Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XXV
Հայերը Ասիոյ մէջ մի՛շտ առաջդիմականներ. Պարսիկներն ու հայերը. Մահմետականութիւն եւ հայերը. Թաթարներն ու հայերը. Հայերը առաջդիմական տարր՝ ամե՛ն տեղ, ամե՛ն երկրի ու ամե՛ն շրջանի մէջ. Օսմանեան Յեղափոխութեան մէջ հայոց դերը. Ռուսական Մեծ Յեղափոխութեան մէջ՝ հայերը առաջապահ. Պարսկական իրականութեան մէջ՝ կրկին ազատասէր. Հայուն պատմական դերը մինչեւ այսօր. Հայը կայ եւ կը մնայ իր ընդունակութիւններով։ 

«Հայուն ծառայելը քաղաքակրթութեան ծառայել է» (To serve Armenia is to serve civilization) յայտարարած էր Անգլիոյ դիւանագիտական մեծագոյն դէմքերէն մին, Կլատըսթըն, որ ապահովաբար իր դատաստանը վարկպարազի ենթադրութիւններու եւ թեթեւ քննութիւններու վրայ հիմնած չէր։ Այս նշանաւոր հայասէրին յայտարարութեան մէջ կայ այնպիսի խորունկ նշանակութիւն մը, զոր ըմբռնելու համար պէտք է խորապէս ուսումնասիրել Հայ ցեղը՝ իր պատմութիւնով, գրականութիւնով, կրօնքով եւ բովանդակ կեանքով։ Հայոց պատմութիւնը վերծանելու համար չբաւեր անուններու եւ թուականներու հմտութիւնը։ Պէտք է ուսումնասիրել բոլոր իրարու յաջորդող դէպքերու եւ պատմութեան ընթացքին մէջ թատր եկող դէմքերու յարաբերականութիւնը, Հայ Կեանքին բոլոր դիմայեղումները, անոր աղերսը համապատասխան ժամանակաշրջաններու ընդհանուր ազգերու պատմութեան հետ, եւ այն ոգին, որ կը տիրէ զանազան շրջաններու մէջ։ Հայոց պատմութեան էութիւնը կը կայանայ քաղաքակրթութեան բոլոր տարերքներու ճանաչողութեան եւ պատմական-տնտեսագիտական, ընկերային, քաղաքական ու հասարակական ազդակներու ու աստիճանական զարգացման ըմբռնողութեան մէջ։ Այս բոլոր գործօններու ուսումնասիրութիւնը մեզ պիտի հասցնէր այն անժխտելի եզրակացութեան թէ Հայ ցեղը, իր ծագումով արեւմտեան, խառնուածքով ու նկարագրով արեւմտեան, երկար դարեր ապրելով Ասիոյ խորը, պահպանած է միշտ իր ձգտումները եւ ապրած է արեւելեան այդ միջավայրին մէջ՝ մի՛շտ առաջդիմական ոգիով դրօշակակիրն հանդիսացած այն քաղաքակրթութեան, որ ի՛րն էր։ Հայը կը նմանի այն պանդուխտին, որ՝ հեռացած իր հայրենի օճախէն, հաստատուած օտար երկինքներու ներքեւ, շրջապատուած տարբեր տարբեր պայմաններով եւ դրուած նոր միջավայրի մը մէջ, համեմատաբար սահմանափակ, կարօտով կը յիշէ իր ծագումը, իր հայրենի կեանքն ու կենցաղը եւ շարունակ կը ջանայ իր նոր բնակավայրին մէջ իսկ քիչ մը իր ծննդավայրի կեանքը ապրիլ, եւ կամ կը նմանի այն ծառին, որ փոխադրուած իր բնական միջավայրէն, տնկուած է տեղ մը՝ ուր կը պակսին իր բարգաւաճման պայմանները, ու այլ եւ այլ ծառեր ու թուփեր կ’ուզեն արգիլել իր անկաշկանդ աճումը, այսուհանդերձ անիկա, լի կենսունակութեամբ, վեր կը բարձրանայ ու ճիւղեր կ’արձակէ։

Հայ ցեղը՝ Արեւմուտքէն եկած ու Փոքր Ասիա հաստատուած, իր հետ բերած ըլլալով արեւմտեան ազգերու աշխուժութիւնը, ընդունակութիւններն ու ուշիմութիւնը, ճակատագրին բերումով զետեղուած է արեւելեան միջավայրի մը մէջ, շրջապատուած այնպիսի ազգութիւններէ ու ցեղերէ, որոնք համեմատաբար ստոր ու բարբարոս ձգտումներով տոգորուած՝ կը ճգնէին սպաննել միշտ իր բոլոր զարգացական ճիգերը եւ մէկիկ մէկիկ ու բրտօրէն կը փետրատէին անոր բոլոր բարձրագոյն իղձերն ու կամեցողութիւնները։ Դարերու ընթացքին այս իսկական նահատակութիւնը կը շարունակուի՝ անհաւասար եւ սոսկալի պայքարի մը ձեւով, որուն մէջ ներքին անդիմադրելի առաջդիմական միտում մը կը մղէ զինքը հերոսական զոհաբերութիւններու եւ խելայեղիչ դիւցազնութեանց։ Քաղաքակրթական ոգին կը զարթնու իրմով, առաջդիմութեան կայծը կը վառի իր մէջ եւ նորանոր հարուածներ կը սպաննեն իր յառաջդիմասէր ոգին, նորանոր բարբարոս հոսանքներ կը սպառնան խեղդել զինքը՝ իր բոլոր ձգտումներով ու ընդունակութիւններով։ Պատմական յանձնառութեան մը առաքեալը եւ արեւմտականութեան ջահակիրը՝ Հայ ժողովուրդը կը մարտնչի շարունակ բարձր բռնելով ա՛յն դրօշը՝ որ կը պատկանի արեւմտեան քաղաքակրթութեան։ Ահա՛ այն պատմական դերը, զոր կատարեց Հայ ազգը, ահա՛ այն պատմական ուղին, որուն մէջէն քալեց այս ցեղը անօրինակ եւ ապշեցուցիչ արիութեամբ մը։ Իր աշխարհագրական դիրքով եւ միջավայրով անիկա կը գտնուէր հոն, ուր պէտք է իրարու շփուէին, կամ աւելի ճիշդը բաղխէին, երկու քաղաքակրթութիւնները Արեւմուտքն ու Արեւելքը, առաջինը՝ իր առաջդիմական, բարեշրջական բոլոր ստորոգելիքներով եւ երկրորդը՝ իր ամեհի, վայրագ ու պահպանողական բնազդներով։

Ու Հայ ժողովուրդը ստիպուեցաւ փոխնիփոխն մաքառիլ զանազան արեւելեան ցեղերու հետ։

Պատմական առաջին բաղխումը պարսիկներուն հետ ըլլալ վիճակուած էր։ Ի՜նչ ահեղ յարձակումներ, ի՜նչ սոսկալի հոսանքներ եւ կրօնական ի՜նչ բուռն հալածանքներ՝ Պարսկաստանէն եկան Հայաստան, կրօնքի անունով, ձգտումներու անունով, արեւելեան ոգիի անունով։ Հոդ Հայ ցեղը իր դերին մէջն էր, այնպիսի ամեհի լուծի մը տակ, զոր իրեն տուած էր իր նոր կրօնը, իր իսկական հայրենիքէն հասած նոր դաւանանքը։ Դարեր անցան։ Ահա Արեւելքի ուրիշ մէկ ախոյեանն էր որ ասպարէզ կը կարդար։ Մահմետական կրօնքին հիմնուելէն վերջ արաբական արշաւանքը կազմակերպուեցաւ։ Ուժգին հրոսում մը Հայոց Աշխարհէն ներս, լաց, կոծ, արիւն, արցունք։ Սակայն Հայ ցեղը իր կուրծքովը կը դիմակալէր ամեն տեսակ խոչընդոտներու։ Ապա, թաթարական մեծ արշաւանքը կուգար քանդել իր բոլոր էութիւնը, մինչ ներքին նո՛յն ոգին էր որ զօրավիգ կ’ըլլար իրեն՝ աւանդաբար իրեն յանձնուած քաղաքակրթական շինարար դերը պահպանելու։ Առաջդիմական տարրն էր Հայը, Ասիոյ մէջ քաղաքակրթութեան ջահակիրը, որ ամե՛ն տեղ, ամե՛ն երկրի, ամե՛ն շրջանի ու ժամանակի մէջ՝ երբե՛ք չդաւաճանեց իր կոչումին, իր դերին։ Արեւմտեան բազմաթիւ ազգեր ալ իրենց կարգին հսկայական բաղխումներ ունեցան Արեւելքի ներկայացուցիչներուն հետ, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը տեւական ու մնայուն կերպով վտանգին սպասեց, ինչպէս Հայը, եւ ո՛չ մէկը պահապան հրեշտակի մը պէս իր դրօշէն չզատուեցաւ ինչպէս Հայը։ Ասիոյ մէջ Հա՛յն էր որ պահեց Արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը եւ քրիստոնէական կրօնը։

Ահա՛ Հայ Ցեղին դերը պատմութեան մէջ։

Նորագոյն ժամանակներու մէջ ալ, երբ բաղդը միեւնոյն ժողովուրդին զաւակները անջատած է իրարմէ եւ երեք տարբեր քաղաքական սահմաններու մէջ կաշկանդած, կրկին միեւնոյն պատմական դե՛րն է որ կը հետապնդուի հայկական բոլոր հատուածներուն մէջ ալ։ Օսմանեան պետութեան մէջ ահաւասիկ Հայ ցեղը՝ առաջապահներու կարգին մէջ եւ ուսուցիչը առաջդիմական ոգիին. արեւմտեան ազգ, ուշիմ եւ ընդունակ։ Ռուսական Պետութեան մէջ հայրենիքին երիտասարդ ու զարգացած դասակարգին ստեղծած քաղաքական ու տնտեսական ահեղ պայքարին մէջ՝ կրկին ձախակողմի՛ն հետն է Հայ ժողովուրդը, առաջապահներու գունդին մէջ։ Իսկ Պարսկական իրականութեան մէջ Հայ ժողովուրդին ազատատենչ ձգտումները դեռ նոր արձագանգեցին աշխարհի չորս կողմը։

Ի՞նչ է այն ներքին ոյժը, որ ափ մը Հայ ժողովուրդը լեցուած է առաջդիմական ոգիով, ի՞նչ է այն մղիչ զօրութիւնը, որ հերոսութիւններու մղած է Հայ Ցեղը, տուեալ զանազան պայմաններուն մէջ։ Անիկա աներեւոյթ այն ձեռքն է, որ այս ուշիմ ցեղին ուղեղին մէջ իմացականութեան բո՛ցը վառած է, որ հպարտութեամբ մատնանիշ կ’ընէ այն մեծ իտէալը՝ որ մեծ ազգերուն յատուկ է։

Ու Հայ ժողովուրդը իր մաքուր իտէալով, իր բարձրագոյն ձգտումներով եւ իր գնահատելի ընդունակութիւններով մեծ ազգ մըն է ապաքէն, մեծ իր մաքառումներուն մէջ, ու մեծ՝ իր զոհաբերութիւններով։

Ծառայութիւնը, զոր Հայ Ցեղը մատուցած է Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան, իրաւունք կուտայ իրեն ըսելու թէ «Հայուն ծառայելը՝ քաղաքակրթութեան ծառայել է» ։

ՎԵՐՋ