Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե
       Ստորին Վոսփորի, մասնաւորապէս Օրթագեղի բնակիչները թերեւս յիշեն ծովային արկած մը, որ կիրակի ցերեկ մը պատահեցաւ Օրթագեղի եւ Գուզկունճուքի միջեւ։
       Օրթագեղի հանրածանօթ ընտանիքներէն մէկուն յոյն սպասուհին Գուզկունճուք պիտի երթար. նաւակ մը նստեցաւ դիմաց անցնելու համար։ Ծովեզերքը բաւական բացուած էր նաւակը երբ յանկարծ ահռելի հով մը փչեց, ակնթարթի մէջ ծովը տակնուվրայ եղաւ, նաւակին մէջ կինը սարսափէն ոտքի ելաւ, նաւակը շրջեցաւ, կինն ու նաւավարը ջուրին մէջ աներեւութացան։ Սպասուհիին տիրոջը բարձրահայեաց տունէն, ինչպէս ծովեզերքի մէկ երկու բնակարաններէն այդ պահուն դիտակով ծովը կը դիտէին. արկածը աչքովնին տեսած եղան։
       Այդ կիրակի իրիկունը Բուլբուլ տուտուն շատ սպասեց էրկանը. եկող չեղաւ. Մովսէսը նաւամատոյց ղրկեց, փնտռեց հայրը, չգտաւ. բան մը ըսող չեղաւ։
       —Կիրակի է, թերեւս հեռու տեղ գացած է, չէ կրցած ետ դառնալ , ըսին։
       Բուբուլ տուտուն ժամ վազեց մոմ վառելու. երբ դուրս կ՚ելլէր բազմութիւն մը խռնուած էր. ըսին, թէ երէկ ծովը խեղդուողի մը դիակը բերած են։ Սրտադողով ինքն ալ մօտեցաւ, բազմութիւնը ճեղքեց։ Ճանչցաւ էրկանը մարմինը։