Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը
       Բերայի հայ ընկերութեան մէջ երեք տարիէ հետէ կարեւոր դիրք մը կը գրաւէր Ագրիպ էֆէնտի, Խասգեղէն գաղթած էր Պետրոս Ագրիպպասեան անունով. օր մը աւելորդաբանութիւն համարելով մականունին «եան»ը, այցեքարտերուն վրայ փորագրել կու տար միայն Պ. Ագրիպպաս. ու նոր բարեկամները աւելի շիք կը գտնէին պարզապէս Ագրիպ էֆէնտի անուանել զինքը։ Հիմա Բերա այդ անունովը միայն ծանօթ, կամ հանրածանօթ էր։
       Իսկ հայրը, Յովհաննէս Ագրիպպասեան, տարիներու երկարատեւ շարքի մը մէջ ծալապատիկ նստած խանութի մը փեղկին ետեւ, երանութեան սահմանագլուխ գծած էր աւանդական պասմաճիութեամբ քիչ շատ ստակ շահիլ ու աւելցնել եւ ընտանիքը երջանիկ ընել առատ առատ ուտելիք տանելով։ Փառասիրութեանը հորիզոնն ալ կ՚երկարաձգուէր մինչեւ Խասգեղի թաղական խորհրդարանին դուռը. ու երբ ատենապետութեան կոչուեցաւ, ա՛լ անկէ ետքը մինչեւ մահուան օրը , ո՛ եւ է իղձ չկրցաւ սպրդիլ սրտին մէջ։ Երջանկութեան իտէալի մը ծրագիրը ամբողջապէս գործադրուած էր. ա՛լ ընելու ուրիշ բան չունէր, բայց եթէ մեռնիլ, ու մեռաւ։
       Զաւակը արդէն շատ նեղ գտնելով խանութին շրջանակը, հօրը կենդանութեանն իսկ լաւագոյն ասպարէզ համարած էր յանձնակատարի մը հետ ընկերակցութիւն ընել։ Երբ մեռաւ հայրը, Պետրոս չափաւոր գումար մը ժառանգեց եւ առանձին շարունակեց յանձնակատարութիւնը։ Քիչ մը բախտը դէպի իրեն առաջացաւ, շատ մըն ալ ինք բախտին ոտքը գնաց «կաթին մէջ ջուրը առատ խառնելով »։ Խղճահարութիւնը իր զգացումներուն տկարագոյնն էր։
       Կորովի, եռանդուն, գործունեայ, ա՛լ իրեն անտանելի կը թուէր Խասգեղի խանութավայել կենցաղավարութիւնը։ Յաջողութեան հետ տենչերն ալ շատ առաջ գացած էին, ու կը տառապէր վայելումի ըղձանքներով, որոնք կը մնային անյագուրդ . երեւակայութեանը մէջ շատ ընդարձակած էր փառասիրութեանը սահմանագլուխները։ Ու Բերայի մէջ էր, որ պիտի գտնէր երեւնալու, յաղթանակելու, վայելելու եւ առաջ առաջ վազելու ամէն դիւրութիւն։ Իրաւ է, որ հոն մրցումը սաստիկ է. ամէն հարստութիւն, ամէն տենչանք, հասնելու ամէն երազ հոն ժամադիր կ՚ըլլան ու կը ճակատամարտին։ Եւ սակայն հասնելու համար ինքն իր մէջը ուժ մը զգացողը եռանդագին կը դիմէ վայելումներու կռուի այդ դաշտը։ Փոքր քաղքին մէջ մեծ երեւնալու իմաստասիրութիւնը միայն շատ խեղճուկ ծոյլ ուղեղներու համար հրապուրիչ երջանկութիւն է։ Ամէն լաւ առարկայ, կը մտածէր Ագրիպպասեան, աւելի ուշագրաւ է մեծ ցուցահանդէսի մը մէջ, ընկերակցութեամբ մրցակիցներու, քան եթէ մնար գիւղի մը կամ պզտիկ քաղաքի մը ցուցափեղկին ներքեւ։ Փայլերը փոխանցիկ են. իրարմէ բան կ՚առնեն, իրարու բան կու տան։ Ուրեմն երթանք Բերայի փայլերուն քով, ըսաւ։ Ու ահա երեք տարի է, որ ինքն ալ փայլ մը եղած էր եւ ուրիշներուն փայլը կ՚աւելցնէր։
       Երազները շուտ շուտ իրականութիւն կ՚ըլլային։
       Հինաւուրց ազնուապետականութեան բազմադարեան դղեակի մը մեծաշուք պատկառանքը տարածուած կ՚երեւէր աչքերուն՝ Միսք փողոցի իր բնակարանին վրայ, որուն տարեկան վարձքը սակայն միայն հարիւրքսան ոսկի էր։ Ու ձմրան գիշերները, երբ իր սալոնին մէջ աչքերը ժուռ կ՚ածէր թղթախաղի շուրջը բոլորուած բարձր անձնաւորութեանց, Մէհմէտ—Ալի փաշա խանի պանքէրներուն եւ անդրկամուրջեան ազնուապետական վաճառականներուն վրայ, այդ ժամերուն զգացած հպարտութիւնը հաւանօրէն կը գերազանցէր Առաջին Նափոլէոնի գոհունակութիւնը, երբ իր թատրոնին մէջ հաւաքուած թագապսակ գլուխներուն ակնարկ մը կը նետէր։ Ընդունուած էր Քլիւպ-Քօմէրսիալ եւ կը յուսար ոչ շատ ուշ ներս մտնել Քլիւպ-Օրիանթալի դռներէն ու շրջագայիլ այն գորգերուն վրայ, ուր կը կոխէին բարձրաստիճան անձերու ոտքերը։ Նոր Թատրոնին մէջ իր օթեակն ունէր, ուր կը մտնէր երկրորդ արարածի կէսին, հանրային ուշադրութիւնը րոպէ մը դերասաններէն իր վրայ փոխադրել տալով։ Իրիկունները Բըթի—Շանի պարտէզին մէջ իր բացակայութիւնը շատ աչքի կը զարնէր։ Իր այցելութիւնները պատուաբեր կը համարուէին. յաջորդ օրը տանտիրուհիները առիթ կը փնտռէին ուրիշներուն հասկցնելու, թէ Ագրիպ էֆէնտին առջի գիշեր իրենց էր։ Իրենց թերթին մէջ, իր անունին քով փոխանակ հինաւուրց աստիճանազուրկ «Մեծ . » տիտղոսին՝ արդէն «Ազն . » յաջորդած էր, երբ հրահանգ ղրկած էր իր թերթերը այնուհետեւ Միսք փողոց՝ իր բնակարանը յանձնել։ Ու երբ Բերայի խնամակալութիւնը, զինքը, վարչութեան հաւանութեամբ, իրեն անդամ կարգեց, այդ լուրը հաղորդուած ատեն, «Ազն. »ն ալ ամբողջացաւ եւ եղաւ «ազնուաշուք ». տիտղոսը մնաց, անկասկածելի, ազնուականութեան վաւերական մագաղաթի արժէքն ունէր անոր համար, որուն հայրը կէս դարէ աւելի ատեն՝ պարկերը Եէմիշէն լեցուցած Հալըճը օղլու ելած էր։ Ա՛լ ծայրայեղ պահպանողական էր։ Հովանին կը տարածէր Հիւանդանոցի խնամակալութեան վրայ։ Ամուսնալուծութեան սաստիկ հակառակորդ, կը հռչակէր, թէ բարոյականութիւնը առաքինութիւն է. «աս ազգին համար բարոյականութիւնը առաքինութիւն է. «աս ազգին համար բարոյականութիւն պէտք է » կ՚ըսէր միշտ։ Բարոյախօս թերթերը կը քաջալերէր մէկ երկու օրինակ դպրոցներու նուիրելով։
       Ու բառթի՜ մըն էր։ Երբ մայրերն ու աղջիկները թեթեւ հառաչանքով մը բառթի՛ մըն է կ՚ըսեն անձի մը համար, ֆրանսերէն այդ միակ բառին մէջ կ՚ամփոփեն փեսի, ամուսնի իտէալը։ Ագրիպ էֆէնտի բառթի՜ին մարմնացումն էր։ Իր կինը կեանքի վայելումներու ամէն միջոց իր տրամադրութեան ներքեւ պիտի ունենար։
       Բայց Ագրիպ էֆէնտի դժուարահաճ էր ամուսնական պայմաններու համար, ինքն ալ իր իտէալը ունէր։ Կառուցած շէնքին ամբողջացումն ու պսակումը կինը պիտի ըլլար։ Տանը դուռը մեծ բացած էր իտէալ կինը դիւրութեամբ առնելու համար։ Էսնաֆ ազնուականին ելմտացոյցը միշտ հաւասարակշռութեան մէջ չէր. Ագրիպ էֆէնտիի իրական առերեւոյթ հարստութեան մէջ կար բաւական մեծկակ տարբերութիւն մը, զոր պիտի լեցնէր կին-դրամագլուխը. հարստութիւնը գեղեցկագոյն յատկութիւնը պիտի ըլլար ապագայ տիկին Ագրիպի։ Իսկ երկրորդ յատկութիւնը՝ ազնուականութիւնը։ Նոր—ազնուականը երբեմն կը տառապէր իր ծագումին սկզբնական մեղքէն ամբողջապէս մաքրուած չըլլալուն կասկածովը։ Դաշնակցութիւն մը հինաւուրց ազնուականներու հետ որոնց ծագումը կորսուած է անյիշատակ ժամանակներու, քսան երեսուն տարիներու մռայլին մէջ պիտի ըլլար մկրտութիւնը, որ զինքը պիտի մաքրէր ծնողական ամէն մեղքէ։ Գոհունակութիւնը անթերի պիտի ըլլար այն օրը, երբ մահազդի մը վրայ «Ցաւօք սրտի զմահն » ծանուցանող մեծանուն գերդաստաններու շարքին մէջ իր անունն ալ առաջին տեղ մը փայլէր։ Այս տեղը պիտի շնորհէր իրեն ազնուականութեան շառաւիղ կին մը։ Տարիքն ալ կենսական պայմաններուն մէջ էր, իր կնատենչ բնաւորութիւնը գաղտնիք մը չէր, տարէց հարուստ—ազնուականի մը հետ ամուսնութիւնը պիտի նկատուէր աշխարհի աչքին իբր «հարկեցուցիչ պարագայ » մը, ուստի եւ իր դրամական համբաւը պիտի կրնար վնասուիլ։ Գեղեցկութիւնը ճաշակի խնդիր է, կ՚ըսէր, ուրիշները դատաստանի մէջ չեն կրնար համաձայնիլ։ Ուսումը արհամարհելի չէ. բայց ֆրանսերէն լեզուի ծանօթութիւն եւ դաշնակահարութիւն անոր տեղ կը բռնեն։ Հարուստ—ազնուական—մանկամարդ աղջիկը բնականաբար դաշնակահար ու լեզուագէտ է։
       Օր. Արուսեակ Սարաթեան իր շուրջն ու անձին վրայ կը միացնէր ո՛չ միայն Ագրիպ էֆէնտիի ըղձացած ամէն յատկութիւնները, այլ եւ կը գերազանցէր անոր մտատիպարը։