Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  Նոյեմբ. Դեկտ. 401 ամ Ն. Ք.

Ա

ՄԷԳՆ իբրեւ թաց վարա գ ուրաւ մը կու թաթկէ աչքերնէս աշնան վերջին տեսարաններն այլ. եղեամն` թափթըփած տերեւոց վրայ` ձմեռուան սառամանեաց կանխիկ մանրանկար մը կու ցուցընէ. գ իւղերն դարձեալ յանապատ կու փոխուին. զբօսասէրք կու դառնան ի քաղաք` ի պատսպարեալ բնակարանս: Արդէն անասուն կենդանիք այլ իրենց ճարը տեսած են. որն չուելով ընդ օդ եւ ընդ ջուր ի հեռաւոր եւ տաքուկ բոյներ, ո'րն ամուր ապահով ծակ մը, փոս մը, խոռոչ մը փնտռելով եւ ներս քաշուելով: Ծաղկատափ մեղուն այլ իր փեթակը փակեր մեղրով մոմվ, ներանձնացեր իր վեցանկիւն սենեկաց մէջ, կու զմայլի եւ կու թմրի իր հնարած անուշակ փիլիսոփայութեամբը, որ աւելի իրական է ( գ ոնէ իրեն եւ ոմանց համար) քան Սոկրատայ քանի մ ՚ աշակերտաց, որք առաջին իմաստասէրք կամ բանաւոր մեղուք անուանեցան, թէ զանազան գ իտելեօք շարադրած գ րոցն համար, եւ թէ քաղցրախօս ու հեշտալուր ոճով ու բառով գ րելնուն: Իրենց գ եղեցկաբան կմ գ եղեցկա գ իւտ աշակերտներն այլ ճարտարեցին ըսել իրենց ամենէն վայելչաբան եւ սիրելի փիլիսոփային համար (Պղատոնի), թէ ի տղայութեան կըռնակին վրայ բերանաբաց պառկած ատեն` մեղուաց պար մը մտաւ շրթանցը մէջ ու խորիսխ շինեց, ի նշան իր ճարտարասան քաղցրախօսիկ լեզուին: Անոր մէկ մեծ աշակերտակիցն այլ` իր կակուղ գ րչին եւ պաճուճազարդ բանիցն համար` Ատտիկեան մեղու անուանեցին, որ եւ ոչ միայն մեղուի փափուկ տըփերուն մեղրն ունէր, այլ եւ ըստ տեղւոյն անոր սուր խայթոցն այլ, - զէնք. - եւ գ րեթէ հարիւրամեան կենաց մէկ մասն ի բանակս եւ ի մրցանս անցուց, մէկայլն եւ գ րուածս եւ ի խօսուածս բանասիրականս. այն զարմանալի մորեխածին Մեղուն, (Կրիւլլոսի որդի) Քսենոփոն, զոր այս օրերուս հայացուցակն հրաւիրէ տեսնել, մեր հայրենեաց սառնամած լերանց վրայ: Արդարեւ պիտի զարմանայիր, Հայկակ, եթէ լսէիր թէ Աթէնքի հիւմեդեան մեղուն` այս անյարմար եւ տարաժամ եղանակիս` եկեր Կորդուաց խորթ ու խրթին ժայռից եւ սառից վրայ կու բզզայ, այլ թերեւս ոչ պակաս զարմանալի ըլլայ` անոր մեղրը ճաշակող փափկաբարոյ փիլիսոփայ մ ՚ այլ տեսնել այն անկոխ քարակոհակաց մէջ` այսպիսի ատեն մը:

Շատ անկարծ եւ կամ անբնական տեղափոխութեանց եւ հեռա գ նացութեանց` գ լխաւոր (թէ եւ դժնդակ) պատճառաց մէկն` եղած է մարդկան իրարու հակառակութիւնն, պատերազմը, որք ինչպէս շատ հեզ անբաւ շարեաց` երբեմն այլ բարեաց ինչ առիթք եղած են. այսպիսի պատճառաւ մը Քսենոփոն այլ ընկաւ Հայոց ժայռուտ ու սառնուտ լերանց վրայ, յառաջ քան զայլ բազմաթիւ մեծամեծ զօրավարս, որք գ րեթէ ամեն դար` ամեն տասն-ամ անցան ու դարձան մեր աշխարհին լեռներէն ու հովիտներէն, ձիւներն ան գ ամ հայեցընելով իրենց նմանեաց արեամբը: Սակայն Քսենոփոն` ոչ իբրեւ Աննիբաղն յԱլպեայս` կ ՚ ելնէր կ ՚ իջնէր ընդ բազմաժայռ Կորճայս, ոխերիմ թշնամւոյ հետ կռուելու եւ երկիրը աւրելու, եւ ոչ Լուկուլլեայ եւ Պոմպէի նման` Տի գ րանայ եւ Միհրդատայ դէմ կ ՚ երթար վրէժխնդրութեամբ, այլ ակամայ` կտրիճ բայց դժբաղդ բանակի մը մէջ գ տուած, բազմազօր եւ նեն գ աւոր թշնամիէն հալաթուելով` անփորձ եւ անկոխ ճամբէ կու ջանար ի հայրենիս դառնալ եւ դարձընել տասն հազարի չափ Յոյներ, եւ ասոր համար այս գ ործս ըսուեցաւ Նահանջ Բիւրուն Յունաց, եւ անմահ յիշատակ բռնեց պատմութեան մէջ, նոյն իսկ Քսենոփոնի ճարտար առաջնորդութեամբն եւ ճարտարա գ ոյն գ րչութեամբ դիպուածոց, որ է իր գ րուածոց գ լխաւորներէն մէկն է: Այնչափ աւելի պատուական եղած է այս պատմութիւնս` որչափ որ կորսուած են ուրիշներուն գ րուածքը նոյն գ ործոյ վրայօք, որոցմէ էր իր ընկերակից եւ զորաց վարիչներէն մէկն` Սոփենեա Ստիւմփալացի, յորմէ կ ՚ երեւի թէ Դիոդոր Սիկիլիացի առած է այս պատմութեանս մէջ այն դիպուածները կամ մանր տարբերութիւնները` որք չեն յիշուիր ի Քսենոփոնէ:

Իսկ մեզի գ ալով, Հայկակ, մեր ազ գ ին եւ աշխարհին, Քսենոփոնի այս գ րուածը ինչպէս նաեւ Կիւրամարզ ըսուածն, յետ Յունաց` ամենէն աւելի մեզի Հայոցս պիտուական եւ սիրելի է, ոչ միայն զի մեր աշխարհին վրայ այլ կու խօսի պատմութեանցը մէջ, այլ զի յետ ունաց` Քսենոփոնի յիշած այնքան ազ գ աց եւ ժողովրդոց մէջ` գ րեթէ միայն Հայք են` որք կարենան աւելի խորհրդածել եւ քըննել անոր ըսածները: Այս դիտմամբ ես այլ այսօր քեզի հետ ոչ Քսենոփոնի վարքը գ ործքերը եւ գ ըրքերը կ ՚ ուզեմ քննել, եւ ոչ այն Բիւրուն նահանջը չափել ծայրէ ծայր, այլ միայն մեր աշխարհէն անցնելուն դիպուածը եւ ճամբան: Բայց որովհետեւ առանց երկու ծայրի` մէջ չըլլար, հարկ կ ՚ ըլլայ գ ոնէ համառօտիւ յիշել եւ իրաց պատճառը, սկիզբն եւ վերջ այլ:

Բ

Պատերազմն ի բնէ պժ գ ալի` այլ աւելի է երբ ընհտանեկան կամ քաղաքական ըլլայ, այսպիսի էր նախապատճառ մեր այս դիպուածին այլ երկու Պարսիկ արքայորդի եղբարց մէջ ծա գ ած հակառակութեամբ: Յայտ է քեզի, որ արքայազն եղբարց հակառակութիւնն այլ շատ հեզ ժառան գ ութեան իրաւանց կամ խնդրոց համար կ ՚ ըլլայ: Արտաշէս Բ. պայազատ Պարսից Աքեմենեայց, իբրեւ անդրանիկ որդի Դարեհի Նոթոսի` յաջորդեց անոր յամի 404 նախ քան զթուական Փրկչին, իր հօր թա գ աւորութենէն առաջ ծնած ըլլալով, իսկ անոր թա գ աւորութեան ատեն ծնաւ Կիւրոս Կըսէր ուրիշ դշխոյէ մը: Յայտնի է կանանց նախանձն այլ` ուր բազմակնութիւն կայ, եւ ջանքն` իրենց զաւակները վեր քշելու. մանաւանդ երբ Պարիսատիսի պէս գ ոռոզ դշխոյէ մը ծիրանածին ընծայուէր Կիւրոսի պէս կտրիճ կորիւն մը, գ րեթէ անտարակոյս էր ծա գ ելի կռիւն: Սակայն Արտաշէս` Ուշէղ էր եւ կ ՚ անուանէր (Մնէմոն ի Յունաց), միան գ ամայն եւ նախատես եւ մեծո գ ի, ոչ զեղբայրն ուզեց զրկել եւ ոչ ինք զինքը, այլ իբրեւ իրեն երեսփոխան դրաւ զանիկայ եւ վերատեսուչ ամենայն նախարարաց իր ինքնակալութեանը արեւմտակողման եւ աթոռն այլ դնել տուաւ ի Սարդիկէ մայրաքաղաք Լիւդիոյ, քիչ հեռու եւ յարեւելից Զմիւռնիոյ, այսպէս մինչեւ ի ծայր արեւմտից հեռացընելով զնա` ամսորեայ ճամբաներով իր արեւելեան գ ահէն (իբրեւ 20 աստիճան աշխարհա գ րական երկարութեան իրարմէ հեռու):

