11.
ԲԱԺՆՈՒԱԾ
ՍԻՐՏԵՐ
Հեւքոտ
շունչեր
կու
գան
ման,
Ու
հըրճուանքով
կը
ժըպտինք.
Կ'երկնեն
կապոյտ
մ'աննըման
Բիլ
ծովն
անհուն
ու
երկինք:
Եւ
բուրումներ
կու
գան
ման,
Ոգեւորում
մը
հեշտին
Արբշըռանքով
մը
յուզման
Կ'ամոքէ
վէրքը
վըշտին:
Հոգիս
ունի
խինդն
այգուն,
Ու
դայլայլը
թըռչունին.
Սիրտըս
քընար
մ'է
անքուն
Որուն
երգեր
ցաւ
չունին:
*
*
*
Երազի
մը
պէս
գացին,
Տարիները
սահեցան
Այն
օրէն`
երբ
ըզգացին
Սիրտեր
ցունցը
բաժանման:
Երբեմն
արցունք
մը
ցաւի,
Զիս
վըրդովեց
խըռովքով.
Երբեմն
ալ
յոյս
մը
ծաւի
Շողաց
հոգւոյս
մութին
քով:
Բաժանումէն
վերջ,
իրա՛ւ,
Ի՜նչ
գորովով,
ի՜նչ
խանդով
Կը
փարին
սիրտեր,
ծարաւ`
Միացումին
հեշտանքով:
*
*
*
Երազանքներ
զիս
կ'օրրեն
Օրօրումով
մը
հանդարտ.
Հեռուն
լեռնէն,
ձորերէն,
Միշտ
կը
յառիմ
ես
անթարթ,
Ծածանումիդ
մօտալուտ
Յոյսերովը
մոլորուն,
Տենդով
կըսպասեմ
գալուդ,
Ցընծումին
մէջ
երգերուն:
Ալ
սիրտս
ունի
խինդն
այգուն,
Ու
դայլայլը
թըռչունին.
Հոգիս
քընար
մ'է
անքուն
Որուն
երգեր
ցաւ
չունին:
Կ.
Պոլիս