Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀԱՅ ՄԻՏՔԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ
       ՄՈՒՏՔ
       Այս ձեռնարկը հիմնական խնդիր մը կ’որոշադրէ եւ կ’որոնէ անոր լուծումը։ Այս խնդիրը հայ միտքին ընդհանուր միութեան, այսինքն մեր մշակոյթին խնդիրն է։ Արդ, երբ մեր առջեւ խնդիր մը դրուած է եւ մենք կ’որոնենք անոր լուծումը, արդար է ու խոհեմ՝ ինքզինքին հարցնելը. - այս խնդիրը իրակա՞ն խնդիր մըն է եւ իրապէս գոյութիւն ունի՞ մեր կեանքին մէջ, թէ անոր լուծումը մեզի առաջարկողը, զայն մեզի ներկայացնելով, կը զուարճանայ միայն։ Յետոյ, նոյնքան արդար է եւ խոհեմ գիտնալը՝ թէ այս խնդիրը ճիշդ եւ ամբողջ կերպո՞վ տրուած է։ Ու աւելի յետոյ, պէտք է գիտնալ նաեւ թէ, երբ մենք զայն լուծելու կ՛աշխատինք, ի՞նչ է մեր նպատակը. - ժամա՞նց մը, գլխապտոյտ տուող ներշնչո՞ւմ մը, ցանկաբորբոք կարկամութի՞ւնը մեր բնազդին վաղացրիւ խոյանքներուն թէ պատասխան մը, ճի՛շդ, անառարկելի ու վերջնական։
       Այսօր, մեր գոյութիւնը բազմաթիւ եւ բազմազան խնդիրներու հանգոյցի մը վերածուած է. - Այսպէս. հայ- մարդուն համար խնդիրներ են իր հայրենիքը, իր ազատութիւնը, իր ազգութիւնը, իր հայութիւնը, իր մարդկութիւնը, իր մշակոյթը, իր դաստիարակութիւնը, իր գրականութիւնն ու իր շրջափոխութիւնը, իր աւանդութեան պահպանումն ու իր գոյութիւնը, իր լեզուն ու իր սեփական տեւողութիւնը։ Աւելի՛ն, հայ- մարդը, ինքն իսկ, իրեն համար իսկ, խնդիր մը եղած է այսօր։ Ու ան պղտորօրէն, տարտամօրէն, ցաւագինօրէն կը զգայ այս բոլոր խնդիրներուն ծանրութիւնն ու դաժանութիւնը իր մէջ, ու իր մէջ ներկայիս չափազանցօրէն զարգացած քննադատական ոգին, այս խնդիրներուն լուծումին անգիտակից, խուլ ու անկազմակերպ աշխատանքն է միայն եւ ուրիշ ոչինչ։
       Բայց ի՞նչ է խնդիր մը եւ ե՞րբ գոյութիւն ունի անիկա։
       Խնդիր, կը նշանակէ մտատանչութիւն մը նախ՝ որ յառաջ կուգայ բացակայութենէ մը, այսինքն բանէ մը, որ կը պակսի, որ կենսական է, որ չկայ։ Յետոյ, անիկա կը նշանակէ անձկախռով որոնումը նոյն այս բացակայ իրականութեան, որ կայ ու չկայ, որովհետեւ միշտ կը փախչի մեր կարկառումին առջեւէն եւ որ այլեւս ոչինչ կը հրամայէ մեզի։ Օրինակ. յաւիտենական խնդիր մըն է մարդուն համար ճշմարտութիւնը, որ մտահոգութիւն մըն է, բացակայութիւն մըն է, պակաս մըն է միշտ, որ կայ ու չկայ միշտ, որ միշտ կը խուսափի, որ ոչինչ կը հրամայէ մարդուն, որ իրական է եւ անիրական եւ զոր մարդը մի՛շտ կ’որոնէ, անձկութեամբ ու անդոհով։ Առողջ մարդուն համար խնդիր մը չէ իր առողջութիւնը, որ կը գործէ բնականօրէն իր մէջ, ինչպէս հաւատացեալին համար խնդիր մը չէ զԱստուած։ Անոնք իրական եւ լիակատար ներկայութիւններ են, զորս մարդ անմիջապէս եւ ստգութեամբ կը ճանչնայ ու ինքնաբերաբար կը հնազանդի անոնց։
       Բայց մարդուն համար իր առողջութիւնը խնդիրի մը կը վերածուի, երբ անիկա իր բնականոն գործունէութիւնը կը կորսնցնէ, այսինքն կը խախտի, մարդուն յօրինուածքին մէջ, անոր վեհապետական կարգը, ինչպէս Աստուած խնդիրի մը կը վերածուի, երբ մարդ կը կորսնցնէ իր հաւատքը։ Ուրեմն, կամ Աստուած ներկայ է ու ամէ՛ն ինչ իր կարգին է եւ խնդիր չկայ, կամ բացակայ է ու խնդիր մը ծնունդ առած է մարդուն մէջ եւ մարդուն համար։ Կամ առողջութիւնը ներկայ է ու խնդիր չկայ եւ կամ առողջութիւնը կորսուած է ու խնդիր մը երեւան եկած՝ մարդուն մէջ։
       Աւելին։ Ինչ որ իրական խնդիր կը կոչեմ չէ այն խնդիրը՝ զոր մարդուն միտքը կը հնարէ, յանուն որեւէ բարեկարգութեան մը, այլ այն խնդիրը՝ որ ինքնաբերաբար երեւան կուգայ, որ արդէն գոյութիւն ունեցող կարգ ու սարքին սահմաններէն դուրս կը յորդի, հեղեղի մը նման ու կը մաշէ, կը քանդէ նոյն այս կարգ ու սարքին հիմերը։ Իրական խնդիրը միշտ բիրտ է ու ինքզինքը կը պարտադրէ մարդուն միտքին միշտ բռնութեամբ ու նոր եզրերով եւ իր լուծումին համար միշտ նոր եւ բուռն եզրեր կը պահանջէ։ Ուրեմն, իրական խնդիրը միշտ տագնապ մըն է զոր մարդ կ’ապրի ողբերգական զգացումով մը եւ իր հետեւանքներուն մէջ միշտ, երբ ո՜ւշ է արդէն, երբ անիկա սկսա՜ծ է արդէն։ Հայ միտքին ընդհանուր միութեան խնդիրը, հայ միտքին ընդհանուր միութեան տագնապն է, ուրեմն։
       ***
       Ինչ որ հայ միտքին ընդհանուր միութիւնը կոչեցի, կոչեցի նաեւ մե՛ր մշակոյթը։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ մեր մշակոյթը, իրապէ՛ս, մեր միտքին միութիւնն է, ըլլալով անոր ինքնութիւնն իսկ։ Յետոյ, որովհետեւ այսօր, մեր ժողովուրդը ցրուած է երկիրէ երկիր, ժողովուրդէ ժողովուրդ, քաղաքակրթութենէ քաղաքակրթութիւն եւ լեզուէ լեզու ու այս արտաքին բաժանումին կողքին, կայ նաեւ ներքին բաժանումը. - կուսակցութիւնները, յարանուանութիւնները, ո՛չ- կուսակցական զանգուածները, եւ մանաւանդ անհամար ու այլազան միութիւնները՝ որոնց բոլորին ալ գաղափարաբանութիւնները տարբեր են իրարմէ եւ այս տարբերութիւնները ո՛չ թէ զիրար կը լրացնեն այլ կ’ընդդիմանան իրարու։ Ու անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական ու մասնայատուկ շահերն է, որ կը հետապնդէ։ Զանոնք իրարու կապող, այսինքն անոնց մէջ միութիւն մը ստեղծող եւ անոնց իւրաքանչիւրին ու բոլորին հիմնական ինքնութիւն մը շնորհող միակ իրականութիւնը, մեր մշակոյթն է։ Մեր մշակոյթն է, որ զանոնք հայ- մարդեր ըրած է ու կ’ընէ եւ ոչ թէ անոնց քաղաքական, գեղարուեստական, կրօնական ու ընկերային գաղափարները՝ որոնցմով եւ որոնց համար անոնք կը կռուին իրարու դէմ։
       Այս կացութիւնը յար եւ նման է մեր պատմական մէկ իրականութեան։ Մեր նախարարներն ալ, իւրաքանչիւրը իր կալուածին մէջ, լեռներով ու ձորերով բաժնուած իրարմէ, իւրաքանչիւրը իր տեղական եւ մասնայատուկ շահերով անջատուած, իր սեփական քաղաքականութիւնը կիրարկելով հանդերձ, մեր մշակոյթով միայն կապուած էին իրարու, մեր մշակոյթով միայն միութիւն մը ունէին եւ որով հայ ժողովուրդը կը կազմէին։ Ու մշակոյթը միայն կրօնք եւ լեզու չէր անշուշտ անոնց համար, ինչպէս միայն կրօնք ու լեզու չէ մեզի համար։
       Արդ, այս միութիւնը որ հայ ժողովուրդին առողջութիւնն իսկ է, խաթարուած է ներկայիս, ուստի դադրած է հայ ժողովուրդին վեհապետական կարգն ըլլալէ, իր լիակատար ներկայութեան մէջ, քանի որ անոր ո՛չ ոք կը հնազանդի եւ ո՛չ ոք կը ճանչնայ զայն՝ իբրեւ ներքին վեհապետութիւն մը եւ կը հպատակի անոր, գործնականօրէն։ Ու հայ- մարդը իր էութեան մէջ իսկ կը զգայ ու կը հաստատէ այս խաթարումը, ինչպէս մէջը իր գոյութեան, անձնապէս եւ ուղղակի, նման մարդու մը որ կը զգայ ու կը հաստատէ խաթարումը իր սեփական առողջութեան։ Ու ասիկա՝ որովհետեւ այս խաթարումը, այսինքն այս տագնապը, այսինքն այս խնդիրը, իր էութենէն իսկ կը բխի ու կը տարածուի իր գոյութեան մէջ։ Ընդունիլ ու խոստովանիլ գոյութիւնը այս խնդրին, արդէն զայն լուծելու աշխատիլ կը նշանակէ ու զայն լուծելու աշխատիլ՝ անոր լուծումը նախզգալ։
       Այս լուծումին համար մեր ընտրած մեկման կէտը առաջնակարգ կարեւորութիւն մը ունի։ Առանց կանխաւ մեր ըսածին ու ըրածին հիմնաւոր հանգամանքին եւ տոկունութեան վրայ վստահ ըլլալու, մենք իրաւունք չունինք ենթադրութիւններ ընելու։ Մեր մեկման կէտը պէտք չէ, որ պարունակէ նախակարծեցեալ տուեալներ՝ զորս մեզի համար անկարելի ըլլայ քննադատական քննութեան մը ենթարկել։ Յետոյ, մեր մեկման կէտը բնաձիր յատկութիւն մը պէտք է ունենայ, ուր մեր որոնածը առաւելագոյն իրականութեամբ, պարզութեամբ եւ յստակութեամբ ներկայանայ մեզի։ Աւելին. անհրաժեշտ է որ մեր մեկման կէտը փորձառութիւն մը ըլլայ եւ ո՛չ թէ գաղափար մը կամ յղացք մը. Բնակցեալօրէն ներքին ու արտաքին փորձառութիւն մը հայ մարդուն համար։ Ու վերջապէս, պայման է որ անիկա ըլլայ մատչելի ամէ՛ն հայ- մարդու եւ ո՛չ թէ միայն մենաշնորհը ոմանց, որպէսզի անոր գոյութիւնը ո՛չ ոք կարենայ ուրանալ կամ ժխտել։ Այլ ընդհակառակը, ամէն մարդ զայն զգայ, կրէ՛ իր մէջ ու իր վրայ եւ վաւերացնէ զայն։ Ուստի, մեր մեկման կէտը, մեզի համար անխուսափելի տուեալ մը պէտք է ըլլայ։
       Ամէ՛ն մշակոյթ, ամէն բանէ առաջ, ոգեկան, մտաւորական եւ բարոյական իրականութիւն մըն է, եւ մարդուն մտաւորական, բարոյական ու ոգեկան կեանքին սկզբնական գործիքը՝ մարդուն լեզուն։ Ուրեմն, մեր մեկման կէտը պիտի ըլլայ հայ- մարդն ու իր լեզուն, այսինքն՝ տրամախօսութիւնը։
      
       ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆ. - (1)
      
       Մեր մէջ, դեռ կարգ մը երանելի արարածներ կան, ընդհանրապէս բարձր եկեղեցական, հարուստ ու ազգային իշխանաւոր, որոնց համար ո՛չ մեր մշակոյթը եւ ոչ ալ այն բաները զորս յիշեցի, խնդիրներ չեն։ Ու անոնք խնդիրներ չեն, որովհետեւ երբե՛ք կենդանի իրականութիւններ չեն եղած այս երանելի արարածներուն համար, այսինքն իսկապէս մաս չեն կազմած իրենց գոյութեան նախ։ Ու յետոյ, իրենց գոյութիւնը, իր հիմնական, նախնական, էական տարրերով, մեր ժողովուրդին ներկայ գոյութեան հետ որեւէ հանգիտութիւն եւ առնչութիւն չունի։ Այս երանելի արարածներուն անասունի լաւատեսութիւնը կ’արտայայտուի սա՛ տեսակ խօսքերով. - «Մեր ժողովուրդը դարեր ապրած է ու դարեր ալ պիտի ապրի դեռ»։ Կամ «Ո՞ւր են Ասորեստանը, Բաբելոնը…» մնացեալը գիտէ…։ «Մեր ժողովուրդը մի՛շտ յաղթած է բոլոր չարիքներուն ու պիտի յաղթէ միշտ…»։ Այս լաւատեսութիւնը անգիտակցութենէ մը աւելի բան մըն է զոր անկարող եմ որակելու։