներ եւ անապատներ անցնելով` այն դժոխաշունչ փոթորիկն, ներքինեաց եւ խաբեբայից խաղալիկ եղած` թոյլ եւ դառնացեալ Արկադեայ հրամանն, խլանալով իր եղբոր (Ոնորիոսի) եւ Պապին խրատուց: Որովհետեւ այնչափ եպիսկոպոսք եւ իշխանք յետ ամենայն ջանից չէին կրնար մեր Խօսնակին ոսկի բերանը լռեցնել, չէին կրնար ար գ ելուլ մեծաւ մասամբ զՅունաստան, զՀայաստան, զԱսորիս, զՓիւնիկէ, զՊարոս եւ զԳոթս, եւ զԻտալիա` իրեն դառնալէն գ թով եւ խնամով, եւ զբոլոր աշխարհ` զնա պատուելէն, վճռեցին ան գ ութքն որ անոր անապատա գ ոյն կարծած տեղէն` այլ եւ շատ աւելի հեռու եւ խոր ամայի անապատ տեղ մը տարուի. որովհետեւ Կոկացիք շատ կակուղ գ տուեցան եւ Հայք մարդասիրա գ ոյն քան զՅոյնս, թող քշուի Յովհաննէս մինչեւ յանկիւնս Պոնտոսի, Լազիստանու բարբարոս բնակչաց մէջ, յանծանօթ տեղին Պիտիւոնտ, (կամ Պիդիհոն ըստ նախնեաց) որ է հիմկու Բիցունտա` ի ստորոտս Կովկաս լերանց Ափխազաց ծովեզերքը, ուր հազիւ նաւ կու մօտենար, եւ ցամաքէն այլ հազիւ թէ մարդ կ ՚ երթար, այնքան անսովոր եւ վախնալու տեղ էր: Ո'հ, ինչուան ու՞ր այլ կու հասնի եղեր նախանձն կոյր եւ կամակոր, եւ ի՞նչպէս դժոխանման խիստ է եղեր այդ կիրքդ` նաեւ այսպիսի անչար եւ արժանաւոր անձի դէմ…: Ի՜նչ ողորմելի արարած եւ ի՜նչ սաստիկ գ ազան է մարդս մարդու հետ: -

Աստուած իմ, ազատէ զմեզ այսպիսի կրքերէ:

Ար գ ելական հիւանդին վերջին ձմեռն այլ անցեր էր. ցանկալի եւ ուշացած գ արունն այլ եկեր էր, ծաղկունք հետ իրարու բացուէին գ ոցուէին, եւ այլ պիտի չբացուէին Ոսկիբերանի աչաց առջեւ: Ո'հ, այլ պիտի չկոխեր նա հեզաքայլ գ արշապարօքը Ջահանայ հովտաց նկարազարդ մարդա գ ետինները, այլ պիտի չդարձնէր դէմքը առաւօտանց Եփրատայ վազած կողմը, կենսաբեր զուարթաբար արե գ ակ մ ՚ ողջունելու, եւ ոչ անմրուր տրտմութեամբ մը` անոր յետին ճառա գ այթից մնաք բարով ըսելու դառնար` դէպ ի զարհուրելի Իսաւրացւոց քարամուր լեռները: - Այլ պիտի չտարածուէր 40 տարի շարժվարժենի ձեռքն մա գ աղաթաց վրայ, երկնից ազդողա գ ոյն պատւէրքները` երկրիս ազնուա գ ոյն լեզուաւ գ ծա գ րելու. - այլ պիտի չերթային թռչելով իր իմաստուն եւ մխիթարալից նամակներն ընդ ծով եւ ընդ ցամաք, այնքան կարոտ եւ տրտմեալ սրտեր սփոփելու, եւ եկեղեցիներ հաստատելու: - Ոսկիբերանն այլ պիտի դադրէր, աշխարհ խլանար, եկեղեցի ամայի մնար, չլսելով զքաղցր ձայն` իւր աննման Խօսնակին:

Իր աթոռը թողլէն եւ աքսորանաց սկզբէն ի վեր` իրեք տարին լրացեր էր, յունիս ամսոյ կէսն էր, արե գ ական ճառա գ այթը շիտակ տեղային Փ. Ասիոյ լեռնադաշտաց եւ տափարակաց վրայ, որ ամառային եղանակին այնքան տաք կ ՚ ըլլան իրենց աշխարհա գ րական լայնութեան դրից համեմատ, որքան ձմեռը ցուրտ են` երկրակազմական դրից բարձրութեանն համար: Յովհաննու նոր աքսորանաց տեղն Կոկիւսոնէն վեր աստիճան դէպ ի վեր հիւսիս էր, եւ չորս աստիճան մ ՚ այլ դէպ յարեւելք, որով կ ՚ իմացուի թէ հոն այլ սաստիկ ձմեռն պիտի ըլլայ, եւ անտանելի մեր փափուկ եւ տկար պանդխտին համար: Հիմայ այլ ի՞նչ դժնդակ պիտի ըլլայ այս 600 մղոնի չափ երկայն ճամբան ասանկ տաք եղանակին, եւ անանկ անկոխ անվար քարուտ լեռնուտ տեղուանք, եւ միշտ դէպ յայն կողմն երթալով` ուսկից կ ՚ իջնեն այն երկիրներու գ ետերն, Ջահան, Ալիւս (Գզըլ-ըրամք) եւ Իռիս (Եշիլ-ըրմա գ ) ըսել է որ միշտ դէպ ի դար վեր պիտի ելնէր աքսորեալն: Եթէ այսքան դժարութիւնք կասկածել կու տան անոր ողջ հասնելուն այն դժար եւ հեռաւոր ար գ ելանին, ի՞նչ ըսելու է, Հայկակ, եթէ քշուելուն կերպն այլ յիշենք: -

Հալածողքն գ աղտուկ պատուիրած էին սուրբը տանողներուն, որ ամենէն անշէն եւ անկոխ տեղերէն անցնեն, ամենեւին չխնայեն, հան գ իստ չտան իրենց ձեռքը մատնուածին. եւ մէկ խօսքով` (զոր լաւ իմացուցին անոնց) նային որ ի Պիտիւոնտ չհասած` ճամբուն վրայ անոր բանը լմընցընեն. եւ եթէ այսպէս ընելու ըլլան` մեծ վարձք կ ՚ ընդունին եւ զինուորութեան մէջ առաջ կ ՚ երթան: Վասն զի այս դահիճ` քան վարիչ ըսուածքն` արեւէ արիւնէ անցած երկու ահարկու վայրա գ զինուոր էին. ո՞վ գ իտէ թէ ի՞նչ բարբարոս ազ գ է կամ կրօնքէ, (եթէ կրօնք այլ ունէին այնքան ան գ ութ անկրօն հալածչաց պաշտօնեայ եղողքն): Բաւական ըլլայ ըսելն` որ իրենց պաշտօնը յանձնուածին համեմատ կատարեցին, մանաւանդ մէկն. անանկ որ այն երկայն ճամբուն հազիւ քառորդ կամ երրորդ մասն ըրած` քշողք եւ քշել տուողք իրենց վախճանին հասան: Կոկիւսոնէ ի Կոմանա, ուր որ միայն կրցաւ հասնիլ Սուրբն, շիտակ գ ծով այլ 150 մղոն մը կ ՚ ըլլայ, իսկ իրեն քշուած ծուռ մուռ ճամբաներով` որ մեզ անծանոթ է, թերեւս կրկին երկնցած ըլլայ, այս յայտնի է որ երեք ամսոյ չափ քշեց:

Երե՜ք ամիս անդադար մարտիրոսութիւն մը, երկու աւազակ դահճաց ձեռք` այն ճամբուն վրայ… Ո՞վ կրնար դիմանալ. - միայն Ոսկիբերան: - Իր վերջին ըսած խօսքէն յայտնի է` որ առաջին ըսածն այլ էր, այն` զոր ստէպ կ ՚ ըսէր եւ ըսելէն դադրիլչեմ կրնար կ ՚ ըսէր. Փառք քեզ Աստուած, յաղա գ ս ամենայնի: - Քանի՞ սրտապատառ էր լսելն զայն վերջին ան գ ամ` Կոկաց քարերուն եւ ջրերուն մէջ, որք երբեմն աշխարհիս ամայա գ ոյն տեղն` հիմայ դրախտ մը դարձեր էին մեր Խօսնակին. - ո՞վ լսեց այն Ոսկիբերնին վերջին մնաս բարովը` առ երեք ամեայ նժդեհութեան տեղը. առ այն ծխոտ մխոտ խցիկը տանն Դէոսկորի, որ Անտիոքայ եւ Բիւզանդիոնի պատրիարքական բեմից փոխանակ եղեր էր: - Թերեւս երանելի Պապին ըսածին պէս` բաց յԱստուծոյ եւ ըսողին գ իտակցութենէն` ոչ ոք լսեց: - Վասն զի կ ՚ երեւի թէ անկարծ եւ անակնկալ ( գ ուցէ եւ գ իշեր) ատեն` խաւարասէր բուիճակաց նման` վրայ հասան չարամա գ իլ վայրենի որսորդք, եւ խլեցին մեր անդէն անմեղ եկեղեցւոյ Խօսնակ վարուժանը, չթողլով բան մը հետն առնուլ, բաց անկէ զոր չէին կրնար ար գ ելուլ. - իր ադամանդ սիրտը:

Ո՜վ Տէր, ինչե՞ր կրեց քու հրաշակերտդ, այն մեծ սիրտն` իր երկրաւոր կենաց այս յետին երեք ամսուն մէջ. ինչե՞ր ազդեցին անոր իր մարմնոյն կրած չարչարանքն, անճոռնի չարչարողաց կերպարանքն, խօսքերն, գ ործերն. - անծանօթ եւ անմարդի տեղեաց դժուարութիւնն, լռութիւնն, սոսկումն, եւ ծայր ճոթ չերեւիլն. - զուրկ, հեռի եւ մենիկ մնալն ամեն սրտակցէ, ամեն բարեկամէ, ամեն մխիթարչէ. - ոչ խօսիլ եւ ոչ գ րել կրնալն առ Ոլոմպիադա եւ առ այլ թղթակիցսն. - այնքան հաւատարմաց ջանքէն` եւ խոստմունքէն միայն ամենէն մեծին` սրբազան Պապին վերջին խօսքին ստու գ ուիլն, թէ «Փորձուած զտուած խղճմտանքն` պիտի ձ գ է իր խարիսխը ի նաւահան գ իստն խաղաղութեան». խօսք մը` որ միայն լռին արձա գ ան գ մը կ ՚ ըլլար իրեն անդադար եւ յաղա գ ս ամենայնի` Աստուծոյ փառք տալուն: - Ո՜վ երջանիկ հայկական ճանապարհ, - թէպէտ եւ դժնդակ, այո', եւ մահառիթ մեր Սրբոյն. - այլ դու քեզի երջանի՜կ` որ անոր յետին քայլից կնիքն առիր. ո՜ւր էր թէ յայտնուէիր. գ տանէի տեսնէի այն ուխտա գ նալի հետքը, եւ թէ սողալով այլ հարկ ըլլար` անցնէի Ոսկիբերան Խօսնակիս յետին անցքէն: - Հարաւէն ի հիւսիս բոլոր Փոքր Հայոց երկայնքն էր այս եռամսեայ ճամբան, գ րեթէ ճիշդ երկու Հայոց բացաձի գ սահմանաց միջոցն, ի Կոկիւսոնէ ցԿոմանա: -

Մարդկութեան մեծա գ ոյն ամօթոյ գ ործոց մէկը ծածկելու համար, կամ Աստուծոյ ընտրելոյն` միայն իրեն համար քաշածը մենէ գ աղտուկ պահելու համար, այս յետին ժամանակին լուրերն չհասան յերկիր, միայն երկինք գ իտեն. իսկ մեզի այսչափ յայտնեցաւ, որ շատ անխնայաբար եւ նեղութեամբ քշեցին զսուրբն այն ճամբէն, ամենեւին չնայելով օդոց եւ գ ետնին անհարթութեան, եւ աքսորելոյն տկարութեանը: Օր հասարակի տապախառն տաքի ատեն քաշկըռտելով կու տանէին Սուրբը` հետեւակ եւ ցաւա գ ին ոտքով. գ լխէն այլ ծածկոցը խրած` անմազ գ ա գ աթը, որ Եղիսէին նման կունտ էր, կ ՚ ըսէ հաւատարիմ պատմիչն` կու թողուին չարաչարտոչորելու, արդէն ինքն ենթակայ էր գ լխի տախութեան եւ ցաւոց. իսկ հոս հիմայ ի՞նչ կ ՚ ըլլար: Երբեմն այլ սահանաբաց երկնքէն անձրեւի ատեն` ճամբայ ընել կու տային. ջուրն կռնըկէն եւ գ ո գ էն վար կ ՚ իջնէր կ ՚ ողողէր բոլոր մարմինը… Եւ ասոնք կրողն ո՞վ էր. - Ոսկիբերա՞ն, այն մէկիկ Խօսնակն եկեղեցւոյ, եւ ի՞նչ ատեն կրէր այն քրիստոնէութեան պայծառ եւ խաղաց ատենը, կայսերութեան փառաց եւ ճոխութեան մէջ… Այսքան կիրք եւ այսքան քաղցր համբերութիւն` գ ուցէ քարերն ան գ ամ ճաթեցընէին. քարասիրտ դահճաց մէկն այլ նման Քրիստոսի քովի աւազակաց մէկուն` յիշեց որ ինքն այլ իր քշածն այլ մարդ են, շարժեցաւ վերջապէս ի գ ութ մինչդեռ ընկերն ձախակողմեան այլ աւելի խստանալով խոժոռէր ապառաժնար, սպառնար, հայհոյէր, թէ որ մէկն իրեն աղաչէր որ քիչ մը գ թով վարուի, հարկ կ ՚ ըլլար որ միւսն շատ հեզ չհետեւի սրտին ազդմանցը, վախնալով հալածողաց չարութենէն եւ ընկերին մատնութենէն, բայց երբ նա քիչ մը հեռացած ըլլար, ձեռքէն եկած օ գ նութիւնը կ ՚ ընէր Սրբոյն:

