Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏԸ

/87/ Արուեստագէտ սերունդին արձակ էջերը երբ վէպ կամ դատում չեն, տարտամ նկարագիր մը կը ցուցադրեն յաճախ։ Իրապաշտները իրենց արձակները քրոնիկի ձեւին կը վստահէին ու, լաւ կ՚ընէին, վասնզի տեսակ մը առարկայականութեան հաւատարիմ մնալու հարկին տակ կը զգային իրենք զիրենք։ Պէրպէրեանի, Մամուրեանի դպրոցը կեանքին տեղ ու հետ, աւելի յաճախ իմացական տարողութիւն մը ջանաց մտցնել արձակէն ներս։ 1900–ի մարդերը մէկէ աւելի պատճառներով զառածեցան այդ զգուշաւոր, պարկեշտ եղանակներէն։ Արձակ քերթուածին միահեծան տիրակալութիւնը մէկ կողմէն, միւս կողմէն գրաքննութեան խուլ ճնշումը, որ համայնական, հաւաքական, ընկերային խռովքները արգիլեալ գօտի կը կացուցանէր, գլխաւոր թելադրանքները կ՚ըլլան սա զառածումին։ Ծանրագլուխ մարդիկը, օրինակի համար Եղիշէ Դուրեան մը, երբ եպիսկոպոսացման առիթով կ՚երթայ Ս. Մեսրոպի գերեզմանին վրայ ծունկը կոտրելու, անշուշտ կ՚այցուին շատ խորունկ յուզումներէ, կը զգան ծանրատարր տպաւորութիւններ։ Ասոնց թուղթին վրայ սեւեռումը սակայն կանխողներուն թեթեւ, համով, արագ ձեւերովը չի կատարուիր քրոնիկին։ Ու կ՚ունենանք էջեր, որոնք ո՛չ բանաստեղծութիւն են ո՛չ ալ պատմում, ո՛չ ինքնազեղում, ո՛չ ալ թռիչք։ Ատիկա է, որ տպաւորապաշտ էջեր ընդհանուր տարազին տակ կը կազմէ մեզի յատուկ գրական սեռ մը։ Արդարեւ, «Ովասիս»ը ո՞ր դերին մէջ, առանց անպատեհութեան ներուէր պիտի տիտղոսաւորել։ Ու 1900–ի բոլոր գրողները, օր մը, երբ մտնեն հատորի, իրենց արձակներով, ուրիշ անուն պիտի չկրնային կրել, առանց իրենք զիրենք հերքելու։ Ռ. Որբերեան 1900–ի մարդ մըն էր։

***

« Ովասիս »էն դուրս է ձգուած, ո՛վ գիտէ ի՛նչ ճիղճ հաշիւներով, այն միակ կտորը, որ Որբերեանի գրական դէմքը բաւ էր պաշտպանելու, փրկելու։ Չըլլար « Ֆանին ու ես » վիպակը, ինծի համար ա /88/ննկճելի դժուարութիւն էր այս մարդը ընդունիլ իր սերունդին աւագ անուններուն հետ։ Մարդ մը, որ մէկ ոտանաւոր միայն գրած է յաջող հարիւրներու մէջ, կը յիշատակուէր անշուշտ, բայց կը մնար դուրս սրբարանէն։

«Ֆանին ու ես» բաւական ընդարձակ պատմում մըն է։ Ինչպէս իր ստեղծագործութեան ամէն մասերուն մէջ, հոս ալ ան կը ներկայանայ մեծ անկարողութիւններով։ Վիպակին եւ վէպին ընդմէջ դրուագում մըն է անիկա։ Ու որովհետեւ երկու եղանակները ո՛չ միայն իրարու հոմանիշ չեն, այլեւ գրեթէ իրարու հակադիր մեղքի մարզանքներ, ձեւեր, կը հասկցուի, թէ ինչպէ՛ս Որբերեան անդադար ըլլայ մեղանչած ու իր սքանչելի նիւթը ըրած երկկենցաղային նկարագրով պատկերացումներու շարք մը, փոխանակ հոգեկան հարազատ ապրումներու անթառամ վկայութիւն մը, զոր ըլլալու բոլոր իրաւունքներով էր ծնած սակայն պատմումը։

 

«Ֆանին ու ես»ը թանկագին էջ մըն է նորէն, հակառակ սա անկատարութեանց։ Անոր մէջ տիրական գիծերով տրուած է մեզի արմատախիլի (déraciné) ո՛չ միայն արտաքին պատկերը, այլեւ նուաճուած հոգին այն մարդոց, որոնք 1940–ին կը ձգէին իրենց գիւղերը ու կ՚արձակէին իրենց անձերը դէպի արկածախնդրութիւնները մեծ ոստաններուն։ Հոս, Պոլիսն է այդ քաղաքը։ Ինչ որ մեզի պատկերացուի այդ փոխադրումին մասին յանձին աւագ դերակատարին, որ ես ն է հեղինակին, անառարկելի գեղեցկութեամբ ու մշտական շահեկանութեամբ էջերն են 1890–ի հայ հոգեբանութեան, գաւառներու վրայով Պոլսոյ մէջ [1] ։ Ոչ միայն այդ։ Պոլսոյ մէջ սա թափառումնե/89/րուն կ՚ընկերանան նաեւ թիփերու ստուրներ, մեծ քաղաքին զանազան մասնայատկութիւնները ընդմիշտ մոռացումէ փրկող։ Չեմ կրնար երախտապարտ չըլլալ Որբերեանին, երբ ուսուցիչներու գաւառ տեղաւորման սրտաճմլիկ տեսարանները այնքան հարազատութեամբ ու պարկեշտութեամբ կրցած է պատմել։ Գործակալութիւնը, իր որջատիպ թշուառութեանը մէջ, գործակալը, որ իր կարգին հոյակապ տիպար մըն է 1890–ի մարդոցմէն, իրեն պէս գաւառէն Պոլիս ինկած, միշտ եէմէնի ով, բայց իյնալով ելլելով անուն մը յօրինած ու հազար դուռի իր գլուխը զարկած, օր մը կուշտ, օր մը անօթի, չըսուելիք ձեռնարկներու ետեւէն իր յամառ ու չարքաշ միամտութիւնը զոհած ու հաստատած է իր գործակալութիւնը, ուսուցիչներ առաքելու կամ ճարելու, տեղափոխելու, տեղաւորելու։ Այս մարդուն այդ արտածման գործատեղին է, որ իրարու կը հանդիպին մէկ կողմէն աղաները, հաճի կամ ոչ, հոգաբարձուները, պազիրկեան կամ ոչ, իրենց տիպարային բոլոր ցցունքներով (relief) ու նկարագրի վճռական երեսներով։ Միւս կողմէ մարդեր, որոնք թերեւս ամենէն դժբախտ դասը եղան մեր ընկերութեան ուսուցիչներ, ամէն տարիքի, կարողութեան խայտաբղետ վիճակներով, բայց խորքին մէջ մէկ, բացարձակ թշուառութեամբ։ Ու սակարկութիւն։ Որբերեանի վէպը այս պատկերները, բարքի կտորները, կեանքի պատառիկները (tranche de vie) փորձած է թեթեւ, բնական ու պարզ արուեստով մը։ Կը հետեւինք իրեն, երբ պոլսամերձ գաւառներու ուսուցչութիւնը կը պատմէ։ Ինք գիւղ կ՚անուանէ այդ մարզերը։ Իրողութիւնը տարբեր է քիչ մը։ Մարմարայի եզերքը հաստատուած փոքրիկ քաղաքներուն կեանքն է, որ մեզի կը մատուցուի։ Բարքերը անշուշտ ծփուն են բաւական, շատ մօտիկ իրենց ծագումին (գիւղերէ ճարուած գաղթականութիւններ են), ու ատեն չգտած կերպարանափոխուելու, քաղաքը ըլլալու։ Այս տեսակ գիւղեր էին Պանտըրմա, Պալըքէսէր, Պարտիզակ, որոնք հաղորդ էին քաղաքին ու գիւղին հաւասարապէս։ Որբերեան չէ նուա/90/ճած անշուշտ այդ շատ շահեկան շերտերը մեր ժողովուրդի մէկ մասին, անոր՝ որ վտարուած իր դարաւոր կայաններէն, բռնութեան հովով քշուեր էր Արեւմտեան Անատոլու ու կազմած նոր, փոքրիկ կեդրոններ, թրքութեան ծովուն մէջ ինքզինք կրցածին չափ պաշտպանելով։ Պրուսան, Իզմիրը, Գոնիան, Մանիսան երկու սերունդով դիմափոխ, չեն մաս կազմեր այս խաղերուն։ Թրքութիւնը ազդած է ասոնց վրայ որ մէկէն առնելով իր լեզուն, ուրիշին պարտադրելով իր բարոյական ըմբռնողութիւնը (իմ տղայութեանս Պիլէճիկի մէջ հայ կիները արտօնուած չէին առանց սաւանի փողոց ելլելու)։ Որբերեան բարքերու պատկերիչ մը չէր, որպէսզի մեզի համար այսօր այնքան թանկ տարրեր ըլլար ազատած։ Ոչ հայ գիւղը, ո՛չ ալ թուրքը չեն շինուիր մեր մտքին մէջ այդ էջերէն, իրենց հիմնական գիծերով։ Բայց տրուածին համար ալ ինծի կը մնայ գոհունակութիւն միայն արձանագրել հոս։ Բարքերէն ետք իր տիպարները անբաւական են դարձեալ։ Բազմաթիւ մարդեր կը խառնուին գործողութեան։ Հրեայ մըն ալ չի պակսիր, ցուցակը ցայտուն ընելու համար։ Չեմ զբաղիր այս անաւարտ մարդերով, թէ եւ իրենց լեզուն, մտայնութիւնները կ՚ըլլան թառամած կէս դար յետոյ իսկ։ Բայց խակ, չեփած խելքին համար չարժեր խոշոր խանդավառութիւններ սնուցանել։ Կը կենամ քիչիկ մը Ֆանի անունին տակ սեղմուած պատկերին։ Ասիկա անունն է աղջկան մը, որուն հետ զգացումի մը պատմութիւնը առիթ է վիպակին։ Սրտառուչ է սա պատկերը, թերեւս իրականութեան հզօր պաշտպանութեան գնով։ Անոր վրայ չեն սփռուած գիւղացի աղջկան տիրական յատկանիշները, ու հասկնալի էր ասիկա։ Վիպակը այդ աղջիկը կը նշանէ վարժապետին (որ հեղինակին անձն է) ու կը հետեւի, քիչ անգամ ձեռք ձգուած վաւերականութեամբ մը, այս նշանտուքին հակազդեցութիւններուն, տունին, շրջապատին։ Որբերեան այս ազդեցութիւնները պատմելու ատեն մէկէ աւելի անգամներ ճշմարիտ վիպողի տաղանդ է յայտնաբերած։ Վէպին ամենէն կենդանի մասերը հոդ են խտացած։ Աւելորդ է մանրամասն դրուագումը սա իրողութիւններուն։ Հիւանդութիւն մը տկար կը ձգէ դալկահար վարժապետը, կասկածը ծիւրաիտին ու խզումը նշանին։ Վարժապետը, անտանելի իր սանթումանթալիզմով, հակառակ իր բոլոր ճիգերուն բռնի մեզ յուզելու, չէ յաջողած հիմնովին տապալել վէպին բնական փաթեթիքը։ Խզումին հետեւանքը դալկահար վարժապետին փոխարէն երեւան պիտի գայ աղջկան վրայ, որ պիտի մեռնի սրտին ցաւէն, սիրոյ ցաւէն, եթէ ուզենք ճշդել։ Ահա այս պարզուկ յատակագիծին վրայ Որբերեան տուած է քանի մը անմոռանալի պատ/91/ կերացումներ։ Եթէ զեղչենք իր լալկանութեան այդ էջերուն մէջ բռնի մուտք ունեցող բաժինը, ու թացիկ տրտմութիւնը, զոր մինչեւ վերջը պիտի պահէր սակայն, մենք կունենանք գողտրիկ վիպակ մը, որ սկսնակի մը՝ տուածէն գերազանց է ամէն տեսակէտով։ Կը հաւատամ, մեր վէպին նիհար շարքին մէջ «Ֆանին ու ես»ը յարգուած իր տեղը սահմանուած է ունենալու։ Ան տասն անգամ աւելի կ՚արժէ քան «Ծփանքներ»ը, հարիւր՝ քան իր անտանելի ոտանաւորները, հազար՝ քան իր գրագէտի (համբաւի հասած) օրագրէն փրցուած էջերը։ Յետոյ, հակառակ ծանր փորձութեան, փորձանքներու, Որբերեան վիպակին մէջ պահած է նիւթի ու արտայայտութեան կշիռը։ Ո՛չ Պայրըն է եւ ո՛չ ալ գաւառական խմպըլ ներուն հաստ, անկանգնելի միտքը, որոնք կը խօսին անոր մէջ։ Սահուն, իրաւ, կենդանի այդ ոճը Որբերեան ուրիշ անգամ չէ դրած իր ո՛չ մէկ գրուածքին մէջ։

***

« Ովասիս »ը, վտարելով Որբերեանի ամենէն յաջողակ ստեղծագործութիւնը, լայնօրէն բացած է իր էջերը դժուար որակելի գրականութեան մը։ Արդարեւ, ի՞նչ անուն տալ կտորներուն, որոնք, արձակ, կ՚երեւան հոն։ Տպաւորապաշտը ընդհանուր տարազ մըն է։ Տուի վերը անոր տարողութիւնը։ Որբերեան ճամբորդած է, ապրած է, իբրեւ հայ տառապած է անշուշտ։ Այս ամենէն վկայութիւննե՞ր՝ էջեր, որոնք կը լեցնեն «Ովասիս»ը։ Ու կը յիշեմ հոս ուրիշ շատ ալ էջեր, մամուլին մէջ ցրուած, գրական, քաղաքական, ընկերային հարցերու շուրջ, որոնք չեն հիւրընկալուած հատորէն, ո՜վ գիտէ միշտ ի՛նչ հաշիւներով։

Գրականութեան պատմութիւն մը մատենագիտութիւն մը չէ, ա՛ն զոր bibliographie կ՚որակեն եւրոպացիները եւ որ մեր մէջ շփոթուած է բուն գրականութեան պատմութեան հետ [2] ։ Զանց կ՚ընեմ հայ մա/92/մուլին մէջ առօրեայ շահագրգռութեամբ Որբերեանի ստորագրած բազմաթիւ յօդուածները քիչ մը ամէն բանի շուրջ, կենցաղային, ամուսնական, կենսագրական հարցերէն մինչեւ գրական քննադատութեան մարզերը երկարող հետաքրքրութիւնները, քանի որ Ճիպութիի հաշուեսեղանին վրայ այս մարդը ի վիճակի չէր իր շօշափած նիւթերը տիրապետելու։ Օրուան նուագին մէջ իրը ձայն մըն է ու այսքան։ Ինչ որ «Ովասիս»ի մէջ ընդունուած է այդ ամէնէն, ո՛չ անշուշտ լաւագոյն մասն է քսանէ աւելի տարիներու այդ տպաւորութեանց, բայց է նոյն ատեն Որբերեանը յատկանշող տարրերու արդար հանդէս մը։

 

« Ովասիս »ի արձակները կազմուած են տպաւորութիւններէ Էրճիաս », « Մախոխեանի ցուցահանդէսը », « Մեծ պատերազմը »). յուշերէ, որոնց մէջ մարդերու ուրուագիծն ալ տեղ ունի յաճախ Վերադարձ », « Լեզու ելլէր եւ ըսէր ինծի », « Ճ. Կորտոն Պէննէթ », « Եփրատի վրայ խաչահանգիստ » եւ այլն) նամակներէ (որոնցմէ « Մեկնողին նամակները » տիտղոսուածները չունիմ նկատի), ուղղուած Զօհրապին, Զարդարեանին, թագուհիներու. փշրանքի պատկերներէ, դիմանկարներէ եւայլն։ Ուրիշ խօսքով, այս կտորները կը պատմեն ա) մարդերէ, բ) հոգեվիճակներէ (հեղինակէն եւ կամ ուրիշներէ), գ) իրողութիւններէ (որոնց խորագոյն տարերքը կու գան իր ժողովուրդին ողբերգութենէն, երկու պատերազմներէ, հասկնալի ընելու /93/ համար այդ էջերուն կարելի tragique-ը եւ Ռ. Որբերեանի փոքր անձնաւորութիւնը) դ) գրական սնոտիքէ, որ նուազագոյն մեղք մը չէ [3]. ե) քաղաքական սնոտիքէ, ժողովուրդի մը մէջ ուր բարքը, վարիչ խաւերուն հիմնական մէկ փոփոխումը նոր էր տեղի ունեցեր, դարերով արհամարհուած կարգեր (դաս) կանչելով գերագահութեան եւ ուրիշներ ղրկելով ստորին աստիճաններում։ 1850–ի բարձրագոյն դասակարգը (ամիրայութիւն եւ աստիճանաւոր եկեղեցականութիւն) զիջած էր իր տեղն ու դերը եթէ ո՛չ վարժապետին, գէթ խմբագրին։ Ու 1900–ին, Ճիպութիի իր մաղազայէն Ռ. Որբերեան խմբագրին շեշտն է, որ կ՚ընէ զգալի, երբ կը խմբագրէ բաց նամակներ Պոլիս, Օրմանեան Սրբազանի դատաստանին շուրջ, ինք, որ այդ մարդը չի ճանչնար, բայց գիտէ, թէ պէտք է բան մը ընել: զ) գրականութենէ։

 

Էջերը նեղ են այս բաժանումները մանրամասն վերլուծելու։ Կ՚անցնիմ համադրական դատումներու։

«Ովասիս»ի մէջ մարդերը ուրուագիծեր են։ Անշուշտ Պետրոս Սրբազան, Տրդատ եպիսկոպոս Պալեան, Մելքիսեդեկ եպիսկոպոս Մուրատեան, Մատթէոս Մամուրեան, Կորտոն Պէննէթ, եւ ռուս-ճափոն պատերազմին առիթով Ճիպութիէն անցնող սպաները, նաւապետները եւ Մեծ Պատերազմին, եւրոպական եւ ամերիկեան թերթերու իբր թղթակից իր ծանօթութիւնները զինուորականներու դասակարգէն, բայց մանաւանդ աւելի համեստ շրջանակէ իր դէմքերը (դալկահար տիտղոսով երբեմն պատուուած ալ) ու այն տղաքը, որոնք այդ հեռաւոր ափունքներուն օր մը ինկան իր զգայութեանց դաշտին ու այն սիրելի էակները զաւկի, մօր, կնոջ պատկերներով, հիւանդանոցի մէջ կամ գերեզմանատան մը ներսը (որոնց հետ ան ունեցաւ աչքէ աչք թափանցում ու խռովք), բոլորը կը կրեն ապրումին վաւերականութիւնը, բայց կը մնան վար արուեստէն։ Այդ դէմքերը /94/ չեն տարուած իրենց այն տարողութեան արժէքին, որոնցմով պիտի դառնային հրիտակ, խորհրդանիշ, substitut իրենց օրերուն ընդհանուր տարողութենէն ու արժէքէն։ Արուեստին տիրական պահանջը չէ յարգուած այդ ուրուաստուերներուն մօտ, որոնք transposé ըլլալու տեղ résumé–ներ են։ Կան այն գրողները, որոնք այս ու այն անխոստովանելի տկարութեանց հաշւոյն, կը հրաժարին պարկեշտ ու դանդաղ աշխատանքէն ու լրագրական հոգեբանութեան մը հպատակ, ամենէն բարձր, խոր իրողութիւնները կը վերածեն կա՛մ կեղծ, ճչան ու ուռուցիկ պատկերացումներու (Աւետիս Ահարոնեան, Սուրեն Պարթեւեան) կա՛մ անտեղի շեղումներու անձնատուր, կը դառնան այդ իրողութեանց շուրջը, մանրիկ շարժումներով, ու կը կորսնցնեն անոնց, այդ իրողութեանց շեշտը, իմաստը (Տիրան Չրաքեան)։ Ռ. Որբերեան զմայլելի առիթն ունէր քանի մը տիրական դէմքեր սեւեռելու։ Մատթէոս Մամուրեանը կը ճանչնար շատ մօտէն։ Այդ surfait, տարօրինակ բայց այլապէս շահեկան մարդէն իր վկայութիւնները վճռական հանգամանքով մը կը պաշտպանուէին նախ իրենք իրենց հաշւոյն, յետոյ այն մտայնութեան համար ալ, որ մեր շիջելափառ ռոմանթիզմն էր անցնող դարու վախճանին։ Գործիչ մը, գրագէտ մը, ամուր անհատականութիւն մը, երկու սերունդի կարկառուն յատկանիշները համադրող բացառիկ տիպար մըն էր Մ. Մամուրեան։ Կարդացե՛ք « Ովասիս »ը ու ձեր գտածը թացիկ երգն է տափակ տրտմութեան։ Ուրիշ պատեհութիւն՝ Մուրատեանց Սրբազանի կենդանագիրը: Ի՞նչ խեղճուկ էջեր են մեր կարդացածները այդ մարդուն մասին։ Եւ սակայն, Լուսաւորչի գահին թեկնածու այս պատուական եկեղեցականը նմոյշ մըն էր ուրիշ բարեխառնութեան գօտիի կեանքէն։ 1900–ին ան յիշատակ մըն էր լոկ։ Որբերեան քիչ մը աւելի լրջութիւն դնելով, գէթ պիտի գտնէր, այդ դէմքին շուրջը իր տպաւորութեանց ու դատաստաններուն մէջ այն իրաւութիւնը, իմաստալից թափանցումը, բարձր գաղափարներու թելադիր խռովքը, որոնք Ռ. Պէրպէրեանի մը վկայութիւնները մինչեւ այսօր կը պահեն շահեկան, կենդանի է, օրինակի մը համար, Ներսէս Վարժապետեանի մը մահուան առթիւ ամփոփ քրոնիկէ մը։ Պէրպէրեան աւելի տաղանդ չունէր քան Որբերեան։ Բայց աւելի պարկեշտութիւն, լրջութիւն, գրագէտի դերին ըմբռնումին մէջ աւելի քիչ սեթեւեթ, սնոտիք երեւան բերած մարդ մըն է…։ Պատմական անձնաւորութեանց շուրջ սա ուրուային, անբաւական trait–ները կը հասկցուի, որ ըլլային աւելի անտանելի՝ պատահական, սանկ ու նանկ մարդերու շուրջ։ Որբերեան պտըտած է Հապէշիստանը: Իր «Մենելիքը» (արձակը), «Սո/95/ղոմոնին իմաստութիւնը» հրաշալի էջեր դառնալու բոլոր պայմանները կը լրացնէին։ 1863–ին այս մարդերը այցելող Երուսաղէմի պարզուկ վարդապետներուն պատմածը հազար անգամ աւելի կ՚արժէ այսօր, քան Որբերեանի մեզի ձգածը։ Ու ասիկա տրտմութենէն անդին է իմ մէջ։ Ասիկա այս մարդը կործանող թեթեւութիւնն է, ցուցամոլութիւնն է, լրագրամոլութիւնն է։ Որբերեան գրած է լրագրին, կնիկին, մենելիքին եւ ուրիշներու համար։ Ու չէ տառապած ապագային համար գրելու հեռու պատգամէն։ Ու իր պատիժը կը քաւէ այսպէս ուրացուելով, երբ դեռ չէ չորցած հողը իր գերեզմանին։

 

«Ովասիս»ի մէջ հոգեվիճակները տարբեր բախտ մը չունին։ Անշուշտ ասոնց խորը տիրական է քիչ մը իր զգայնութիւնը լալկան, fantastique, կեղծօրէն sentimental, նանրամիտ, ու գործի մարդու (homme d՛affaire) շեշտ ախորժակներով անյարիր դարձած։ Բայց նոյնքան ճիշդ է, որ այս ամէնուն ետին կը լեռնանան շատ խոշոր վիճակներ 1890–ի բռնապետութեան մղձաւանջը, 1895–ի սարսափները, 1900–ի Պոլիսն ու Իզմիրը, պատերազմներու այլապէս բարդ մղձաւանջները, 1915–ի սպանդը, Մեծ Պատերազմին հետ կապուած հոգեբանութեան հայկական երկունքը, եւայլն եւ այլն։ Այս վիճակները ո՛չ միայն բաւ էին ոեւէ միջակ գրողի հայթայթելու անմահ տարրեր, ապագաներուն յանձնելու, այլ մանաւանդ տաղանդաւոր մարդերը կը հանդերձէին հզօրագոյն փառքերու, պայմանաւ, որ նուաճուէին անհրաժեշտ լայնութեամբ ու մանաւանդ ոչ-լրագրական պարունակէ. «Ովասիս»ը այդ ամէնէն փշրանքներ կու տայ մեզի, որոնց մեղքն է գոյնին մէջն ըլլալ իր զգայնութեան, յապաղած իր ռոմանթիզմին, հռետորական շաղփաղփութեան եւ որ ի կարգին։ Սխալ չհասկցուիմ. վիճակները նուաճելու համար երբե՛՛ք նկատի չունիմ ծաւալին մղձաւանջը, նոյնիսկ այդ « Ովասիս »ի մէջ Ռ. Զարդարեան կարճ էջերու վրայ հիմնական գիծերը յաջողած է տալ այդ սերունդին։ Լեւոն Բաշալեանի իւրաքանչիւր յաջող պատմուածքը վէպի մը չափ ծանր վիճակներու սեւեռում մըն է։ Իմ մեղադրանքը անլրջութիւնն է գրողին իր դէմ ու ընթերցողին դէմ։ Իմ մեղադրանքը շրջուած հոսհոսութիւնն է, որով մեր կնիկին ու բարեկամներուն հասկնալի խանդաղատանքը մեզմէ ինչպէս եւ մեր գրածներէն, մենք կը վերածենք ծանր, բարձր դատաստանի ու կը մոռնանք, թե պարտքեր կան… ամենէն շատ՝ արուեստին դէմ. «Ովասիս»ը ո՛չ մէկ վիճակ մեզի ըրած է մատչելի այն բոլորին, որոնք վերը արագօրէն ան/96/ցան թուում է։ Ու չեմ գիտեր, կա՞յ աւելի սրբազան փառասիրութիւն, նուիրական պարտականութիւն՝ ոեւէ գրողի համար, քան վկայութիւն ըլլալ՝ քանի մը տիրական վիճակներէ, որոնք սերունդի մը հոգեյատակը պիտի կազմեն, երբ ժամանակը զայն, այդ սերունդը վերածէ տարտամ գերեզմանոցի մը, ուր քարերու տեղ անուններ ու թուականներ դերն ունենային կեանքը թելադրելու…:

«Ովասիս»ը տարօրէն նիհար է իրողութիւններու այլապէս թանկ փաստերէն։ Չեմ կրնար, ըսի արդէն, այդ կցկտուր եղելութիւնները արժեւորել մեր այնքան սիրուն քրոնիկին փառքովը, որուն մէջ կը հանգչին տրտում Արփիարը, արի Զօհրապը, իրապաշտ վարպետներուն երիցս երախտաւոր սերունդը։ Այս վրիպանքը կը դառնայ բացառապէս ծանր, երբ գիրքը լեցնող շրջանը սանկ քառորդ դարու վրայ կը տարածուի։ Այս մարդը կը ճամբորդէ։ Ծնած reporter-ին համար չկայ աւելի բարեբախտ դիպուած, քան սա արձակումը մեր աչքերուն մեզի համար նոր պայմաններու, տեսիլներու իրարմէ աղուոր կամ ահաւոր հանդէսի մը մէջ։ Չեմ կրնար բառերով նուաճել հոս այն բացառիկ շահեկանութիւնը, որ պտոյտ մըն էր, այս դարու սկիզբին, հայկական մերձաւոր նահանգներուն մէջ։ Ըրած է ատիկա Որբերեան։ Կարդացէ՛ք սակայն « Էրճիաս »ը, համոզուելու համար ինչքա՛ն խոր է դժբախտութիւնը այս մարդուն, բան մը տեսած չըլլալու անպարագիծ տրտմութիւն, երբ փոխանակ տալու պատմական Կապադովկիոյ կարելի պատկերը, մեզի կը հրամցնէ աժան, 1900–ի ընթացիկ նկարագրութիւնը։ Գեղջուկ վարդապետը, որ Սրուանձտեանցն էր իրմէ երեսուն տարի առաջ, մեր հայրենիքին մէջ իր պտոյտները յաջողեր էր արժեւորել առանց Հարոլտէն առաջնորդուած ըլլալու փառքին։ Այսօր անգին են վարդապետին փրկածները։ Որբերեանի տպաւորութիւնները՝ անկիրք էջերու հանդէս։ Ու նոյն խստութեամբ ու դառնութեամբ կը դատեմ իր Եթովպիա ճամբորդութիւնները, որոնք բառ են ու հաշիւ։ Մէկը մանաւանդ զայրացնելու աստիճան կը խռովէ ամէն պարկեշտ ընթերցող, երբ հրացաններ գնելու համար ճամբայ կ՚իյնայ դէպի Հապէշիստան, դաշնակիցներու հաշւոյն, ու ճշմարիտ վաճառականի մը հոտառութեամբը արդէն կը ճշդէ շահին քանակը։ Ո՛չ մէկ առարկութիւն։ Որբերեան վաճառական ծնած էր։ Ատիկա տիրական է իր գոված ասպարէզին բոլոր երկայնքովը։ Բայց ինչ որ փղշտացին, փարիսեցին, սուտզրուցը կը խորհրդանշէ, ան ալ հաշիւն է, զոր չիրագործուած այդ չափը իրեն պիտի թելադրէր… թուղթի վրայ անշուշտ։ Որբերեան մէկիկ–մէկիկ կը ճշդէ /97/ այն նպատակները, որոնց համար պիտի յատկացուէին այդ գործուն շատուելիք գումարները։ Կը տառապիք նախ կեղծիքէն, յետոյ նանրամտութենէն, յետոյ անխելքութեան սա վրան բաց փաստերէն։ Իրողութիւնները այս մարդուն համար իր նանրամտութիւնը ապացուցանելու ձախորդ դերը միայն ցոյց տալու ծառայեցին։ Ինծի համար կասկածէ դուրս էր, որ այդ հրացաններու գործին յաջողակ վախճանը մեզի պիտի տար միլիոնատէր Որբերեան մը…, առանց «Ովասիս»ի այդ յօդուածին։ Ան, որ արցունքները առատ կը ծախսէ, գինը գիտէ դրամին։ Ու իր Փարիզ մեկնումէն ետքը զանազան հանդէսներու մէջ իր արցունքները չեն կրնար մոռցուիլ։ Օրմանեանի պարագան ուրիշ փաստ։ Գիրքը երբ կ՚աւարտէք, դուք ոչինչ ունիք ձեր մտքին մէջ այն հարիւրաւոր եղելութիւններուն, որոնք սանկ քսան–քսանհինգ տարիներու ընթացքին զարկած ըլլալու էին իր առնուազն հայու ջիղերը։ Ու կը բաժնուիք բոլորէն, հեղինակին դէմ դառնութեամբ լեցուած գերագոյն պատիժը, զոր գրականութեան սպասարկու մը պիտի կրնար միտքէն անցընել։

Ու մեղքերու սա շարանը հետզհետէ կը ծանրաբեռնէ իր յիշատակը։ Կը խորհիմք, որ «Ովասիս»ի մէկ կարեւոր մասը գրուած ըլլայ Թուրքիա։ Ու գրաքննութիւնը միջամտէ սա տժգունութեան մարդերէ, եղելութիւններէ, ազգային զգացման տեսակէտէն։ Բայց 1920–ին, երբ վերստին ձեռք կը զարնէ հատորը կազմելիք կտորներուն դասաւորման, Որբերեան առնուազն արուեստագէտի խղճմտանքին կը մնայ պատասխանատու, թուղթերը նոյնութեամբ մամուլին յանձնելով, երբ վստահ էր, թէ անոնք, այդ թուղթերը, որքա՛ն անհարազատ վկայութիւններ էին իր ապրումներէն։ Ճիպութին կ՚ազատագրէ իր մեղքը։ Ու արդիւնքը կ՚ըլլայ, գիտէ՞ք ի՛նչ. ա՛ն, որ այս մարդը պիտի զգուշանայ գէշ մարդ ըլլալէ գրաքննութեան հետ ու իր ստորագրութիւնը փրկելու համար պոլսական մամուլին մէջ, պիտի չերեւի արտասահմանեան գրականութեան որեւէ մայր վառարաններէն մէկուն մէջ։ Եւ սակայն, յեղափոխութեան հետ սա ստոր քէնին ետին պարտկուած պազիրկեանի հաշիւը այնքան չի նեղեր զիս, որքան 1910–էն ետք իր խուժումը, այս անգամ առանց վտանգի մը ահին, պոլսական մամուլին մէջ դարձեալ, երբ նամակներ կը խմբագրէր օրուան վարիչ մտաւորականներուն . Զօհրապ, Ռ. Զարդարեան) ու իրեն կու տար հովը արդարութեան ասպետին։ Գլուխ–գործոց մըն է Զարդարեանի պատասխանը այդ հարցին շուրջ։ Որբերեան հիւրընկալած է զայն, առանց զգալու, թե որքա՛ն կը պզտիկ/98/նար գրողի իր դէմքը, գաւառացի առնուազն ուղիղ մարդուն կտրուկ կեցուածքին դիմաց։ «Ովասիս»ի մէջ քաղաքական-ազգային սա հոգեբանութիւնը զիս չի կրնար աւելի զբաղեցնել այն պարզ պատճառով, որ կեղծ բանի մը հետ մարդ կարճ է ինքնաբերաբար։ Ո՛չ Արփիար մը կայ, ո՛չ Քէչեան մը, ո՛չ ալ նոյնիսկ խաչագող Երուանդ Տէր Անդրէասեան մը «Ովասիս»ի մէջ։ Առաջինը փուշն էր մեր լրագրութեան։ Երկրորդը իր կերպով կարճ, բայց իրաւ մարդ մը։ Երրորդը՝ 1900–ին տականքը։ Ու ասոնցմէ վար է Որբերեան։

 

Ու վերջացնելու համար սա inquisitoire–ը, կը զեղչեմ ԳՐԱԿԱՆ ՄԵՂՔԸ «Ովասիս»ի։ 1900–ի մարդերը այդ մեղքին գործադրիչներն էին, ուրիշ բան ընելու անկարող ըլլալնուն։ Ու աւելորդ է պոլսական սա երանգով զբաղիլ հոս։ Ինչ որ Որբերեանը կը կործանէ, գաւառական իր ծագումին հպարտ փաստն է սակայն։ Իր բոլոր անբաւարարութեամբը իր դերին տիրապետումը, Հրանդ, իրապաշտ վարպետները՝ իրենց բոլոր տարտղնումովը խնամքով կը պահպանեն իրենց արտադրութիւնները այն չարաշուք ախտին դէմ, որ գրականութիւն կ՚անուանուի այսինքն ըսելիք չունեցող մարդու մասնագիտութիւնը, որով կը խաբենք մենք մեզ ու մեր շրջապատը։ Ճիշդ է, որ գրաքննութիւնը 1900–ի գրական աղէտին մէջ մեծ բաժին ունի։ Բայց «Ծփանքներ»ը գրուեցան Ճիպութի, զերծ թուրքին ահէն։ Ու գրուեցան ի հեճուկս խուլ այն արհամարհանքին, որ իրապաշտներէն կը մնար տակաւին գրական հրապարակին վրայ ստեղծում չեղող տաղաչափութեան հանդէպ։ Չափուած բառին վրայ գործադրուած սա զեղծումը Որբերեան, Եղիայի նման, պիտի տարածէ արձակին ալ վրայ։ Ու պիտի ունենաք գիրքը, որուն ամէն էջին պիտի զգաք գարշ ուրուականը կեղծին, փչուածին, շփացուածին, սուտին: Մեր կենդանութեանը այս տխրութիւնները որոշ պատրանքէ կրնան վարանիլ ու պարտակել իրենց կորանքը նոյնիսկ մեզմէ։ Բայց մահը մեզ կ՚ազատագրէ ամենէն առաջ մեր մեղքերէն, կը հասկցուի թէ արձակելու, բիւրեղացնելու համար մեր առաքինութիւնները (եթէ երբեք գոյութիւն ունին անոնք)։ Որբերեանի առաքինութիւնները յար եւ նման էին մեր կրտսեր ռոմանթիքներու փառքը յօրինող արժանիքներուն լալկանութիւն, անձնամոլութիւն, նանրամտութիւն, գրականութիւն, անլրջութիւն, ցուցապաշտութիւն, համբաւի պապակ եւ շարունակելը ձեզմէ։ 1920–էն ետք կազմուած դիւանի մը հեղինակին համար սա վերագրումները, որակումները ո՛չ անգթութիւն կը նշանակեն, ո՛չ ալ անխելքութիւն։ Ո՞վ պիտի համարձակէր այսօր, առանց տառա/99/պանքի, բանալ հատորը, որ կը կոչուի «Ստուերք հայկականք» (Նար-Պէյ) ու չողբալ ո՛չ թէ մարդը, որ այդ քերթուածները հոյակերտեր էր թերեւս Որբերեանին վայել հոգեկան հպարտութեամբ, այլ անոնց, որոնք այդ տաղաչափութեանց ետին ամբողջ հոգեբանութիւն մը հայկազեան որակելը մտայնութիւն մը ըրին ու հաւատացին իրենց գրածին թանկ տարողութեան։ Իջէ՛ք քիչ մը աւելի վար ու կրկնել հաճեցէք յանդգնութիւնը բանալու հատորիկը, որ կը կոչուի «Հայրունի» («ՆՈՒԱԳՔ», Ալիշան)։ Բայց մոռցած պէտք չէ ըլլաք, թէ հայութեան հզօրագոյն քերթողը (ինչպէս չէ վախցած յայտարարել զայն այդ օրերու քննադատութիւնը… Մինաս Չերազ վարժապետին վճիռովը) կը կարդաք այդ բառակոյտին մէջ։ Այն ատեն միայն պիտի խելամտիք գրականութեան ահաւոր ախտին, որ զարկած է մեր ստեղծագործութիւնը [4] ։


 



[1]     Հրանդի հետ դրուած պանդուխտի հարցը չունիմ նկատի: Ուրիշ պանդուխտներու տագնապանքը զմայլելի հարազատութեամբ մը պատմող այս մեծ գիւղացին չէ խորհած ամենէն կենսական իր պարտքին, ինքզինք պատմելու այլապէս անփոխարինելի քաջութեան: Շաքարեանն ալ խօսած է հեռու հայրենիքէն։ Մեր մեծ գրողներուն գործէն կը պակսի անշուշտ déraciné հոգեբանութեան մը նուաճումը, քանի որ գաւառաշունչ գրողներ (Զարդարեան, Թլկատինցի, Գեղամ) հասուն տարիքով ոտք են կոխած Պոլիս (Թլկատինցիէն զատ)։ Որբերեանի արժանիքը, այս վիպակին մէջ, այդ հոգեբանութեան քանի մը մեծ երեսները նուաճելն է եղած։ Իր վրայով դժուար չէ ամբողջացնել պատկերը։ Տղաք են անոնք, որոնք իրենց ընկերներուն փոխարէն կ՚ապաստանին իրենց ուղեղին, երբ կը նետուին Պոլիս։ 1910–ին ուրիշ սերունդ մըն է, որ կը կրկնէ ոդիսականը։ Բայց քսան տարին ահագին անջրպետ մըն էր։ Այն տղաքը, որոնք նպաստընկալ անունին տակ, 1910–ին Պոլիս կ՚ապրէին, մեր հայրենիքին բոլոր կարեւոր կեդրոններուն ընտրանին կը կազմէին: Բայց չապրեցան, ինչ որ վիճակուած էր Որբերեանի պատանութեան։ Մնաց, որ 1910–ի տղաքը գրականութեան սպասարկելու ո՛չ հետամուտ, իրենց ուսումը պիտի գործածէին հազար ու մէկ հետաքրքրութեանց։ Միայն պատերազմը չէ, որ այդ սերունդը անօգուտ ըրաւ մեր գրականութեան, այլեւ կուսակցական հերձուածողութիւնը։ 1890–ին վիպակ, քերթուած, քրոնիկ հետապնդող տղաքը 1910–ին Կարլ Մարքս, պրոշիւր եւ քարոզ կը հալածէին։

[2]     Իր հետեւանքներուն մէջ չարաշուք սա վրիպանքը դպրոց է կազմած սակայն։ Ունինք «Պատմութիւն հայ մատենագրութեան» ծիծաղելի տարազը, որ կը յաւակնի histoire littéraire-ը փոխարինել մեր մէջ եւ որ երկու իրարու օտար ձգտումներ համախմբած է։ Որոնցմէ մէկը հեղինակներու յայսմաւուրքեան կենսագրումն Է (Վենետիկեան դպրոց, Հ. Գ. Զարպհանէլեանի գլխաւորութեամբ, Ալիշանով հպարտ), եկեղեցական պատմութեան արդար մասնաճիւղ. միւսը՝ անոնց թողած գործերուն ուսումը, տեսակագրումը, բանասիրական լայն զեղծանումներով (Վիեննական դպրոց, Հ. Ն. Ակինեանին յանգող թուագիտական անբովանդակութեամբ)։ Ու այս երկու մասնագիտական աշխատանքի մեթոտները պատճառ են թերեւս այն ամուլ, անհրապոյր յղացքին, որ հայոց գրականութիւնը պարտաւոր է խտացնել հասարակաց ըմբռնողութեան դիմաց։ Այսպէս է, որ մեր հին գրագէտներուն գործերը կը մնան մատենագիտական իրողութիւններ, ու չեն գտած իրենց արդար տարողութիւնը մեր ժողովուրդին ապրումները մեզի հասցնելու անփոխարինելի դերով մը։ Ամէն գրականութիւն բիւրեղացած պատմում մըն է, աւելի ճիշդ ապրում մը։ Կը հասկցուի, թէ գործերը միշտ աւելի կ՚արժեն քան գործերուն հեղինակները։ Կը հասկցուի, թէ հեղինակէ մը մեզի հասած կտորներուն նոյնը չըլլայ արժէքը, իմաստը։ Ու գրականութեան պատմիչը ուշադիր ըլլայ, ամենէն առաջ, ընդարձակ, խորարմատ եղելութեանց փաստերուն, տեսնել սիրէ դարու մը մէջ, դպրոցի մը մէջ քանի մը հիմնական ձգտումներ, իրագործումներ, որոնք պատկերէին այդ դարը, այդ դպրոցը, ուրիշներու դատումովը։ Մեր մէջ այս ուսումներուն շարափոխեալ մշակումը արգելք է եղած, որպէսզի գրուէին մեր պատմութիւնը, գրականութեան ընդհանուր արժէքը երեւան բերող համադրումներ, մեր Եկեղեցիին պատմութիւնը։

[3]     Կարդացե՛ք «Մեկնողին նամակները» («Ովասիս», էջ 63–67) ու եթէ կրնաք՝ մի՛ ցաւիք սա ծանծաղամտութեան աստիճանէն։ Երկու ընթերցում բաւ են եղած Որբերեանին, որպէսզի յանդգնի «Անդրաշխարհեան ապրումներ»ու նուաճումին, ինք, որ այսաշխարհեան ապրումներուն համար այնքան ճիղճ, նեղ, սահմանափակ ընկալչութեամբ գործիք մըն էր։ Գրական սնափառութիւնն է անշուշտ մեղաւոր։ Բարեբախտութիւն է, որ նամակները չեն շարունակած իրենց թշուառութիւնը։ Որբերեան գրականութեան վրայ նայած է չեմ ըսեր աճպարարի, այլ գործակատարի հոգեբանութեամբ։ Անգիտակից reporter մը կար այս մարդուն մէջ։ Այլապէս, ահաբեկ, ան պիտի զգուշանար անդրաշխարհէն:

[4] Բոլոր գրականութիւնները կը պարզեն նման երեւոյթներ։ ԺԷ. դարու սպանիական, անգլիական, ֆրանսական գրականութիւնները (էօֆէիզմ, լիլուիզմ   եւայլն) զերծ չեն հիւանդութենէն։ Մեզի համար մխիթարական չեղողը ուրիշ ծագում ունի։ Երբ Մոլիէռ կը ծաղրէ ձեւապաշտութիւնը (Les Femmes Savantes) ու Պուալօ կը հեգնէ իր սաթիրներով ուղիղ բանին մոլեռանդները, հրապարակին վրայ կ՚ապրին մեծարժէք գործեր, որոնք ո՛չ միայն այդ օրերուն, այլեւ երկուքուկէս դար ետքն ալ չեն կորսնցուցած իրենց ջերմութիւնը, մարդկայնութիւնը։ 1850–էն մինչեւ 1920, մեր մէջ քանի՞ գիրք՝ որ հակազդէին «Նուագներուն, «Վարդենիք»ին, «Ցոլքեր»ուն, «Ծփանքներ»ուն, «Ժպիտ եւ արտասուք»ին, «Առաջին տերեւք»ին ու, այն ահաւոր կալիմաթիային, որուն անունն է արեւմտահայ քնարերգութիւն, եթէ զեղչենք Դուրեանի տաղարանը, Պէշիկթաշլեանի քանի մը եղերերգներ, հասնելու համար արագ Մեծարենցին, Վարուժանին, ԹԷքէեանին ու չափով մըն ալ Սիամանթոյին։ Ձեւի նախանձախնդրութիւն, գրաբարի կնիք, բառական հեշտախտ բոլորը հաշտելի են խառնուածք որակուած բարիքին հետ, որմէ զուրկ ամէն փարթամութիւն պատրական է այնքան։ 1905–ին, «Առաջին տերեւք»ին (1875) ա՛լ յոգնած, վշտոտ հեղինակը, «Խոհք եւ յուշք»ը երբ չի վախնար մամուլին յանձնելէ, փաստէ մը աւելին կու տայ մեր գրականութիւնը տախտապարող աղէտէն։