Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

VI
Արաբները Հայաստան կը մտնեն. Մուհամմէտ եւ իսլամական կրօնը. Մահմետականութեան ձգտումներն ու յատկանիշները. Տիրապետական ազդակներ. Մահմետական արշաւանք. Խալիֆայութիւններ. Արաբները՝ Արաբիայէն դուրս. Հայաստանը առաջին ռազմավայր. Քրիստոնէութիւնը արեւմտեան կրօնք եւ իսլամութիւնը՝ արեւելեան։

Ըսինք՝ թէ Հայաստանի ճակատագիրը կը փոխուէր, երբ արաբական բանակները Պարսկաստանը նուաճելէն վերջը կը մտնէին Հայաստան։ Արաբացիներ սուրի ու զէնքի միջոցաւ կը տարածէին մահմետականութիւնը ամեն կողմ։ Անոնց առաջին ենթականերէն ելաւ Պարսկաստանը։ Սասանեան վերջին թագաւորը, Յազկերտ Գ., շուարած բոլորովին նոր կրօնքի մը անունով իր պետութեան ու կալուածներուն վրայ խուժող այս թշնամիներէն, փախաւ եւ թողուց որ անոնք սանձարձակ տիրեն իր երկիրներուն։ Արաբացիներու ընելիքը պարզ էր։ Նուաճել Արեւելականութեան հին ներկայացուցիչը, Մազդեզականութեան պաշտպան թուլացած Պարսկաստանը եւ անոր աւերակներուն վրայ կանգնել մահմետական աշխարհը, թարմ ու եռանդալից։ Հայաստան, թէեւ պարսկական նահանգ մը, մնացած էր բոլորովին անտէր ու անխնամ։ Վարդանանց ու Վահանի պատերազմներէն վերջ մարզպաններ ու կիւրապաղատներ իրարու յաջորդած էին։ Եւ Թէոդոտոս Ռշտունի քաջ իշխանը վերջին անգամ երբ հազիւ կ’աշխատէր երկիրը խաղաղեցնել, ահա Հայաստանի սահմաններուն կը մօտենային արեւելեան նոր թշնամիներ։ Հայ ժողովուրդը կրկին ասպարէզ կը կանչուէր, պարագաներու բերմամբ, իր պատմական դերը ստանձնելու եւ շարունակելու Փոքր Ասիոյ մէջ։ Քաղաքակրթական ընդունակութիւններով լեցուն ժողովուրդ մը, իր արեւմտեան աշխոյժ ոգիով, հրաժարեցաւ հայրենի հեթանոսական կրօնէն եւ դարերով առանձինն պայքարեցաւ՝ իրմով, ի՛ր նահատակութիւնով պահպանելու համար Արեւելքի, Ասիոյ մէջ՝ Արեւմտականութեան ոգին, այժմ կրկին իր ուսերուն վրայ կ’առնէր խաչ մը, որ իր կարողութեան չէ՛ր համապատասխաներ։ Հայ ժողովուրդը արդէն փայլուն ապացոյցը տուած էր իր հաւատարիմ արեւմտականութեան։ Սոսկալի հալածանքներէ վերջ իսկ իր յարաբերութիւնը կտրած բոլորովին արեւմտեան բոլոր եկեղեցիներէն, ան պահպանեց ու մեծցուց քրիստոնէական կրօնը, հաւատարիմ Ե. դարու իր զարգացական ուղիին եւ աւանդութիւններուն։

Կարգը Հայաստանի՛նն էր։

Արաբական բանակները, Պարսկաստանի գրաւումէն վերջ, Մուհամմէտի յաջորդող առաջին չորս կատարեալ խալիֆաներէն երկրորդին Էօմէրին (634-644) օրով, Աբդըրրահման զօրապետին առաջնորդութեամբ 18, 000 զօրքերով Ասորեստանի կողմէն յարձակեցան եւ առանց արգելքի մինչեւ Տարօնի գաւառը հասան։ Ո՞վ պիտի դիմադրէր արդէն։ Հայաստանը, ինչպէս միշտ, նոյնպէս ալ այս ժամանակ միաձոյլ քաղաքական իշխանութիւն մը եւ ոյժ մը չէր ներկայացներ։ Այս նորեկ աշխարհակալները ամեն կողմ կ’աւրէին, կ’աւրշտկէին անխնայ կոտորելով ազգաբնակչութիւնը։ Տիրան Մամիկոնեան զուր տեղը հայ իշխանները կը հրաւիրէր իր շուրջը՝ միասնաբար կռուելու համար թշնամիին դէմ։ Ո՛չ մէկ արձագանգ իր հայրենասիրական հրաւէրին։ Վերջապէս միայնակ ստիպուեցաւ ճակատիլ արաբներուն դէմ՝ 8, 000 քաջերով, բայց շնորհի՛ւ Սահուռ Անձեւացի իշխանին դաւաճանութեան, յաղթուեցաւ ու նահատակուեցաւ։ Աբդըրրահման առաջ քշեց իր զօրքը, պաշարեց Դուին քաղաքը, այրեց, աւերեց, ջարդեց ու 35, 000 մարդ գերի քշեց Արաբիա։ Ասիկա փորձ մ’էր միայն։ Արաբացիները երկրի դրութեան ծանօթանալէ վերջ ետ քաշուեցան եւ երկրորդ անգամ ահեղ պատրաստուեթամբ յարձակեցան Հայաստան՝ թշուառութիւն, հուր եւ սուր սփռելով ամէն կողմ, տիրեցին Արարատեան աշխարհին եւ Հայաստանի տէր հռչակեցին ինքզինքնին, մինչեւ որ Հայերը, Յոյներէն յուսակտուր, հարկադրուեցան բանակցութեան մտնել Օսման ամիրապետին հետ եւ հպատակիլ անոր (647)։ Ասով չվերջացաւ սակայն։ Յոյներն ալ պահանջող էին որ Հայերը իրենց հպատակելու խոստում տան։ Ի՞նչպէս ազատուիլ այս երկսայրի դրութենէն։ Հայոց աշխարհը դարձաւ «գժտութեան խնձոր»ը Արաբներուն եւ Յոյներուն միջեւ, որոնք երկար ատեն պայքարեցան իրարու հետ, Հայաստանի հողին վրայ, ոտնակոխ ընելով ամբողջ երկիրը։ Արաբներուն ազդեցութիւնը աւելի զօրացաւ տակաւ եւ Յոյներու զօրքերը քաշուեցան Հայաստանէն՝ ժամանակաւոր կերպով անշուշտ, վասնզի Աշխարհագրութիւնը վճռեր էր որ Հայաստանը մրցման ու կռիւի ասպարէզ ըլլալէ չդադրի։ 693ին Հայերը վերջապէս Արաբացիներու տիրապետութեան ենթարկուած էին։

Հասկնալու համար մահմետականութեան ընդհանրապէս եւ Արաբներուն մասնաւորապէս ձգտումն ու յատկանիշները, անհրաժեշտ է ճանչնալ Մուհամմէտն ու իսլամական կրօնը, որոնք արաբական արշաւանքներու եւ տիրապետութեան բարոյական ազդակն ու շարժառիթն էին մանաւանդ։

Այն անձը, որ Արեւելեան խնդիրը կամ Արեւելքի ու Արեւմուտքի պայքարները փոխադրեց տարբեր գետնի մը վրայ, Մուհամմէտն է, այն մեծ կրօնական-հիմնադիրը որուն ազդեցութիւնը աշխարհի ու արեւելեան քրիստոնեայ ժողովուրդներու ճակատագրին մէջ՝ մեծ է։ Ո՛չ մէկ աշխարհակալ կրցած է աւելի մեծ ազդեցութիւն ստեղծել միջաշխարհային ընդհանուր հոսանքներուն մէջ, որչափ իսլամական կրօնքին այս հիմնադիրը [1] ։

Մուհամմէտի երեւումէն առաջ Արաբիոյ ժողովուրդը հեթանոս էր մեծ մասամբ։ Մէքքէն հինէն ի վեր նշանաւոր ուխտատեղի էր, ուր ամէն տարի հազարաւոր ուխտաւորներ կ’ուգային իրենց զոհերը մատուցանելու։ Ամէն ցեղ իր կուռքը ունէր Քեապէ կոչուած տաճարին մէջ։ Բոլոր կուռքերը 365ի չափ կային։ Հոտ կը գտնուէր նշանաւոր Զէմզէմի ջրհորը։ Այս նշանաւոր քաղաքը ահաւասիկ սահմանուած էր ըլլալու ծննդավայրը իսլամներու մարգարէին՝ Մուհամմէտի [2] ։

Մուհամմէտ կը վերաբերէր արաբական ազնուական ցեղի մը, Քորէիշի Հաշէմ ընտանիքին, որուն անդամները ժառանգաբար Քէապէի տաճարին պահապաններն էին, որով եւ Մէքքէի իշխանութիւնը իրենց ձեռքը կը գտնուէր։ Իր ծնողքը կանուխէն մեռած ըլլալով հօրեղբայրը Ապու Թալէպ զինք խնամեց եւ իրեն առաջնորդեց։ Մուհամմէտի մանկութեան շրջանին նկատմամբ լիակատար տեղեկութիւններ կը պակսին։ Կ’երեւի թէ շատ մը ճամբորդութիւններ ունեցաւ այս ու այն կողմերը։ Կը յիշուի թէ տասներեք տարեկան եղած ատեն Սիւրիա գնաց։ Իր երիտասարդ տարիքին մէջ Խատիճէ անուն ազնուական եւ հարուստ տիկնոջ մը հետ ամուսնացաւ եւ միշտ երջանիկ կեանք մը վարեց, առանց ուրիշ կին առնելու անոր կենդանութեան ատեն։ Մուհամմէտի առաջին հաւատացողներէն մին ալ Խատիճէն էր, որ չորս կատարեալ կիներու կարգ կը դասուի (Մովսէսի քոյրը, Յիսուսի մայրը, Խատիճէ եւ աղջիկը Ֆաթմա)։ Խատիճէի մեռնելէն վերջ Մուհամմէտ առաւ Ապուպէքիրի աղջիկը, Այիշէն, որ իր սիրականն էր։ Ամէն տարի Րամազան ամսուն Մուհամմէտ կ’առանձնանար եւ կը ծրագրէր իր ապագայ կրօնական-քաղաքական դրութիւնը։ Իր Սիւրիա ճամբորդութիւնները, Արաբիոյ չորս կողմերէն ամէն տարի Մէքքէ դիմող ուխտաւորներու հետ ունեցած խօսակցութիւնները, Արաբիոյ մէջ գտնուող կրօնքներուն (Կռապաշտութիւն, Հրէութիւն, Քրիստոնէութիւն եւ Մազդեզականութիւն) ուսումնասիրութիւնը եւ բաղդատական զննութիւնը զինքը հասցուցին այն եզրակացութեան թէ միմիայն միաստուածութեան դաւանութիւնն է փրկարար ուղին եւ «Մեկ Աստուծմէ զատ ուրիշ Աստուած չիկայ եւ Մուհամմէտն անոր առաքեալն է»։ Ժամանակ ժամանակ կ՚ունենար յայտնութիւններ, որոնք «Գաբրիէլ հրեշտակին միջոցաւ կը հասնէին իրեն՝ երկինքէն»։ Մուհամմէտի մահէն երկու տարի վերջը Ապուպէքիր ասոնց ամենը հաւաքելով հրատարակեց Ղուրան անունով։ Ղուրանին լեզուն պարզ ու վսեմ է։ Կը բովանդակէր Հին կտակարանէն պատմութիւններ։ Մուհամմէտի առաջին աշակերտները շատ քիչ էին, 14 հատ միայն։ Ասոնք չորս տարի պատրաստելէն վերջ իր մարգարէական պաշտօնը հրապարակաւ յայտարարել ուզեց։ Իր հետեւողները կամաց կամաց շատցան, մանաւանդ որ ուխտի օրերը Քեապէ երթալով կը քարոզէր։ Ամեն մեծ մարդոց պէս իսլամական կրօնի այս հիմնադիրն ալ ունեցաւ շատ մը թշնամիներ, որոնք յաջողեցան ցրուել իր հետեւողները եւ հալածել զանոնք։ Մանաւանդ Քորէիշեան ցեղին ուրիշ ընտանիքները սաստիկ հակառակեցան Մուհամմէտի Հաշէմեանց ընտանիքին եւ նոյն իսկ զինքը մահուան դատապարտեցին։ Մուհամմէտ խոհեմութիւն համարեց Մէտինէ փոխադրուիլ՝ Ապուպէքիրի հետ։ Հոս սակայն իրեն կը սպասէր փառք եւ մեծ յաջողութիւն։ Իր շատ մը հետեւողները, ինչպէս նաեւ քաղաքացիները դիմաւորեցին եւ շքեղապէս ընդունեցին զինքը։ Հոն հաստատուեցաւ Մուհամմէտ, շինեց մզկիթ եւ տուն եւ սկսաւ քահանայական եւ թագաւորական պաշտօն վարել։ Որպէսզի ջնջէ բոլորովին կռապաշտութիւնը, խիստ եւ աններող քաղաքականութիւն մը ունեցաւ այնուհետեւ։ Ամեն կողմ իրեն հնազանդեցնելէ վերջ 100, 000 հոգիէ բաղկացեալ հաւատացեալներու բանակով մը 629ին քալեց Մէքքէի վրայ, զայն գրաւեց, Քեապէն մաքրեց բոլոր կուռքերէն եւ հռչակեց իսլամական նուիրական ուխտատեղի, ուր ո՛չ մէկ անհաւատ պիտի կրնար ոտք կոխել։ Տասը տարին բաւական եղաւ որ Արաբիոյ ցիրուցան բոլոր ցեղերը միանան մէկ կրօնի եւ մէկ քաղաքական իշխանութեան ներքեւ, մէկ կողմ թողելով իրենց բոլոր ցեղային անհամաձայնութիւնները, որոնք կատաղի պատերազմներու կը մղէին զիրենք միշտ։

Մուհամմէտի կեանքը բարոյապէս ու կրօնապէս մաքուր էր ու յանձնարարելի։ Իր քարոզածներուն նախ ինք կը հետեւէր եւ զանոնք կը գործադրէր։ Լաւ պատրաստուած էր իր առաքելական գործին եւ օժտուած էր ամեն տեսակ ընդունակութիւններով, որոնք իրեն գործունէութեանը կը նպաստէին, տարածելով հետզհետէ իր վարդապետութիւնները։ Իր հիմնած կրօնին տարածման համար բռնի ոյժի գործածութիւնը կը թուի ժառանգած ըլլալ Հին կտակարանէն, ուր Աստուած թագաւորներու միջոցաւ ցեղերը կը պատժէր։

Այս կերպով հաստատուելով իսլամական խալիֆայութիւնը կամ արաբական պետութիւնը, անոր տիրական ձգտումն ու յատկանիշը դարձաւ մահմետականութեան տարածումը բոլոր աշխարհին վրայ՝ սուրով ու յաղթութեամբ։ Նորադարձ մահմետական ժողովուրդներ իրենց նուիրական պարտականութիւն համարեցին խմբուիլ կրօնական ու քաղաքական մէկ դրօշի տակ եւ ահեղ արշաւանքի մը միջոցաւ ջնջել այն բոլոր կրօնները, որոնք գոյութիւն կրնային ունենալ իրենց շրջաններուն մէջ։ Թարմ եռանդը, որ ստեղծուած էր իրենց մէջ նոր կրօնին ոգեւորութեամբը եւ հոգեկան գոհունակութիւնը, զոր կը զգային, հոգեւոր պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գաղափարով արշաւելու, պատերազմելու, յաղթելու եւ վերջապէս մարտնչելու ընդունակ կը դարձնէին զիրենք։ Արաբ ժողովուրդը, որ թէ վաճառական եւ թէ՛ պատերազմիկ ցեղեր կը համրէր իր մէջ, դուրս ելած էր այլեւս Արաբիոյ սահմաններէն՝ խալիֆաներուն առաջնորդութեամբ եւ կ’ուզէր գրաւել ամբողջ աշխարհը։ Իսլամական կրօնին տարածուելէն առաջ ալ քաղաքակրթեալ ժողովուրդ մըն էր արաբացին, բայց Մուհամմէտի երեւումէն վերջ ներգործական յանդգնութիւնով Արաբիոյ թերակղզիէն ալ դուրս խոյացաւ։ Եւ որովհետեւ առաջին կռիւի դաշտը Փոքր Ասիան կը ներկայանար, ուստի Պարսկաստանի մահմետական կրօնն ընդունիլ տալէ եւ յաղթահարելէ վերջ հրոսեց Հայաստանի վրայ։

Պատմութիւնը ինչ կերպով որ Հայը ճակատագրօրէն կը դնէր ասիական հեղեղին ճիշդ ճամբուն վրայ, իբրեւ թումբ, Զրադաշտական հալածանքներուն ատեն, միեւնոյն կերպով ալ Իսլամական կրօնի եւ Քրիստոնէութեան բաղխման գետնին վրայ կը տարածէր Հայկական Աշխարհը, որուն սահմաններուն մէջ պէտք է մարտնչէին երկու կրօններու կամ երկու քաղաքակրթութիւններու ներկայացուցիչները։ Պարսից զրապաշտական պետութիւնն ինկած էր եւ արաբական իսլամ պետութիւնը ժառանգած էր անոր դերը։ Մէկ եզրը փոխուած էր։ Բայց ո՞վ պիտի ըլլար կրկին կուրծք տուող այդ վիթխարի ոյժին, ո՞վ պիտի ըլլար Արեւմուտքի ու Արեւմտականութեան ներկայացուցիչ-մարտիկը, ո՞վ պիտի կազմէր հակառակ եզրը, ո՞վ պիտի ստանձնէր ընդդիմադիրի պաշտօնը սարակինոսեան այս սոսկալի արշաւներուն ատեն։

Նորէ՛ն Հայ ժողովուրդը, նորէն նո՛յն պատմական ցեղը, մեծ՝ իր ցաւերով ու երկունքներով, մեծ՝ իր նահատակութիւններով ու զոհողութիւններով ու մե՛ծ ալ իր դիւցազնութեամբ։



[1]            Մուհամմէտի կեանքին և իսլամութեան նկատմամբ Բրոֆ. Թումաեանի Արեւելեան Հարցի պատմութեան հետեւած եմ, լաւագոյն և ամփոփ գտնելով զայն՝ բաղդատմամբ այս նիւթին վրայ գրուած հայ կամ օտար զանազան գործերու։

Գ. Օ.

[2]            Մուհամմէտ և Իսլամական կրօնը մեր մէջ ուսումնասիրուած չեն. զանցառութիւն մը, որուն մէջ Հայոց ուսումնասիրական ոգիին պակասը չէ՛ միայն պատասխանատուն։

Գ. Օ.