Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ
       Դպրոցը փոքրիկ տղայ մը օրին մէկը զայրոյթի միջոցին Մովսէսի երեսին նետեց դառն ճշմարտութիւնը, ինչպէս պիտի զարնէր քար մը, դանակ մը անոր գլխուն, առանց որոշ գաղափար ունենալու մահուան վրայ. բնազդը չարիք մը հասցնելու գիտակցութիւնը կու տար իրեն։
       Երբ Մովսէս եօթը տարեկան եղաւ, նաւավարը ձեռքէն բռնեց տարաւ Ներսէսեան դպրոցը, խնդրեց ծաղկոցի վարժապետէն, որ աղէկ նային չօճուխին. ձեռքը մէճիտ մըն ալ դրաւ, երբեմն նուէրը կրկնելու խոստումով։
       Մինչեւ Մովսէսին ծաղկոց մտնելը ամենէն ուշագրաւ աշակերտն էր թաղական խորհրդի ատենապետին զաւակը, Պետրոս Ագրիպպասեանը. իսկ հիմա քանի մը ամիս է ամէնուն աչքը նորեկին վրայ էր. դասին մէջ գրեթէ եկած հասած էր իրմէ շատ առաջ դպրոց յաճախողներուն. տղաքները ամէնէն աւելի կը սիրէին այդ ժպտուն , քաղցրանուշ տղեկը, զբօսանքի ատեն ամէնքն ալ անոր հետ կ՚ուզէին խաղալ։ Ու Ագրիպպասեան, որ ատենապետին զաւակն ըլլալուն ազդեցութեամբը կ՚իշխէր, հիմա կը մթագնէր նաւավարին զաւկին առջեւ։ Տղաքներու բնածին սոսկալի նախանձը կը վառէր ներսիդին։
       Այդ համակրանքը շատ սուղի կը նստէր Մովսէսին։ Փոքրիկ Ագրիպպասեանը անոր գլխուն փորձանք մը բերելու առիթը բնաւ ձեռքէ չէր փախցներ։ Օր մը կը պատռէր Ընթերցարանին մէկ երեսը, ուրիշ օր մը վրան մելան կը նետէր, երբեմն ալ կսմիթ մը կամ մուշտա մը։ Մովսէսի աչքերը կը լցուէին, բայց առանց վրիժառութեան. այնքան ազնիւ էր նաեւ, որ խամազութիւն ընելու գաղափարը չէր կրնար յղանալ. ո՛չ վարժապետին բան մը կ՚ըսէր, ո՛չ ալ տունը։ Ինքն ալ թերեւս կը զգար, թէ ատենապետի մը տղուն ամէն բան ներելի է։ Բայց օր մը ա՛լ դիմանալու կարողութիւնը չմնաց։ Հագած էր նոր զգեստ մը, զոր մաքուր պահելու համար պատուէրներ տուած էին. նոյն օրն իսկ Ագրիպպասեան մլանոտ գրիչ մը վրան նետեց ու աղտոտեց. Մովսէս, մոլեգին, ակնթարթի մը մէջ ծռեցաւ, գրիչը վեր առաւ ու նետեց Ագրիպպասեանի երեսին, ծայրը գնաց դպաւ այտին, ու շապիկին վրայ իյնալով բիծ մը ձգեց։ Մովսէս նոյն րոպէին իսկ խիստ պատիժը կրեց, երկու ապտակ ալ միասին ուտելով։
       Ագրիպպասեան իրիկունը լալով վազեց հօրը վրայ, ցոյց տուաւ երեսին նշանը ու շապկին սեւ բիծը։
       —Ծօ՛, ատ ի՞նչ է , հարցուց հայրը բարկութեամբ։
       —Այսօր դպրատունը Մովսէսը ըրաւ, գրիչը երեսիս նետեց, քիչ մնաց քի աչքս պիտի հանէր։
       —Ծօ՛, ատ Մովսէսը ո՞վ է , հարցուցին հայրը, մայրը դող ելած։
       —Խայըխճիին տղան։
       —Ո՞ր խայըխճիին։
       —Ո՛ւր է, սա մեր ետեւի սօխախը չէ, մէկալ սօխախը կը նստի։
       —Հա՛, հա՛, հա՛, կնիկն ալ եալվար եախար եղաւ, երկու անգամ է մեզի չամաշուրի կու գայ, սա բիճը։
       —Քա՛ ո՞ր բիճը , հարցուց հայրը։
       —Մեղա՜յ քի միտքդ չի՞ գար , ըսաւ Ագրիպպասեանի կնիկը։ —Սա ո՞ւր է օխտը ութը տարի առաջ ժամուն դուռը կախուած տղայ մը կար տէ խայըխճիի մը տուիր, իշտէ ան է։
       —Հա՛, հա՛, կեցի՛ր , կեցի՛ր միտքս եկաւ։ Վա՜յ շուն շան որդի։ Սըւոր նայէ , վա՜յ կիտի տունեայ վայ. ժամուն դուռը կախուած բիճը գա տէ մեր տղուն աչքը հանելու ելլայ։ Եկու տէ աս աշխարհքին մէջ մարդու աղէկութիւն ըրէ։ Ձգելու էի քի զէմպիլին մէջ շան սատակ ըլլար բիճը։
       Միւս առտու ատենապետ էֆէնտին եկեղեցին կանչեց վարժապետը, վրան գլուխը աղուոր մը լուաց, դպրոցէն վռնտելու սպառնալիքով։ Սարսափահար, վարժապետը վազեց դպրոց, Մովսէսին ականջէն կատաղօրէն քաշելով եւ գրասեղանին վրայ քաշկռտելով դուրս հանեց, երկու հնչուն ապտակ իջեցուց երեսներուն, եւ յետոյ պոռալով, կանչելով իմացուց յանցանքը. փոքրիկ Ագրիպպասեանը իմանալու էր ծեծին շարժառիթը, որ հօրը հաղորդէր։ Մինչեւ իրիկուն Մովսէսը ոտքի կայնեցուց ու անօթի պահեց։
       Ու Ագրիպպասեան պոռալով կ՚ըսէր զբօսանքին ատենը, մինչ խեղճ Մովսէսը ուռած աչքերով կեցած էր ոտքի վրայ.
       —Ծօ՛, տղա՛ք, գիտէ՞ք, Մովսէսը բիճ է, հար մար չունի եղեր. ժամուն դռնէն գտնուէր է զէմպիլի մէջ։
       Մովսէս բան մը չէր հասկնար այս ամէնէն, միայն կը զգար, թէ ինքը աղքատի զաւակ է, անոր համար պատժուեր է։
       Յաջորդ օրը, միւս օրն ալ Ագրիպպասեան Մովսէսի երեսն ի վեր կը կանչեր «Ծօ, բիճ, ծօ, բի՛ճ, զէմպիլով գտնուած բիճ ». քանի մը չարեր ալ իրեն կը ձայնակցէին։ Այս տպաւորութեանց ներքեւ էր, որ Մովսէս պատժուելէն երկու օր վերջ կը հարցնէր հօրը, թէ ի՛նչ է բիճը, ինչո՞ւ իրեն բիճ կը կանչեն։
       Միւս օրը նաւավար այլ եւս տղան դպրոց չղրկեց։ Կիրակի ժամէն ելլելուն վարժապետը գտաւ եւ տխրութեամբ հարցուց, թէ ինչ է ատ եղածը։ Վարժապետը, որ կը դեգերէր խորհրդարանի դրանը առջեւ եւ գիտէր, թէ Ագրիպպասեան էֆէնտին ներսն է, առիթէն օգուտ քաղեց հաճոյական ցոյց մը ընելու, ու բարձրագոչ ձայնով նաւավարը վերէն վար շտկեց։ Ձայնը ներս հասաւ, քանի մը թաղականներ , որոնց հետ ատենապետ էֆէնտին, դուրս ցատքեցին։
       —Ատ ի՞նչ է, ատ ի՞նչ է , գոչելով։
       —Էֆենտի , ըսաւ վարժապետը դառնալով Ագրիպպասեան էֆէնտիին, սա հէրիֆին խօսք հասկցուցէք, վրաս եկեր է ան բիճը ըստ արժանւոյն պատժելուս համար։
       Ագրիպպասեան էֆէնտի աչքերը ժամկոչներուն վրայ դարձնելէ յետոյ յառաջացաւ դէպի նաւավարը.
       —Ինծի նայէ, ինծի նայէ, գիտես քի ես ան քոյ բիճդ շան սատակ կը հանեմ, էյէր մեյ մըն ալ ան իր չորնալու ծառքերը զաւկիս դպչելու ըլլան։ Հատտը թող գիտնայ, մեր տղոցը հետ անիկա դպրոց ալ գալու չէ ամմա, նորէն մենք ինչ է նէ բարեսիրտ ենք, կը մեղքնանք։
       Նաւավարը կրակ կտրեցաւ, ձեռքը վեր կը վերցնէր, բայց շուտ վար իջեցուց։ Նոյն րոպէին միտքը բերաւ, թէ ի՛նչ խայտառակութիւն առաջ պիտի գար. զինքը պահականոց պիտի ղրկէին. եղելութիւնը պիտի իմացուէր, եւ Մովսէսին գաղտնիքը, որ մոռցուած կը կարծէր, ամէնուն բերանը պիտի իյնար։ Գլուխը կախ դուրս ելաւ. Ագրիպպասեան էֆէնտի ետեւէն կանչեց.
       —Հե՛մ, ինծի նայէ, ան կնկանդ ալ ըսէ քի մեյ մը տահա մեր տունը չամաշըրի չգայ, ոտքը կը կոտրեմ։
       Նաւավարը ա՛լ տղան դուրս չհանեց։ Ինչ որ երկար ատենէ ի վեր միտքը դրած էր օր մը ընել, որոշեց անմիջապէս գործադրել։ Առանց ձանձրանալու կատարեց էսնաֆական ձեւակերպութիւնները եւ օր մը կինը, զաւակը, կարասիները, նաւակը, ամէնքը առնելով փոխադրուեցաւ Օրթագեղ։ «Օրթա տեղ մըն է, ըսած էր ինքնիրենը, ամէն կողմէ եկող գացող կ՚ըլլայ . հէմտէ քիպարի գեղ, զիս ալ ճանչցող չկայ»։