Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XXI
Գում Գաբուի Ցոյցին էութիւնը. Փոքր Հայքի մէջ շարժումներ. Սասունի ապստամբութիւնը եւ կոտորածը. Մայիսեան Ծրագիրը. Պապը Ալիի Ցոյցը ու Հնչակեան Կուսակցութեան պահանջները. Հայկական կոտորածներ. Զէյթունի պատերազմը. Հայկական ճգնաժամը կը սկսի։

Հայաստանի մէջ պատահած դէպքերը, ամեն կողմ տեղի ունեցած հարստահարութիւնը, խժդժութիւններն ու հալածանքները անզօր դարձած էին Հայոց Պատրիարքարանը շարժելու։ Աշըգեան Պատրիարք, անտարբեր ու անսիրտ հանդիսատեսը դարձած իր ժողովուրդին ցաւերուն ու տանջանքներուն՝ ո՛չ իսկ ուշադրութիւն կը դարձնէր հայկական գաւառներէ ամեն օր Պատրիարքարան թափած տեղեկագրերուն։ Իսկ Բ. Դուռը եւ Սուլթանը, աւելի եւս քաջալերուած ազգին հոգեւոր պետին այս դաւաճանութենէն, կ’ուզէին խաղալ հայ ժողովուրդին զգացումներուն հետ եւ արհամարհել անոր բողոքի ճիչերն ու աղաղակները։ Տիրող միակ յեղափոխական մարմինը, Հնչակեան Կուսակցութիւնը, ժողովրդային հաւաքական գանգատները լսելի ընել տալու համար կազմակերպած էր Գում-Գաբուի պատմական նշանաւոր ու մեծ Ցոյցը, որ 1890 Յուլիս 15ին դղրդեց Կ. Պոլիսն ու Եւրոպան։ Անիկա դարերէ իվեր ընկճուած, հալածուած, հարստահարուած ու մարտիրոսացած ժողովուրդի մը բուռն զայրոյթին ուժգին պոռթկումն էր, որ՝ հետեւած Հայաստանի աղէտներուն՝ նպատակ ունէր Սուլթանին ու կառավարութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել ընդունակ ժողովուրդի մը կապտուած իրաւունքներուն վրայ։ Հայկական Յեղափոխութեան շրջանին մէջ Գում Գաբուի Ցոյցը այն մեծ հանգրուանն է, որուն սեմին առջեւ հայ ժողովուրդը սարսռաց պահ մը ու ապա՝ ոտք նետեց դէպ ի արիւնի ճանապարհը։

Հազարաւոր հայեր, Յուլիս 15ին, դիմած էին Գում Գաբուի Մայր եկեղեցին, ուր կը գտնուէր նոյն օր Աշըգեան Խորէն Պատրիարքն ալ։ Ժամերգութեան պահուն ժողովուրդին եւ ցուցարարներու բուռն պահանջին վրայ կարդացուեցան հրապարակաւ այն յայտարարութիւններն ու ճառերը, որոնք կը պարզէին Հայ ժողովուրդին բանաձեւուած պահանջները։ Այնուհետեւ Պատրիարքէն պահանջուեցաւ թափօրին գլուխն անցնիլ ու ժողովուրդը տանիլ Սուլթանին, որպէս զի անիկա ուղղակի ներկայացնէ իր ցաւերն ու արդար պահանջումները։ Պատրիարքը փախաւ Պատրիարքարան, բայց ժողովուրդն ու ցուցարարները հոն հասան եւ ատրճանակներով ստիպեցին որ Պատրիարքը իր հօտին գլուխը անցնի։ Ահա թէ ինչ կ’ըսէ ցոյցը կազմակերպող Մարմինը, եւ ինչ կ’ըսէ ժողովուրդը, ինքը։

«Հա՛յ Ժողովուրդ.

Դուն կ’ուզես այսօրուան Ցոյցով յայտարարել ամբողջ աշխարհի՝ թէ որո՛նք են քու պահանջներդ։ Դուն քաջ գիտես որ դիւրութեամբ չեն իրականանար անոնք (պահանջներդ)։ Դու գիտես որ կեանքդ վտանգի կ’ենթարկես քու ամէն մէկ արդար քայլափոխիդ մէջ։ Բայց ուրիշ անելիք չմնաց այլեւս։ Հոգիդ հասած բերանդ՝ դուն պարտաւորուած ես դիմելու ամէն տեսակ ծայրայեղութիւններու, որոնց միջոցով միմիայն կրնաս քու արդար ձայնդ լսեցնել տալ աշխարհին եւ քու արդար պահանջներուդ նպատակին հասնիլ։ Ահա ա՛յս է մեր այսօրուան Ցոյցին խորհուրդը։ Գիտնանք մեր գործը առաջ մղել եւ մեր դատը պաշտպանել՝ նոյն իսկ ամենածանր եւ ամենասուղ գնով։

Որո՞նք են քու պահանջներդ։

Քու բոլոր թշուառութեանդ պատճառը՝ քու տնտեսական դրութիւնդ է, որ յեղափոխուելու անհրաժեշտ է։ Հայրենիքիդ հողը քուկդ չէ ամենեւին։ Դուն կը վարես, կը ցանես, ոչխարներու հօտեր կը բուծանես, վերջապէս չարաչար կ’աշխատիս, բայց արդիւնքը քուկդ չէ։

Դուն կ’ուզես՝ որ հողը մշակողներու պատկանի։

Դուն կ’ուզես՝ որ ամեն մարդ պարկեշտօրէն աշխատի իր ապրուստն հայթայթելու համար։

Եւ որպէսզի տնտեսական պահանջներդ իրագործես՝ դուն պիտի տնօրինես ճակատագիրդ՝ օրէնսդիր ժողովով, մամուլի, խօսքի, խղճի, գումարման, ընկերութիւններու եւ ընտրողութեան գործերու ազատութիւնով»։

ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԸ

«Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր.

Երկար տարիներէ ի վեր տեսնելով որ Հայաստանի մէջ միշտ անպակաս են անտեղի ձերբակալումներ, յանիրաւի վճիռներ, անգութ աքսորանք։ Տեսնելով որ փոխան ժողովրդեան մեծ համբերութեան՝ տարուէ տարի այսպիսի դէպքեր կը բազմապատկուին աւելի՛ անտանելի կերպերով, մանաւանդ վերջին տարիներս՝ դպրոցք, վանք, եկեղեցիք, տներ անընդհատ կը խուզարկուին. եւ ահա Կարնոյ մէջ եւս նոյնպիսի խուզարկութիւնք կատարուելով՝ ժողովրդեան արդար բողոքին վրայ՝ ոչխարի պէս սուինահար անխնայ կը ջարդուին. այո՛, կը ջարդուի անմեղ եւ անզէն ժողովուրդը կատաղի զօրաց կողմանէ։ Տեսնելով որ բազմաթիւ հայ դիակներն եւ հարիւրաոր հազարաւոր վիրաւորելոց եւ վիժող մեր քերց ու մարց աղաղակներն երբէք ուշադրութեան չեն առնուիր եւ այնպիսի դէպքեր Վանայ, Մշոյ եւ այլ գաւառաց մէջ ամէն օր կը կրկնուին, մինչեւ իսկ հայոց տներէն հաց կտրելու դանակներ կը ժողուուին եւ ընդհակառակն՝ թրքաց ու քրտաց զենքեր կը բաշխուին։ Տեսնելով վերջապէս որ մեր մայր երկիրը խիստ պաշարման մէջ կը գտնուի եւ այսպիսով հայ ժողուրդեան մէն մի շարժում կասկածանաց կ’ենթարկուի,

Մենք համայն Հայ ժողովուրդին անունով կը յայտարարենք ի լուր ամենեցուն որ սոյն կացութեան շարունակութեամբ՝ կենաց, պատուոյ եւ ընչից ապահովութիւն ունենալ անկարելի է, եւ միանգամայն Ձերդ Սրբազնութիւն եւ ազգային վարչութիւնք անտարբեր, աւելի ճիշտն՝ անկարող կը գտնուիք անմիջական դարման մը հասցնելու։ Հետեւաբար կը պահանջենք, որ զմեզ առաջնորդէք կառավարութեան, որպէսզի անձամբ յայտնենք իրեն՝ հայ ժողովուրդի վիճակն ու պահանջները»։

Խեղճ Աշըգեան ահաբեկ հազիւ հազ մօտակայ դեղարանը ապաստանեցաւ, բայց երբ ամբոխը դեղարանը քանդել սպառնաց Աշըգեան իր տկարութենէն՝ կառքի մը մէջ դրուեցաւ։ Աղմկալի բացագանչութիւններով կառքը եւ ամբոխն ու ցուցարարները կը դիմէին Բ. Դուռ։ Ցոյցը սկսուելէն մինչեւ Պալի Փաշա ոստիկաններ լոկ հանդիսատեսներ էին, բայց հոն հասած չհասած՝ Տէրվիշ Փաշա, քանի մը բարձրաստիճան սպաներ, ոստիկանական նախարար Քեամիլ Պէյ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք Սուլթանին կողմէ ղրկուած էին ամեն միջոց ի գործ դնելով ցոյցը դադրեցնելու համար, սկսան հազարաւոր զինուորներու միջոցաւ յարձակում գործել ժողովուրդին վրայ՝ սուիններով ու հրացաններով։ Տեսարանը ահռելի էր եւ կռիւը անհաւասար՝ զինուորներուն ու ժողովուրդին միջեւ։ Պատրիարքը հազիւ կրցաւ յոյնի մը տուն մտնել. ուրկէ Պալատ տարուեցաւ։ Կռիւը տարածուեցաւ մինչեւ Գում Գաբու։ Հայերը ունեցան 3 նահատակներ ու բազմաթիւ վիրաւորներ։ Հարիւրէն աւելի կը հաշուուին թշնամիներու զոհերը։

Գում Գաբուի ցոյցը Հայկական աքաղաղն էր, որ իր վրայ հրաւիրեր էր անտարբեր Եւրոպայի եւ Մեծ Տէրութեանց ուշադրութիւնները։ Օտար Մամուլը գնահատեց զայն, իբրեւ առաջին հայ յեղափոխական գիտակցական ու նախագծուած քայլ, եւ իբրեւ հայկական ձգտումներու գործնական արտայայտութիւնը։ Անիկա մեծագոյն պրօպագանտն էր ի նպաստ Հայկական Յեղափոխութեան, որ կուգար սարսափեցնել խոստմնադրուժ կառավարութիւնը եւ հասկցնել թէ յեղափոխութեան հնոցը անշէջ է այլեւս։

Անդրանիկ այս կազմակերպեալ ցոյցէն վերջ Հայկական Յեղափոխութեան պատմութեան մէջ նշանակելի են գաւառային շփոթութիւնները, որոնց մէջ յատուկ եւ նշանակելի տեղ կը բռնեն Փոքր Հայքի շարժումները։ Երբ մէկ կողմէն Կ. Պոլսոյ մէջ տէրրօրական գործողութիւնները կը շարունակուէին, մարտնիչներն ու ազգադաւները խստիւ կը պատժուէին, եւ անոնց հետեւանքով կառավարութիւնը իր հալածանքին ու հսկողութիւններուն մեծամեծ համեմատութիւններ կուտար, անդին գաւառական յեղափոխական մասնաճիւղերն ալ ուժգին շարժման կը սկսէին՝ յայտարարութիւններով, տէրրօրական գործողութիւններով, հրոսակային ցոյցերով եւ մէկ խօսքով անօրինակ ու եռանդուն գործունէութեամբ մը, որ կը կատղեցնէր կառավարութիւնն ու իր պաշտօնեաները։ Ցաւի աղաղակները՝ տակաւ աւելի բարձրաձայն՝ կը հասնէին Հայաստանէն, Մուշէն, Վասպուրականէն, Բասէնէն, Սեբաստիայէն, Շապին Գարահիսարէն, Ալաշկերտէն, Կարինէն եւն։ Եւ ասոնց բոլորին հանդէպ կառավարութիւնը միայն մէ՛կ պատասխան ունէր, առանց լուրջ կերպով վերահասու ըլլալու իրերու դրութեան. Աւելի եւ աւելի դառնացնել հայոց վիճակը։ 1892ին Տարօնի շրջանը ամբողջ ալեկոծման մէջ էր, իսկ դէպքերը կը գահավիժէին հետզհետէ ամեն կողմ Մեծ ու Փոքր Հայքերու մէջ։ Ահա յուզումները կը շատնան Մարզուանի, Եոզկատի, Ամասիոյ, Կեսարիոյ, Մուշի, Կարնոյ եւ Տրապիզոնի մէջ։ Կը սկսի Էնկիւրիի շռնդալից դատավարութիւնը. բանտերը կը լեցուին ամեն կողմ անմեղ հայերով, կախաղաններ կը գործեն եւ աքսորավայրեր ամեն օր նորանոր հայ քաղաքական յանցաւորներ կ’ընդունին, ինչպէս՝ Աքիա, Ափրիկեան Տրիպոլիս, Պոտրում եւայլն։ Ամբողջ Թուրքիան ու մանաւանդ հայաբնակ գաւառները անօրինակ եռուզեռի մը մէջ կը ծփան։ Ծանրակշիռ կը դառնայ մանաւանդ Մուշի շրջանը, Կառավարութեան որոշ դիտաւորութիւնն էր արդէն ջնջել հայութիւնը եւ միանգամընդմիշտ ազատիլ անոր շարժումներուն առաջ բերած մղձաւանջէն։ Ուստի քաջալերեց քիւրտերն ու չէրքէզները եւ նոյն իսկ կազմակերպեց Համիտիէ հեծելազօրքը։ 1894 Յուլիսին քիւրտ աշիրէթներ Սասունցիներուն վրայ իրենց ըրած արշաւանքէն ետ մղուելով եւ չարաչար պարտուելով կառավարութեան կը դիմեն։ Սա, որ առիթ կը փնտռէր Սասունի վրայ քալելու, ապստամբութիւն կը մեկնէ Սասունի պարզ ինքնապաշտպանութիւնը, եւ հսկայ բանակով մը կուգայ Սասունի վրայ։ Տեղի կ’ունենայ ընդհանրապէս Սասունի եւ մասնաւորապէս Տալւորիկի ու Կէլիէկիւզանի ջարդը, որ դղրդեցուց ամբողջ քաղաքակրթուած աշխարհը։ Մեծ Պետութիւններ Բ. Դրան դիմեցին եւ պահանջեցին բացատրութիւն եւ խիստ քննութիւն։ Կազմուեցաւ Քննիչ Յանձնախումբ մը, որուն ընկերացած էին Եւրոպացի պատուիրակներ ալ։ Այս Յանձնախումբը, որ 1895 Յունվար 24էն մինչեւ Յուլիս 21 գործեց, ամբողջ 6 ամիս, հաստատեց թէ հայերը ո՛չ թէ ապստամբած էին, այլ՝ իրենց վրայ եղած յարձակման ատեն ինքզինքնին պաշտպանած էին ու այս դէպքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ կառավարութեան վրայ։

Սասունի պատուիրակութիւնը երբ կը գործէր Մուշի մէջ, անդին Անգլիա՝ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսիայի հետ, Հայկական վեց նահանգներուն համար, Էրզրում, Պիթլիս, Վան, Սըվազ, Խարբերդ եւ Տիարպէքիր, կը մշակէր բարեկարգութեանց ծրագիր մը, որ Մայիս 11ին Բ. Դրան ներկայացուած ըլլալով՝ կոչուեցաւ Մայիսեան Ծրագիր ։ Սուլթանը ամբողջ 5 ամիս պետութեանց դեսպանները զբաղեցուց եւ վերջապէս Հոկտ. 17ին ստորագրեց ծրագիր մը, որ աւելի իր ցանկութիւններուն համապատասխան էր, քան Մեծ Տէրութեանց պահանջներուն։ Հայկական նահանգներու բարենորոգութեան այս հարցին մէջ միմիայն Անգլիան էր բարեացակամօրէն վերաբերուողը, երբ Ռուսիա շարունակ արգելքներ կը յարուցանէր՝ Հայկական որեւէ պահանջի իրագործման շուրջ։

Դեսպանաց յիշատակագիրը, որ մատուցուեցաւ Բ. Դրան, կը թուէ այն բոլոր բարեկարգութիւնները, որոնք վարչային, ելմտական եւ դատաստանական տեսակէտներով անհրաժեշտօրէն պէտք է մուտ գտնեն Հայաբնակ նահանգներուն մէջ։ Հոս կուտանք յիշատակուած կէտերը։

1. Ի հարկին վիլայէթներու թիւին նուազումը։

2. Վալիներու ընտրութեանց մասին երաշխաւորութիւն։

3. Քաղաքական յանցանքով բանտարկուած կամ դատապարտուած հայոց համար՝ ներում։

4. Գաղթող կամ աքսորուող հայոց դարձը։

5. Հասարակաց իրաւունքի դէմ գործուած յանցանաց եւ ոճրագործութեանց առկախ մնացած դատերու վերջնական լուծումը։

6. Բանտերու եւ բանտարկեալներու վիճակին քննութիւնը։

7. Նահանգներու մէջ բարեկարգութեանց գործադրութեան հսկելու համար բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը ընտրութիւնը։

8. Կ. Պոլսոյ մէջ մնայուն Կեդր[ոնական] Յանձնաժողովի մը հաստատումը։

9. Սասունի, Տալւորիկի եւ այլ դէպքերու միջոցին հայոց կրած վնասներուն փոխարինութիւնը։

10. Կրօնափոխութիւններու մասին կանոնադրութիւն։

11. Հայոց շնորհուած առանձնաշնորհումներու եւ իրաւունքներու պահուիլն ու խստիւ գործադրութիւնը։

12. Ասիական Թուրքիոյ միւս վիլայէթներու հայոց կացութիւնը։

Աւելորդ չենք համարիր հոս զետեղել ամփոփումը 1895 Մայիս 11ին դեսպաններու Բ. Դրան մատուցած բարենորոգմանց ծրագրին։

 

Գլ. Ա.

Վալիներ

1-3րդ Յօդուած

Գլ. Բ.

Միւթէսարրըֆներ

4-րդ Յօդուած

Գլ. Գ.

Գայմագամներ

5-6րդ Յօդուած

Գլ. Դ.

Նահիյէներ

7-17րդ Յօդուած

Գլ. Ե.

Փօլիս

18-20րդ Յօդուած

Գլ. Զ.

Ժանտարմաներ

21րդ Յօդուած

Գլ. Է.

Բանտեր

22րդ Յօդուած

Գլ. Ը.

Նախաքննիչ Յանձնաժողով

23րդ Յօդուած

Գլ. Թ.

Քրդերուն գօնթրօլը

24րդ Յօդուած

Գլ. Ժ.

Համիտիէ հեծելազօրք

25րդ Յօդուած

Գլ. ԺԱ.

Կալուածագրերու խնդիր

26րդ Յօդուած

Գլ. ԺԲ.

Հարկահաւաքումներ

27-28րդ Յօդուած

Գլ. ԺԳ.

Արդարութիւն

29-40րդ Յօդուած

 

Բ. Դրան եւ դեսպաններուն միջեւ կայացած համաձայնութեան համաձայն 1895 Հոկտ. 15ին աւարտած եւ Հոկտ. 17ին ստորագրուած վերջնական ծրագրին ամփոփումն է հետեւեալը։ Ամբողջը կը բաղկանայ 32 յօդուածներէ, որոնք թէեւ դեսպաններու ներկայացուցած Մայիսեան ծրագրին լայն նպաստաւորութիւնը չունին, այսուհանդերձ կրկին Հայ ժողովուրդին վիճակը շատ որոշ ու շօշափելի բարւոքումներու կ’ենթարկեն, ինչ որ արհամարհելի ըլլալէ շատ ու շատ հեռի է։

 

Գլ. Ա.

Կուսակալութիւնք եւ գաւառք

2 Յօդ.

Գլ. Բ.

Գայմագամներ

2 Յօդ.

Գլ. Գ.

Հանրային պաշտօնէից մէջ քրիստոնէից համեմատութիւնը

1 Յօդ.

Գլ. Դ.

Սանճագներու եւ գազաներու ժողովներ

1 Յօդ.

Գլ. Ե.

Նահիյէներ

10 Յօդ.

Գլ. Զ.

Արդարութիւն

3 Յօդ.

Գլ. Է.

Ոստիկանութիւն

2 Յօդ.

Գլ. Ը.

Ոստիկան զինուորներ

2 Յօդ.

Գլ. Թ.

Գիւղային ոստիկանութիւնք

1 Յօդ.

Գլ. Ժ.

Բանտեր եւ նախաքննիչ Յանձնաժողով

2 Յօդ.

Գլ. ԺԱ.

Քիւրտերու գօնթրօլը

1 Յօդ.

Գլ. ԺԲ.

Համիտիյէ հեծելազօրքեր

1 Յօդ.

Գլ. ԺԳ.

Կալուածագրեր

1 Յօդ.

Գլ. ԺԴ.

Հարկահաւաքում

1 Յօդ.

Գլ. ԺԵ.

Տասանորդներ

1 Յօդ.

Գլ. ԺԶ.

Գօնթրոլի մնայուն յանձնաժողով

1 Յօդ.

 

Սուլթանը մինչ մէկ կողմէն Հայաստանի բարենորոգմանց ծրագրին համար կը բանակցէր ու վերջապէս զայն կը ստորագրէր, միւս արիւնոտ ձեռքով ալ ջարդին հրամանները կը հեռագրէր հետեւեալ կարգախօսական բանաձեւով.

«Ստուգուած է որ անիծեալ Հայ յեղափոխականները դարձեալ կը պատրաստուին կոտորել իսլամները, առեւանգել իսլամուհիները եւ աղտոտել մզկիթները։ Ի մօտոյ հոդ ալ այդպիսի գայթակղելի ձեռնարկ մը պիտի ընեն եղեր։ Ոստի, բոլոր պաշտօնական անձերուն եւ Իսլամ ժողովուրդի գլխաւորներուն ծանուցանելով յեղափոխականներու այս չար խորհուրդները, յորդորեցէք զանոնք որ զգոյշ գտնուի իսլամ ժողովուրդը. եւ դուք ալ կարեւորն ի գործ դնելով շուտով տեղեկագրեցէք։ Հակառակ պարագային զէնքով պատասխանեցէք»։

Ու 1895ի աշունը կը սկսէին ջարդերը, հետեւելով՝ կրկին Հնչակեան Կուսակցութեան սարքած Պապը Ալիի հսկայական ցոյցին, որուն էութիւնն ուրիշ բան չէր, բայց եթէ բողոք Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան եւ պահանջ՝ խոստացուած դէմ բարենորոգումներու։

Սեպտ. 18ի Խաչի Բշ. օրը, նախապէս տեսնուած պատրաստութեանց համաձայն, խումբ մը տիկիններ եւ օրիորդներ Գում Գաբուի Մայր Եկեղեցիի բակին մէջ Իզմիրլեան Պատրիարքին կը դիմէին, սրտառուչ բողոք մը ուղղելով անոր՝ Հայաստանի հարստահարութեանց նկատմամբ։ Ու հազարաւոր ժողովուրդը ամե՛ն կողմէ Բ. Դուռը կը դիմէր՝ իր բողոքը յայտնելու համար ա՛յն կառավարութեան, որ ուղղակի պատասխանատուն էր գործուած բոլոր խժդժութիւններուն։ Ցոյցը ղեկավարող 4 անձնաւորութիւններ իրենց ձեռքին մէջ ունէին այն պահանջագիրը, ուր մանրամասնօրէն պարզուած էին օրուան վիճակն ու գծուած անոր դարմանները։ Ցուցարարներ Պապը Ալի հասնելով երբ կ’ուզէին Մեծ Եպարքոսին ներկայանալ, թուրք պաշտօնեաներու անարգական վերաբերումը, կազմակերպուած այս խաղաղ Ցոյցը փոխակերպեց սոսկալի ընդհարումի մը, որ ընդարձակ ու լայն ծաւալ մը ստացաւ Պոլսոյ ամեն կողմերը։ Երկուստեք բազմաթիւ սպանութիւններ եւ վիրաւորանք տեղի ունեցան, ձերբակալութիւնները անհաշուելի դարձան եւ ահ ու սարսափը այնքան շատցաւ որ, Պոլսոյ ժողովուրդը ստիպուեցաւ եկեղեցիները քաշուելով եւ այսօրինակ Բ. Ցոյցով մը բողոքել Կ. Պոլսոյ անիշխանութեան դէմ։ Ամբողջ 3 շաբաթ ժողովուրդը Գում Գաբուի, Ղալաթիոյ եւ Բերայի եկեղեցիներուն մէջ անցուց։ Վերջապէս Մեծ Տէրութեանց դեսպանները ուղղակի յարաբերութեան մտան Հնչակեան ղէկավարներու հետ եւ յաջողեցան ցրուել ժողովուրդը։ Ահա ամփոփումը այն բանաձեւին, որով Պապը Ալիի ցոյցին ատեն Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր բողոքներն ու պահանջները ներկայացուց կառավարութեան եւ Մեծ Պետութիւններուն։

«Կ. Պոլսոյ տեղացի եւ ասիական ամեն նահանգէ պանդուխտ հայերս միաձայն հաւանութեամբ կազմակերպեցինք այս ցոյցը, հանդիսաւոր կերպով բողոքելու համար մեր երկրին մէջ տիրող արդի կացութեան դէմ եւ Բ. Դրան ու Եւրոպային ներկայացնելու համար Հայ ժողովուրդին պահանջները։

ՄԵՆՔ ԿԸ ԲՈՂՈՔԵՆՔ.

Այն սիսթէմաթիք հալածանքի դէմ, որուն ենթարկուած է մեր ժողովուրդը, մանաւանդ վերջին տարիներս, հալածանք՝ որ Բ. Դրան կողմէ ընդունուած է իբրեւ կառավարական սկզբունք, միակ նպատակ ունենալով բնաջինջ ընել հայերը իրենց բնիկ երկրէն։

Այն պաշարման վիճակին դէմ, որուն մատնուած է մեր բնիկ երկիրը մասնաւորապէս քանի մը տարիէ ի վեր։

Քաղաքական անթիւ ձերբակալութեանց, բանտարկեալներուն վրայ գործադրուած տանջանքներուն, քիւրտերու վայրագութեանց եւ հարկահաններու կեղեքումներուն դէմ։

Սասունի կոտորածին դէմ, ուր մեր հազարաւոր եղբայրներն ու քոյրերը՝ իրենց կեանքին, պատիւին ու ինչքին պաշտպանութեան համար ապստամբներ նկատուեցան եւ Օսմ[անեան] զինուորներուն կողմէն անգթաբար ջարդուեցան։

Քիւրտերու եւ թուրք զօրքերու ամեն օր գործադրած խժդժութեանց եւ յարձակումներու դէմ, յարձակում՝ որուն կրկնումն արգիլելու համար, հակառակ Սասունի դէպքերէն վերջ տրուած խոստումներուն, մինչեւ հիմա որեւէ երաշխաւորութիւն չէ տրուած։

Եւ յանուն մեր արդար իրաւանց՝

ՄԵՆՔ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ.

Օրինական իրաւունքներ, որոնք բացարձակօրէն մեզի երաշխաւորեն մեր կեանքին եւ ինչքին բացարձակ ապահովութիւն, մեր պատւոյն պահպանութիւն եւ յարգանք։

Ազատութիւն խղճի, խօսքի, մամուլի եւ հանրային գումարումներու, եւ հաւասարութիւն՝ օրէնքին առջեւ։

Արգիլում նախնական բանտարկութիւններու եւ կամայական ձերբակալութիւններու։

Արտօնութիւն զէնք կրելու, քանի որ քիւրտերը զինաթափ ընել կարելի չէ։

Վիլայէթներու վարչական նոր բաժանում, ազգագրական սահմանագծերով։

Հայկական վեց նահանգներու համար Եւրոպացի ընդհանուր կառավարիչի մը անուանում եւ քուէարկութեամբ ընտրութիւն տեղական ժողովի մը, որ աջակցի ընդհ[անուր] կառավարիչին։

Բարենորոգութիւններ Ատանայի եւ Հալէպի կուսակալութեանց մէջ ալ, ուր հայերը կարեւոր թիւ կը կազմեն։

Բարեկարգութիւն՝ ոստիկանական եւ ժանտարմայի դրութեանց մէջ։

Տնտեսական բարենորոգումներ, ինչպէս, հարկերու թեթեւացում, տարապարհակ աշխատութեանց ջնջում, բռնագրաւումներու դադարում, միաձեւ տուրքերու հաստատութիւն, ձրի աշխատութեանց եւ տասանորդի դրութեան ջնջում եւայլն։

Թափառաշրջիկ քիւրտերու թափառման արգիլում, պարկեշտ աշխատութեան մղում, ցեղապետներու (աշիրէթ) ջնջում, Համիտիյէ զօրքերու արձակում եւն։

Երկրին հասոյթներուն տեղական պէտքերու յատկացում։

Ներում բոլոր հայ քաղաք[ական] բանտարկեալներուն, աքսորեալներուն ու փախստականներուն»։

Պապը Ալիի Ցոյցէն ու Կ. Պոլսոյ խռովութիւններէն վերջ ահա կոտորածները կը սկսէին շրջան առնել Տրապիզոնէն ու տարածուիլ դէպի ներս ու արեւմուտք։ Հոկտեմբերէն մինչեւ Դեկտեմբերի կէսը Տաճկաստանի մէջ շատ մը հայաբնակ քաղաքներ ու գիւղեր խուժանին ու կառավարական զինուորներուն ձեռքով կը հրդեհուին, հայ ժողովուրդը կոտորածի կ’ենթարկուի, տուներ ու խանութներ կը կողոպտուին։ Անհնար է նկարագրել Թուրք ամբոխին գործած աւերներն ու խժդժութիւնները, որոնք որեւէ սիրտի, զգացումի եւ քաղաքակրթութեան տէր մարդ՝ կը սարսռեցնեն։ Ջարդերու արձագանգը կը հասնի Եւրոպա եւ Մամուլը օրը օրին կ’արձանագրէ ամեն տեսակ տեղեկութիւններ։ Անգլիական նաւատորմիղը Տարտանէլ կը ղրկուի, եւ, հազիւ թէ Հայերը իրենց յոյսերու իրագործման երազը կ’ունենան, ահա նաւատորմիղը ետ կը կենայ՝ Հայը Սուլթանին վրէժխնդրութեանը յանձնելով։

Աւելի քան հարիւր հազարաւոր կեանքեր կորսուեցան Հայկական կոտորածներու ժամանակ, սակայն այս կեանքի կորուստներն ալ իրենց բարոյական արդիւնքէն զերծ չեն, վասնզի ջարդերուն հետեւանքով, ըստ Բրոֆ. Կ. Թումայեանի, հետեւեալ շահերն ունեցանք։

1. Անգլիոյ համակրութիւնը վաստկեցանք, հոգ չէ թէ Անգլիոյ կառավարութեան դիրքը խնդրական ըլլայ։

2. Հայկական հարցը ըստ արժանւոյն Եւրոպայէն ճանչցուեցաւ։

3. Դաստիարակութեան աւելի մեծ եռանդ մը առաջ եկաւ թէ՛ բնաշխարհին եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ։

4. Հայ գրականութիւնը զարգացաւ։

5. Համերաշխութեան եւ զոհողութեան ոգին ստեղծուեցաւ. հայոց մէջ հայրենասիրութեան հուրն արծարծուեցաւ, ինքնապաշտպանութեան գաղափարը տարածուեցաւ եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան մտածումը տեղաւորուեցաւ միտքերու մէջ։

6. Անձնուէր զինուորներ երեւցան։

7. Արտասահմանի մէջ Հայկական կեդրոններ հաստատուեցան։

Թուրք բռնապետութիւնը հայերու դէմ իր ընդգրկած քաղաքականութեան մէջ, մեծ ուշադրութիւն դարձուցած էր մասնաւորաբար ա՛յնպիսի վայրերու վրայ, որոնք իրենց բնական անմատչելի դիրքով եւ իրենց բնակիչներու պատերազմական արիութեամբ բացառիկ վիճակներ կը ներկայացնէին։ Տաճկաստանի մէջ Սասունն ու Զէյթունը կը ներկայացնէին այս պայմանները։ 1894ի ապստամբութեան ատեն արդէն կառավարութիւնը ծանր յաջողած էր հարուած մը տալ Սասունի, այնպէս որ այն գաւառը այլեւս մտահոգիչ ըլլալէ դադրած էր։ Զէյթունը կար սպառնական, այն Զէյթունը, որ քանիցս ի դերեւ հանած էր կառավարութեան ծրագիրները, ուժգին ընդդիմութեամբ եւ իր անպարտելի կամաւորներով։ Մինչեւ 1890 արդէն քանիցս փորձուած էր բնաջինջ ընել այս լեռնային գաւառը։ Վերջին անգամ 1895ին, Գում Գաբուի ցոյցէն ետքը շատ մը ծրագիրներ մշակած էր կառավարութիւնը՝ ջնջելու համար Զէյթունի Հայութիւնը, պատրուակ բռնելով տեղական քանի մը խնդիրներ, սակայն չէր յաջողած։ 1895ի աշունը կարգ մը Հնչակեան գործիչներու ձերբակալումը պատրուակ նկատելով Զէյթունի վրայ կը յարձակի։ Զէյթուն կը ստիպուի ապստամբութեան դրօշը բարձրացնել եւ Օսմ[անեան] զօրանոցը գրաւելով պատերազմական դիրք բռնել։ Սուլթանը 110, 000 զօրք կը ղրկէ, բայց ի զուր. Րէմզի եւ Էթհէմ փաշաները իրարու ետեւէ բանակին գլուխը կ’անցնին, սակայն կարելի չըլլար պարտութեան մատնել կիլիկեան այս կտրիճները։ Պատերազմը կը տեւէ 45 օր։ Վերջապէս դեսպաններու միջոցաւ Յունվ. 16ին հաշտութիւնը կը գոյանայ հետեւեալ պայմաններով։

1. Զէյթունցիները անպայման կերպով կը մերժեն յանձնել Օսմ[անեան] կառավարութեան՝ իրենց նորեկ պարագլուխները։

2. Զէյթունի նորեկ վեց պարագլուխները պիտի ձգեն Օսմ[անեան] հողը։ Բ. Դուռը երաշխաւորութիւն կուտայ Օսմ[անեան] Պետութեան ծախքով անոնց ապահով Եւրոպա անցնելուն։

3. Բանակցող հիւպատոսները իրենց վրայ կ’առնեն այս պատասխանատուութիւնը։

4. Կատարեալ ներում բոլոր ապստամբներուն եւ Զէյթուն ապաստանողներուն։

5. Պիտի հաստատուի քրիստոնեայ կառավարիչ, ընտրութեամբ կառավարութեան եւ հաւանութեամբ Եւրոպ[ական] Պետութեանց։

6. Ոստիկանութիւն, հարկահան, զինուոր եւ կառավարական պաշտօնեայ՝ պիտի ընտրուին ու կազմուին նոյնիսկ Զէյթունցիներէն։

7. Զէյթունցիք չպիտի վճարեն յետամնաց տուրքերը եւ հինգ տարի տուրքէ զերծ պիտի ըլլան։

8. Պիտի հաստատուի տուրքերու համեմատական դրութիւն։

9. Զէյթունցիներու կեանքը, պատիւը, ինչքն ու կրօնական ազատութիւնը պիտի ապահովուի Եւրոպական տէրութիւններու կողմէ։

10. Զօրանոցէն գրաւուած պատերազմական զէնքերու վերադարձում։

11. Այրուած զօրանոցը կառավարութիւնը պարտի վերաշինել։

12. Բանակցող Եւրոպացի հիւպատոսներ չպիտի Զէյթունէն մեկնին, մինչեւ այս պայմաններուն գործադրութիւնը։

13. Եւրոպական տէրութիւններ Մարաշի մէջ պիտի հաստատեն հիւպատոսներ, որոնք պիտի հսկեն Զէյթունի նոր րէժիմին գործադրութեանը եւ պահպանութեանը։

Հայկական կոտորածներէն ու Զէյթունի ապստամբութենէն վերջ, անպաշտպան Հայութիւնը, կիսամեռ ու շուարած, կը մնայ դէմ առ դէմ իր դահիճներուն հետ։ Սոսկալի ճգնաժամ մը կը սկսի, ուր շնչել կարելի չէ։ Երթեւեկը կը դադրի, ապահովութիւնը չվերահաստատուիր ըստ արժանւոյն եւ խեղճ ժողովուրդը երկրէն փախչելուն վրայ կը մտածէ։ Փճացած հարստութիւններ մեծապէս կը վնասեն Հայ վաճառականութեան եւ արհեստներու, որոնք կը սկսին Թուրքերու ձեռքն անցնիլ աստիճանաբար։

Հայկական ճգնաժամը իր հետ տարբեր տարբեր յեղափոխական ծրագիրներ ու հոսանքներ կը բերէ, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդ գլուխին մէջ։