Այլ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
25. ԻՐԻԿՈՒՆԸ
       Ածուներուն մէջ հիրերուն քընքոյշ
Կը վարանի հուսկ հըմայքն հոտեւան.
Պերճ ցոլք մ'արեւէն կը գըգուէ անոյշ
Փայփալանքներով ծաղիկն իրիկուան:
       Խանդաղատանքի մէջ, ցոլք ու ծաղիկ,
Բաժանումներու ցաւին անգիտակ,
Արբշիռ փարումով սիրոյ խաղաղիկ
Վայելքին թովքը կ'ըմպեն անուշակ:
       Ու մէկը չըսեր անոնց, “Իրիկուն
Պիտի ընէ ձեր գըգուանքին վրան”.
Կ'անհետի ցոլքը մութին մէջ, նըկուն,
Ու կը թարշամի ծաղիկն հոտեւան:
       Բերա