ԻԲ

Այսպէս չափեցին այն ծանր եւ երկայն երեք ամիսները. կտրեցին անցան բոլոր Ջահանայ եւ Սիհունի եւ Ալիւսայ բարձրատափերը, հասան Իռիսայ հարաւային օժանդակին (Թօզանլը-սու կամ Թօ գ ադ-սու). անցան զայն այլ, եւ եկան ի Կոմանա կամ Կոմանիս, քաղաքաւանը, որ գ րեթէ միջասահման է Փոքր Հայոց եւ Պոլեմոնական Պոնտոսի, Դասեմոնեան դաշտին մէջ (Գազ-օվասը), Եւդոկիա (Թօ գ ադ) քաղաքէն 7-8 մղոն հեռու դէպ յարեւելեան հիւսիս, եւ դեռ ծանօթ Կիւմէնէք անուամբն. որ հին ատեն անուանի ուխտատեղի էր Անահտայ կամ Լուսնի դից` (Մա կամ Մահիկ անուանեալ), եւ մեծ տօնավաճառ Հայոց, ուր քրմապետն գ րեթէ թա գ աւորական իշխանութիւն ունէր, եւ հազարաւոր քուրմեր ու քրմուհիներ: Քրիստոնէութիւնն ջնջեց զանոնք եւ զտեղին նուիրեց Աստուծոյ ճշմարտի: Մեր Լուսաւորչի ատեն Կոմանա առանձին եպիսկոպոս մ ՚ ունէր Բասիլիսկոս անուամբ` որ բնիկ Ատիոքացի էր. այն ատեն Հռովմայեցւոց իշխանութեան տակ էր Կոմանա. եւ մինչեւ Հայաստան Տրդատայ ձեռքին տակ կու վայլէր ի նորընկալ քրիստոնէութեան, հոս Մաքսիմիանոսի հալածանօք կու նեղուէր, որ եւ պատճառ եղաւ եպիսկոպոսին նահատակութեանն ի Նիկոմիդիա (312), ուսկից բերին մարմինն եւ առ քաղաքաւանէն քանի մը մղոն հեռու թաղեցին, վրան այլ եկեղեցի մը կան գ նեցին, ու եղաւ անուանի վկայարան մը:

Արդ հօս իր հայրենակցին հան գ ստեան քով` հան գ չեցաւ Ոսկիբերան սեպտեմբերի 13-ին գ իշերը. եւ երբ Յակոբ նահապետի պէս` իր յօ գ նած եւ ցաւած գ լուխը դրաւ այն սուրբ քարին, տեսաւ փափա գ ելի տեսիլքն այլ. հանդերձեալ երանութեան լուսեղէն սանդուղն, ուսկից աւետաւոր գ ալով Ս. Բասիլիսկոս` ըսաւ. «Զօրացի'ր եղբայր իմ Յովհաննէս, վաղիւ ի միասին լինիցիմք առաջի Քրիստոսի»: Նոյն Սուրբ վկայն, կ ՚ աւանդեն, թէ երեւցաւ իր նշխարաց պահապան քահանային այլ, եւ պատուիրեց իր հան գ ստարանին քով տեղ պատրաստել Յովհաննու:

Ծա գ եցաւ վաղուեան օրն, որն մեծ եւ յաւուրս Ոսկիբերանի, Մարմնոյն տկարութենէն եւ յայտնուած տեսիլքէն գ իտնալով` որ այլ ամեն բան իրեն համար լմննալու վրայ է, փափա գ եցաւ գ ոնէ կենաց վերջին օրը հան գ ստեամբ պատրաստուիլ` նոր կենաց առաջին եւ անվերջանալի օրուան. խնդրեց պահապաններէն` որ ուշանան հոն ինչուան ժամը հին գ: - Ո՜վ խեղճ խնդիրք, եւ անխիղճ փոխարէն: - Չէ' չըրին իրեն այս շնորհքս այլ, զոր գ թութիւնն չիզլանար յանցաւոր մահապարտաց ան գ ամ. եւ բռնաւորք շատ հեղ ասանկ բանի դէմ չեն կենար: Բայց Ոսկիբերան մը` ասոր այլ արժանի չեղաւ: Յիշեց իր գ երա գ ոյն տէրն ու վարդապետը` երկու աւազակաց մէջ չոր փայտի վրայ գ ամուած, ծարուած, մեռած: Դարձեալ փառք տուաւ Աստուծոյ, եւ ելաւ. թող տուաւ որ քաշքըշեն վատուժ եւ երերտըկող մարմինը, զոր իրենցմէ աւելի իրեն կու քաշէր հողն յետին հան գ ստեան: Կիսափետ կիսախեղդ հաւկի մը պէս առին հրեցին քշեցին, ինչուան 30 ասպարէզ (3-4 մղոն) առապար երկրի վրայ. վերջապէս հասկըցան որ եթէ քիչ մ ՚ այլ առաջ քշեն` ձեռուընին մաշած կմախք մը պիտի մնայ, որոյ մէջ արդէն միայն սիրտն ու միտքն եւ քիչ մ ՚ այլ շրթունքն` ողջ կ ՚ երեւէին: Իրենց անարժան վարձուց վախճանն հասած էր. ուրեմն գ ոհութեամբ փութացան նորէն յետ դառնալու. նորէն այն երկայն ասպարէզներէն քաշելով քշելով բերին հո գ եվար Խօսնակը. անկէ ետեւ անօ գ ուտ բեռան մը պէս` ձ գ եցին իր փափա գ ած հան գ ստարանին քով:

Հասաւ առաւօտանց ժամադրեալ ատենն. այն վերջին ժամուն մէջ այլ այնպէս մեծ եւ վսեմ երեւցաւ Ոսկիբերան, ինչպէս չէր երբէք երեւած իր Կ. Պօլսի բարձր բեմէն կայծակնաբար բարբառելուն ատեն: Ոչ մահացու եւ ոչ անմահ, այլ թէ կրնամ ըսել` աստուածակերպ իմն երեւցաւ. երկրաւոր աստուած մը` որ երկնաւոր Աստուծոյ կ ՚ աւանդէ իր հո գ ին: Մտնելով ի վկայարան սրբոյն Բասիլիսկոսի` պահ մը բոլոր ցրուեալ ոյժը ժողովեց, իբրեւ արե գ ակն իր երեկոյեան ճառա գ այթները. որոց վրայ բարձրա գ ոյն ճառա գ այթ մ ՚ այլ աւելի կու փայլէր. - մերձեցեալ անմահութիւնն: - Ո'չ որպէս մտաւ յաշխարհ, այնպէս ելաւ յաշխարհէ. այլ գ իտութեամբ, յօժարութեամբ եւ վեհ հանդարտութեամբ, միան գ ամայն եւ մեծ պատրաստութեամբ: Մահուան օրն է բանականը անբաններէ զատողն եւ ոչ ծննդեան օրն: - Մէկ կողմէն կորուսած` մէկ այլ կողմանէ առած ուժովը` կան գ նեցաւ, եւ հոն վերջին սպասաւորութիւն մ ՚ ընելու եկողներէն` ուզեց նոր եւ մաքուր լաթե. իր եռամսեայ եւ եռամեայ պանդխտութեան քճքճեալ եւ աղտեղեալ զ գ եստիկը հանեց, տուաւ փափա գ ողաց. եւ ինքն գ լխէն ինչուան ոտից աման` մաքուր ճերմակ հա գ աւ. իբրեւ հարսնութեան գ ացող կոյս մը` իր պարկեշտ եւ խաչազ գ եաց մարմինը զարդարել ուզելով. անոնց վրայ առաւ քահանայութեան սուրբ զ գ եստներն եւ նշաններն այլ. եւ ջահավառեալ աշտանակի մը պէս կան գ նեցաւ առաջի Աստուծոյ. մատոյց սուրբ խորհուրդը, հաղորդեցաւ ընդ Կենարարին, ընդ որում բոլորովին խառնուելու վրայ էր: Վերուց մէկ մ ՚ այլ իր աներկրաքարշ բազուկները, դարձուց ի վեր սրբահայեաց աչքերը, կեցաւ յաղօթս, ի զմայլումն, ի փոփոխումն….:

Արդեօք Ահարոն ի գ լուխ Հովր լերին, կամ Մովսէս ի գ լուխ Աբարիմայ` ասկէ վսե՞մ էին իրենց վերջին վայրկենին: - Ոսկիբերան ըսաւ իր երկրաւոր կենաց վերջին խօսքն առ Աստուած. ապա կռթընեցաւ, հան գ չեցաւ, ողջունեց չորս կողմն եղողները. եւ ամենուն լսելի ու զուրթ ձայնով` յետին ան գ ամ եւ յետին բան ըսաւ, Փառք քեզ Աստուած, յաղա գ ս ամենայնի, վրան աւելցընելով` Ամէն. որոյ յետին վան գ ը հազիւ լմնցուց, կամ դեռ եւս կու հնչէ յաւիտենական երանութեանց մէջ:

ԻԳ

Աստուածային հիանալի տեսչութեան եւ երկայնամտութեան քաջանշան մէկ հանդէսն այլ այսպէս հոս կատարեցաւ, այսպիսի մեծ եւ արդարեւ Մեծ անձի մը կենօք եւ վախճանաւ. զոր Տէրն իր ամենէն սիրելեաց պէս` թողեր էր յառերեւոյթ կամս վարչաց կամ բռնաւորաց երկրի: Եւ երբ ասոնց կարծած փափա գ ն ի գ լուխ ելաւ, եւ նախանձն հասաւ մինչեւ ի վրէժ մահուն, երկինք` որ եւ յերկրի պատուեն զսուրբս իւրեանց, անծանօթ կերպով մը դրդում ձ գ եցին նոյն օր նոյն ժամուն` հեռաւոր եւ զանազան ժողովըրդոց բարեսէր անձանց, որք գ րեթէ առանց իմանալու իրարու շարժելուն պատճառը` եկան գ տուեցան ի Կոմանա. բազմութիւն բարեպաշտից, մանաւանդ միանձանց եւ կուսանաց` ի Հայոց, ի Պոնտոսէ, յԱսորւոց եւ ի Կիւլիկիոյ. եւ միաբան պաշտամամբք, աղօթիւք, եր գ օք եւ արտասուօք, եւ ամենայն կար գ օք եկեղեցւոյ, մեծաւ ս գ ով եւ սիրով իջուցին հան գ ուցին չարչարակիր եւ սրբազնեալ մարմինն ի տապան, Ս. Բասիլիսկոսի նշխարաց քով. քաշելով վրան ծանր եւ մեզի սրտակտուր կափարիչը, որ ծածկեց յաչաց երկրի` իր 33 (կամ 30) տարի տարփալի տեսարանաց մէկը:

Ո'հ, ի՞նչպէս կրնամ ես հեռանալ այս կափարչէս, Հայկակ, առանց հրաւէրք մը տալու` նախ այն նախանձոտաց` որ յայսքան վիշտ, մահ եւ յօտար գ երեզման դատապարտեցին այս վեհա գ ոյն մարդը: - Եկէ'ք ուրեմն, ո'վ ժողովք ժանտից… (բայց չէ'. իմ հեզ եւ անյիշաչար վարդապետիս գ երեզմանին քով` ի՞նչպէս զձեզ անուանեմ). - եկէք ըսեմ, ո'վ մոլորեալք, Թէոփիլեանք եւ Եւդոքսեանք, տեսէ'ք ըրածնիդ: Ատելութիւն եւ նախանձ ինչուան այս ատեն այսքան մեծ որս մ ՚ ըրա՞ծ էին արդեօք. - արդեօք տեղ մը այսքան մեծ արժանիք եւ արդիւնք` այնքան չնչին պատճառօք` այսպիսի ցաւալի եւ անարժան փոխարէն մ ՚ ընդունե՞ր էր: Ո՞վ այսպիսի Ոսկիբերան մը չարութեամբ լռեցուց. ո՞վ ասանկ ադամանդ սիրտ մը, ասանկ ան գ իւտ գ անձ մը ջանաց կորսնցնել: Յիրաւի այնքան մեծ է ձեր յանցանքն, ամօթն եւ խայտառակութիւնն` առաջի ամենայն ազ գ աց եւ դարուց, որչափ փուճ եղաւ ջանքերնիդ: Ոսկին այն` մշտափայլ կայ մնայ մթնցընելով ձեր ժան գ ը. ադամանդն այն` որուն հետ զարնուեցաք` մանրելով ցրուելով զձեզ` կու մնայ անմաշ:

Բայց դուք, կի՜րք չարածնունդք, որ բոյն դնելով ի սիրտ մարդկան` կու ծնանիք ամեն ժամանակ, դու դեղնած նախանձ, եւ դու ժանեւո՜ր զրպարտութիւն դուք մինչեւ ցե՞րբ կու հալածէք զանոնք, որոց սրտին մէջ չկայ ձեր տեղն: - Եթէ քիչ ան գ ամ այդպիսի մեծ անձ կու գ այ յաշխարհ, կամ մէկ միայն Ոսկիբերան, սակայն քանի՞ քանի՞ բարեսիրաք եւ բարեմիտք` ձեր զինուց եւ ժանեաց զոհ կ ՚ ըլլան. - քանի՞ բերանք` գ ոնէ արծաթիք եւ անուշիկք` ձեր շըչելովն` համրացան. - քանի՞ մար գ արտանման մաքուր սիրտք` ձեր ցաւէն փշրեցան. - քանի՞ գ րիչք` որք երկրիս վրայ կրնային անջինջ գ իծ մը թողուլ, ձեր բռնութենէն դադրեցան կամ կոտրեցան. - որքան ճշմարտութիւնք ձեր ստութենէն փախստական եղան եւ լռեցին իսպառ. - ո՞րքան պայծառ նշոյլք` ձեր խաւարին մէջ թաղուած մնացին. - եւ ո՞րքան անմահ մնալու մարդկանց` դուք շուտով գ երեզման փորեցիք, կամ թէ եւ ողջ ողջ կորստեան կափարիչը վրանին կռթնցուցիք:

Իսկ դուք, ո՜վ ազնիւք, որոց երկինք շնորհեցին չափով մը` Յովհաննու նմանութիւնը, - ճշմարտութիւն, հանճար, գ որով եւ հալածանք. - դուք` կշռեցէ'ք ձեր չափը ձեր կիրքը, եւ ձեզմէ առաջիններուն կրածը. եւ եթէ իմ ազ գ ակիցս եւ արենակիցս այլ էք, յիշեցէք ձեր նախնի Ներսէսները, Մովսէսները, Սահակները, Եղիշէն, Խոսրովիկն ու Ղազարը. եւ եթէ բաւական չեն ձեր այրած սրտին` ասոնց կիսաքանդ անայցելու գ երեզմաններն, եկէ'ք հոս ի տաա գ իր տապան մեծի Խօսնակին Եկեղեցւոյ: Հո'ս, կամ չդիմանալով` այս կափարչին վրայ դուք այ փշրեցէ'ք, եւ կամ համբերութեամբ դիմանալով, «Փա՜ռք քեզ Աստուած յաղա գ ս ամենայնի» կանչեցէք, ու լռեցէ՜ք:

ԻԴ

«Իսկ քեզի, ո՜վ երանելիդ Յովհաննէս, ի՞նչ խօսքերով կրնամ անթառամ պսակ մը հիւսել, կամ հիւսածս դնել, յանդը գ նելով գ ովել զքեզ` յետ ելնելուդ յասպարիզէ այս կենացս. վասն զի անցար ազատեցար դու մրրկաց վտան գ ներէն: Արդեօք այն մովսիսական ծաղկանց պսա՞կն հիւսեմ` որով պսակեց նա օրհնելուն ատեն զժրա գ ործն Յովսէփ եւ զաստուածարեալ քահանայն Ղեւի. վասն զի երկուքն այլ կու տեսնեմ ի քեզ: Յօրհնութեան Տեառն երկիր քո. ի ժամանակաց երկնից եւ ի ցօղոյ, եւ յանդընդոց աղբերաց ի ներքուստ. ի ժամանակի արդեանց արե գ ական փոփոխմանց, եւ ի գ ումարելոյ առ միմեանս ամպոց. ի գ ա գ աթանց լերանց ի սկզբան եւ ի գ լխոց բլրոց մշտնջենաւորաց եկեսցեն ի վերայ գ լխոյ (Յովհաննու) եւ ի վերայ գ ա գ աթան փառաւորելոյն ի մէջ եղբարց: Անդրանիկ ցլու գ եղ նորա, եւ եղջիւրք միեղջերոյ եղջիւրք նորա. խեթկեսցէ նոքօք զազ գ ս միան գ ամայն` մինչեւ ի ծա գ ս երկրի: - Տուք (Յովհաննու) զյայտնութիւն նորա, եւ զճշմարտութիւն նորա առնն անարատի, զոր փորձեցին փորձանօք եւ բամբասեցին զնա ի վերայ ջրոցն հակառակութեան. որ ասէր ցհայր իւր եւ ցմայր իւր` թէ ոչ տեսի զքեզ. եւ զեղբարս իւր ոչ ծանեաւ, եւ զորդիս իւր ոչ գ իտաց: Զ գ ուշացաւ բանից քոց եւ զուխտ քո պահեաց: Պատմեսցեն զիրաւունս քո Յակովբայ, եւ զօրէնս քո Իսրայելի. գ իցեն խունկս ի բարկութեան քում հանապազ ի վերայ սեղանոյ քո: Օրհնեա', Տէր, զզօրութիւն նորա, եւ ընկա'լ զ գ ործ ձեռաց նորա. խորտակեա' զմէջս ի վերայ յարուցելոց թշնամեաց նորա. եւ ատելիքն նորա մի' կան գ նեսցին»: Իսկ ես աւելցնեմ զայս այլ, թէ' «Որք սիրենն զնա, Տէր Յիսուս, մի' ամաչեսցեն, զի քո է կարողութիւն յաւիտեանս. ամէն»:

Հապա մենք, Հայկակ, լռե՞նք հոս, թէ դառնա՞նք արտասուա գ ին աչք մը տանք քեզի այլ, ո՜վ ապիրատ քան ապերախտ քաղաք Կոստանդիանու. որ քարկոծէիր եւ հալածէիր զառաքեալսն առ քեզ ի Տեառնէ, զԱստուածաբանս եւ զՈսկիբերանս, որ ոչ կամեցար կամ թէ ոչ կամեցան ժողովել զմանկունս քո` որպէս ձա գ ս հաւուց ընդ թեւովք այսպիսի հարց. ահա թողեալ լիցի եկեղեցի քո աւերակ տխրորակ, մինչեւ ասիցես վասն հովուին քո Յովհաննու` օրհնեալ եկեալն յանուն Տեառն:

Անհնար է նկարա գ րել Ոսկիբերանի մահուան ազդեցութիւնն այն մեծ քաղքին եւ բոլոր թեմին, բոլոր եկեղեցւոյ մէջ. - հաւատարմաց սըրտաբեկութիւնը, Ոլիմպիադեանց սու գ ը, երկու բաժանեալ կողմանց այլ ափշութիւնը, բարեսիրաց արտասուախառն յերկինս նայիլը, ձախակողմեանց սեւերես ակնկորութիւնը, ոմանց հանդարտ եւ այլոց ալէկոծեալ խիղճը, եւ մանաւանդ ասոնց մէջ ամենէն աւելի պատասխանատու կամ պարտական եղող` Արկադիոս կայսեր տա գ նապը, որ եւ սրտահար ըրածին եւ տեսածին վրայ, թէպէտ ջանաց քիչ մը դարման ընել, բայց յետ քանի մ ՚ ամսոց դեռ միջակ հասակին մէջ իջաւ ի գ երեզման, կենդանութեան ատեն տեսնելով` հալածեալ սրբոյն հակառակորդաց շատին տարաժամ եւ դժնդակ մահերը, ինչպէս ոմանցն առաջ յիշեցինք. եւ ոմանք այլ անոնցմէ աւելի չարաչար ցաւերով, խելաթափութեամբ, բերաննին խեղաթիւրելով, շըրթունքնին որդնոտելով, ջր գ ողութեամբ, համրութեամբ, եւ այլ պէսպէս ցաւալի կերպով մեռան: Մնացեալներէն շատն սմքեցան, ձայներնին քաշեցին, ոմանք ի կեանս եւ ոմանք մեռնելու ատեն զղջացին. ինչպէս ամենուն պարա գ լուխն Թէոփիլոս պատրիարքն, որ չկրցաւ, կ ՚ ըսեն, վերջին շունչը տալ` ինչուան որ յերկնից քաւիչ եւ օ գ նական չկանչեց իր վրէժխնդրութեան սուրբ զոհը: Զասոնք տեսնելով խորա գ էտն Ատտիկոս` Արշակայ պէս ապօրէն յաջորդ աթոռոյն Կ. Պօլսի, (որ եւ ամաչելով խոստովանիմ` որ ազ գ աւ Հայ կ ՚ ըսուի ի Սեբաստիոյ քաղաքէ). աւելի ճարպիկ քան գ իտուն, վերջապէս լեզուն նաեւ սիրտն այլ փոխեց. հրամմեց որ իր վարդապետին անունն այլ խառնեն յեկեղեցիս` Ս. հայրապետաց հետ, եւ ինքն այլ իբրեւ սուրբ եւ Ոսկիբերան հռչակէր զնա, եւ գ րէր իսկ առ մերս Ս. Սահակ, որպէս տեսանք ի սկզբան: Ասով սկսան Յովհաննիսեանք եւ հակառակողք` իրարու մօտենալ, բայց դեռ կատարեալ միութիւն չեղաւ, որովհետեւ յետ Ատտիկոսի ուրիշ բռնաբարողք եւ ոչ արժանավայելք` յաջորդեցին. մինչեւ յետ երեսուն ամաց նստաւ երանելին Պրոկլ (434), աշակերտ եւ ունկնդիր մեծի հայրապետին, բայց դեռ չվերցաւ Կ. Պօլսի եկեղեցւոյ սեւ քողն, եւ ոչ արհաւիրք քաղաքին յերեսաց Աստուծոյ, եւ դեռ կու դողար կու դղրդէր գ երեզմանն Եւդոքսեայ…

«Երեսուն եւ մէկ տարի յետ վախճանի Սրբոյն` յանար գ աքսորանս Պոնտոսի, կ ՚ ըսէ իտալացի վարդապետ մը, եպիսկոպոսն Պրոկլոս Կ. Պօլսի մէջ ներբող մը խօսելով ի պատիւ սրբոյն, անանկ կենդանի կերպով նկարա գ րեց անոր արդիւնքը, անանկ արժանաւորապէս բարձրացուց անոր առաքինութիւնները, որ բոլոր ժողովուրդն չդիմանալով` սկսաւ կանչել որ բերեն իրենց հայրապետը: Այն ատեն Պրոկլ` գ ր գ ռեալ ժողովրդեան երեսփոխան ըլլալով, դարձաւ առ կայսրն Թէոդոս (Փոքր) որ հոն ներկայ էր, եւ յորդորեց որ կատարէ այս օրինաւոր փափաքը, եւ ձեռք ձ գ է այն ան գ ին գ անձը: Կայսրն որ արդէն մեծապէս փափա գ էր այս բանիս, այս ձայներէս աւելի բորբոքեալ, մէկէն հրաման տուաւ որ նուիրակք պատրաստուին` եւ երթան բերեն ի Կոմանայէ ի Կ. Պօլիս` փափա գ ելի մարմինը: Ծերակուտէն պատուաւոր անձինք ընտրուեցան ի նուիրակութիւն, զինուորք ի պահպանութիւն, պալատականք յընկերակցութիւն, ճարտարա գ էտք ի գ ործավարութիւն, եւ կառք ի յուղարկաւորութիւն:

«Բայց երբ հասան ի Կոմանիս, եւ ուզեցին այն պատուական աւանդը վերցընել իր տեղէն, անշարժ եւ անկամ գ տան զանիկայ: Ի զուր հազար ձեռք զարկին, հազար նի գ դրին քարը շարժելու, անկարելի եղաւ. ամըչնալով սրտակտուր գ րեցին առ ինքնակալն` թէ Յովհաննէս չուզէր դառնալ գ ալ, Թէոդոս այլ լսելով սոսկաց, ափշեցաւ, խռովեցաւ. վերջը ուշաբերելով եւ գ երա գ ոյն մտածութեամբ մը թուղթ գ րիչ ուզեց, եւ ի ծունկ ընկած` իր ձեռօք երկայն աղերսա գ իր մը գ րեց առ սուրբն` որպէս թէ կենդանի ըլլար, յորդորելով եւ աղաչելով որ հաւանի դառնալու իր աթոռը: Ստորա գ րեց անունը, ծալլեց, կնքեց թուղթը եւ յանձնեց քաջընթաց սուրհանդակի մը:

«Կրնայ գ ուշակուիլ թէ ի՞նչ զարմանք եկաւ ծերակուտին` երբ արքունի հրովարտակն առնըլով` տեսան վրան այս անկարծելի հասցեն, Առ հո գ եւոր հայրն հո գ ւոց եւ տիեզերաց վարդապետն Յովհաննէս Ոսկիբերան: Շուտ մը գ ացին ի գ երեզմանն, եւ մինչդեռ ոմանք ջերմեռանդութեամբ չորս դին կենային, ոմանք անուշահոտ բուրվառներով, ուրիշներն այլ պայծառափայլ ջահերով, ծերունեաց գ լխաւորն առաջ անցաւ, եւ պատկառանօք պա գ նելով նամակը, Այս գ իրս, ըսաւ, կու խաւրէ հայրութեանդ` քու ծառայդ եւ իմ տէրս Թէոդոս: Եւ իբրեւ թէ հրաման առնըլով` կարդաց անոր, յետոյ այնպէս բաց թուղթը` կուրծքին վրայ դնելով` ընկաւ ի ծունկ, եւ սկսաւ ուրիշներու հետ աղաչել, որ իր մեծահո գ ի բարեսիրութեամբն յանձն առնու աղաչողաց խոնարհութիւնը: Կարծես թէ սրբոյն դէմքն այլ պարզելով` սիրտ տուին անոնց, որք երբ նորէն ձեռք զարկին հանելու` անանկ դիւրաշարժ գ տան, որ մէկէն ուրախութեամբ պատրաստուեցան ճամբայ ելնելու:

«Երկայն կ ՚ ըլլար պատմելն թէ ի՞նչ շքեղ զարդուք, ինչ ջերմեռանդութեամբ եւ ինչ խուռն բազմութեամբ ժողովրդեան` մեծայար գ ի քահանայից ուսոց վրայ դրած` բերին մինչեւ ի Քաղկեդոն: Հոնհասեր կու սպասէր ինքնակալն ամբողջ տորմղաւ մեծ ու պզտիկ եւ պայծառ զարդարած նաւերու. եւ իր պարա գ լուխ փառազարդ նաւովն առաջ անցնելով, ի ծունր իջած ընդունեցաւ հոն սրբազան աւանդը, եւ ի հնչել ուրախաձայն փողոց եւ քնարաց, թըմբկաց եւ տաւղաց` նշան տուաւ որ մէկէն դէպ ի Կ. Պօլիս դարձընեն նաւերը: Թողունք հիմայ որ ինքնին ծովն պատմէ, թէ տեսե՞ր էր երբէք ասոր նման գ եղեցիկ յաղթանակ: Ամեն կողմի ծովեզերքն մինչեւ հեռաւոր սահմաններ` փայլ փայլ ցոլային ջահերով եւ լապտերներով. երկինք հանդարտ ծիծաղէր, ալիք խաղաղ ծածանէին, եւ հազիւ հեզիկ զեփիւռներ անուշիկ մը ջրերուն զարնելով թեւերնին` կարծես թէ կ ՚ ուզէին նուա գ աց հնչման հետ ներդաշնակել ալեաց մրմունջը: Ամեն նաւ ոսկիով կու շողշողէր, ամեն առա գ աստ ծաղկով պսակած էր, եւ ամեն ցռուկք նաւուց` բոցով նշանաւորեալ: Առջեւէն հասարակ նաւերն կ ՚ երթային, յետոյ ազնուականացն, եւ ամենուն ետեւէն` ծովապետականն, որ եւ ամենէն աւելի աչքի կու զարնէր թէ' ահեղ մեծութեամբն, թէ պայծառութեամբ լուսաւորութեանն, եւ թէ պճնապաճոյճ զարդարանօքն:

«Գրեթէ նաւահան գ ստին մօտեցեր էին, երբ յանկարծ մէկ վայրկենի մէջ երկինք մրրկելով եւ ծով խռովելով` անանկ ահաւոր փոթորիկ մը փըրթաւ, որ առա գ աստները պատըռտելով, կայմերը կոտրտելով` ցիրուցան ըրաւ նաւատորմիղը: Ո'հ, ի՞նչպէս յանկարծակի գ ոհաբանական սաղմոսներն` փոխուեցան ի հառաչանս զարհուրանաց: Մէկն կու վախէր թէ հիմայ պիտի խղդուի, մէկայլն ընկերին կենաց վրայ կու դողար, եւ աւելի շատերն կու վախէին կորսնցընելու այն սրբազան աւանդը. որպէս թէ ծովն` որ եւ զայրացած զզուած դուրս կու ժայթքէ ուրիշ դիակերը, այս մարմնոյս սովեալ եւ կարօտ ըլլայ: Բայց ամեն վախ եւ կասկած փարատեցաւ` երբոր տեսան որ ինքնին սուրբն այս մրրիկը հաներ էր, որպէս զի այս փոխադրութեան ատենը գ այ բարեւելու այն նշանաւոր Այրւոյ այ գ ին. որոյ համար այնչափ տառապանք քաշեց: Հազիւ թէ ծովապետական նաւն հասաւ այն կողմի ծովեզերքին, մէկէն օդն հանդարտեցաւ, հովերն լռեցին, ալիքն խաղաղացան, եւ բոլոր նաւախումբն մէկտեղելով` ուրախութեամբ հասան ի կայսերական քաղաքն:

«Հոս այլ նոր հանդէսք, նոր զարմանք սկսան, ձիաւորք, զինուորք, քահանայք, ամենքն թափեցան ափանց վրայ, եւ մեծ թափոր մը կազմեցին մինչեւ յեկեղեցին Առաքելոց, որոց ետեւէն իբրեւ յաղթանակաւ` կայսերական կառաց վրայ կու գ ար սուրբ մարմինն: Իսկ ինչպիսի՞ հետեւողք կարծէք այսպիսի շքեղ յուղարկաւորութեան. - Համերք, որոց լեզուն կու բացուի, խուլքը` որ ձայն կու լսեն. կաղք` որ ի վազ կ ՚ ելնեն. կոյրք` որ լոյս տեսնեն հիւանդք` որ կ ՚ առողջանան, եւ ասոնց հետ մէկտեղ անանկ հեղեղ մը ժողովրդեան` որ հազիւ կու սղմի Կ. Պօլսի մէջ: Ոչ ոք այն օր հետաքրքրութիւն ունեցաւ նայելու` ոչ յաղթանակի կամարաց վրայ, որ ամեն փողոցի մէջ կան գ նած էին, ոչ ծանծալի արձանա գ րութեանց վրայ` որ ամեն պատի վրայ կախուած էին, եւ ոչ ամեն պատուհանէ անձրեւի նման թափուած ծաղկանց վրայ: Ամենքն իրար հրելով` կու ջանային մտնել ի սուրբ տաճարը, ուր հան գ չեցընելով պատուելի աւանդը, պատրիարքն բացաւ սնտուկը` որ ցուցընէ ժողովրդեան զՍուրբն:

«Անկարելի եղաւ հոս գ որովալից ժողովրդեան բերանը բռնել` զայն տեսնելնուն, ամենքը միասիրտ միաբերան աղաղակեցին. «Յաթոռդ հրամմէ', սուրբ Հայրապետ, նստէ' քու աթոռդ»: Պաշտօնեայքն պատկառանօք առին տարին հոն տեղաւորելու, եւ ահա սուրբն ի տես ամենեցուն մեռած շրթունքը բանալով, եւ յստակ, պայծառ ու վսեմական ձայնով մը` արտասանեց, Խաղաղութիւն ամենեցուն: Որոտմունքը աղաղակի հնչեցին այս ձայնին, կրկնապատկեցան լացք եւ արտսունք, կայսրն Թէոդոս ի ծունկ ընկած` յոտս իր սրբազան (կնքա)հօրը` չէր դադրէր արցունքով թրջելէն, եւ ստէպ ստէպ պա գ նելէն, մինչեւ գ րեթէ հարկ եղաւ բռնի վերցընել զայն առջեւէն, եւ դնել հոյակապ շիրմի մը մէջ ի ներքոյ խորանին»:

Այս երկայն ծնրադրութեան ատեն աղաչեց եւ խնդրեց Թէոդոս իր մօր` Եւդոքսիայ` ան գ իտութեան եւ անիրաւութեան թողութիւն. եւ «յորժամ խոնարհեցոյց որդին նորա զ գ լխուն ի վերայ լանջաց սրբոյն ի պաղատանս, ընդ կատարումն աղօթիցն եւ դադարեաց շարժումն ( գ երեզմանին Եւդոքսիայ), եւ ամենքեան փառաւորեցին զԱստուած»: Անկէց աւելի մեծ դադարումն եւ խաղաղութիւն եղաւ ընդդիմակիր սրտից. վասն զի «միաբանեցան ամենայն եպիսկոպոսունք եւ ժողովուրդք` որք հերձան ի միմեանց վասն անիրաւ անկման եւ աքսորանաց Ոսկիբերանին»:

Այս մեծահանդէս եւ մեծայիշատակ գ ործն եղաւ յամին 438 ի 27 աւուր յանուարի. անոր համար փոխանակ մահուն օրուան (14 սեպտ) այս օրս հաստատեցաւ տօն յիշատակի Խօսնակին եկեղեցւոյ, յորում իր սուրբ մարմինն դարձաւ եւ հան գ եաւ իր հայրապետական եկեղեցւոյն մէջ, եւ ամենայն ազ գ ք քրիստոնէից այս օրս նշանեցին իրենց Յայսմաւուրաց մէջ` հաստատուն եւ մեծա գ ոյն օր յիշատակի եւ փառաց Ոսկիբերանի:

ԻԵ

Այն երջանիկ եւ բուն օրն դարձման մարմնոյն յաթոռն, Կ. Պօլսի համաշխարհական հանդիսին եւ մեծ եկեղեցւոյն մէջ` ընդ բազմաթիւ մերազ գ եաց, որք անտարակոյս կային հոն, հաւանօրէն գ տուած են եւ ոմանք ի թար գ մանչաց մերոց, որք ուսմունքնին կամ գ ործերնին աւարտած` դառնալու վրայ էին առ Ս. Սահակ եւ Մեսրովպ. թերեւս իրենցմէ ոմանք ասով աւելի փառեցան այն տիեզերական եւ իրենց դրացի եւ հիւր վարդապետին գ րուածները` որչափ որ գ տնէին կամ կարենային` թար գ մանելու հայերէն, ինչպէս ուրիշ Ս. Հարց այլ: Այնչափ հաւանելի կ ՚ երեւի ինծի այս բանս, որչափ որ Ոսկիբերանի գ ործոց հայերէն թար գ մանութիւնքն գ երա գ ոյն են քան զայլ շատ թար գ մանութիւնս, եւ գ րեթէ անկարելի էր ասանկ ըլլալն` առանց մասնաւոր կամ կար գ է դուրս ներշնչութիւն մ ՚ ունենալու. եւ այս եղած է` կամ վերոյ գ րեալ հանդէսը տեսնելով, կամ լսելով յականատեսից սրբոյն ըրածները եւ կրածները ի նոյն իսկ իրենց աշխարհին մէջ Փոքր Հայս) եւ կամ անոնցմէ ոմանց ( գ ոնէ երիցա գ ունից եւ իրենց վարդապետաց` Սահակայ եւ Մեսրովպայ), անձամբ այլ տեսած ըլլալովն զնա կամ խօսած կամ թղթակից եղած:

Կ ՚ արժէր շատ բան զրուցել, այս ոսկիբերանեան գ րոց ոսկիական հայ թար գ մանութեան վրայ, բայց այս չափս բաւական ըլլայ ըսելն` թէ գ րոցն արժանի է թար գ մանութիւնն, եկեղեցւոյ Խօսնակին արժանաւոր լեզու մը տուեր է հայկազնն` իր սեփականին մէջ. թերեւս եթէ Հայ ըլլար` քան զայս լաւ չկարենար հայկաբանել Յովհաննէս, թերեւս եւ ոչ իսկ իր բնիկ յունաբանութեամբն` առաւելու քան զհայ թար գ մանութիւնն, եւ թերեւս թերեւս տեղ տեղ հայ թար գ մանն գ երազանցէ քան զյոյն բնա գ իրն. եւ յանդը գ նիմ ըսելու` թէ Խօսնակն եկեղեցւոյ երբեմն աւելի վեհա գ ոյն եւ պերճախօս Ոսկիբերան է այս հայկաբանութեամբ` քան ուրիշ որ եւ է լեզուով, նաեւ իւր բնիկ հելլենականաւն: - Անշուշտ մեծ պարծանք է այս այն ազ գ ին` որ օտար ըլլաով կրցեր է Ոսկիբերանին շնորհքն աւելի մեծցընել, եւ փայլուն ոսկին կրցեր է բարակ բանուածքներով աւելի ազնուացընել:

Ասով` այս այլ յայտ է` թէ ո՜րչափ մեր հայերէն գ րականութիւնն փառք եւ վայելք ստացեր է. զոր եւ առատապէս կրնան վայելել բանասէրք եւ հո գ եսէրք` Ոսկիբերանի հայերէն տպա գ րութեամբ հրատարակեալ գ րովք. որոցմէ դուրս գ տուին ուրիշ գ րուածքն այլ. եւ որոց մէջ մեզի համար ամենէն նշանաւոր եւ յիշատակաց արժանին է Մեկնութիւն Եսայեայ մար գ արէի, ընտիր թար գ մանութեամբ: Այնչափ պատուական է այս գ ործս, որչափ որ հիմայ յոյն բնա գ իրն ամբողջ չի գ տուիր, այլ մինչեւ յութերորդ գ լուխն, եւ կ ՚ երեւի թէ մինչեւ հոս նախ գ րեր էր Սուրբն եւ դադրեցուցեր, յետոյ ( գ ուցէ յաքսորանսն) մնացեալն այլ աւարտեր է: Մեր թար գ մանիչն` առաջին մասը գ տեր է նոյն ինքն Ս. հեղինակին համբուրելի մատամբքն գ րեալ, ինչպէս եւ ծանուցուած է մէկ հնա գ իր օրինակի մէջ` որ իմ ձեռքս այլ հասեր է. «Մինչեւ ցայս վայր գ տաւ իւրով ձեռովք գ րեալ երանելւոյն Յովհաննու յունարէն»: Անշուշտ ան գ ամ մ ՚ այլ պարտական պիտի ըլլան հայկական դպրութեանց` որոնք որ բաղդ ունենան կամ այս հայերէն թար գ մանութիւնը կամ ասկից այլ ուրիշ լեզու թար գ մանածը կարդալ:

Ասոր հետ կրնամք յիշել նորէն զներբող Լուսաւորչին, որ եւ նոյնպէս միայն հայերէն կայ եւ դեռ թար գ մանած չէ յայլ լեզու: Եւ թէպէտ շատ ուրիշ գ ործեր այլ ունի Ոսկիբերան, որ կամ թար գ մանած չեն ի մեր լեզու, կամ մեր ձեռքը չեն հասած, այլ եղածին եւ հասածին վրայ այլ մեծապէս երախտապարտ եմք` թէ թար գ մանչացն, (յորոց` անուամբ միայն Թէոդորոս ոմն յիշի), եւ թէ հրաշալի հեղինակին` որ այնքան պէսպէս կերպով պատուեր է զՀայութիւն, սիրեր է մեր ազ գ ը, զարդարեր մեր դպրութիւնը, եւ լուսաւորեր Հայաստանեայց եկեղեցին` յետ իւր յունականին, եւ երկուքին այլ հաւասար պար գ եւեր է անմահ եւ անմոռաց յիշատակ` զառաջին գ իրք քրիստոնէութեան` յետ առաջին (Սուրբ) գ րոց, զՊատարա գ ամատոյցն, որով աստուածային գ երահրաշ խորհուրդն կատարի ի մեզ: Այո', մեր Ս. Հարց նախնեաց վաստակն այլ կայ այն սրբազան մատենին մէջ, բայց աղօթից մեծա գ ոյն մասն Ոսկիբերանի աստուածեռանդն սրտէն բղխած է: Կրնամք ըսել թէ հզօրա գ ոյն շաղկապ Հայ եւ Յոյն եկեղեցւոյ եւ դպրութեանց` եղած է Ոսկիբերան:

Ոսկիբերանի սիրոյն, պատւոյն եւ բարեաց երախտապարտ Հայկազին` գ ուցէ կրնայ եւ ինքն մեծանձնն այն երախտապարտ ըսուիլ` այս (մեր) ազ գ էն գ տած ընդունելութեամբը, սիրովն, պատուով եւ իր երկասիրութեանց հաւատարիմ եւ արթուն պահպանութեամբ: Եւ ոչ միայն իր գ րոց, այլ եւ իրեն վրայ խօսուած գ րքերով, զորս թար գ մաներ են Հայք, եւ որոց վրայ իրենք այլ աւելցուցեր են քանի մը գ ովասանական եր գ եր եւ յիշատակներ: - Իսկ իր սրբութեան եւ երկնաւոր անմահութեան յիշատակին այլ ջերմեռանդն մեծարողք ըլլալնին` յայտներ են եւ յայտնեն, ոչ միայն անոր աթոռական քաղքին (Կ. Պօլսի) մէջ իրեն նուիրած եկեղեցեօք, այլ եւ օտար կողմերը, եւ մանաւանդ այն տեղուանք` ուր իր վերջին կեանքն անցուց, ի սահմանս աշխարհին մերոյ. թէպէտ, ափսո՜ս, որ ինչպէս առաջ յիշեցի, այս կողմերս հիմայ քիչ ծանօթ ըլլալով` իրենց յիշատակարաններն այլ կու ծածկուին:

ԻԶ

Բայց չի կրնար եւ պէտք չէ բոլորովին անծանօթ եւ ծածուկ մնալ մեզմէ` գ ոնէ Ոսկիբերանի կենաց յետին յիշատակարանն, միան գ ամայն եւ յետին աւանդն, զոր թողուց ի ձեռս Հայոց. - իր մահուան եւ անմահութեան միջնորդ գ երեզմանն: - Երբոր Թէոդոս կայսեր խնդրանօք մարմինն փոխադրեցաւ ի մայրաքաղաք, բնակիչք Կոմանայ դժուարէին եւ հակառակէին թողուլ իրենց հիւրը եւ երա գ ահաս օ գ նականը. եւ միայն թա գ աւորական զօրաց վախէն` ետ կեցան, շատանալով սրբոյն պատանքը իրենց մէջ բաժնելու, եւ անոր գ երեզմանը իբրեւ աւանդապահք` պատուելու: Հաւանական է որ այն ատենն այլ այս քաղքին բնակչաց մէկ մասն Հայ էր, եւ ԺԱ դարու մէջ աւելի այլ հայացաւ` երբ Գա գ իկ Կարուց թա գ աւորն` փոխանակ իր երկրին` այս կողմերս առաւ իրեն ժառան գ ութիւն: Հին եւ նոր գ աղթականք մեր ազ գ այինք` պատուեցին այս տեղւոյս ամենէն սրբազան յիշատակարանը` հազար տարի. եւ երբ ստիպուեցան հեռանալ ի Կոմանայէ` քաղքին կործանման պատճառաւ, (զորոյ որպէսը չեմ յիշեր), Ոսկիբերանի մարմնոյն տաճարացեալ տապանակն այլ` առաքինի հաւատարմութեամբ` հետերնին տարին: Ոսկիբերանի առաջին հան գ ստարանն, որ եւ Ս. Բասիլիկոսի, կէս ժամու չափ հեռու է, յաւերակաց Կոմանայ քաղաքի, եւ մինչեւ հիմայ ցուցուի տեղն քարակոյտ: Իսկ նոր հան գ ստարանն` ի գ եօղն Պիծեռի, երկու ժամու հեռու ի Կոմանայէ. հոս է վանքն Ս. Նշան, որ հիմայ կոչուի Ս. Ոսկիբերան. եւ գ րեթէ նորէն շինեցաւ մեր ատեն (1842), ու աւանդատանը մէջ ամփոփեցաւ սրբոյն անուամբ մատուռն, յորում կայ եւ իր գ որշա գ ոյն կճեայ գ եեզմանն քանդակազարդ կափարչաւն: ընդ հովանեաւ Ս. Նշան խորանին, ուր գ ան եւ Յոյնք յուխտ` բարի նախանձով, տեսնել իրենց հայրապետն իբրեւ իր վերջին օթեւանին մէջ հիւրընկալեալ ի Հայոց:

Երանի՜ մերոնց` թէ կարենան միշտ այն սաւառնաձայն հովտին մէջ` (զոր երկուստեք պատելով Իռիս եւ Գայլ գ ետք` մեծ կարկաջանօք վազեն գ նան յարեւմուտս`ք ընդ լերինս եւ առապարս` միանալ մէկ-մէկու, դառալ ի հիւսիս եւ թափիլ ի Պոնտոս), պահել եւ պատուել այն նախանձելի հան գ ստարանը, ուր միայն հան գ չեցաւ լեզուաւ եւ մարմնով` աստուածաշարժ Խօսնակն Եկեղեցւոյ: Երանի՜ մերոնց, թէ մեր նախնեաց պէս կարենան սիրողք եւ սիրելիք ըլլալ Ոսկիբերանի: Եւ դարձեալ երանի՜, եթէ կարենան միշտ զ գ ալ եւ ըսել իրենց մէկ հին տաղասացին հետ:

«Մե՜ծդ Ոսկիբերան, քո տիրովդ` ոչ յա գ ենան տիեզերաց ազինք»: