Յուշիկք հայրենեաց Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

  1042

Ա

ՉԱՐՀԱՄԱՐՀԵՆՔ պակասաւոր կամ նուաստ անուն մը, Հայկակ. զի ոչ անուամբն` այլ գ ործովն է մարդ. լաւն ու քաջն միշտ հռչակեալ են իրենց լուռ գ ործովն իսկ. անոնց գ ործոց չ գ իտցողքն են խուլ, թէ եւ ակամայ: Ո՜րքան ծանրացեալ եւ խլացեալ են մեր ականջքն այլ մեր հարց ու նախնեաց գ ովանի գ ործոց հռչակներէն, չունենալով` ոչ Լիւիոս մը երկարօրէն պերճաբար ազ գ ին պատմութիւնը ճառող, ոչ Պլուտարք մը նշանաւոր մարդկան վարքը դատողութեամբ գ րող, եւ ոչ ան գ ամ արաբիկ գ իշերախօս վիպասան մը. եւ «սակայն բազում գ ործք արութեան գ տանին գ ործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գ րոց յիշատակի»: Այլ նորէն եւ միշտ հարկ է մեզի դառնալ եւ շնորհակալ ըլլալ` մեր թէ' հմտաբան եւ թէ հարեւանցիկ, թէ' ոճով եւ թէ անոճ պատմա գ րաց այլ. որ այն բազում արութեանց գ ործերէն գ ոնէ զոմանս աւանդեր են գ րով, եւ ժամանակին այլ` որ խնայեր եւ այս չափս մեզի հասուցեր է. զոր կրնամք դեռ հաճութեամբ պատմել եւ լսել, գ ուցէ երբեմն աւելազանցութեամբ այլ: - Այն հռչակելի գ ործերէն եւ հանդեսներէն մէկն այլ` այս դեռ ոչ շատ ծանօթ` հին Խաչկայ եւ իր որդւոցն ըրածն է.

Խաչկայ Խուլ կոչման պատճառն ինծի անծանօթ է, եւ ոչ այլ գ տնեմ երկու ժամանակա գ րաց մէջ, որք մէկմէկէ առած յիշեն իր դէպքը. Մատթէոս Ուռհայեցի եւ Սմբատ Գունդստապլ. առաջինն` գ եղեցիկ եւ հաճոյ կոչում եւ ցեղ մը կ ՚ ընծայէ Խաչկայ կտրիճ ոճով մը, յԱռիւծ ջոկէ. իբր թէ` նա որ ազ գ աւ Արծրունի էր կամ յիշխանաց Արծրունեաց տէրութեան, ցեղով կամ անձամբ` արժան էր առիւծ կոչուիլ. զոր անոր բնիկ մականուն կարծէ նոր պատմահայր մեր, ինչպէս նաեւ վերոկար գ եալ մականունն այլ: Իսկ իր բուն անունն Խաչիկ` իրմէ դար եւ աւելի առաջ կրէր եւ Արծրունեաց դիւցազնն` Գա գ իկ Ա, նախասկիզբն թա գ աւորաց Արծրունեաց, իբրեւ մկրտութեան անուն. որոյ հետ անոր բարձր եւ հզօր սիրտն այլ կրէր այս Խաչիկս, որ տեսաւ Արծրունեաց թա գ աւորութեան վերջանալն` անձամբ եւ կամօք Սենեքերիմայ` թոռին եղբօր Գա գ կայ, ինչպէս պատմեցի քեզ յամսասկիզբն յունիսի:

Այս բռնաբեր եւ մեծ դիպուածս` որ Արծրունեաց գ րեթէ երկհազարեան հին եւ պանծալի տոհմին խորտակումն բերաւ, տոհմապետ պայազատը վտարելով յօտարութիւն, դառն հարուած էր ամենայն մեծասիրտ տոհմակցաց կամ հպատակաց այն ցեղին` որ դար ու կէս Բա գ րատունեաց հետ թա գ ակապ բարձրա գ լուխ նազէր Հայոց ամեն տոհմից եւ իշխանաց մէջ: Այս հարուածը սաստկա գ ոյն զ գ ացողաց մէկն էր Խաչիկ` Սենեքերիմայ տէրութեան իշխանացմէ, տէր Վասպուրականի հին Թոռնեւան գ աւառին, որ մօտ է Երասխ գ ետոյ եւ Նախճաւան եւ Գողթն գ աւառներու. յորում անուանի եւ անշուշտ իշխանանիստ այլ էր ամուր բերդն Նկան, ուր շատ հեղ վտան գ ի ատեն կ ՚ ապաւինէին տեարքն Արծրունեաց, եւ որ հիմայ անուամբն լռած` կարծուի ըլլայ Չորս անուանեալ բերդին տեղն, այն որ մեր պատմութեան դիպուածէն ետեւ` ուրիշ աւանի մը (Հացիւն) անուամբ` Հարցիւնեաց դաշտ կամ երկիր կոչուէր:

Յետ հեռանալուն Սենեքերիմայ մինչեւ ի Սեբաստիա` Խաչիկ իր Թոռնեւան գ աւառին մէջ մնաց այն սակաւաւոր իշխանաց հետ, որք աւելի ընտրեցին իրենց հայրենի հողուն վրայ կենալ կռուիլ ու մեռնիլ, քան օտարութեան յաջող կամ անյաջող բաղդը փորձել: Անշուշտ Խաչիկ տեսած` բայց չէր զարհուրած առաջին Նետողաց սլաքներէն, եւ կու վստահէր իրեն եւ Շապուհ սպարապետին նմաններու հետ` անոնց դէմ ելնելու, եթէ թա գ աւորն հաւանէր մնալ իր տեղը: Բայց երբ նա բազմութեամբ իշխանաց եւ զօրաց հեռանալով` երկիրը բաց թողուց թշնամեաց առջին, եւ երբ ըստ դաշնադրութեանն` Յոյնք եկան տիրեցին թա գ աւորական ամրոցաց, եւ անարի Վասիլ Ար գ իւրաս կատեպան եկաւ կայսեր կողմանէ, Խաչիկ դառնացեալ եւ զզուեալ` քաշուեցաւ իր գ աւառը իր բերդը, կիսախոց առիւծու պէս մռնչելով ման գ ալով մտածելով ու դիտելով:

Յոյնք իրենց անծանօթ երկրին եւ անստոյ գ ժամանակին յարմար կառավարիչ չ գ տնելով` անդադար կու փոփոխէին ղրկած կուսակալնին ի Վասպուրական. այսպէս այն արծաթազօծ Ար գ իւր Վասիլը չկարենալով նուաճել զաշխարհը` յետ կանչուեցաւ, եւ տեղն ուրիշ ղրկուեցաւ. անկէ ետք այլ (1023) Նիկեփոր Կոմինաս կամ Կոմիանոսն, որ չափազանց գ ործոնեայ գ տուելով` ինչուան կայսերութեան այլ փափա գ եցաւ, անոր համար կուրութեան վարձք առաւ (1027), եւ տեղը եկաւ (1028) ներքինին Նիկիտոմ. յետոյ Կաւասիլաս եւ այլ աննշանք. մինչեւ եկաւ արժանաւոր եւ կտրիճ անձ մը, այն ատենի Յունաց առաջին զօրավարն Գէոր գ Մանիակ, Գուդելի որդի, եւ կողմնակալ Եդեսիոյ. բայց նոյն իսկ իր քաջութիւնն զրկեց մեր աշխարհը իր փառօք վարչութենէն, զինքն այլ իր պատուէն. վասն զի Յոյնք նեղեալք յԱրաբացւոց Ափրիկոյ` որ ի Սիկիլիա վազէին, քիչ ատենէն յետ կանչեցին զՄանիակ:

Այս ատեն Յունաց կայսր էր վատանշանն Միքայէլ Մ. Պափլա գ ոնացին, որ սպաննելով իր նախորդ Ռոմանոս կայսրը` արիւնլուայ թա գ ը յափշտակեր էր, եւ անոր հետ Հայոց թա գ ին այլ նախանձելով կու սպասէր. վասն զի մեր այլ կէս իմաստուն կէս անիմաստ Յովհաննէս թա գ աւորն` Անի մայրաքաղաքին եւ իր թա գ ին գ երութեան գ իրը տուած էր Յունաց կայսեր, զոր Ռոմանոս վեհանձնութեամբ եւ արդարամտութեամբ ուզեց յետ դարձընել. բայց անարժան չերիցու մը ա գ ահութեամբ` նորէն անցաւ այս անարժան (Միխայէլ) կայսեր ձեռքը, որ բոլոր կեանքը անպատուութեամբ անցընելով` ուզեց գ ոնէ մահը պատուական երեւցընել. այն այլ թերեւս մեր հեռաւոր Խաչիկ իշխանին անակնկալ գ ործակցութեամբ: - Այս կայսր էր որ զՄանիակ խաւրեց (1035) կուսակալ Արծրունեաց երկրին, եւ նոյն տարին յետ կանչեց` ու նաւախմբով ղրկեց ի Սիկիլիա. պատուիրելով որ հետը բերէ իր կուսակալութեան մէջ գ տուող կտրիճներէն այլ:

Հաւանօրէն այս առթով (թէ ոչ աւելի առաջ Խաչիկ` որ արդէն տարիքն առած էր, կամայ կամ ակամայ խաւրեց ի Կ. Պօլիս` իր երկու առջինեկ կտրիճները` Հասան եւ Ճնճղուկ` ի դուռն կայսեր, որ զինուորական կար գ ի եւ պատուոյ մէջ յառաջանան, եւ թերեւս օր մը լի փառօք եւ իշխանութեամբ դառնան, փոխանակ օտար յոյն կուսակալաց` իրենք իշխեն եւ վերակացու ըլլան իրենց հայրենի գ աւառաց. ինչպէս որ յիրաւի ոչ շատ ժամանակ ետեւ` (1051) դրուեցաւ այլ Վասպուրականի Հայ կուսակալ եւ դուքս մը, մեծանունն եւ իմաստունն Գրի գ որ Մա գ իստրոս: Ըստ յուսոյ հօրն իւրեանց եւ պատւոյ Հայ անուան` Հասան եւ Ճնճղուկ յաջող եւ քաջ գ տնուելով` յառաջադէմ եղան կայսեր քով եւ սիրելիք. եւ թերեւս սոյն այս ճ գ նող Ճնճղուկն է խորհրդակից եւ օ գ նական կայսերն, որոյ հետն էր Բուլղարաց պատերազմին մէջ, ուր միայն կրցաւ արութիւն մը ցուցնել Միքայէլ, եւ յետ որոյ դառնալով ի Կ. Պօլիս, խրատուք Ճնճղկան` զոր Կողմաս Ծինծուլուկ կոչեն Յոյնք, մտաւ իր շինած Անարծաթից վանքը, եւ հոն 1041 տարւոյն վերջը կնքեց խղճապարտ կեանքը:

Բ

Խաչիկ ի բացակայութեան երկու կտրիճներուն` կարօտը կ ՚ առնուր իր վերջին կորիւնովը, ծերութեան յետին ծաղկովը, զոր թերեւս երկրորդ հարսանեաց կողաբոյր մը ընծայեր էր իրեն. կայտառ եւ սիրունակ մանչ մը, որ այս ատեն տասնուհին գ տարուան դալարութեան հետ` աւելի մեծ հասակի զար գ ացմամբ, ուժով եւ այրական կերպարանօք փայլելով` հօրը սիրտը եւ յոյսը կը պարարէր: Շատ հեղ հօրը ծալլած ծնկներուն վրայ նստած` լսեր էր իր պապերուն քաջա գ ործութիւնները, Թուրքաց առջին արշաւանքը, եւ իրենց տոհմային (Արծրունեաց) թա գ աւորութեան խեղճ վտարանդութիւնը. որուն հետ բաղդատելով անոր կան գ նումն ի ձեռն մեծո գ ւոյն Գա գ կայ, եւ անոր նախնեաց այլ քաջութիւնները, զոր դար մ ՚ առաջ Թովմաս վարդապետն գ րեր էր, տղուն պայծառ արիւնն երա գ ելով լայնալանջ կուրծքէն` նոր կարմիր մը կու տար երեսաց. մանաւանդ երբ հայրն` կամ շրջա գ այութեան ատեն` սարէ մը ցուցընէր ինչուան հեռաւոր հորիզոնին եզերքը` Արարատեան եւ Կորճայից լերանց արծաթ գ ա գ աթ սարերը եւ արեւափառ սառնամանիքը, ուր որ իրենց թա գ աւորութեան սահմաններն տարածուէին: Անշուշտ` տարւոյն աղէկ եւ յարմար եղանակին` Խաչիկ կ ՚ առնուր իր Իշխանիկը (վասն զի այսպէս կ ՚ անուանէր իր վերջինեկն), կու հանէր ի հով եւ ի դաշտ, կու վարժեցընէր որսոց եւ զինուց` որք երթալով կու ծանրանային իր բազկացը, ոչ այնքան ծերութենէն` որքան երկար ատեն ի գ ործ չածելէն, եւ արդէն իր հայրենի սուսերք ու սլաքքն` ժամանակին ժան գ ոտ համն առեր էին. կապարճք իրենց աշխոյժ նետերն ար գ ելած պահուէին եւ կմրաձեւ վահանքն անկոփ ան գ ործ մնային. բայց եթէ երբեմն մաքրէին սրբուէին, կամ Խաչիկ եւ Իշխանիկ զբօսաբար իբրեւ քնարի զարնելով զանոնք հնչեցնէին նիզակի ծայրով: Ո՜րքան նուազ, խառնակ, աննշան հնչիւն. սակայն ինչե՞ր չէր լսեր անկէ Խուլ Խաչիկն. ի՞նչ արձա գ ան գ ք թնդային իր դեռ արծաթածամ ալեաց տակ այլ` չպաղած գ լխուն մէջ, իբրեւ ընդարձակ գ ո գ աւոր սրահի մը մէջ: - Մարդուս ամենէն ուշ ծերացողն սիրտն է. Խաչկայ սիրտն ժրութեամբ` արեան եւ քրտանց մէջ սնած` հասակին եւ բաղդին հետ կռուէր հակառակէր, յառիւծ ջոկէ էր. եւ թէպէտ բռնադատեալ ար գ ելեալ յորսոյ եւ յարենէ, բայց անար գ ել սիրտն երբեմն էր մնացեալ ան գ ործ ուժովը կու մնչէր ու մռնչէր, երբեմն այլ անցեալ ուժոյն եւ կենաց վրայ հաչէր հառաչէր: «Քանզի էր այր քաջ եւ յաղթող պատերազմող, բայց ծերացեալ էր` եւ թողեալ զ գ ործ պատերազմին, եւ հառաչելով ապաշաւէր», կ ՚ ըսէ պատմիչն:

Տարեաց տկարութեան եւ սրտի սաստկութեան պատերազմն շատ զօրաւոր կ ՚ ըլլայ եռանդուն բնաւորութեան եւ գ ործունեայ պատերազմական անձանց մէջ. մանաւանդ եթէ այն կենաց խոնարհման ատեն իրենց վրայ ազդեցութիւն ընող դէպքեր այլ պատահին. կարծես թէ դեռ երկնից պարզ երեւութովն այլ` հեռուէն ծանր ու թանձր որոտմունքներ կու լսուին, կամաց կամաց կու մօտենան` գ ուշակելով մեր մրրիկ մը, մեծ յեղափոխութիւն մը: Այսպէս կ ՚ երեւէր կ ՚ ըլլար Խաչկայ. որոյ ականջէն աւելի դիտող միտքն` մեծամեծ խլրտմանց խլուըրտիւն լսէր: 1042 տարւոյն սկիզբն էր. մէկ դիէն կը հնչէին երկայն շփոթ եւ կարեւոր ձայներ ի տանէ Բա գ րատունեաց, յետ մահուան Յովհաննու Սմբատայ դանդաղ թա գ աւորին, եւ անոր աշխոյժ եղբոր Աշոտոյ թողած կտրիճ Գա գ կայ ժառան գ ութիւնն ուշանալուն միջոց. երբ Պահլաւունին Վահրամ` ծեր հաւատարիմ եւ կտրիճ սպարապետն` կու ջանար զնա թա գ աւորեցնել, եւ վիսաբարոյ վեստն Սար գ իս` Յունաց մատնել Բա գ րատունեաց գ ահը. - մէկայլ դիէն կու հասնէին երկրորդ ան գ ամ հեռաւոր շառաչիւնք Նետողաց, յետ քսան տարուան լռութեան, Տուղրիլ բէկին շարժելովն յարեւելից եւ արշաւելով դէպ յԱտրպատական, որոյ մօտ էր Խաչկայ գ աւառն այլ: Իսկ յարեւմտից կու հասնէր համբաւ մահու կայսեր Միքայէլի, որոյ դուռը գ տուէին եօթն ութ տարիէ ի վեր Խաչկայ կտրիճքն` Հասան եւ Ճնճղուկ, որոց հիմայ յետ դառնալու աւելի հաւանականութիւն կար, կամ մանաւանդ աւելի փափա գ իրենց հօրը սրտին մէջ… ո՜հ, եւ այլ աւելի պէտք այլ կար, զոր չ գ իտեր ծերունին, այլ գ ուցէ կ ՚ իմանար նախազ գ վաց անբացատրելի կրքով մը:

Գ

Այս` բազմաց եւ իր բաղդին կերպափոխութիւն մը բերել կրցող դիպուածքն, թա գ աւորաց մահերն եւ շարժմունք արեւելեան նետող աշխարհակալին, հորիզոնին զանազան կողմերէն երեւցող կասկածելի ամպերու պէս հեռուանց նկարէին Խաչկայ տեսութեան եզերքը, բայց իրեն փոթորիկն փրթաւ անկարծելի կէտէ մը, յանկարծելուկ ամպէ մը, նոյն իսկ Նկանայ սահմաններու մօտէն: Շատ հեզ հեռա գ էտ աչքեր չեն տեսներ կամ զանց կ ՚ ընեն մոտա գ ոյն բաները, որ իրենց աւելի կարեւոր էին դիտելու: Թոռնեւանայ սահմանակից են ուրիշներէ զատ` Պարսկահայոց աշխարհին Հեր եւ Զարեւանդ գ աւառքն այլ, որ հիմայ կ ՚ ըսուին Խոյ ու Սալամաստ. մեր հին թա գ աւորաց ժամանակէն ի վեր` այս երկու գ աւառքն միշտ մէկ տեղ կու յիշուին, իբր մէկ իշխանի տակ (որ Շահապ կ ՚ ըսուէր). նոյնպէս յիշուի այս պատմութեանս ատենն այլ, թէ եւ առանձնակ տիրող այլ ունէին (ինչպէս անկէ տասն տարի առաջ (1031) յիշուին Հերայ տէրն Հիւսէին, Սալմաստայ տէր`Կուտան): Արաբացւոց աշխարհակալութեան ատեն այս կողմերս առանձին կուսակալ կամ բռնաւոր մը նուաճելով` յաջորդաբար կու տիրէր անոր ցեղն մինչեւ այս պատմութեանս ժամանակ այլ, եւ շատ հեղ Արծրունի իշխողաց վնաս կամ կռիւ կու հասցընէր:

Հիմակուան տէրն կամ տեարք Հերայ եւ Զարեւանդայ` կամ վերոյիշեալ քաղաքական դիպուածներէն դրդած, եւ կամ ուրիշ պատճառէ մը, գ ուցէ եւ կասկած մ ՚ առնըլով Խաչկայ կտրիճ որդւոց դարձին ի Յունաց, ուզեցին յանկարծ արշաւանօք իրենց դրացի դեռ ազատ հայիշխան երկիրը կոխել: Եւ յիրաւի ամենեւին չկարծած ատեն` Խաչիկ գ ոյժ լսեց թէ թշնամիք ի Թոռնեւան թափեցան անթիւ բազմութեամբ` եւ ասպատակ կու սփռեն. եթէ քիչ մ ՚ այլ ուշանան` ամեն տեղ աւար աւեր կ ՚ ըլլայ: Հառաչեց ծեր իշխանն դէպ յարեւմուտս. Ո՞ւր էք Հասան եւ Ճնճղուկ, ձեր ժառան գ ութիւնն ապահովելու եւ ձեր հօր խոնարհած արեւը չմարելու: Եթէ այն հրեղէն հառաչանքն այլ հասնէր փայլական կամ ելեկտրական ազդման պէս մինչեւ ի Պօլիս, սակայն որդւոցն իրեն շուտով օ գ նութեան հասնելու հնար չկար: Բայց անկէ աւաղելին այն էր` որ ոչ թէ միայն հեռուէն` այլ եւ ի մօտէն օ գ նականք եւ զօրականք չկային այն կարեւոր եւ յանկարծահաս ժամուն. թերեւս այլ աւելի աւաղելի հաշուէր Խաչիկ` իր իսկ անցեալ հասակը եւ թուլացեալ թեւերը. վասն զի ինչպէս ըսաւ պատմիչն (Մատթէոս), եւ ինչպէս կրկնէ միւսն (Սմբատ), «Ծերացեալ էր եւ պարապեալ ի բազում ժամանակաց»: - Բայց սիրտն միշտ երիտասարդ, սիրտ հայրանախանձ, սիրտ հայկանման, որ սկիւթացի նորանշան եւ նախա գ ուշակ նետողներէն ան գ ամ չզարհուրեցաւ, չթողուց չփախաւ իր հարց սահմաններէն` նաեւ յետ հեռանալու իր նիզակակից եւ պաշտպան Արծրունեաց. հիմայ հասած վտան գ ը` իրեն յետին քաջութեան եւ պարտուց գ ործ սեպեց. հազիւ վայրկեան մը մտածելէն եւ աչքերը չորս դի պտըտեցնելէն ետեւ, իր ահեղ ձայնովը կանչեց, եւ գ լխուն արծաթափայլ ալիքն ծփացընելով շուրջ եկաւ իր նախնեաց դարպասին մէջ. խլեց առաւ երիտասարդութեան գ աւազանը` երկայնատէ գ նիզակը, կոփեց դադրած լռած պղնձակուռ վահանին. հաւատարիմ պաշտպանակն հնչեց իր նետերու տարափով ցնծացեալ ձայնը. զուարճացաւ Խուլ Խաչկայ ականջն. եւ չորս դիէն` իրեն հաւատարմա գ ոյն անձինք սկսան շարժիլ. եւ երբ մէկ մէկ իր կտրճութեան օրերուն սպառազինութիւնը կ ՚ անցընէր դողդոջուն մարմնոյն մասանց վրայ, կարծես թէ մո գ ական դեղով մ ՚ այլ զանոնք կու նորո գ էր կ ՚ ուժովցընէր, կու մանկացընէր. սաղաւարտն ի գ լուխ դրած, սուրը փորձած եւ ձին ձայնած ատեն` հին Յունաց եւ Հայոց դիւցազանց մէկն կ ՚ երեւէր: Ափսո՜ս, որ անոր արժան զօրա գ ունդ մը ետեւէն չեկաւ. այլ ընդդէմ հազարաւորաց այլազ գ եաց նահատակ ելան եօթանասուն կտրիճք, ինչպէս երբեմն Աշոտ Երկաթին հետ ի Սեւան կղզւոջ, կամ մեծին Վահանայ Մամիկոնոյ` ընդդէմ Սասանեանց: Ասոնց եւ Խաչկայ պէս առաջնորդին հետ` բաւական էին եօթանասունքն այլ, որոց մէկն հարիւրի վրայ վախ կու ձ գ էր, եւ յանկարծակի հասնողներուն վրայ` աւելի անկարծաբար հասնելով` կու ցրուէր:

Խաչիկ` այն աննման եւ անհաւասար պատերազմին մէջն` գ ուցէ իր երիտասարդութեան ատենէն աւելի եւ նոր կերպով մը կու կռուէր. թուխ թուխ ամպոց մէջ ճերմակ ծխանման ծուէններու պէս մէկ մը հոս մէկ մը հոն կ ՚ երեւէր սրավար երիվարովը, եւ լայն թուրը փայլատակելով` աջ ու ձախ կ ՚ իջեցընէր. սրէն աւելի ձայնովը շփոթելով ու հալածելով զհէնս. որոց աւելի շուտով հասնելու եւ ամեն դի դառնալու համար` իր արտորանացը դանդաղ կ ՚ երեւէր վարժ ու ճապուկ եւ հաւատարիմ ձին. եւ կարծես թէ տէրն աւելի շուտով իր անկարծելի ոյժը եւ արուեստը գ տեր էր, քան թէ իր ռազմամուտ երիվարն: Երբ կռուին կամ թշնամին մղելու ամենէն տաք ատեն Խաչիկ առաջ քշէր, ձին ականջները ցըցած, աչքերը շեղած` վիզը յետ յետ դարձընելով անսովոր խրխինջ մը կու ձ գ էր, որուն մէջ` վա՜շ վա՜շ կարդալէն աւելի ձայն մ ՚ այլ կար: Ակամայ կամօք Խաչիկ մէկ մը գ լուխը ետեւ դարձուց Անպատճառ չէր, ձին իր ախոռակցին հոտն եւ ձայնը կ ՚ առնուր: Խաչիկ ալ նշմարեց տեսաւ անոր պզտիկ ընկերը, սպիտակ խնուսիկը, ան էր, անոր քալուածքն, անոր խրխնջալն, անոր զրահներ, անոր զարդերն, նշանն, ցցունքն, լուսնակն… Բայց ամենէն աւելի աչք ու սիրտ առօղն` անոր կայտառ վերելեակն էր, փայլուն ասպետն, ծաղկահասակ պատանեակն, Խաչկայ արժանի համհարզն, հարազատն, հօրամոյնն, իր որդեակն: Իշխանիկն:

Ճօճ նիզակն ի ձեռին, ձիուն գ լխուն վրայ ծռած` անհամբեր կու մտրակէր կ ՚ երա գ էր, անփորձ յանդ գ նութեամբ թշնամեաց մէջ կու նետուէր. առջի ան գ ամ որսի մտնող բարակի պէս` ամեն կողմէն շարժողաց վրայ կանչելով, սպառնալով, զէնքերը շարժելով. ուսկից անշուշտ քանի մը մահացու կամ ազդու հարուածներ այլթ ռան շփոթած այլազ գ եաց վրայ. թերեւս անոնց փոխարէնն այլ պիտի գ ար իր վրայ. երբ հասաւ` Խաչիկ, «Ա'յ յանդու գ ն` խօսք չմռող տղայ, կանչելով. չպատուիրեցի՞ քեի որ ամրոցէն դուրս չելնես. կ ՚ ուզե՞ս որ այսօրուան թերեւս իմ ետքի քաջութիւնս եւ յաղթութիւնս քու արեամբդ ծածկուի. եւ թշնամեաց չբերած սու գ ը` դո՞ւ բերես քու հօրդ, քու տանդ եւ ամեն ազ գ իս»: Այս եւ այսպիսի խօսքերով` պատերազմական ձեռքը տղուն կուրծքին դրած (որոյ այնպիսի ոյժը դեռ չէր փորձած Իշխանիկ), քշեց հանեց վտան գ էն դուրս, եւ նորէն ի տուն դարձընելով` խստիւ ապըսպրեց սպասաւորաց որ զ գ ուշանան պահեն զնա:

Ինքն թռաւ դարձաւ իբրեւ երրորդ հանդիսի կամ նահատակութեան, նորէն հետամուտ ըլլալու թշնամեաց, որ պահ մը հո գ ի առեր էին առջի շփոթութենէն սթափելով. այլ դարձեալ ծեր` բայց փորձ առիւծի մը վերջին ճ գ անց հանդիպեցան, որ գ րեթէ միշտ իր հին ոյժը կու պսակէ, թէ եւ վէրք առնու մեռնի այլ, բայց յետ կամ ի վերայ թշնամեացն: Հոս երկայն ատեն կռուելով այլ` դեռ Խաչիկ ոչ օրհսական էր եւ ոչ վիրաւոր. այլ որ կողմն որ դառնար` ասպատակներն անկէ կու պակսէին ցրուրտէին. որով յիրաւի աւելի կու յօ գ նէր Խաչիկ եւ չէր գ իտեր ո'ր դի դառնայ. մինչեւ տեսաւ որ հեռուն տեղ մը` փոթորկէ փչուած ամպերու պէս վայրատեալ ասպատակներն` իբրեւ անհով խորշ մը գ տնելով` կու դիմեն կու դիզուին, պար կու գ ան, ամեն կողմէն զէնքերնին կ ՚ ուղղեն դէպ ի կենդրոն: Ինքն այլ դարձուց ձիուն գ լուխը դէպ այն նոր փոթորկին վրայ, ու ամպէ ամպ ցատքող փայլական պէս հասաւ: Բայց կարմրուկ կայծակն երա գ էր քան զփայլակն, իրմէ առաջ հասեր, շանթեր, վառեր, պարպեր էր իր կրակները, եւ ահա մարելու վրայ էր: Հազիւ թշնամեաց շրջապատ ճամբարին հասաւ Խաչիկ, տեսաւ անոր մէջ արծաթափայլ զրահազ գ եստ մը` որ իբրեւ խռովեալ ծովու ետեւէ ետեւ հասնող ալեաց պէս` մէկ մը վեր կու ցատքէր փայլէր, մէկ մը վար կու ցածնար կո ցնդէր. մանաւանդ թէ այն ալեաց խաղ ու ձաղ եղած նաւակի մը պէս` մէկ մը դողդողալով դնդեղներուն գ ա գ աթը կ ՚ ելնէր, մէկ մը թնդալով անդունդներու մէջ կու ծածկուէր: Երբ վերջի ան գ ամն եւ ամեն ան գ ամներէն աւելի պայծառ ու ողորմուկ կերպով վեր երեւցաւ, Խաչիկ որոշակի տեսաւ, մէկ մ ՚ այլ բան չտեսաւ. կորուս իր արեւն այլ իր միտքն այլ. իր ամեն բանն այլ կորուս:

Դ

Դառնանք Իշխանկան. երկրորդ ան գ ամ հօրմէն ար գ իլուած ամրոցին մէջ, առջինէն աւելի կու նեղէր կու դժարէր ան գ ործ անհան գ իստ մնալու. մանաւանդ որ մէկ մը պատերազմի հոտ այլ առեր էր, արեան կնունքն` այլ ճակտին հասեր էր. տեսեր էր նոյն իսկ իր ծերունի հայրը` երիտասարդ առիւծ դարձած այնպիսի վտան գ ի ատեն. ինքն պատանեակ` պիտի չկարենա՞ր կրակոտ կորիւն մը դառնալ: Նոյն ինքն հայրն բերնով խստիւ ար գ իլած ատեն` միթէ գ ործով եւ օրինակով զինքն այլ աւելի չէ՞ր գ ր գ ռէր` այն ատելի թշնամեաց վրայ թափելու ունեցած ոյժն ու վրէժը: Հայրն նեղացաւ, բարկացաւ, կրնար այլ աւելի այլ նեղանալ, զինքը պատմել, թերեւս կապել ու բանտել այլ, որ սովրի խօսք մռել, հանդարտ կենալ, վտան գ է ազատ մնալ. բայց եթէ յանկարծ, ո'հ, Աստուած չթողու, հայրս` այն շուներէն պաշարուած` տկարանայ, ընկնայ, սպանուի, ես ի՞նչ պիտի ըլլամ. ո՞վ անկէ ետեւ իրեն հնազանդիլս պիտի գ ովէ: Մանաւանդ թէ դնենք այլ թէ թշնամեաց գ երի չընկնամ, սակայն որո՞ւ քով կրնամ ազատ սեպուիլ. ո՞վ պիտի նայի վրաս, կամ ո՞վ երեսս պիտի չզարնէ` այն հասակին եւ այն վտան գ ին մէջ հայրս մինակ թողուլս: Ի՜նչ պիտի ըսէ Հասան, ի՞նչ պիտի ըսէ Ճնճղուկ. ի՞նչ պիտի ըսեն մեր տան հաւատարիմքն, երբ վաղը դառնան յօտար աշխարհէն, եւ տեսնեն մեր տուն տեղն աւերած, եւ հայրս թշնամեաց ձեռքով մեռած, ու ես անոր որդի, անոնց եղբայր, անպաշտպան անընկեր թողած ալեւոր հայրս… ե՞ս հօրս յետին յոյսն ու գ աւազանն. ես Իշխանիկ` որոյ անունս յուսով յիշեն ամեն Թոռնեւանցիք. ես թողո՞ւմ վտան գ ի մէջ հայրս ու նստիմ հոս անկարելի, անկարելի:

Այս եւ ասոնցմէ աւելին մտքով ըսած ատեն, մարմնով ալ ան գ ործ չէր կենար. այլ լալով սպառնալով երդուըննալով` ըրաւ չըրաւ ինքզինքը նորէն նետեց իր ճերմակին վրայ. ու առաջինէն աւելի մտրակելով երա գ ելով հասաւ կռուոյ տեղը. ինչպէս հին ատեն Մամիկոնեան պատանեակն Արտաւազդ. եւ քանի մը կտրիճ հետեւորդաց հետ` հօրը հաւասար եւ արժանի կու զարնէր կու զարնուէր, շատ ախոյեաններ գ ետին կու փռէր: Առանց գ իտնալու հայր եւ որդի իրարու կու մօտենային. բայց թանձր խումբ մը թշնամեաց իրենց մէջ պարիսպ կար: Այն խումբին մօտենալով էր որ Խաչիկ տեսաւ այն արծաթհատիկ սպառազէնը, որ չորս դին պատած թշնամեաց վրայ իր ամեն զէնքերը թափելէն ետեւ, մօտեցողներուն վրայ կոփեցընէր նետահար եւ ջախջախած վահանիկը. եւ երբ այն այլ փշրեցաւ` իր անզէն բազկունքը շուտ շուտ շարժելով` կարծես աւելի կ ՚ ուզէր թշնամեաց շողացած զէնքերը շփոթել, քան թէ իր վառվռուն ու` արդէն ոչ անարիւն վարդ երեսները պաշտպանել: Ճանչցան թշնամիք այլ թէ ո'վ եւ ինչպիսի կորիւն է դիմացնին եղողը. եւ ան գ ութ սուր նիզակի տէ գ տեղացին վրան: Յետ վահանին ջախջախեցան այն ջաջուռ բազըկներն այլ, իբրեւ լարկտուր անպիտան աղեղ` ուսերէն ի վայր կախեցան. եւ երբ ետքի ան գ ամ ճերմակ ձին ցատքելով իր հեծելոյն գ լուխը բարձրացուց` մահուն հարուածն այլ շիտակ անոր վրայ հասնելով աներեւոյթ ըրաւ: Տեսաւ Խաչիկ Իշխանկայ վզէն վազած վարդարիւնը, եւ կատաղի թշնամեաց մէջ գ լորիլը: Մի եւ նոյն վայրկենին հայրական ազեաց սէրն ամեն բան շփոթեց ծածկեց իրմէ. անկասկած հասաւ սեւ գ իշերն, գ իշեր` որ այլ չիլուսնար, զէնքերն ձեռքէն, ինքն երիվարէն վար ընկաւ… Երբ հասաւ գ տաւ զԻշխանիկ` արդէն երկուքն մարմինն այլ վէրքերով եւ արեամբ ծածկուած էին դաշտին վրայ. զէնքերնին զարդերնին թշնամեաց ձեռք ընկած տաքուկ շունչերնին` հո գ իներն էին իրարու հանդիպողքն: Ալեւոր ծերունին եւ մալազ մանուկն` ծառի ծաղկի նման քովէ քով կոտրած ընկած էին դաշտին վրայ. բայց հո գ ինին զու գ ափայլ լուսաթեւ թռան արդար հայրենասիրաց եւ նահատակաց երկնաւոր հանդիսարանը:

Թռի՜ր դու այլ դուժաւոր համբաւ, դանդաղ թեւերդ սեւով ու կարմրով ներկած, հասիր յեզերս Վոսփորոնի, երեւցի'ր Հասանայ եւ Ճնճղկան, իմանան իրենց հօր եւ եղբոր սխրալի եւ տխրալի կատարածը: .

Ե

Հասաւ ս գ աւոր համբաւն ի մեծ քաղաքն կայսերաց, այն վիպասանից եւ ողբեր գ ուաց հաճոյ` այլ կարողաց անհաճոյ ժամանակը, յորում Հասան եւ Ճնճղուկ իրենց երկայն երկայն պանդխտութեան վերջը տեսնելով` եւ դառնալու պատրաստուելով, որչափ որ կու մօտենար ճամբորդութեան օրն` այնքան սրտերնին կու տա գ նապէր. կրկին կրից` ուրախութեան եւ կասկածանաց մէջ. թէ արդեօք ինչպէս պիտի գ տնեն իրենց ծերունի հայրը եւ տուն տեղը: Ճամբայ չընկած կու փափա գ էին նոր եւ վերջին լուր մ ՚ առնուլ, որ եւ արդարեւ վերջին եղաւ. իրենց ամեն ակնկալեալ խնդութեանց վրայ սփռեց ս գ ոյ քողը: Նաւահան գ ստին մօտ խորտակած նաւուն պէս եղաւ իրենց յոյսն այլ, եւ թէ ոչ պարապմամբ` այլ պատահմամբ նմանելով` կրնային ասոնք այլ ըսել մեր հին թար գ մանչացհետ իրենց սպասող եւ սպասեալ սիրելեացն համար. «Մինչ նոքա զմերն յուսային դարձ, եւ պատուասիրել մերով անմենիմաստ արուեստիւս եւ կատարելա գ ոյն յարմարութեամբս, համայն եւ մեք փութապէս դիմեալք ի Բիւզանդիոյ` յուսայաք հարսանեաց պարել, անվեհեր երա գ ութեամբ կրթեալք, եւ առա գ աստի ասել եր գ ս, արդ փոխանակ խրախճանութեանն ի վերայ գ երեզմանի ողբս ասելով` ողորմելի հառաչեմք, ուր եւ ոչ տեսութեանն ժամանեցաք աչաց նոցա կափուցմանց, եւ լսել զվերջին բարբառն (Իշխանական) եւ զօրհնութիւն» (Խաչկայ): - Ցանկալի հօր եւ եղբոր այսպէս անկարծ եւ ցաւալի զրկման վրայ անհրաժեշտ տրտմութեան պարտքը հատուցանելէն ետեւ, Հասան եւ Ճնճղուկ թէ զ գ այունք եւ թէ կտրիճք, երիտասարդական եւ զինուորական եռանդով բորբոքած աշուընին եւ սրտերնին զայրացեալ դարձուցին յարեւելք, իրենց չարեաց եկած կողմը, եւ յետ արտասուաց` արեան պարտք մ ՚ այլ առին վրանին, ծանր ուխտ մը դրին. ցաւն ի վրէժխնդրութիւն դարձոցին սեւով ծածկեցին իրենց վեստութեան զ գ եստները եւ սպայապետութեան սպառազինութիւնը, երդմունք ըրին` կամ այն սեւու ս գ ով իջնել իրենց արենակցաց հողը, կամ անոնց ջրէժն առնըլով ի թշնամեաց` փոխել ձեւերնին:

Ծով ու ցամաքի մէջ վիճակ ձ գ եցին թէ որն աւելի շուտով զիրենք կրնայ հասցընել իրենց սիրոյ` ցաւոց եւ վրիժուց ասպարէզը: Ո՜րչափ կու տընտընային Պոնտոսի դնդղներն զիրենք սահեցընելու դէպ ի Տրապիզոն. ի՜նչպէս տկար կու գ ային արեւմտեան հովերն` քշելու զնաւն արեւուն ելած կողմը: Նոյն իսկ իրենց հլու երիվարաց ոտքերն չէին երա գ երա գ տրոփեր Խաղտեաց լեռներէն իջած եւ Հայոց Մեծաց եւ լեռնադաշտակներու վրայ կոխած ատեննին: Սակայն ճամբան շուտով կու կարճընար, անհամբերութիւնն էր որ շատ ուշ կարճըցաւ, ինչուան որ Երասխայ հովտաց եւ ձորաց ճամբաները բռնելով` հասուց մեր զոյ գ կտրիճները այն գ ետոյն արեւելեան դարձուածքին մօտերը: Հայրենասահման սարերն երեւցան, սրտերն մեծամեծ թունդ առին թունդ տուին. հայրենեաց հողը կոխեցաւ: Հասան եւ Ճնճղուկ մտան ի Թոռնեւան, մօտեցան ի Նկան. ճանչցան իրենց բերդին ճամբան, իրենց պատանեկութեան խաղուց եւ ձիավարժութեան դաշտումար գ ը. երեւցաւ հայրենի եւ ծնողական ապարանից աւա գ աշտարակն:

Այլ ու՞ր էր իր կարմիր-կանայ նշանակն իր պարծանաց դրոշն… ինչու՞ չէին լռուեր իշխանական փողոց հնչմունքն եւ որսական եղջերաց վան գ իւնքն. ու՞ր ընկած լռէին Թոռնեւանայ դափն եւ թմբուկն:

Չէին լռուեր ձայնք աւետաւորաց, ձայնք բարեաւ տեսութեանց. չէր լսուէր ձայն հօր, ձայն եղբօր, չէր հասներ` ոչ առիծային բարբառն Խաչկայ, եւ ոչ անուշակ կանչիւնն Իշխանական: Ո՜վ սրտաթափ լռութիւն ո՜վ աներթեւեկ ճանապարհը, ո՜վ ամայութիւն հայրենեաց. եւ չար քան զամենայն` ո՞վ աներթեւեկ ճանապարհք. ո՜վ ամայութիւն հայրենեաց. եւ չար քան զամենայն` ո՜վ անմեծար գ երեզմանք: Քաջաց պէս ընկան ինչու՞ դեռ անպատիւ մնան. թուէր թէ առանց վրիժուց պիտի չկարնային խաղաղիլ ի հող` Խաչկայ կմախքն. եւ ոչ շուշանն վարենի պիտի շարժէր իր բաժակներն Իշխանական հողվերաց վրայ, քանի որ անոնց նշանակը գ երի ընկած էր յօտարութեան: Եթէ անհնար է անկեալ քաջաց արեւը յետ դարձընել, միթէ չէ՞ր հնար յետ դարձընել անոնց արեւէն ետքը ամենէն սիրելի բանը. զենն ու զարդը:

Զ

Այսպիսի կրքերով միան գ ամայն խորա գ իտութեամբ առանց ժամանակ ծախելու` Հասան հայրենի իշխանութիւնը պայազատելով, կանչեց իրեն դրացի եւ առաջուց ծանօթ ու բարեկամ Քուրդ ռէյիս մը, որուն վրայ վստահ էր, թափեց դիմացը հազար կարմիր, - հայ քրտինքով շահած յունական գ անձ, հազար ոսկի: Ա'ռ, ըսաւ, ու ասոնց տեղ ոչ զէնք ոչ զինակիր կ ՚ ուզեմ քեզմէ ինծի օ գ նութեան ու վրէժխնդրութեան, հապա ինծի դէմ մարդ ու թշնամի, գ ունդեր ու բանակներ, այնչափ որ սիրտս հան գ չի, եւ հօրս ու եղբօրս այրեցուքը մարեմ: Գնա պտըտէ ձայնէ իմ երկրիս չորս կողմը, իմաց տուր Հերայ տնաւեր բռնաւորին, արթընցաւ այլազ գ իները. Ի՞նչ ապշեր դադրեր էք, ըսէ. ինչու՞ չէք վազեր թալներ զԹոռնեւան, քանի որ անտէր ու շուար մնացեր է. ելէ'ք եկէք ու միան գ ամայն տակն ու վրայ ըրէք Խաչկայ երկիրը, որ իրեն պէս անհետ կորուսի:

-Յանկարծ գ անձ գ տած Քուրդն` մէջքը պնդեց հազար կարմրով շարած կամարը, թռաւ իր քալուկ ձիուն վրայ, ու երկայնաճոճ նիզակը ծռած մոլեկան գ իսաւորի պէս չորս սահման ման գ ալով` կանչէր դրդէր ոտք հանէր այլազ գ իները դիմել թալնել զԹոռնեւան: Ամենէն աւելի Հերայ ու Սալմաստայ ասպատակներն, «Երթանք, ըսին, մէկ ան գ ամով հիմնայատակ ընենք շէնքերը, այրենք աւրենք դաշտերը, յատակին հողն օդուն հանենք»: Ձայն տուին իրարու, մարդ մարդու ձի ձիու հասուցին, գ ունդեր բանակներ կապեցին. 15000 զինեալք եւ հեծեալք խառն ի խուռն յարձակմամբ ահեղ սպառնալեօք հեղեղաբար թափեցան ի Թոռնեւան:

Լսեց, տեսաւ, զուարթացաւ Խաչկայ պայազատն. մռնչեց ինքն այլ առիւծաբար, ցատքեց իր կրակօտ երիվարին վրայ, բարձրացուց հայրենի դրօշը, հնչեցուց ան գ ամ մ ՚ այլ հայկական թմբկին խրոխտորոտ դոփիւնը: Լսեցին, զարմացան, սոսկացան բիւրաւորքն ասպատակաց, եւ այլ աւելի ափշեցան` երբ ամայի եւ ոչնչանալու մոտ կարծուած Թոռնեւանայ դաշտաց վրայ իրենց դէմ 5000 զինեալ ու հեծեալ հաստաբազուկ Հայեր տեսան, զորոնք` իբրեւ պղնձա գ ամ կօչկացը կոփելովն` հողէն դուրս հաներ էր Հասան. որ եւ եղբօրն հետ սպառազինեալ, եւ դեռ ս գ ոյ նշանն այլ զրահից հետ խառնելով` Երասխայ եւ Գողթան հին դիւցազանց նման սի գ ալով վեր վար կու գ այր իր գ նդին մէջ: Հայոց անկարծելի պատրաստութիւնը տեսնելով` թշնամիք այլ պատերազմի պատրաստիլ կ ՚ ուզէին, երբ Հասան արտորալով երկու բանակաց մէջ մտաւ, ու զայրա գ ին տխրա գ ին խառն եւ ահեղ ձայնով մը կանչեց, իմացուց որ իր հօր անպարտ արեան վրէժն առնուլ եկեր է, եւ կու հրաւիրէ անոր սպանողն իր դէմն ելնելու եւ մենամարտելու:

Հրաէրն ընդունայն արձա գ ան գ մը չտուաւ. այլ իսկոյն կար գ կար գ զինելոց ետեւէն մրրկէ փրթած սեւ ամպի կտորի պէս` առաջ անցաւ բանակէն դուրս ցատքեց, Հասանայ դիմացն ելաւ, հսկահասակ սեւ մը, որուն գ ոյնն եւ չափն աւելի վախ կու ձ գ էին քան սպառազինութիւնն, որոց նման էր սիրտն այլ` խիստ եւ յանդու գ ն ձայնն այլ կծու եւ սրտախաց, մանաւանդ Հասանայ, երբ կանչէր, թէ Ես եմ հօրդ սպանողն, եւ ահա կու տեսնես ներքեւս իր ձին, ահաւասիկ իր թուրն ու դրոշն, եթէ կտրիճ ես` առ ու տար: Ուրիշներու սոսկումն ազդեցին այս ձայնս ու տեսքն, բայց Հասանայ սրտմտութիւն ու վրէժ, տեսնելն` լսելն` եւ փայլական նման սեւ ամպին վրայ զարնուիլն ու յերկու ճեղքելն մէկ ըրաւ, անանկ ուժով թուրն իջուց սեաւ հսկային ուսին ու վզին միջոց` որ աջ ու ձախն իրարմէ բաժնուած երկու պատառ ընկան: Հասան հօրը ձին ու զրահներն առած` դեռ կայծակնաթափ աչօք դարձա իր բանակը:

Կար գ ն եկաւ Ճնճղկան, որ անհամբեր կը սպասէր իր մեծ եղբոր գ ործը վճարելուն եւ նոր որոտմունքով դուրս ցատքեց իր գ նդէն, անվախ ու համարձակ կանչելով իր տղայ եղբօր` Իշխանական խոշոշ գ ազանը, որուն յանդ գ նութեան եւ արհամարհանաց չլռելով` մէկէն երեւցաւ կտրիճ Պարսիկ մը. Ահաւադիկ` կ ՚ ըսէր, քու մալաղ եղբօրդ սպիտակ ձիուկն. ահա իր դրոշն ու նշանն. ահա իր զէնքերն. թէ կտրիճ ես ե'կ ու ա'ռ ապա թէ չէ` ես զքեզ խաւրեմ քու եղբօր քով:

Այլ երկայն չկարցաւ ըսել եւ հայհոյել, վասն զի Իշխանական նշանիկը տեսնելով Ճնճկուկ, զոր թերեւս ինքն այլ անկէ առաջ կրեր էր, արեան եւ արցունքի գ ոլորշեօք աչքերն լըցուած` մտրակեց ձին, դրաւ ռումբը դէմ սրտի Պարսկին, հրեց թափ անցուց, ի գ ետին փռեց իր եղբօր սպանիչը, եւ անոր ցատքըտուկ սպիտակը ու զէնքն եւ զարդերը յափշտակելով` դարձաւ խնդութեամբ Հասանայ քով:

Երկու եղբարք այլ իրենց ազնիւ հարազատաց վրէժն առնըլով, աւարնին յետ դարձընելով` իբր առաջին եւ երկրորդ յաղթանակն ըրած հաշուեցին. կու մնար երրորդ մ ՚ այլ իրենց երկրին եւ մարդկան վնասներն այլ փոխարինելու: Արդէն թշնամիք այլ այս բանիս յորդոր կու տային իրենց շփոթութեամբ եւ խուճապելովն, իրենց կողմէ երկու շահատակաց` Խափշըկին եւ Պարսկին ընկնալ եւ թալնիլը տեսնելով` ոմանք փախչելու ոմանք կռուելու կու շարժէին, երբ Հայք յարձակեցան վրանին, եւ թէպէտ անոնք եռապատիկ աւելի էին թուով, բայց չկրցան Հասանայ եւ Ճնճղկան եւ անոնց նմանեաց յաղթել կամ երկար դէմ կենալ: Թոռնեւանայ եւ Արծրունեաց վրիժուց օրն էր, քսան տարիէն վեր դադրած թրերն Հայոց` չդարձան ի պատեան, մինչեւ 4000 այլազ գ ի փռեցին ի փոշի մնացեալներն այլ հալածելով հանեցին իրենց հայրենի սահմաններէն շատ հեռու:

Կատարեալ յաղթանակաւ դարձան Հասան եւ Ճնճղուկ, օրհնութեան եւ գ ոհութեան ձայներով. պանծալի հին թմբուկն հայկական` կանաչներով պսակուած` խառնեց իր անընդհատ թոպիւնն` ի չէն դարձող բարձրապինչ բարձրափռինչ երիվարաց տրոփման եւ խրխընջման հետ, եւ երբ յառաջ քան իրարմէ զատուելով իւրաքանչիր իր տան ճամբան բռնելը, վերջին ան գ ամ մէկ տեղ հաւքած հանդիսացան 5000 հեծեալքն Հայոց, որոցմէ քիչեր ինկեր էին հայրենի հողուն վրայ, Հասան եւ Ճնճղուկ հասարակաց հանդիսին մէջ ամենուն շնորհակալելով եւ իւրաքանչիւրին վարձքը եւ արժանը տալով, ապա հանդիսապէս իրենց քաջութեան եւ սիրոյ ուխտն այլ ամբողջացուցին: - Քակեցին հանեցին հօր եւ եղբօր սպանման յուշարար ո գ ոյ սեեւ նշանները, եւ անոնց տեղ` թշնամիներէն նոր յետ դարձուցած հարազատաց նշաններովն կապուեցան զարդարեցան եւ դալար թուփերով ու պայծառ ծաղկըներով, եւ խաչիւ ու խնկով նորէն սրբեցին սարեցին Խաչկայ եւ Իշխանկան գ երեզմանները. ծաղկըներէն աւելի օրհնէնք թափելով անոնց վրայ` բերանով բիրաւոր բազմութեան, որ անոնց բոլորը մատաղ եւ ա գ ապ վայելեցին, եւ լեցուն սրտով ու ձեռքով դարձան ի տուն ի տեղ. երբ Հասան եւ Ճնճղուկ այլ Նկանայ աշտարակին ծայրը ազատաբար սաւառնեցին հայրենի դրօշն ի զբօսանս ազատաբար սաւառնեցին հայրենի դրօշն ի զբօսանս զորավար հովոց եւ գ ովացեալ սրտից:

Է

Ո՞րչափ ատեն, քանի՞ տարի արդեօք այն անար գ ել հայրենի օդոց ծնունդքն (հովերն) խաղացին քծնեցան Արծրունեաց յետին պանծալի դրօշուն հետ, յետ քաջապէս եւ վայելչապէս կատարելոյ իրենց հօր եւ եղբոր եւ երկրին պահանջած վրէժը: - այս բարեբաղդ եւ փառազարդ եղբարքն` կրցա՞ն դիմանալ Սէլճու գ եանց յարձակման դէմ, որք այս գ ործէն քիչ ետեւ` նորէն մտան ի Հայաստան եւ հետզհետէ տիրեցին գ րեթէ բոլոր մեր աշխարհին: - Ասոնց բռնութեան դէմ կռուելն` ի հարկէ անօ գ ուտ եւ անկարելի էր Թոռնեւանայ իշխանին. ինքն իրեն վայելուչ եւ հայրենի պատմութեան մէջ միշտ պանծալի գ ործն արձանացուց, որոյ փառաց անակնունելի կերպով մը վարձքն այլ համեմատ եէան, որ թերեւս քեզի այլ ծանօթ չէ, Հայկակ:

չկայ պայազատն Հասան` կ ՚ երեւի` թէ ոչ դաշտաց` գ ոնէ իր ամուր բերդին վրայ յամառեալ տիրեց եւ չիջուց դրօշն ի վայր մինչեւ որ ինքնին իջաւ Խաչկայ հետ հան գ չելու ի քնարանս հարանց. իսկ իր պայազատ որդին` Ապլղարիպ` ուրիշ հայ իշխանաց հետ պանդխտութեան ցուպն առաւ, բայց անոնց պէս աննշան անտես չմնաց, այլ ինչուան Կիւլիկիոյ մայրաքաղաքին Տարսոնի, եւ միւս մեծ քաղաքին Մաս»մեստիո` տէր եւ կողմնակալ եղաւ Ալեքս Ա. կայսեր ատեն եւ անկէ առաջ, քաջութեամբն ապահովցուց շէնցուց այն կողմերը, եւ բարեպաշտութեամբն շատցուց սրբազան շէնքեր, բարձանց վրայ եւ դաշտաց մէջ կան գ նելով տաճարներ. ապահովութեան համար ընտրեց երկու անառիկ յարմար դիրքով բերդեր` Տօրոս լերանց դժուար կողմերը, զՊոպեռօն եւ զԼամբրոն, առաջինը` իրեն բնիկ տուն տեղ պատրաստեց ամրացուց. եւ անոր տաճարին քով շինեց իրեն եւ իրեններոն համար յետին բնակարանն այլ, գ երեզմանատունը: - Այս բանիս մեծ հո գ ունէին մեր նախնի պայազատաց, ուր տեղ որ բռնէին` նախ աղօթից տուն, եւ ապա անոր քով կամ մէջ` իրենց մահուան տունն այլ անկէին: Իսկ երկրորդ բերդը տուաւ իր սիրելի պանդխտակից նիզակակցին, որ իրմէ աւելի հեռու հայ աշխարհէ մը ելեր եկեր էր, յԱրցախայ աշխարհէն` Մայրեւացջուրք ըսուած տեղէն, եւ էր իշխանն Օշին Լամբրոնի հետ ընծայեց անոր իր հայրենի տունէն բերած անոր սրբազան պահպանակ Ս. Պետրոսի գ լխաւոր առաքելոյն մասունքը, զոր հան գ ոյց Օշին շինած տաճարին մէջ ի Լամբրոն, զոր եւ նորո գ եց ու ամրացուց եւ ինքն այլ հոն դրաւ ու գ տաւ իր գ երեզմանը: Ասոր համանուն թոռն Օշին (որդի Հեթմոյ) հայր եղաւ հռչակաւոր Ս. Ներսիսի (Լամբրոնացւոյ): Իսկ Հասանայ որդին Ապլղարիպ այլ ննջեց ի Պապեռօն, առաջուց բաժնելով ժառան գ ութիւնը, կ ՚ երեւի թէ արու զաւակ չունէր, մէկ դուստրը հարսնացուց Դաւթի` Գա գ իկ Բ. Բա գ րատունեաց վերջին թա գ աւորին որդւոյն. միւսն այլ տուած կ ՚ երեւի Օշնի. վասն զի ասոր որդին Հեթում` զբերդն Պապեռոնի տուաւ իր Սմբատ որդւոյն ըսել է որ ինքն էր անոր մերձաւոր ժառան գ ն. զՏարսոն այլ Ապլղարիպ տուեր էր Օշնի փեսայ իշխանի մը:

Այս Հեթմոյ որդւոց անդրանիկ ճիւղն յաջորդաբար տէր եղաւ Լամբրոնի, երկրորդն այլ` Պապեռոնի որոյ առաջին տիրացող յիշեալ Սմբատն` իր Ռիթա դուստրը տուաւ ի կնութիւն Ստեփանէի` Ռուբինեանց պայազատին, յորոց ծնաւ մեծն եւ առաջին թա գ աւորն Լեւոն, ասոր դուստրն եւ ժառան գ ն Զապել դշխոյ` հարսնացաւ յիշեալ Սմբատայ թոռան` Կոստանդին Մոզոնի (որդւոյ Վասակայ) որդւոյն հետ, որ է Հեթում Ա. եւ այսպէս միացան երկու ճիւղքն Պապեռօնեան եւ Լամբրոնեան, եւ երկու մեծ ցեղքն` Արծրունի եւ Բա գ րատունի, թէ եւ մայրենախառն: Այսպէս կերպով մը երկրորդ ան գ ամ այլ, եւ գ րեթէ մինչեւ ի հազար տարի վերջ, կատարեցաւ մեր խորին հայրենախոս պատմահոր մար գ արէութիւնը (Խորենացւոյ) թէ այդ երկու մեծ ցեղերէն` ի Բա գ րատունեաց եւ յԱրծրունեաց` թա գ աւորներ պիտի ըլլան Հայոց յետ շատ ժամանակաց: Արդ Բա գ րատունի թա գ աւորութեան առաջին հեղինակ եղաւ Աշոտ (887) երկրորդ` յետ 200 տարւոյ` Ռուբէն կամ Լեւոն Ռուբինեան, իսկ Արծրունեաց` նախ Խաչիկ-Գա գ իկ, եւ երկրորդաբար մը` անձամբ թոռանցն` մեր Թոռնեւանցին ԽՈՒԼ ԽԱՉԻԿ: