Հայապատում. Հայուն պատմական դերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

XXII
Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնը. Իր հայեացքը Տաճկահայկական հարցին համար . Պանք-Օթօմանի գրաւումը. Երկրորդ ջարդը. Դէպի Խանասօր. Սասունի Բ. ապստամբութիւնը. Մահափորձ՝ Ապտիլ-Համիտի կեանքին դէմ։

Մինչ Տաճկահայ իրականութեան մէջ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, 1887ին հիմնուած, կը գործէր անընդհատ, ամբողջ հայութիւնը իր ազատագրական իտէալին կապած էր եւ Սուլթանն ու իր պաշտօնեաները ահ ու դողի մատնած, անդին Կովկասի մէջ 1890ին կը սկսէր կազմակերպուիլ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որուն պաշտօնաթերթը «Դրօշակ» լոյս կը տեսնէր Ժընէվի մէջ։ Քրիստ[ափոր] Միքայէլեանն էր գլխաւոր հիմնադիրը այս նոր Կուսակցութեան, որ մերժելով ընկերվարութեան դաւանանքը, ազգային-քաղաքական ուղղութիւն մը կ’որդեգրէր Տաճկահայ դատին վերաբերմամբ, Ռուս կառավարութեան դէմ որեւէ պահանջ չէր ներկայացներ եւ հետեւաբար ալ Կովկասիոյ մէջ կը գործէր արձակ համարձակ՝ հանգանակութիւններ կատարելով, տաճկահայկական հարցին ի նպաստ պրօպականդ մղելով եւ տակաւ ընդարձակելով իր կազմակերպութիւնը։

1890-95, երբ Հնչակեան Կուսակցութիւնը բուռն ու տենդոտ գործունէութեան մէջ էր Տաճկաստանի մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը հազիւ հազ քանի մը կօմիտէներ ունէր եւ յեղափոխական ագթիւ գործունէութիւն չէր ցոյց տուած հոս։ Հնչակեան կուսակցութեան ցոյցերէն, շարժումներէն եւ Հայկական կոտորածներէն վերջը, այն կարծիքը արմատացած էր այլեւս այդ կազմակերպութեան բոլոր գործիչներուն մէջ ալ, թէ մասնակի ցոյցերը անզօր են ազդելու Եւրոպայի շահերուն եւ նոյնիսկ Թուրք կառավարութեան վրայ, որով եւ Եւրոպական միջամտութիւն տեղի չունենար։ Ուստի ընդհանուր ապստամբութենէն միայն կարելի ըլլալով արդիւնք մը յուսալ, հարկ է որ Մայր-Երկրին մէջ լուրջ պատրաստութիւններ տեսնուին, ցոյցերու գաղափարը մէկդի դրուի, եւ քաղաքականապէս յարմարագոյն րոպէն երբ ներկայանայ՝ ընդհանուր շարժումով մը ապստամբական դրօշը պարզուի։ Իսկ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը մտածէր թէ հայկական ճգնաժամի շրջանին որպէսզի հայ ժողովուրդը բոլորովին սրտաբեկ եւ դասալիք չըլլայ, հարկ է ցոյցերու միջոցաւ վառ պահել Հայ ժողովուրդին յոյսերն ու յեղափոխական գաղափարները եւ Կառավարութիւնն ալ մասնաւոր զիջումներու հրաւիրել։

Անդրանիկ գործը, որ կատարեց Դաշնակցութիւնը, Թուրքիոյ մէջ, Պանք-Օթօմանի գրաւումն էր։ Պոլսոյ մէջ, Պապը Ալիի ցոյցէն վերջ այնպիսի դժոխային մթնոլորտ մը կար ստեղծուած, որ ժողովրդային շարժումներու դրութիւնը անիրականանալի եւ վտանգաւոր էր բոլորովին։ Ուստի Դաշնակցութիւնը որդեգրած էր խիստ սահմանափակ թիւով գործիչներու միջոցաւ եւ վերջին ծայր գաղտնապահօրէն գործելու դրութիւնը։ Ճիշդ այս կերպով ալ պատրաստուած էր Պանքայի Ցոյցը։ 1896 օգոստոս 14ին, քսանըհինգ կտրիճներ գրաւած էին Պանք-Օթօմանը։ Անհաւասար կռիւն սկսած էր այս բուռ մը քաջերուն եւ Օսմ[անեան]   կանոնաւոր զօրքին միջեւ։ Ռումբն էր որ կը խօսէր, սարսափահար ընելով թէ՛ պանքային պաշտօնէութիւնը եւ թէ շէնքը պաշարող զօրքն ու խուժանը։ Միեւնոյն ատեն երեք լեզուով տպագրուած հետեւեալ պահանջագիրը կ’ուղղուէր Եւրոպական պետութեանց դեսպաններուն.

«Մենք անդուլ բողոքեցինք Եւրոպային՝ թուրք բռնապետութեան դէմ, բայց մեր բողոքները, որ օրինական էին, սիստեմաբար մերժուեցան։

Սուլթան Համիտ արիւնահեղ վրէժխնդրութեամբ պատասխանեց մեզ։

Եւրոպան տեսաւ այդ ահռելի ոճիրը եւ լռեց։

Դիւանագիտական խաղերու ժամանակը ա՛լ անցած է։

Մեր հարիւր հազար նահատակներուն թափած արիւնը մեզի իրաւունք կուտայ ազատութիւն պահանջելու։

Մեր թշնամիներուն տարածած բոլոր նենգամիտ զրոյցներու հակառակ մենք խնդրած ենք եւ հիմա ալ կը խնդրենք մի՛միայն անհրաժեշտը, այսինքն՝

1. Նշանակել ծագումով եւ ազգայնութեամբ Եւրոպացի բարձրագոյն գօմիսէր մը՝ Հայաստանի համար, ընտրուած վեց մեծ տէրութիւններու կողմէն։

2. Վալիները, միւթէսարըֆները եւ գայմագամները պիտի նշանակէ բարձր գօմիսէրը եւ Սուլթանը պիտի վաւերացնէ.

3. Եւրոպացի սպաներու հրամանատարութեան ներքեւ պիտի կազմակերպուի տեղական ազգերէն միլիցիա, ժանտարմա եւ ոստիկանութիւն։

4. Դատական բարենորոգումներ՝ եւրոպական սիստեմով։

5. Կրօնի, կրթութեան եւ մամուլի կատարեալ ազատութիւն։

6. Երկրի հասոյթներու երեք քառորդ մասը պիտի յատկացուի տեղական պէտքերուն։

7. Յետնեալ հարկերը ջնջել։

8. Հինգ տարի հարկէ ազատ պահել ժողովուրդը, եւ այդ գումարը գործածել վերջին խռովութեանց վնասներու դարմանումին։

9. Բռնագրաւուած կալուածները ա՛նմիջապէս դարձնել իրենց տէրերուն։

10. Բոլոր գաղթականներուն ազատ վերադարձ։

11. Ընդհանուր ներում հայ քաղաքական յանցաւորներուն։

12. Եւրոպական տէրութիւններու ներկայացուցիչներէն առժամեայ Յանձնաժողով մը կազմել, որ Հայաստանի գլխաւոր քաղաքներէն մէկին մէջ հաստատուելով՝ պիտի հսկէ վերոյիշեալ յօդուածներու գործադրութեան։

Եւրոպական պետութեանց ներկայացուցիչներ եւ կայսր. թիկնապահներ անմիջապէս բանակցութեան մտած էին հերոսներուն հետ՝ Եըլտըզի անունով։ Ռուսական մեծ դեսպանին Ա. Թարգմանը Պ. Մաքսիմոֆ, Բրիտանական կառավարութեան ելմտական ներկայացուցիչը, Սըր Էտկար Վինսըն, Օսմ[անեան] Պանքային Ա. տնօրէնը եւ Ֆրանսական կառավարութեան ելմտական ներկայացուցիչը, Պ. Օպուանօ՝ Պանք Օթոմանի Բ. տնօրէնը։ Պանքայի հերոսներու պահանջները հետեւեալներն էին.

1. Պանքային պաշարումը վերցնել։

2. Խուժանին ու զինուորներուն յարձակումը դադրեցնել եւ ջարդերն արգիլել։

3. Բոլոր Հայ քաղաքական բանտարկեալներուն ներում։

4. Հայկական բարենորոգումներու անյապաղ գործադրութիւնը։

5. Պանքայի ցոյցի միջոցին նահատակուած երեք ընկերներու պատշաճ թաղումը՝ Հայ եկեղեցիի ծէսերուն համաձայն։

6. Վիրաւորուած հինգ ընկերներու դարմանումը՝ օտար հիւանդանոցի մը մէջ եւ առողջանալէ յետոյ արտասահման փոխադրուիլը, օտար շոգենաւով եւ ապահով պայմաններու ներքեւ.

7. Մնացեալ տասնըեօթ ցուցարար ընկերներուն զինուած վիճակի մէջ պանքայէն դուրս ելլելով՝ երեք ներկայացուցիչներու պաշտպանութեան տակ օտար շոգենաւով մը ապահով կերպով արտասահման ղրկուիլը։

Համաձայնութիւնը կայացաւ երկու կողմին միջեւ, եւ ցուցարարները Պանքան թողելով շոգենաւ մտան շուտով, ա՛յն խղճամտութեամբ թէ մի՛ գուցէ իրենց երկար ատեն Պանքային մէջ մնալը կրնայ կոտորածներ առաջացնել Թուրքիոյ մէջ։ Սակայն շոգենաւը Տարտանելէն դուրս չելած տակաւին, ջարդը սկսած էր Պոլսոյ մէջ, ամեն կողմ։ Սոսկալի ընդհարում մը յառաջ եկած էր Սամաթիոյ մէջ՝ զինուորներուն եւ Միսաքեաններու տունը ամրացած կտրիճներուն մէջ։ Ամբողջ Պոլիսը արիւնոտած էր։ Հայեր սարսափահար եղած էին։ Շատ սրտաճմլիկ էր Խասգիւղի ջարդը։ 1896ի ջարդին 10, 000 զոհեր տուաւ Պոլի՛սը միայն, մինչ անդին գաւառներու մէջ ալ կրկնուեցաւ։ Նշանակելի էր Վասպուրականի կռիւը, ուր Հայ երեք կուսակցութիւններ միացած ինքնապաշտպանութեան գործը կը ղէկավարէին։

Ահա թէ ի՞նչ կ’արժէին Եըլտըզի խոստումներն ու յանձնառութիւնները…։

Օսմ[անեան] Պանքայի ցոյցէն վերջ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կազմակերպեց Խանասօրի արշաւանքը, 1897ի ամառը՝ ջնջելու համար յայտնի հայահալած Շէրէֆ Պէկի ցեղը։ Երեք հարիւր հոգիէ բաղկացած հայկական բանակիկ մը նոյն տարւոյ Յուլիսին յարձակում գործեց Շէրէֆ Պէկի վրանատեղիին վրայ։ Բուռն ընդհարում տեղի ունեցաւ։ Հայերը տուին քսանըմէկ զոհեր, իսկ թշնամիին կորուստն ահագին էր։

Հայկական ճգնաժամը շարունակուեցաւ, բայց մանր մունր ասպատակային շարժումները վերջ չգտան՝ Վանի, Բաղէշի եւ Կարնոյ նահանգներուն մէջ։ Կառավարութիւնը իր բոլոր ոյժերը լարած կը հետապնդէր յեղափոխականները, ամեն կողմ։ Պոլիսը լրտեսներով պաշարուած էր, իսկ գաւառներու մէջ կեա՛նք չկար, կարելի է ըսել։ Պոռթկաց Սասունի Բ. ապստամբութիւնը, ղէկավարութեամբ Անդրանիկին։ Դեռ Սասունի կռիւներէն առաջ Բասենի մեծ ճակատամարտը ահեղ տպաւորութիւն գործած էր մահմետական զօրքին ու խուժանին վրայ։ Ֆէտայիներու խումբերը հարիւրաւոր դիակներ ձգած էին կանոնաւոր զօրքէն ու խուժանէն։ 1903ի վերջերը Մշոյ դաշտէն մինչեւ ռուսական ու պարսկական սահմանագլուխը հայկական հերոսախմբեր գերմարդկային ճիգեր կը թափէին օգնութեան հասնելու համար Սասունին, բայց իզուր։ Ապստամբութիւնը կը խեղդուէր անհաւասար ոյժերու մարտնչումին մէջ եւ 1904 թուականի Սասունի շարժումները վերջ կը գտնէին ոգեսպառ մարտիկներու անօգնական կացութենէն։ Ու Սասունի անդրանիկ ապստամբութեան արիւնոտ տասնամեակը կը տօնուէր (1894-1904)։

Ահա 1905ի մահափորձը կուգար ցնցել ամբողջ դիւանագիտական աշխարհը։ Կրկին ռումբն էր որ կը խօսէր, բայց այս անգամ ո՛չ թէ Եըլտըզէն հեռու, այլ՝ Եըլտըզին շատ մօտիկ, սէլամլըգի պահուն, կարմիր դահճապետին գլխուն մօտ։ Անսպառելի յապաղում մը ձեռնարկը կը վիժեցնէր, եւ գազանը կ’ապրեր դժբաղդաբար, բայց եւ այնպէս այդ ահռելի ցոյցը կուգայ Սուլթանին, իր կառավարութեան եւ Եւրոպայի հասկցնել թէ դեռ հայ յեղափոխականին միջոցները չեն սպառած, դեռ ցեղին ըմբոստ ոգին չէ՛ մեռած։ Կը սկսէր աղմկալից դատավարութիւն մը, որ ամբողջ մամուլը կը զբաղեցնէր։

Եըլտըզը կը տիրապետէր տակաւին։