Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XX
Հայկական շարժումները՝ Տաճկաստանի մէջ. Վարդենիսցիներու ընդհարումը. Մուսա Պէկ եւ իր շահատակութիւնները. Հնչակեան Կուսակցութեան կազմակերպութիւնը. Կարնոյ ցոյցը. Սարգիս Կուկունեանցի արշաւանքը. Կառավարական խստութիւններ. Գաւառներու դրութիւնը. Մայրաքաղաքը սեղմուած բոլորովին։

Հայոց հետեւելիք ճամբան շատ որոշ էր այլեւս. ո՛չ մէկ բարիք ո՛չ մէկ բան սպասել կառավարութենէն, եւ՝ օրինակ ունենալով այն բոլոր ազգութիւնները, որոնք աղաչանքով ու աղերսանքով չէ՛ որ ազատուած էին, այլ՝ յեղափոխական գործունէութեամբ, հետեւիլ անոնց ընդգրկած դրօշին, կարմիր ու արիւնոտ։ Ամեն կողմ ազգային գործիչներ միեւնոյն բանը կը քարոզէին Հայ ժողովուրդին։ Ընկերութիւններ կը կազմուէին ամենուրեք եւ հաւաքական գործունէութեան գաղափարը կը մշակուէր աւելի՛ եւս տենդագին։ Դժգոհութիւններ, գանգատ եւ բողոք կը բարձրանային ամեն կողմերէ եւ հայ ժողովուրդը կ’ապրէր լարուած հետաքրքրութեան մը մէջ։ Բաղխումը անխուսափելի էր։ Խոստումներով օրօրուող հայութիւնը այլեւս անհանդուրժելի կը գտնէր տիրող կացութիւնը։ Վստահութիւն ներշնչող ո՛չ մէկ պարագայ գոյութիւն ունէր։ Հալածանքը աւելի սաստկացած էր կարծես։ Պարկեշտ աշխատութիւններէ խուսափող ցեղեր՝ Հայաստանի սրտին վրայ թառած, աշխատաւոր հայ երկրագործին արիւն քրտինքով վաստկած հալալ հացն էր որ կը խլէին։

Ութսունական թուականներուն ա՛յս էր ահաւասիկ Հայ իրականութիւնը՝ Տաճկաստանի մէջ։ Հայկական գաւառներու մէջ արիւն, աւեր, հալածանք ու հուր կը թագաւորէին։ Մշոյ դաշտը մանաւանդ սոսկալի կացութեան մը ենթարկուած էր։ Զանազան քիւրտ աւատապետներ ու չարագործներ հայ գիւղացիին պատուհա՛սն էին եւ ո՛չ ուրիշ բան։ Այս պայմաններուն մէջ Վարդենիսցիներուն ընդհարումը կուգար հայկական ընդվզումի անդրանիկ օրինակը տալ։ Զինուած քիւրտերու խումբ մը կը յարձակի Վարդենիսի գիւղացիներուն վրայ՝ փորձելով հարսնեւորներուն ձեռքէն յափշտակել հարսնացուն, հարսնառի պահուն։ Հարսնեւորները կը դիմադրեն, կռիւը կը սաստկանայ եւ երկու կողմէն ալ զոհեր կը տրուին։ Քիւրտերը իրենց նպատակին մէջ չեն յաջողիր, եւ այս կռիւին արձագանգը մեծ կ’ըլլայ ամեն կողմ հայերուն մէջ։ Եւ սակայն ասիկա բաւական չէր։ Ուրիշ ցնցող չարագործութեան մը վիճակուած էր ստեղծել աւելի մեծ յուզում մը, որ Հայ կեանքին մէջ հսկայական ազդեցութիւն մը առաջ պիտի բերէր։ Մուսա Պէյի առեւանգութիւնն էր այդ, կրկին Տարօնի շրջանակին մէջ։ Ո՞վ չգիտեր Կիւլիզարի, Մուսա պէյի առեւանգած այդ աղջկան պատմութիւնը։ Գործը արձագանգ գտաւ Պոլսոյ մամուլին մէջ. հայ թերթերը սկսան օրը օրին գրել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարբարոսութիւնները եւ բողոքել անոնց համար։ Գաւառներէն ամեն օր Պատրիարքարան կը հասնէին հարիւրաւոր տեղեկագիրներ, որոնք փաստացի կերպով կը նկարագրէին Հայաստանի ամեն կողմը եւ Թուրքիոյ հայաբնակ գաւառներու մէջ գործուած ամեն տեսակ հարստահարութիւններ, անսանձ ու կամայական հալածանքներ, սպանութիւններ, կողոպուտ, անապահովութիւն եւ այլն։ Թագրիր թագրիրի վրայ, Պատրիարքարանի կողմէ՝ առ Բ. Դուռը։ Բայց անօգուտ։

Ազգային գործիչներ՝ հալածանքի կ’ենթարկուէին տակաւ։ Ահա՝ Խրիմեան, Նար Պէյ, Սրուանձտեանց, Մկրտիչ Փորթուգալեան, Մինաս Չերազ եւլն. մէկիկ մէկիկ կասկածելի կը դառնային։ Մ. Փորթուգալեան 1885ին արտասահման ապաստանելով՝ Մարսիլիայի մէջ կը հիմնէր «Արմէնիա» թերթը եւ ծնունդ կուտար Վասպուրականի մէջ սկսուած Արմենական կազմակերպութեան։ Ժամանակի ոգին տարբեր էր սակայն։ Փորթուգալեան հայուն ցաւերուն դարման տանող ամբողջական քաղաքական ծրագիր մը չունէր. սահմանափակ էր իր գործունէութեան ուղին, բայց անշուշտ ամեն կերպով գնահատելի։ Քաղաքական որոշ դաւանանք եւ աշխարհահայեացք ունեցող կազմակերպութեան պէտքը իրականութեան անժխտելի պահանջն էր։ Նոյն ինքն այդ անտեղիտալի պահանջին իբրեւ արդիւնք Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը հիմնէին Աւետիս Նազարբէկ, Խան Ազատ, Մարօ, Յակոբ Մեղաւորեան, Շմաւոն, Գ. Ղարաճեան եւ այլն, ու 1887ին նոյն կուսակցութեան օրկանին. - «Հնչակ»ի, առաջին թիւը լոյս կը տեսնէր Ժընէվի մէջ՝ խմբագրութեամբ Աւետիս Նազարբէկի։ «Հնչակ»ի երեւումն ու Հնչակեան Կուսակցութեան կազմակերպութիւնը նոր թուական մը կը բանար Հայկական Հարցին ընթացքին մէջ։ Ծրագրուած յեղափոխական գո՛րծն էր որ հրապարակ կուգար որոշ առաջադրութիւններով եւ քաղաքական ու տնտեսական պահանջներով։ Յեղափոխական գաղափարին ընտելացած եւ մշակուած հայ միտքը ուժգին կը փարէր շուտով յեղափոխական դրօշին, ու կարճ ժամանակի մէջ իսկ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր շուրջը կը բոլորէր պատկառելի ոյժ մը, որ տակաւ ի վիճակի կ’ըլլար քաղաքական յանձնառութիւններ ունենալու։ Մուսա Պէյի ազատ արձակուիլը (1889) կը զայրացնէ բոլոր հայերն ու քրիստոնեայ աշխարհը։ Ամէն հայ դառնութեամբ կը լեցուի չարագործին արձակումովը։ Սնանկացած կառավարութեան բարոյականութիւնը իր բոլոր փտած կողմերով անգա՛մ մըն ալ լոյս աշխարհ կուգայ։ Հետեւա՞նք։ Անհանգստութիւնը կը շատնայ հայոց մէջ, խոր յուսաբեկութիւն մը ուժգին ընդվզում մը առաջ կը բերէ եւ կը սկսին դէպքերը գահավիժիլ Հայաստանի մէջ։ Ձերբակալութիւնները ծայրայեղ համեմատութիւններ կ’առնեն, Հայ Թատրոնը կը բռնաբարուի, գրաքննութիւնը կը սկսի եւ Հայ Միտքը կը կաշկանդուի բոլորովին։ Տիրող այս աննպաստ պայմանները բաւական չէին կարծես հայոց կսկիծը շատցնելու համար, եւ ահա ազգավնաս պատրիարք մը, Խորէն Աշըգեան, պատրիարքական գահը Սուլթանին գործիք կը դարձնէ ու ինքնամատոյց անձնուիրութեամբ մը իր խիղճն ու ազգային զգացումները կը սպաննէ՝ իր հաւատարմութեան հաւաստիքը տալու համար օգոստափառ վեհապետին։ Իրարու յաջորդող չարագործութիւններու առթիւ՝ ո՛չ մէկ բողոք, ո՛չ մէկ գանգատ։ Յեղափոխական տէրրօրին դաշոյնը կը փայլի ամեն կողմ եւ ատրճանակը կը պայթի։ Թուրքիան հետզհետէ կը ցնցուի. կառավարութիւնը՝ ահաբեկ՝ միջոցներ կը փնտռէ, սկսուած շարժումը զսպելու համար։ Սարգիս Կուկունեանցի սահմանագլուխի արշաւանքը շուարման կը մատնէ կառավարութիւնը, Վանի շարժումները Հայաստանէն ձայն կուտան եւ Ագրիպասեանի կռիւը հայ հրոսակին աւետիս կը բերէ։

Կարնոյ ընդհարումը տեղի կ’ունենայ վերջապէս՝ 1890ին։ Մուխպիրի սատըգ ստորագրութեամբ տեղեկագրի մը վրայ Սուլթանը հրաման կ’ընէ Կարնոյ վալիին՝ խուզարկել հայոց եկեղեցին ու Սանասարեան վարժարանը՝ զէնք, թնդանօթ ու ռազմամթերք գտնելու համար։ Կուսակալը Յունիս 5ին յայտնի համարձակ հրամայուած խուզարկութիւնը կը կատարէ եւ ամեն անկիւն ուշադրութեամբ կը քննէ՝ առանց բան մը գտնելու։ Ասոր վրայ Հայ ժողովուրդը կը յուզուի եւ հետեւեալ օր՝ գործադուլ ըրած՝ եկեղեցի ու առաջնորդարան կը դիմէ, այս առթիւ իր զգացած վիշտը նախ ազգ[ային] իշխանութեան եւ ապա անոր միջոցաւ Սուլթանին ներկայացնելու համար։ Իր արժանապատուութեանը մէջ վիրաւորուած Հայ ժողովուրդը խումբ խումբ շուկաները կը պտտի եւ փակել կուտայ որեւէ հայու բաց խանութ։ Գործադուլը կը շարունակուի երեք օր եւ ահա չորրորդ օրը 6, 000 կառավարական զինուորներ կը սկսին հալածել ժողովուրդը, որ ճարահատ՝ կը դիմադրէ։ Թուրք ամբոխն ալ կը գրգռուի եւ թալան ու սպաննութիւն ծայր կուտան։ Ընդհարման պահուն երկու կողմէն ալ բաւական զոհեր կուտան, եւ հազիւ հազ ցոյցին առջեւը կ’առնուի։ Կարնոյ այս ընդհարման արձագանգը կը հնչէ ամեն կողմ եւ գաւառներու մէջ, առանց անո՛ր ալ արդէն յուզուած Հայութիւնը՝ կը գերագրգռուի բոլորովին։ Իսկ թուրք կառավարութիւնը իր խստութիւնները կ’աւելցնէ հետզհետէ, բանտարկութիւնները կը շատցնէ, բոլոր կասկածելի անձնաւորութիւնները հսկողութեան ներքեւ կ’առնէ եւ ընդհանուր պատերազմական վիճակի մը կը վերածէ Տաճկաստանը։ Գաւառներու դրութիւնը կը դառնայ անհանդուրժելի։ Իր Պատրիարքարանէն լքուած՝ անտէր, անտիրական Հայ ժողովուրդը, յուսահատ բոլորովին իր եկեղեցւոյ հայրերէն, դէմ դիմաց կը գտնէ ինքզինքը կառավարական խիստ րէժիմի մը։ Իսկ մայրաքաղաքին մէջ գործուած ահաբեկիչ շարժումները ոստիկանութիւնը կը մղեն արտակարգ միջոցներու։