Կիւրոս իր եռանդուն բնաւորութեամբն եւ Յունաց մերձաւորութեամբ եւ ընտանութեամբ` անանկ լաւ կար գ աւորեց իր իշխանութիւնն եւ արքունիքը, որ նոյն իսկ Յունաց նախանձելի եւ պատուելի կ ՚ ըլլար, եթէ չափազանցութեամբ եւ կողմնասիրութեամբ չէ ասոնց պատմածն. բայց իր ամեն ցուցած եւ յուսացուցած գ ործերը սեւցուց_ փճացուց իր կենաց հետ` անսանձ փառասիրութիւնն, որով կ ՚ ուզէր միահեծան ինքնակալ ըլլալ, նաեւ զեղբայրը զրկելով: Գաղտուկ պատրաստութիւն տեսաւ, զօրք ժողվեց ցամաքի եւ ծովու, օ գ նութիւն ուզեց ի Յունաց այլ, որոց վրայ մեծ համարմունք եւ վստահութիւն ունէր: Յոյնք, եւ մանաւանդ Սպարտացիք` իրեն երախտապարտ էին, իրենց անկէ առած օ գ նութեանն համար, եւ առանց անտընալու խաւրեցին անոր Կլէարքոս լակեդեմոնացի, պզտի բայց ընտիր գ նդով մը, որուն հետ միացան ուրիշ Յունաց մանր տէրութիւններէն այլ շատ զօրք` իւրաքանչիւր զօրավարօք, բոլորն իբրեւ 16000 հո գ ի: Ընդհանուր զօրապետնին եղաւ նոյն Սպարտացին, իսկ առանձին ազ գ աց մէջ` Բէովտացւոց զօրավարն էր Պրօքսեն թերացին, որուն մտերիմ բարեկամն էր մեր ատտիկեցի իմաստասէր մեղուն` Քսենոփոն, որ այս ատեն 50 կամ 55 ամեայ մ ՚ էր: Արդէն երիտասարդութեան ատեն պատրազմի մէջ մտած ելած, հիմայ հասակին եւ ուսմանց ազդեցութեամբ` աւելի խաղաղութիւն եւ մեղրը սիրէր քան կռիւ եւ արիւն, անոր համար` ոչ իբրեւ մարտիկ նիզակակից, այլ իբրեւ սրտակից ընկերացաւ Պրոքսենի. միան գ ամայն եւ իբրեւ բանասէր` նոր երկիր, նոր ազ գ եւ դէպք տեսնելու քննելու, մանաւանդ որ ի սկզբան ոչ ինքն եւ ոչ այլ զօրավարք գ իտէին ուր եւ ինչ բանի համար երթալնին, վասն զի Կիւրոս խաբելով կ ՚ ըսէր, թէ իրմէ ապստամբած Ասորւոց դէմ կ ՚ երթայ: Ասանկով ժողվեց զամենքն ի Տարսոն մայրաքաղաք Կիւլիկիոյ, ի սկիզբն յունիսի (401 տարւոյն), մտաւ յԱսորիս, տարաւ բանակը մինչեւ յԵփրատ, անցուց անդին սկիզբն օ գ ոստոսի), եւ պաշարաբեր նաւերը յետ դարձուց: Ապա քիչ քիչ իր մեծերէն սկսեալ` ինչուան վարիններուն իմացուց միտքը, զոր ոմանք յօժարութեամբ ոմանք դժարութեամբ յանձն առին, յուսալով իր խոստմանց եւ բաղդին այլ:

Ուշանալ չէր ըլլար. սակայն Միջա գ ետաց չէն եւ անշէն ընդարձակութիւնը կտրելու համար այլ մինչ ի սահմանս Բաբելոնի` ամիս մը պէտք եղաւ: Այն միջոցին Արտաշէս այլ իմանալով եղածը` պատրաստեցաւ արեւելեան զօրօք մեծ բազմութեամբ` եղբօրը դէմ ելնելու: Սա աւելի շուտով հասաւ Եփրատայ եւ Տի գ րիսի ամենէն իրարու մօտ եղած տեղերը, որ հին Բաբելոնի մօտերն է, եւ հոն Կունափսա անուանեալ աւանի մը մօտ, որոյ դիրքն շատ յայտնի չէ, (յեօթն սեպտեմբերի) եղաւ հին պատմութեան մէջ անուանի եւ բաղդասահման պատերազմաց մէկն, որ մեր այս երեկոյեան զրոյցներէն դուրս կու մնայ: Այլ այսչափ ըսելի է, որ երկու կողմէն այլ կրքով եւ կտրճութեամբ կռուեցան. իրաւունքն յաղթող եղաւ. Կիւրոս ոչ միայն անձամբ հասարակ զինուորի պէս կու կռուէր, այլ եւ եղբօրը հետ զարնուեցաւ ու վիրաւորեց զնա. բայց մեռնողն ինքն եղաւ, ըստ ոմանց ի նոյն ինքն յԱրտաշիսէ զարնուած: Կենացն հետ վերջապէս պատերազմն, եւ ցրուեցաւ արեւմտեան բանակն:

Գ

Կիւրոսի ասիական գ ունդերն նուաճուեցան օրինաւոր իշխանութեան. իսկ Յոյնք` որոնմէ քիչ մարդ ինկեր էր պատերազմին մէջ, անկէ շատ աւելի դժար փորձանքի բռնուեցան: Արտաշէս իրենց պատ գ ամ խաւրեց որ զէնքերնին թողուն, ու իրմէ ուրիշ փոխարէն առնըլով` ազատ մնան կամ երթան: Յոյնք պատասխանեցին, թէ քանի որ զէնք ունիմք` անոնք մեզի բանի կու գ ան, առանց զէնքի մենք այլ կրնանք բանի չ գ ալ. չեմք ուզեր մեր ստոյ գ օ գ ուտը` Արտաշիսի անստոյ գ վարձուց հետ փոխել. եւ եթէ կ ՚ ուզէ Արտաշէս փորձել զէնքերնուս արուեստը` պատրաստ եմք: Հարկ եղաւ որ առանց կռուի զիջանի թա գ աւորն` թողլու զանոնք երթալ իրենց երկիրը, միայն թէ անցած տեղերնուն վընաս չընեն: - Այս այլ չէր անվայել Արտաշիսի ուշեղութեանը, բայց դըժբաղդաբար շատ հեզ շատ ուշիմ թա գ աւորք եւ անթա գ իշխանական գ լուխք` ուշաթափ կ ՚ ըլլան իրենց պաշտօնէից անարժան թելադրութեամբք. այսպէս այլ եղաւ Արտաշիսի: Հաւանեցաւ իր սիրելի Տիսափեռն մեծ նախարարին խրատուն, դաւելու զՅոյնս. զոր եւ գ ործով կատարեց անխիղճ խրատատուն, հրաւիրելով զ գ լխաւոր զօրապետս Յունաց իրեն վրանը, իբրեւ ի խորհրդակցութիւն եւ դաշնակցութիւն. եւ զամենքն այլ (տասնումէկ հո գ ի) սպաննել տուաւ, Կլէարքոսէն սկսեալ մինչեւ ի Պրոքսեն բարեկամն Քսենոփոնի: Երկրորդական զօրավարքն գ ոյժը լսելով փութացան հեռանալ, եւ իրենց առաջնորդ ընտրեցին Քիրիսոփ Սպարտացին. իսկ վերջապահ բանակին զմերս Քսենոփոն, որ հայրենակցաց սիրովն եւ մտերմին մահուան ցաւովն դրդուած` յանձն առաւ այս ծանր եւ վտան գ աւոր պաշտօնը, եւ մեծ հնարա գ իտութեամբ եւ քաջասրտութեամբ այլ պսակեց, եւ թողուց յետնոց զարմանալի պատերազմական արուեստի օրինակ մը, որ կրնայ նախ օրինակ ըսուիլ յաղթուած բանակի մը ետ քաշուելուն, որով այս դարուս սկիզբն այլայնքան անուանի եղաւ Մօրոյ զօրավարն Փռանկաց. մեծին Նաբոլէոնի հետ բաղդատուածն:

Նորընտիր զօրավարքն խորհուրդ ըրին բոլոր գ լխաւորներով` ինչ ճամբով յետ դառնալնուն վրայ. որովհետեւ երկու մեծ եւ դիւրին ճամբայ կար, որով արդէն եկած այլ էին, բայց թէ անշէն կողմեր ունէր այն ճամբան` (ուր դժար էր պաշար գ տնելն) եւ թէ Պարսից արքունի գ ունդերէն բռնուած պիտի ըլլար. ինչպէս որ արդէն այլ Տիսափեռնէս մեծ գ նդով մը, եւ Միհրդատ անուամբ զօրապետ մ ՚ այլ 5000 ընտիր զօրօք ետեւնուն ընկած կու հալածէին: Նոր, անփորձ եւ դժուարին ճամբայ մը հարկ սեպեցին բանալ Յոյնք, բայց իրենց նպատակին հասցընելու աւելի յարմար. եւ այս էր Տի գ րիսի եզերքներէն մինչեւ ի Ճորոխի եզերքը, կամ Կորդուաց լեռներէն մինչեւ ի Խաղտիս` ճեղքել մեր Հայաստան աշխարհին լեռնակոհակ բարձրաւանդակը, յարեւելեան հարաւոյ յարեւմուտս հիւսիսոյ, ձեան եւ սառամանեաց եղանակի ատեն, եւ ելնել Տրապիզոնի եւ ուրիշ յունական գ աղթականաց կողմերը:

Այս յանդու գ ն եւ բռնադատեալ խորհրդով` շտապեցին Յոյնք Բաբելոնի եւ Ասորեստանի կողմերէն դէպ ի Միջա գ ետաց վերնակողմը. Տի գ րիս գ ետոյն եզերքը բռնելով անցան անոր օժանդակները (Կապրոս եւ Մեծ Զաւ գ ետ` որ Հայոց Աղբակ գ աւառին լեռներէն կ ՚ իջնէ), եւ երկու մեծամեծ քաղաքներն` Լարիսա եւ Մեոփիլա. զոր հնա գ էտք ճանչնան` Ռէսէն Ս. Գրոց եւ Նիմրուտ հիմակուան, մէկայլն Նինուէ կամ Մուսուլ, որ եւ հին ատեն այս անունը կրէր, Մուծղ կամ Մօսլ կոչմամբ: Ասոնցմէ վեր Զախուի եւ Գըզիրայի (Ճէզիրէ-Էօմէր) գ աւառները մտան, որք այն ատեններ եւ քիչ մ ՚ առաջ` Հայոց եւ Ասորեստանեայց միջասահմանք սեպուէին, եւ հիմայ հոս հասնելնուն, մինչեւ Տիսափեռն ետեւնէն կու հալածէր` դիմացնէն կամ քովերնէն երեւցաւ արեւելեան Հաաստանի կուսակալ ըսուած Որոնդ մը, որ ըստ մեզ Հրանտ կամ Երուանդ պիտի ըլլայ, թէ ոչ Արմոդ, որ ըստ կար գ ի Հայկազանց Խորենացւոյն` այն ժամանակուան Հայ թա գ աւորն կու հանդիպի: Յոյնք, երբեմն զարնուելով երբեմն փախչելով` միշտ գ ետն ի վեր ելնելով` հասան Ճէզիրէի այն կողմերը. ուր գ րեթէ գ ետն խորունկ դարափներով կու մօտենար լերանց եւ ճամբան կտրէր, հարկ էր կամ գ ետը անցնիլ եւ Միջա գ ետաց դաշտերը մտնել, կամ լեռն ի վեր դիմել. եւ ահա այս եւ հոս էր Յունաց ըրած ընտրութիւնը, որոց հրաւէր կամ հրապոյր մ ՚ այլ էին բարեբեր Հայաստանի համբարքն, ինչպէս ինքն Քսենոփոն այլ վկայէ:

Նոյեմբեր ամսոյն կէսն էր երբ սկսան Յոյնք ելնել Կորդուաց լեռները, որ հոն ի սկզբան` գ ետոյն երեսէն հազիւ իբրեւ 1500 ոտք բարձր են, այլ երթալով կու բարձրանան` ինչուան 10000 եւ աւելի այլ: Ոչ անմիջապէս ելած տեղերնին յայտնի է, ոչ ճիշդ բռնած ճամբաւ գ ծերնին, եւ ոչ ինջած կողմերնին, եւ ոչ այլ ուրիշ քալած եւ իջեւվանած տեղիքն. այլ շատ կամ քիչ հաւանութեամբ, ըստ քննութեան գ իտնոց` որք աշխատեր են այս ճամբորդութիւնը հետաքննելու, եւ դեռ իբր անտարակոյս ցուցած չեն, որովհետեւ հին եւ նոր անունները միաբանել շատ դժար է. դարձեալ բաւական անուն նշանակած չեն հին ուղեւորքն, եւ ոչ այլ ամեն ան գ ամ` գ ացած կամ դադրած օրերնուն թիւը, թող ուրիշ պատճառներն այլ, զոր աւելորդ սեպեմ հոս մէջ բերել, կամ մանր հետաքննել. առ այժմ հաւանա գ ոյնը յիշելով թողում անոնց` որ մասնաւոր փոյթ մ ՚ ունենան այս խնդրոյս: - Իսկ այս առջի լեռնակտուր եօթնօրեայ ճամբանին` հաւանօրէն Ճէզիրէին եւ Սղերտայ (կամ Սիէրտայ) միջոց Ֆընըդ եւ Ֆընտըդ ըսուած բերդաւանաց կողմերէն սկսելով` դէպ ի Մոկաց երկիրը ձ գ ուած է, յետոյ անկէց այլ դէպ ի Բաղիշու ճամբան. եւ բոլոր երկամսեայ Հայաստանի մէջ ըրած ճամբաներնուն դժուարա գ ոյն մասերէն մէկն է, թէ լեռնոտ երկրին բնութեան պատճառաւ, թէ լեռնաբնակաց բարուցը:

Դ

Ի սկզբանէ կամ հազարամեայ դարերէ վեր` քիչ փոփոխութիւն ունեցող ազ գ երէն մէկն այլ Քուրդն է. որոյ եւ անունն գ րեթէ անփոփոխ ասկէ 2300 տարի առաջ այլ յիշուի ի Յունաց` Քարտուք կամ Կորդուեանք, ինչպէս մեր նախնիք այլ անուանեն Կորդուաք կամ Կորդուացիք, եւս եւ Կորճայք, որք եւ ինչուան հիմայ բանասիրաց մեծ քննութեան նիւթ են, մանաւանդ այս ետքի տարիներս, այսինքն թէ իրենց եւ թէ լեզուներնուն ինչ ազ գ է ծա գ ած կամ որու նման ըլլալն: Հիմակուան լեզուներնուն նայելով` աւելի Պարսից մօտ են, բնակած տեղերնուն նայելով` հին Քաղդէացւոց եւ Մարաց սեփական են: Իսկ այս Յունաց եւ Հայոց եւ ուրիշ հիներուն յիշած Կորդուքն` Հայոց եւ Քաղդէացւոց կամ Ասորեստանեայց միջասահման ազ գ եւ ժողովուրդ մ ՚ են, երբեմն մէկուն երբեմն մէկայլին նուաճուած, շատ հեզ այլ ինքնա գ լուխ եւ ահարկու մերձաւորաց: Այսպէս էին նաեւ Քսենոփոնի ատեն. որ եւ յիշէ, թէ քիչ առաջ Պարսից թա գ աւորն ուզելով նուաճել զանոնք` 120000 զօրաց բանակ մը խաւրեց, որք գ րեթէ բոլոր ջարդուեցան, կէս մը ի լերանց կէս մ ՚ այլ ի բնակչացն Կորդուաց, մինչեւ ստիպուեցան Պարսք դաշնա գ րութեամբ զիջանել:

Այսպիսեաց միջէն ճամբայ ընելու համար` կրնաս երեւակայել թէ ինչ զ գ ուշութիւն եւ քաջասրտութիւն պէտք էր Յունաց. որք գ իշերանց մօտեցան լերանց. եւ առտուն կանուխ կամաց եւ լռիկ սկսան ելնել, որ չիմանան լեռնցիք, եւ այնպէս այլ եղաւ: Վասն զի արդէն ձմեռն կու տիրէր լերանց, արածականք ի գ ոմ փակուած էին, դուրսը թափառող չկար. ամենքն քաշուած էին իրենց գ եղերը, որ շինուած են լերանց գ ո գ ոց ու խոռոչից մէջ, եւ կէս մը ծածկուած քարերու մէջ եւ գ ետնի տակ. բնականապէս այլ իրարմէ հեռու եւ ոչ բազմաշէն: Ի՞նչ զարմանք ընկաւ տեղացւոց վրայ` երբ յանկարծ իրիկուան դէմ աներնուն գ լուխը տեսան հազարաւոր զինեալ երիտասարդներ, որ ոչ Պարսից նման էին եւ ոչ Հայոց: Առաջին դրդումն` մէկէն տեղերնին թողուլ եւ փախչիլ տուաւ. Յունաց ուզածն այլ այս էր. անաշխատ ներս մտան. ինչ ուտելիք որ գ տան առին. բայց ուրիշ բանի չդպան` որ չ գ ր գ ռուին բարբարոսքն. մանաւանդ թէ ընտանութեամբ այլ կու կանչէին զանոնք, եւ կ ՚ իմացընէին որ միայն կերակուր եւ ճամբայ կ ՚ ուզեն:

Կորդուացիք ոչ եկան եւ ոչ դէմ կեցան. ինչուան որ Յունաց բանակն սկսաւ լեռներէն վար դէպ ի ուրիշ գ եղեր իջնել. գ իշերն այլ վրայ կու հասնէր, այն ատեն փախըստեայքն դարձան եւ սկսան Յունաց վերջապահից վրայ կարկըտալ քար ու փքին. եւ ոչ քիչ հո գ ի սպանեցին ու վիրաւորեցին: Այս երկուքն էին իիրենց գ լխաւոր եւ ահաւոր զէնքերն. - քար ու նետ. - առաջինը ոչ այնչափ հեռուէն պարսատիկով կու նետէին, որքան ի մօտանց մեծամեծ կտորներ եւ ժայռեր լերանց վրայէն գ լորակելով` կու ջախջախէին հանդիպածը. երկրորդը` կու ձ գ էին երեքկան գ նեան մեծամեծ աղեղներով, որոց լարը քաշած ատեննին ձախ ստուընին առաջ կ ՚ երկընցընէին, եւ երկու կան գ ուն երկայն նետերը կու թըռցընէին անանկ ուժով` որ գ րեթէ միշտ վահանն այլ զրահներն այլ կ ՚ անցնէր, եւ գ ոնէ առանց գ էրքի չէր թողուր դպածը: Յունաց համար այնչափ մեծ կու գ ար այս նետը` որ նիզակի տեղ ի գ ործ կ ՚ ածէին. իսկ Կորդուաց նիզակներն ինչուան 15 կան գ ուն (յունական) երկայն էին: Կրնաս չափել զանոնք հիմկու Քրդաց նիզակներով, թէ որ ոչ անոնք զքեզ չափեն: Յոյնք առաջին ան գ ամ ասոնց փորձն առած, ու նորէն գ եղերու մէջ ապաստանած` շատ վախով եւ զ գ ուշութեամբ անցուցին այն գ իշերը, վասն զի Կորդուացիք լերանց չորս կողմ կրակ վառած կու հսկէին, ահաւոր գ եղեցկութիւն մը տալով արդէն բնութեամբ խոժոռա գ եղ տեղեացն: Նոյն զ գ ուշութեամմ եւ կասկածով ելան եւ ճամբանին շարունակեցին Յոյնք երկրորդ օրը, բռնած գ երինին եւ անասուննին ալ ազատ թողլով` որ իրենց ար գ ելք չըլլան եւ պաշարնին այլ շուտով չսպառեն. եւ այնպէս երբեմն կռուելով երբեմն անխռով անցուցին այն օրը:

Երրորդ օրն բնութիւնն եւ բնակիչք միաբան հակառակեցան Յունաց, բքախառն փոթորիկ մը փըրթաւ վերէն, զոր աւելի դժնդակ ըրին Կորդուաց պարսերն ու նետերն. Յոյնք կ ՚ ուզէին տեղ մը քաշուիլ պատսպարիլ, բայց եթէ գ տնէին այլ` պաշարնին հատած պիտի կորսուէին. հարկ էր որ բքոց եւ փքնաց մէջ յառաջին անծանոթ ճամբուն. որուն երկու կողմերն այլ բռնեցին տեղացիք երբ նեղ կըրճերու հասան, եւ անհնարին տա գ նապ հասուցին Յունաց: Հոս Քսենոբոն իր մեն հնարքն եւ համսերութիւն հատուց, քաջալերելով հատուց, քաջալերելով եւ յորդորելով իրենները` որ անխռով եւ յուշիկ առաջ երթան, եւ շատ ան գ ամ կան գ առնեն կամ ետ քաշուին թըշնամիները ցրուելու, եւ չարտորան այն անստոյ գ եւ վտան գ աւոր տեղուանքը: Այս պիտանի խրատը անանկ տա գ նապի ատեն դժար էր ամենուն հասկըցընել. եւ նոյն ինքն առաջնորդն Քիրիսոփ` ձանձրանալով ասանկ կամկար շարժելէն` երա գ եց ընթացքը իրեն յառաջա գ նաց գ նդովը. անանկ որ վերջապահ գ ունդն ստիպուեցաւ գ րեթէ փախչելու կերպով փութալու անոր ետեւէն: Այս խուճապման ատեն քաջ սպարտացին Կլէոնիմ` նետահարեալ ի կոդն, վահանն այլ կաշիէ զրահներն այլ ծակուելով` ընկաւ անկան գ նելի: Անկէց ոչ հեռու` չոր ժայռերու վրայ փռուեցաւ Բասիաս Արկադացին, փոխանակ իրեն դրախտանման Տեմպեան հովիտներուն. թերեւս զանոնք եւ իր ցանկալի ջերմիկ տնակըեւ ընտանիքը կ ՚ երազէր` երբ սուր փքին մը գ լխին մէկ կողմէն մէկայլն անցնելով եւ ելնելով` միտք ու շունչն այլ մէկէն թռուց… հասու՞ց այլ հայրենի հո գ ւոց: - Աւաղելի ստու գ ութիւնն այս է` որ երկու երիտասարդաց մարմինքն այլ հայրենեաց հողէն հեռու` մնացին ուր որ ընկան, եւ երկուքին հաւասար եղաւ օտար եւ խորտ գ ետինն, թէխստավար սպարտացւոյն եւ թէ փափկավար Արկա գ ացւոյն: - Բայց Քսենոփոն շատ մեղադրեց Քիրիսոփայ արտորալը. իսկ նա պատճառ բերաւ ճամբուն նեղուածքը, ուր պէտք էր շուտով հասնիլ` քանի որ թշնամիք բռնած չէին կիրճերը:

Այն օրը Քսենոփոն քանի մը հո գ ի բռներ էր լեռնաբնակներէն եւ երկուքը պահեր էր. մէկուն հարցուցին թէ յարմար ճամբայ մը գ իտէ՞ անցնելու, պատասխան չտուաւ, որչափ այլ չարչարեցին, մինչեւ սպանեցին միւսոյն դիմաց. նա այլ զարհուրած` իմացուց որ խեղճ ընկերն այն կողմերը կար գ ած աղջիկ մ ՚ ունէր, անոր համար չէր ուզեր զրուցել ճամբան, իսկ ինքն ապահովցուց որ կայ լերանց մէջ աղէկ ճամբայ մը, բայց հոն հասնելու համար` հարկ է մօտիկ լերան մը գ լուխ ելնել շուտով` քանի որ թշնամիներն չէին հասած, ապա թէ ոչ անկարելի կ ՚ ըլլար անցքն: Երկու հազար կտրիճք` Արիստէոս Քիոսացւոյ առաջնորդութեամբ` յանձն առին նոյն իրիկուն ելնելու լերան գ լուխը, եւ փող զարնելով իմացընելու մէկալոնց` որ երկրորդ օրը հոն գ ան. Քսենոփոն այլ իր վերջապահ գ նդովը ուրիշ ճամբայ մը բռնեց` որ թշնամիները խաբէ եւ չտեսնեն առջինները: Երբ հասաւ ձորեզրը` որոյ դիմացի կողմն էր լեռնանցքն, Կորդուացիք սկսան վերէն մեծամեծ սայլի բեռան չափ քարեր գ լորտըկել, որոնք կոտըրտուելով ժայռից վրայ` չէին թողուր Յունաց առաջ անցնիլ. պէտք եղաւ որ յետ քաշուին եւ գ իշերը հոն անցընեն, մինչ Կորդուացիք մինչեւ առաւօտ այլ եադադար քարերը գ լորելու հետ էին: Այն միջոցին յառաջադէմ գ ունդն անկասկած հասաւ թշնամեաց պահակներուն վրայ. զոմանս սպանեց, զոմանս փախուց , եւ բռնեց անոնց տեղը, ու գ իշերը հոն կեցաւ, կարծելով թէ լերան գ լուխը հասեր է. բայց դեռ բարձրա գ ոյն բլուր մ ՚ այլ կայր ելնելու: Առաւօտուն` մէ գ ն օ գ նական առնըլով Յոյնք յառաջ խաղացին թշնամեաց կողմը, եւ մի գ ին փարատած ատեն` վըրանին հասնելով փողելով կանչելով ու զէնքերով հալածեցին: Փողոց հնչումը լսելով` Քիրիսոփ յառաջապահ գ նդովն ելաւ երթալու նոյն ճամբէն. իսկ Քսենոփոն վերջապահ գ ունդն երկու բաժնեց, մէկուն յանձնելով պաշարները եւ կարասիքը` քովընտի ճամբէ մը գ ալու: Ասոնք հասան բլրի մը, ուսկից հալածեցին թշնամիները. եւ տեսան ուրիշ բարձրա գ ոյն բլոր մ ՚ այլ զոր թշնամիք բռներ էին: Քըսենոփոն առաջինին վրայ պահապաններ թողուց երկու սպայից ձեռաց տակ, որ պաշարաբեր գ ունդը, պաշտպանեն, եւ ինքն կէս գ նդովն յարձակեցաւ երկրորդ բլուրն այլ բռնեց, բայց անոր վերեւ ուրիշ եւ աւելի դժուարակոխ մ ՚ այլ բարձրացած էր, եւ էր այն բլուրն` ուր որ գ իշերա գ նաց Յոյնք Կորդուաց պահակները սպաներ եւ վռնտեր էին: Քսենոփոն երա գ ոտն կտրիճներով այս երրորդ բլրին այլ տիրեց, վասն զի բարբարոսք առանց իսկ նետելու եւ պարսելու` յետ քաշուեցա: Այս յաջողութիւնս ձախողութեան մը նշան էր. եւ յիրաւի հազիւ երրորդ բլրին վրայէն Քսենոփոն իրեններուն պատուէր կու տար կամար շարժելու: Արդիացի մը շնչակտուր վայելով հասաւ եւ գ ուժեց, որ առաջի բլրին վրայ թողաց երկու սպայքն (Կեփիսոդոր եւ Ամփիկրատ) մասամբ պահապան գ նդին` պաշարուած սպանուեցան ի թշնամեաց, որք եւ փութալով հասան Քսենոփոնի կեցած տեղւոյն դիմաց ուրիշ բլրոյ մը վրայ դիզուեցան:

Հոս Ատտիկեցի մեղուն իմացաւ որ խայթոցի տեղ մեղրը բանեցընելու է. մարդ ղրկեց հաշտութեամբ խօսելու անոնց հետ, եւ զինադուլ ընելու, եւ խնդրեց որ մեռածներն այլ թողուն վերցնելու: Կորդուացիք այլ պահանջեցին որ Յոյնք իրենց գ եղերը չայրեն: Այն միջոցին մէկայլ գ ունդն այլ եկաւ հոն ժողուեցա, եւ միաբան սկսան շարժիլ. թշնամիք անխռով թողուցին զանոնք. բայց երբ տեսան որ բլուրներէն վար կ ՚ իջնեն, նորէն քարերու ձեռք զարկին եւ Յունաց ետեւէն հասուցին: Այս տա գ նապին ատեն Քսենոփոնի վահանակիրն փախաւ քովէն, եւ մեր մեղուն ջախջախելու վրայ էր` երբ Եւրիլօք Լուսիացին հասաւ, վահանաւը պաշտպանեց ապրեցուց, ինչպէս երբեմն իր մեծ մարտակիցն Սոկրատէս ն Դելիոնի պատերազմին ազատեր էր զնա: Վերջապէս հասան բլրոց ստորոտը, ուր միացան ամեն գ նդերն այլ, եւ ըստ իրենց խոստման արձըկեցին կապած առաջնորդնին, անոր տեղ իրենց մեռելոց մարմինները առնըլով, եւ իրենց սովորութեամբ թաղեցին: Այս գ իշեր կեցան գ իւղերու մէջ, ուր առատ համբար եւ կերակուր այլ վայլեցին մանաւանդ պատուական գ ինի, որ մեծամեծ գ ետնաթաղ բռնած կարասներու մէջ լցուած էր:

Երկրորդ օրը նորէն իրենց կար գ ը առնըլով, Քիրիսոփ առաջապահ, Քսենոփոն վերջապահ, շատ հեղ Կորդուաց հետ զարնուելով, լեռներէն ելնելով իջնելով, վերջապէս հասան անոնց ստորոտը, վերջին գ եղերուն, որոնցմէ վար դիմացնին քիչ հեռու երկայն արծաթ գ օտւոյ տարածուած տեսնուեցաւ Տի գ րիսի օժանդակ գ ետ մը, զոր Կենդրիտ կոչէ հեղինակն, եւ որոյ միւս կողմը կ ՚ երեւէին սահմանըեւ լեռնադաշտակք Հայաստանի, որք եւ այն ժամուն`թերեւս քան մեզի` աւելի ցանկալի էին Յունաց:

Ե

Այս աշխարհաբաժին գ ետս զոր գ րեթէ ամենայն հետազննողք կու ճանչնան հիմկու Պօհդանը, եւ արեւելեան առաջք մը Տի գ րիս գ ետոյ, զոր եւ Շատախ կոչեն Հայք ի կողմանս Մոկաց եւ նոյն երեւի զոր Խորենացին յիշէ ի պատմութեան պատկերի Տիրամօրն, գ ոնէ նոյն Անձեւացեաց հարաւակողման քարալերանց բղխած աղբիւրներէն գ ետացեալ. իսկ անունն` եթէ հայկական է` կրնայ կարծուիլ Կորդրիք կամ Կորդրեաց գ ետ, զի այսպէս կոչուէր Կորճայից մէկ գ աւառն. եթէ պարսկական է իբր Կենդրուտ` նշանակէ Ժանդ-ջուր կամ գ ետ. եւ դարձեալ յիշել տայ Խորենացւոյն ըսածն, թէ «Չար ջուրքն հոսեալ ի լերանց Կան գ ուարայ, որ է Ա գ ռաւաքար», երթան ի Տի գ րիս: Արդ այս գ ետոյն դիմաց գ իշեր մը դադրելով` առաւօտուն մօտեցան Յոյնք` անցքը փորձելու եւ շատ դժար գ տան. վասն զի սաստիկ սրընթաց եւ մեծ կարկաջանօք թափելով կ ՚ երթար գ ետն խառնուելու ընդ (արեւմտեանն) Տի գ րիս, անկէ քանի մը մղոն հեռու: Ջրէն եւ խորէն աւելի այլ վախնալու երեւցան Յունաց` Կորդուացիք, որ լեռներէն իջնալով կու գ ային ետեւնուն վերջի նետերնին եւ պարսերնին այլ պարպելու. իսկ դիմացնէն` գ ետոյն այն կողմը բռնած էին նախայիշեալ Հրանտայ կամ Որոնդի, եւ մէկ Արդոկ անուն իշխանի մ ՚ այլ (հաւանորէն Արտակ Մոկաց նախարարի) հեծեալքն. եւ անոնց ետեւէն այլ բարձրաւանդակաց վրայ` հետեւակ զօրք, ճամբուն նեղուց անցքը պահելով: Իրեք կողմանէ վտան գ կար, եւ գ ոնէ մէկէն կամ երկուքէն փախչելու ճար չկար:

Հոս Քսենոփոն իր հնարա գ իտութեամբն` զւարթ երես մէջ մտաւ, սկսաւ յաջող երազներ պատմել, զոհերն այլ յաջող ելան կ ՚ ըսէր, ոմանք այլ լուր բերին որ գ ետոյն դիմացի կողմը աղջկունք եւ ծերեր լաթ կու դնէին քարածերպերու մէջ, ըսել էր որ հոն գ ետն ծանծաղ եւ անցանելի էր: Դէպ յայն կողմը դիմեցին, իրարու սիրտ տալով հասան գ ետոյն եզերքը, նորէն գ ոհ մ ՚ ըրին ջրին վրայ, եւ յաջող գ տան: Քիրիսոփ սօթթուեցաւ ցատքեց ներս իր առաջակար գ գ նդովը: Քսենոփոն այլ վերջապահովը բայց քիչ մը ուրիշ դիրք բռնելո, իբր թէ կ ՚ ուզեն թշնամիները մէջ փակել երկու դիաց, եւ ամենքն միանձայն սկսան կանչել իրենց ազ գ ային պէանա ըսուած եր գ ը, զոր մեծ վտան գ աց կամ հանդիսից մէջ կ ՚ եր գ էին, որ եւ յիրաւի զարմանք թէ շփոթութիւն ձ գ եց մեր Կորճայից եւ Մոկաց, եւ նախ հեծեալքն ապա հետեւակքն յետ քաշուեցան: Բայց լեռնցիք մէկայլ կողմէն մօտեցան Քսենոփոնի վերջապահաց, իրենք այլ իրենց կորդ լեզուովն եր գ ելով. սակայն քանի մը հո գ ի միայն կրցան վիրաւորել, մինչ մնացեալքն անցան գ ետը, եւ սկսան շուտ շուտ առաջ երթալ, ինչուան 15 մղոն տեղ, որ անմարդի էր, (պատճառաւ Կորդուացոց ստէպ արշաւանաց) ինչուան որ հասան իշխանանիստ մեծ աւան մը, որոյ տանց շատին վրայ աշտարակներ կային: Հընա գ ետք կարծեն թէ այս տեղս հիմկու Սղերտ քաղաքաւանն ըլլայ, շատ հաւանական է գ ոնէ անոր մօտ ըլլալն, եւ Յունաց բռնած ճամբան կ ՚ երեւի թէ անկէց ի Բաղէշ տանողն է, լերանց նեղուցներու մէջ, որ կէս ի բնէ կէս արուեստով բացուած են, ինչոան Ռահվայի քաջածանօթ հովիտը, որոյ ճամբուն վրայ ինչուան հիմայ կարաւանք կ ՚ ապաւինին բազմաթիւ ամրաշէն խաներու մէջ, թէ եւ ասոնց շէնքն շատ հին չերեւան, սակայն ճամբան հին ատենէ բացուած եւ վարուն էր. եւ այս է մեր նախնեաց յիշած պահակն եւ Դրունք Ասորեստանեայց, որոյ գ լուխն կամ մէջն` Վանայ ծովուն հարաւային արեւմտեան գ ին Պահակ Հողցայ կ ՚ ըսուէր, Աղձնեաց եւ Տուրուբերան նահան գ աց ու Մոկաց միջոց. Յունաց բռնած ճամբան այլ զայս կարծեմ:

Զ

Առջի հանդիպած գ եօղաւանէն 30 մղոն այլ վեր ելնելով` երկու օրուան ճամբով Տի գ րիսի գ ետոյն մէկ աղբերակին հասան, որ ինծի կ ՚ երեւի նոյն իսկ Բաղիշու գ ետն, եւ ասկէց բռնեցին Մշոյ ճամբան Ռահվայի ձորէն, եւ հասան Տարօնոյ գ եղեցիկ եւ գ իւղաշատ դաշտը, որոյ Մեղրա գ ետն կամ Մեղուայ գ ետն կարծուի Քսենոփոնի Տելեբուս կոչածն: Այս կողմս այն ատեն Արեւմտեան Հայաստան կ ՚ ըսուէր, եւ կողմնակալն էր Տիրիբազ, Պարսից թա գ աւորին շատ սիրելի, ոչ միայն համարձակութիւն ունէր անոր ձի հեծնելու ատեն` ձեռքը բռնելու: Ասիկայ հեծելազօրօք Յունաց դիմաց ելաւ, բայց խաղաղութեան պայման դրաւ որ առանց գ եղերուն վնասելու` անցնին իրեն սահմաններէն, եւ ուզածնուն չափ պաշար առնուն: Բայց ապահովութեան համար ինքն այլ հեծելովքն քիչ հեռուէն Յունաց ետեւէն կ ՚ երթար, ինչուան որ անոնք ուրիշ գ աւառ մը հասան (որ թուի Հաշտեանք), ուր արքունի կամ իշխանանիստ ապարանք եւ շատ գ եղեր կային: Բնակչաց բարեկամական կերպն, իրենց անօթութիւնն եւ ձիւնախառն ցուրտն` համարձակեցուցին զՅոյնս խումբ խումբ բաժնուելու գ եղերուն մէջ, եւ առատապէս վայլելու համեղ կերակուր, արմտիք, չամիչ եւ հոտաւէտ գ ինի մը, կու մնար անուշ քուն մ ՚ այլ քաշել, բայց իրենց պահակներն զրոյց բերին` թէ զօրաց շարժմունք եւ խարոյկ (կրակ) կու տեսնեն, մէկէն զէնքերնին առին դուրս վազեցին եւ բանակեցան բաց օդոյ տակ, որ ձիւնով ու ցրտով ծեծեց ծածկեց զանոնք, եւ թերեւս բոլոր սառէին այլ, եթէ Քսենոփոն օրինակ չտար փայտ ժողվելու կրակ վառելու եւ եղով (թէ սուսամի, թէ ռետնի) եւ ճարպով օծուելու: Բարեբաղդաբար` թշնամեաց վտան գ ն մերձաւոր չըլլալով` նորէն քաշուեցան գ եղերը, դուրսը բանբեր եւ գ իշերապահ թողլով: Ասոնք Պարսիկ կամ Հայ աղեղնաւոր մը բռնեցին բերին զօրավարաց, եւ իմացան անկէ` որ Տիրիբաղ իրենց անցնելու լերան ճամբան բռներ է. - ի՞նչ լեռնանցք էր այս, յայտնի չէ. որովհետեւ ինչուան հիմայ այլ այս կողմերս լաւ ծանօթ չեն աշխարհա գ րաց եւ ճամբորդաց, բայց կ ՚ երեւի Կինճ ըսուած վիճակին կողմերը: Յոյնք ամենէն ապահով փորձը սեպեցին շուտ եւ շիտակ նոյն լերան վրայ վազելը, յանկարծակի բերելով զՏիրիբազ, եւ յաջողեցան այլ. դիմացնին ելածը զարկին փախուցին, 30 ձի բռնեցին, Տիրիբաղայ վրանն այլ ձեռուընին ընկաւ, անոր արծաթոտիկ անկողնովը եւ կարասեօք:

Երկրորդ օրն այլ ձիւնի տակ քալելով եւ դարվեր ելնելով հասան այն բարձրաւանդակը` ուր Տիրիբաղ բանակեր էր առջի օրը. անկէ այլ իրեք օթեւան ըրին անշէն եւ ձիւնապատ լեռնադաշտաց վրայ, ինչուան որ հասան յԱրածանի գ ետ (յարեւելեան Եփրատ), զոր եւ անցան ծանծաղ տեղէ մը, ուր ջուրն ինչուան գ օտինին կու հասնէր: Զարմանք է որ սառած այլ չէր, վասն զի դեկտեմբերի կէսն էր, ապա կ ՚ երեւի թէ Արածանւոյ սաստիկ եւ նեղուցէ վազած տեղերուն մօտ էր անցքերնին Ճապաղջրոյ մօտերը, եւ ոչ շատ հեռու Պինկէօլ լեռներէն: Ասկից այլ դարվեր սկսան ելնել Հայոց բարձրա գ ոյն տափարակները, եւ երեք չորս օր շատ դժարութեամբ 50 մղոնի չափ կրցան երթալ ձեան եւ սառամանեաց մէջ: Բայց վերջի օրն եւ գ իշերը (որ կ ՚ երեւի թէ Խնուսայ 5000 ոտք եւ աւելի բարձր լեռնադաշտին վրայ էին) շատ նեղեցան եւ վտան գ եցան, հին ձեան վրայ` սաստիկ ցուրտ հիւսիսային հովով սկսաւ առատ տեղալ նոր ձիւն, որ գ րեթէ մարդաչափ բարձրացաւ գ ետնին երեսէն, ամէն ճամբու հետք ծածկեց ջնջեց: Խեղճ Հելլենացիք յուսահատեալ` ձիւնածեծ բըքախեղդ կ ՚ ըլլային, չկրնալով ոչ առաջ եւ ոչ ետեւ երթալ. ոմանք ոտքի վրայ, ոմանք ի գ ետնին փռուած` բոլորովին ճերմըկցեր, եւ սառելու փատնալու վտան գ ի մէջ էին. փուճ տեղ զոհեր կ ՚ ընէին հողմոց հիւսիսահայոց, որ չհասկըցան Հելլենաց լացն ու լեզուն: Մոսկուայէն դարձող նաբոլէոնեան բանակին սոսկալի եւ սրտակտուր տեսարանքն` 2200 տարի առաջ հանդիպեցան եւ նկարեցան հոս Հարքայ բարձրաւանդակին վրայ, որ նախահայրն մեր Հայկ իր տիրական տունը հաստատեր էր, եւ ի Բելայ կու նախատուէր, թէ «Բնակեցար ի մէջ ցրտութեան սառամանեաց»: Սակայն այն ցրտերուն վարժելով մեր Հայկն եւ իր նման Հայկազունքն` կրցան օտարաց դէմ կենալ եւ Բաբելոնի ու Նինուէի ջերաբնակներէն աւելի սերոնդ թողուլ մինչեւ ի մեզ:

Անվարժ Յոյնք մահուան եւ կենաց միջակռուին` ամեն կարելի հնարք ըրին, ոմանք շարժելով, ոմանք քիչ մը գ տած փայտերնին վառելով, եւ ոմանք այլ բոլորովին անշարժ մնալով, զորս ոչ տաքցընել կըրցաւ եւ ոչ վեր կան գ նել առաւօտուն պայծառ բայց վատոյժ արեւն: Գրաստուց մեծ մասն սառեր ճաթեր սեւ ժայռերու պէս ցցուեր էին ձիւնադաշտին մէջ, կտրիճ զինուորներէն 30 հո գ ի եւ հասարակ կամ ծառայական մարդկանցմէ աւելի շատոնք մեռեր սառեր էին, շատերն այլ կիսամեռ եւ կիսաշարժ` կու ջանային պառկած կեանքերնին վաստըկելու, ոմանց աչքն կուրցեր էր պաղ հովէն բքէն եւ ձիւնէն, ոմանց ոտքերն ճաթռած, ոմանց այլ կէս մարմինն փատցած: Վերջապէս առաւօտն` ոչ միայն լուսատու այլ եւ յուսատու է. սկսաւ շարժիլ մեռելակերպ բանակն, մանաւանդ թէ գ եեզմանակերպ, թմրած ու ճերմըկցած. բայց շատերն հազիւ քանի մը քայլափոխ ըրած` գ լորէին ի գ ետին, նոր հիւանդութեամբ մը բռնուած, զոր պուլիմիա կոչէին, անօթութեան եւ տկարութեան հետեւանք. որոյ գ եղն էր կերակուր եւ տաքնալ, բայց հազիւ թէ նոյն իրիկունը կրցան գ տնել այս գ եղը, այն այլ ոչ ամենքն:

Քիրիսոփ յառաջադէմի իր գ նդովն հասաւ գ եղ մը, որոյ պատին քով աղբիւրէ մը ջուր կ ՚ առնուին աղջկունք. զասոնք խաբելով ըսին որ Պարսից թա գ աւորին կողմէն կու գ ան առ նախարարն` եւ մտան գ եղը հան գ չելու: Իսկ մեր խղճալի Մեղուն` այն օրն այլ շատ չարչարուեցաւ իր վերջնա գ նդովը եւ շատերը թողուց ձեան վրայ, որ կամ ցրտէն եւ հիւանդութենէ մեռան, եւ կամ թռնամիներէ զարնուած, որք եւ խեղճերուն ողջ մնացած գ րաստներն այլ յափշտակէին, ինչուան որ տառապեալքն հեռուէն տեսնելով սեւ գ ետին մը` ձիւնը հալած կարծեցին եւ հոն վազեցին, եւ գ տան շո գ ելից ջերմուկ մը, որ ի հարկէ քովի ձիւնը կը հալեցնէր եւ հողն յերեւան կու հանէր: Հաւանօրէն այս ջերմուկս պիտի ըլլայ Բասենայ դաշտին հարաւակողման լերանց վրայ, ուր իջան Յոյնք, (որպէս թուի Դեղթափ եւ Չեքմէ լերանց միջոց լեռնանցքն): Տաքը տեսնելու պէս ցրտահար եւ անօթի գ ունդքն փռուեցաւ ջրին եզերքը: Քսենոփոն` որ լաւ գ իտէր անոր վնասը` ամենայն հնարքով յորդորեց, վախցուց, սպառնացաւ, բայց չկրցաւ հեռացընել շատերը, որք` Սպաննելու այլ ըլլաս` ասկէ չենք շանրժիր, ըսին նստան: Եւ ահա մեր նախնի հարց չարաճճիկ լաճերն եւ Պարսիկք սկսան անոնց վրայ նետեր թափել փոխան ձեան: Այն ատեն կտրիճներն յուսահատաբար ելան վազեցին ասոնց վրայ, իսկ տկարքն միայն զէնքերնին վահաններուն զարնելով վախցընել կու ջանային: Այս փորձս Քսենոփոնի խրատներէն ազդու եղաւ. սկսան շարժիլ ու առաջ երթալ, եւ քիչ մ ՚ օր հեռացան` իրենցմէ առաջ հասնող գ նդի մը հանդիպեցան, որ հոն փռուեր վերարկուներուն տակ ծածկուէր էին, զասոնք այլ քաջալերելով եւ խիստ տկարները ուրիշներուն թեւով քշելով կամ կրելով` դէպ ի գ իւղերը ուղղեց. նոյն միջոցին Քիրիսոփէն այլ մարդ եկաւ, առաջնորդեց եւ հասան մտան իրենց այլ շէնքի տակ, այլ եւ այլ գ եղերու մէջ:

Է

Քսենոփոնի վիճակուած գ եղին վրայ վազեցին Յունաց կտրիճք` Պոլիկրատ Աթենացւոց մ ՚ առաջնորդութեամբ, եւ բռնեցին գ եղին գ լխաւորք (որ հիմայ մէլիք կամ ռէս կ ՚ ըսուի), եւ անոր նոր հարս աղջիկը, որուն փեսայն որսի գ ացեր էր. քանի մ ՚ այլ աղէկ ձի բռնեցին, զոր Հայք հարկի տալու տեղ կու բուծանէին: Քսենոփոն գ եղապետին սիրտ տալով` վախը փարատեց, նա ալ պատուիրեց որ սիրով ընդունին այս անծանոթ հիւրերը, եւ ութ օր բարեկենդան մը ընել տուին` հողածածուկ եւ տաքուկ տներուն մէջ, ուր անասունք կենդանի վառարան մ ՚ էին թոնիրներէն զատ: Հոն առատ եւ կերպ կերպ մսեղէն կերակրոյ հետ գ տան ընդեղէններ այլ, եւ պատուական գ արեջուր ու գ ինի` գ ետնաթաղ կարասներու մէջ, ուր ուզողը կ ՚ երթար եղէ գ մը կու խոթէր եւ ծռած վեր կու քաշէր խմէր: Այս Յունաց բարեկենդանին զուարճութիւնն այլ էին մեր Հայ մանչերն, որոց նորատեսակ հա գ ուստն, մնչնակատակ ձեւերն` նշանացի խօսելվ, ծառայելու ատեն հաստ ու բարակ շարժմունքն` շատ ծիծաղի պատճառ եղաւ Եւրիպիդեայ եւ Արիստոփանի թատերաց առաջին ականատես եղող Հելլենաց:

Շաբաթ մը հան գ չելէն ետեւ Քսենոփոն շատ շնորհակալութեամբ` ծեր ձի մը ընծայ ըրաւ գ իւղապետին` որ արե գ ակն զոհէ. - դեռ արեւապաշտ էր այն ատենուան մեր պապն` Բասենցի կամ Թէքմանցի ռէսն. - ուրիշ ընծաներ ալ տուաւ. բայց ինքն այլ առաւ երկու լաւ մտրուկ, իր սպայիցն այք մէկ մէկ հատ տուաւ: Ասոնք այն անուանի հայկական ձիոց քուռակներն էին` որ Պարսից թա գ աւորին ընծայ կ ՚ երթային տարուէ տարի, իբրեւ 20000, կամ աւելի, պզտիկ քան զՊարսից ձիանն` այլ աշխոյժ եւ քալուկ: Հայ գ եղապետն սովրեցուց Յունաց` որ ձիոց ոտքերուն տակ քսակ մը կապելու է` որ կարենան ձեան վրայ քալել. եթէ այս բանս մեր նրբամիտ Աթենացիք առաջուց գ իտնային` թերեւս այնչափ կորուստ չէին ըներ լերանց վրայ: Փոխարէն այս բարի խրատուն` ան գ ութ սպարտացի զօրավարն Քիրիսոփ` երեք օր ճամբայ ընելէն ետեւ յանիրաւի կասկածելով որ գ իւղապետն (զոր իրենց առաջնորդ առեր էին) կամաւ անշէն տեղերէ կու տանի` յանդիմանեց ու ծեծել տուաւ. որոյ համար Քսենոփոն գ ժտեցաւ Քիրիսոփի հետ. մանաւանդ որ գ եղապետն այլ գ իշերանց փախաւ տեղը դարձաւ. բայց իր մէկ որդին որ Յունաց քով էր` մնաց հոն, եւ վերջը յօժարութեամբ գ նաց անոնց հետ ի Յունասատան: (յԱմփիպօլիս, իրեն տիրոջ Եպիսթենեայ տուն, եւ միշտ հաւատարիմ մնաց. ի հարկէ աղէկ յունարէն այլ սովրելով: )

Բասենոյ ընդարձակ դաշտերուն մէջ եօթն օր թափառեցան Յոյնք, ինչուան որ հասան Երասխ գ ետը, զոր Քսենոփոն Փասիս կոչէ յանուն Բասենոյ. հոս այլ չորս օր դադրեցան գ իւղօրէից մէջ. ապա ելան եւ անցնելով գ ետը` մտան Հաւնունեաց եւ Վանանդայ սահմանները, ընդ մէջ Տայոց եւ արեւմտեան Գու գ արաց: Այս երկու նահան գ աց առաջինը Յոյնք ստոյ գ Տայք (Տաօք) կ ՚ անուանեն. իսկ երկրորդին տեղ Խալիւպք կամ Խալտիք կ ՚ ըսեն. որով յայտնի կ ՚ ըլլայ այն ատեն Խաղտեաց ազ գ ին մեծութիւնը եւ ընդարձակ սահմանները. բայց մեր աշխարհա գ րութեան նայելով` ասնց հոս ըսած Խալիւպքն` Արտահանի (Գու գ արաց), Կողայ (Տայոց), որ հիմայ այլ Կէօլէ կ ՚ ըսուի, եւ Կարնոյ կողմերն իմանալու է: Այս կողմերս կտրիճ լեռնաբնակք կային, որ իրենց անցքերը բռնելով` հակառակեցան Յունաց. բայց անոնք վերջապէս գ իշերանց զոհ ընելով` առտուն իջան լեռներէն (որ թուին Քիրէճլի կամ Գարկապազար ըսուածքն հիմայ), մտան Տայոց մացառոտ եւ ժայռոտ երկիրը. ուր շատ դժարաւ կրնային առաջ երթալ. մանաւանդ որ թշնամիք այլ անդադար լեռերէն քար ու նետ կու թափէին վրանին, որոնց հետ անօթութիւնն այլ կու տանջէր զՅոյնս. մինչեւ որ հասան գ եղերու, եւ կրցան պաշար ճարել: Անկից դէպ յարեւմուտք երթալով (հաւանօրէն մեր Տայոց աշխարհին Պարտիզացփոր, Բերդացփոր եւ ուրիշ փորակաւոր եւ ձորակաւոր գ աւառաց միջէն), չորս օրէն հասան ընդարձակ ամուր տեղ մը, որ բնակութեան չէնք չունէր, եւ կ ՚ երեւի թէ կամ Ռահվայի կարաւանատանց պէս տեղ մ ՚ էր, ուր կային բազմութիւն արանց եւ կանանց հանդերձ անասնօք, եւ կամ մեծ վաճառատեղի մը: Յոյնք յարձակեցան այս ամրափակ տեղւոյն վրայ, բայց վրանին անանկ քարէ կարկուտ մը իջաւ ի պաշարեալ Հայոց, որ յետ քաշուեցան, Քսենոփոն նորէն միրտ տուաւ քիչ մ ՚ այլ` դիմանալու եւ շուտով դիմելու, վասն զի կարճ անցք մ ՚ էր վտան գ աւոր տեղն, եւ անկէ անդին եղեւնեաց անտառ մը կար` որ քարերուն դէմ պիտի կենար. քարերն այլ անհատնում չեն: Այնպէս այլ եղաւ, Յոյնք վերջին յարձակմունք մ ՚ ըրին, ի հարկէ ոչ անվնաս, բայց հասան մտան ներս:

Հոս սարսափելի եւ քիչ հանդիպած տեսարան մը բացուեցաւ երկու կողմին այլ. Տայք` անճրկած եւ յուսահատած` բայց չուզելով վատութեամբ օտարաց ձեռքն ընկնիլ` կրցողը փախուցին, անկար կանայք կրցողներէն աւելի կրցան. կատաղեաց պէս այլակերպած, մազերնին ցրուըտած, աչուընին խոլոռած, փոխանակ քարի` սկսան մանր զաւկնին օդուն մէջ պարսելով քարաձոր վհերու մէջ նետել, անոնց ետեւէն զիրենք այլ գ ահավիժելով անդարձ անդնդոց մէջ. բնական յանդ գ նութեամբ արք այլ նոյնպէս ըրին. անանկ որ Յոյն` մը` անոնց գ լխաւորներէն մէկը բռնել ուզելով` անոր հետ մէկտեղ վհերուն մէջ փրթաւ ջախջախեցաւ: Հազիւ քանի մը հո գ ի կրցան բռնել Յոյնք, բայց շատ անասուն գ տան եւ առին, էշ, ոչխար եւ կով, որ իրենց պիտանի եղան հետեւեալ օրերուն, երբ Խալիւրաց կամ Խաղտեաց երկիրը մտան, որ թուի արեւմտեան Տայք, կամ Թավուսկերտի (բուն Տայոց) եւ Թորթումայ կողմերը, գ ուցէ քիչ մ ՚ այլ աւելի դէպ հիւսիսի մոլորեցան, վասն զի իբրեւ 50 փարսախ (150 մղոն) ճամբայ ըրած կ ՚ ըսուին այն երկիրը, որոյ բնակիչք քան զՀայս եւ զՏայս աւելի յանդու գ ն եւ բուռն էին, աղէկ այլ սպառազինուած. Սպարտացւոց նման այլ կարճ թրեր ունէին. որք քանի մը Յունաց գ լուխներ իրենց ափը ձ գ եցին. իսկ միասայր նիզակնին` Կորդուաց նման 15 կան գ նեայ էին: Անվախ կու գ ային պարելով եր գ ելով թշնամեաց դէմ գ ր գ ռելու, կամ իրենց ամուր գ եղերուն մէջ պահուըտած` յանկարծ կ ՚ ելնէին. իսկ եթէ հալածուէին ի Յունաց` աւելի ամուր տեղուանք կ ՚ երթային, ուր որ իրենց պաշարներն այլ ապահովեր էին:

Յոյնք շատ զ գ ուշութեամբ եւ ոչ անվտան գ ասոնց սահմաններէն խուսելով` հասան ի գ ետ մը իբր 400 ոտք լայն զոր Քսենոփոն Արբասու, Դիոդոր` Արբակ կոչէ. եւ որուն (առջինին) անուան նմանութենէն` չեն խղճեր քանի մը երեւելի աշխարհա գ իրք, հիմկու այլազ գ եաց Արբա- սույու գ ետը համարել, որ է մեր նախնեաց Ախուրեանն, եւ կ ՚ անցնի ի դաշտէն Շիրակայ` Անիի քովէն: (Այսչափ զՅոյնս դէպ յարեւելս խոտորեցնողք գ ուցէ կրնային ինչուան Սիւնեաց երկիրն այլ տանիլ, ուր բուն հայկական Արփա գ ետ մը կայ ի Վայոց-ձոր): Ոմանք այլ Ապսարոս գ ետը կարծեցին, բայց այն այլ Պոնտական լեռներէն անդին եւ ծովուն մօտ է, հաւանօրէն կամ Թորթումայ գ ետն կամ նոյն իսկ անոր ջրերը ժողվող մեծ եւ ծանօթ Ճորոխ գ ետն էր Արբասոսն կամ Արբակն այն, որոյ առո գ ած վերջին Տայոց գ աւառն` է Արսեաց-փոր, հիմկու Կիսկիմայ եւ Խոտուջրոյ կողմերը, թէ եւ Յունաց տեսածին չափ լայն չեն այս գ ետերս:

Ը

Այս գ ետս անցնելով` մտան Յոյնք ի դաշտս Սկիւթաց կամ Սկիւթինեաց կամ Սկուտինաց, որն այլ ըլլայ անունն` տեղն յայտնի չէ. այլ հասարակաց հաւանութիւն է թէ ըլլայ Կարնոյ դաշտն, որ հին ատեն չի յիշուիր մեր պատմութեան մէջ, եւ հաւանօրէն ուրիշ անուն մ ՚ ունէր: Իրեք որ այս դաշտիս մէջ քալելով` հասան մեծ եւ բազմամարդ քաղաք մը` Գիւմնիաս կամ Գումնասիա ըսուած, զր ոմանք նոյն իսկ Էրզիռում քաղաքը կարծեն, այսինքն անոր տեղ եղած հին քաղաքը (որ ըստ մեզ չկայր այլ), ոմանք այլ Կարնոյ հարւածային արեւմտեան ծայրը եղած Ճինիս գ իւղը, ոմանք այլ այս անուան մերձաւորութենէն կախարդուած` կարծեն զԿիւմիւշխանի, եւ պատճառ` անոր արծաթահանքով ծանօթ ըլլալը կու դնեն: Այս գ լխաւոր տեղն այլ դեռ վէճի տակ է, բայց Կարնոյ, Սպերոյ եւ Բաբերդու միջոց ըլլալն շատ հաւանական է:

Գումնիասայ (թերեւս Գոմուց) իշխանն` Յունաց մարդ խաւրեց եւ խոստացաւ զիրենք անվնաս հասցընելու իր թշնամեաց երկիրը, խնդրելով որ անոնք այլ այն թշնամի երկիրը այրենն ու աւրեն. առաջնորդ մ ՚ այլ տուաւ, որ խոստացաւ հին գ օրէն ցուցընել Յունաց իրենց ցանկալի ծովը: Երկու կողմէն այլ խոստմունքնին կատարեցին. Յոյնք անցած տեղերնին այրելով աւրելով, որոյ համար իրենց ետեւէն ընկած բնակիչներն այլ կու հալածէին, եւ անոնց ուռենիէ հիւսած վահանները` իբրեւ յաղթանակ առին, զոր եւ իրենց առաջնորդն ուրախութեամբ կու կոտըրտէր. վերջապէս հասուց զանոնք մէկ սրբազան լեռ մը, ինչպէս կ ՚ ըսեն Յոյնք, եւ կանուանեն Թեքես, կամ Քենիոն ըստ Դիոդորի. զոր հիմայ հնախոյզք կարծեն Կոբ լեռը, ընդ մէջ Կարնոյ եւ Բաբերդու, ուսկից ճամբայ այլ կայ 8000 եւ աւելի ոտք բարձրէն. սակայն եթէ Գիւմնիաս քաղաքն Կարնոյ դաշտին արեւմտակողմն էր` ինչուան ի Կոր հն գ օրեայ ճամբան խիստ շատ է. ասկէց այլ գ ծով տեսնել իբր 60 մղօն հեռուէն ամեն աչքի համար չէր: Յոյնք` գ ոհութեամբ առատապէս վարձատրեցին առաջնորդնին թէ ստակով եւ թէ զ գ եստով. բայց նա աւելի փափա գ ով ուզեց եւ առաւ անոնցմէ շատ մատանիներ ու դարձաւ:

Այնքան մեծ եւ անպատմելի եղաւ Յունաց ուրախութիւնն ի տեսնելն հեռուէն իրենց սեփական որորան համատարած աղի ջրերուն փայլուն մակերեւոյթը, եւ այնքան մեծաձայն ծո՜վ ծո՜վ կանչէին, որ մօտ եղած գ րաստներն խրատէին եւ շփոթէին. վերջապահ գ ունդն եւ հեռուն գ տնուողք, կարծեցին թէ թշնամիք չորս կողմն բռներ են. եւ զէնքի վազեցին: Բայց երբ իրենց դէմ ոչ հակառակող` այլ աւետաբեր տեսան, եւ կէս հաւտալով կէս անհաւատ լեռն ի վեր վազեցին` եւ իրենք այլ տեսան գ ծով, ամենքն իրարու պլլուեցան, զօրավար եւ զինուոր, եւ շատերն ուրախութեան արցունք թափեցին երկար ատեն…:

Այսպէս ելան մեր հայրենի սահմաններէն: Պէտք է, երթա՜ք բարով ըսենք, անոնց, Հայկակ մերազ գ ի առաջնորդին հետ ցուցընելով մօտաւոր գ եղը եւ Մակրոնաց ազ գ ին երկիրը եւ ճամբան, ուր որ հասան Յոյնք երեք որ թփոտ մացառոտ բլուրներէ իջնելով. անկէ այլ իրեք օրէն մտան ի սահմանս Կողքեաց, անկէց այլ երկու իրեք օրէն հասան ի Տրապիզոն, իրենց ազ գ ակից գ աղթականաց մէջ, եւ տարիէ մը վեր հեռացած եւ փափա գ ած ծովուն եզերքը. եւ մտան հոն յետ ամիս մը հան գ չելու եւ բարեկենդան ընելու ի մեծի քաղքին Պոնտոսի, ու նաւելով ի Սինոպ եւ ուրիշ ծովեզերեայ քաղաքներ. ապա քիչ մ ՚ այլ ցամաքէն երթալով, իբր վերջի միաբան իջեւանն ըրին ի Խրիւսոպօլիս, այսինքն յԻւսկիւտար Բիւզանդիոնի, օ գ ոստոսի սկիզբը, եւ անկից ցրուեցան իրարմէ, Կիւրոսի հետ ճամբայ ելնելէն տարի ու կէս ետեւ:

Թ

Կորդուաց լեռները եւ Հայոց հարաւային սահմանները կոխած ատեննին, ինչպէս ըսի, նոյեմբերի կէսերն էր, իսկ Խաղտեաց լեռը ելած եւ ծովը տեսած ատեննին, ի հիւսիսային սահմանածայր Հայոց, փետրուարի սկիզբն էր, ուրեմն երկու ամիս ու կէս ամենէն ցրտա գ ոյն եղանակին (Քրիստոսէ առաջ 401-400 տարին) այս հռչակաւոր Բիւրն Յունաց, գ երահռչակ զօրավարի եւ պատմչի առաջնորդութեամբ` կատարեց այս յաւերժայիշատակ նահանջը, անոր դժուարութեան մեծա գ ոյն մասը գ տնելով մեր աշխարհին մէջ, ուր եւ գ ոնէ հազար մը կամ հազարներ այն ծաղկահասակ Հելլենեաց` ծածկեցան հիւսիսային սառամանեաց եւ հայկական հողոյ մէջ: Քսենոփոն որոշ թիւ չըսեր. սովորաբար 10000 կ ՚ ըսուին նահանջողք, այլ ըստ ոմանց 13000էն աւելի էին Կորճայից սահմաններուն մօտ. Քսենոփոն` Տրապիզոնէն անդին ի Կերասոնտ (Քիրէսուն) դեռ 8600 հո գ ի կու յիշէ. իսկ Դիոդոր Սիկիլիացի ինչուան յԻւսկիւտար` տասն հազարէն միայն 3800 մնացած կ ՚ ըսէ: Մեր աշխարհին բարձր կլիմային եւ օտարաց անձորձ ցրտոյն համեմատ, միան գ ամայն Պարսից թշնամութեամբն հալածուելով, եղած կորուստն` դեռ կրնայ քիչ ըսուիլ. եւ պէտք է ապրողք շնորհակալ ըլլան նախ իրենց փիլիսոփայ վերջապահ զօրապետին, եւ ապա նոյն իսկ մեր հայրենակցաց, որք աւելի մարդասէր եւ հիւրընկալ եղան անոնց` քան իրենց սահմանակիցքն` Կորճայք, Տայք, Խաղտիք, եւ այլն, եւ եթէ Պարսից թա գ աւորի կողմնակալքն չըլլային ի Հայս` աւելի հան գ իստ եւ դիւրին կ ՚ ըլլար Յունաց Բիւրուն նահանջն: Ձմեռուան համար այլ ըսելու է որ որչափ սաստիկ էր` դեռ սաստկա գ ոյն տարիներուն մէկն չերեւիր, այլ եւ մեղմա գ ոյն, շատ տեղ` աղջկանց աղբիւրներէ ջուր հանելն (որ ուրիշ կողմանէ կու յիշեցընէ մեզ նահապետական Ռեբեկաները եւ Ռաքելները), կամ նաեւ միջակ գ ետոց (չսառած) միջէն անցնելնին` այս բանը կու ճշմարտեն. անկէց զատ կու հաւաստէ նոյն պատմութիւնն թէ այն ատեն այսչափ մերկ չէր երկրին երեսը, այլ աւելի ծառոտ եւ անտառոտ, որով ցրտին դէմ դնելու երկու ճար այլ կար, մէկ մը հովը ար գ ելլով կանաչասեւ կամ ճերմակապատ վարա գ ուրով եւ պատուարաւ մայրեաց, մէկ մ ՚ այլ անոնց ճղերով կրակ ընծայելով, յետա գ այ դարուց պատմութիւնքն այլ զայս ցուցընէն:

Ճանապարհորդաց մեծ մխիթարութիւն մ ՚ այլ էր բարեկամութեամբ ընդունող գ եղերու եւ գ եղացեաց քով գ տած առատ պաշարներն, թէ մսեղէն (որոյ մէջ յիշուի խոզենին այլ), թէ ընդեղէն եւ չոր պտուղ, ու մանաւնդ զօրաւոր գ ինի մը, զատ ի գ արեջրէն: Ասոնք յայտնի նշան են թէ այն ատեն շատ աւելի բարեկեցիկ էին մեր գ իւղացիք` քան հիմայ եւ ուրիշ ատեններ, երբ այնքան փոփոխութեանց եւ հարըստահարութեանց տակ չէին ընկած, այլ կամ իրենց բնիկ Հայկազն թա գ աւորաց կամ արեւելից մեծ տիեզերակալին կանոնաւոր իշխանութեան տակն էին, միայն երբեմն դրացի ազ գ աց ասպատակութենէն կու նեղուէին. սակայն անոնց դէմ կենալու ոյժն այլ ունէին, հին Հայ երկրա գ ործաց եղբարքն` էին Հայ զինաւորք: Հայոց թա գ աւորն այն ատեն հարկատու էր Պարսից, որք երկու մեծ կուսակալութիւն բաժնած էին զաշխարհը, յարեւելեան եւ յարեւմըտեան. սակայն այս ար գ ել չէր որ Հայկազն թոռն Տի գ րանայ` իր նախնեաց օրինօք չկառավարէր իր սեփական ազ գ ը:

Հայաստանէ անցնող Յոյնք այլ բոլորովին անծանօթ չէին մերոնց, որք եւ սահմանակիցք կրնային ըսուիլ` Փոքր Ասիոյ մէջ, ուր հազարով տարիներ առաջ մեր Արամ նահապետն երկու ազ գ երը մօտեցուց իրարու, եւ թերեւս այս առաջին ան գ ամ չէր մերձաւորութեան. իսկ յետ անոր` շատ ան գ ամ այլ զիրար ճանչցեր էին, սկսեալ ի կիսասուտ ուղեւորութենէ Ար գ ոնաւորդաց, մինչեւ յարշաւանս Դարեհի եւ Քսերքսեսի ի Յունաստան, որոց բանակաց մէջ կային հայկական գ ունդք: Բայց ասոնցմէ առաջ եւ քիչ ետք յԱր գ ոնաւորդաց, իբր 800 տարի նախ քան զՔսենոփոն եւ իր բիւրը: Բիւր մը Հայոց այլ կտրիճ հեծելոց քան հետեւակաց` գ նացին, թէ ոչ ի բուն կղիականն Յունաստան, այլ ընդդէմ Յունաց. մինչեւ յարեւմտեան ծա գ ս Փոքուն Ասիոյ, յԱրմաւրայ մինչեւ ի Տրոյա, 18 աշխարհա գ րական աստիճանի երկայնութեամբ հեռի միջոց հորիզոնական ուղղութեամբ ( գ րեթէ նոյն լայնութեան աստիճանին տակ էին Պռիամու եւ Զարմայրի մայրաքաղաքքն). երբ այս ետքինս Ասորեստանեայց Տեւտամոս ինքնակալին կամօք` գ նաց յօ գ նութիւն որդէկոտոր ծեր թա գ աւորին Դարդանեանց, եւ ի վրէժ սպանմանն Եկտորի յոխերիմ դիւցազնէն, թէ եւ ինքն այլ քաջութեամբ վիրավորեալ ընկաւ հոն. «այլ յԱքիլլեայ կամիմ, եւ մի յայլ ումեքէ ի քաջացն»: Բայց ու՞ր մնաց մեր այն ժամու Քսենոփոնն` որ այս հայկական Բիւրուն անցքն ու դիպուածը ճառա գ րէր: Արդեօք չե՞մք ունեցեր, թէ ոչ Հոմերոս մը, գ ոնէ Դիկտիս մը եւ Դարեհ մը տրովական պատերազմաց պատմող: Հիմայ ձեռուընիս բան չկայ, եւ ոչ իսկ համբաւ այնքան հին ժամանակաց. - մինչդեռ Քսենոփոն` մեր աշխարհին ծանօթութիւնները կու բանեցնէ ոչ միայն այս Նահանջիս գ րոց մէջ, այլ նաեւ Կիւրամարզին:

Ժ

Սակայն չեմ ուզեր անմխիթար լռել, Հայկակ, եթէ Քսենոփոնէն 800 տարի առաջ չունեցանք իրեն նմանը, իրմէ 800 տարի վերջը ունեցանք մէկ մը. այն ոսկե գ իր եւ մեղրաբան մէկն` զոր ժամանակիս հայ գ րականութիւնը նորո գ ող հարք եւ զայն յար գ ողք` անուանեցին Հայ Քսենոփոն. Վարդանանց պատերազմին Պատմիչն: Ո՞վ կածէր թէ Քրիստոսէ չորս դար առաջ Ատտիկեցի մեղուին անցած Մոկաց լերանց սահմաններուն վրայ` պիտի գ ար Քրիստոսէ չորս հին գ դար ետեւ` իր քաղցրաթել կենաց հիւսուածը ամփոփելու` Արարատեան մեղուն ԵՂԻՇԷ. որ եւ ինքնին այս Քսենոփոնի անցած բարձր կոհակներ` Ձիւնեղէն լերինք Հայոց անուանողն է: Ո՜վ կարծէր թէ մեր մեղուն այլ երբեմն Ատտիկեցւոյն նման` զինակիր էր Վարդանայ` մեծի եւ սիրելւոյ քան զԿիւրոս եւ զՊրոքսեն: Ո՜վ կարծէր թէ Եղիշէ այլ փոխանակ Քսենոփոնի` անոր հայրենիքը պիտի երթար` պարզ բանաւր մեղրաբանութեան համար, եւ անոր Սոկրատ վարժապետին եւ բարեկամին տեղ պիտի ունենար Սահակ եւ Մեսրովպ մը ի Հայս, Կիւրեղ մը յԱղեքսանդրիա. - անոր լայնաճակատ ու լայնակռնակ աշակերտակցին (Պղատոնի) տեղ` Եզնակ մը, Դաւիթ մը եւ Մովսէս (Խորենացի) ուսումնակից, որք Աթենայ հանճարը փոխադրեցին ի Հայս: Մենք պէտք է հաւասար շնորհակալ ըլլանք մեր ազ գ ակից Հայ հանճարեղ հարց այլ, հելլենացի վարժապետաց այլ. եւ եթէ աւելի պանծանօք քան Յոյնք զՔսենոփոն` պատուեմք զմերս արարատեան մեղու, դու այլ ով Ատտիկեցիդ (Քսենոփոն) անշնորհք մ ՚ ըլլար եթէ անուանեմք զքեզ` ՅՈՅՆ ԵՂԻՇԷ:

Արդ այս բաւ է մեզի այլ քեզի այլ. դարձիր դու փութով քու հայրենիքդ` պաշտպանելու հին վարպետդ բարեկամդ եւ մարտակիցդ, Սոկրատը: Ահա զծերունին կու քաշեն ի բանտ, ահա մոլեխընդին մահաբեր բաժակը ձեռքն է. - եթէ չկըրցար ազատել զնա յԱնտոսեանց, որպէս ոչ մերքս զՍահակ ի Սուրմակեանց, կամ հին հաւատարիմքն` զՆերսէս եւ զՏրդատ, գ րէ' գ ոնէ անոր Պաշտպանութիւնը, որպէս Խորենացին զՈղբն, եւ Եղիշէ իր պատմութեան եւ միանձանց ճառին մէջ` սրտառուչ յիշատակները: - Եւ եթէ դու այլ հալածուիս եւ աքսորուիս` քու նրբամիտ` այլ փոփոխամիտ քաղաքացիներէդ, ասով այլ Եղիշէի եւ ընկերակցացն հալածանաց եւ կամաւոր աքսորանաց կամ միայնութեաննման սեպուիս: - Ա'ռ դու այլ Կորնթոսի օտարութեան եւ առանձնութեանդ մէջ` մեղրածոր գ րիչդ, եւ Կիւրամարզի վիպասանութեանդ մէջ խառնէ ի Հայաստան եւ ի Հայոց լսածներդ, իրենց դար մ ՚ առաջ վախճանած սիրելի Տի գ րանին վրայօք. հիւսէ' անոր պարկեշտ ու խանդակաթ կողակցին նազաբանութիւնը, հանդերձ քու Պանթէայիդ կեղծ ողբեր գ ակ պատմութեամբ, որոյ փոխանակ աւելի վսեմական փափկութեամբ մենք կարդանք մերազ գ ի մեղուին դրուա գ ը` զփափկասուն Տիկնայց Հայոց աշխարհին եւ զկանանց կապելոց նախարարացն: - Ի հարկէ չես մոռնար Տի գ րանէն առաջ` անոր պէս Հայոց սիրելի եղած` իրենց գ եղեցիկ եւ ողջախոհ նահապետին` Արայի` մահը եւ առասպելախառն յարութիւնը` պատմելու քու քաղաքական վարչութեան կարծեացդ ընդդիմարան, այլ եւ քեզմէ մեծ ու ճարտարաբան գ րչին եւ իմաստասիրի` Պղատոնին. որ անհաւան չէ թէ քեզմէ լսած` եւ այլափոխած պատմէ իր Հասարակապետութեան գ րոց մէջ Էր Հայկազին` դարձն ի մեռելոց եւ տեսիլքը: - Իսկ երբ ձիադարմանութեան կամ հեծելութեան վրայ գ րես, անշւշտ չես մոռնար հայկական եռանդուն երիվարները եւ քու սիրով առած մտրուկներդ, եւ այն խնամքն` որով Հայք դարմանէին զանոնք: Որոոց վրայ այլ գ րած ատենդ, եւ մանաւանդ նապաստակին ճարտար նկարա գ րութեան ատեն` անշուշտ դեռ կու յիշես Հարքացի կամ Հանունի (կամ այլ Հայ գ աւառի մը) գ եղապետին փեսայն, որոյ իննօրեայ նոր հարսը գ երած կամ պատանդ բռնած ատենդ, նա ան գ էտ եղածին` նապաստակ որսալու ելեր էր ի սառնապատ սարս ձիւնեղէն լերանցն Հայոց: - Այսպէս քու զանազան գ րոցդ մէջ` յայտնի կամ ծածուկ խառնես մեր Հայաստան աշխարհին յիշատակները` քու բանական մեղրդ գ ործելու. ինչպէս մերս Եղիշէ այլ` իր ազ գ ին վրայ գ րած ատեն` քու հայրենեացդ իմաստից ծաղիկներովն պիտի հիւսէ իր քաղցրաբանութիւնը:

Արդեօք այս երկուքէն ո՞րն աւելի անուշահամ է եւ պիտի ըլլայ մինչեւ իսպառ ` համազ գ ային Ճաշակաց, Ատտիկեցին իր Հելլենաց, թէ Այրարատեա՞նն ` մեզ Հայոց: