Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  ԱՀԱ վերջին խարոյկն է որ կու մխայ մեր հայրենական հսկմանց վառարանին անկիւնը, ով Հայկակ. եւ այս ճաթռտող ու վառվառուն մախրիքս` վաղը առտու պիտի գ տուին ցուրտ մոխիրք. եւ այնպէս մնան, մինչեւ որ տարւոյն երեք եղանակներն ալ դառնան լրանան, եւ նորէն գ այ չորրորդն: Եւ երբ նորէն դառնայ գ այ այս եղանակս, արդեօք մենք ալ նորէն պիտի գ տնե՞նք զիրար` մեր վառարանին քով:

Ահա գ արնանաբեր լուսնին նորարծարծ ճառա գ այթներն` պատուհանաց ապակիներէն ներս ցայտելով, կու հրաւիրեն զմեզ բանալ փականքը, ելնել դուրս, տեսնել նորէն զբնութիւն: Բնութի՜ւն նորո գ եալ, իբրեւ իր ստեղծմանը առաւօտուն, իբրեւ առաջին իրիկունը, յորում նոր վառած լուսնին ճաճանչից տակ` կու հան գ չէր խաղաղիկ, ինչպէս սպիտակազ գ եստ մօր մը շղարշից մէջ` անդրանիկն անուշաքուն:

Այլ մինչդեռ հոս այսպէս պայծառ ծա գ է եւ ծիծաղի լուսնակս, միթէ երկրիս ուրիշ կողմեր ալ չե՞ն թաղուած թաթղուած մթութեան մէջ: Միթէ երկրիս քրոջ` ծիածաւալ ծովուն ծուփ ծուփ ծոցերուն մէջ` չկա՞ն ալէկոծ նաւեր` որ անդունդ սահելով` գ ոնէ ինկնելու վհին ատակը տեսնելու համար` աստղիկ մը լուսիկ մը կու մուրան վերէն, եւ չեն տեսներ:

Այսպէս է կենաց ընթացքն, երբեմն լոյս եւ երբեմն մութ. եւ միշտ հարկ է երթալ, ինչուան որ հասնինք արարչա գ իր կէտը: - Սակայն ով որ զերկիրս յատակ մը կու ճանչնայ այն տաճարին` որոյ վերնայարկն է երկին, միշտ անխռով կ ՚ երթայ, խաղաղ կ ՚ ապրի:

Քանի որ սրտի սիւնակնշիտակ է, եւ հո գ ւոյն կարմիր կանթեղն վառ է, յաջող է մարդուս:

Մեր խարոյկն կու մարի. լուսնակն ալ կու ծածկի կու մաշի: Սիրալիր սիրտն անսպառ է: Անմահութեան ակնկալու հո գ ին` երջանիկ է:

Հաւատարիմն Աստուծոյ եւ իր անձին` հաւատարիմ է եւ հայրենեաց: Անհաւատարիմն հայրենեաց` չէ հաւատարիմ եւ իր հո գ ւոյն եւ ոչ երկնից: - Ամենէն սուրբ եւ ազնիւ գ ործ եւ աշխատանք երկրիս վրայ` երկնից եւ հայրենեաց համար եղածներն են: Թէպէտ եւ զանազան են հասակք եւ վիճակք, այլ ամենքն ալ ըստ չափու եւ ըստ վիճակի իւրեանց` պարտական են երկնից եւ հայրենեաց:

Ահա կու հնչէ հասարակ գ իշերուան պահն:

Մեր միայնախօսութեանց ժամերն անցան, կու սկսին ժամք գ ործոց եւ աշխատութեանց: Վաղն, նոր օր, նոր գ արուն, ի նոր կեանս կու հրաւիրէ զքեզ, Հայկակ:

Նորաբողբոջ բնութեան մէջ բացուած` նոր կոկոն մարդկութեան, ծաղիկ Հայութեան, առոյ գ հասակաւ ձեւացեալ, արդ կու վայլէ որ ձեւանաս քաղաքական կենօք. վիճակ մը ընտրելով, եւ գ ործ մը կատարելով յերկրի, յօ գ ուտ ընտանեաց եւ հայրենեաց, եւ հաճոյ երկնից:

Հարկ է որ մնաս բարով ըսենք իրարու, անմոռաց պահելով մեր հայրենեաց Յուշիկքը: Առնում ես իմ հասակիս ցուպը, եւ իջնեմ բլրէս վար. առնուս դու ալ հասակիդ յարմար աշխատութեան գ ործիդ, օրհնել տաս երկնից, եւ ելնես դէպ ի վեր, ի բլուրն կենաց: - Արդ սուրբ հո գ իք նախնեաց մերոց` քեզ բարեխօս եւ պաշտպան հայրենեաց շաւղէն` անշեղ ըլլայ քու վիճակիդ ճամբան. բաղդդ` յերկրէս յերկինք հասնի անխափան:

Սակայն ինչ ալ որ ըլլայ քու վիճակդ կամ գ ործդ, յիշէ Հայկակ, որ գ ործն` իրմով չէ' ազնիւ կմ մեծ, այլ ընողն է որ կ ՚ ազնուացընէ կու սրբացընէ զ գ ործը: - Առանց գ ործողի` գ ործք մեռեալ սոսկ անուն մ ՚ են. մարդս` զանունը բան կ ՚ ընէ, բանը գ ործ, գ ործը` կենդանութիւն եւ զկենդանութիւնն` անմահութիւն:

Յաջողութիւնն շատ հեղ երկնից շնորհք մ ՚ է. բայց առանց երկրիս վրայ աշխատելու` վերէն յաջողութիւն չիջներ: Մանաւանդ թէ յաջողութիւնն պատրաստ է իբրեւ զարեւ եւ զանձրեւ. բայց եթէ ա գ արակն սերմանուած չէ` ի՞նչ բուսցընեն երկնից շողն ու ցօղն:

Մարդս փոքրիկ արարած մ ՚ է, բայց ոտքերն երկրիս ամեն կողմն ալ կրնան կոխել. երկու ձեռքովը կրնայ ծայրէ ի ծայր աշխարհակալել. սրտին` պզտիկ կու գ այ տիեզերաց սահմանն, միտքն`անսահմանութեան մէջ ճամբայ կու բանայ. հո գ ին` կու տիրէ երկնից. սէրն` կու հասնի Արարչին առջեւ, եւ կ ՚ ըսէ. Ահաւասիկ եմ:

Փոքրիկ արարածն այն մարդ մեծ աշխարհք մ ՚ ալ է ինքնին. վասն զի Աստուծոյ դաստակերտ է, Աստուծոյ պատկեր է, թէ եւ աղաւաղեալ. եւ ունի սկզբնատըպին զօրութիւնը:

Արարչա գ ործ մատանց բարձրա գ ոյն կերտուածքն` չեն Այրարատեան կատարքն կամ գ ա գ աթն Եմաւոնի, այլ ուսերուդ վերեւ կան գ նած իմաստից տաճար` գ լուխդ է. բա՜րձր եւ բարակ բանուած: Չկայ ծաղիկ արժանաւոր այդոր պսակ ըլլալու. ոչ ոսկին եւ արծաթ` որ հողէ կ ՚ ելնեն, ոչ ծիրանի ծովերէ խպսած բուստ եւ մար գ արիտք: Ո՜հ. գ եղեցիկք են մայիսի առաւօտուն ցօղակաթ վարդակարմիր փնջիկքն այլ` դալար ճակտի մը բոլորած. սակայն շատ աւելի պայծառ է ամօթխածութեամբ խայծեալ երեսն. եւ աւելի ազնիւ` անոր վրայ շարուած աշխատութեան կայլակներն:

Կենաց կարեւոր եւ վայելուչ պիտոյքը լեցնելէն աւելորդ երկրաւոր շահք եւ վաստակք` անար գ եւ անիրաւ են այնպիսի գ լխոյ մը, որ երկնից եւ հայրենեաց մաքուր իմաստներովը լցուած է:

Եթէ քաղաքական կեանք օրինաւոր են ի վերայ երկրի, անհրաժեշտ պարտք են եւ հայրենեաց ջանքն:

Լալով կու ծնանիմք, խաղով կու մեծնամք. աշխատութեամբ պէտք է մարդ ըլլանք. մէկ ձեռքով մեզի, մէկ ձեռքով մեզի նմանեաց օ գ նեմք. սիրով կենակցինք, պատուով ապրինք, յուսով ծերանամք, գ ոհութեամբ մեռնինք, սրբութեամբ աւանդենք փչողին` մեր շունչը. թաղուինք օրհնութեամբ. մնամք ի հայրենիս` հայրենեաց չափ, եւ յերկինս` Աստուծոյ չափ:

Ահա ազ գ ք եւ ազինք, մեզի մօտ եւ հեռի, Հայկակ, ամենքն զբաղած են իրենց հայրենի ա գ արակը շէնցընելու. եւ անդրանիկն ազ գ աց` մեր ազ գ ն` կրնա՜յ ըլլալ յետամնաց: Մարդ, սիրտ ունող մարդ` չի կրնար լսել զայս` առանց սոսկալու, թող թէ Հայ մարդ:

Առ եւ դու ուրեմն, ո'վ Հայկակ, քու վիճակիդ յարմար աշխատութեան գ ործիդ, վերցուր յերկինք, օրհնել տուր. եւ աշխատէ: Աշխատէ յերկրի, միտքդ յերկինս, սիրտդ հայրենեացդ վրայ:

Առանց երկնից օրհնութեան` չի յաջողիր գ ործ հայրենեաց ի վերայ երկրի: Զոր երկինք չօրհներ, ի զուր օրհնեն եւ հայրենիք. եւ զոր չեն օրհներ հայրենիք` նա չօրհնուիր եւ յերկնից:

Կու բուսնի եւ սերմն ատելութեան, կու ծածկէ դաշտեր. սպասէ, եւ կու տեսնես փուշ եւ տատասկ:

Սիրոյ սերմիկն` թէ եւ կորդացեալ երկրի մ ՚ աւանդուի, անխոնջ եւ ամուր արօրին տակ, քրտնաջան մշակին համբերութեամբ, վերջապէս կու ծլի, ծաղկի, պտղաբերէ եւ սնուցանէ:

Եւ մշակն մշակաց, որուն ա գ արակն է բոլոր աշխարհս, պատուիրեց մաճակալին, շիտակ գ ծել ու քշել, եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ, եւ շիտակ երթալը: Ո՜հ, երթալ եւ լալով, եթէ հարկ է, երթալ եւ ցանել, կու հասնի որն ալ խնտալով հնձելու, որաներով շալկած, ծաղիկներով պսակուած դառնալու:

Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող, որ հուր մոլի եւ թափառիլ, եւ ոչ կայծակն անկուշտ այրող լափող, այլ հանդարտ ջերմութիւն մը, յստակ լուսով անսա գ իւտ խղճով…:

ու քշել, եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ եւ ետեւ չնայիլ, երթալ յառաջ, եւ շիտակ երթալը: Ո՜հ, երթալ եւ լալով, եթէ հարկ է, երթալ եւ ցանել, կու հասնի որն ալ խնտալով հնձելու, որաներով շալկած, ծաղիկներով պսակուած դառնալու:

Ճշմարիտ հայրենասիրութիւնն չէ ասուպ կամ փայլակ մը յանկարծ երեւցող եւ անցնող, որ հուր մոլի եւ թափառիլ, եւ ոչ կայծակն անկուշտ այրող լափող, այլ հանդարտ ջերմութիւն մը, յստակ լուսով անսա գ իւտ խղճով…:

Ո՜վ անձնուրաց ո գ ի, բարեխնդիր հայրենասիրութիւն, դու պատրաստէ, վառէ սրբէ զսիրտ Հայկակայ: Քեզմով վառուած սիրտն` անխայթ եւ անմուխ լոյս կ ՚ արձակուէ, եւ եթէ խարկի մրկի սիրտն, եւ անցնի երկնաւոր մասամբն, երկնունակ մասն` մնայ ի վերայ հայրենեաց, որպէս հոտ մըշկի եւ կնդրըկի:

Եւ շատ սեղաններ, շատ տապաններ, շատ քարեր ու հողեր կան ի Հայաստան, ուսկից դարէ դար եւ անդադար կու ծխէ հոտն անուշութեան, հոտն հայրենեաց, զոր չեն կրնար ջնջել ոչ զէնք եւ ոչ քէնք:

Վասն զի մեր առաքինի եւ ճշմարիտ, ընկերասէր, ազ գ ասէր որդեսէր եւ հայրասէր նախնիքն, այն երկրին վրայ իրենց պարկեշտ նշխարքը թողլով, անմահութեան շնչով վերէն անոր վրայ միշտ կու շնչեն եւ կու շըշընջեն:

Շնչեցէ'ք ո՜վ շունչք մտաբացք, սրտարծարծք, հո գ եվառք. շնչեցէ՜ք հո գ ի'ք Գրի գ որեանց, Ներսիսեանց, Սահակեանց, Մովսիսեանց, Ղեւոնդեանց, Վարդանանց, Վահանանց, Սմբատաց, Աշոտոց, Լեւոնեանց եւ Հեթմեանց. սո՜ւրբ թա գ աւորք, հայրապետք, վարիչք եւ վարդապետք Հայոց, շնչեցէ՜ք յերկնից յերկիր: Խառնուի' ձեր երկնաւոր շունչն` յերկրաւոր շունչ Հայկակայ. որ երբ հասնի աւանդելու իր վերջին շունչն ալ` եթէ հանդարտ ու հեզիկ, եւ եթէ հրահատ ու հառաչաձայն, հաւասարապէս խառնուի՜ ձերիններուն հետ:

Եւ երբ իր օրական եւ տարեկան շրջաններուն պէս` երկիրս իր բազմադարեան շրջանն ալ աւարտելով` դադրի եւ կոտրի, եւ նոր երկրի մը հրաւիրակ փողն հնչէ, այս հին լուծեալ երկրիս վերջին արձա գ ան գ աց միջէն` վերջնա գ ոյն արձան գ մ ՚ ալ ըլլա՜յ քուկդ, սուրբ սէ՜ր հայրենեաց:

Եւ, ո՜հ, թէ այն խորին եւ լռին արձա գ ան գ աց` նուազ վան գ իւն մ ՚ ըլլար այս իմ քեզի նուիրածս, Հայկակ, ՅՈՒՇԻԿՔ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ ՀԱՅՈՑ: