8.
ԴԵՂԻՆ
ՎԱՐԴԵՐ
Դեղին
վարդեր
մայիսի,
Բուրումներով
խնկաւէտ,
Թալկութեան
մը
մէջ
յաւէտ
Կը
տժգունին
մեկուսի:
Հէք
սիրտերու
մըտերիմ,
Տժգո՜յն
վարդե՜ր
մայիսի,
Հեշտ
նազանքով
մը
կոյսի,
Ու,
հատնումէն
ոխերիմ,
Կու
լան:
Հեւքով
նըւաղկոտ
Եղկ
բուրում
մը
կը
խուսի
Տժգոյն
վարդէն
մայիսի.
Ու
կանգ
կ'առնէ
իսկոյն
հոտ:
Լըքուած
հոգին
մեկուսի,
Որ
կը
մըխայ
անտերունջ,
Մինչեւ
խամրի
ալ
անշունչ
Վարդերուն
պէս
մայիսի:
1903