Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԹ
       Պաւէրի պանդոկին գրեթէ ծովին մաս կազմող ճաշարանը նստած, ուրախ զուարթ կը ճաշէին երեքն ալ։ Խօսակցութիւննին Վենետիկի շուրջը միայն կը դառնար. մէկ տարուան դէպքերուն ո՛ եւ է ակնարկութիւն չէին ըներ։ Նաւարեան բաւական նիհարած ու տժգոյն գտաւ Արուսեակը, բայց ամենեւին բան մը չըսաւ։ Տիրան էֆէնտի խօսելով իրենց ուղեւորութեան նպատակին վրայ, ըսաւ, թէ Նիս կ՚երթային, ձմեռն հոն անցընելու։ Արուսեակ այն ձմեռն ու գարունը քիչ մը անհանգիստ ըլլալուն, բժիշկները այդ օդափոխութեան հարկը տեսած էին։ Ինքն ալ շատոնց է Պոլսէն հեռացած չէր, ուղեւորութիւն մը ընել կը բաղձար, քեռորդին չէր կրնար ուրիշին վստահիլ, ուստի ընկերացած էր անոր։ Առիթէն օգտուած էին քանի մը շաբաթ ալ Իտալիա պտոյտ մը ընելու. բնական էր որ Վենետիկ ու Ս. Ղազարը զիրենք քաշէին, եւ այսպէս բարեբաստիկ դիպուածով կը պատահէին իրենց հին բարեկամին։
       Յաջորդ երկու երեք օրն ալ մէկտեղ անցուցին, Նաւարեան, որ հիմնապէս կը ճանչնար Վենետիկը, պատուական առաջնորդ մը եղաւ բարեկամներուն։ Տիրան էֆէնտի քանի մը անգամ վանքն այցելեց եւ առանձին տեսակցութիւններ կ՚ունենար մեծանուն միաբաններու հետ։ Արուսեակ եւ Նաւարեան ալ միասին պտոյտներ կ՚ընէին։ Զուարթութիւնը վերադարձած էր Արուսեակի դէմքին վրայ. Նաւարեանի գոհունակութիւնն ալ ակներեւ էր, բայց երիտասարդը ո՛չ յուզեալ, ո՛չ խանդավառ կ՚երեւէր. Հալքիի Նաւարեանը չէր։ Արդարեւ հրճուանք կը զգար Արուսեակի հետ գտնուելուն, բայց կամքին տիրապետող, սիրտը մտքին զոհող, նպատակի մը հասնելու հաստատ առաջադրութեամբ ոգեւորուած անձի մը անխռովութիւնը կը պահէր։
       Առաջին անգամն էր, որ Արուսեակ կը գտնուէր գեղարուեստի միջավայրի մը մէջ, եւ իր միտքն ու հոգին զմայլած կը մնային։ Ի՛նչպէս հանգիստ կը շնչէր այդ ջինջ մթնոլորտին մէջ. նուրբ միտքը որքա՜ն կ՚ոգեւորուէր գեղեցկութեան հանդարտ հրաշալիքներու վայելումովը։ Ու իր խոկումներուն մէջ պահ մը կը փոխադրուէր Բերա, աչքին առջեւ կը բերէր դէմքերը, կը յիշէր ռամիկ խօսակցութիւնները, տգեղութեան կեանքը, ու զզուանքը կը պատէր զինքը։ Իրեն այնպէս կը թուէր, թէ ա՛լ պիտի չի կրնար դառնալ հոն եւ ապրել Ագրիպներու եւ Հաճի հանըմներու հետ։ Մօրեղբօրը եւ Նաւարեանի կենակցութիւնը գեղարուեստներու աշխարհի մը մէջ, պիտի բաւէին իրեն։ Եւ սակայն հարկ էր ուշ կամ կանուխ վերադառնալ, մտնել տաղտուկի կեանքին մէջ. ընկերային պարտականութի՜ւն։ Բայց ինչ տխմարութիւն է, կը մտածէր, այն քիչ մը կեանքը, զոր ունինք, ենթարկել ասոր անոր քէֆին, մէկուն մէկալին «ի՞նչ պիտի ըսէին», իբր թէ մենք ուրիշին համար ծնած ըլլայինք եւ ոչ մենք մեզի։ Երբ բան մը կ՚ուտենք, կ՚ըսէր ինքնիրեն, ախորժակնիս կը նայինք եւ անոր համեմատ կը կարգադրենք. ուրիշին հաճոյքը կամ տհաճութիւնը չ՚ազդեր պտուղ մը ուտելու համար մեր տուած որոշման վրայ, եւ սակայն մեր հոգեկան կեանքին, մեր ամէն վայելումներուն համար պէտք է հաշուի առնենք ուրիշին հաճոյքը, ուրիշին շահը։
       Չէ՛, այդ գերութեան չէր կրնար յանձնառու ըլլալ։ Վերջապէս կը զգար, թէ աղջիկ մը, որ խնամեալ կրթութիւն մը ստացած է, մեծ հեղինակներու շունչովը ոգեւորուած, հասարակ մակարդակէն վեր բարձրանալու միշտ հակամէտ, չէ՛, այդ աղջիկը չի կրնար խոնարհիլ նախապաշարումներու առջեւ, եւ իր երջանկութիւնը զոհել խումբ մը ոչնչութեանց գնահատմանը։
       Այս մտածութեանց մէջ էր, երբ իրիկուն մը մինչ ինքն ու մօրեղբայրը մինակ էին, Տիրան էֆէնտի ըսաւ.
       —Է՛յ, Արուսեակ, ե՞րբ պիտի մեկնինք։ Հոս չորս հինգ օր անցընելու համար եկանք եւ ահա տասերկու օր եղաւ. դեռ քանի մը շաբաթ ալ ուրիշ քաղաքներ պիտի անցընենք. ցուրտի չբռնուած Նիս երթանք ու հանգստանանք։
       —Բայց անհրաժե՞շտ է Նիս երթալ, ըսաւ Արուսեակ խնդալով, Վենետիկի օդն ալ շատ աղէկ եկաւ ինծի, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ, եթէ ձմեռը հոս անցընենք։
       —Աղջի՛կս, հոս խոնաւ է, կծու ցուրտ ալ կ՚ըլլայ ըսին վարդապետները. մենք ցուրտէն ու խոնաւութենէն կը փախչինք արդէն։
       —Բայց ես շատ լաւ կը զգամ հոս ինքզինքս։
       Տիրան էֆէնտի բան մը չըսաւ. Արուսեակի աչքերէն կը գուշակէր, թէ անոր սրտին մէջ յուզում մը կար եւ թէ կարեւոր ըսելիք մը ունէր։
       —Եւ յետոյ, ըսաւ Արուսեակ, օդէն աւելի արդեօք առողջութեան վրայ չա՞զդեր սրտի գոհունակութիւնը։
       Տիրան էֆէնտի իր խոշոր ու գթափայլ աչքերը հառեց Արուսեակի երեսը։ Աղջիկը ինքն իր վրայ ճիգ մը կ՚ընէր. դէմքին յանկարծական կարմրութենէն յայտնի կ՚ըլլար ներքին տագնապը։
       —Մօրեղբայր, ըսաւ տխուր շեշտով մը եւ հատիկ հատիկ շեշտելով բառերը, Նաւարեանի բացակայութիւնը շատ զգալի եղած էր ինծի համար։
       Արուսակ, որ շատ կը սիրէր մօրեղբայրը, իրեն ա՜յնքան մտերիմ, առաջին անգամն էր, որ սրտի տեսակցութիւն մը պիտի ունենար անոր հետ։
       —Կը զգայի, ըսաւ Տիրան էֆէնտի հանդարտութեամբ։
       —Ուրե՞մն։
       —Ուրե՞մն… ըսաւ Տիրան էֆէնտի ժպտելով։
       —Ձեր կարծի՞քը, կամ լաւ եւս ձեր հրամա՞նը։
       —Նաւարեանը կ՚ուզես ամուսի՞ն ընտրել։
       —Կ՚զգամ, թէ անոր հետ միայն կրնամ երջանիկ ըլլալ, եւ սակայն ամէն բան գիտէք, զոհուի՞մ։ Դուք գիտէք։
       Արուսեակ շատ լուրջ էր ու մօրեղբայրը կը զգար, թէ իր դէմը չէր տեսներ եռանդուն, առաջին տպաւորութեան ներքեւ գտնուող աղջիկ մը։ Արուսեակ խորհելով կը խօսէր։
       Կը ցաւիմ, աղջիկս, որ աղէկ խորհրդական մը չես ընտրած, ըսաւ շատ յուզուած ձայնով, բայց գիտեմ, որ ինէ զատ ուրիշն ալ չունիս։ Բայց ես քեզի կրնա՞մ վստահելի ուղեցոյց մը ըլլալ։ Ես ալ շատ նեղուած եմ, շատ տառապած, եւ գիտես թէ կեանքս ջախջախուած է, անոր համար ա՛լ շատ ներողամիտ եմ, շատ կարեկից, ամէնուն երջանկութիւնը կ՚ուզեմ, մեծ ոճիր մը կը համարեմ ո՛ եւ է նկատումով ուրիշին անմեղ երջանկութեանը արգելք ըլլալ։ Գիտեմ, խե՛ղճ աղջիկս, թէ ի՛նչ պարագաներ կրնան արգելք ըլլալ քու երջանկութեանդ։ Միտքս այդ ամէնը կ՚ընդունի, բայց սիրտս անոնց դէմ կ՚ըմբոստանայ. ի՞նչ ըսեմ քեզի, որ վերջը դուն ալ չզղջաս, ե՛ս ալ՝ չվշտանամ։ Դուն խելահաս ես, ընտրութիւնը որչափ որ մտքիդ առաջնորդութեամբը կ՚ընես, անկէ աւելի ալ սրտէդ կը մղուիս։ Եւ քեզի բան մը ըսեմ, ոչ միայն սիրոյ, այլ եւ կեանքի ամէն պարագաներուն, նոյն իսկ գործի մէջ, սիրտը խանդավառութիւնը մտքէն նուազ սխալական են։ Գիտեմ, թէ չես սխալիր Նաւարեանը ընտրելովդ։ Այդ երիտասարդը ես շատ կը սիրեմ ու կը յարգեմ, եւ անոր ծայրայեղ փափկանկատութիւնը ազնուութեանը ապացոյց է։ Նայէ՛, ի՛նչպէս ան երկուշաբթի գիշերը լռիկ մը աշխարհքէ հեռացաւ։ Հասկցաւ, թէ այդ գարշելի յօդուածին մէջտեղ հանած գաղտնիքը, զոր ինքն ալ չէր գիտեր, ընկերային տեսակէտով անջրպետ մը կը բանար քու եւ իրեն միջեւ։ Թերեւս դուն բանի տեղ չդնէիր այդ արգելքը, սակայն մա՞յրդ. ուստի փոխանակ կենալու, քեզի հետամտելու, քու միջոցաւդ այդ անպիտանէն վրեժ լուծելու, ձգեց գնաց, որպէս զի ընտանեկան հանգստութիւնդ վրդովելու փորձ մը իսկ չընէ։
       Այդ գաղտնիքը փնտռել, դուրս հանելը վատութիւն մըն էր. ընողը իր նպատակին հասաւ, գէթ մինչեւ աստիճան մը։ Եւ սակայն այդ խեղճ տղուն ծնունդը պէ՞տք է որ նշանակութիւն մը ունենայ։ Ամէն մարդու պատասխանատուութիւնը իր ազատ կամքովը ըրած գործերուն մէջ է. արժանաւորութիւն կամ անարժանաւորութիւն հոն փնտռելու է։ Եթէ մարդասպանի, աւազակներու զաւակ իսկ եղած ըլլար, բնաւ իրեն ամօթ մը չէր ատիկա, բաւական է, որ ոճիրէն օգտուած չ՚ըլլար։ Օր մը ֆրանսացի իշխանի մի նկատողութիւն ըրին, թէ մեծ պաշտօնի մը կոչած էր ազնուական մը, որուն հայրը մասնակցած էր ամենամեծ ոճրագործութեան մը։— Օ՜հ, ըսաւ սրամիտ իշխանը, եթէ պզտիկ ոճրագործի մը իսկ փեսան եղած ըլլար, պիտի չներէի իրեն, բայց զաւակը ըլլալը իր յանցանքը չէ։
       —Ա՜խ, մօրեղբա՜յրս, զիս երջանիկ կ՛ընես, մօրեղբա՜յրս… Բայց մա՛յրս, մա՛յրս։
       —Ատ է, որ ինծի մտածել կուտայ. այդ բարի կնոջմէն կրնա՞նք պահանջել, որ մեզի չափ փիլիսոփայ ըլլայ. եւ սակա՞յն….
       —Եւ սակա՞յն…— հարցուց անձկութեամբ Արուսեակ։
       —Եւ սակայն պէտք է որ ըլլայ, եթէ բարի է։ Ծնողք մը իր զաւակներուն համար ցոյց տուած բարեսրտութեանը եւ անշահախնդրութեանը չափին համեմատ անոնցմէ յարգուելու է, եւ զոհողութիւն յուսալու։ Աղջիկ մը մեծ յանցանք կը գործէ վշտացնելով իր մայրը. բայց մի՞թէ նուազ հանցաւոր է, մինչեւ իսկ ոճրագործ մը չէ՞ մայրը, երբ իր աղջիկը դժբախտ կ՚ընէ, մինչեւ իսկ կը մեռցնէ իր անձնասիրութիւնը գոհացնելու համար։ Մայր մը, երբ աղջկանը ամուսնութեանը մէջ անոր ապագայ դժբախտութիւնը կը գուշակէ, մեղադրելի չէ, եթէ հզօր դիմադրութիւն կ՚ընէ։
       Մայրը կրնայ սխալիլ, եւ ընդհանրապէս ալ կը սխալի, բայց անձնական տեսակէտը չէ, որ կը մոլորեցնէ զինքը, ուստի արդարանալի է. բռնի բարերարներուն դասակարգէն է։ Բայց երբ մայր մը իր անձնասիրութիւնը գգուելու համար, ընկերութեան մէջ մեծարանք ու յարգանք վայելելու տենչով, ընտանեկան փառքը անարատ պահելու փափաքով աղջկանը երջանկութիւնը կ՚ուզէ զոհել, պարզապէս շահախնդրական գործ մը ըրած կ՚ըլլայ. եւ ի՞նչ իրաւունքով պահանջել դեռատի աղջիկէ մը իր կեանքը զոհել պառաւի մը անձուկ շահախնդրութեանը։ Միթէ անիկայ (խնդալով ըսաւ) իր ամուսնութիւնը, իր երջանկութիւնը ենթարկա՞ծ էր իր աղջկանը հաւանութեանը։ Իր հաճոյքին համար արարած մը հրապարակ նետած է, եւ պէ՞տք է, որ իր գերին ըլլայ ան։
       Հիմա, աղջիկս, ես ի՞նչ կրնամ ըսել քեզի։ Դուն տասն եւ ինն տարեկան, նոր կը ծնիս կեանքին, ոչ ոք իրաւունք ունի զրկել քեզ քու յուսացած երջանկութենեդ։ Այդ իրաւունքը կը ճանչնամ, եւ սակայն պէտք է դուն քեզի հարցնես, սիրտդ քննես։ Կան պարագաներ, որոնց մէջ միտքը, սիրտը իրարու հետ կը կռուին, եւ յաղթանակը կը մնայ հզօրագոյնին։ Եթէ միտքդ կ՚ըսէ քեզի, որ երջանկութիւնդ զոհելու չես մօրդ նախապաշարումներուն, ու սիրտդ ալ կը մնայ մօրդ հետ, ի՞նչ վճիռ կրնամ տալ։ Ես մտքիդ հետ եմ, բայց զաւակը դուն ես։ Ասով մէկտեղ քրոջս կը գրեմ. պատասխանը ցոյց պիտի տայ, որ զաւկին սէ՞րը, թէ փառասիրութիւնը նախապատիւ կը դասէ։ Քեզի կը մնայ այն ատեն որոշել, թէ պարտականութիւնդ ի՞նչ է։ Ու կարծեմ թէ մայրդ թէեւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ ընկերային նկատումներուն, բայց իր արտաքին ծանրութեանը հակառակ՝ շատ զգայուն սիրտ ունի, քեզ ալ շատ կը սիրէ. տեսնենք—մանաւանդ երբ գովենք Եւրոպան, ըսենք թէ ա՛լ հոս պիտի ապրինք— վասն զի գիտես, թէ ալ աղէկ չ՚ըլլար Պոլիս դառնալնիդ, միշտ նեղուելու առիթ պիտի ներկայանայ։
       Օ՜հ, շա՜տ, շա՜տ աղէկ է, հոս կը կենանք, մայրս ալ կը բերենք. ե՛ս ալ ատ կ՚երազեմ։
       —Նայինք. այն ատեն մայրդ դժուարութիւն չեմ կարծեր, որ հանէ։ Բայց կարեւորը. Նաւարեա՞ն…
       —Բնաւ ակնարկութիւն մը չէ եղած մեր միջեւ. սակայն կարծեմ թէ գոհ կը մնայ։