Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ
       Երկուքն ալ կը սիրէին իրար. սրտով կապուած էին, առանց դիմելու աւանդական յայտարարութեանց։
       Տարիներէ ի վեր է Արուսեակ կը գծէր մտքին մէջ պատկերն այն երիտասարդին, որուն պէտքը սկսած էր զգալ։ Դաշնակին առջեւ, ընթերցումներուն ատեն, մտածութեանցը մէջ անոր կը մնար երազուն։ Իրեն համար կարծես ճշմարտութիւն մըն էր, թէ իրաւ ապրած է արդէն ուրիշ կեանքով մը, հոն, այդ աշխարհին մէջ, կենսակից եղած է երիտասարդի մը, որուն կարօտը կը քաշէր հիմա։ Եւ իր այդ իտէալն էր, որ աչքերուն առջեւ կը տեսնէր։
       Որքան կորովի, կռուող միտք ունէր Նաւարեան, սիրտն ալ այնքան սիրող էր ու զգայուն։ Բարեկամական փոքր շրջանակի մը մէջ կ՚անցընէր կեանքը, անունը երկու տարուան մէջ թէեւ ամէն կողմ տարածուած , բայց իր մղած մարտերու պահուն, իր յոգնութեանց մէջ կը զգար, թէ իր սրտին համար մեծ բան մը կը պակսի. Արուսեակն էր, որ հիմա կը լրացնէր այդ պակասը։
       Երկու ամիս է, որ զիրար գտած էին ու հիմա անհնարին էր իրենց օր մը անցընել առանց տեսնուելու։ Նաւարեանի արձակուրդը լրացած էր, բայց ամէն իրիկուն կը վերադառնար Հալքի։ Առտուները կանուխ, դեռ արեւը չբարձրացած, պտոյտի կ՚ելլէր եղեւնիներու անտառը. հոն ծառի մը շուքին տակ նստած պիտի գտնէր Արուսեակը գիրք մը քովը ու աչքերը ան ճամբուն վրայ, ուսկից կու գար Նաւարեան։ Քովէ քով նստած, իրենց տեսակցութիւնը որքան սրտանց մտերմական, դրսէն ալ այնքան յարգական էր։ Հոն ժամ մը մէկտեղ կ՚անցընէին, մինչեւ որ հասնէր առաջին շոգենաւին մեկնելու ատենը։ Նաւարեան կ՚իջնէր Պոլիս, ու Արուսեակ, որուն տունը քիչ մը անդին էր, կ՚երթար իր դաշնակին։ Տրտմութեան հետք մը չէր տեսնուէր այլ եւս երկուքին դէմքին վրայ ալ։ Իրիկունները միշտ իրար Չամ—Իլիմանի կը գտնէին, Տիրան էֆէնտի միասին։ Ու լուսնակ գիշերները նաւակով շրջագայութեան մէջ կը զգային անճառելի հաճոյքը։
       Ագրիպ էֆէնտիի քիչ մը անհաճոյ կը թուէր Նաւարեանի կղզին յամելը։ Շոգենաւին մէջ, երբ իրարու հանդիպէին՝ բարեւնին շատ պաշտօնական էր։ Նաւարեան գլխարկը գրեթէ աննշմարելի բարձրութեամբ վեր կ՚առնէր, ու Ագրիպ էֆէնտի ալ հազիւ թէ մատները կը մօտեցնէր քթին ծայրը։
       Ամէն կիրակի Ագրիպ էֆէնտի անվրէպ Հալքի կու գար. ալ ինքզինքը արդէն Սարաթեաններու տունէն կը համարէր։ Ընտանութիւնը շատցած էր, Տիրան էֆէնտի եւ Արուսեակ չէին կարող ամէն կիրակի մինչեւ մութը առնել նստիլ զանիկայ, մանաւանդ որ կը տեսնէին, թէ Սրբուհի հանըմի շատ հաճելի էր միայնակ պէզիկ խաղալ էֆէնտիին հետ։ Թէեւ այդ գլուխ գլխի մնալը Ագրիպ էֆէնտիի համար ալ անախորժ չէր, բայց քիչ մը կը նեղանար, զգալով թէ Տիրան էֆէնտիի եւ Արուսեակի մեկնումը յարգանքի պակաս մըն էր իրեն համար։
       Երբ կը մեկնէր, ամէն ատեն դէմը կ՚ելլէին Տիրան էֆէնտի, Արուսեակ եւ Նաւարեան։ Այս վերջինին անբաժանելի ընկերակցութիւնը ջղերուն կը դպչէր։ Քանի մը անգամ ալ լուր օրերը իրիկուան դէմ Հալքի ելլելով Չամ—Իլիման եկած էր երրորդութեանը անվրէպ հոն կը գտնէր։
       Չէ՛, համը կը փախցնէին. կարելի չէր, որ իր նշանածին անուանը վրայ արատի մը ամենաթեթեւ բիծն իսկ մնար, ինք ծաղրելի չէր կրնար ըլլալ։ Բայց կը զգար, թէ դիտողութիւն մը ընելու պաշտօնական իրաւունքը չունէր։ Ինչո՞ւ այլ եւս սպասել։ Սարաթեանի մահուան տարին արդէն երեք ամիս էր որ լրացած էր, ուստի եւ սուգի արգելքը վերցուած։ Ու ըսենք նաեւ, որ միայն հաշիւները չէին մղեր զինքը դէպի Արուսեակը։ Հիմա սկսած էր բուռն իղձով վառուիլ անոր համար։ Տենչանք, սէր, իրար խառնուած կը վրդովէին զէնքը։ Ուզելու ժամը հասած էր, մանաւանդ կը նշմարէր, թէ Բերայի իր մրցակիցները սկսած էին յաճախ այցելել Սարաթեաններուն, ոմանք կիրակի, ոմանք լուր օրերը։
       Կռուանը գիտէր, թէ պատրաստ էր, միայն պաշտօնական ձեւակերպութիւնները կը մնային։ Շատ բնական էր, որ Արուսեակը մօրմէն խնդրելու համար Տիրան էֆէնտիի միջնորդութեանը դիմելու էր։ Արուսեակի մօրեղբայրը որքան ալ մեծ համակրութիւն չէր տածեր Ագրիպ էֆէնտիի համար եւ գիտէր, թէ չէր կրնար ըլլալ Արուսեակի արժանաւոր ամուսինը, բայց եւ այնպէս կը զգար թէ մօրեղբօր մը իրաւունքները սահմանափակ են. մերժողական կամ հաստատական պատասխան մը տալը մօրն ու աղջկանը կը պատկանէր։ Հաւատարմաբար քրոջը հաղորդեց Ագրիպ էֆէնտիի առաջարկը։ Սրբուհի հանըմ կը սպասէր այս աւետիսին , զայն լսելուն ուրախութիւնը շատ ակներեւ եղաւ։ Տարակոյս չունէր, թէ եղբայրը իր հաւանութիւնը արդէն տուած էր այդ առաջարկին, որով կու գար զայն իրեն ներկայացնել։ Բայց եւ այնպէս ներելի չէր համարեր իր «այո »ն ըսել առանց նախապէս «էֆէնտի եղբօրը » հաւանութիւնն ստանալու։
       —Հրամանքդ ի՞նչ կ՚ըսես, էֆէնտի։
       Շիտակը, Սրբուհի հանըմ, գիտես թէ Արուսեակ տասնութ տասնինը տարեկան է. խելքը գլուխը ծանր աղջիկ մըն է, իր դատողութեանը վստահիլ կարելի է. պէտք է ի՛ր կամքը հարցնել. ինք Ագրիպ էֆէնտին շատ լաւ կը ճանչնայ. եթէ հաւանութիւնը տայ, չեմ կարծեր, որ հրամանքդ արգելք մը ունենաս։
       —Ամենեւին, ամեեւին։
       —Ես ալ ան ատեն ո՛ եւ է արգելքի պատճառ մը չեմ տեսներ։ Անոր համար դուն Արուսեակին խօսք բաց, նայէ՛ ինչ կ՚ըսէ, եւ անոր համեմատ պատասխանը կը հաղորդենք Ագրիպ էֆէնտիին։
       Միւս օր ցորեկը, երբ մայր ու աղջիկ մինակ մնացին, Սրբուհի հանըմ ըսաւ աղջկանը.
       —Արուսեակ, քեզի շատ աղէկ լուր մը ունիմ։
       —Ի՞նչ, մամա։
       —Ագրիպ էֆէնտին քեզ կ՚ուզէ։
       Արուսեակ դող ելաւ, տժգունեցաւ։
       —Մամաս, ըսաւ, հօրս տարին նոր լմնցաւ. պիտի ելլեն ըսեն, թէ անհամբերութեամբ մահուանը կը սպասէի, որ կարգուիմ. շիտակը դեռ սիրտ չունիմ ուրախանալու. սա երկու ամիսը առանց հոգի անցընենք հոս, ձմեռը երբ վար իջնենք, կը մտածենք. անանկ չէ՞, մամաս։
       Մայր ու աղջիկ քիչ մըն ալ կարծիք փոխանակեցին անուշութեամբ. մայրը համոզիչ գտաւ աղջկանը պատասխանները, զոր հաղորդեց եղբօրն ու անոր ալ կարծիքը հարցուց։ Տիրան էֆէնտի գոհութեամբ լսեց Արուսեակի պատասխանը, զոր մերժողական կը համարէր ինչպէս որ ալ արդէն կը յուսար իրաւունք տուաւ աղջկանը։ Քանի մը օր ետքը Ագրիպ էֆէնտիի հաղորդեց իրեն ըսուածը, որ էր ձմրան ձգել վերջնական կարգադրութիւնը։
       —Շատ աղէկ, շատ աղէկ, պատասխանեց Ագրիպ էֆէնտի։ Բայց մեծ տարբերութիւն մը կար ներքին զգացումներուն եւ արտաքին արտայայտութեանցը միջեւ։ Իրեն այնպէս երեւցաւ, թէ աղջկանը կողմէ մերժողական մըն էր։ Առաջին անգամ ըլլալով կասկած ունեցաւ, թէ ան տղան գլխէ կը հանէ իր սիրածը, եւ Տիրան էֆէնտի ալ դաւակից է։
       Զայրոյթը ծայայեղ էր, բայց յաղթանակը տանելու համար ալ հաստատ որոշումը տուաւ։