Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  18 Մարտ, 738

Ա

ՎԱՀԱՆ, գ եղեցիկ եւ բնիկ հայկական անունս` որ ազ գ ային պատմա գ իտաց կու յիշեցընէ իրենց ոչ սակաւ ընտիր դիւցանման եւ սբազանեալ նախնիները, հոս իրեն կցորդ հայրենական կոչմամբն Գողթնացի` կու յափշտակէ զսիրտ առ այն Վահան, որ եթէ ոչ քաղաքական եւ պատերազմական հանդիսիւք` հռչակուեցաւ իբրեւ զմեծ Մամիկոնեան Ե դարու), սակայն քան զնա եւ քան զայլ համանունս վերադասի յազ գ ային հո գ իս, այնպիսի զ գ ացմամբք` որք աւելի զօրաւոր եւ սրբազան են քան զարիութիւն եւ զխորա գ իտութիւն: - Սո՜ւ գ, սէ՜ր եւ սրբութիւն: - Իսկ եթէ ասոնց հետ հայրենասիրութիւն ալ պահանջուի, ոչ պակաս քան ի Մամիկոնեանն երեւի եւ ի Գողթնացիս. թէպէտ եւ ի սա նոր օրինակ կերպով մը. գ ուցէ աւելի սաստիկ, ստու գ իւ աւելի սրտառուչ:

Հայկաին հրեղէն հանճարն` (որ թողած է բաւական պայծառ նշաններ` իր հնութեան հաւասարապատիւ կան գ նելու եւ ցուցընելու իր սիրտն այլ ), մոռացութեանց մոխրոց տակ երկու վառվռուն կայծակներ պահեր է ի յիշատակ Գողթնացւոյս Վահանայ. որովք թէ' սա` թէ մեր ազ գ ին գ րականութիւնն եւ թէ ազնուական զ գ ացմունք` ան գ ամ մ ՚ այլ անմահութեան հաւաստիք կ ՚ առնուն. քանի որ ի մատեանս պատմըչաց մերոց մնայ Վահանայ Վկայաբանութիւնն, եւ ի դասս եկեղեցւոյ մերոյ` Գողթնացւոյն Շարականն: Ըստ ինքեան գ եղեցիկ` մանաւանդ թէ սխրալի եւ սրտառուչ պատմութիւնն կամ դիպուածն, այն երկու կայծակնաճաճանչ գ րուածովք նոր շնորհք եւ նոր վայելչութիւն մ ՚ այլ առեր եւ զարդարուեր են: Անոնցմով` եկեղեցի, հայրենիք եւ սրտային գ որովանք` սքանչելապէս խառնուած, իբրեւ ոսկւոյ, արծաթի եւ ծիրանւոյ սեփական հիւսուածք մ ՚ այլ կու ցոլացընեն մեր հայրենի յիշատակաց մէջ: Այն գ եղեցկութեանն անկարելի էր բան մը պակաս գ տնել, եթէ, - փա՜ռք ազնիւ հայրենեաց կամ Հայրենակցաց մերոց, - ո'վ Հայկակ, հայկական սիրտն` հանճարէն այլ վեր թռչելով ճարտարած չըլլար այնպիսի գ եղեցիկ հիւսուածի մէջ այլ` նրբա գ ոյն մանուշակ մը մանել, եւ անով Գողթնացւոյն յիշատակը փափկա գ ոյն իմն բարձրացընել քան զՄամիկոնեանն, քան զԿամսաական, քան զԳնունին, քան զամեն այլ Վահան:

Այս մանրակտիտ մանուշա գ ոյն մանուածս` է հին աւանդութիւն մը. աւանդութիւն մը` որ իրեն երաշխաւոր ունի վերոյիշեալ շարականը, այն հայկական հանճարոյ մէկիկ չքնաղ կայծակը. հազար հարիւր տարի քշած ան գ իր յիշատակ մը, բերնէ բերան, սրտէ ի սիրտ անցած, սիրատարփ, նրբազ գ աց եւ նրբասեռ անձի մը, Հայուհւոյ մը յիշատակ. զոր պատմութիւնն սքողէ, աւանդութիւնն կոչէ քոյր Վահանայ, եւ շարականն այն վկայէ` թէ իր հեղինակն արդարեւ կամ քոյր կամ քոյրանման սիրային զարմանուհի մ ՚ էր Վահանայ. - միով բանիւ, աներկբայ հայկածղի մուզայ մ ՚ էր. որուն սրտին, մտաց եւ մատանց թափուած եր գ ը` յափշտակեր է մեր սուրբ եկեղեցին, եւ իր պատուականա գ ոյն բանաւոր գ անձուց մէջ շարելով` անմահափայլ պահէ թէ' զփառս իր եւ մեր Վահանայ, եւ թէ անոր հայրենեաց Գողթան:

Բ

Գո՜ղթն թէ եւ քիչ մը խորթացեալ անուն, եւ ոչ պայծառասփիւռ իբրեւ ուրիշ հին հայկազնեան անուններ, եւ հաւանօրէն (մեր հին ազ գ ին մօտաւոր) Մարաց գ աղթականէն մտած կամ այլայլած, սակայն յիշատակօքն եւ բնութեամբն իսկ հաճոյ` ամեն սիրուն եւ ուրախ սրտի, նաեւ տխուրի: Գոնէ 2500 տարիէ վեր լսուած եւ յիշուած անուն ի պատմութեան, եւ մինչեւ հիմայ նոյնպէս կոչուած ի մերազ գ ի բնկաց, եւ յօտարաց` Քիլիթ. - հիմայ` ծանօթ իբրեւ գ եղաւան մը. մեր մատենա գ րաց մէջ` իբրեւ գ աւառ մը, եւ մերիններէն հնա գ ոյն օտար աշխարհա գ րաց` իբրեւ առանձին նահան գ կամ աշխարհ մը. այսինքն` անկախ նախարար կամ նահապետ ունող, ինչպէս Սիւնիք, եւ ուրիշ տասնեւհին գ աշխարհքն Հայոց Մեծաց: - Գո՜ղթն. զոր բնահայ գ ետոյն Երասխայ արմուկն` իր ընթացից հարաւա գ ոյն մասամբը պատելով` կու գգ ուէ, գ իրացընէ եւ գ ինովցընէ. - Գողթն. կերպով մը հակառակորդ Շիրակայ. որ ունի լիութեամբ զհաց հաստատիչ սրտի. եւ առաւել զ գ ինի` որ «ուրախ առնէ զսիրտ մարդոյ»: Ասոր այ գ եաց անոյշ ազդեցութեամբն` բնակիչքն այլ եղան եր գ ահանք, բանաստեղծք, աւանդապահք քաջութեան դիւցազանց, հայկական ցանկալի հին յիշատակաց, եւ ճարտար գ ործածողք ազ գ ային գ լխաւոր երաժշտական գ ործւոյն, որ է բամբիռն փառապանծ: Մինչեւ հիմայ, թէ եւ Գողթնացւոց կամ Ա գ ուլեցոց (Գողթն գ աւառին մէկ աւանն է Ա գ ուլիս, որ թուի ըսել Այ գ ուլիք, այ գ իներով լիք) լեզունին թէ եւ թանձր ու խորթ, անշուշտ հին Մարաց լեզուէն խառնուած, սակայն բառերն եւ բացատրութիւնք նշանաւոր են բանաստեղծութեամբ: - Գողթն, իրեն գ ինաւէտ ափունքը կ ՚ ոլորէ յեզր Երասխայ, մօտ անոր կարկաջահոս քարավազից. բնութեան զարմանակերպ, ահեղա գ եղ, միան գ ամայն եւ գ ալարազուարճ ու բարեբեր ձորահովտաց մէջ: Ասկէ լաւ տեղ կրնա՞ր ընծայուիլ մեր ազ գ ային Անակրէոնից, եւ անոր հետեւողաց աշխոյժը եւ ախորժակը վառելու: - Երասխայ հանապազահոս վիժանաց ձիւնափայլ փրփուրքն` այ գ եաց ընծայած ծիրանեփայլ պղպջակին հետ խառնած, եւ կ ՚ արծարծէր մեր հայրենի բամբիռը, եւ հազարամեայ յիշատակներ երեկուան դիպուածի մը պէս կու հնչէին ի Գողթն, եւ Քրիստոսէ հին գ դար վերջը` իր Տարօնոյ Մեղրայ- գ ետը թողած` կու լսէր մեր Խորենացի պատմահայրն` հեռաւոր Գողթան եւ անոր սահմանակից Մեղրայ աւանին գ ետակաց եզերք` Քրիստոսէ հին գ վեց դար առաջ փայլած եւ փառաւորած ազ գ ային մեծա գ ոյն դիւցազին ծա գ ումը: Վահա գ նի այլաբանեալ ծնունդը, զոր

«Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,

«Երկնէր եւ ծիրանի ծովն»…

Երնե՜կ մեր պատմահօրն, որ այնքան ողբալի լռութեանց մէջ` գ ոնէ այսպիսի եր գ ոյ մը համար կրցաւ ըսել, թէ «զայս եր գ ելով ոմանց բամբռամբ` լուաք մերովք իսկ ականջօք». եւ դարձեալ ասոր նմաններն այլ կու յիշէ, թէ անկէ հին եւ թէ այլ շատ մօտ (Քրիստոսի Բ դարուն հանդիպած) դիպուածոց վրայօք, որոց վրայ աւելցան ժամանակաւ նորանոր քաջաց գ ովասանք, իբրեւ ազ գ ային պանծալի վիպասանութիւն մը հիւսելով: Ասոր պատմութիւնն երբեմն միաչար եւ երբեմն ընդհատ, հաւանօրէն երկարեցաւ ինչուան մեր մեծ պատմըչին օրերը եւ այլ վար, (թէ եւ անկէ ետեւ շատ ցաւեր եւ ձիւներ անցան մեր ծեր հայրենեաց գ լխէն), դեռ երբեմն բարբառէր բամբիռն Գողթան, կու հնչեցընէր հատակտուր հա գ ա գ ներ, եւ կնդ գ ովասանութեան քաջազանց` գ ուցէ խառնէր քանի մ ՚ այլ խոր հառաչանք: Դեռ Հայկազուն եւ Աժդահակեան խնամեցեալ պայազատաց սերունդքն իշխանաբար ճոխային ճեմէին Երասխայ դարափանց եւ ձորոց մէջ, եւ դեռ ունէր Գողթն` մինչեւ ի սկիզբն Ը դարու` իր առաքինի հնազարմն իշխեցողը` Խոսրով, զոր սուրբ կ ՚ անուանէ ժամանակին պատմիչն եւ որոյ սրբա գ ոյն եւ ծանօթա գ ոյն շառաւիղ մը ծա գ եցաւ ի սկիզբն Ը դարու (յամի 702) մեր դրուատելին Վահան:

Գ

Ո՜վ պանծաձայն բամբիռն Գողթան, արդեօք նաւասարդի սաղարթներով պսակուած, եւ զինաւէտ այ գ եացդ լայնատերեւ բարունակներով պլլուած` երեւցա՞ր այս ան գ ամ այլ, եր գ եցի՞ր մեր հին Վահա գ նին նմանցընելով` այս քու նոր (եւ թերեւս յետին) Վահանիդ ծնունդը, - ո՞ր գ ոյն երկիր, կամ ո՞ր ծով ծիրանի երկնեց զսա. ի՞նչ կարմրիկ եղե գ ն էր որ բարձրացուց զսա ի ծովէն, կամ ի՞նչ ծուխ, ի՞նչ բոց էր` որ կ ՚ ելնէր անկէց: Ո՜հ, մանաւանդ թէ այն ի՞նչ ծծըմբախառն մուխ էր` ուսկից վազէր խարտեաշ պատանէկիկն» մեր:

Հայկակ, ես այս ծխէն մղձկած` կու կորսընցընեմ Գողթան բամբիռը, կու լսեմ ուրիշ բոմբիւն, ուրիշ վիպասանութիւն մը` որ յանկարծ մահուան թմբկի պէս կ ՚ որոտայ, նոր եւ այլակերպ ծիրանի ծովու մը ծխոյ ու բոցոյ մէջ. «Ահա մերկացա՜ւ սուրն վազակաւոր ի պատենիցն. զոր տեսանող ակամբն յառաջա գ ոյն սպառնացեալ ողբայր մար գ արէն: Սուր ծարաւի արեամբ` զարթեալ ի մեզ ազ գ ն Իսմայելի, ընդ չորեսեան կողմանս երկրի գ ոչեալ առիւծաբար, կամ իբրեւ չորեքին, հողմովք բախելով զծով, զաշխարհիս մեծութիւնս: Որ արդեւք թէ եւ առ Իսրայէլ լինէր մար գ արէութիւնն, զայն եւ առ մերս առնու ձայնն, մանաւանդ` Երուսաղէմ մինչեւ ի հիմն քակեալ լինէր, եւ մեր` բոլո՜ր աշխարհս քակեալ աւերցաւ: Զվայելչութիւն երկրիս օտարազ գ իք կալան. ազատութիւն եւ տէրութիւն եւ իշխանութիւն նախարարացն` անար գ ութեամբ յերկիր կործանեցաւ: Անդ մանկունք տղայք զքարի հարեալք. եւ մերքս առ հասարակ ծնողք եւ մանկունք` ի գ երութիւն, որ եւ զմարցն առեալ ողբայր Երեմիա, այն եւ մեզ իսկ դիպեցան ի դէպ ելանել… Վասն զի մրրիկ տապախառնի տխրաբեր շնչեալ օդովն հարաւոյ, բարձ զառա գ աստն փափկութեան, բարձեալ զպատուականութիւն եւ զսըրբութիւն լուսազարդափայլ ծածկութեանն, որ փոխանակ դրախտին շնորհեցաւ մեզ` ի կենաց փայտէ խաչին Քրիստոսի, եւ յայտնեցաւ թխութիւն թանձրութեան կտաւոյն, խաւարամած թանձրութիւն անհնարին սեւութեանս, գ ո՜յն, որ ունելոց էր զամենայն աշխարհս Հայաստան երկրիս»:

Այսպէս կու սկսի Արծկէացին, Երաշխաւորի վանահայրն Արտաւազդ, իր «Ողբքն վասն չարեացն որ անցին ի վերայ աշխարհիս Հայոց… եւ Վկայաբանութիւն Ս. Վահանայ»: Նախեր գ անք կսկծալի` ըստ դիպուածոց պատմութեան, պանծալի, ըստ մատենա գ րութեան, որ մէկէն ի մէկ ընթերցողին առջեւ կու ծաւալէ` Դամասկացի թրերուն թօթափած կայծերովը ձեւացած ծիրանի ծովը: Ծո՜վ արեան, ծո՜վ մեր հարազատ արեան, ուսկից կ ՚ արձակի կորացեալ կարմրիկ եղէ գ ն այլ, եւ անոր մարմրած բոցոյն միջէն վազէ մեր խարտեաշ պատանեկիկն Վահան: - Նաւթով ու ձիւթով օծեալ են այն եղե գ ներն, բռնկած ու բորբոքած, որ Գողթան մօտ Նախճաւան եւ խրամ (կամ Հրամ) աւանաց մեծ եկեղեցեաց քակուած տանիքներուն մէջ կ ՚ եռան ծծմբաձոյլ օձերու պէս, եւ վար կու թափին հրածորան անձրեւի նման: Եկեղեցեաց դռներն դրսէն չէ թէ միայն գ ոցուած, այլ եւ աղիւսով հիւսուած, պատերուն հաւասար պնդած փակուած են, որ չկարենայ մարդ դուրս ելնել, եւ եթէ անակնկալ կերպով ծակէ մը կարենայ սողալ սահիլ, պատերուն տակը սպառազէն արաբացի գ ունդեր սուսերամերկ կու պտըտին կու վազվըզեն քաղցած զայլոց նման հրոյն մէկ ժամուան մէջ ընելիքը` սրոյն վայրկենովը, մէկ հարուածով մը սպաննելու: Անկարելի է թէ դուրս ելնելն, թէ դուրսը վայրկեան մը ապրիլն: - Իսկ նե՞րսը… Սակայն մեզի այլ հարկ է, ծանր հարկ մը, գ ոնէ մօտենալ այդ հնոցիդ, եւ յիշեալ անոր պատճառը եւ նիւթը:

Դ

Վաթսուն տարի էր որ Հա գ արացիք մտեր եւ տիրեր էին ի Հայաստան. իրաւ, երբեմն բարեբարոյ եւ արդարախոհ ամիրապետաց եւ ոստիկանաց եւ մերազ գ ի իշխանաց խոհեմութեամբ` հան գ իստ եւ խաղաղութիւն կու գ տնէր աշխարհն, բայց շատ ան գ ամ այլ` կամ մերայոց անզ գ ուշութեամբ եւ կամ հարկահանաց բռնաբարութեամբ` նեղութիւն եւ գ տան գ պակաս չէր, մանաւանդ ետքը` երբ Ատրպատական աշխարհին կուսակալն ապստամբելով ամիրապետէն` Հայք այլ սկսան գ լուխ քաշել, եւ օ գ նութեամբ Յունաց` Դըւնայ մէջ պաշարելով զԱրաբացիս` բիւրաւոր մարդ ջարդեցին, մինչդեռ ընդդէմ Հոնաց կամ Խազրաց գ ացեր էր իրենց ոստիկանն` Մահմէտ Բ, հզօր եւ ահաւոր, որ եւ շուտով Աբդլլա, Ալի, Ահմէտ, Օքրա, Գասըմ, եւ ուրիշ զօրավարօք եւ կողմնակալօք թափեցաւ ի Հայս (յամի 698-702) եւ շատ վրէժ ու չարիք հասուց Հայոց, որոց մէջ ցաւով նշանաւորք են Սեւանայ բերդին երեքամեայ պաշարումն ի ծովուն Գեղամայ, եւ բոլոր մէջը գ տուողաց կոտորումն. մէկ մ ՚ այլ Բա գ րեւանդայ Ս. Գրի գ որի մեծ եւ հարուստ վանաց անիրաւ կողոպտումն եւ միաբանից կոտորածն. ըստ ոմանց եւ ծերունի շնորհազարդ Սահակ կաթուղիկոսին եւ շատ իշխանաց կապանօք քշուիլն մինչեւ ի Դամասկոս, եւ մնացելոցն ի հայրենիս` անտանելի տառապանքն եւ տարակոյսն: Մանաւանդ երբ ոստիկանն Մահմէտ` իր հարուածքն ընելէն ետեւ դարձաւ յԱսորիս, եւ իր տեղը թողուց մէկայլ կողմնակալները, որ աւելի ցած եւ անօրէն մարդիկ էին. եւ հնարք կու մտածէին բոլոր Հայոց մեծամեծները ջնջելու աշխարհքէն, որպէս զի համարձակ ծծեն անոր պարարտութիւնը եւ աղքատաց արտասունքը:

Սմբատ Բա գ րատունի` նախարարաց զօրա գ լուխն, իր ցեղակից իշխանները եւ ուրիշ ցեղերէ այլ գ լխաւորներ գ աղտուկ ժողվեց ի խորհուրդ, թէ ի՞նչ ընեն այսպիսի վտան գ աւոր ատեն: - Ուրիշ ճար չ գ տան, բայց եթէ իրենք զիրենք ապրեցընել, փախչելով յարեւմուտս, Յունաց կայսեր երկիրը: Գնացին խորհուրդ հարցուցին նաեւ անուանի սրբակրօն ճ գ նաւորի մը, որ Վանայ ծովուն արեւելեան կողմերը կը բնակէր. նա այլ լալով ողբալով ուրիշ խրատ չկրցաւ տալ, բայն միայն որ զ գ ոյշ կենան, յանդը գ նութեամբ բանի ձեռք չզարնեն. եւ վրանին աղօթելով արձակեց: Դարձան ասոնք իրենց հաւատարիմները ժողովելու` որ հեռանան հայրենի սահմաններէն. եւ զ գ ուշութեամբ երթալով` ելան դէպ ի Մասիս լեռը եւ բանակեցան յանուանի աւանն Ակոռի. եւ ահա լսեցին որ այլազ գ իք իմացեր են իրենց միտքը, ու Նախճաւանի կողմնակալն 8000 եւ աւելի հո գ ւով ետեւնուն ընկած` «ոչ մեկնեցան ի հետոց նոցա. քանզի կամէին կենդանւոյն կլանել զնոսա»: Մերոնք փութացան փրթան լեռնէն վար, անցան Երասխ գ ետը, եւ Վարդանակէրտ ըսուած աւանի մը մէջ բանակեցան, որ կարծեմ Խորվիրապի մօտերն էր. այլազ գ իք այլ նորէն ետեւնուն ընկան: Հայք մէկ կողմանէ բանակնին ամրացընելով եւ գ իշերապահներ դնելով, միւս կողմանէ պատ գ ամ ղրկեցին առ Արաբացիս եւ իմացուցին որ իրենց մտածութիւնն ուրիշ բան չէր, բայց միայն գ լուխնին ապրեցընել փախըստեամբ եւ օտարութեամբ, իրենց տեղն ու ստացուածքը` թողլով անոնց ձեռքը. ուրեմն թող տան` որ մնաս բարո՜վ ըսեն, հեռանան իրենց հայրենիքէն: - Եւ ոչ այս ցաւալի հրաժարական ողջոյնը տալու ներեցին բռնաւորքն, այլ յարձակեցան Հայոց վրայ, որք եւ ոչ 2000 հո գ ի էին. սակայն աղօթքով եւ վերջին ջանքով ու քաջութեամբ միաբանեալ` դէմ ելան իրենցմէ չորս է հին գ հեղ բազմաթիւ բանակին այլազ գ եաց: Ասոնք կէս մը գ իշերուան ցրտէն փատցած, (վասն զի ձմեռն էր եւ ձեան վրայ անցուցեր էին գ իշերը), կէս մը ցուրտ հովէն ծեծուած, եւ այլ աւելի` յուսահատեալ քաջաց հարուածներէն, բոլորովին շփոթեցան, քշուեցան, ջարդուեցան. փախչողներն այլ թափեցան Երասխայ վրայ` անդին անցնելու. գ ետն որ սառեր էր` անոնց փախստական ոտից դոփմանէն պատռտելով` ներքեւն առաւ, կլլեց, ծածկեց: Եւ այն ահարկու սպառազէն բիւրաչափ բանակէն` հազիւ 300 հո գ իք կրցան փախչիլ. զորոնք դարձեալ պիտի ջարդէին Հայք, եթէ չապրեցընէր մեր նախարարաց մէկուն տիկինն` Շուշան. որ եւ քրիստոնէաբար գ ըթով անոնց վէրքերն այլ պատելով, զ գ եստ եւ գ րաստ տալով` դարձուց խաւրեց առ ամիրապետն Արաբացւոց` Աբդլմէլիք. եւ ընդունեցաւ անկէց շատ ընծայ եւ պատիւ ի փոխարէն մարդասիրութեանն: Յաղթական գ ունդն Հայոց` թշնամեաց աւարներն առին, համարձակ իրենց ճամբան գ նացին, մտան յամուր տեղիս մեր Տայոց աշխարհին, որ այն ատեն Յունաց իշխանութեան տակ էր, եւ կայսրէն այլ պատիւ գ տան: - Այս է Վարդանակէրտի կռիւն, անուանի մեր պատմութեան մէջ այս ժամանակիս, եւ ամօթալի յԱրաբացւոց պատմութեան, որոյ անունն եւ տարին ան գ ամ չէին ուզեր յիշել. անանկ որ 200 տարի վերջ այլ մեր հաւատարիմ պատմըչաց մէկն վկայէ, թէ` «Ցարդ եւս բան առ Հա գ արացիսն, ըստ իւրեանց աղխտաբոյզ բառին պատմի, թէ Վարդանակէրտ կռիւ մի յիշեսցի մեզ»:

Այս կռուէն սիրտ առած ուրիշ Հայ իշխանք այլ եւ Վանանդ եւ ի Վասպուրական` զիրենք նեղացընող այլազ գ եաց գ ունդերը ջարդեցին: Բայց եթէ ասով` իրենց վտան գ ը քիչ մը հեռացուցին, աւելի այլ ծանրացուցին: Վասն զի ամիրապետն Աբդլմէլիք իր կուսակալաց փախստական զօրքերը տեսնելով եւ լսելով եղածը, պատուէր ըրաւ Մահմէտ ոստիկանին, որ երթայ խստիւ պատժէ զՀայս: Մահմէտ առաջինէն աւելի պատրաստութեամբ եւ սրտմտութեամբ ելաւ գ ալու, զՀայաստան սրով եւ հրով մաշելու: Հիմայ մերոնց` ոչ միայն անոր դէմ կենալու ճար չկար, այլ գ րեթէ եւ ոչ փախչելու: Մէկ հատիկ եւ յետին հնարք գ տաւ Հայաստան` իր սրբակաց եւ ալէզարդ հայրապետը (Սահակ) փութացընել ընդ առաջ ահաւորալուր զօրավարին. որ եթէ հնար է, իր վարուց, հասակին եւ աշտիճանին շնորհօք` անոր զէնքերը եւ ձեռքը կապէ: Սրբակենցաղ հայրապետն` որ արդէն վշտահար տառապեալ կեանքը կնքելու մօտ էր, յանձն առաւ այս դժար պատ գ ամաւորութիւնը, իբրեւ յետին եւ ծանր հայրական պարտք: Ելաւ (ըստ ոմանց ի Դամասկոսէ` ուր գ երեալ էր, եւ ըստ այլոց որ հաւանա գ ոյն է) իր բնիկ երկրէն եւ աթոռէն, վերջին ողջոյնները եւ օրհնութիւնները տալով, թէ հասարակաց որդւոցը, եւ թէ ամենուն մօր Ս. Եկեղեցւոյ, որոյ փեսայացեր, եւ զոր վսեմ, փափուկ եւ հո գ եռանդն եր գ ելով գ ովեր գգ ուեր էր. զոր է մինչեւ հիմայ հնչելով Հայաստանեայց եկեղեցին, կրնայ նախանձելի ըլլալ ուրիշ ազ գ աց: Կու հաւանիմ, թէ բաց յայլոց նոյն իր մէկ շինած եւ եր գ ածն` իրեն համար եր գ եցին իր կղերիկոսքն` զինքը յուղարկելու ատեն. «Այսօր քահանայապետ ճշմարիտ` աստուածային օրինօքն պատուեալ, կան գ նէ զքառանկիւն սեղան խաչին, արժանապէս պատարա գ եալ բաշխէ զմարմին եւ զարիւնն Տեառն. մաքրապէս մերձեցարուք փրկեալք նոր ժողովուրդք. եւ հայցեցէք ի Քրիստոսէ, զի շնորհեսցէ զսա մեզ ընդ երկայն աւուրս»: - Այս յետին հայցուծքս ոչ շնորհեց Քրիստոս. մանաւանդ թէ արդէն շնորհեր էր` քսանեւեօթն տարի երկարելով անոր կաթողիկոսութիւնը: Իսկ հիմայ երբ սիրոյն թեւերով ծերութիւնը աւելի թեթեւցնելով` քան զարաբացի հեծելազօրուն ընթացքը, դեռ Մահմէտ մեր սահմանաց չհասած` ինքն մտաւ յԱսորիս, եւ հասաւ մինչեւ ի Խառան քաղաք. ա'յլ չկրցաւ յառաջ շարժիլ. յօ գ նութիւն, ծերութիւն եւ սրտացաւութիւն` վերջին հիւանդութիւնը բերին. թեւերը թուլացուց, ոտքերը կապեց մահն. մահ` որ միայն չկրցաւ սիրտը պաղեցընել ինչուան անոր յետին շարժը: Մեր քահանայապետն այլ նման իր եր գ ած քահանայապետին յաւիտենից, իր կեանքը տալով պիտի ապրեցընէր իր ժողովուրդը: Մահն հոս շուտ երեւցաւ, բայց ուշ հասաւ. վասն զի մեռնողն ցրուեց անոր անյաղթելի կարծեցեալ հնարքը. ճարտասան լեզուին եւ եռանդուն սրտին թար գ ման թողուց ձեռացը մէջ կնքած թուղթ մը` առ ոստիկանն Մահմէտ, պատուիրելով որ իմացընեն անոր իր փափա գ ը:

Գնացին աղաչաւորքն առ ոստիկանն, որ եւ շուտով հասաւ ի Խառան. բերին տուին իրեն թուղթը` յորում գ րեր էր հայրապետն սքանչելի իմաստութեամբ եւ ծանրութեամբ մը, խնդրելով որ խնայէ Հայոց, ներէ անոնց ըրածին, չդպչի անոնց հաւատքին. այլ ինչպէս առաջին ամիրապետք թողեր էին` ինքն այլ թողու. միայն հարկը առնու եւ պահէ զաշխարհքը: Եւ եթէ այսպէս ընես, գ րէր, Աստուած քու կամքդ կատարէ եւ կու յաջողիս. ապա թէ չես լսեր ինծի` ո'չ իմ օրհնութիւնս եւ ոչ Աստուծոյ կու գ այ վրադ. այլ միտքդ դրածիդ հակառակն կու պատահի, եւ ամեն կողմէն վրադ չարիք կու թափին: - Զարմացաւ, զարհուրեցաւ ահեղ զօրավարն. եւ լսելով որ դեռ թաղած չեն սրբոյն մարմինը, եկաւ անձամբ. եւ տեսնելով այն հանդարտեալ հան գ ուցեալ կերպարանաց վրայ աստուածախօս պատ գ ամ մը, խոնարհեցաւ պատկառանօք, երկու իրեք ան գ ամ սէլամ-ալէք ըսաւ. որուն` կ ՚ ըսեն ոմանք, թէ մեռեալ մարմինն այլ (ինչ Խօսնակն եկեղեցւոյ իր գ ահուն վրայ հան գ չած ատենը), պատասխան տուաւ խաղաղութեան ողջունի: Մահմէտ հայրապետին աջը բռնելով եւ վկայ կոչելով զԱստուած, իբրեւ կենդանի մար գ արէի հետ խօսեցաւ եւ ըսաւ. Քու թղթէդ ճանչցայ քու իմաստութիւնդ, ո'վ մարդ Աստուծոյ. դու իմ սուրս կապեցիր, եւ քու ժողովուրդդ ապրեցուցիր. եթէ ուզածէդ բան մը չկատարեմ` ըսած անէծքներդ գ ան վրաս. ապա թէ կատարեմ` ինչպէս որ խօսք կու տամ, օրհնութիւնդ վրաս ըլլայ:

Պատմութեանց մէջ քանի մը ան գ ամ ասոր նման դիպուածք կու յիշուին. հո գ եւոր հօր մը իր հօտը կամ քաղաքը բռնաւորի մը հարուածներէ ազատել, միայն խրատով եւ Աստուծոյ հատուցմանց յիշատակաւ. մէկ այլ այս է. եւ աւելի այլ զարմանալին, որ այս նոր «Սահակ սուրբ հօտապետս» մեր` մահուընէն ետեւ այլ իր հովուութիւնը եւ փրկութիւնը ըրաւ: Գազանացեալ գ ետոյ պէս վազող զօրավարն` դադարեցուց զօրքերը. Հայոց դալկահար պատ գ ամաւորները` անկարծելի կենաց յուսով նորո գ եց. ոչ միայն բանիւ այլ եւ գ րով ազատութեան հրովարտակ կնքելով եւ տալով, որ առաջին Ալի ամիրապետին տուածէն ետեւ գ լխաւոր ազատա գ իրն եղաւ Հայոց, եւ կոչեցաւ Երկրորդ կամ փոքր մանշուր: Այս հրովարտակը` սուրբ խաչվառից եւ դրօշուց հետ պարզած` տարին հայրապետին մարմնոյն հետ` իրեն հաւատարիմքն. եւ Հայաստան նոր հո գ ի առած` իր մահու չափ սիրող եւ սիրելի հայրապետը հան գ ոյց յանմահութիւն:

Մտաւ ինքնին Մահմէտ ոստիկանն այլ ի Հայաստան` բազմութեամբ արաբիկ զօրաց հեծելոց եւ հետեւակաց. սակայն հան գ ուցեալ հայրապետին հեզութենէն` իբրեւ սանձուած ծով մը` լռեց հանդարտեցաւ, ամենեւին վնաս մը չհասուց Հայոց. եւ իբրեւ թէ իր առաջին զրկմանց եւ սպանութեանցը փոխարէն հատուցմունք մ ՚ այլ ըրաւ. ամիրապետին խօսք հասկըցուց, ինչուան որ մեռաւ նա (Աբդլմէլիք` յամի 705) եւ յաջորդեց որդին Վլիթ կամ Վալիտ Ա: Սա նոր Փարաւոնի պէս չուզելով ճանչնալ իր հօրը եւ ոստիկանին Հայոց հետ ըրած դաշինքը, մանաւանդ թէ դեռ Վարդանակերտի եւ Վանանդայ կոտորուածքն աչքին առջեւ ունենալով, ուզեց անոնց վրէժը պահանջել ի Բա գ րատունւոյն Սմբատայ եւ իրեն հետ միաբանած ու չմիաբանած նախարարներէն այլ: Հազիւ թէ սպառնալեաց համբաւն հասաւ ի Հայաստան, - որուն ուրիշ բան չէր մնար` բայց հաւատարմութեամբ պահել Մահմէտի մէնշուրը, եւ անոր մեծասրտութեանը ապաւինիլ, - երբ Սմբատ, սէ գ ն այն Սմբատ, իր հաւատարմաց եւ Յունաց վրայ վստահացած, եւ քինախնդրութեամբ վառուած, մեծ եւ բազմավտան գ անխոհեմութեամբ` ուզեց իբրեւ յանպատրաստից Մահմէտի վրայ հասնիլ. եւ աղաչանօք կայսերէն ընդունելով մեծ գ ունդ մը յունական զօրաց, շուտով մտաւ ի բաժինն Հայոց Արաբացւոց, եկաւ ի Վանանդ գ աւառ, բանակեցաւ ի Դրաշպետ գ իւղ: Չուշացաւ Մահմէտ այլ անոր դէմ ելնել, եւ անոր ըրածովն` ինքզինքն ազատած սեպել իր երդմունքէն: Անոր կարծածէն աւելի այլ շուտ պատրաստութեամբ եւ շատ զօրքով` գ ր գ ռեալ պատերազմը յանձն առաւ, մղեց լմնցուց, մեծ եւ ողբալի կորըստեամբ Յունաց եւ Հայոց, որոցմէ ինչուան 50, 000 մարդ, կ ՚ ըսուի, թէ ընկան պատերազմին մէջ, մնացեալ քիչերն այլ կորակոր դարձան, որոց հետ նաեւ Սմբատ, որ եւ ինչուան Ե գ երաց (Աճարայ) Փոթի քաղաքը գ նաց ամրացաւ: - Վալիտ լսելով որ Հայք եղեր են առաջնորդ Յունաց` ի պատերազմին, նորէն խստիւ պատուէր զրկեց Մահմէտի` չխնայելու անոնց: Մահմէտ` թէ իր ամիրապետին հրամանը եւ թէ մեր հայրապետին խնդիրը կերպով մը միաբանել մտածեց. ինքն կենալով տեղը, Դուին), եւ հրամայելով Նախճուանի կողմնակալին` որ ամիրապետին պատուէրը կատարէ:

Ե

Նախճաւանի հրամանատարն` Գասիմ, զոր մեր պատմիչք Կասմ կամ Կազմ կոչեն, կ ՚ երեւի թէ այն զօրավարաց մէկն էր` որ երեք տարի առաջ զարնուեցան ի Հայոց, որոց վրայ մեծ ատելութիւն ունեէր. եւ հիմայ յարմար առիթ գ տաւ ոստիկանին հրամանը: Ասոնք են ըստ վիպասանին մերոյ` աշխարհաւեր կրակը ձ գ ողքն ի Հայս. «Հուր ի մեզ վառեցին, սատանայի ի նոսա փչելով ըզբարկութիւնն, եւ աստ բան տալով, անօրէն խորհուրդ առեալ ի մեզ… զի զզօրս եւ զզօրա գ լուխս, զպետս եւ զիշխանս, զազատատոհմս եւ զնախարարազունս, _ բնաջինջ կորեստեամբ բառնալով… սպառսպուռ մահուամբ վճարեսցէ, եւ յաղթեսցէ քաջաց եւ յաղթող նահատակացն Հայոց, եւ ջնջել ի միջոյ ի բաց բառնալ, եւ ունել զաշխարհս առանց կասկածանաց»: Միով բանիւ Տեառն մերոյ, «Հարից զհովիւն եւ ցրուեսցին ոչխարքն հոտին». զարնենք, ջնջենք, ըսին Հա գ արացիք, Հայոց ամեն իշխանների եւ ազնուականները, եւ անկասկած տիրենք աշխարհին:

Սուտ եւ խարդախ խօսքերով հրաւէր խաւրեցին ամենայն մեծամեծաց եւ զօրա գ լխաց Հայոց, ինչպէս թէ Սմբատայ ըրածը` Յունաց գ ործն սեպէին, եւ կ ՚ ուզէին նորէն Հայոց հաւատարմութեան երդմունք առնուլ, դաշինք դնել եւ վարձք տալ. նոյնպէս անոնց հեծելոց թռչնակն այլ` որ տարուէ տարի ամիրապետին կողմանէ կու տրուէր անոնց (100, 000 դահեկան կամ դրամ): Հայոց մեծամեծաց շատերն հաւատալով կամ հնազանդելով հրաւիրին` իրենց գ լխաւոր զօրականօք, թիկնապահօք եւ ընկերօք եկան ժողովեցան Կամայ իշխանութեան կողմերը, ուր եւ ամենուն` իրենց աստիճանին համեմատ ոչ միայն ընծայ եւ թոշակ տրուեցաւ, հապա նաեւ անոնց տարեկան հարկի պարտքն այլ շնորհեցաւ: Միայն թէ ինչպէս սովորութիւն էր մեծի քով գ ացողին` զէնքերը թողուլ տուին, ինչուան որ գ ործը լմըննայ, միան գ ամայն եւ վախնալ մը կու կեղծէին Արաբացիք ի Հայոց. եւ իբրեւ աւելի զ գ ուշութեան համար` ուզեցին որ Հայք հաւատարմութեան երդումն այլ ընեն, եւ հանդիսապէս այլ ընեն, որ երկու կողմին այլ ապահովութիւն եւ երաշխաւորութիւն ըլլայ: Ասոր համար էր որ մտուցին զանոնք, 800 հո գ ի Նախճուանի եւ 400 հո գ ի Հրամի մեծ եկեղեցիները, եւ դռները գ ոցեցին, ըսելով թէ «Մի' ոք ելցէ յայս մեծ խորհրդոյ` արտաքս»:

Եւ մինչ Հայք ներսը արթըննալով` դռները կու փնտռէին, ասոնք դուրսը զէնքերնին հա գ նելով` խուրհուրդ ըրին, որ անոնց իշխանաց եւ զօրավարաց գ լխաւորները դուրս հանեն. եւ ուզածնին տեղեկանալէն ետեւ` որով եւ կախաղանով սպաննեն, իսկ ներսը թողածները` կրակով այրեն, եւ այնպէս ըրին: Մինչդեռ ոմանց պատուական գ լխոց համար` դուրսը մահուան փայտեր կան գ նէին, եւ ծարաւի սուրն արեամբ կու լափէր հազարամեայ պայազատութեամբ ազնուացեալ արիւններ, մէկայլոց համար վերէն կրակ թափելով` «զտուն աղօթիցն գ երեզման յօրինէին, եւ գ եհեան հրոյն` ունէր զբաբելոնական բոցոյն նմանութիւն, վերամբարձեալ հրոյն եւ ծխոյն, եւ զնոյն եր գ եցին զօրհնութիւն (երից մանկանցն, եւ ապա զհրեշտակացն եր գ ս ընդ հովիւսն) մինչեւ ի նուազել որդւոցն յանլուծանելի բանդին: Աւա՜ղ զնոցա այրումն ի միասին հրով, ո՞ր լսելիք բերէին զլուր հառաչանացն. հայր առ որդի եւ որդի առ հայր. եղբայր առ եղբայր, եւ մերձաւոր առ մերձաւոր. բայց ոչ կակղացուցանէր զսիրտ անօրէն բռնաւորացն: - Անդ ապա հօր` որդեծնաց գ ութ աղիսն այրէր. եւ ի վերուստ ի ձեղուանէն անկանէր կրակն, եւ մանկանցն ի հանդերձսն վառէր հուրն. հարքն ի բաց կտրէին, զի առ նոցա ողորմամահութիւնն` զիւրեանցն ոչ յիշէին, եւ ի զոյ գ այրէին առ հասարակ ամենեքեան». վասն զի բազմավտան գ աւոր հրոյն այնորիկ ի նիւթական մարդկան ձեռաց բարձրացեալ, հրդեհակէզ եղեալ առաստաղակեալ փայտակերտն` այրեցեալ լինէր. հրկիզի մուրն` ի վերուստ հոսեալ հանդերձ մխախառն հրովն` հեղձամղձուկ դառն պատուհասիւ զվախճան մահու ածելով ի վերայ նոցա ամենեցուն, ծածկեաց զբազմութիւնն զայն անօ գ նական ի վերուստ: Եւ նոցա անդադար գ ոհաբանութիւնն` ընդ սպառեալ որդւոցն դադարեաց: - Այսպէս առ հասարակ սպառեցան բազմութիւն նախարարցն Հայոց ի դաւաճանողացն անողորմից: Բայց ոչ է Երեմիա մերձ, որ զաղէտս անցիցն` ողբոք պատմեսցէ լսողացն: - Արտասուօք բազմաց` մի' հո գ ար, Երեմիա, որ զաչս աղբիւրս խնդրէիր, ի մեր աշխարհիս իսկ ծովացա՜ւ արտասուաց աղբիւրք»:

Այսպիսի դառնադառն արտասուաց ծով մը հազիւ կարող էր մարելու այն զարհուրելի հրկիզութիւնը, յորում շատ հին Հայկազանց պայազատութիւնք մոխիր դարձան, շատ նախարարութիւնք եւ սեպհականութիւնք ճղակտոր եղան, եւ շատ ծուխք մարեցան: - Սպանելոց եւ այրելոց մնացեալ ընտանիքն գ երեցան, ժամանակ մը Նախճաւանի մէջ պահեցին, յետոյ տարին ի Դուին առ Մահմէտ. եւ ամառը բանտի մէջ պահելով` աշնան ատեն եւ յաջորդ տարին` քշեցին ի Դամասկոս առ ամիրապետն, հանդերձ Աղուանից իշխանօք, եւ շատ աւարով եւ կողոպտով, որոց մէկ մեծ մասն այլ իրենք յափշտակեր պահեր էին. ինչպէս նաեւ գ երիներէն մէկ քանին այլ. իսկ քշուածներէն «զմեռելոցն ի ճանապարհի` ոչ գ իտեմ եթէ ընկալա՞վ զնոսա գ երեզման, եւ եթէ որպէս ընկեցեալ եղեն ի տեղիս». «Այսպէս անժառան գ առնէին զաշխարհս ի նախարարաց. յայնմ ժամանակի թափուր եղեալ աշխարհս Հայոց, մատնէին իբրեւ զոչխարս ի մէջ զայլոց, եւ թշնամեացն ամեն օրինակ չարեաց յարձակեալ ի վերայ` յանհուն աղէտս վտան գ ի պահէին զբնակիչս աշխարհիս. որոց տաղտկացեալ յանհան գ իստ նեղութեանցն` զհառաչանս եւ զաղաղակ հեծութեանն բարձրացուցանէին յերկինս»: - Այս դառնայիշատակ դիպուածն եղաւ յամին 705 եւ 706 զատկի օրերէն սկսեալ, եւ այնքան սաստիկ էր որոյ եւ հրոյ վրէժն` որ Հա գ արացին ան գ ամ կշտացաւ, եւ Վարդանակերտի ու Վանանդայ հարուածները աւելի մոռնալու համար` այս տարիս անուանեց Ամ հրդեհի կամ Կրակի տարի:

Ահաւասիկ, Հայկակ, այսպիսի հրածաւալ ծիրանի ծովու մը խռուացեալ եղե գ էն դուրս վազեց` յետին պայազատն Գողթան, պատանեկիկն Վահան, որոյ հայրն Խոսրով` իր պատուակցաց հետ որոյ եւ հրոյ մէջ վայելով, վերջին եւ վեհա գ ոյն ժառան գ ութիւն թողուց այս երեխայ որդեկին` իր նահատակութեան եւ սրբութեան անունը. զոր եւ սա սքանչելապէս ժառան գ եց, աճեցուց եւ փայլեցուց: Վահան հազիւ չորս տարուան էր Կրակին տարին. երբ գ ուցէ ուրիշ աւելի տարեւոր տղոց հետ` իր քիչ մը մեծ եղբարքն այլ` միամտաբար խայտացող գ առանց նման խորովեցան Խրամի տաճարին մէջ, երկու իրեք հեղ օղիկ օղիկ գ ալով իրենց անճրկած դաստիարակաց եւ ազ գ ականաց առջեւ, եւ միայն ափ մը ճերմակ աճիւն թողուցին այնքան խարտեաշ եւ մատղաշ կերպարաններէն. - եւ այն զուարթածաղիկ հասկներն` փոխանակ ծերունափայլ ծնողաց ծոցը պսակելու` ուրախութեան ժամերու եւ սենեակներու մէջ, որպէս զշուշանն եւ զխոտն վայրի` վայրենա գ ոյն ձեռքով խլուած` յետ առօրէական փայլման մը` արկան ի հնոց, եւ ոչ են, եւ ոչ եւս երեւին. - եւ բիւրախօս բամբիռն Գողթան համրացեալ լռէ, եւ չիզրուցեր չողբար այն թառամեալ դալարութեանց եւ կայտառութեանց վրայ. վասն զի նոյն հարուածն` որ զանոնք խամրեց ու խարկեց, զինքն այլ ջարդեց ու ջախջախեց. - եւ Գողթն գ ինաւէտ քացխած թթուեցաւ իր մանրիկ պայազատաց դեռաբողբոջ քաղցրաբարբառ շրթանց համար, որոց կաթկըթած կաթին, գ ինւոյն եւ արեան միջէն, անցան գ նացին նորեկ հո գ իներն. «Եւ հո գ իք սուրբ մանկանցն, որպէս զերամս աղաւնեաց թռուցեալ ի յերկինս եւ դնսեալ ընդ զուարթունս երկնից»:

Զ

Վահանայ ուրիշ բաղդ, ուրիշ հանդէս պահուած էր. հասակին մատղաշութիւնն, ծննդեան ազնուութիւնն եւ իր ոսկէհատիկ կերպարանաց շնորհքն` ապրեցուցին զինքը ի հրոյ եւ ի սրոյ. եւ ուրիշ գ երեաց հետ հասուցին մինչեւ ի դուռն Վլթայ ամիրապետի. որ իբրեւ պատուական որսիկ մ ՚ ըրած` պատուիրեց որ իր արքունեաց մէջ մեծցընեն զնա մահմետական օրինոք. եւ անուանը վերջի գ իրը միայն փոխեց տաճկացուց, կոչեց ՎահաՊ: Թերեւս հազիւ Պ մը վաստըկելու արժանի էր Վլիթ:

Դամասկոսի տիեզերասաստ արքունեաց մէջ եւ իսլամի կենդրոնը մեծցաւ զար գ ացաւ Վահան. հոն առաւ իր վայելուչ հասակին չափը, հոն ծաղկեցաւ պատանեկութեամբ իբրեւ 14 տարի. եւ թէ կերպարանաց վայելչութեամբն, թէ մտաց յաջողակութեամբն ամենուն զարմանալի եւ սիրելի եղաւ: Թէ եւ օտար եւ թանձր դեն մը իր ծննդեան եւ մանկութեան սուրբ կրօնքը պատեր ծածկեր էր ամպի պէս, սակայն քրիստոսածին աւազանին շնորհքն, իր հօր ծննդեան արիւնէն աւելի` նահատակութեան սուրբ արիւնն, եւ ընտրեալ հո գ ւոյ մը յաղթական եռանդն, այն թանձր ամպերը պատռելով դուրս ցոլացընէին ազնուափայլ նշոյլ մը, որ ոչ միայն օտարաց` այլ եւ նոյն իսկ ինքեան Վահանայ անբացատրելի զմայլմունք եւ զարմանք մ ՚ էր: Դեռ ծնօտքն չծաղկած` մօրուեղ կուռայից եւ կարդացողաց կրօնքը եւ գ իտութիւնը կրնար վարդապետել. իսկ իրեն գ րեթէ վարդապետ չէր գ տուեր, եւ ոչ հանճարեղ խելքին հաւասարող. անանկ որ իր հասակէն վեր պաշտօններու բարձրացաւ. եղաւ արքունի դիւանադպիր. որ մեծ հմտութիւն պահանջէ արաբերէն լեզուի եւ գ րելու. եւ այլ աւելի պատւոյ եւ իշխանութեանց պիտի հասնէր յերկրի, եթէ գ երա գ ոյն եւս փառք չպատրաստէին նմա երկինք, որուն ան գ էտ եւ անկարծիք` հաւատարմութեամբ կու ծառայէր նա, եւ օրէ օր սիրելի կ ՚ ըլլար ամիրապետացն` Վալիտայ (705-715) եւ անոր եղբօր Սուլիմանայ (715-717), եւ հօրեղբօրորդւոյն` Օմարայ (717-720):

Այս ետինքս` որ զՎահան գ տաւ ծաղկած պատանութեան մէջ, մեծ յոյս եւ խնամք ցուցընէր վրան. մանաւանդ որ ինքն այլ բնութեամբ բարեբարոյ եւ բանասէր էր, եւ կու ջանար ի խաղաղութեան եւ ի հան գ ստեան պահել իր հպատակները. մինչեւ իր քով գ տուած օտարազ գ ի գ երեաց եւ պատանդից այլ արձակում տուաւ` դառնալու իրենց հայրենի երկիրը: Ասոնց մէջ գ լխաւորք էին Կրակին տարին գ երուած Հայոց ազատորդիքն. որք եւ խնդութեամբ դարձան իրենց տանց եւ ընտանեաց մնացորդաց մէջ: - Արդէն նոյն ինքն չարեացապարտն Վալիտ իր վրէժը ի Հայոց առնելէն եւ պատանդները քովը պահելէն ետեւ, լսելով մեր աշխարհին մէջ մնացեալ տառապելոց լացն ու բողոքն ի բռնութեանց ոստիկանին Մահմէտի, յետ կանչեր էր զսա յԱսորիս, ուր չարաչար մահուամբ կորաւ. «Դժնդակ ախտ մահու զնա ըմբռնեալ` զեօթն ամիս հո գ եհանս կացեալ` հազիւ ուրեմն սատակէր. եւ երիցս թափեալ վերընկէց լինէր, զի երկիր ոչ ընդունէր զնորա գ արշելի մարմինն. ապա կալեալ շուն մի շամփրեցին եւ այնպէս ծածկեաց երկիր զչարն զայն»: Անոր տեղ ղրկեց զԱբդլազիզ, որ թէ եւ խուլ էր ականջօք, բայց բարեսէր, զուարթաբարոյ եւ առասպելախօս ծերուկ մը: Սա մէկէն հրաման հանեց որ ամեն փախուցեալ եւ հեռացեալ Հայք անվախ դառնան, իրենց տունը տեղը ժառան գ են. եւ ձեռք այլ զարկաւ անոնց մայրաքաղաք Դուինը նորո գ ել: Վասն զի, կ ՚ ըսէր, երբ այս քաղաքս մենք Արաբացիք առինք (յամին 640 կամ 647), ես այլ բանակին մէջ էի` 12 տարուան տղայ մը, մէջքս կարմիր շորերով պատած. երբոր մեր զինուորքն քաղքին պարսպին տակ կ ՚ աշխատէին եւ չէին կրնար ճամբայ գ տնել, ես խողովակ մը տեսայ, մէջը մտայ եւ սողալով գ ացի, ինքզինքս պարսպին վրայ գ տայ. սկսայ պոռալ կանչել մեր զինուորներուն. ասկէ շփոթութիւն եւ վախ մ ՚ ընկաւ պահապանաց վրայ: Արաբացիք շուտ մը վրայ հասան, տիրեցին քաղքին ու աւրըշտըկեցին. եւ որովհետեւ ես եղայ անոր աւերման պատճառ, պէտք է որ հիմայ այլ ես ըլլամ նորո գ ողն: - Այս խելոք խիկարին ոստիկանութեան ատեն, դարձան ի Հայս` անկէ կամաւ գ աղթող փախչողքն. ինչուան այն Սմբատ Բա գ րատունին այլ, որ անխոհեմութեամբ իր հայրենեաց եւ Յունաց հարուածոց պատճառ էր եղեր, եւ հիմայ այլ նոր անխոհեմութեամբ եւ ապերախտութեամբ` կողոպտելով Փոթի քաղաքը (ուր ամրացեր էր շնորհօք կայսեր), դարձաւ ի Հայս, հետը ձ գ ելով Յունաց պապասներուն եւ եպիսկոպոսաց նզովքը, անոնց եկեղեցիներն այլ կողոպտելուն համար:

Է

Սկսաւ նորէն աշխարհն շինութիւն առնուլ, եւ այն մեծ հրդեհին մոխիրները քիջ մը մաքրիլ, թէպէտ եւ կային շատ խանձած գ ետինք, ուսկից նոր տունկ մը չէր բուսներ, նոր շէնք մը չէր կան գ ներ. խանկրած աւերակներ` դեռ կ ՚ ողբային եւ ողբալ տային իրենց հին տէրերը, եւ տարակուսանօք փնտռել նոր պայզատներ: Այսպիսի էր եւ գ աւառն Գողթան, ուր քակտած քարուկիրն եւ արմատախիլ այ գ իք իրարու խառնուած դիուած մնացեր էին. տասն տասնեւհին գ տարի էր, ոչ թէ հայրապանծ բամբիռն, այլ եւ ոչ բարբառ մ ՚ ուրախութեան հնչէր այն կողմերը` որք գ րեթէ խնդութեան եւ եր գ ոց բնավայրք էին. այլ միայն ողբասէր եւ ահարկու բուիճակաց վայերն ու կանչեր` կիսաւեր բուր գ է` բուր գ պատէ պատ զայնուելով երթային եւ դառնային… լռութենէն աւելի տխուր էր այն ձայնն, գ իշերուան մթութենէն ցաւա գ ին էր հանդարտաքայլ լուսնին ծաթելը գ երեզմանացեալ փլատակաց վրայ:

Սակայն հոն ամենէն տխրաշարժ միան գ ամայն եւ սիրաշարժ երեւոյթն էր` աւանդութեան ցուցածն: Իբրեւ դիցակերպ ո գ ի մը, ուրհի մը այն մեռելատիպ միայնութեանց, կէս սեւ կէս ճերմակ, թէ ոչ յաւերժահարսն` գ ոնէ գ իշերահարսն հեզաճեմ, որ լուսնին ծառէ ծառ անցուցած չուքերուն հետ սահելով` կու գ այ լռիկ մնջիկ իր ցորեկուան հովանոց` գ իշերուան մենանոցը, սաղարթապատ սարբինայից տակ, անշուշտ յԵրասխ վազող առուակի մը քով. որուն հոմաձայն հոմավանկ կարկաջանքն` իր համանման մտածմանց եւ անդաճմանց սիրելի արձա գ ան գ ք են. - ինքն տրտմութեան եւ լուսնին գ ոյներն առած` փափուկ ծնօտը կու հան գ չեցընէ արծաթափայլ ծղեացը վրայ. եւ գ րեթէ անշարժ անշունչ կու նայի կիսաբաց աչօք, որոց ոչ սեւութիւնը, ոչ արտասունքը, եւ ոչ գ իտած կէտը կրնայ նշմարուիլ. - աւելի մելամաղձիկ Մելպոմենի մարմարեայ անդրի մը կարծուէր` յանկարծ հանդիպողի մը, քան կենդանի կոյս մը, եռանդուն օրիորդ մը, ազնուազուն պայազատ մը: դստրիկ մը Խոսրովու, քոյրն Վահանայ Գողթնացւոյ:

Այն ազնիւ, գ երազնիւ աննման քերց մէկն է սա, որոյ վրայ դեռ պատմութիւնն գ րով չէ խօսած, այլ բերանացի աւանդութեամբ հասուցած, այն մեծասիրտ հայկազն, օրիորդաց մէկն, որոց համար եթէ հայրենիքս կան գ ուն ըլլար` կրնար առանձին տաճար մ ՚ այլ կան գ նել, այն որբացեալ քոյրերէն մէկն, որ ամեն օր տարաժամ վախճանեալ ծնողաց գ երեզմանները արցունքով լուալէն ետեւ, աչուընին սրբելու կու կանչեն հեռացեալ վարեցեալ եղբայր մը. եղբայր մը, որ քան իրենց ակնկալու տասն փեսայ` աւելի քաղցր եւ ցանկալի կ ՚ երեւի: Բաղդ եւ դիպուած, գ րեթէ անունով այլ նման ըրեր էին զսա` մեր Հայոց օրիորդաց նախ սեւաճեմ եւ ապա սրբաճեմ պարա գ լխին, Ս. Խոսրովիդըխտայ, որ մեծին Խոսրովու դուստր էր, ինչպէս սա Գողթան իշխանին Խոսրովու: Ուրեմն իրաւապէս, (մանաւանդ քանի որ պատմութիւնն լռէ) սա այլ Խոսրովիդուխտ կըրնայ կոչուիլ (որ է ըսել դուստր Խոսրովի): - Երբ Անակ Պարթեւ եւ Արտաշիր Սասանեան սպաննեցին անոր հայրը եւ ընտանիքը թըրէ անցուցին, զինքն ազատեց իր դայեակն Օտա նախարար, անոր մէկ փոքրիկ եղբայրն այլ (որ յետոյ եղաւ Մեծն Տրդատ) ուրիշ իշխան մ ՚ առաւ փախուց մինչեւ յարքունիս Հռովմայ ինքնակալաց. - իսկ ասոր եղբայրիկը` նոյն իսկ գ երողք աշխարհին եւ հօրը սպանողքն տարին` այս ատենուան ինքնակալաց արքունիքը, ի Դամասկոս. - քոյրն Տրդատայ` Խոսրովիդուխտ` մենացեալ նստէր ի բարձր աշտարակի ամրոցին Կամախայ, կու նայէր եփրատա գ նաց Գայլ գ ետոյն ալեաց վրայ, եւ 15-20 տարի կու հառաչէր, թէ ե՞րբ պիտի գ այ իմ Տրդատ եղբայրս, կան գ նելու իմ սիրտս, մեր հօրը թա գ ը եւ Հայոց աշխարհը. - քոյրն Վահանայ նորս Խոսրովիդուխտ, իր կիսաւեր հայրենեաց մենանոցի մէջ նստած, իբրեւ 15 տարի հալէր եւ հառաչէր, թէ ե՞րբ պիտի գ այ իմ վահան եղբայրս` կան գ նելու իմ սիրտս, մեր հօր յիշատակը եւ Գողթան աւերակները: - Իր սիրալիր, եւ ցաւալից ցնորմանց մէջ անշուշտ շատ հեզ ուզեր էր ինչուան Երասխայ արեւելասէր ընթացքն այլ փոխել` Եփրատայ եւ Տի գ րիսի նման դէպ ի հարաւ, եւ իր հօր պալատին խանձած տախտակաց մէկը լաստելով` նստիլ վրան, սահիլ իջնել մինչեւ ի դուռն Դամասկոսի, եւ դարձընել բերել զՎահան մինչեւ յայ գ իս Գողթան: - Չկարցաւ Խոսրովիդուխտ գ ետոյն ընթացքը փոխել, այլ իր արտասուաց անփոփոխ գ ետը հասուց մինչեւ առ եղբայրը:

Վահան հասակով եւ սրտով զար գ ացեալ` արդէն լսէր իմացեր էր իր ծա գ ումը, եւ շատոնց սկսեր էր սրտին մէջ երկու կրօնից, երկու հայրենեաց, երկու սիրոյ կռիւներն. եւ արդէն յաղթող կ ՚ երեւէր կողմն բնիկ հայրենեաց, Հայաստանի, Խոսրովիդխտոյ եւ քրիստոնէութեան, ի վերայ մահմէտական կրօնից եւ ամիրապետից տուած եւ տալու բարեաց, իշխանութեանց եւ արեւելեայ փափուկ հարսանց եւ հարճից: Իմացեր էր իր ինչ կորիւն ըլլալն, եւ անկէ ետեւ խալիֆայից ոսկեպատ պալատն` իրեն գ առա գ իղ մը կ ՚ երեւէր. ընդարձակ կրօնքի մը հայթայթած ամեն փափկութիւնքն` կ ՚ ոչնչանային իր հայրենի գ աւառին, սուրբ եկեղեցւոյ եւ քրոջ մը ցանկալի յիշատակաց եւ վայելից առջեւ: Փափա գ, կարօտ եւ անկէ վեր` կրօնական մտածութիւն մը, խիղճ մը` սկսան տանջել այն սիրտը, որ եռանդնա գ ոյն աստիճանին մէջ միայն հեշտութիւն փնտռել խրատուեր էր: Այսպէս սկսաւ օտարն Վահապ` ինքնիրեն փոխուիլ ի բնիկն Վահան:

Տեսնելով որ մէկիկ մէկիկ իր գ երութեան ընկերակիցքն կու դառնան ի հայրենիս եւ ինքն գ րեթէ մինակ կու մնայ, այլ չդիմանալով գ նաց առ Օմար, եւ շատ ճարտարաբանութեամբ յայտնեց փափա գ ը, որ զինքն այլ դարձընէ իր ծննդեան երկիրը. վասն զի կ ՚ ըսէ վիպասանն, էր նա Ղխօսիւք քաջ կորովի, եւ ծանուցանէր զիւր դժուարամտութիւնն», այսինքն սրտին նեղութիւնը: Բայց ամիրապետին աւելի ծանր երեւցաւ թողուլ արձակել զնա, քան թէ բոլոր մէկայլ գ երիները, վասն զի իր ազ գ ակցաց մէջն ան գ ամ Վահանայ պէս ճարտար, խելացի եւ վայելուչ պաշտօնեայ մը չունէր, սկսաւ տարակոյս հանել եւ չհաւատալ ձեւացընել, վկայ փնտռել Վահանայ ըսածներուն. - որուն փութացան հոն գ տուող Հայք երաշխաւոր ըլլալ. Օմար` Հայոց վկայութիւնը չուզեց ընդունիլ: Վահան գ տաւ մահմետական բարեկամ իշխաններ ու պաշտօնեաներ այլ` որ զնոյն վկայութիւնը տուին. Օմար անոնց այլ չուզեց հաւատալ: Պէտք եղաւ մարդ գ րկել մինչեւ ի Միջա գ ետք. «առ քննող գ րոցն», Վահանայ որպիսութիւնը ստու գ ելու համար. հոն 15 աճիկ գ տուեցան որ լաւ գ իտէին Կրակին դիպուածը եւ Վահանայ ով եւ ինչ ըլլալը, միան գ ամայն եւ ասոր բարեկամ էին, ուստի իր ուզածին նման վկայութիւն տուին:

Օմար այլ չկարենալով ոչ յայտնի ստու գ ութիւնը մերժել, եւ ոչ իր գ երեդարձի հրամանը, սկսաւ անուշութեամբ ողոքել իր Վահապը եւ յիշեցընել անոր տրուած պատիւը եւ պաշտօնը, որոց վրայ այլ աւելին այլ պիտի տար: Վահան շնորհակալ ըլլալով յիշեցուց ամիրապետին թէ ինքն այլ իր հայրենեաց մէջ ունեցեր է մեծ ժառան գ ութիւն, հին եւ մեծազ գ ի ցեղ մը, որ թէ հայրենական շատ ստացուածք ունէին եւ թէ Պարսից տէրութեան ծառայելով` աւելի շատցուցեր էին. եւ «յոլով գ անձիւք մեծացան քան զբազում ազատս` որ յերկրին իմում էին». եւ զ գ ալով իր առաքինի նախնեաց քաջութիւնը` պարծենալով քաջապէս եւ գ եղեցկապէս կ ՚ ըսէր, թէ քիչ չեն իր նախնեաց եւ հարց նիզակի եւ աղէղան վաստակք: Եւ երբ Օմար կէս հաւան կէս հակառակ` կու խոստովանէր թէ անոր այդ ամեն հայրենի տեղուանքն հիմայ անապատ աւերակ դարձեր են: Վահան կանչեց սքանչելի եւ խոր զ գ ացմամբ, ոսկի գ րով դրոշմելու բան մը. Ուրեմն «արձակեցէք, որ տեսանիմ զորչափութիւն աւերածոյ երկրին իմոյ հայրենեաց»: Այս այրած սրտի գ ոչման ի՞նչպէս կրնար հակառակիլ Օմար, բայց միայն պահանջեց որ եթէ երթայ եւ տեսնէ այն աւերակները` չմնայ անոնց մէջ, այլ դառնայ իրեն, Վահան խօսք տուաւ որ կ ՚ երթամ, եւ «ձեր հրամանաւ գ ործակալ արարեալ (իմ երկիրներուս` դարձեալ) առ քեզ հասանեմ»: Ստիպուեցաւ Օմար հրովարտակ տալ Վահանայ ձեռքը, որ երթայ իր հրամանաւը հայրենի ստացուածքը ժառան գ է, եւ Գողթան տէր ճանաչուի:

Ը

Ոչ տաճիկ ուղտ եւ ոչ արաբիկ նժոյ գ սրընթաց, այլ կարծեմ թէ փայլակն էր որ զՎահան տանէր թռցընէր Ասորւոց եւ Միջա գ ետաց անապատներուն եւ դաշտերուն ընդարձակութենէն, եւ մեր Վասպուրական աշխարհէն կու հասցընէր Երասխ գ ետոյն եզերքը, որոյ պայծառ եւ կարկաջուն ջրերուն մէջ ճխալով անցաւ Հին Ջուղայի կամ Որդուպատայ մօտի հուներէն, եւ փայլակնընթաց անդրուվարը ուղղեց անխոտոր յարեւելք` ի գ աւառն Գողթան. փոխանակ անոր գ ինաւէտ այ գ եաց` տեսնելու նախ զընդարձակութիւն աւերածոյ երկրին հայրենեաց: Սակայն ուրիշ կրակով վառուած միտքն` կու բռնէր զաչքը, աւերակներն չէն կ ՚ երեւէին իրեն, չէն բնութիւնն` աւերակ կ ՚ երեւէր իրեն. լաւ եւս ըսել, ապատ եւ անապատ իրարմէ չէին որոշուեր: Երբ իմացաւ որ իր հայրենի սահմաններուն մէջ մտեր` անոր ամայացեալ ապարանից կու մօտենայ, հեռուէն` ամեն շարժուն եւ կենդանի արարած, ամեն մարդկային կերպարանքը` կամ իր ծնած տնէն ընդ առաջ եկող մը կարծէր, կամ զնոյն ինքն իր քոյրը: -

Ո՞վ գ իտէ ուր հանդիպեցաւ ասոր, ուր գ տան եւ տեսան զիրար 15 տարիէ վեր զատուած քոյրն եւ եղբայրն, որք եւ հազիւ տեսեր էին զիրար ի տղայութեան հասակին, եւ հիմայ յանկարծ մէկմէկու գ իրկ գ տուեցան դիւցազնացեալ կերպարանօք եւ հասակաւ: - Արդեօք իր մթապատ մենանոցին մէ՞ջն էր Խոսրովիդուխտ` տատրականման մնչելուն ատեն, թէ սուրհանդակ փայեկաց ձեռքով իմանալով եղբորը գ ալը` փութացաւ ինչուան յեզրն Երասխայ, եւ տեսնելով գ եղահրաշ հեծեալ մը` որ ջրերը ճեղքելով կու դիմէ յարեւելեան ափունքը, ինքն այլ անհամբեր` ձիւնափայլ կարապի մը պէս նետուեցաւ փրփրոց մէջ, ուր գ ետոյն գ ովութենէն աւելի հաճութեամբ ճաշակեցին աննման քեռ եւ եղբօր սիրոյ քաղցրութիւնը: Ի՜նչ զմայլմունք էր Խոսրովիդխտոյ` տեսնել իր 18 ամեայ կտրիճ եղբայրը, իր մէկհատիկ ցանկալին, հոս` արդարեւ վահա գ նակերպ ծիրանի ծովէն խարտեաշ մազերով պատանեկի մը պէս ելնել եւ հսկայակերպ ցատքել հայրենի հողուն վրայ: - Ի՜նչ զմայլմունք էր Վահանայ այլ` տեսնել իր մէկհատիկը, մեծասիրտ քոյրը, հայկա գ եղ օրիորդը, յորում կու նշմարէր իր մայրն այլ, իր ամեն հարազատներն այլ : Ի՞նչ տաք տաք սրտով աչքով ու բերնով առին եւ տուին իրարու. եւ ի՜նչ փարելի թեւակցութեամբ երբեմն նստեալ ի պաստեռունս, երբեմն ձիով եւ ոտքով` քայլէին քննէին իրենց հայրենի երկրին ոլորտքը, մէկ մէկ տեսնելով եւ որոշելով զշէնն ու զանշէն. եւ իրենց տիրական նշանները ու սահմանախաչերը կան գ նելով եւ նորո գ ելով:

Գաւառէ գ աւառ հռչակեցաւ լուրն, թէ դարձեր եկեր է Խոսրովու պայազատն, Գողթնեաց իշխան կար գ ուեր է ցանկալին Վահան: - Ամեն կողմէ եկան շնորհաւորք, խնդակիցք, մեծարողք, ժողովեցան բոլոր Սիւնեաց իշխանք եւ մեծամեծք, իրենց մէկ գ լխաւոր իշխանակցին պայազատը պատուելու եւ բազմեցընելու զնա ի գ ահն հայրենի. ուրախութեան եւ կենդանութեան ձայներ հնչեցին ամեն գ եղ ամեն տեղ. ս գ ոյ նշաներն վերցուեցան. եկեղեցի եւ տաճար եր գ ով եւ օրհնութեամբ լցուան. մինչեւ ի դարպասս կուսանաց եւ օրիորդաց հնչեց համբաւն. եւ ոչ սակաւք սրտերնին յոյս մը դրին Խոսրովու պայազատին վրայ. բոլոր երկիր կու թնդար կու պարէր վասն Վահանայ: Իսկ ինքն Վահա՞ն:

Թ

Ո'րչափ զարմանալի եւ աննման է մարդս` երբոր երկրիս ամենայն հանդիսից եւ հրաւիրանաց մէջ այլ` երկնից հանդէսն եւ հրաւէրը դիտէ: Ամենքն երկրաւոր բարեկենդանութիւն կու մտածէին կ ՚ առաջարկէին, կու խնդային. միայն Վահան` որոյ համար էր այդ ամեն եղած եւ ըլլալիք, Վահան միայն լուրջ եւ հանդարտ կու մտածէր. երկու ծանր բան միտքն ու սիրտը կու ճնշէր. մէկ մ ՚ օր ամիրապետին խօսք տուեր էր իր գ ործերը հոս կար գ աւորելու եւ դառնալու առ նա. մէկ մ ՚ այլ որ ինքն` թէ եւ ակամայ եւ առանց գ իտութեան` ուրացող սեպուեր էր սուրբ հաւատոց, եւ թոյլ ու թանձր կրօնից մէջ մեցծեր էր: կ ՚ ուզէր երկուքին այլ հաւատարիմ ըլլալ, թէ երկրաւոր իշխանին, եւ թէ եւս առաւել երկնաւորին. անոր` քովն երթալով, իսկ Ասոր` քովէն երբէք չզատուելով, քրիստոնէութեան կրօնից պարտուք եւ սիրով: Իսկ իր քոյրն եւ մերձաւորք եւ բարեկամք, բոլոր Գողթն, եւ գ աւառք եւ իշխանք Սիւնեաց` կու յորդորէին զնա թողուլ կամ այլափոխել իր ծանր մտածութիւնները, եւ հասարակաց խնդութեան մասնակից ըլլալ, մանաւանդ թէ պարա գ լուխ եւ առաջնորդ: Ջանացին ցուցին որ կենաց օրինաւոր պարտուց յանձնառութիւնն` ար գ ելք մը չէր իր քրիստոնէաբար ապրելուն, եւ ամիրապետն այլ հաճելու հնարք կրնային ճարել. մեծամեծքն միաբան յորդորէին որ իր հին եւ պանծալի տանը ճրա գ ը չմարէ, որուն յետին կայծ ինքն էր մնացեր, եւ սուրբ ամուսնութեամբ իր հօր նման` Աստուծով պար գ եւէ իր երկրին պայծառ պայազատներ: - Գրեթէ պարտաւորեցին, ամաչեցուցին պարկեշտ պատանին. ձայն տուաւ Սիւնեաց նահապետն (Բաբ գ են ?), որ այն աշխարհին երկոտասան գ աւառապետաց (որոց մէկն էր Վահան) նախա գ լուխ էր եւ թա գ աւորակերպ պատիւ ունէր: Գնացին իր մեծափառ ապարանքէն ընտրեցին վերուցին զազնիւն յազնուաց. եւ ինչպէս արծըթէ սկաւառակի վրայ դրուած շառափայլ նուռ մը. բերին մատուցին Վահանայ` զնազելի Սիսակուհին, որուն միայն` հաճութեամբ տեղ կու տար եւ Խոսրովդուխտ` իր եղբօր սրտին մէջ. եւ սա պատկառանօք հաւանեցաւ: Զու գ եցին ոսկին արծաթոյն հետ. զպերճափայլ պայազատն Գողթան ընդ բիւրեղափայլ օրիորդին Սիւնեաց. հնչեցին եր գ ք հարսանեաց, դոփեցին թմբուկք տօնականք, բոլորեցան պարք ուրախութեան. պարպեցան շատ կարասք գ ինաւէտ Գողթան այ գ եաց, եւ տխրութեամբ ջախջախեալ բամբիռն` ան գ ամ մ ՚ այլ արծարծեցաւ ի նորո գ ութեան հայրենեաց:

Ո՜վ, ո՜րքան վսեմ եւ գ եղեցիկ էր Վահան «յաւուր փեսայութեան իւրում», յաջմէ իւր քրոջ եւ ի ձախմէ հարսին իւրոյ, որոց մէկն ծիրանեաւ միւսն բեհեզով էին զարդարուած. երկուքն այլ աննմանք, երկուքն այլ սրտին զանազան կերպով մէկմէկէ սիրելիք: Ո՜րքան տարբեր` հեզանազ, սրբիկ, կենդանի եւ երկնախառն էր այս հայկուհեաց շնորհքն եւ սէրն` քան զտաճկուհի դստերացն Դամասկոսի յապարանս ամիրապետաց: - Քրիստոսի սուրբ եւ անապակ կրօնից ազատ պաշտաման հետ, հիմայ տրուեցաւ Վահանայ վայելել սրտից հզօրա գ ոյն կիրքը` ի սրբութիւն փոխարկեալ եկեղեցւոյ խորհրդովն: - Կտրիճ եւ առաքինի պայազատ իշխանորդւոյ մը` չկար թերեւս քան զայս վայելուչ փափա գ ելի եւ յաջող վայելք մը. զոր եւ անփորձ եւ երկար եւ բազմապտուղ մաղթելով` իր ամեն բարեկամքն, բոլոր Գողթն եւ Սիւնիք, իրենց տեղը քաշուեցան, թողլով զնորապսակ իշխանն Գողթան իր վայելից. փառաց եւ նոր կենաց ընդարձակ ասպարիզի մը մէջ:

Ո՜րչափ փայլուն եւ վառվռուն կրնար ըլլալ այս ասպարէզս` երբ մանկութիւն, կտրճութիւն, հարստութիւն, պատիւ, սէր` մէկմէկ կենաց վտակներու պէս յորդորէին առոյ գ սրտի մը մէջ. - փոխանակ իր ծննդեան ցաւալի դէպքերուն, այն աշխարհաւեր կրակին եւ ծնողասպան սրոյն, ի՞նչ մխիթարութիւններ եւ զբօսանքներ չէր կրնար ճարել Վահան. աշխարհակալ ամիրապետի մը սէր եւ օ գ նութիւն` զինքն իր հայրենեաց եւ իշխանաց մէջ` ո՞րչափ գ երազանց եւ նախանձելի կրնար ընել: Այսպիսի բարեբաղդ պատանի պայազատի մ ՚ առջեւ` աշխարհք, այն խատուտիկ խաբուսիկ աշխարհս` ի՞նչ նոր եւ պայծառ գ ոյներ չէր առնուր. եւ իբրեւ հանդարտ լճի մը վրայ նետուած քարէ մը (այնպիսի սրտի մը մղմամբ ի ծով փափկութեան), ի՞նչ հետզհետէ մէկմէկէ ընդարձակ բոլորակ ծիրեր կու ծաւալէին ցանծանօթ ոլորտս կենաց հորիզոնին: - Այո', այո' կարելի էին այս եւ այսպիսիք, եւ ոչ անկարելի վիպասանի մը կամ մտածողի մը` այն իրարմէ մղուած ջրոց հեշտալի ծիրերուն ետեւէն երթալով` ցանկալի կենաց պարա գ աներ ստեղծել, եւ Գողթան իշխանին կենաց բոլոր ընթացքը գ արնանային ծաղկանց պսակով հիւսել:

Սակայն Վահան, նրբամիտ եւ վեհասիրտն Վահան` ընտրեց գ րա գ ոյն եւս ծաղկըներ, հիւսեց անթառամ պսակ, փորձեց ընդարձակա գ ոյն ասպարէզ մը, բացաւ ճանապարհ մը` անծանօթ իր հասակակցաց եւ մտերիմ սրտակցացն: Ոչ թռչունք եւ ան գ եղք Յովբայ տեսան այս շաւիղը, եւ ոչ ճամբան ճանչցաւ սրահեշտ աչքն Սողոմոնի, որ երբեմն կու խոստովանէր թէ իրեն մեծ մտացն այլ անիմանալի կու մնար երիտասարդին սիրտը, երբեմն վստահանալով` խրատ կու տար անոր, թէ «Ուրախ լեր, երիտասարդ, ի մանկութեան քում, եւ զուարճացուսցէ զքեզ սիրտ քո` յաւուրս մանկութեան քո»: Միայն աստուածային արծուին կու հասնի այն շաւղին, եւ Մեծն քան զՍողոմոն (Քրիստոս) կրնար բանայ այն ճամբան, յոր նետուեցաւ մտաւ եւ Վահան, եւ ահա բարձր էր քան զերկիրս իր ասպարէզն եւ ընթացքն: Աշխարհիս յոյսն եւ հիւսածն` հոս կու կարճատի կու կտրատի, պատմութիւնն եւ կեանքն` հասարակաց կարծած կերպարանքը կու փոխէ, երկնային արիութեան, իմաստութեան եւ սիրոյ հանդէսք կու բացուին: Նոր եւ հզորա գ ոյն կրակով մը` դարձեալ կու խամբի կու լռէ բամբիռն Գողթան, որ դեռ Վահանայ ըրածին նման գ ործ մը չէր եր գ ած: Թո'ղ երթայ նա Որդուատայ եւ Ա գ ուլեաց հինաւուրց լայնասաղարթ սօսեաց մէջ ծածկուած կախուի կենայ, լուռ մուռ դիտէ ու սովրի, ապա թէ փորձէ եր գ մը, եր գ նոր ի տէր Վահան` Գողթնեացն իշխեցող. զոր եւ մենք յետոյ լսենք:

Ժ

Հազիւ թէ Գողթան իշխանութիւնն առեր եւ դեռ չէր տեղաւորուած Վահան, երբ հասաւ լուր տարաժամ մահուան ամիրապետին Օմարայ (720) որ մեր պատանի պայազատին մտերմաց անակնկալ առիթ մը սեպուեցաւ ազատելու զնա իր խոստմունքէն, այսինքն յետս դառնալուն ի Դամասկոս: Սակայն նա աւելի բանիբուն ըլլալով` այլ մեծա գ ոյն դժարութիւն կու տեսնէր, գ իտէր որ իր խոստումնքն անծանոթ չէր խալիֆային պաշտօնէից, եւ օր մը խնդիր պիտի ըլլար, զինքը փնտռէին. միշտ կասկածանաց մէջ` կու լրտեսէր հաւատարմաց ձեռօք` թէ իր վրայ ի՞նչ զրոյց կ ՚ ըլլայ ի դուռն Դամասկոսի, եւ Եղիտայ քով` որ յաջորդեց Օմարայ` հին գ տարի: - Կասկածանք իր վրայ, հօդ` սրտին հետ կապուած անձին եւ ընտանեաց վրայ, աւելի մեծ հո գ ` իր հաւատոց հաստատութեան վրայ. - կամ հալածական եւ փախստական կեանք մը, կամ տա գ նապ եւ տանջանք, եւ կամ ինքնակամ անձնատուր ըլլայ անոնց` որոց քովէն ելաւ եկաւ, բայց ոչ ինչպէս եկաւ` անանկ դառնալով, այլ իբրեւ նահատակ Քրիստոսի: Պատրաստութիւն այսպիսի նուիրման եւ վկայութեան վասն Քրիստոսի` արեամբ եւ կենօք. - զիղջ եւ ողբք իր առաջին աղայական կենաց վարուց վրայ. եւ վերջապէս բոլորանուէր զոհուիլ մարտիրոսութեամբ: Այս եղաւ Վահանայ երկրորդ մասն կենաց, որ առանոյն չափ 18 տարի տեւեց:

Իր օրինաւոր կասկածն շուտով ստու գ եցաւ, լսեց որ իմացուցեր է ի դուռն ամիրապետաց իր դարձն ի քրիստոնէութիւն, եւ լուսաւոր հաւատով վարուիլն ու խնամենալն Սիւնեաց նախարարին: Եթէ անկէ ետեւ մնար իր տեղը, կամ չլսելով կանչուելուն, կամ իբրեւ ապստամբ` աշխարհին ամուր տեղուանքը ապաստանելով, ոչ միայն իրեն` այլ եւ իր ընտանեաց եւ Գողծան եւ Սիւնեաց, թերեւս եւ բոլոր Հայոց նոր վտան գ ներ եւ նոր կրակներ կրնար պատճառել. - իսկ եթէ ինքն իր կամօք երթար ամիրապետին, կ ՚ երեւար թէ ոչ իր ամուսինը, իր ճշմարիտ սիրելիքը, իր վերածնող սուրբ եկեղեցին եւ գ ուցէ նոյն իսկ իր դալար արեւը: Թերեւս այս ետքինս` կ ՚ ընտրէր Վահան, եթէ կենաց լծակութեան, ընտանեկան եւ խնամեկան պարտքեր չունենար, եթէ իր հարսին եւ հարսնանման քրոջ սէրն` իր սրտին կարմիր օղեր անցուցած չըլլային: Ապա մէկ հատիկ խոհեմութեան ճամբայ, ընդ մէջ երկնից եւ երկրի, եւ երկուքին իրաւանց այլ հաւանելի, կու մնայր անանկ տեղ մը քաշուիլ, ուր թէ զինքն եւ իր կենաց կցորդքն ապրեցընէ, եւ թէ իր աշխարհին վտան գ եւ բռնութիւն չհասցընէ զինքը փնտռողներուն ձեռոք: - Այս ապահով տեղն էր Յունաց կայսերութիւնը, մէկ հատիկ հզօր տէրութիւն` որ կրնար դիմամարտիլ ընդ Հա գ արացւոց, եւ ուր միշտ կ ՚ ապաւինէին նեղեալ իշխանքն Հայոց, իբրեւ ինքնակամ եւ գ աղտուկ երթալով, որպէս զի մնացեալ ազ գ ականաց եւ իշխանակցաց վնաս չհասնի` անոնց վրայ տիրապետողներէն: - Ահա զայս մտածեց Վահան, եւ ձեռք զարկաւ:

Դեռ նոր ժառան գ ած տէրութեանը եւ աշխարհին` ծածուկ բարով մնաս ըսելով, եւ յաւիտենական բարով մնաս մը, առաւ կինն ու ընտանիքը, եւ բաւական ստակ. իր դրան մարդիկներէն այլ միայն քսան հեծեալ, առանց անոնց իմացընելու ընելիքը. ու գ նաց նախ ի գ աւառն Վայոց ձոր իր աներոջ քով, իբրեւ տեսութեան համար, եւ մինչ իր հայրա գ իրն իբրեւ երկրորդ ան գ ամ հարսանեկան հանդէսներ կ ՚ ընէր ի պատիւ փեսային եւ տիկին դստերը, նա միշտ իր յետին մնաք բարովը կ ՚ ըսէր ի սրտէն, իրմէն աւելի ցաւելով իրեններուն վրայ` երբոր լսէին իր տարա գ նացութիւնը, եւ չէր գ իտեր թէ ինչպէս յայտնէ կամ ինչպէս ծածկէ: - Վերջապէս բաւական ժամանակ կենալէն ետեւ աներոջը քով, որուն միայն գ աղտուկ իմացուցեր էր միտքը, պատրաստեցաւ նորէն ճամբաւ, եւ լրջութեամբ կու գ իտէր իր միամիտ լծակցին սիրալիր աղապատանքն առ ծնողս իւր, գ ուցէ վստահութեամբ մայրական յուսոյ մը, եւ քիչ ատենէն նորէն տեսնուելու: Բայց ի՞նչ զարմանք եւ ապշութիւն եկաւ ասոր` երբ փոխանակ դէպ ի հարաւ ի Գողթն դառնալու, Վահան նշան տուաւ ուղղելու դէպ յարեւմուտս եւ ի հիւսիս, յանծանօթ կողմն եւ ճանապարհ: - Նախ շուարելով, վերջը շողոմելով շողոքելով Դալիլեայ պէս` աղաչեց թախանձեց կինն, ստիպեց ցՎահան` որ յայտնէ ուր երթալը, եւ իմանալուն պէս այլ` անհամբերութեամբ իմացուց իր իշխանազուն եղբարցը, որոնք մէկմէկ վիճակի տէր էին, եւ դդարելով իրենց քրոջ անդարձ պանդխտութեան վրայ, ձայն վերուցին, ողոքեցին բողոքեցին, լացին լացուցին, հազարումէկ ար գ ելք հանեցին Վահանայ, անկարելի է կ ՚ ըսէին երթալդ, եւ թէ քեզի վտան գ, եթէ մնաս հոս` մենք քեզի, դու մեզի պաշտպան կ ՚ ըլլաս, իսկ այսպէս երթալովդ` «Դու մեզ` ոչ կենդանի լինիս եւ ոչ մեռեալ», եւ շատ, բայց փուճ կերպեր կու ցուցընէին չերթալու, եւ մնալու: Եւ երբ Վահան անոնց ամեն տկար պատճառները մէկ խօսքով կտրեց, անոնք աւելի պարտաւորելու կամ պատկառեցընելու համար կ ՚ ըսէին, եթէ ասանկ է` մենք այլ հետդ կ ՚ երթանք մեր անով տեղով. «Ընդ քեզ գ ամք ի կեալ եւ ի մեռանել յօտար երկիրն. քեզ ողբակցեալ` անկցուք անցամաքելի արտասուօք»: Աղուո՜ր զրուցուածք այլ ատենէ դուրս:

Տեսաւ Վահան որ մենէն մեծ վտան գ ը` անոնք կու պատրաստեն իրեն. աղէկ իմացաւ որ սիրելիքն են իրեն գ լխաւոր ար գ ելքն. յայտնի երեւցաւ որ աստուածային շնորհքն եւ իմաստութիւնն էր զինքը շարժողն, իսկ զանոնք` անխոհեմ եւ կանացի մտածութիւն եւ սէր: - Քանի՜ կտրիճ, իմաստուն եւ առաքինի մարդիկ այսպիսի առթից մէջ զոհ եղած են` իրենց եւ իրենց սիրելւոյն օ գ ուտը չճանչցող թոյլ սրտով, քան թէ ամուր գ լխով մտածող մերձաւոր եւ մտերիմ մարդկանց. - մէկն այլ Վահան եղաւ, գ րեթէ աչօք բացօք տեսնելով հեռաւոր ըլլալիքը, եւ ակամայ լռելով ու թողլով զինքն անոնց կարճ տեսութեանը: Ասիկայ մեծ եւ շատ մեծ ողբեր գ ական կնճիռ եւ պատահար մ ՚ էր իր կենացը, թատերաբանից ճարտարութեան շատ յարմար առիթ եւ տեսարան, զոր եւ իր հին վիպասանն կ ՚ ակնարկէ խոր տեսութեամբ համառօտիւ. «Փորձութիւն հպէր յայրն իր փորձողէն եւ քննութիւն կամացն` երեւելապէս յայտնելով զառն փառաւորութիւնն, որպէս զի որոշեցի սէրն զոր ունէր յինքեան, առ Աստուած եթէ աշխարհի սէր, եւ որ ի նմա յարմարին ցանկութիւնք»:

ԺԱ

Շուտով հասաւ այս տեսարանը այլակերպողտեսարանն այլ, մինչդեռ իր աներձա գ քն իրենց քոյրը եւ փեսանին ապրեցընել կամ վայելել կարծելով` ատեն կորսընցընէին, ամիրապետին կողմէն Վահանը փնտռողք կու գ ային, հիմայ ոչ կրնային զնա պահել, եւ ոչ այլ անոր առաջուան ուզածին պէս փախցընել. հարկ եղաւ որ թողուն զնա իր գ լխուն: Իսկ նա միշտ զոհ Աստուծոյ կամաց, շնորհակալ այլ եղաւ որ անոնց կարճ մտածութիւնն կերպով մ ՚ իրեն աւելի ազատութիւն տուաւ` ինքզինքը միայն հո գ ալու: Հանդերձեալ եւ յաւիտենական յուսոյ մը համբոյրը կնքեց ի ծոց կարճատեւ կենակցին յանձնեց զնա իր եղբարցը, թողլով անոր` հետն առած ստակին եւ գ անձուց մեծ մասն եւ ծառայները, եւ ինքն քիչ մը թոշակով եւ քանի մը հեծելոք ցատքելով Սիւնեաց ձորերէն եւ լեռներէն, շուտ շուտ հեռացաւ անցաւ գ նաց ի Վրաստան, որ ամրութեամբ եւ հեռաւորութեամբն` աւելի անփորձ եւ անվտան գ մնացեր էր յԱրաբացւոց: Վահանայ ծանօթ իշխաններ այլ կային հոն, որոց օ գ նութեամբ կրնար դարձեալ իր առջի դիտաւորութիւնը կատարել, այսինքն երթալ յաշխարհ Յունաց. թէ եւ հիմայ ոչ այնպէս օ գ տակար էր իրեն եւ ոչ իրեններուն, եւ անշուշտ ասոր համար այլ` Վրաց իշխանքն չօ գ նեցին իրեն, որ տարւոյ մը չափ կեցաւ անոնց քով, մանաւանդ թէ ինքն իր քով եւ Աստուծոյ քով: Վասն զի երբ մինակ գ տաւ զինքն` իր նախ առաջին մտածութեանը եւ յօժարութեանը թողուց բոլորովին. այսինքն զաշխարհ ոտից տակ դնել եւ միայն հանդերձեալ կեանքը մտածել, ապաշխարողի եւ ճ գ նաւորի պէս անցընելով իր օրերը: Այս բանիս մասանւոր կերպով մ ՚ այլ պարտական սեպեր զինքը Վահան, նախնի քրիստոնէից երկիւղած բարեպաշտութեամբ, որք գ րեթէ հարկ համարէին ուրացութենէ դարձողաց` կամ մարտիրոսութեամբ կամ մշտնջենաւոր ապաշխարութեամբ կնքել կեանքերնին, թէ եւ Վահան կամաւ եւ գ իտութեամբ ուրացեալ չէր, սակայն գ ործով այս երկու պայմանն այլ կատարեց, ի վերայ հին մկըրտութեան աւազանին` աւելցընելով զերկրորդ եւ զերրորդ մկրտութիւնս` արտասուաց եւ արեան:

Դառնալով ի Վրաց եւ մեր Գու գ արաց աշխարհէն` ճամբան կու բերէր յԱրա գ ածոտն գ աւառ Արարատայ, ուր շատոնց ի վեր կու պայծառանային մեծամեծն վանորայք` լեռնաձորոց եւ անապատաձեւ տեղեաց մէջ, ինչպէս Յովհաննավանք կամ Սիւղի վանք, Սաղմօսավանք, Լազրեվանք, Ուշոյ վանք, եւ այլն: Ծաղկածուծ մեղուի կամ կըտաքաղ թռչնոյ պէս Վահան այս իւրաքանչիւր սրբազան օթեւանաց մէջ կու թառէր դադրէր երկայն օրեր եւ ամիսներ, հո գ եւոր մխիթարութիւն քաղելով. կու փափա գ էր եղած տեղը մնալ, եթէ մէկ կողմէն տեղացեաց վտան գ ի պատճառ ըլլալու վախ չըլլար, մէկայլ կողմէն այլ իր ուղեկից հեծեալքն եւ սպասաւորքն չձանձրանային. որք չկարենալով անանկ զարմանալի երիտասարդ տիրոջ մը երկար թափառանաց համբերել, քիչ քիչ թօթափեցան հեռացան, իրենց տեղը գ նացին, մնաց Վահան միայն մէկ ընկերով:

Այն կողմերուն իշխանքն եւ ազնուականք խորհուրդ ըրին` որ ծածուկ եւ ապահով ճամբաներովփախցընեն զնա Յունաց երկիրը. բայց Վրաց իշխանաց պէս վախցան` որ անոր պատճառաւ իրենց գ լխուն փորձանք չ գ այ: Վերջապէս ինչ ընելիքը հարցուցին այն ատենի Հայոց գ լխաւոր իշխանին եւ կաթուղիկոսին. սա կ ՚ երեւի թէ Դաւիթ էր, Յովհաննու Իմաստասիրին յաջորդ նստած (յամի 729), որ ոչ անոր եւ ոչ Սահակայ համարձակութիւնն ունէր առ ամիրայս եւ ամիրապետս, եւ վախնալով խորհուրդ տուաւ անոնց` որ մէկը պաշտպանելով` շատերը չվնասեն. այլ թողուն զՎահան նախախնամութեան կամ իր բաղդին: - Մեր վիպասանն համարձակապէս սատանայի հնարքով եւ վախով դրդած խրատ մը կու սեպէ զայս, որ կու ջանար ամեն օ գ նական եւ ձեռնտու հեռացընել անկէ. որպէս թէ անոնց հեռանալովն` ինքն պիտի տիրանար Վահանայ: Ինչուան անոր վերջին եւ մէկ հատիկ հաւատարիմ մնացողը կամ թիկնապահն այլ որսաց զատեց անկէ, եւ անոր ձեռքով` նաեւ Վահանայ կենաց եւ պատւոյն կարեւոր գ ործիքն այլ, ձին եւ սուրը, զոր ոք կտրիճ իրմէ կու հեռացընէ. իսկ այդ ապերախտ մարդը` ուզեց զանոնք ի Վահանայ` իբրեւ գ րաւական եւ վարձք` որ չմտանէ զնա իր փնտռողներուն ձեռքը: Ո՜հ, ա գ ահ, անար գ, այլ եւ անմիտ անսիրտ մարդ, մի՞թէ այդ ըրածդ եւ ըսածդ այլ յայտնի եւ ակներեւ մատնութիւն չէ՞ անոր` զօր չմատնել խոստանաս, կամ թէ արժան չէ՞ր որ այն սուրն` քու կէս դատարկ գ լուխդ թռցընելով` ազատէր զքեզ թէ մատնութեան եւ թէ վատութեան վտան գ էն: - Մեծասիրտն Վահան չպատժեց չմերժեց զնա, բայց խորամանկութեանը վրայ ծիծաղելով` ինքն իր կամօք թողուց անոր երիվարն այլ սուրն այլ, իսկ ստակ եւ թոշակ, արդէն սպառած էր, ուրիշ բան չէր մնար վրան, բայց միայն իր ազնուութեան նշան հնացեալ զ գ եստքն, եւ իր իսկութեանը վկայն` տոհմին եւ անձին սեփական կնիքը, վատերական մատանին, զայս միայն պահեց վրան, որ ճանչցուի թէ ինքն է Վահան. իսկ զ գ եստները փոխելով հա գ աւ աղքատակերպ. թեթեւցաւ, միայնացաւ ամեն աշխարհային փառքէ եւ մեծութենէ, զարդէ եւ մար գ է:

«Գնացեալ երթայր, զրահս արկեալ զիրեւ` զհաւատս», կ ՚ ըսէ վիպասանն վայլչապէս. - հաւատոց հաստատութիւնը հա գ նելով սպառազինութեան պէս` իբրեւ երկնաւոր նահատակ ւ ՚ երթար անվախ բոլոր դժոխքէ, ծանօթ եւ անծանօթ ճամբով, վանքէ վանք, անապատէ անապատ. եւ անոնց նախաշինող հօր նման . Անտոնի), «մենամարտեալ ընդդէմ չարին բազմահնար վիշապին, ժուժկալեալ համբերեաց ազ գ ի ազ գ ի վշտաց քարավէժ կոչկոճման: Յանապատի բնակելով` աղօթանուէր թեւօքն հալածեաց զբազմութիւն լե գ էովն զօրացն, եւ զինուորեցաւ քեզ, Քրիստոս»:

Այս անյաղթելի զինուորութեան եւ դիւահալած թեւոց վրայ` զարմացաւ Հայոց կաթուղիկոսն այլ, երբ Վահան վանքերը պտտելու ատեն` եկաւ նաեւ ի Վաղարշապատ` ի մայր եկեղեցեացն` յԷջմիածին, անկէց օրհնութիւն առնլու եւ նորէն խորհուրդ հարցընելու: Նոր խորհուրդ չունէր հայրապետն, բայց յորդորել որ երթայ յանապատս, անծանոթ վանաց մէջ քաշուելով, ուզածին չափ ճ գ նի եւ աղօթէ:

ՅԷջմիածնայ դէպ յարեւմուտք, ի Շիրակ գ աւառ, Արա գ ած լերին ստորոտից եւ Ախուրեան գ ետոյն միջոց, այն ատեն այլ ինչպէս եւ ետքը` կային անապատ միայնութեան տեղիք, որոց ճամբաներն այլ վարուն չէր, այս անծանօթ տեղուանքը մտաւ Վահան անոք անօ գ նական, առանց պաշարի եւ պաշտպանութեան. ոտքին կոխած երկրէն աւելի` գ լխուն վրայ ոլորտացեալ երկնից ճամբան մտածելով, թափառական գ նաց դարձաւ, մոլորեցաւ երկայն ժամեր, թերեւս օրեր այլ, մինչեւ ափափայ եւ դժուարակոխ տեղիքն եւ չարաչար յօ գ նութիւնն` զինքը վերէն վար իջուցին, ջանաց շիտակ կամ դիւրին ճամբայ մը գ տնել, բայց աչուըներն հազիւ կրնային տեսնել, եւ ոտքերն շարժիլ: Նայեցաւ չորս դին, եւ յիրաւի անապատի մը կենդրոն, կամ ընդարձակ ծովու մը մէջ միայնացեալ երեւցաւ ինքն իրեն. կան գ առաւ. չորս դին կու շարժէր շուրջ կու գ ար. վայրկենէ վայրկեան ոյժն եւ շունչը կտրելով` կու մտածէր իրա՞ւ թէ երա՞զ է եղածն. ի՞նքն է արդարեւ Վահան` տէրն Գողթնեաց, թէ Վահապ` դպրապետ խալիֆայից… կամ թէ արդեօք այն անծանօթ անմարդաձայն տեղը պիտի լմննա՞յ իր պանդխտութիւնը, իր բոլոր ընթացքը… չըլլա՞յ թէ մահուան մշուշն ըլլայ որ աչքերը կու պատէ, անդամները կու կապէ, միտքը կու շփոթէ: Ու՞ր եմ, ի՞նչ կ ՚ ըլլամ… Աստուած իմ… :

Մէկ մ ՚ այլ բացաւ աչքը, յիշեց տեղը, բայց բնութիւնն կերպարանափոխ երեւեցաւ, անշուշտ արե գ ակն իր կամարէն բաւական չափով խնոնարհեր էր. ետին դարձաւ, եւ ահա շարժուն շըքի պէս բան մը կ ՚ երեւար. դոփիւն մը կու լսուէր, հեծեալ մը տեսաւ… հասաւ հեծեալն, հասարակ գ րաստու վրայ նստած. իրարու նայեցան. Վահան իմացաւ որ հանդիպողն անվնաս մարդուկ մ ՚ է. իսկ սա տեսաւ յօ գ նած քաղցած մարմրկած ճամբորդ մը, եւ գ թալով անոր կերպարանքին եւ աղաչանացը` վերուց դրաւանասնոյն վրայ, եւ անոր խնդրածին համեմատ դարձուց գ րաստը դէպ ի հո գ եւոր պանդոկ մը, վանք մը, ուր եւ հասուց: Բայց սա ոչ Սամարացւոյն պէս ինքն իր կամօք տանելով եւ երկու դրամիկ այլ վրայ տալով, այլ վարձք ուզելով յանկարծէն Վահանայ` անոր մէկ հատիկ եւ յետին մնացեալ ստացուածը. զոր նա իւր ձեռօք հանեց տուաւ անոր, իր վաւերական մատանին, որ քան զձին եւ զսուրն եւ քան զամեն ինչ` սեփական է իր տիրոջը: Ասով Վահան իր տէրութեան յետին կապն այլ կտրեց. Գողթնեաց հին եւ մեծ պայազատութիւնն այլ` երկրիս ամենէն փոքր չիւղի մը պէս թողուց, գ ոհացաւ:

Շիրակայ անուանի վանորէից մէկուն մէջ խաղաղեցաւ Վահան, ինչպէս ալէկոծեալ նաւն ի հան գ ըստարանի, ատենն այլ զատկական օրեր ըլլալով` իր սիրած պարապմունքը լիովին գ տաւ. եւ այնքան քաղցրացաւ, որ հոս այլ ինչպէս ուրիշ վանաց մէջ` գ ոհութեամբ կ ՚ ըսէր. «Այս է հան գ իստ իմ. յաւիտեան բնակեցայց ի սմա»: Զարմանային կրօնաւորք եւ ճ գ նաւորք` տեսնելով ազնուական երիտասարդ մը, որ իրեն բազմամեայ կրթութիւնը քիչ տարիներու մէջ առեր եւ գ երազանցեր է. ոչ ոք կու հաւասարէր անոր ճ գ նութեանցը եւ տքնութեանցը, եւ մանաւանդ առատահոս զղջական արտասուացը, որուն շատոնք ոչ աղբիւրը գ իտէին եւ ոչ հնարքը. հին սրբոց ճ գ նաւորաց մէջ այլ շատ մեծ եւ երկնապար գ եւ ճանաչուէր շնորհքն արտասուաց, զոր եւ իրաւամբք մտաբացութիւն կ ՚ անուանէին, որ այած սրտի մը ծովէն ելնելով` կու զովացընէ զմիտս եւ զհո գ ի, փոխուելով ի սաստկա գ ոյն զմայլմունք սիրոյ. սէր` որ առանց ցաւի չիկըրնար երկրիս վրայ իր մեծա գ ոյն զուարճութիւնը կամ հան գ իստը գ տնել: - Վահան վեց ամիս կեցաւ այն վանքը, միշտ այս վիճակիս մէջ. «աւազան զարտասուս արարեալ, եւ միտքն աստուածախօս լինէին անշարժելի շրթամբք, վերին իմաստութեամբն արբեալ լինելով». «եւ զարմացուցանէր զամենեսեան»: Այս պարզ երկնքէ մը թափուած մշտահոս աղի անձրեւաց հետ հազիւ երբեմն կու լռուէին կարճ որոտման պէս խորին ողբոց ձայնք. կամ փալականման կտրուկ հառաչանք մը. թերեւս անփորձ տեսողք եւ լսողք կարծէին զնա մեծ անզ գ ամութեան մը վրայ զղջացող. բայց աւելի հո գ ետեսք եւ հմուտք` կ ՚ իմանային որ աւելի անչար սրտի եւ աստուածային սիրով վառեալ հո գ ւոյ մը հանդէս է այս. անմեղի եւ անպարտի ապաշխարանք մը: Ասոր վրայ էր որ խոր եւ բարակ զ գ ացմամբ զարմացեալ եւ սքանչելեաց իր սիրահար սուրբ մուզայն` յետոյ պիտի եր գ էր. «Զարմանալի է ինձ քան զեր գ ս երաժշտականաց ձայնս` ողբոց քոց հնչմունք` ո՜վ երանելի տէր Վահան, ընտրեալ յԱստուծոյ»:

Բայց նոյն սրտառուչ ձայնն որ այսպէս մեր մէկ զարմանուհւոյ մը սիրտը պնդեց կան գ նեց, հոս անոր համասեռի մը սիրտը` սոսկմամբ եւ վախով լըցուց. այն Շիրակայ կողմերուն իշխանատիկինն, վախնալով ուրիշ իշխանաց նման, պատուէր խաւրեց ի վանքը` Վահանայ համար, թէ «Երթիցէ' ի բաց, գ ուցէ մեզ եւ ձեզ պատուհաս հասցէ յարքունուստ` վասն նորա»: - Առանց խռովելու ելաւ Վահան այս անապատէս այլ, ըսելով առ Աստուած. «Ես ի քեզ եմ յուսացեալ. եւ յ ՚ ստուերավայր տեղիս մահու` աներկիւղ արարել զիս. եւ զցուպ եւ զ գ աւազան խաչի քո սուրբ` մի' հեռի առներ յինէն»: Եւ այս խաչանիշ ցուպն առնըլով իր սրտին եւ ոտից նեցուկ` կ ՚ երթար իբրեւ զնահապետ Իսահակ նոր ջրհոր մ ՚ այլ փորելու անապատին մէջ. որ ջրհոր երդման կամ զրկման, այլ աստուածաշնորհ արտասուաց:

Այսպիսի աղբեր մը համար ուզեց Վահան աւելի խոր եւ անծանօթ անապատ մը, որպէս զի ամենքն այլ անկասկած մնան, մէկու մը վախ չհասնի իր պատճառաւ. եւ ընտրեց «անապատ անյայտաւոր եւ սակաւամարդ տեղիս». ուր հազիւ բուն անապատակեաց ֆ գ նաւորք գ տուէին առանձին խորշեր քաշուած, որոց երբեմն այցելութեան կ ՚ երթար, մխիթարուելու հո գ եւոր խօսքերով եւ գ րքերով: Աստուածաշունչն, եւ գ տած սուրբ հարց գ րուածներն` իրեն զբօսանքն էին աղօթքէ դուրս մնացեալ ժամերուն, որ շատ քիչ եւ կարճ էին, վասն զի հազիւ թէ աչք գ ոցէր ի քուն, շատ այլ չկաօտելով ասոր` անսուաղութեամբք կամ գ րեթէ բան չուտելովն: Այսպիսի սակաւապիտութեան համեմատ էր հա գ ուստն այլ. մէկ զ գ եստ մը կամ պարե գ օտ մը միայն. ոչ շապիկ, ոչ կօշիկ, մէկ այլ վերարկու` ձմեռուան ծածկոց. վասն զի տարի մը կեցաւ այս անապատիս մէջ աշունէ աշուն, «անթուլանալի սրտիւ աշխատութեամբ, իբրեւ յոյժ ծարաւկոտ եղջերուաց աղբերաց` փափա գ եալ նա Աստութոյ սիրոյն… Եւ այնուհետեւ զյոյսն իւր ի մարդկանէ ի բաց մերժեալ, արտաքոյ մարմնոյ իբրեւ ընդ իմանալիսն լինելով` զհակառակորդաւն ի բաց թռուցեալ` սատանայիւ»: Ամբողջ շրջան մ ՚ արեւու այս յետին միայնութեան մէջ թաղուելով, ընկղմելով յաստուածային մտածութիւնս` բոլորովին` թեթեւցաւ սիրտն. գ րեթէ նուաղեալ մարմինն` հազիւ կրնար վարա գ ուրել եռանդուն հո գ ի մը, որ անկէ դուրս վազել, թռչիլ վերանալ կ ՚ ուզէր, եւ շուտ կ ՚ ուզէր: Չորս տարի էր որ այսպէս մարմնով անհան գ իստ եւ վշտակիր` հո գ ւոյն հան գ իստը կու փնտըռէր, պէտք էր որ փութայ հոն` ուր կու յուսար կատարեալ հան գ չիլ:

ԺԲ

Լսեր էր որ ծանօթ Օմար ամիրապետին` յաջորդելով Եղիտ Բ չորս հին գ տարի միայն, թէպէտ եւ ատեցող քրիստոնէից, բայց նախ խոզից դէմ կռուելով շատ ատեն չէր ունեցած զմարդիկ ջարդելու. իսկ անոր յաջորդն Հէշամ, զոր Հէշմ եւ Շամ կոչեն մեր պատմիչք (725-743), արդէն հրաման տուեր էր խստանալ քրիստոնէից վրայ, եւ փնտըռել զՎահան. եւ եթէ ինչուան այն ատեն (15 տարի մը` Դամասկոսէն գ ալէն ի վեր) չ գ տան զինքը, սակայն օր մը կրնային գ տնել, եւ թերեւս իրեն մօտ եղած անպարտ անձանց այլ վնաս հասցընել, եւ եթէ դեռ անոնց աչքն կապուելու այլ ըլլար, սակայն իր աչքն շատոնց բացուեր սրացեր էին երկնից տեսութեամբ. անկէ ետեւ ապրիլն` ձանձրալի էր իրեն. փափա գ ելի` մարտիրոսական մահն: Հաստատեց իր միտքն` որ ինքնին երթայ յայտնէ զինքը Հա գ արացւոց. եւ թէպէտ ոմանք իմանալով` կու ջանային յետ կեցընել, բայց ոմանք այլ դէմ չէին կենար, այլ եւ քաջալերէին հաստատ կենալու իր մտացը վրայ:

Կ ՚ երեւի թէ ամիրապետին տեղ նախ ուզեց անոր Հայաստանի մէջ տեղականլը փորձել, որ հոն կու նստէր ի Դուին մայրաքաղաքի, Գնաց անոր, անվախ համարձակութեամբ ըսաւ. Ես եմ Վահան: Այն ատենի Հայոց ոստիկանն էր Մրուան, (որ յետոյ եղեւ վերջին ամիրապետ Իւմմիատեան տոհմին), Աբդլազիզի պէս խոհական եւ բարեխառն մարդ մը, որ նորէն Հայոց խաղաղութիւն տուեր եւ իրենց միջէն վերակացու գ րեր էր զԱշոտ պատրիկ Բա գ րատունի, չուզեց արդար մարդու մը անպարտ արեան մտնել, այլ անշուշտ լռելեայն հեռացուց իրմէ զՎահան: Իսկ սա այն ատեն սահմանեց որ երթայ ինչուան ի Դամասկոս, եւ ուր որ տարա գ իր կենաց դժբաղդ դիպուածն սկսեր էր` հոն լմընցընէ փառօք: Անկէ ետեւ միայն ճամբու յարմար առթի կու սպասէր, եւ անոր վախճանին յաջողութեան օ գ նական կ ՚ ուզէր արժանաւոր անձանց աղօթքը եւ օրհնութիւնը. եւ այս պատճառաւ ելաւ վերջին ան գ ամ մ ՚ այցելութեան իր սիրելի վանքերուն եւ ուխտերուն:

Իր գ տուած Այրարատ գ աւառին սահմանակից է Գեղաքունի գ աւառն Սիւնեաց: Սեւանայ ծովուն հարաւակողմը, ուր այն ատեն ուրիշներէն աւելի կու հռչակուէր Մաքէնէաց վանքն` իր ասրազ գ եստ ճ գ նաւորներովն, եւ եւս առաւել երկու Սողոմոններով, որոց մէկն առաջնորդն էր, երկրորդն սրբակաց վարդապետ մը, զոր Հարաց հայր կոչէին` աւելի պատուոյ համար. եւ որ մեր դպրութեան եւ եկեղեցւոյ յիշատակ թողուց շատ պատուական գ իրք մը, Տօնականը, շարադրելով զվարս սրբոց վկայից, որոց քիչ ատենէն դասակից պիտի ըլլար եւ Վահան: Հայրական գ թով եւ գ որովով ընդունեց սա զպանդուխտն, եւ ի մեծ տօնի Խաչին` ամենայն հո գ եւոր մխիթարութեամբ լցուց եւ լիացուց. եւ երբ անկէ երթալու եղաւ` իրեն ճամբու զ գ եստէ եւ թոշակէ զատ` մխիթարական բան մ ՚ այլ գ րեց տուաւ, որ երբեմն երբեմն կարդալով աւելի քաջալերուի:

Այս Մաքենեացվանքին քովէն գ ետակ մը կ ՚ անցնի եւ կու թափի ի ծովն Սեւանայ. աղբիւրն այլ քանի մը ժամ հեռու է ի հարաւակողմն` այն լերանց մէջը, որ անջրպետ են Գեղամայ երկրին եւ Վայոց ձորոյ. - ուրեմն կէս օր մը դար վեր ելնելով եւ կէս օր մ ՚ այլ դար վար իջնելով` Վահան կրնար հասնիլ այն Սիւնեաց գ լխաւոր գ աւառին կեդրոնը, ուր քանի մը տարի առաջ թողեր էր իր սրտին վրայ տիրացող անձ մը, իր կինը: - Յադ գ նեցա՞ւ ար գ եօք փորձիչն` այն մաշած եւ մաշկակապած` բայց դեռ 30 ամեայ սիրտը դրդել, որ վազելով Վայոց լեռներէն, մէկ ան գ ամ մ ՚ այլ յաւիտենականութեան համար` կրկնէ յետին մնաս բարովը` անոր, որու հետ եկեղեցին ան գ ամ լծեր էր իր երկրաւոր կեանքը:

-Գուցէ նայեցաւ Վահան մէկ մը այն լերանց վրայ, գ ուցէ եւ լուռ հառաչանք մը իր մէջ հնչեց, սակայն աչքը եւ ճամբան դարձուց յարեւմուտք. եւ աւելի փախչելով` քան քալելով դարձեալ վանքէ վանք անցաւ: բաց յայլոց` կենալով քիչ մ ՚ այլ ի վանքն Թէզէնիս, որ Երեւանու մօտերն է, եւ Մաքենեաց պէս նշանաւոր էր իր վանականաց վարքով եւ կար գ ով: Անկէ այլ անցաւ գ նաց իր առաջին եւ սիրելի օթեւանը, ի Յովհաննավանս Արա գ ածոտան, որոյ հայրն Յովհան` մեծ սիրով եւ կարօտով նորէն ընդունեցաւ իր աշակերտացեալ եւ զարմանալի մտերիմը. եւ լսելով անոր առաջադիմութիւնը` յորդորեց հաստատութեամբ կատարելու, ինչուան կու փափա գ էր ինքնին անձամբ անոր ընկարկցելու այլ, եթէ իր առաջնորդութեան պաշտօնն ար գ ելք չըլլար, բայց իր տեղ անոր ընկեր դրաւ երիտասարդ եւ զ գ աստ եղբայրներէն մէկը, որ չորս տարի Վահանայ ուղեկից ըլլալով` անոր ամեն պատահարաց տեղեակ եւ տեսողաց եղաւ, եւ կու պատմէր բաց յայլոց, որ իրեք ան գ ամ երկնաւոր այցելութիւն կամ տեսիլք եղաւ սրբոյն. ինքն եւ ուրիշներն` միայն լոյսը տեսան. բայց Պօղոս առաքելոյ ուղեկցաց պէս` ձայները չլսեցին կամ չհասկացան, սակայն կարծէին որ Քրիստոս կ ՚ երեւէր եւ կ ՚ ըսէր իր ընտրելոյն. «Մի' դանդաղիր, զի ես ընդ քեզ եմ, եւ անյաղթելի առնեմ զքո բանդ»: Նոյն իսկ Յովհաննավանուց մէջ այսպիսի այցելութիւն մ ՚ ունեցաւ Վահան, եւ ելնելուն ատեն` հայրին Յոհան այլ Սողոմոնի պէս տուաւ իրեն պէտք եղած զ գ եստ, թոշակ եւ ձի: Նոյն ընդունելութիւնը գ տաւ վահան նաեւ ուրիշ վանորէից մէջ, մանաւանդ յիշատակելոց ամենէն ետքինին մէջ, որ է Երաշխաւոր (հիմա Սքանչելա գ ործ) ըսուած վանքն յԱրծկէ, Վանայ ծովուն արեւմտեան հիւսիսային ծայրը: Սիփան (Մասեաց) լեռան ստորոտը, որոյ հայրն կամ առաջնորդն էր Արտաւազդ, բարեսէր հիւրասէր անձ մը, որոյ համար եւ Աբրահամ կոչուէր: Սա իմանալով թէ Վահան է եկողն, բոլոր եղբայրներով դիմացն ելաւ ընդունեցաւ, եւ իրեք որ պահեց պատուեց սփոփեց զնա. լսեց մանրամասնաբար անոր դիպուածները եւ դիտաւորութիւնը. ինքն այլ քաջալերեց, եւ թոշակը նորո գ ելով, առաջնորդ եղբայր մ ՚ այլ տուաւ, որ ինչուան ուր որ ուզէ` հետը տանի. արձըկեց զնա մեծ սիրով, եւ մեծ այլ յուսով` քիչ ատենէն Քրիստոսի եկեղեցւոյն փառաւոր յաղթող վկայ մը ճանչնալու եւ ճանչցընելու զնա. ինչպէս որ ըրաւ այլ:

ԺԳ

Անկէ ետեւ Վահան դարձուց ձին դէպ ի հարաւ, տղայութեան ատեն գ երութեան գ ացած ճամբէն` երթալու իր վախճանին: Նոյն օրերը` Մրուան ոստիկանն` Աշոտոյ պատրկի օ գ նութեամբ Խազրաց յաղթելով` ի Դարբանտ` շատ աւարով դարձեր էր յԱղուանս, եւ անկէ աւարին եւ հեծելազօրաց մէկ մասը կու դարձընէր առ ամիրապետն: Ասոնց հետ խառնուեցաւ Վահան. ճամբան քիչ քիչ իմացուց անոնց իր ինչ մտքի վրայ ըլլալը. համարձակ կու խօսէր իր կրօնից վրայ եւ կու վիճէր անոնց հետ. որք ոչ այնչափ իր քրիստոնէական գ իտութեանը վրայ կու զարմանային, որչափ իրենց մահմէտական դենն եւ զրոյցները տեղի ի տեղը գ իտնալուն վրայ, եւ չէին կրնար դէմ դնել: Այսպէս կտրեցին այն երկայն եւ անապատ ճամբան: - Ի՞նչ տարբեր մտածութեամբք ելեր էր Վահան այն ճամբէն` տեսնելու իր երկրին ընդարձակ աւերակները, եւ անոնց մէջ մէկ հատիկ բուսած կենդանի ծաղիկը. - իր քոյրը, զոր հիմայ ուրիշ ծաղկան մը հետ թողլով իսպառ` կու դառնար ամենազարմանալի եւ գ երահրաշ սիրելւոյ մը հետ արեամբ միաւորելու:

Հասան յՈւռհայ, Հայոց եւ բովանդակ քրիստոնեայ Միջա գ ետաց նշանաւոր քաղաքը, նախահաւատ թա գ աւորին Աբ գ արու մայրաքաղաքը, որ յայտնի է քեզ, Հայկակ, թէ ինչպէս անոր օրերէն մինչեւ այս պատմութեանս ժամանակ եւ դեռ անկէ ետեւ այլ` քրիստոնէից անուանի ուխտատեղեաց մէկն էր, ի պատճառս հռչակեալ Դասառակին, փրկչական պատկերին: Ահա դարձեալ Վահանայ սիրելի իջեվան եւ հո գ եւոր զբօսարան մը, ուր ոչ միայն կեցաւ յերկըրպա գ ութիւնն այն հրաշանկար պատկերին, այլ կ ՚ երեւի թէ եւ երկայն ատեն կեցաւ. եւ ոչ պարզապէսաղօթիւք, այլ եւ նոր տեսլեամբ կամ յայտնութեամբ մը քաջալերեցաւ իր առաջադրութեանը վրայ, միան գ ամայն անոր յաջորդելուն: Նոր եռանդեամբ ճամբու ընկաւ, ուղղակի ի հարաւ իջնելով:

Ուռհայէն քանի մ ՚ օթեւան վար ճամբան կու բերէ ի Խառան քաղաք անուանի, ուր, ինչպէս ի սկզբանն յիշեցի` վախճանեցաւ երանլի կաթուղիկոսն Սահակ, որոյ յիշատակն անշուշտ դեռ կենդանի գ տաւ Վահան: Բայց անկէ աւելի փնտըռեց ուրիշ իրեն մերձա գ ոյն խոստովանողի եւ վկայի մը հան գ ստարանը. իրմէ փափուկ մէկի մը, որոյ յիշատակն այլ արժան էր գ տնել եւ հռչակել տեղեկօրէն. եւ էր նա Շուշան, դուստր մեծ եւ խոհեմ իշխանին Վահանայ Կամսարականի, քոյր Ներսիսի պատրկի, որ Սմբատայ հետ միաբանելուն համար` Կրակին տարին ուրիշ քանի մը իշխանաց հետ գ երի բերուեցաւ, քոյրն այլ հետը, որ եւ հոս բանտին եւ բանտողաց բռնութենէն նեղուելով եւ հաւատքին վրայ հաստատուն կենալով` վկայօրէն վախճանեցաւ (706-7). եւ իր միւս եղբայրն Գա գ իկ` որ նորաշէն եկեղեցւոյ մը նաւակատիք կ ՚ ընէր Վարդանակերտ), երանելի քրոջ յիշատակն այլ մէկտեղ կատարեց: Հոս Վահան իր գ երեկից Շուշանկան շիրմին վրայ այլ լալով` ելաւ հասաւ ի Ռակկա կամ ի Կալինիկոն քաղաք, ուսկից կ ՚ անցնի Եփրատ գ ետը. եւ անով դուրս ելաւ ի Միջա գ ետաց եւ մտաւ ի բուն սահմանս Արաբացւոց եւ հին Ասորւոց. եւ լսելով որ ամիրապետն Հէշամ չէ ի Դամասկոս, այլ հոն մօտ Եփրատայ` ի Ռուծափ քաղաք, իր ճամբորդութեան վախճանին հասաւ, թէ եւ ոչ շուտով նաեւ իր փափա գ անացը:

Աներկիւղ եւ եռանդուն քրիստոնեայ, միան գ ամայն եւ փափա գ ող մարտիրոսութեան, զոր եւ յայտնութեամբ այլ ստու գ եր էր, ի վերայ այսր ամենայնի մեծահաւատ եւ խոհեմ, չուզեց կերպով մը զԱստուած փորձել, կերպով մ ՚ այլ անհաւատարիմ երեւիլ անոնց` որ յետ Աստուծոյ իրաւունք ունէին իր սրտին վրայ. այնպիսի առաքինութիւն եւ սրտապընդութիւն մը ցըցուց` որոյ նման թերեւս շատ դժար է գ տնելն: Տասը տարի պատրաստուած եւ աչք առած էր վկայական մահը, անոր համար զաշխարհ ոտքի տակ դրած, եւ այնքան հարիւրաւոր մղոններով երկայն ճամբաներ կտրելով` հասեր էր հանդիսին տեղը. ոչ կու վախէր, ոչ այլ կու յանդը գ նէր, ոչ ետք կենար յասպարիզէն` որ ի պսակէն այլ ետք չմնայ, եւ ոչ այլ ինքնայարձակ կու նետուէր: Թէ եւ գ լխաւոր փափա գ ն էր մարտիրոսութեամբ ելնել այս յաշխարհէս, զոր արդէն ուրացեր էր ճ գ նողական կենօք. բայց եթէ ամիրապետն հաւանելու ըլլար (որ չէր յուսալի) թողուլ զինքն ազատ իր քրիստոնէութան մէջ, ինչպէս Օմար թողուց ուրիշ գ երեալները, պիտի առնուր յանձն ապրելու ազատօրէն սուրբ հաւատովն` ինչպէս ուրիշ իշխանազունք հայրենեացը, եւ ոչ որ եւ է կերպով գ ր գ ռել զայլադենս, եւ բռնի յափշտակել զպսակը: Այս է զարմանալի առաքինութիւն եւ հաւատարմութիւն Գողթնեաց իշխանին եւ Սիւնեաց փեսային, այս է Վահանայ կատարեալ իմաստութիւնն` երկնաւոր եւ երկրաւոր. զոր եւ ոչ ամեն լաւ անձինք կրցան եւ կրնան միացընել, այլ որոց պար գ եւն աստուածային գ երա գ ոյն շնորհքն: Արժան եւ հարկաւոր եւ ճանաչելն զայս ի Վահան, ի մեծ արժէքն լաւ այլ ճանաչելու համար:

Աւելի քիչ ժամանակի մէջ Այրարատայ լեռներէն մինչեւ Ասորեստանի անապատը եւ ի Ռուծափ հասաւ Վահան, քան այս քաղքիս դռնէն մինչեւ անոր արքունեաց դուռը: Քաղքէն դուրս տեղ մը իջեւանեցաւ իբրեւ թէ իր վերջին հանդիսին պատրաստուելու` զ գ աստութեամբ եւ հանդարտութեամբ. չուզեց անկէ ետեւ քովը պահել իր ճամբու հաւատարիմ ընկերները, այն երիտասարդ եղբայրները` զոր հարքն Յովհաննավանից եւ Երաշխաւորին` իրեն ուղեկից եւ օ գ նական տուեր էին. «Ահաւադիկ հոս իմ ճամբաս վերջացաւ, ըսաւ, ասկէ ետեւ ուրիշ անկոխ եւ անթոշակ ճամբայ մ ՚ ունիմ ընելու, զոր եւ մինակ պիտի կատարեմ, դուք դարձիք ձեր առաջնորդաց քով, եւ յանձնեցէք սուրբ միաբանից` որ աղօթեն երբեմն իրենց եղբայրացեալ Վահանայ համար. շուտով գ նացէք. որ աղօթքնին հասնի ինծի յօ գ նութիւն»: Զանոնք արտասունքով եւ համբուրով ճամբայ դրաւ, վերջին ան գ ամ ետեւնուն նայելով դէպ ի հիւսիս, դէպ ի հայրենիս, դէպ ի Հայս, ուսկից շարժուն ճամբու եւ ճամբորդի պէս կու տեսնէր միայն Եփրատայ իջուածքը. եւ երբ ասոր ափանց մօտ անհետացան տրտմեալ վանականքն. Վահան այլ դարձաւ իր առանձնարանը, եւ սկսաւ իր մեծ գ ործը:

Քննեց իմացաւ թէ ով կայ յարքունիս ի Ռուծափ իր հին ճանչուոր մեծերէն, եւ ծածուկ իմաց տալով կանչեց: Երբ անկարծ լուրը լսելով եկան, աւելի անկարծելի բան մը տեսան. իրենց Վահապը վեհակերպ վահանացեալ, թէ եւ իրենց աւելի օտար երեւցաւ նա, քան բարեկամացն` Յոբ: Կարծեցին թէ կամ խելա գ արեր է, կամ բռնութեամբ այս խեղճ կերպարանքն առեր է. եւ եթէ իր խօսքը իր կերպերը չյիշէին` չէին կրնար հաւտալ թէ այն արքայակերպ պճնապայծառ պատանին` այս գ ծծակերպ նիհարացեալ մարդն է. եւ դեռ զարմանալով կու հարցընէին. «Զի՞ այդպէս ես»: - Վահան շտկէ շիտակ իմացուց անոնց թէ Քրիստոսի հաւատոց եւ սիրոյն համար յանձն առեր է այս աղքատութիւնը եւ չարակրութիւնը: - Անոնք կամ չկրնալով կամ չուզելով հասկընալ, առաւել փաստ ու պատճառ մը կու սեպէին զայն նորէն մահմէտական կրօնքին գ առնալու, որ թէ այս աշխարհիս թէ այն աշխարհին մէջ կու խոստանար ընդունողացը` հեշտութիւն եւ փափկութիւն: Այն ատեն սուրբն քիչ մ ՚ աւելի սաստիկ լսեցուց ճշմարտութեան քարոզութիւնը, եւ անոնց զաղփաղփուն փաստերը փլուց: Անոնք կէս ապշած կէս ամըչցած, եւ ոմանք իրենց կրօնքին վրայ գ այթակղած, ինչպէս կ ՚ ըսէ պատմիչն, մէկդի գ ացին, ոչ պաշտպանելով եւ ոչ այլ դատապարտելով զնա:

Վահան սպասեց, եւ երբ տեսաւ որ անոնք կէս բարեկամութեամբ կէս անհո գ ութեամբ թողուցին զինքը եւ չիմացուցին ամիրապետին, գ նաց իր ծերունի տաճկութեան վարպետին, որ եւ մեծ դպրապետ էր տէրութեան, եւ իմացուց թէ ինչպէս անոր սովրեցուցած կրօնքը թողլով` իր ծննդեան կրօնքը նորէն ընդուներ է, եւ կ ՚ ուզէ որ ամիրապետն այլ գ իտնայ զայս: Դպրապետն որչափ այլ զարմացաւ եւ ցաւեցաւ, դեռ սիրելով իր աննման աշկերտը` սկսաւ յանդիմանել եւ վախցընել ամիրապետին կողմանէ, որ փոխանակ առաջին շնորհացը` կրնար չարաչար մահուամբ սպաննել զնա: Բայց տեսնելով որ Վահանայ հաճելի եւ փափա գ ելի են այս սպառնալիքս, սկսաւ անուշութեամբ աղաչել որ իր տղայութեան ատենին պէս նորէն իրեն ընկեր եւ օ գ նական ըլլայ, եւ իր վայելուչ հա գ ուստներովը զարդարուի: Եւ այնքան ծանրութեամբ ու նուազելով աղաչեց եւ եր գ ուընցուց զՎահան իր մտերմութեանը վրայ, որ բռնադատեց զսուրբ առնըլու իրմէ 30 դահեկան: Առաւ նա ստակը` խոստմանը համար, բայց նոյն տուողին առջեւ բաժնեց աղքատաց, եւ ինքն իր առանձնութեան տեղը քաշուելով` բոլոր ձմեռը մէկ ճ գ նաւորական թեթեւ զ գ եստով եւ գ րեթէ անկերակուր անցուց:

Նոր դարուն մ ՚ այլ հասաւ. Վահան աւելի քան զբնութեան կեանքը` գ երա գ ոյն կենաց բաղձալով` երրորդ փորձ մ ՚ այլ փորձեց` իմաց տալու ամիրապետին. եւ այս ան գ ամ գ նաց առ մեծ պաշտօնեայն ելիեւմտի գ անձուց եւ հարկաց տէրութեան, եւ նոյն աղաչանքն ըրաւ: Արաբացւոց արքունիքն այն ատեն բաւական կրթութեան հասմեր եւ արժանաւոր անձինք ունէր, որք առանց կրօնամոլութեան կրնային լսել եւ տեսնել ուրիշ կրօնի հետեւողներ, եւ գ թոյ ու բարեկամութեան օրէնքները հաւատարմութեամբ պահէին: Այսպիսի էր այս պաշտօնեայս այլ, խոժոռեցաւ Վահանայ ըսածին վրայ, եւ աւելի կ ՚ ուզէր չլսած ըլլալ, մատնել զնա` վատութիւն կու սեպէր, լռել` իրեն խիղճ մը կարծէր, եւ իբր թէ Վահանէն աւելի ինքն իր գ լխուն վրայ վախնալով` ստիպեց որ երթայ հեռանայ իրմէ, լռէ այդպիսի խօսքը, զոր գ րեթէ ոչ ոք կու համարձակի ամիրապետին ըսելու. «զի մահաբեր է բանդ այդ, ինձ խռովութիւն, եւ քեզ` մահ. սուր` ի քո մարմինդ, սի' գ ուցէ եւ յայլոց զարթուցանիցես». այսինքն, այդ խօսքդ մահաբեր սուր մ ՚ է, որ ոչ միայն քու գ լուխդ կու տանի, այլ կարելի է քու պատճառաւդ` ուրիշներուն այլ:

Վիպասանն` այս զարմանալի ընդդիմութիւնը կամ չմտնելն զՎահան` ուրիշ կերպով չիկրնար բացատրել, բայց սատանի խորամանկութեան տալով, որ ի խորհուրդ կու կանչէ իր դեւերը, եւ իրենց շահաւոր կու գ տնեն հեռացընելու զմահ ի Վահանայ, եւ ջանալու մոլորութեամբք եւ հեշտութեամբ տկարացընել զնա: Բայց ինչպէս որ ճշմարտութեան ատեցողն եւ հայրն ստութեանց միշտ կոյր եւ կաղ է, այս փորձերով այլ աւելի խայտառակեցաւ. վասն զի Վահան թէ եւ փափա գ ող` այլ ոչ այնքան մահուան փափա գ ող էր, որքան ատեցող հեշտութեան եւ անքրիստոնեայ կրօնից, ուրեմն հակառակորդն հո գ ւոց ինքն իրեն դէմ կու ջանար եւ կու զրկուէր: Իսկ Վահան` օրինակաւ իմն իր Տիրոջ պէս իրեք ան գ ամ յաղթելով փորձութեան չարին, որ ի ձեռն դպրապետին եւ արքունի խորհրդականաց` կ ՚ առաջարկէր անոր զփափկութիւն կենաց, զհարստութիւն եւ զաշխարհական փառք ու պատիւ, չորրորդ փորձով մ ՚ այլ խայտառակեց զնա` վերջապէս իր փափա գ ած մահը յափշտակելով, թէ եւ զայս այլ ոչ անաշխատ:

աշտօնէից սիրտը շատ կիրթ եւ կակուղ գ տնելով Վահան, պէտք ունեցաւ խիստ եւ ան գ ութ սրտի մը, բոլորովին հակառակն ընելով բնական բերմանց. եւ իրեն մէկ հատիկ յարմար պաշտօնեայ սեպեց զայն` յորմէ ամենայն զ գ այուն սիրտ սոսկայ եւ զզուի, երկաթէ եւ քարէ զան գ եալ սրտի տէր կարծելով զնա. - պաշտօնեայ մը` որ լոյս ատեն չերեւիր, այլ գ իշերահաւու պէս կու պահուըտի, եւ այն վայրկենին կ ՚ երեւի` երբ ուրիշի մը վերջին վայրկեան պիտի բերէ. կարծես թէ ամեն իր դուրս գ ալուն` ցրտա գ ին սարսուռ մը կու զարնէ զինքը ճանչցողներուն, եւ գ ոնէ մէկ մը սառուցեալ գ ունատեալ անշնչացեալ կու մնայ, կամ կապուտակ մահուն մանեակը վիզը պլլըւած, կամ մարմնոյն եւ գ լխոյն կարեւոր կամուրջը կոտրած… Դա է դժնիկ Դահիճն:

ԺԴ

Իսկ Վահանայ փնտռած եւ ընտրածն ոչ թէ պարզ դահիճ, այլ եւ Դահճապետ էր, իրեն յարմար Քաբշ անուամբ, որ ի վարձ պնդասրտութեան եւ շատ ան գ ամ պժ գ ալի պաշտօնը վարելուն` հիմայ Հիմացւոց (Հէմսի) իշխան գ րուէր էր: Յետ երկար աղօթքով ինքզինքը Աստուծոյ յանձնելու: Վահան իր հաւատքը, կամքը եւ փափա գ ը, միով բանիւ իր խընդիրը` աղերսա գ րի պէս գ րելով վայելչապէս արաբացի ճարտար գ րութեամբ, զոր ի տղայուց լաւ վարժեր գ իտէր, գ նաց այս փշոտ պաշտօնէին, եւ առջիններուն պէս իմացուց միտքը, ու տուաւ խնդրա գ իրն այլ` որ ցուցընէ ամիրապետին: - Քարշ` դժնդակ շարժուածքով մը աչքերը խոլոռեց, պերեւեշտքն ոլորեց. կարծես թէ քաղցած գ այլու կամ բզըքտող յովազի պէս` արեան հօտ մ ՚ առաւ, լեզուն հին սպանութեան համերը զ գ աց, եւ լափլփելով շրթանց մէջ, լաւ լաւ` ըսաւ. խնդրա գ իրը ծոցը դրաւ, փաթթոցը պնդեց, ակնարկեց Վահանայ որ հետը ճամբայ ընկնի: Եւ ահա հեզ ու անմռունչ գ առին պէս քշելով կու տանէր առ մեծ խալիֆայն, իր ձախ ու ժանտ դէմքը տեսողք եւ ճանչցողք` սոսկալով ետ քաշուէին, բայց Վահանայ ազնիւ եւ ողորմ կերպարանքն` ոտուընին կու կապէր:

Տեսնուեցան Քարշ եւ Հէշամ, դահճապետն եւ ամիրապետն, սա առաւ` կարդաց Վահանայ խընդիրը, եւ նախ գ րոյն վայելչութեանը եւ գ րուածքին ու խօսից ճարտարութեանը վրայ զմայլեցաւ, եւ աւելի գ առին քան գ այլուն կողմը դարձաւ սիրտն. հրամեց որ առջեւը բերեն զՎահան, որ այնքան երկայն ատեն եւ տարիով կու սպասէր այս կոչման: Ահաւոր բռնաւորին սիրտն չդիմացաւ այն անշուք զ գ եստուց եւ մաշեալ կերպարանաց մէջ տեսնել իր արքունեաց հին դիւանադպիրը: Ինչու՞, ըսաւ, այդպէս խեղճացեր ես, Վահապ. «ուեմն երկիրն Հայոց իջո՞յց զքեզ յայդ»: - Ոչ իմ հայրենիքս, պատասխանեց Վահան, այլ իմ հարցս հաւատքն ճանչցուց ինծի իմ գ երա գ ոյն Տէրս, որ իր անբաւ մեծութենէն իջաւ այս խեղճութեան, որուն ես այլ իմ չափովս նմանել ուզեցի: - Տեսա՞ր կանչեց ամիրապետն, Հայաստանի սառնապատ սարերուն սատանաներն զքեզ խենդեցուցեր են: - Մանաւանդ թէ, ըսաւ Վահան` անվախ զուարթութեամբ մը, տղայութեանս ատեն վրաս եկածներն այլ` հոն թօթուեցի, մաքրուեցայ պայծառացայ:

Անշուշտ Քարշի փուշերն տնկուեցան այս խօսքերուս, եւ կ ՚ ուզէր մէկէն լափել Վահանայ արիւնը, եթէ քան զինքն երկայնամիտ եւ կակղասիրտ չըլլար հէշամ, որ եւ նեղանալով եւ հայհոյելով, բայց դեռ ողորմելով, Լռէ ըսաւ, ով մոլորեալ եւ բարիատեաց, այդ խենդ խօսքերէդ, որ ձեր սատանաներն միտքդ մտուցեր են, եւ դարձիր քու առջի փառացդ եւ կրօնից: Հրաման տուաւ, եւ մէկէն բերին Վահանայ` գ ունա գ ոյն մետաքսեայ բանուած հա գ ուստներ, եւ դիմացը թափեցին ոսկւոյ եւ արծաթի զարդուց գ անձեր. «Ատոնց վրայ, աւելցուց ամիրապետն, պատրաստ են քեզի համար ընտիր ձիան եւ ուղտեր, ամէն տեսակ ըռզակ, ծառայք ու աղախնայք, եւ քեզի արժանաւոր իշխանութիւն մ ՚ այլ, եթէ կ ՚ ուզես հօս իմ քովս, եւ թէ ուզես հոն` քու հայրենի գ աւառիդ մէջ. «Եւ իշխանութիւն քեզ` թէպէտ աստ, թէպէտ ի Գողթան, զքո անկաւոր իշխանութիւնն». միայն թէ մեր պատ գ ամաւորին պատուէրքը կատարէ, եւ վայելէ իր խոստացեալ բարիքը, թէ հոս թէ իր դրախտին: - Այսպիսի խօսքով եւ գ ործով մը ամիրապետն գ րեթէ մէկէն լըմընցուց իր ըսելիք եւ ընելիքը: Հարկ էր որ Վահան այլ իր վերջին խօսքն ըսէ. եւ ըսաւ համարձակ` իբրեւ հասարակ մարդու մը. ըսաւ, թէ «Այդ գ անձերդ եւ խոստմունքդ լաւ իսկ վկայ կ ՚ ըլլան քու խորա գ իտութեանդ, որով շատերը խաբեր ես, բայց Աստուծով` ես ոչ պար գ եւներէդ եւ ոչ պատիժներէդ պիտի խաբուիմ, եթէ իրաւ ինծի բարիք ընել կ ՚ ուզես, թող լիս ազատ` գ իտցածս ընելու, եւ ընծայներդ ուրիշի պահէ, կ ՚ ուզես առ եւ իմ հայրենի Գողթան իշխանութիւնս այլ, զոր թէ ոչ դու` ստու գ իւ մահն քիչ ատենէն ինծմէ պիտի առնու, ինչպէս քեզմէ այլ քու իշխանութիւնդ… ապա թէ ասոր չես հաւանիր, կատարէ վրաս սպառնալիքդ, ես պատրաստ եմ»: Այլ խօսել չէր ըլլար, հրամեց ամիրապետն որ տանին զՎահան ի բանտ եւ ոտքը շղթայի անցնեն: Երբոր տարին` նա ուրախութեամբ փոխանակ մէկին` աղաչեց որ երկու ոտքն այլ դնեն ի կոճեղս, ասանկ այլ ուրիշ առիթներու մէջ` որչափ որ դիւրութիւն կրնար ըլլար ի բանտին. կամ բանտապետն կ ՚ ուզէր շնորհել, նա կու մերժէր, եւ աւելի չարչարուիլը կ ՚ ընտրէր, որոյ վրայ զարմանալով կ ՚ ափշէին պահապանքն: Եւ երբ վերջին օրը Վահան շնորհակալ ըլլալով` կ ՚ ըսէր բանտապետին, թէ ասկէ ետեւ պիտի ազատիս իմ վրաս աշխատութենէդ, նա գ րեթէ ամըչնալով եւ տրտմելով պատասխանեց, թէ ի՞նչ բանի վրայ կրնաս շնորհակալ ըլլալ` որ եւ ոչ մէկ շնորհք կամ դիւրութիւն մը յանձն առիր ինծմէ: Իսկ առաքինի վկայ` անոր գ թասիրութիւնն այլ մեծ բարերարութիւն սեպելով` դարձեալ կ ՚ ըսէր թէ ատոր համար վարձքդ կ ՚ առնուս յԱստուծոյ, որովհետեւ անկարելի է որ ես հատուցանեմ:

Ութ օր մնաց ի բանտը. այն միջոցին Հէշամ արա գ ընթաց ձիերով մարդ զրկեց ի Միջա գ ետս` առ Մրուան ոստիկանն Հայոց, Վահանայ վրայ տեղեկութիւն առնլու թէ ի՞նչ ըրած է ի Հայաստան, մէկայլ կողմանէ այլ ամեն օր գ իտուն կուռաներ եւ դենպետներ կու խաւրէր ի բանտն, որ վիճենեւ համոզեն եւ նորէն զՎահան ընեն Վահապ, իսկ անոնք շրթունքնին խածնելով յետ կու դառնային եւ կու խոստովանէին` որ նա մեր գ իտցածը մեզմէ աւելի գ իտէ. իսկ իր քովէն ըսածը` խօսք չէ, սուր է, դէմ կենալ չըլլար. «Չէ ումեք լսել բան, բայց սուր` որ զբանից մերկանայ զխօսս»: Ամիրապետն չէր գ իտեր նեղանա՞յ թէ զարմանայ. եւ կ ՚ ապըսպըրէ որ չըլլայ թէ ուրիշի այլ իմացընեն իրենց խաղքութիւնը: - Դարձան շուտով դեսպաններն եւ Մրուանայ պատասխանը բերին, որ ստու գ եր էր հաւատարիմ անձերէ, թէ Վահան իրաւ մեծատոհմ իշխան մ ՚ էր ի Հայս, միան գ ամայն խելացի եւ զ գ աստ մարդ մը, ոչ հիւանդ ոչ խելա գ ար, այլ իր հայրենիքէն ելեր եկեր էր, որ ամիրապետէն հաւանութիւն առնու կամ համարձակ իր հաւատքը պաշտելու եւ կամ անոր վրայ մեռնելու:

Այս բանս այլ աւելի հաստատեց Հէշմայ փորձը, եւ աւելի փափա գ եցաւ ապրեցընելու այնպիսի անձ մը, զոր Օմար հազիւ կրցեր էր քովէն հեռացընել, եւ նորէն կանչելով զՎահան եւ աւելի կակըղցած սեպելով, հարցուց թէ միտքը փոխե՞ց: Իսկ նա պատասխանեց, թէ ճշմարտութիւնն մէկ է, իր խօսքն այլ մէկ է: Եւ երկար եւ կրկին կրկին փորձելու եւ ջանալու համոզել զնա ամեն կերպ զիջողութեամբ, տեսնելով որ Վահանայ ամեն մէկ պատասխանն իրեն յանդիմանութիւն եւ իրեններուն ամօթ կու բերէ, (որք եւ կու դժուարէին լսելու, եւ նշաններով կ ՚ իմացընէին որ այլ պէտք չէ ներել իրենց կրօնից նախատանաց) Հէշամ այլ երեսին գ ոյնը եւ խօսքերը փոխեց, մատնեց զՎահան արիւն-կզակ դահճապեին ձեռքը: - Բայց ինչուան ետքն այլ չկարցաւ բոլորովին մարել գ ութը այնպիսի ընտիր եւ անպարտ դատապարտելոյ մը վրայէն…ծածուկ բան մ ՚ այլ ըսաւ սպանչին ականջէն:

ԺԵ

Ոչ այնչափ մեծ ուրախութեամբ ելեր էր Վահան Օմարայ առջեւէն դիմելու ի Գողթն եւ ի հայրենիսն, որչափ Հէշմայ ատենէն ելաւ դիմելու ի բուն հայրենիս հո գ ւոյն եւ յանկորուստ իշխանութիւն: Որչափ այլ ամիրապետին բռնած կերպն կրնար դեռ մահուընէ ազատելու յոյս մը տալ, ինքն իբր ապահով մարտիրոսութեանը վրայ` ութօրեայ բանտար գ ելութեանը մէջ վերջին պատրաստութիւններն այլ տեսեր էր, որուն ջերմեռանդութիւնը լսելով Ռուծափայ Յակոբիկ երէցն` եկեր էր ի բանտը բարեսիրութեամբ մխիթարելու զնա, եւ յորդորելու եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդներն ընդունելու, որոց շատ փափա գ էր սուրբն այլ. սակայն տարակուսելով երիցուն հաւատաց դաւանութեանը վրայ ամենազ գ աստ վըկայն` ըսեր էր. «Իմ արեամբս մկրտեցայց, վերջին բաժակաւս ելից յաշխարհէս»: Բանտին վերջին օրն այլ մեծախորհուրդ օրհնեալ օրն էր, այսինքն Ծաղկազարդի օրն. յորում ինքն այլ սիրով եւ փառաբանութեամբ յուղարկէր զտէրն յԵրուսաղէմ, ընդ տղայսն օրհնաբանելով. եւ ընդ ծերսն «բարեբանելով զանմահ թա գ աւորն», լուսածաղիկ ձիթենեօք սիրոյ եւ պսակափայլ արմաւենեօք հաւատոց. եւ փափա գ էր որ Տէրն այլ զինքը մտցընէ իր երկնաւոր արքունիքը: Եւ ահա իբրեւ շուտ մը խընդրանացը հասնելով` կ ՚ երթար զուարթութեամբ իր ցաւոց ճամբան, կ ՚ ելնէր իր Փրկչին նման` (Ռուծափ) քաղքէն դուրս, փոխանակ իր գ ինաւէտ Գողթան` գ տնելու զարիւնակաթ Գող գ ոթայն, եւ երթալուն ատեն` Առ քեզ, Տէր համբարձի զաչս իմ, սաղմոսը եւ անոր նմանները` բարձրաձայն կ ՚ ըսէր, մինչդեռ դահիճքն քովէն կ ՚ երթային խաչահանուաց եւ աւազակաց պէս, եւ Ռուծափայ մէջ գ տնուած քրիստոննէից բազմութիւնն` ետեւէն եւ հեռուէն, միայն լալերնուն եւ վայերնուն ձայնն կու հասնէր խառնուէր սրբոյն աղօթից հետ: Նա աւելի ուրախութեամբ եւ համարձակ սկսաւ գ ոհանալ եւ օրհնել զԱստուած` երբոր հասաւ վկայութեան տեղը, երբոր վերջին երկրաւոր քայլն այլ առաւ. եւ արդէն մարմինն իբր իր յետին հան գ իստը գ տնելով` դադրեցաւ առաջ երթալէն:

Իսկ դահճապետն որ անդադար մրմռալով մէկ մը կու սպառնար, մէկ մը կու յորդորէր զնա յուրացութիւն, ըստ պատուիրանին Հէշմայ, հոս այլ աւելի ահարկու կերպով, միան գ ամայն եւ յուսակտուր սուրը երեւցընելով` ըսաւ. Որովհետեւ մտիկ չըրիր յորդորանացս, ես այլ ամիրապետին հրամանը պիտի կատարեմ: - Ուրեմն ինչուան հիմայ անոր հրամանին դէմ կ ՚ ընէիր, պատասխանեց սուրբն. իսկ ես իմ երկնաւոր թա գ աւորիս պատուիրանաց վրայանփոփոխ եւ հաստատ եմ: - Սակայն հոս դահճապետն այլ իր խալիֆային հրամանը կու կատարէր, գ ուցէ չուզելով այլ, բայց վախնալով անկէ, որուն ծածուկ պատուիրածն այլ հոս կատարեց… ծայրէ ի ծայր սուրը փայլեցընելով եւ դարձընելով` իջուց քսեց սահեցուց ծոծրակին վրայ, եւ նորէն փայլատակի պէս Վահանայ աչաց առջեւ բերաւ… եւ ահա ծարուած երկաթոյն շրթունքն կարմրցեր էին իր քանի մը կաթիլ արեամբն, եւ ուրիշ կաթիլներ այլ վզին վրայ մանեակ մը կու ձեւացընէին… Գողթան գ ինին այնքան չէր անուշ եկած իր շրթանցն` ինչպէս այս ինքնաբուխ օշարակն, զմր իբրեւ նախընծայ նուէր մարտիրոսութեան կրցաւ ինքնին մատուցանել Աստուծոյ, եւ իր օրով առաջ ըսածը կատարել. վերջին բաժակաւս ելից յաշխարհէս»… Ո՜վ սխրալի, այլ եւ սոսկալի բաժակ: -

Դահճապետն դարձեալ մէկ մը ամիրապետին պատուէրէն վախնալով, մէկ մ ՚ այլ արեան ցայտմունքէն գ ր գ ռուելով, Տեսա՞ր, կանչեց, ուրեմն ի՞նչ կ ՚ ուզես: - Վահան այլ կտրուկ կերպով ըսաւ. Կատարէ կամքդ, եւ լռեց: Եւ թէպէտ քանի մը բան այլ զրուցեց դահիճն, ինքը պատասխան չտուաւ. ինչուան որ նա մէկ ան գ ամ մ ՚ այլ կրկնեց, թէ ահա վերջին վայրկեան մ ՚ այլ քեզի, ո'վ տառապեալ, ընրէ' զկեանք կամ զմահ: -«Ընտրեցի, կանչեց Վահան, զմահ` վասն Քրիստոսի, քան զկեանս անցաւոր»: - Ուրեմն երկնցուր վիզդ, պոռաց յուսահատեալ դահճապետն. եւ դարձեալ փայլատական երա գ ութեամբ իր եւ սրոյն պաշտօնը կատարելով, մէկէն դիւահարի պէս ցատքեց ելաւ գ նաց:

Աւա գ երկուշաբթի օրը` միջօրէէն քանի մը ժամ ետեւ (ժամն իննին, յորում եւ Յիսուս զհո գ ին աոանդեց) մարտի 18-ին յամին 738, եւ իր ծաղկեալ առոյ գ կենաց 35 տարւոյն մէջ` կատարուէր էր մեր Հայաստանեայց եւ ընդհանուր սուրբ եկեղեցւոյ մեծայաղթ եւ մեծափառ վկայից մէկուն հանդէսն. սքանչելի եւ պանծալի մարտիրոսութիւն Վահանայ Գողթնեաց իշխանի…

Սոսկում եւ սարսուռ դեռ պատէր զմօտաւորս, որք էին ամիրապետին արքունիքէն եկած պատուաւոր մարդիկ, տեսան եւ վկայեցին որ Վահանայ արիւնն չէր տարածուեր չորս զի, այլ ամփոփուելով մէկտեղ կու ժողովեր, եւ բոլոր մարմինն լուսոյ մէջ ընկղմած կ ՚ երեւէր. Աստուած, Աստուա՜ծ կանչելով իրենց լեզուով, եւ զարմացքով յետ դարձան պատմելու ամիրապետին, որ չկրցաւ չտխրել, եւ ոչ ոք ուրիշ կիրք մ ՚ ունեցաւ, բայց ի մեծահաւատ քրիստոնէից` ի պարծանս եկեղեցւոյ: Բոլոր գ իշերը մարմինն հոն մնաց. չունք եւ գ ազանք հեռուէն պահապանի պէս կենային եւ զիրար վռնտէին. քրիստոնեայք փափա գ անօք եւ վախով արթուն սպասէին. երկրորդ օրն բոլոր քաղաքն եւ արքունիք իբրեւ իրենց սիրելի անդրանիկը կորուսած տա գ նապէին. կամ կլիմայն փոխուած անսովոր ցրտութիւն մը հասած կարծուէր, կամ ամենքն այլ իրարու յանցաւոր եւ խղճահար կ ՚ երեւէին: Ինչուան որ ելաւ արքունի ներքինապետն եւ մունետիկ կանչել տուաւ քաղքին մէջ` որ քրիստոնեայք առնուն թաղեն նահատակը. եւ երբ անոնք տարակուսէին թէ խաբէութիւն չըլլայ` նորէն վստահացուց, թէ վերուցէք անվախ եւ ինչ կ ՚ ուզէք` ըրէք… Մէկէն հոն թափեցան բոլոր քրիստոնեայք, եւ իրարմէ խլելով յափշտակեցին առին բաժնեցին սրբոյն բոլոր արիւնը եւ տակի հողը, զ գ եստները, եւ ինչ որ անոր դպեր էր: Իսկ մարմնոյն ոչ ոք կու համարձակէր դպչելու. գ իտէին որ անոր տէր ելլող պիտի ըլլայ. իսկ հիմայ հոն Հայ չկար, այլ միայն Ասորի նեստորական կամ յակոբիկ, եւ Յոյն, ապա խորհուրդ ըրին, հաւանեցան, վերուցին տարին թաղեցին Օտարաց գ երեզմանատեղը, եւ շուտ մը քարեր տաշելով կան գ նեցին վրան քառակուսի կափարիչ մը. եւ իրարմէ զատուելով, բայց միշտ կասկածելով, գ նացին տեղերնին:

Այլ չերկընցընեմ խօսքս: Թէոփիլէ անուամբ Յոյն մը կար ամիրապետաց ծառայութեան մէջ, եւ անոնցմէ Էպու Ստեֆան կոչուէր չորս մարդով եկաւ հանեց մարմինը` տապանի մէջ դրաւ, տարաւ իր տունը. բայց նոյն գ իշերը եպիսկոպոսի մը յայտնուեցան եղածն, եւ թէպէտ առջի բերան ձայն հանեցին թէ վաճառականք գ ողցեր եւ Պատլպէքի ճամբով ի սուրբ երկիրը տարբեր են, բայց սրբոյն մարմնոյն եղած տեղը, ինչպէս նաեւ նահատակութեան տեղն այլ` օրէ օր հրաշքներ եւ բժշկութիւններ ըլլալով` իմացուեցաւ եղածն, եւ ստիպուեցան յայտնապէս մատուռ մը շինել վկայութեան տեղը. եւ դեռ չլմընցած` ձեռք զարկին մեծ եւ փառաւոր եկեղեցի մ ՚ այլ շինելու. բայց մարմինը մատրան մէջ հան գ ուցին, եւ կու պատուէին համարձակ եւ հաւասար Ս. Սար գ սի (ընկերին Բաքոսի) որոյ արդէն հին վկայարան եւ ուխտատեղի մը կար հոն, եւ անոր պատճառաւ Սեր գ իուպօլիս այլ կ ՚ ըսուէր Ռուծափ:

ԺԶ

Ս. Վահանայ նահատակութենէն եօթն տարի ետեւ` եկաւ իր վերջին հիւրընկալ մտերիմ եւ վանահայրն, Արտաւազդ, քանի մը միաբանելով, ընկաւ լացաւ, համբուրեց իր յուսադրեալ սրբոյն գ երեզմանը. բոլոր լսող եւ տեսող վկայները փնտռեց, հարցուց անոր նահատակութեանը վրայ. եւս առաւել տեղեկացաւ Թէոփիլէէն, որ եւ յունարէն գ րեց տուաւ իր գ իտցածը. զոր ի դարձին` հայրն Արտաւազդ Ուռհայի եպիսկոպոսին ձեռքով հայերէն թար գ մանել տուաւ: Յետոյ դառնալով իր տեղը` յաջորդ տարին (746) ձեռք զարկաւ եւ գ եղեցիկ եւ երկար ոճով գ րեց Վահանայ վկայաբանութիւնը, այրած սրտով մը ողբալի պէս սկսանելով, եւ կրակի տարւոյն դէպքը կրակէ տառերով շարելով. դեռ անկէ առաջի դիպուածներն այլ կար գ աւ ի մէջ բերելով, որ ետեւի եղածին պատճառն եւ սկիզբն աղէկ իմացուի. եւ թողուց մեր պատմութեան եւ դպրութեան սրտառուչ եւ վայելուչ աւանդ մը, որ ի յիշատակ Վահանայ թողուած կայծակներէն մէկն անուանեցի քեզ, Հայկակ, ի սկզբան խօսիցս. եւ որ` ինչպէս հաւանական է, դեռ շատ համառօտած հասած է մեր ձեռքը, եւ թէպէտ հին ճառընտրաց մէջ այլ երկու տեսակ գ տած եմք, մէկն քան զմէկայլն կիսով չափ մ ՚ երկայն, մանրամասն եւ ստու գ ա գ ոյն, բայց ինձ թուի թէ սկզբնա գ իրն աւելի երկարապատում էր: Ճառընտիրք միայն Վահանայ վկայաբանութիւնը կ ՚ ուզեն աւանդել մեզի, իրենց համար աւելորդ են առաջի պատմածներն, այն` որոյ համար կ ՚ ըսէ վիպասանն իր վերջաբանին մէջ. «Սկսեալ պատմա գ րել` սկիզբն առնելով ուստի արժանն էր. ի նոյն յարելով զվկայութիւն սրբոյն Վահանայ վկային». եւ թէ մեզի հասած վկայաբանութեան սկիզբն այլ կան կրակին պատմութիւնն եւ ողբքն, բայց համառօտեալ. եւ երկու օրինակաց խօսքերն երբեմն իրարմէ տարբեր եւ մէկմէկու լրացուցիչ կ ՚ երեւին, միան գ ամայն աւելի մեծ լրութիւն մը գ ուշակել տան: Ի վերայ այսր ամենայնի` ան գ ամ մ ՚ այլ կրկնեմ քեզ, Հայկակ, որ այս Ողբքս եւ Վկայաբանութիւնս` որոյ ընտիր ընտիր զրուցուածքը ջանացի խառնել իմ խօսիցս մէջ, մեր մատենա գ րութեան եւ հայրենի յիշատակաց ցանկալի եւ պանծալի հատ մ ՚ է. եւ թերեւս Խորենացւոյ եւ Եղիշէի պատմութեանց վերջաբաններէն ետեւ ինչուան ցԱրտաւազդ` ոչ ոք այնպիսի սրտառուչ գ րուած մը թողեր եւ հսուցեր էր մեզի. գ ուցէ եւ ոչ ոք անկէ ետեւ այլ: - Աւելորդ է ինծի հոս քննել կամ յերկարել այս գ րուածոյս յար գ ը, որ թերեւս ոչ մէկ ուրիշէ մը կրնայ նուազիլ կամ հակառակիլ կամ բաղդատիլ, բայց ի մէկ կարճիկ փոքրիկ գ րուածէ մը ի նոյն ինքն ի Ս. Վահան, որ եւ խօսքիս սկզբան անկնարկած անոր երկու կայծակնափայլ յիշատակաց մէկայլն է. հին գ տուն շարականն Վահանայ Գողթնացւոյն. ցանկալի մնացուած նախնեաց, ծնունդ չքնաղ մտաց եւ սրտի. չքնաղա գ ոյն եւս եղած աւանդութեամբն, որով պէպք է ես այլ երկարեալ հայրենաբանութիւնս աւարտեմ:

ԺԷ

Անկարելի է ինչպէս քեզի եւ ինծի` այսպէս ամեն ազ գ այնոյ եւ զ գ այնոյ, Վահանայ վերջին տասն տարուան պանդըխտութիւնը եւ սրտակտուր մահը դիտելէն ետեւ, չդառնալ մէկ մ ՚ այլ ի Գողթն եւ ի Սիւնիս, տեսնելու թէ ի՞նչ կ ՚ ընեն ի՞նչ կ ՚ ըլլան Խոսրովդուխտ եւ Սիսակուհի բամբիշն Գողթան, քոյրն եւ ամուսինն Վահանայ: - Պատմութիւնն` կա'մ անկարող անոնց խոր եւ խառն սու գ ը բացատրելու, կամ անփոյթ` գ լխաւոր հանդիսէն վերջը մասնաւոր տեսարան մը բանալու` կու լսէ բոլորովին, կարդացողին թողլով գ ուշակել` իր սրտին թելադրութեամբ: Եւ ահա մեր նախածանօթ աւանդութիւնն չի թողուր այսքան ողբեր գ ելի եւ աննման վկայի մը (Վահանայ Գողթնացւոյն) յիշատակը` սովորական լռութեան մէջ թաղել. եւ դիմացնիս կու ցոլացընէ այդ վերջին յիշած կայծակս (շարականը). որ ոչ Աբրահամեանն Արտաւազդայ, ոչ Յովհանու եւ ոչ հարանց հօր Սողոմոնի գ րչէն ճայթած է, այլ ինքնայայտ է որ տարբեր սրտի եւ տարբեր սեռի արդարութիւն մ ՚ է, որուն ոչ նմանն ունիմք եւ ոչ նմանացընողը. Հայ Պինդար մը չէ ասոր եր գ իչն, այլ հայկուհի Սապփոյ մը, որ եւ կրնայ այս հելլենուհւոյս հետ մրցիլ, եւ սրբազան զ գ ացմամբքն յաղթել անոր հասարակ զ գ ացմանցը. արդէն իսկ յաղթանակած է անոր եւ նմանեացը` երբ ըսեր է «Արտաքնոցն զ գ աստքն` ստեղծիչ բանք սնոտեացն ի պատրութիւն, իսկ քոյդ սիրայնոյ` աստուածարեալ եւ ո գ եշահ. ո՜վ երանելի Տէր Վահան»: Այս ոճով հին գ կարճ տուն բանի մէջ` սրբասէր սրտի եւ հո գ ւոյ սաստկա գ ոյն կիրքը հաւասար կու բացատրէ, առանց մէկը մէկայլին ար գ ելք ընելու:

Հոս արդարեւ Գողթան գ աղտնի եւ նուազեալ բամբիռն` իբրեւ իր զմայլեցուցիչ գ ինւոյն երկար թմբրութիւնը թօթափելով` կու մրցի եւ կու խառնուի Սիովնի աստուածեր գ ակ քնարին հետ, եւ ասով` իր հնացեալ եւ մահալըլուկ ձայնը անմահ կու թողու յառա գ աստի հայ եկեղեցւոյ: Եւ ինչպէս ի հնումն Կարմիր ծովուն հրաշալի անցքը հրաշափառապէս նկարա գ րող եր գ ը, թէ եւ ի Մովսիսէ արտադրեալ, բայց իր քոյրն` թմբկուհին Մարիամ էր` ուր կուսանաց եւ կանանց պարա գ լուխ եղած` կրկնելով եւ կրկներ գ ելով անլռելի ըրաւ, եւ հասուց ինչուան մեր սուրբ տաճարաց, «Օրհնես'ցուք զՏէր, զի փառօք է փառաւորեալ. զերիվարս եւ զհեծեալս ընկէց ի ծով». այսպէս եւ հոս Հայկուհի մը եւ քոյր մը, աւելի սրտահար քան թմբկահար եւ բամբռահար, Գողթնացւոյն մեծ եւ արժանալուր դիպուածը յաւերժայիշատակ ըրաւ. առաւելեալ քան զՄարիամն այն, այն վասն զի մերս ինքնին էր եր գ ոյն հեղինակ: - Այս պարառաջս մերազնեայ կուսանաց եւ կանանց, անհամեմատ եր գ իչս Հայկուհի, որոյ 1100 եւ աւելի ամաց հնութիւնն` կ ՚ աւելցնէ իր վրայ յաւերժահարսնեայ շնորհք մ ՚ այլ, եթէ չտեսաւ Կարմիր եւ կծու ծովու մը պատառուածք, եւ անոր մշտաթաց ճամբէն` ցամաք եւ հետեւակ անցք 600, 000 մարդկան եւ այլ աւելի բազմութեան կանանց եւ մանկանց, եւ ոչ անոնց ետեւէն սպառազէն գ նդից եւ գ երանդազէն կառաց խառն ի խուռն հրոսակ մը, որ յանկարծ` նորէն իր բիւրեղէն պարիսպները փլցընելով փրփրացեալ ծովուն ալեաց մէջ ծփեցան եւ ծածկեցան, եւ պատառ պատառ նորէն կարկըտած հաւասարած ջրոց երեսը ցրուեցան. - եթէ այսպիսի ծովու անցք մը չտեսաւ կ ՚ ըսեմ` մեր Հայկուհի գ երա գ ոյն գ ուսանն, սակայն տեսաւ ի տղայութեանն` Նախճաւանի եւ Հրամի հրեղէն եւ օդային ալիքն եւ համաշխարհական ս գ ոյ արտասուաց ծովը, եւ անոնց մէջէն մէկ մը ճողոպրած, իրեն Սիրայինը Վահան Գողթնեաց իշխեցողը. մէկ մը զնոյն իր հայրենի տիրական գ ահուն վրայ բարձրացեալ փառօք, մէկ մ ՚ այլ ի խորս անապատից եւ մենաստանաց ճ գ նաւորեալ ապաշխարութեան ողբովք, եւ յետոյ ինքնակամ նահատակութեամբ թաթաւեալ արեանը մէջ. - արիւն մը, որոյ համատարր վտակն էր զինքն իսկ (զեր գ իչն այլ) կենդանացնողն. - հարազատ արիւն մը` մէկ աղբերէ յերկուս բաժանեալ, յԵղբայրն` ի վկայն Վահան, եւ ի քոյրն` ի վկայեր գ ակն Խոսրովդուխտ: Սա ինքն է աւանդութեամբ վկայեալ եւ սրբազանեալ եր գ ուհիս մեր. զոր թէ եւ նա (աւանդութիւն) լռէր` հարկ էր մեզի կարծել` կամ Վահանայ անտարակոյս սիրողը, այսինքն, իրեն հարսնացեալ Սիւնեաց օրիորդը, եւ կամ անոնց երկուքին ժամանակակից եւ վկայուած մեծանուն Հայ եր գ ուհի մ ՚ այլ, որ քեզ այլ, Հայկակ, անծանօթ չէ, Սահակադուխտն այն` քոյրն Ստեփանոսի Սիւնեցւոյ, (որոյ եզերական վախճանն, ինչպէս որ քեզ պատմեր եմ, եղաւ Վահանայ ճ գ նութեանց տարիներուն մէջ:

Արդ այս Վահանայ սիրային նրբազ գ աց մելամաղձիկ մեղրամաղձիկ եր գ ուհիս էր` որ անոր ամեն դիպուածներէն եւ գ ործերէն աւելի` կու զմայլէր կու զ գ ար անոր բռնած զարմանալի ճ գ նող եւ ապաշխարող վարուցը վրայ: Ինքն որ թուի թէ ի բնուստ եւ յարուեստէ վարժած` սիրէր զեր գ ս եւ զերաժիշտս, անոնց ամեն նուա գ ներէն աւելի զարմանալի եւ խորազդու կու գ տնէր Վահանայ ողբերն ու հառաչանքը. «Զարմանալի է ինձ քան զեր գ ս երաժշտականաց ձայնս` ողբոց քոց հնչմունք»: Եւ անոր համար աւելի զարմանալի էր` որ երբ ուրիշ ողբական եր գ կամ նուա գ լսէր` իրեն այլ ողբեր գ ութեան յորդոր կու գ ար. իսկ երբ Վահանայ ողբերը լսէր` սրտէն անդին մինչեւ ի հո գ ին` կ ՚ անցնէին. անակնկալ կիրք մը կ ՚ ազդէին, նորօրինակ ուրախութիւն մը, որ զինքը կու շարժէր եր գ ախառն հրճուանօք եր գ ելու. «Առաւել յորդորէ այս զհո գ ւոյս մասունս, յօրինել քեզ եր գ ս ոչ զղջականս, այլ հո գ եւորս եւ ուրախարարս, յորդորականս եւ ներբողեանս»: - Շատ գ ովելի եւ գ եղեցիկ յատկութիւններ տեսեր էր Վահանայ վրայ, շատ ձիրք, շատ վայելչութիւն, մեծո գ իութիւն եւ արիութիւն, բայց անոր ըրած ճ գ նութիւնքն իր ծաղկեալ հասակին մէջ, եւ ամենեւին ազատ, կրնամ ըսել թէ եւ անպարտ ճ գ նութիւնք` որ զճ գ նաւորս կ ՚ ապշեցընէին, բոլոր մարդուս բնութեան ան գ ամ զարմանք եւ զարհուրանք բերէին. իսկ անանկ պայազատ եւ բաղդայաջող մարդու մը` նա եւ բնութենէ վեր կ ՚ երեւէին. «Զարհուրեցուցանղ քո ճ գ նութիւնդ զմարմնոյս բնութիւնն. իսկ դու` առաւել գ տար»: - Զասոնք (Վահանայ ձիրքերը եւ գ ործերը) տեսնելով, եթէ առաջի բերան կու զարհուրէր եր գ ուհին, ապա հիանայր, մայլէր, եւ սիրէր. բայց սիրէր սովորական սիրոյ վեր սիրով մը. կրնար ինքն այլ իր հին հայրենի գ ուսանաց նման փորձ մը փորձել, քիչ մը ճնշելով իր գ ինաւէտ Գողթան ըմբերանեալ բամբիռը` վառվռուն երեւակայութեամբ եւ այլաբանութեամբ վիպասանել իր վեհազն սիրելին: Սակայն հոս բոլոր արտաքին բանաստեղծից արուեստք եւ հնարք` սնոտի եւ սուտ, անօ գ ուտ եւ անպիտան կ ՚ երեւէին նկատմամբ Վահանայ առաքինի գ ործոց եւ իր (եր գ չին) զ գ ացմանցը. «Արտաքնոցն զ գ աստքն` ստեղծիչ բանք սնոտեացն` ի պատրութիւն», եւ այլն: - Անոնց գ ովասանած մեծա գ ոյն գ ործերն շատ հեղ ի՞նչ են, բայց եթէ դիւցազն ըսուած յանդու գ ն եւ ուժով (եւ երբեմն մոլի) մարդու մը ըմբշամարտութիւն. կամ յափշտակութիւն կնոջ մը կամ քաղաքի մը. կամ մեծաբնակ պատերազմի մը յաղթութիւն, որ դաշտին մէջ անբաւ արիւն թափել կու տայ, ընտանեաց մէջ` աւելի շատ արտասունք այրիացելոց եւ որբացելոց. իսկ դու մեր սրբազա՜ն դիւցազն, դու ոչ այնպէս. այլ «Որպէս զքաջ նահատակ պատրաստեալ ի պատերազմ, կատարեցեր զընթացս քո արիաբար, յազ գ ացն Հարաւայնոյ. դասաւորեալ ընդ անմարմնականսն, ո'վ երանելի տէր Վահան, Գողթնեացն իշխեցող»:

Եր գ ոյն այս ետքի տունն, որ զհո գ ի վեհազինն դասաւորէ ընդ անմարմնականս, լռելու ատենը` կու յայտնէ անոր դասն այլ ի մէջ մարմնազինացս: Առաջին տանց վերջը` միշտ կրկնելով ո'վ երանելի տէր Վահանը, մէկ մէկ մակդիր կ ՚ ընծայէ, կար գ աւ բարձրացնելով կամ զատելով անոր աստիճանը. նախ` Ընտրեալ յԱստուծոյ, իբրեւ կոչուած ի նշանաւոր կեանս եւ ի գ ործ. ապա Ծառայ Քրիստոսի, եռանդուն հաւատարմութեանն համար ի հաւատսն Քրիստոսի. յետոյ` Սիրող Քրիստոսի, մասնաւոր ջանքով եւ բոլորովիմբ նուիրմանն համար ի խաչակցութիւն Փրկչին. ետքը Ընտրեալ յազատաց, իմացընելով անոր բարձր ցեղը` նաեւ ի մէջ ազնուաց երկրի, որոյ փառքն եւ փափկութիւնն արհամարհեց վասն սիրոյն Քրիստոսի. իսկ հուսկ յետոյ անոր սեփական պայազատութիւնն այլ նշանակելով, Գողթնեացն իշխեցող: Իսկ այդ հայրենի գ աւառին եւ տոհմին անուան ծայրը անսովոր ոճով եւ գ րեթէ ներշնչմամբ մ ՚ աւելցընելով Ն տառ մը, կարծես թէ մէկ կողմէն իր գ եղեցիկ հայկական (Վահան) անունէն կողոպտածին եւ տաճկացեալ Վահապին վրէժը կու խնդրէ, մէկայլ կողմէն այլ գ րեթէ անբացատրելի վսեմութիւն մը` ոյժ մը աւելցընելով` արթնցնել կու տայ ի հայրենասէր սիրտս` զբոլոր հինաւուրց յիշատակս գ ինաւէտ, եր գ աւէտ եւ քաջաւէտն Գողթան: -

Եւ այսպէս, եթէ Հօր Արտաւազդայ մը գ րած Վկայաբանութիւնն բաւական էր մեզի սիրելի եւ պաշտելի ընելու զՎահան Գողթնացի, իր Շարականն անհամեմատ առաւելութեամբ մ ՚ այլ սխրալի եւ պարծելի կ ՚ ընէ թէ զեր գ եալն եւ թէ զեր գ իչն:

Այսպիսի մէկ մը եւ ասոր նման մ ՚ ունենալով` կրնաս եւ դու, ո՜վ մթացեալ Հայաստան, հայրենիք իմ, կրնաս եւ դու չամաչել եւ չնախանձիլ ո' եւ է ազ գ ի դիմաց. կրնաս յայսմ մասին եւ գ երափառ Յունաստանի մը հետ մրցիլ. եւ կրնաս թողուլ` որ անոր համբաւեալ տասներորդ մուզայն իր ճղեբոյն ծղիքը խածնելով` երթայ գ ահավիժի Լեւկադեան դարերէն վար, երբ յերեւան ելնեն ի սարակս Սիւնեաց` մեր յիսուսո գ ի մուզայքն` Սահակադուխտ եւ Խոսրովիդուխտ: - Ասոր հրաշահիւս շարականովը` կրնաս դու այլ փառաւորապէս քու հնապանծ եր գ երուդ վրայ դադրիլ եւ լռել, ո՜վ պանծալի բամբիռն Գողթան: Ասիկայ բաւական է` քեզի անլռելի արձա գ ան գ մ ՚ ըլլալու, մեզի` մշտնջենաւոր մխիթարանք մը, եւ երկրաւոր անմահութիւն մը` անմահից դասակցեալ ՎԱՀԱՆԱՅ ԳՈՂԹՆԱՑՒՈՅՆ: