24.
ՍՊԱՍՈՒՄ
Բողբոջ
տենչեր
բիւրաւոր,
Արագ
արագ
կ'անհետին,
Ըսպասումէն`
մինչեւ
որ
Մինակ
մընամ
ես
մըթին
Խոհերուս
մէջ
տարուբեր:
Եւ
ալեկոծ,
փոթորկոտ
Մըտածումներ
զիս
յանկարծ`
Յորձանքներով,
հիւանդոտ
Երազանքով
մըշտարծարծ,
Կը
պաշարեն
տըխրաբեր:
Հեւքոտ
ծովուն
փըրփուրին,
Կամ
եզերքին
ես
յառած ,
Հորիզոնէ՜ն
ալ
անդին,
Սիրականիս
հեռացած
Ուրուականը
կը
տեսնեմ:
Բայց
կ'ուշանա՛,
ան
չի՜
գար,
Ինչպէս
այսօր
ու
վաղն
ալ,
Եւ
հատնումով
ցաւագար,
Կը
թըւիմ
խենթ
մը
դառնալ
Ցընորքներու
մէջ
դըժխեմ: