Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  ՏԱՐՒՈՅՆ առաջին ամիսն` մեր կիսագնտին վրայ, գրեթէ ամեն տեղ ըստ կերպարանաց բնութեան տխուր է, քիչ շատ ձմեռն ըլլալով. զոր միայն քաղաքական եւ եկեղեցական տօնք կու մխիթարեն եւ յիշատակք անցելոց կու զբօսեցընեն: Այս ամիս մեր Հայաստան աշխարհին երեսն այլ ամենէն սգակերպ եւ ծանր երեւոյթներէն մէկը կ՚ընծայէ, գրեթէ բոլորովին ձիւնով եւ սառնամանեօք ծածկուած. ձմեռն հոն իր աթոռոյն վրայ անշարժ կ՚երեւի, կամ բուքերով երկինք երկիր մրրկելով, կամ թէ եւ պարզ ընէ` անանկ չոր եւ բարակ ցուրտ մը կու տարածէ օդուն մէջ, որ կարծես թէ արեւ` իր պայծառութիւնը միայն պահեր եւ կրակը մարեր է: Հա՞պա գիշերը. երբ չորացած սառնապատ ծառոց միջէն սարսռալի օձասուլիկ պախրցին կամ արեւելեան հովն, գոգաւոր ձորակներու մէջ որոտալով այն երկայն վայերը վույերը լսեցընէ՞: Գոցեցէ'ք գոցեցէ'ք դուռն ու երդիք, ամեն ճեղք ու ծակտիք: Ո'հ, ի՜նչ քաղցր է, Հայկակ, շարուիլ նստիլ ամրածածուկ ձեղուան մը տակ, թէ եւ հողէ ըլլայ, կարմրաբոց փռան կամ թոնրի մը եզերք, եւ 14-15 ժամ երկայն գիշերուան քառորդ մաս մը անցեալ դիպուածոց, եւ մանաւանդ հայրենեաց, ամսոյն նոյնաթիւ օրերուն մէջ հանդիպած բաները զրուցելով վիպասանելով անցընել: Ո՜րչափ ցանկալի էր մեզի այլ եկեղեցականին հետ քաղաքական եւ ազգային Յայսմաւուրք կամ Հայադիր մ՚ունենալ. առաւօտը զայն կարդալ, իրիկունը ասով զբօսնուլ կրակին բոլորտիքը:

Յանուար ամսոյս մէջ գիշեր մը եւ օր մը կայ, զոր Հայն գրեթէ ամեն ազգէ աւելի մեծահանդէս կ՚անցընէ, եւ չի կրնար տան մէջ արգիլեալ մնալ, այն որ ձմեռ չկայ, փոթորիկը կութողու, ձիւն բուք կ՚արհամարհէ, դուրս կ՚ելլէ, կու փութայ յեկեղեցի, Աստուածայայտնութեան տօնը կատարելու, եւ եռանդեամբ ցատքըտելով թզաչափ թանձր սառեր անգամ կու կոտորէ, թմրած պաղած ջուրը կ՚արթընցընէ, մէջը կու մտնէ` քրիստոսանիշ խաչին կնքահայր ըլլալու :

Այդ մեծ տօնին օրը սովորական հանդէսներէն զատ` շատ նշանաւոր դէպք այլ հանդիպած են մեր նախնեաց ատեն. որոց մէկ քանին յիշենք այս իրիկուն մեր ընտանի կրակարանին եզերքը բոլորած, թողլով վիպասանից զանոնք բանազարդելու, եւ գուսանաց` երգելու: Յիշելու դէպքերէս շատն հանդիպած է մեզմէ 800 եւ աւելի տարի առաջ, ԺԱ դարուն երկրորդ քառորդին, մեր Պետրոս կաթողիկոսին օրերը. որ այն դէպքերուն գլխաւորին պատճառաւ` Գետադարձ ըսուեցաւ. եւ թէպէտ քիչ մը չափէն աւելի ազգասէրք եւ չափէն պակաս յունասէրք այլայլեր են եղածին պատմութիւնը, բայց անհիմն չերեւիր իր պարզ եւ հին վկայութեանը մէջ: Եթէ Պետրոս կաթողիկոսի աջն հրաշագործ չէր, իր ձեռքը եղած խաչն իրմէ առաջ այլ շատ հրաշքներ ցուցեր էր. մենք կու սիրեմք Պետրոսի պերճախօսիկ շարականները, բայց չեմք կրնար գովել իր պերճասէր հնարքները, որովք եկեղեցիէն աւելի քաղաքական տեսութեանց մէջ անուն թողած է: Իր քառասնամեայ հոգեւոր տիրութեան առաջին տարիները` Անի թագաւորաբնակ քաղաքին մէջ կու նստէր, եւ երկրորդ թագաւորի մը պէս փառօք կու փայլէր, 500 մեծ գեղերու տէր ըլլալով, եւ հայրապետանոցին մէջ կամ իր հետ քանի մը վարդապետ, 12 եպիսկոպոս, 60 կրօնաւոր քահանայ եւ 500 աշխարհիկ երէց պահելով. իսկ իշխանութեանը տակ կային 500 եպիսկոպոս կամ թեմ, որ թէ եւ չափազանց երեւի, գոնէ եղածին կրկնէին աւելի չէ: Ընդդիմակ բանն այս է, որ որչափ այն Հայոց կաթուղիկոսն իշխանասէր կ՚երեւար, ժամանակակից թագաւորն այլ` Յովհաննէս Սմբատ` իմաստասէր էր. երկուքն այլ խորագէտ, որով երբեմն համաձայն` երբեմն հակառակք իրարու: Բայց ի՞նչ պէտք է մեզի հիմա ծաղկած եւ վաճառաշահ մայրաքաղաքի մը մեծերուն քաղաքական գաղտնիքը քննել. մինչդեռ չորս դին համբաւ կու հնչէ` թէ մեծազօր կայսրն Վասիլ Կ. Պօլսէն ելեր եւ շատ զօրօք կու գայ ի Պոնտոս. կ՚անցնի ի Տայս, Վրաց թագաւորէն պահանջելու այն երկիրները` զոր Դաւիթ կիւրապաղատն Տայոց թողեր էր կայսեր, եւ Վրացին կորզեր էր: Շրջակայ թագաւորք եւ ազատագլուխ իշխանք վախով կամ պատուով կու փութան կայսեր առջեւ. մեր բագրատունի թագաւորն Յովհաննէս-Սմբատ, ոչ այնքան թանձրամսութեանն համար կու դանդաղի եւ չի շարժիր, որչափ մեծամտութեամբն չուզեր Հայոց իշխանութեանց մէջ իր նախապատիւ աթոռը նուաստացընել, եւ իր դրացի մանրիկ թագաւորաց նմանիլ. բայց` անոնցմէ, եւ ինչուան իր եղբօրէն, եւ այլ աւելի կայսեր սպառնալից յօնից համբաւէն կասկածելով, իր տեղ անոր երեսը պատուելու կ՚ուղարկէ զՊետրոս կաթողիկոս: Սա իր եկեղեցական հետեւողաց եւ սպասաւորաց հետ` արքունի դրան մարդիկ եւ զինուորական գունդ առած, իբրեւ երկթագեան իշխանապետ մը` կ՚ելլէ կայսեր դիմաց, անոր ձմերոցը` ի Պոնտոս. եւ ըստ արժանւոյն պատուելով եւ պատուըւելով, կու հրաւիրուի մերձակայ Աստուածայայտնութեան տօնին օր ջրօրհնեաց հանդէսը կատարել. ըստ ոմանց Ճորոխ գետոյն վրայ, այլ հաւանօրէն ըստ այլոց` Տրապիզոնի գետակին վրայ: Յետ աղօթից եւ օրհնութեանց` երբ միւռոնը կու թափէ ի ջուրն` եւ մէջը կու ձգէ այն խաչը` որ մասն ունէր ի բուն փրկչական խաչէն, եւ ի Ս. Սեղբեստրոսէ ընծայուած էր առ Լուսաւորիչն մեր, յանկարծ ջրէն լուսոյ ցնցուղք կու ծագեն, ի զարմանս ամենեցուն եւ ի մասնաւոր պարծանս Հայոց: Այս է պարզ եւ ստուգագոյն պատմութիւնն` զոր ժամանակակիցն Արիստակէս Լաստիվարտցին պատմէ, եւ իրմէ առած Վարդան այլք. որք ոչ քաղաքը յիշեն եւ ոչ գետոյն անունը, եւ ոչ ասոր ջրոց յետս ի վեր դառնալը, ինչպէս կ՚ըսեն Կիրակոս եւ այլք: Վանայ Վարագայ վանքը պարտողն տեսած է հոն Պետրոս կաթողիկոսի գերեզմանը այսու արձանագրութեամբ. «Թւին ԳՃՀԱ: ԱՅՍ Է ՀԱՆԳԻՍՏ «ՏԵԱՌՆ ՊԵՏՐՈՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ. ՈՐ Ի ՏՐԱՊԻԶՈՆ «ԶԳԵՏՆ ՃՐՈԽ ԱՐԳԵԼԱՑ ԱՌԱՋԻ ՎԱՍԻԼ ԱՐՔԱՅԻՆ»: Այս արձանագիրս կաթողիկոսին մահուան ժամանակակից չէ. վասն զի ինքն այդ թուականէն շատ տարի վերջը վախճանեցաւ ի Սեբաստիա, եւ հոն այլ ի Ս. Նշան վանս կայ անոր գերեզմանն. ըսել է որ նշխարաց մէկ մասն փոխադրուեր է ի Վարագ, ուր երբեմն նստէր, եւ գերեզմանին վրայ գրուեր է ջրօրհնեաց հրաշից թուականն, որ եւ է ստուգիւ 471 (ԳՃՀԱ) Հայոց թուականն (1022-23 ամ Քրիստոսի). թուականը այսպէս կու համեմատեմք, բայց Ճրոխ (կարդա' Ճորոխ) գետը չեմք կրնար Տրապիզոնի մոտեցնել, վասն զի լեռներով զատուած եւ շատ հեռու են իրարմէ. ուրեմն յայտնի սխալ կայ ատոր մէջ, եւ վերջին ժամանակի արձանագրութիւն մ՚է: Զայն այլ թողլով հանդերձ յօդուածոց պատմութեամբք, կարդամք գլխաւոր դիպուածին մէկ ճոխաբան գրուած նկարագրութիւնը, որոյ հեղինակն մեր ծանօթ պատմիչներէն չէ, եւ քիչ մը ճամարտակող եւ ճակատամարտող է:

