2.
ՍԻՐԵՐԳ
Գիշերն
անոյշ
է,
գիշերն
հեշտագի՜ն,
Հաշիշով
օծուն
ու
բալասանով.
Լուսեղէն
ճամբէն
ես
կ'անցնիմ
գինով`
Գիշերն
անոյշ
է,
գիշերն
հեշտագի՜ն…
Համբոյրներ
կու
գան
հովէն
ու
ծովէն,
Համբոյր`
լոյսէն,
որ
չորս
դիս
կը
ծաղկի,
Այս
գիշեր
Տօն
է
հոգւոյս`
Կիրակի՜,
Համբոյրներ
կու
գան
հովէն
ու
ծովէն:
Բայց
լոյս
իմ
հոգւոյս
քիչ
քիչ
կը
մաշի՜,
Շրթունքս
են
ծարաւ
միակ
համբոյրին…
Ցնծագին
գիշերն
է
լոյս
ու
լուսին`
Բայց
լոյսն
իմ
հոգւոյս
քիչ
քիչ
կը
մաշի…