27.
ԱՂԵՐՍԱՆՔ
Կաթեցուր
հոգւոյս
մէջ
յոյզը
կեանքին,
Դո՜ւն,
երազներու
ծաղիկ
դողդոջուն.
Դո՜ւն`
որ
գիշերին
մէջէն
մըթագին
Հծծեցիր
պարերգն
իմ
տենչանքներուն:
Դո՛ւն`
որ
ժըպտեցար,
դուն`
որ
կը
ժպտիս,
Ինծի
տուր
կաթը
խանդաղատանքին.
Կիրքե՛ր
տո՛ւր
հոգւոյս,
հըրայրքներ
սրտիս,
Տենդոտ
պահերու
յուզմունքներն
հեշտին:
Նոր
բարբառումներ
ու
հոգւոյ
համբոյր,
Նոր
նոր
կսկիծներ
ու
ցա՜ւ
տուր
ինծի.
Վարդաւէտ
ցոլքով
ծաղկին
հեշտաբոյր
Թող
որ
շուրջն
հըրուտ
երազանքս
յածի:
Պահե՛ր
մոլուցքի,
տենդի
վայրկեաննե՛ր,
Տո՛ւր
ինձ
երազին
ոսկելար
նարօտ.
Երջանիկ
ըրէ
սիրտս`
որ
լըռին
էր,
Եւ
կեանքս`
որ
հիմակ
յոյզի
է
կարօտ:
Կաթեցո՛ւր
հոգւոյս
մէջ
յոյզը
կեանքին,
Դո՛ւն,
երազներու
ծաղիկ
հեշտալիր,
Դո՛ւն`
որ
գիշերուն
մէջ
հեծեծագին
Կեանքի
վարդենիքն
ինծի
ցուցուցիր…