Եւ գնացեալ կաթուղիկոսն առ կայսրն ի Տրապիզոն, ունելով ընդ իւր եպիսկոպոսունս երկոտասան եւ եօթանասուն քահանայս յաբեղայից. եւ երկու բանիբուն վարդապետս, զբազմիմաստն զՅովսէփ Հընծուցն, եւ զքաջն եւ զանյաղթն զԿոզեռն Յովհաննէս. այլ եւ ի զինուորական դասէն եւ յաւագաց արս. երեք հարիւր: Եւ առեալ ի թագաւորական տանէն գանձս ոսկւոյ եւ արծաթոյ, ձիս եւ ջորիս: Զոր տեսեալ ինքնակալն Վասիլ զՏէր Պետրոս հայրապետն` յոյժ ուրախացաւ. քանզի համբաւ առաքինութեան նորա եւ վարուց սրբութեան` հասեալ էր յառաջագոյն առ թագաւորն: Վասն զի էր սքանչելի այր, լի ամենայն բարի մասամբ, եւ ունէր շնորհ իմն աստուածական բժշկելոյ զախտաժէտս եւ հալածելոյ զդեւս: Վասն որոյ եւ Վասիլ գերագոյն մեծարեաց զնա քան զամենայն պատրիարքունս Յունաց. եւ լրջամտութեամբ ընկալաւ զբերեալ ընծայս նորա. եւ մեծաշուք փառօք պատիւ արարեալ եպիսկոպոսացն եւ ազատացն` որ ընդ նմա էին: եւ ի նոյն աւուրսն եհաս տօնն ծննդեանն եւ յայտնութեանն Քրիստոսի. եւ ել ամենայն զօրօքն իւրվք եւ քահանայիւք յօրհնել զջուրն: Կոչեաց եւ զկաթողիկոսն Հայոց իւրայնօք ի յեզր գետոյն. եւ հրամայեաց զի նախ Տէր Պետրոս օրհնեսցէ զջուրն, եւ ապա Յոյնք: Եւ յորժամ օրհնեաց եւ էարկ Տէր Պետրոսն զմեռոնն ի ջուրն, եւ զկնի սուրբ իւղոյն հարկանէ երեք անգամ զսուրբ խաչն ի գետն. եւ ահա հուր սաստկապէս բոցագոյն ծիրանածաւալ փայլատակեաց ի խաչէն, եւ իբրեւ զաղեղն որ յամպս դնի ցոլացեալ` խորան առնոյր ի վերայ գետոյն. եւ որպէս զսրահատաճար Աստուծոյ ի մէջ առեալ ունէր զամենեսեան զարս եւ զկանայս. եւ շող լուսոյն բակ առեալ պարփակէր զբազմութիւն ամբոխին ընդ ինքեամբ: Եւ լուսաւորեցան դէմք մարդկան առ հասարակ որպէս զվարդ կարմիր. եւ լոյս ելանէր ի խաչէն իբրեւ զյորդահոս ջուրս որ բղխեն յաղբերաց: Իսկ սուրբ խաչն երեւէր ի ձեռն կաթողիկոսին որպէս բոց վառեալ լուսով. եւ ի լուսոյ անտի երփն երփն հատանէր խաչաձեւ ըստ չափոյ խաչին, եւ խաղայր ի վերայ ջուրցն իբրեւ զթռչուն սլացեալ որիշ որիշ ի միմեանց. եւ հոտ անուշութեան լնոյր զամենեսեան: Իսկ բազմութեան ժողովոյն զահի հարեալ կային եւ աղաղակէին եւ ասէին, Տէր ողորմեա: Եւ մինչդեռ նոքա աղօթէին, ժողովեցաւ լոյսն միագունդ, եւ երիցս անգամ եհար զջուր գետոյն եւ ամփոփեցաւ լոյսն ի ծոց խաչին. եւ ջուր գետոյն զետեղեալ ի կրունկն դառնայր եւ զառ ի կոյս արգելաւ վայր մի: Յայնժամ զարհուրեալ ամբոխին եւ բազմութիւնն անդեալ յերկիր դողային: Եւ սուրբ խաչիւ տեառնագրեաց կաթողիկոսն երիցս անգամ զգետն եւ ասաց. Տեսին զքեզ ջուրք Աստուած, տեսին զքեզ ջուրք եւ երկեան, խորք խռովեցան. եւ տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն քո, եւ ժողովուրդք զսքանչելիս սուրբ նշանի քո: Եւ արդ որպէս ի ձեռն սուրբ խաչիս քո եկաց ջուր գետոյս կանգուն, գնասցէ դարձեալ յընթացս իւր որպէս յառաջն: Եւ ապա դարձաւ գետն ի տեղի իւր, եւ խաղացեալ գնայր որպէս յերէկն եւ յեռանդն: Յայնժամ թագաւորն Վասիլ եւ ամենայն զօրք նորա անկան առ ոտս երանելի սուրբ կաթողիկոսին Պետրոսի. եւ մեծագոչ հառաչանօք համբուրէին զսուրբ նշանն եւ արկանէին զօրհնեալ ջուրն ի վերայ գագաթանց իւրեանց: Իսկ թագաւորն Վասիլ դնէր զթագն ի գետինն. եւ հրամայէր Տէր Պետրոսին արկանել ափովն իւրով զջուրն օրհնեալ ի վերայ գլխոյն իւրոյ: Եւ առեալ կայսրն զգետարգել սուրբ նշանն ի ձեռս իւր եւ անյագաբար համբուրէր զնա, եւ նովաւ կնքէր զամենայն զգայարանս իւր. նոյնպէս եւ մետրապօլիտն եւ ամենայն ժողովուրդքն` եռափափաք համբուրիւ ողջագուրէին զամենայաղթ սուրբ նշանն եւ զաջ կաթողիկոսին, եւ ի համբուրելն զսուրբ նշանն` բազմաց լինէր առողջութիւնն: Եւ մինչեւ օրն տարաժամեցաւ` ոչ աւարտեցաւ համբոյրն ժողովրդեանն ի բազմութենէ ամբոխին»:

Պետրոս կաթուղիկոս այս հանդէսը եւ դեսպանութիւնը կատարելէն ետեւ` դարձաւ յԱնի. բայց երկար ատեն հոն չմնաց, թագաւորին եւ իր մէջ տարաձայնութիւն ընկաւ. Յովհաննէս մերժեց զնա ի կաթողիկոսական աթոռոյն, եւ տեղը գրաւ զԴէոսկորոս Սանահնի վանաց եւ թեմին արքեպիսկոպոս առաջնորդը. որ հարկաւ քիչերուն ընդունելի եղաւ, անոր համար ստիպեցաւ թագաւորն նորէն զՊետրոս դարձնել տալ յաթոռը, միջնորդութեամբ Յովսեփայ Աղուանից կաթողիկոսի. որուն հետ 4000 եկեղեցականք այլ ժողովքի եկան յԱնի. եւ թագաւորն ու կաթողիկոս հաշտեան: Այս հանդէսն այլ մասամբ Աստուծայայտնութեան տօնին եղաւ. եւ երբ հակաթոռ կամ բռնադատեալ կաթողիկոսն Դէոսկորոս` աւուր պատշաճ տօնը կու կատրէր, քանի մը յանդուգն անձինք գլխէն քողը պատռեցին, որ կաթողիկոսութեան նշան էր, եւ դարձուցին զինքը իր վանքը, ուր եւ յօժարութեամբ գնաց, բայց այդ անարգանաց հարուածը շատ ծանր էր իրեն, քիչ ատենէն սրտառած մեռաւ. յոմանց իբրեւ բռնաբարող` դատափետեալ, եւ յոմանց իբրեւ ակամայ յանձնառու` արդարացեալ, եւ իր ճգնասէր բարուցը եւ գիտութեանը համար պատուեալ:

Դարձեալ յետ ինն տարւոյ (1045) նոյն ինքն Պետրոս կաթուղիկոս` Ջրօրհնեաց հանդէսը կատարեց ուրիշ խառն տեսարաններով ի Կարին գաւառի. որ հիմակուան Էրզիրում քաղաքէն զատ` անուանի եւ հարուստ քաղաքաւան մ՚այլ ունէր, Արծն ըսուած, Կարնոյ դաշտին մէջէն անցնող եփրատական Սեւ ջրոյն աջ կողմը, չամբին (Սաղլըգ) մօտ, որ հարիւրաւոր եկեղեցիներ ունէր եւ վաճառականութեան բարեօք լցեալ էր, եւ մեր պատմելու դիպուածէն իրեք չորս տարի ետեւ այրելով եւ աւրելով ի Թուրքաց` հիմա թողած է իր անուան եւ նշխարաց յիշատակ` Գարաարզ եւ Վաղաւեր գեղերը. ուր թերեւս հնախոյզք դեռ կարենան գտնել հետաքննութեան արժանի բաներ: Պետրոսի երկրորդ անգամ կաթողիկոս նստելէն մինչեւ այս նոր հանդիսին սակաւաթիւ տարիներուն միջոց` Հայաստան շատ յեղափոխութիւններ տեսեր էր. Յովհաննէս թագաւորն մեռած. որդին Գագիկ թագաւորութենէ զրկած: Անի մայարաքաղաքն ի ձեռս Յունաց անցեր, թագաւորազունք ելեր է Փոքր Հայս գացեր էին. իսկ ինքն Պետրոս որ Անոյ վաճառման կամակից էր` նստեր էր հոն առաջին փառօքն, եւ քաղքին նոր յոյն քաղաքապետէն այլ պատիւ կ՚ընդունէր: Ասով բուն քաղաքացեաց այնչափ հաճոյ չէր ըլլար. քիչ ատենէն Յունաց այլ կասկածելի եղաւ. եւ երբ նոր քաղաքապետ եկաւ` կայսեր հրամանաւ զինքը քշեց անկէ եւ հրամեց երթալու նստելու յԱրեն Կարնոյ. ուր եւ վերը յիշեալ տարին մեծաւ հանդիսիւ կատարեց Ջրօրհնեաց հանդէսը Եփրատայ նորընծայ վտակաց մէջ: Երբ խաչալուայ ընելու պահն հասաւ եւ կտրիճք պատրաստուէին նետուելու ի ջուր, տաճիկ մ՚այլ ուզեց անոնց հետեւիլ. կաթուղիկոսն հասկցընել տուաւ անոր` թէ այդ բանը քրիստոնէից միայն կու պատշաճի իբրեւ կրօնական հանդէս մը. տաճիկն այլ իմացուց որ ինքն այլ քրիստոնեայ ըլլալու եւ մկրտուելու համար կ՚ուզէր մտնել ի ջուրն, եւ հաւանութեամբ կաթուղիկոսին մտաւ: Այն ատեն միւռոնակիր փոքրաւորն` ապակեայ շիշը ձեռացը վրայ զարնելով կոտրեց եւ թափեց թէ ջրին եւ թէ նորահաւատին վրայ, երկուքը մէկէն կնքելով. բայց շիշը կոտրելու ատեն ապակւոյ կտոր մը ձեռքը վիրաւորելով` իւղը, ջուրը եւ արիւնը մէկտեղ խառնեց: Այս բանս, կ՚ըսէ ժամանակագիրն, անյաջող դիպուածի մը գուշակութիւն սեպեց հանդիսատես ժողովուրդն. մանաւանդ երբ իրօք այլ հանդիպեցաւ: Վասն զի երբ յետ հանդիսին կաթուղիկոսն նստեր էր ի սեղան, յանկարծ կայսերական հրամանաւ մարդիկ եկան զինքը վերուցին, տարին Խաղտոյ-Առինճ ըսուած գիւղին բերդը, որ հիմա Գաղտառիճ կ՚ըսուի, եւ երկու գեղ է, մեծ եւ փոքր, Կարնոյ եւ Խաղտեաց միջասահման: Նոյնպէս քիչ ատենէն Պետրոսի քեռորդին եւ յաջորդը Խաչիկն այլ` բռնեցին եւ ուրիշ բերդ մ՚արգիլեցին. յետոյ զերկուքն ալ ի Կոստանդնուպօլիս խաւրեցին:

Այս դիտուածէս եօթն կամ ութ տարի ետեւ (1052)` նոյն կաթուղիկոսին որը, բայց ոչ իր ներկայութեանը, նոյն մեծ տօնին խթման գիշերը ցաւալի դիպուած մը հանդիպեցաւ ի Կարս քաղաքի, որ Արծին նման վաճառականութեամբ հարստացեր էր, եւ Անիի պէս առանձին թագաւորաց մայրաքաղաք էր քիչ մ՚առաջ. մինչդեռ պաշտօնասէրք գիշերային ժամերգութիւնը կատարէին, եւ ամենեւին թշնամւոյ կասկած մը չկար, եւ անոր համար քաղաքապահ զօրքն այլ անզգոյշ էին, տօնին զբաղած, Թուրքաց Տօղրուլ-բէկ սուլտանին հօրեղբօրորդւոյն ապստամբ Գուդուլմուշին թափառական ասպատակներն` ձմերային սովալլուկ գայլոց պէս մտան ի քաղաք, եւ սրբազան ու ազգային հանդէսները յարցունք եւ յարիւն դարձուցին. տուն եւ եկեղեցի ողբոց եւ մահու տեղ եղան. ով որ կրցաւ քաղքին ամուր բերդը փախչիլ` ազատեցաւ. մնացելոց շատն ջարդուեցաւ, ամենքն կողոպտեցան իրենց ստացուածքներէն. հարստութեամբ լցուած քաղաքն աւեր դարձաւ. վասն զի անզգամ կողոպտիչքն ինչպէս աւազակօրէն մտան` այնպէս ելլելն այլ բաւական չսեպելով` կրակ այլ տուին, եւ ետեւնէն սեւ ծուխը վկայ թողուցին իրենց գազանութեանը: Բայց Կարս իր ամուր բերդին պատճառաւ բաղդաւոր գտնուեցաւ քան զԱրծն, նորէն նորոգուելով. սակայն նոյն պատճառաւն այլ աւելի շատ անգամ պատերազմի հարուածներ եւ մեծ նեղութիւններ կրեց, ինչուան մեր օրերը, (1855):

Թշնամիք դիտելով եւ գիտնալով որ Հայք յանուարի վեցին մեծ տօնախմբութեան պատճառաւ տուներնէն տեղերնէն կը հեռանան, շատ անգամ նոյն օրը վազած են անոնց վրայ, եւ ազգերնուս մեծագոյն տօնն ի սուգ դարձուցեր են, օրհնեալ ջուրն այլ յարիւն մինչեւ ազգային առակ եղեր է ըսել.

«Աստուած պահէ

Յայտնութիւնի հեծելէն,

Վարդավառի հեղեղէն»:

Բայց մենք թողլով հիմա այս տխուր տեսարանները, քիչ մ՚այլ ուրախ դիպուածներ տեսնենք. փոխադրինք ուրիշ հայ աշխարհք մը, անցնինք դարուկէս ժամանակ, երթանք ի Կիլիկիա, մեր վերջի թագակապ ցեղին հանդէսներուն ներկայ ըլլալու, նոյն այս սրբազան օրը զոր թերեւս աւելի քան զԲագրատունիս պայծառապէս տօնէին Ռուբինեանք. վասն զի առաջիններուն կորուսած թագը` իրենց գլուխը դրուեցաւ յետ իբր 100 ամաց` յայտնութեան տօնին օր, յամին 1198, ի ներկայութեան նուիրակաց զանազան ազգաց: Այս ազգաշուք փառաց նորոգութիւնն` արդիւնք է քաջութեան, ճարտարութեան, նաեւ արդար փառասիրութեան Լեւոնի, որ ըստ կարգի պայազատաց` Բ է այդ անուամբ, եւ ըստ կարգի թագաւորաց Ա կ՚ըսուի: Իր նախորդքը սովորաբար Պարոն եւ երբեմն սեբաստոս կամ մարգիզ կ՚ըսուէին, կամ մեծ իշխանք, եւ Լերանց իշխեցող. որովհետեւ առաջ Փռիւդիոյ եւ Իսաւրիոյ լերանց, յետոյ Կիւլիկիոյ լերանց եւ դաշտաց սկսան տիրել: Լեւոնի պապուն եղբոր եւ նախորդին` քաջին Բ Թորոսի անուամբ այլ` Թորոսի երկիր կոչուեցաւ իր վիճակն. իսկ այս Լեւոնս իր պապուն` Ա Լեւոնի կործանած անունը կանգնելով` իր տիրած երկիրն ալ Լեւոնի երկիր անուանել տուաւ: Քաջութեամբ եւ խորամանկութեամբ շրջակայ իշխանաց ահաւոր եւ պատկառելի ըլլալով եւ եւրոպացի մերձաւոր իշխանաց սիրելի եւ օգնական, համարձակեցաւ Ալեմանաց Փրետերիկոս կայսերէն թագաւորութեան թագ ուզել, երբ կայսրն իր երկիրը եկաւ ի Սելեւկիա քաղաք, ուր փութացաւ Լեւոն խաւրել ընդ առաջ նորա զկաթողիկոսն եւ զՍ. Ներսէս Լամբրոնացին. դժբաղդաբար ծերունի կայսրն հոն անզգուշաբար գետոյն մէջ լուացուելով խեղդեցաւ, եւ թագադրութեան խոստումը անկատար մնաց: Բայց Լեւոն դարձեալ խնդրեց զնոյն անոր յաջորդող որդիէն, յԵնրիկոս կայսերէ, եւ նաեւ ի սրբազան պապէն Կելեստինոսէ, որք քան մը պայման պահանջելով ի Լեւոնէ նշան հաւատակցութեան եւ միաբանութեան) խաւրեցին իրեն փափագած պերճափայլ թագը, եւ առիւծանիշ դրոշ մը, յամին 1197, ի ձեռն Կոնրադոսի ծիրանազգեաց արքեպիսկոպոսին Մայենցայ, որոյ ընդ առաջ խաւրեց Լեւոն` իր խնամին եւ քարտուղարը` Յովհաննէս Սսոյ արքեպիսկոպոսը: Յաջորդ նոր տարին ի տօնի Աստուածայայտնութեան` ժողովեցան ի Ս. Սոփիա եկեղեցի Տարսոնի, եւ մեծաւ հանդիսիւ թագաւորեցուցին զԼեւոն ի վերայ Հայոց. օծողն էր Գրիգոր Ապիրատ կաթողիկոսն, թագաւորն` վերոյիշեալ լատին եպիսկոպոսն` իսկ հանդիսատեսքն` դեսպանք կամ պայլք արեւմտեան տէրութեանց եւ վաճառակից հասարակապետութեանց, կրօնակարգ ասպետք, պատրիարքն Ասորւոց Անտիոքայ, մետրապօլիտն Յունաց, Երուսաղեմի Հայոց եպիսկոպոսապետն, վեց մեծաթոռ արքեպիսկոպոսք, տասն եպիսկոպոսք Կիւլիկիոյ, բազմաթիւ վանահարք, վարդապետք եւ քահանայք. իսկ յաշխարհականաց յիսունի չափ բերդատէր հայ իշխանք (որոնց անունը եւ բերդերը կու համրէ Սմբատ գունդստապլ պատմիչ` Լեւոնի քեռառն որդին), եւ ուրիշ լատինացի իշխանք Անտիոքայ եւ Կիպրոսի տէրութեանց: Հանդիսին փառքն Լեւոնի համբաւն ընդարձակեց. Պաղատայ խալիֆայն եւ Կոստանդնուպօլսոյ կայսրն իրենց կողմանէ այլ թագ խաւրեցին, իսկ Լեւոնի երկրին չորս կողմը եղող իշխանք, ըստ բանի Սմբատայ գունդստապլի` «ամսումն ճանապարհաւ հեռու յիշէին զանուն թագաւորին Լեւոնի, եւ անտես` դողային»:

Մեծին Լեւոնի թոռն Բ Լեւոն թագաւորն այլ, յետ 74 ամաց, նոյն քաղքին եւ նոյն քաղքին եւ նոյն եկեղեցւոյն մէջ նոյն տօնին օրը յանձն առաւ թագաւոր օծուելու, եւ հանդիսին հռչակող ատենարան եղաւ իր քարտուղարն Վահրամ Րաբուն վարդապետ: Թագաւորք մեր եւ ժողովուրդք` իրենց մեծագոյն հանդիսի օր սեպէին այն օրը` յորում Քրիստոսի երեք անօրինական մեծ եւ փառաւոր յիշատակները տօնէին, թէ սրբազան թէ արտաքին հանդիսիւ:

Անշուշտ ախորժելի պիտի ըլլայ այս հանդիսից մէկ նկարագիրը լսել ականատես օտարազգիէ մը, որ Ա Լեւոնի թագաւորութեան երեքտասաներորդ տարին հանդիպեցաւ իրեն եւ տօնին, այս անձս է Վիլլէպրանտ օլտէնպուրկեան, Հաննովրէի Հիլտէս հայմ քաղաքին կանոնիկոս վարդապետն, որ 1211 թուականին ճանապարհորդելով յարեւելս` եկաւ ի Կիւլիկիա, եւ երկու ամսոյ չափ հիւրընկալութիւն գտաւ մեր թագաւորէն, որ նախ տեսաւ ի Տարսոն, եւ յետոյ ի Սիս, որոյ համար կ՚ըսէ. «Այս քաղաքս տէր թագաւորին մայրաքաղաքն է. բնակիչքն անթիւ եւ հարուստ, բայց պարիսպ չունի, անոր համար կրնայի աւելի քաղաքաւան կոչել քան թէ բուն քաղաք, թէ որ Հայոց արքեպիսկոպոսարանը չունենար. նաեւ Յոյնք հոն պատրիարք ունին: Սակայն ունի ամուր բերդ մը լերան գագաթը, որոյ ոտքէն կու սկսի քաղաքը աստիճանաբար դար ի վայր տարածուիլ…: Ջրօրհնեաց հանդէսը Հայք այս կերպով կատարեն, տօնէն 12 օր առաջ, զոր մենք (լատինք) խնտումով եւ կերուխումով կ՚անցունենք, անոնք ի պատիւ տօնին` ապաշխարութեամբ եւ պահօք անցուցին, հրաժարելով ի ձկանէ, ի գինւոյ եւ ի ձիթոյ, իսկ բուն խթման օրը բոլորովին ծոմապահութեամբ կեցան, որպէս զի յետ վերջալուսոյն պատարագը մատուցանեն, եւ բոլոր այն գիշերը աստուածային պաշտամամբք անցուցին: Իսկ երկրորդ օրը Քրիստոսի Ծննդեան տօնը կու կատարեն, ըսելով թէ Քրիստոս նոյն օրը ծնաւ, եւ յետ 30 տարւոյ դարձեալ նոյն օրըմկրտեցաւ: Առաւօտուն ամենքն փութային քաղքին մօտ գետոյն եզերքը երթալու, ուր որ թագաւոր տէրն այլ կ՚երթար, այսպիսի կարգաւ: Ինքն թագաւորն բարձրահասակ ձիու մը վրայ հեծած էր, իր քովէն կ՚երթային Ալեման ասպետաց կարգապետն, Սելեւկիոյ Հիւրընկալ ասպետաց բերդապետն, իրենց կրօնակից հազար ընկերներով, յետոյ զայր տէրն Ռուբէն, փոքր թագաւորն, (Լեւոնի եղբօր դստեր որդին), զոր ինքնակալն Ոթոն` ի խնդրոյ մեծ թագաւորին` թագով պսակել տուեր էր. ասոր ետեւէն կու գային իր երկրին ազնուականներն. եւ բազմութիւն զօրականաց գեղեցկազարդ հագուած, որոց ճորտերն ամեն մէկուն դրօշները եւ վառերը ձեռընուին բարձրացուցած, եւ անոնց սարած ձիերուն սանձէն բռնած` մեծ թագաւորին առջեւէն կ՚երթային: Իրեն եւ ասոնց խումբին միջէն կու վազվռտէին բազմութիւն զինակիր փայեկաց, իբրեւ անձնապահք թագաւորին. իսկ բազմութիւն ժողովրդեանն չորս կողմէն կ՚ողջունէր զնա սաստկաձայն աղաղակաւ, ՍՈՒ՜ՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ: Այսպիսի մեծ հանդիսիւ թագաւորն կու գար իջնելու իրեն համար գետոյն եզերքը կանգնած վրանին տակ: Իրմէ ետեւ կու գային Յոյնք եւ իրենց պատրիարքն` հետեւակք, շատ սրբազան սպասներով, եւ այնչափ փողերու եւ ուրիշ երաժշտական նուագարանաց ձայն ձգեր էին, որ աւելի հանդէս մը` քան թափոր մը կու ձեւանար: Ասոնք այլ իրենց որոշուած տեղը` գետեզերքը կու սպասէին ուրիշներուն: Յետոյ գային Հայոց եկեղեցւոյն ուխտն, մկրտելու խաչը բերելով եւ վայելչապէս յառաջելով` իրենց արքեպիսկոպոսին հետ. որոնց խոնարհական կերպը եւ վայելչակարգ թափօրը` շատ աւելի պիտի գովէին, եթէ մէկ երկայնամօրուք քահանայ մը (ասով` նման ուրիշներուն), դժբաղդաբար շփոթութեան պատճառ չըլլար. վասն զի ասիկայ վերոյիշեալ գետոյն խառնուող պզտիկ վտակէ մը անցնելու ատեն` ոտքին մէկ կօշիկը կորսընցուց, եւ ջրին ընթացքէն ազատելու համար անզգուշութեամբ աշխատելովը` եպիսկոպոսին եւ ուրիշներու անցնելուն արգելք եղաւ. թէ որ մէկն այսպիսի անհոգութիւն մ՚ընէր ի Հիլտէսհայմ թափորի ատեն, սաստիկ յանդիմանութիւն կ՚առնուր: Ասոնք այլ վերոյիշեալ գետոյն եզերքը` իրենց տեղը բռնեցին կեցան: Երբոր բոլոր թափօրն մէկտեղ եկաւ, սկսան ասդիէն երգել. եւ ինչուան կուրծքերնին իջած օդուռոյց կծկի նման երկայն մօրուքներուն շարժելէն կ՚իմացուէր` որ աղէ ոյժ կու տային յունարէն եւ հայերէն աւետարաններ եւ ընթերցուածներ կարդալու ատեն, եւ այն կերպարանեալ Յորդանանը օրհնելով` բերած խաչերնին մէջը մկրտեցին, եւ աջ կողմէն աղաւնի մը թռուցին: Այն ատեն մէկն` իշու վրայ հեծած` գետոյն մէջ մտնալով եւ կանգուն կենալով` շաքարաձայն` կոկորդով կանչեց, Կեցցէ թագաւոր մեր յաւիտեան. եւ դարձեալ, Օրհնեսցի եւ նախախնամեալ պահեսցի ամենայն ուխտ քրիստոնէից, եւ երբ ամենքն միաբերան անոր պատասխանելով` Ամէն կու կանչէին, ինքն երգապետն ջրին մէջ կու թապըլտըկէր, որ եւ ծիծաղելու պատճառ եղաւ շատերու: Յետոյ թագաւորն եւ ուրիշներն այլ այն ջրով իրենք զիրենք ցողեցին, իսկ Ասորիք մերկացած կու լուացուէին անոր մէջ:

, Այս արարողութիւնս լմըննալէն ետեւ` եկեղեցականք իրենց վանքը քաշուեցան, իսկ թագաւորն եւ զինուորականք փութացան դէպ ի դաշտերը. եւ պալարակապ երիվարները վազցնելով եւ նիզակներ նետելով` զինուորական խաղեր ըրին. եւ բոլոր օրը մեծ ուրախութեամբ անցուցին: Երկրորդ օրը ամենքն իրենց տեղը դարձած:

«Այս այլ գիտցէք, որ տէր թագաւորին` այդ (Սիս) քաղքին քով իրեն զբօսանաց պարտէզ մը պատրաստեր է, որուն սքանչելի փափկութիւնները նկարագրելն` կու խոստովանիմ որ կարողութենէս վեր է: Տօնը կատարելէն եւ տէր թագաւորէն հրաման առնելէն ետեւ, որ զմեզ շատ մեծապէս պատուեց, եկանք Նաւարզա (Անաւարզա) ամուր բերդը… որոյ անուամբ թագաւորն իր նշանը «Նաւարզա կու հռչակէ»…:

Այսպիսի հանդէսներ` եթէ չկարենան այլ ձմեռուան սառամանիքը բոլորովին հալեցընել, գոնէ գունագոյն ծիածաններ կու ձգեն վրանին: