Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XIII
Ռուս պետութիւնը կը կազմուի. Հայերը շինարար ժողովուրդ. Մեծն Պետրոսի գնահատութիւնը՝ Հայ ցեղին մասին. Ռուսահայերը. Հայոց եւ Ռուսաց արքունիքին յարաբերութիւնները. Ղարաբաղի մելիքութիւնները եւ անոնց վերաբերումը Ռուսիոյ հանդէպ. Իսրայէլ Օրի եւ Հայկական խնդիր. Հայոց հաւատարմութիւնը Ռուսաց գահին հանդէպ. Փոխարինութիւնը. Ռուսահայոց Պալաժէնիան. Ռուսիոյ դերը Տաճկա-Հայկական հարցին մէջ. Կրկին Հայը զոհ՝ քրիստոնէութեան ու մահմետականութեան միջեւ։

Երբ իրերը Հայաստանի մէջ այն ընթացքն ունէին, զոր բացատրեցինք նախընթաց հատուածներու մէջ, անդին Եւրոպայի մէջ կը հիմնուէր հսկայ պետութիւն մը, որ թէեւ նախապէս սահմանափակ զօրութեան տէր, սակայն կոչուած էր ըլլալու Արեւելեան Խնդիրին ամենէն մեծ ախոյեանը։ Պատմութիւնը կը բացատրէ արդէն թէ Արեւմտեան Եւրոպա՛ն է որ առաջին անգամ պատմութեան մէջ հանդէս եկած ու փայլած է։ Անոր հետեւեցաւ արեւելեան Եւրոպան. եւ ահա Ռուսիա, Բրուսիա եւ Լեհաստան կը սկսին իրարու ետեւէ հրապարակ գալ։ Նորման գաղթականներ Րուրիկի առաջնորդութեամբ կը տիրեն Նովկորոտի եւ հիմը կը դնեն Ռուսական կայսրութեան։ Մինչեւ ԺԳ. դար ասոնց հանգիստը վրդովող չըլլար. բայց այդ դարուն Մոնկոլները արշաւելով կը տիրեն ամբողջ երկրին։ Այս տիրապետութիւնը կը տեւէ երկուքուկէս դար։ Իվան Ա. Վասիլիէվիչ զանոնք կը վտարէ եւ պետութիւնը կը փրկէ բարբարոսներու ճնշումէն։ Մեծն Պետրոսի՛ վիճակուած էր սակայն Ռուս կայսրութեան զօրացման մեծ դերը։ Եւ իրօք ալ Մեծն Պետրոսէն կը սկսի Ռուս կայսրութեան բուն զօրութիւնը. Պետական այս մեծ մարդուն մեծագոյն ձգտումն էր Ռուսական պետութիւնը բարգաւաճ, զօրաւոր, քաղաքակրթուած եւ զինուորական պատկառելի ոյժով մը օժտուած կառավարութիւն մը դարձնել։ Իր ձգտումը որչափ բարձր՝ իր դերն ալ նոյնքան մեծ եղաւ Ռուս կայսրութեան պատմութեան մէջ։ Մեծն Պետրոսի գործունէութիւնը կաշկանդող երեք գլխաւոր արգելքներ կային սակայն. 1) Կղերը, 2) Ազնուականութիւնը, 3) Սթէրլիցի գունդը։ Մեծն Պետրոս, օժտուած հանճարեղ դիւանագիտութեամբ եւ աննկուն ու կորովի կամքով ու գիտակցութեամբ. յաջողեցաւ իր ծրագիրները իրագործել՝ գոյութիւն ունեցող բոլոր դժուարութիւնները միառմի ջնջելով ու տկարացնելով։ Իրեն կը պարտի Ռուսական Պետութիւնը իր գերակշիռ դիրքը՝ Եւրոպայի եւ Արեւելեան երկիրներու վերաբերող բոլոր հարցերուն մէջ գրեթէ։ Ա՛ն էր որ կազմակերպեց բանակը, երկրին մէջ ճարտարարուեստ մտցուց, քաջալերեց վաճառականութիւնը, արհեստներն ու ճարտարութիւնը, վարժարաններ բացաւ եւ ամեն միջոց գործածեց՝ Ռուս ժողովուրդը քաղաքակրթելու եւ պետութիւնը հաստատուն հիմերու վրայ դնելու համար։

Մեծն Պետրոս, ուշիմ մարդ, ըմբռնեց որ իր հսկայ ծրագիրը գործադրելու համար երկրին բնիկները բաւական չեն. ուստի մասնաւոր համակրութիւն ցոյց տուաւ Հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Սա՛, արդէն զզուած իր Հայրենիքին մէջ տիրող պայմաններէն, ու զուլումէն սարսափած, ապահով վայր մը կը փնտռէր՝ խաղաղ աշխատութիւնով պարապելու համար։ Հայերու շինարար ոգին ծանօթ էր արդէն։ Բագրատունեաց եւ Ռուբինեանց հարստութիւններու անկումէն վերջ աստ անդ եւ Եւրոպական կեդրոններու մէջ հաստատուած հայկական գաղթականութիւնները շէնցուցած էին այն հողը, որուն վրայ ապրած էին։ Հայոց վաճառականութիւնը ամեն տեղ իր ճիւղերը տարածած էր։ Լէնկթիմուր, թաթարական արշաւանքները եւ ո՛չ իսկ որեւէ հալածանք հայը կրնային զրկել իր ուշիմութենէն։ Հայը իր կորուստը ողբալով յուսահատելէ աւելի՝ անմիջապէս գործի ձեռնարկել եւ կորսնցուցածները ձեռք բերել գիտէր։ Այսպիսի ժողովուրդի մը համար Մեծն Պետրոսի պէս դրացի գահակալի մը գնահատութիւնը շա՛տ ուշագրաւ պէտք է ըլլար բնականաբար։ Եւ ուրեմն հայեր ամէն կողմէ կը սկսին Ռուսաստան վազել։ Հայ վաճառականութեան կեդրոններ կը հաստատուին հետզհետէ՝ Մոսկուա, Բեդրսպուրկ, Արքանկէլ եւ այլն։ Հայը, իր տառապանքներուն մէջ փրկարար ձեռք մը, բարերար օժանդակութիւն մը փնտռող հայը, կը փարի սերտիւ եւ հաւատարմաբար Ռուսական գահուն։ Մատաղ կը դառնայ անոր եւ գինովցած բոլորովին տրուած խոստումներէն՝ Ռուս պետութեան մէջ կը տեսնէ հայերու ազատագրութեան գործին պաշտպան վեհապետութիւն մը, որուն համար չվարանիլ զոհել իր ջանքը, ճիգը, զոհողութիւնները, հարստութիւնը, տաղանդը եւ իր ամենէն ընտիր երիտասարդ զաւակները։ Հայեր պատերազմներու ատեն մեծ օգնութիւն կ’ընեն Ռուսաց բանակին՝ ընդդէմ Պարսիկներուն։ Մելիքները նոյնիսկ՝ Ռուսիոյ, արեւելեան քրիստոնեաներու միակ պաշտպանին կը յարին։ Բոլորն ալ Հայկական Ինքնավարութիւնը Ռուսիոյ թեւարկութեան տակ սիրո՛վ դնել կ’ուզեն։ Չեն հակառակիր ռուսական մշակոյթին։ Պատմութիւնը արձանագրած է արդէն թէ Կովկասը եւ Խրիմը շէնցնողը հայերը եղած են։ Հայ ժէնէրալներ է որ Ռուսիոյ փառքը կազմեցին վճռական ճակատամարտներու մէջ։ Մատաթեան, Արղութեան, Բեբութեան, Լօրիս Մելիքով, Տէր Ղուկասով, Լազարեան, Տէր Ասատուրեան եւ այլն յայտնի արեւներ են ռուս զինուորականութեան երկինքին վրայ։

Մեծն Պետրոսի սկսած գործը յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Նա՝ դիւցազն մը եւ վագր մըն էր միեւնոյն ատեն, ինչպէս կ’ըսէ Վոլթէր։ Իրեն յաջորդները Կատարինէ Ա. եւ Կատարինէ Բ. իր քաղաքականութեան հետեւիլ փորձեցին, բայց զուրկ էին իր քաղաքական սուր հոտառութենէն։ Վերջինին ծրագիրն էր Լեհաստանի ու Թուրքիոյ բզքտումը։ Ֆրանսական Յեղափոխութիւնը ցնցեց ամբողջ Եւրոպան։ Միապետական լուծին ներքեւ ճնշուող եւ երկրակալական ձգտումներ մարմնացող պետութեան մը ընկճումին ներքեւ հեծող Ռուսաստանի մէջ՝ ռումբն սկսաւ խօսիլ։ Երիտասարդ մտաւորական ռուսներ, պահանջող աւելի անկաշկանդ եւ ազատ քաղաքական պայմաններու, յեղափոխական շարժման սկսան։ Ալեքսանդր Բ. երբ Լօրիս Մելիքովի խորհուրդով սահմանադրութիւն հռչակելու կը պատրաստուէր՝ զոհ գնաց։

Հայոց այս անձնուէր վերաբերութիւնը գնահատուեցաւ երկար ատեն, քանի որ երկրին ծաղկման ու բարգաւաճման գործը կը կարօտէր այդ շինարար ժողովուրդին ձեռքերուն։ Ի վերջոյ փոխուեցաւ ռուս քաղաքականութիւնը։

Որոշ է թէ հայ թագին խլուելէն վերջ՝ Հայաստան Թաթարներու, Սելճուգներու, Օսմանցիներու եւ Պարսիկներու միջեւ ոտից կոխան դարձաւ։ Թաթարներու զօրանալէն եւ պարսկական պետութեան վերակազմուելէն վերջ, այս երկու ոյժերն ալ ունեցան արիւնահեղ եւ ուժգին բաղխումներ։ Վերջապէս Պարսիկները, աւելի նպաստաւոր հանգամանքներու տէր՝ պահեցին իրենց հովանաւորութիւնը Արեւելեան Հայաստանի վրայ։ Հայերու այս ընդհանուր դրութեան մէջ սակայն, տակաւին բուռ մը հայ քաջեր, իրենց ասպետական ոգիին պաշտպան եւ նախանձախնդիր՝ կը պահպանէին իրենց անկախութիւնը, Ղարաբաղի սարաւանդներուն վրայ։ Ասոնք Ջրաբերդի, Գիւլիստանի, Վարանդայի, Խաչէնի եւ Տուզախի հինգ մելիքութիւններն էին, որոնք, առանձին կազմակերպութեամբ, ինքնավարօրէն կը տնօրինէին իրենց ներքին գործերը։ Մելիքներն ընդհանրապէս կ’ընտրուէին Պարսից շահերէն եւ պաշտօն ունէին գանձել իրենց շրջանին մէջ ապրող ժողովուրդին տուրքերը եւ տնօրինել ամեն տեսակ ներքին գործ։ Գանձուած գումարէն կարեւոր մաս մը մելիքները պարտէին վճարել Շահին։ Կը բաւէ որ մէկը Մելիք ընտրուէր, այլեւս կարելի չէր անոր մասին որեւէ աննպաստ քայլ առնել։ Իսկ Շահը չէր իսկ լսեր որեւէ գանգատ։ Ասո՛ր համար է որ, թէեւ անկախութեան սիրահար, այսու հանդերձ զզուած մելիքներու կամայականութիւններէն, այս շրջանին ժողովուրդը կ’ուզէր միանգամ ընդմիշտ Պարսից լուծը խորտակել, որպէսզի կեանքը աւելի հանդուրժելի դառնայ։ Իսրայէլ Օրի (1698-1711) եւ Մինաս վարդապետ ընդարձակ յարաբերութիւն կը մշակեն ռուսաց արքունիքին եւ մելիքներուն հետ, սակայն դժբաղդաբար գործը ի գլուխ չի հանած կը մեռնին։ Կը սկսի Մեծն Պետրոսի մեծ արշաւանքը։ Հայեր ամեն կերպով կ’աջակցին եւ հազարաւորներ կուգան օգնելու ռուսական բանակին, սակայն յանկարծ սա կը նահանջէ՝ ասպարէզին վրայ թողլով միմիայն հայ քաջերը, որոնք Դաւիթ Պէկի եւ Մխիթարի հրամանատարութեամբ՝ բուռն ընդդիմութիւն մը ցոյց կուտան՝ Պարսից գրոհին դէմ։ Հայ կղերը կը սկսի ուղղակի յարաբերութիւն հաստատել Ռուսաց արքունիքին հետ։ Յովսէփ Արհի Արղութեանց եպիսկոպոս կը նուիրուի գործին։ Եկատէրինէ Բ. ի անակնկալ մահը վերջ կը դնէ սակայն սկսուած ձեռնարկին։ Յովսէփ Արհիի մահէն վերջ կը սկսին կաթողիկոսական խռովութիւնները, որոնցմէ վերջ Ներսէս Աշտարակեցի կուգայ ասպարէզ։ Խանդավառութիւնը իր ծայր աստիճանին կը հասնի։ Նոյն իսկ հայկական զինանշան մը կը պատրաստուի, Ձարը հայոց թագաւոր կը հռչակուի եւ կը սկսին Ռուսօ-Պարսկական պատերազմները, որոնց մէջ հայերը կը ստանձնեն կարեւոր դեր։ Բայց հիասթափութիւնը կը յաջորդէ շուտով։ Վասնզի Ռուս քրիստոնեայ պետութեան տիրապետութիւնը պարսից վրայ, հայ ժողովուրդին միջոցաւ կ’ըլլայ, եւ այս բոլոր զոհողութիւններէն վերջ իբրեւ թանկագին փոխարինութիւն՝ հայոց կը շնորհուի 1836ին պալաժէնիան (Ազգ. կանոնադրութիւնը) որ կը տրամադրէ՝

1. Հսկել Ռուսաստանի Հայոց եկեղեցիներուն, վանքերուն, դպրոցական եւ ուրիշ աստուածահաճոյ հաստատութիւններու բարեկարգութեան եւ մատակարարութեան։

2. Հրաման տալ եկեղեցական կարգ մտնել ուզողներուն եւ ի հարկին արձակել զանոնք։

3. Վերահասու ըլլալ ամուսնական կնճռոտ խնդիրներու։

4. Հսկել ամուսնացած եկեղեցականներու որբերուն եւ այրիներուն խնամատարութեանը վրայ։

5. Առանձին ցուցակներ պահել եկեղեցիներու, վանքերու, դպրոցներու կղերներու, մեռնողներու եւ ամուսնացողներու, եւ ամեն տարի տեղեկութիւն տալ Ներքին Գործոց Նախարարութեան։

6. Քննել թեմական առաջնորդներու եւ ժողովուրդին ներքին խնդիրները. զանոնք պատժել ի հարկին։

7. Երկու Կաթողիկոսական ընտրելի ներկայացնել Ձարին՝ ի վաւերացումն

8. Պահել սինոդին մէջ պրօկուրոր մը։

9. Վիճակները կառավարել թեմակալներով։

Բաղդատելով Ռուսահայոց Պալաժէնիան Տաճկահայոց Ազգ[ային] Սահմանադրութեան հետ, մենք կը գտնենք ո՛րքան կաշկանդիչ ու ողորմելի առաջինը, նոյնքան համեմատօրէն լայն ու ինքնավարական երկրորդը։ Այդ Պալաժէնիան, որ Հայոց Ռուսաց գահուն հանդէպ ցոյց տուած հաւատարմութեան վարձատրութիւնն է, սկիզբն է արդէն ուրիշ սոսկալի ռուսական ծրագրի մը, որուն պիտի անդրադառնանք ուրիշ յօդուածով մը։

Ի՞նչ է եղած Ռուսիոյ դերը Տաճկա-Հայկական հարցին մէջ։ Իր բոլոր ազդեցութիւնով, որ ապացոյցի կարօտ չէ, Ռուս պետութիւնը բացասական դիրք մը բռնած է Հայկական խնդիրին կարգադրութեանը մէջ։ Պերլինի վեհաժողովէն վերջ մանաւանդ շեշտուած հայատեցութիւն, ռուսացման փորձերը, Մայիսեան ծրագրին վիժումը, սահմանագլուխի ընդհարումներու ատեն ռուս սահմանապահ զինուորներու վերաբերումը հայ հերոսներու հանդէպ եւ Հայկական Խնդրի բոլոր դրուագներուն մէջ բացայայտօրէն երեւան եկած է Ռուս կառավարութեան ոչ-բարեացակամ տրամադրութիւնը։ Իսկ թէ ինչո՞ւ ուզեց պահել Թուրքիոյ ամբողջականութիւնը եւ հակառակեցաւ Հայկական դատին։ - Ո՞վ չգիտեր. իր տնտեսական շահերուն եւ բռնապետական ծրագիրներուն ու ցանկութիւններուն համար միայն։