Հոգու զաւակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ի
       Տենդոտ, ջղային էր Արուսեակ՝ մօրը պատասխանին սպասած քանի մը օրերը։ Իրիկուն մը եկաւ այդ պատասխանը՝ երբ մէկտեղ էին երեքը։ Արուսեակ տեսաւ զայն. իր կեանքի վճիռը պարունակող փակ պահարանն էր, երեսին գոյնը այլափոխուեցաւ։ Տիրան էֆէնտի առանց բան մը ըսելու՝ նամակը գրպանը դրաւ ու քիչ մը ետքը մեկնեցաւ անոնց քովէն։ Վերադարձը երկար չտեւեց. երբ ներս մտաւ, Արուսեակի աչքերը անոր դէմքին վրայ էին՝ գուշակութիւն մը ընելու անձկութեամբ։ Նաւարեան այդ մէկ քառորդին մէջ զգաց, թէ բան մը կը դառնայ, եւ իր ներկայութիւնը կը նեղէ զիրենք, ուստի մնաք բարով ըսելով մեկնեցաւ։ Երբ մինակ մնացին, Տիրան էֆէնտի առած նամակը տուաւ Արուսեակին։
       Շատ տակնուվրայ եղած էր խեղճ կինը եղբօր գրածներէն։ Տարի մըն էր, որ ինքն ալ վախի մէջ էր. աղջկանը վրայ «բան մը չէր դնէր», բայց երիտասարդ էր, արիւնին տաք ատենն էր, ու միշտ միտքը բերած էր այդ վիճակին մէջ գտնուող ուրիշ մէկ քանի երիտասարդ աղջիկներու դժբախտութիւնը։ Սրտադողով կը սպասէր արդէն նամակներուն։ Տան բժիշկը իրենց երթալէն յետոյ ըսած էր, թէ որչափ կարելի է շուտ կարգէ աղջիկը։ Հիմա ի՛նչ ըսէր. «զաւակը հրամանքինդ է». ինչ որ օգտակար կը տեսնէր անոր դէմ ինք ըսելիք մը չունէր. ամէն բանէ առաջ աղջկանը կեանքը իրեն պէտք էր։— Աստուծոյ կամքն այսպէս է եղեր։— Այս հինգ բառին մէջ կ՚ամփոփէր, առանց զգալու սրտին բոլոր դառնութիւնը եւ համակերպութեան աստիճանը։— Ինքն աս ձմեռ Եւրոպա չէր կրնար գալ. թող իրենք հանգիստ ըլլան, գարնան կը մտածէր։
       —Չըսի՞ քեզի, թէ քոյրս բարի սիրտ ունի եւ խեղճ կինը քեզ չի զոհեր ընտանեկան նկատումներու։ Ա՛լ ուրեմն կեանքիդ տէրն ես, առանց ո՛ եւ է խղճահարութեան։
       Այդ րոպէին Արուսեակի մօրը համար զգացած սէրն այնքան ուժգին էր, որ կրնար մրցումի մէջ մտնել Նաւարեանի համար տածած զգացումներուն հետ։
       Շատ քիչ քնացաւ Արուսեակ նոյն գիշերը։ Միւս օրը Տիրան էֆէնտի վանք գնաց եւ Արուսեակ ու Նաւարեան ալ Լիտօ, ուրկէ երեքը ետքը միանալով, մէկտեղ պիտի վերադառնային։
       Արուսեակ ու Նաւարեան կը քալէին Լիտօյի գեղեցիկ ծառուղիներուն մէջ, լռին, անձայն, երկուքն ալ իրենց մտածութիւններուն անձնատուր։ Հասան ծովեզրը, հոն, ուրկէ Ադրիականը լայնարձակ կը պարզուէր իրենց առջեւ. աւազներու վրայ երկու մեծ քար իրենց հանգստարան եղան։
       Արուսեակ պտոյտէն, յուզմունքէն շատ ոգեւորուած էր, ու երբեք այնքան սիրուն չէր երեւցած Նաւարեանի աչքերուն։ Կը նշմարէր երիտասարդը, թէ այդ աղջիկը երբեք այդքան լուռ չէր եղած, եւ ոչ ալ այդքան մտազբաղ։ Օ՜հ, անոր սրտին մէջ չէր, որ տեսնէր ի՛նչ պայքար կը մղուէր հոն։ Արուսեակ գիտէր, թէ Նաւարեան իր սէրը պիտի չյայտնէր իրեն, անոր դիրքը չէր ներեր փափկանկատութեանը՝ կատարել առաջնութեան պարտականութիւնը։ Ուրեմն իրեն կը մնար պարզապէս Նաւարեանը ամուսնութեան խնդրել։ Այդ գաղափարը զինքը կը ծիծաղեցնէր. կարելի՞ բան էր. բայց ինչո՞ւ չէ, եթէ պիտի յաղթենք ամէն նախապաշարումի, ուրեմն եւ չենք կրնար ընդունիլ, թէ միայն էրիկ մարդը իրաւունք ունի աղջկան մը իր սէրը յայտնելու։
       Այս մտածութիւնը որչափ որ շատ ուղիղ կ՚երեւէր Արուսեակի, բայց եւ այնպէս բնածին զգացում մը կը տառապեցնէր զինքը։
       Երկուքն ալ կը մտածէին աչքերնին հառած ծովուն վրայ, երբ Արուսեակ խզելով լռութիւնը, ըսաւ.
       —Ի՞նչպէս, քիչ մը Հալքիի յիշատակները միտքդ չի՞ բերեր այս ծովը, տեսարանը։
       Նաւարեան մէկէն ի մէկ ցնցուեցաւ. քսան օր է այս առաջին անգամն էր, որ Արուսեակ ակնարկութիւն մը կ՚ընէր իրենց առաջին կեանքին։ Աղջիկը շարունակեց։
       —Ի՜նչ երջանիկ օրեր էին, ինծի համար գէթ։
       —Եւ ինծի համար։
       —Բարեկամս, կ՚ուզե՞ս, որ այդ երջանկութիւնը միշտ պահենք։
       Նաւարեան տրտում ժպիտով մը.
       —Անցեալը անցեալ է, ըսաւ, ես անոր յիշատակներովը միայն կրնամ ա՛լ ասկէ ետքը ապրիլ. աշխատութեան եւ պարտականութեան մէջ փնտռելով մոռացում, եթէ երբեք կարելի է, եւ զօրութիւն, որ միշտ կարելի է։
       —Մօրեղբայրս, մայրս չափազանց գոհ պիտի մնան, եթէ դուն ու ես երջանիկ ըլլանք մէկտեղ։
       Արուսեակ ասկէ աւելի փափկութեամբ չէր կրնար հասկցնել, թէ ընտանիքը ո՛ եւ է արգելք չունէին՝ ընկերային նախապաշարումներէ դրդուած։
       —Հեռու Պոլսէն, միշտ օտար երկրի մէջ. ի՜նչ խաղաղաւէտ ու երջանիկ կ՚ըլլանք։
       —Հեռո՞ւ Պոլսէ՞ն, խաղաղաւէտ կեա՞նք։ Օ՜հ, չէ՛, ե՛ս կը զգամ թէ հանգիստ, հանդարտ ապրելու համար չեմ ստեղծուած, ու պարտականութիւնս զիս Պոլիս կը կանչէ։
       Այդ պատասխանին չէր սպասեր Արուսեակ, զարմացումով եւ միանգամայն հիացումով հարցուց.
       —Անդրդուելի՞ է որոշումդ։
       Անդրդուելի։ Մեծ վատութիւն մըն է ինծի համար փախչիլ այն դաշտէն, ուր սկսած էի կռուիլ եսականութեան, շահամոլութեան նախապաշարումներու դէմ։ Չէ՛, անկարելի է, որ բարեկամներս միայնակ ձգեմ ստորաքարշ լրբենիներու դէմ, ու ես հանգստաւէտ կեանք մը վարեմ. ո՞չ ապաքէն վիճակակից կ՚ըլլամ անոնց. զոր այնքան կ՚արհամարհեմ։ Տարի մըն է, Արուսեա՛կ (առաջին անգամն էր, որ այդ անունը այսքան պարզօրէն կը թռչէր), որ մեծ մտատանջութիւն մը զիս կը տառապեցնէր. կը պատրաստեմ գործ մը, որ եթէ գրական մեծ արժանիք ալ չունենայ, գէթ պիտի կրնայ սփոփանք մը ըլլալ վիրաւորուած սրտերու, զայրացած հոգիներու, եւ աջակցութիւն մը՝ գաղափարի մարտը մղողներուն։ Սակայն տարակոյսը միտքս կը պաշարէր. արդեօք իտէալական իւթոբի՞ մըն է յուսալ, թէ մարդիկ կրնան կատարելապէս ազնիւ ըլլալ, վեր բարձրանալ այն ամէն եսական նկատումներէն, որոնց յենարանը նախապաշարումն է ու շահամոլութիւնը։ Դուն, մօրեղբայրդ, մայրդ փարատեցիք այդ տարակոյսներս։ Հիմա պիտի կրնամ աւելի զօրացած հաւատքով աշխատիլ, գիտեմ թէ իւթոբիի մը ձգտող չենք։ Շատ բան ըրած եղաք դուք ինծի, շնորհակալ եմ, ալ աւելին չեմ պահանջեր։
       —Պահանջո՞ւմ։ Օ՜հ, չէ՛, հիմա քու կարճ խօսքերէդ կը տեսնեմ, որ ես պիտի ըլլամ պահանջողը։ Անձնուիրութիւնդ պիտի պահանջեմ կեանքիս համար։ Վրադ բռնանալու իրաւունք մը չես տուած ինծի, միայն կ՚ըսեմ. քեզ երջանիկ պիտի ընեմ, ձեռքս ձեռքիդ մէջ, ուր որ կ՚ուզես՝ միասին հոն կ՚երթանք։
       Նաւարեան ձեռքը երկնցուց եւ Արուսեակի ձեռքն առնելով՝ առաջին համբոյրն դրաւ։