Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

4. ՎԱՀԱՆ ՄԱԼԷԶԵԱՆ (1873-1963)

/187/ Գրական ամէն սերունդ, հեռու ըլլալէ միակտուր յօրինուածք մը, իր մէջ տեղ կու տայ մէկէ աւելի ընդարձակ բարեխառնութեանց գօտիներու։ Մեր իրապաշտները, իբրեւ փաղանգ, կը թուին բաւականին միատարր, բայց իրենց հետ կ՚աշխատին Եղիա, Չերազ, կրտսեր ռոմանթիքները, գաւառական ծագումով անզետեղելի գրողները։ Ժամանակին մէջ՝ այս զանազանութի՛ւնը աշխատանքի ըմբռնումին, խառնուածքներու ցուցմունքէն աւելի թերեւս միջավայրի ալ հետեւանք, կը բիւրեղանայ։ Գրականութեան պատմութիւնը այս հակադրութիւնները կը դատէ, կը հասկնայ, կը վերլուծէ, ջանք ունենալով կեանքէն իսկ առնելի իր օրէնքները։ Անոնք, որ արեւմտահայ գրականութիւն յղացքը կ՚ուզեն նմանեցնել մանտարինեան, վերնական կրթանքի մը (այս պատրանքին մէջ դերը կայ Վենետիկի, որ մէկուկէս դար յաւակնեցաւ այս գրականութեան կարելի կերպարանքը տալ ու վանք մըն էր, հեռու՝ հայրենիքէն, ժողովուրդէն ու ծովերէն ամբարձիկ, կղզիի իր նկարագիրը չէր կրնար պարտակել), կամ uանկ օժտուած երազատեսներու, կէս խենթերու իբր արձակարան, քիչ բան են հասկցած այդ հարիւր տարուան սրտառուչ ճիգէն։ Արուեստագէտ սերունդը, իր ախորժանքին շեշտը դրած ըլլալուն արտայայտման խնամքի մը վրայ (ինչպէս զինքը կանխողը այդ շեշտը դրած էր խորքի, բովանդակութեան կատաղի պահանջքի մը վրայ), բացառութիւն չի կազմեր սերունդին օրէնքէն։

Գրական ամէն սերունդ իր հոգիին ու մտքին մեծ կերպադրիչները կը սիրէ տեսնել անձին ու գործին մէջ որոշ թիւով արուեստագէտներու, որոնք, պատկանելով հանդերձ խնդրոյ առարկայ հոգեբանական ամբողջութեան, ասկէ կ՚առնեն, միշտ համաձայն իրենց /188/ խառնուածքներու ցուցմունքին (չգործածեցի տաղանդ կամ հանճար շատ առաձիգ տարազները, վասնզի բառեր են միայն ու կ՚առնեն իրենց բովանդակութիւնը ուրիշ արժէքներէ, այս անգամ, կամեցողութեան մարզերէն։ Երկու Արփիարեանները որքա՛ն տարբեր տեղ ունեցան մեր գրականութեան մէջ, ունենալով հանդերձ նոյն տաղանդը գրեթէ), այս ու այն գօտիները, ու զանազան սեռերու վրայ, կը խորացնեն շրջանին մայր, խոր, հեռանկեալ ձգտումները, իրենց ժողովուրդին, քանի մը շքեղ, բացառիկ բայց վերջնական գեղեցկութեանց հանդէսով մը։ Մենք, հեռուներէն, այդ արդիւնքին դատողները, կը սիրենք տեսնել այդ մարդոց մէջ գրականութեան մը ճշմարիտ գործաւորները ու կատարելատիպ ներկայացուցիչները իրենց պատկանած ժողովուրդին։ Պետրոս Դուրեանի մը տաղարանը մեզ կը թելադրէ 1870–ի տիրացուներու բանակը անտեսել, կանգ առնելու համար այս երգերուն մէջ բիւրեղացած հոգեվիճակներուն, այնքան իրաւ, տարփագին, արիւնոտ ու գեղեցիկ, բայց մեծ գուշակ մը ըլլալու պէտք չկայ, գտնելու համար իրականութեան պատկերը բոլորովին տարբեր, եթէ ոչ հակոտնեան այդ տողերէն մեր գտնել կարծածին։ 1870–ին տիտղոսաւոր քերթողները՝ Թերզեանները, Նար–Պէյները, Ս. Ֆէլէկեանները կը նկատուին գրական ճաշակին ասպետները։ Ու հանգիտօրէն, իրողութիւնը ճիշդ է բոլոր քառորդ դարերուն համար, ուր սերունդը հասակ կ՚առնէ ու կը ստեղծէ։ Ըստ այս նշմարին, մեծերուն հետ, անոնց քովն ի վեր, անոնց ի հեճուկս կ՚ապրին միւսները, երկրորդական, չորրորդական գրողները, որոնք նոյն այդ շրջանէն կը սեւեռեն ինչ որ իրենց ընկալչութիւնը ընդունակ եղաւ պարագրկելու։ Ու, ո՜վ հեգնութիւն, այս մարդիկը աւելի հարազատ պատկերներ կու տան շրջանէն, վասնզի զայն կը ներկայացնեն շատ աւելի լայն տարածութեան մը մէջէն, թարգման են շատ աւելի ընդարձակ յուզումներու։ Անոնց կեանքը այդ հաւաքական ապրումներուն մեծ վառարաններուն մէջ է որ աճեցաւ։ 1870–ին մարդիկ խենթն են Նար-Պէյի ազգայնական ռոմանթիզմին։ Ու հազիւ կարելի է երեւակայել 1870–ի յուզումին ու խռովքին աստիճանը մարդոց, որոնք պարգեւաբաշխութեան հանդէսներուն (մեր ժողովրդական թատերահանդէսները) եւ կամ Ազգային Սահմանադրութեան տարեդարձի տօնախմբութեանց, հազարաւոր բերաններով պոռացած են « Հայ ապրինք եղբարք »ը կամ « Արիք հայկազունք »ը, « Թէ թեւ ունէի »ն, « Ո՞րն է աշխարհ Հայաստան »ը, յիշելու համար քանի մը հզօր խանդավառութիւններ, որոնց արգիլուած (գրաքննութենէն ու բռնակալութենէն) արձագանգը, իմ մանկութեանս կերպընկալ օրերուն /189/ դեռ կը հեծկլտար մեր լեռներուն մէջ, լսող ականջներէ հեռու ու անվտանգ։ Ու շրջանին հոգեբանութիւնը սխալ չ՚ըլլար փնտռել այդ միջակութեանց ներսը։ Մասնակի ձգտումներ կը թուին անոնք այսօր մեզի, բայց իրենց օրին անոնք տիրական էին։ « Տրտունջք »ը եւ « Իմ սիրելի զաւակունքս »ը հաւանաբար ժամանակակից են։ Պէտք կա՞յ, աւելի տարածելու սա համեմատութեանց շրջանակը։ Չեմ կարծեր։ Ամէն սերունդ իր մեծերուն քով ունի իր հարազատ զարկերը կերպադրող կրտսերներ։ Ու տաղանդի տեսակարար կշիռը միայն կը բացատրէ այս տարբերացումները։

* * *

Արուեստագէտ սերունդին տիրական ու վճռական դէմքերը, իրենց արդիւնքին ընդարձակ ընդհանրութեամբը, ինչպէս արուեստի գործը հասկանալու եւ կամ զայն իրագործելու հաւատքին որոշ հանգիտութիւնովը, կը հարկադրեն իրենք զիրենք քննադատին, որ ստիպուած է կարելի թելադրականութեամբ տարազներու հասնիլ, երբ կը մտադրէ մեր գրականութեան այդ տարօրինակ շրջանը, ա՛ն որ 1895–ի ջարդերէն մինչեւ 1915–ի եղեռնը կ՚երկարի, հասկնալ՝ աւելի ճիշդը հասկնալի ընծայել 1950–ի մարդոց, որոնք դժուար պիտի ընդունին, թէ ի՛նչ արիւնոտ խաչակրութեամբ մը հալածուեցաւ գործը Միսաք Մեծարենցի։ 1900–ին մեր հրապարակը տիրապետուած էր անուններէ, որոնք սրբապղծութիւն պիտի ըլլար գրել սա էջերուն։ Մեծերէն վերջ այդ հերոսական դէմքերէն ամենէն ազնիւները իրաւունքը ունէին սակայն իրենց տեղին։ Այդ իսկ նկատումով է, որ կ՚ընեմ զիջումը, մուտք տալու համար սա պատմութենէն ներս անձերու, մտայնութեան վերլուծման, որոնց հանդէպ իմ տեսակէտը կը մնայ մէկ ու նոյն։

 

Տիրան Չրաքեան, Միսաք Մեծարենց, Զապէլ Եսայեան, Յովհաննէս Յարութիւնեան (Թլկատինցի), Ռուբէն Զարդարեան, Դանիէլ Վարուժան, Ատոմ Եարճանեան, Երուանդ Օտեան, Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեան, Վահան Թէքէեան միայն գրողներու անուններ չեն, այդ սերունդէն, այլ արեւմտահայ գրականութեան մէջ ներգոյ բազմատեսակ յատկանիշներու, արժէքներու, գեղեցկութեան կերպերու բարձր ու պայծառ հանդէս մը, մեր ցեղին շնորհներէն մեզի խօսող ու խանդավառող։ Կրնամ, միշտ բարեացակամ զեղումով, տակաւին արդարացնել Սուրէն Պարթեւեանի, Լեւոն Սեղբոսեանի նիհար /190/ կամ վրիպած վաստակները մօտիկը դնել Զ. Եսայեանի յայտ ու յաջող ու տիրական արդիւնքներուն, ու տեսնել առաջինին մէջ կրակ ու բոց զգայնութեան մը աղերսը՝ 1900–ի կրակ ու բոց երիտասարդութեան խոյանքներուն, երկրորդին մէջ՝ հանդարտ, օգտապաշտ, գործնական ոգին (Լեւոն Սեղբոսեանի գործը, հակառակ վերանորոգչական մեծ ախորժակներու, խորքին մէջ լուսաւոր պահպանողականութեան մը կը վերածուի, սանկ վարդապետական ողջամիտ հայեացքներու ապացուցման մը, որմէ մշտապէս հալածուելուն հակազդեցութիւնը պիտի կազմէին խորհրդապաշտ յղացքով իր խաղերը, յաջող՝ վասնզին ուզուած էին) բխած ընդունիլ այն ուժերէն, որոնք այս ժողովուրդին յաւիտենական ռոմանթիզմը ջանացին հակակշռել դարէ դար ու ստեղծեցին մեր գործնական առաքինութիւնները։ ԺԹ. դարուն Պոլսոյ առեւտրական հրապարակը տիրապետուած է կեսարացիներէ, այսինքն գործի մարդոց զօրաւոր փաղանգէ մը։ Այս բոլորը այսպէս դասաւորել կը նշանակէ մեր գրականութիւնը տանիլ իր բարքերու ն (բառը գործածելով հին առումով մը)։

 

Բայց ի՞նչպէս բացատրել Արտաշէս Յարութիւնեանի, Ռ. Որբերեանի, Տիգրան Չէօկիւրեանի գործերը, քանի որ այդ անուններուն ետին գոյ ամրութիւնը, տաղանդին տեսակարար կշիռը մօտիկն է մեծերուն տաղանդին, բայց անոնցմէ մեզի հասած ժառանգութիւնը հեռու է իբր տարողութիւն, հարազատութիւն, վաւերականութիւն, խորհրդանշական արժէք՝ առաջիններուն կտակէն։ Ու շարունակելով բանալ սլաքները հարցականին, ի՞նչպէս բացատրել այն շքեղ համբաւը զոր, օրինակի մը համքար, պտըտցուց, թշուառ ու ճիղճ իր տաղանդին հակառակ, Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ անունով խոնարհ գրողը, այս դարու սկիզբները, հում, լիխպ իրապաշտութիւն մը ոսկեզօծելով պոռնկագրական օծանելիքով եւ տակաւին Առաջին Մեծ Պատերազմէն ետք պատիւը վայելեց գրական քննադատութեան նախարարի աթոռին բարձրանալու։ Այս ընդվզեցուցիչ իրողութիւնները, այսօր, միայն գայթակղելի չեն, այլեւ փաստեր։

Ու հանգիտօրէն, ի՛նչ է տարողութիւնը Վահան Մալէզեանի գրական ժառանգութեան, տրուած ըլլալով առնուազն այն իրողութիւնը, թէ այս անունը մեր գրականութեան մէջ յեղյեղուած է ճիշդ կէս դարու տեւողութեան մը վրայ, նորավէպի, քերթուածի, քրոնիկի, գրական տպաւորութեանց, լրագրական ընթացիկ հարցերու շուրջ յօդուածներու ներքեւ բոլորն ալ ունեցող շեշտ ուժգնու/191/թեան մը բոլոր յատկանիշները։ Բայց այդ գործերուն չէ շնորհուած բախտը խորհրդանիշ արժէքներու։ Շատ քիչ է թիւը անոնց, որոնք « Կերոններ » քերթուածաշարքին մէջ պիտի ընդունին մեր ժողովուրդի կարելի ապրումներէն թէկուզ խոնարհագոյն փաստ մը, ինչպէս շատ մեծ է թիւը անոնց, որոնք Վահան Մալէզեան անունին ետին կը մերժեն արուեստագէտը, զայն համարելով պատեհապաշտ, դաւաճան affairiste մը, որ տաղանդ է ունեցած գրականութիւնը օգտագործելու իր հաշիւներուն, դիրքին, ամբարձումին։ Քաղաքական, կուսակցամոլ կիրքեր կրնան միջամտել սա պատկերին կազմաւորման, բայց չեն փոխել մեզի ձգուած գործին վրայ արմատացած համոզումներ։

 

Ինծի կու գայ, թէ այս անհեթեթութիւնը չքացնելու համար, հարկ է փոխադրել այդ հարցը ուրիշ գետին մը։ Վահան Մալէզեան տաղանդազուրկ ու անյաջող փաստաբան մը չէ, որ իր ձախողանքը գնելու համար, գրելու իր շնորհը տոկոսի դրած ըլլայ խորունկ ու իմաստուն հաշիւներով եւ իր զգուշաւոր, հոտառու զգայարանքները (իր ժամանակին) փոխադրած՝ կարելի բոլոր մարզերուն, միշտ ի խնդիր դրամի, ինչպէս չէր դարձեալ այդ տաղանդազուրկ մարդը այն միւսը, որ կը կոչուէր Ռ. Որբերեան, ան ալ իր գրիչը օգտագործած ոսկեղէն արժէքներու սպասին։ Բայց Վահան Մալէզեան, նման Ճիպութիի մեծահռչակ թղթակից-դիւանագէտ բանաստեղծին, որ այնքան լրջութեամբ ամերիկեան մեծ թերթերուն այնքան պզտիկ քրոնիկներ ու պատերազմին պատճառով (1914) իրենց շահերէն վտարուած արքայիկներուն այնքան սխրագին հեշտանքով ոտանաւոր ողջ–ուղերձներ կը հեռագրէր, պտըտած է մեր գրականութեան շուրջը, երբեմն կարօտով լեցուն նայուածքներ արձակելով ցանկալի դրախտէն ներս։ Կեղծի՞ք։ Չեմ կարծեր։ Բայց կու տամ տպաւորութիւն մը։ Վահան Մալէզեան ստոյգ գիտութիւնը ունի մարդուն, որ չափած է այդ պատրանաւոր դրախտին ներսը, հոն տիրող բարեխառնութիւնը ու ոչ-հացաբեր, նոյնիսկ անօթութեան թեկնածութեան այնքան հարազատ պայմանները, ու դրած որոշ վերապահութիւն մը, ինք իրեն պարտադրած զգաստ պահեցողութիւն։ Ասկէ դէպի ուժերու այլ կերպ շահարկումը հեռու չէ ճամբան։ Դրախտին երանաւէտ ճեմողները… որոնք պիտի տառապին յաճախ օրուան հացին ժանտ տագնապովը։ Իր բարեկամն էր Արփիարեան, որուն դիակը ցամաք հացի բեկորով մը պիտի սկսէր դէպի երկինք իր ճամբորդութիւնը եւ Վահան Մալէզեանի համար այս գիտակցութիւնը եղած է ճակատագրական։ Ան դրած է ճարտար յորդորանք մը, գե/192/ղեցիկ միջին մը։ Չպատկանելով հանդերձ գրականութեան գործօն սպասարկուներու փաղանգին ու ասոնց ճակատագրին, Վահան Մալէզեան այդ գրականութեան տուած է հատոր մը քերթողութիւն (ուրիշներ ալ՝ իբրեւ խոստում), ուրիշ հատոր մըն ալ տպաւորութիւն։ Գրած է վիպակներ, որոնք այս դարուն սկիզբը բացառիկ, դարավերջիկ զգայնութիւն մը կը յայտնաբերեն, հիւանդագին, խուլ, սրսփագին, դէպի ներս, հոգին խորացող սարսուռներով ուշագրաւ։ Բոլորովին անձնական այդ պատկերները ակնբախ հակադրութիւն մը կազմելով հանդերձ իրապաշտ անանձն ներկայացման, եղան կնիքին տակը քովնտիին, պատահականին։ Անշուշտ ուրիշ չէին աշխատանքի կերպը, թէկուզ՝ արուեստի հասկացողութիւնը Կամսարականի, Միքայէլ Կիւրճեանի, մեր պոլսեցի գրողներու ստուարագոյն թիւին, բայց տարբերութեամբ մը։ Սիրող (amateur) գրագէտի որոշ կաղապար մը արդէն կը տիրէ մեր հրապարակին վրայ յանձին Զօհրապի, Չրաքեանի, Զարդարեանի։ Վահան Մալէզեան այս կաղապարէն կը զատուի գործնական մարդու շեշտ հնարամտութեամբ մը ու ասոր բարիքը եղող բարօրութեամբ: Բայց բախտը ուզեց, որ շատ չտեսնենք Լեւոն Բաշալեանի, Տիգրան Կամսարականի դասալքութիւնները իրենց տաղանդներէն ու ախորժակները ուրիշ նիւթեղէն վայելքներէ եւ ամէն րոպէ Վահան Մալէզեանը հարուածենք իր իմաստութեանը համար։

 

Վահան Մալէզեան պարզ յիշատակումէ մը աւելիին արժանի է մեր գրականութեան պատմութեան մէջ, ո՛չ՝ իր գործին տարողութեամբը կամ տաղանդին վճռական ճնշումովը, ինչպէս կ՚ըսեն, այլ չկասկածուած այն քանի մը կողմերով, որոնք իր մէջէն երեւան եկան։ Ասոնցմէ մէկը փաստն է օրէնքին, որուն համեմատ գրականութեան մը ամենէն տիպարային երեսները մեզի կու գան ո՛չ թէ բարձրագոյն տաղանդներու նուաճումներով, այլ պարունակին մէջը սանկ միջակէն, միջինէն քիչ վեր ուղեղներու (մեծերուն զարտուղութիւնը, ժամանակազանցութիւնը, չափախոյս անձնականութիւնը վտանգներ են, գործ մը բացառող ու ատով անոր դերը կասկածի ենթարկող)։ Իբրեւ այդ, Վահան Մալէզեան պիտի իյնար ծիրին մէջը մարդոց, որոնք կը կոչուին Բիւզանդ Քէչեան, Մաղաքիա Օրմանեան, Երուանդ Տէր Անդրէասեան, Գրիգոր Մելեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան, Յովհաննէս Ասպետ, Թէոդիկ, Հայկանոյշ Մարք, Վահան Թօշիկեան, Անայիս, Զարուհի Գալէմքեարեան եւ ուրիշ շատեր, բոլորն ալ մեծատարած անուններ, որոնք իրենց փառքը կ՚ապրին ու կը սպա/193/ռեն իրենց ողջուցը, բայց իրենցմէ ոչինչ կ՚անցնի գրականութեան պատմութեան։ Որոնց յիշատակութիւնը պիտի կատարուի դուրսէն, քովնտի, վիճելի կէտեր ճշդելու, նմանութիւններ կամ հակադրութիւններ լուսաւորելու ճակատագրով մը, դարձեալ դառնալու համար իրենց խաղաղ միայնութեան։ Վահան Մալէզեան ռոմանթիք վիպակներու հեղինակ՝ ռոմանթիք փառքին քիչ-շատ ալ սպասարկու, վեր է այդ անուններուն շքախումբէն, գործնական իմաստութեամբ մը։ Միւս կողմէն մեր նոր գրականութիւնը ուրիշ միջակութիւններու ալ անուն է հայթայթած։ Քաղաքական, կուսակցական լիտրներու փառքն է ատիկա, սանկ վերերէն խօսող, կուսակցական օրկաններ խմբագրող ու մարդեր առաջնորդող տիպարն ալ մի՛ մոռնաք։ Երբեմն վաւերական գրագէտէ մը զառածած . Պարթեւեան)։ Ու տակաւին կը յիշեմ Արշակ Ալպօյաճեանը, որ մեր գրականութեան սպասարկու յուզիչ իր նախանձախնդրութիւնը կը պատսպարէ անհուն հմտութեան մը, հաւաքումի մը բերդերուն ետին, առանց կասկածելու, թէ գիրէն վեր է գրականութիւնը։ Բոլոր այս յիշատակումները միջակներէն կը ձգտին ապացուցանելու, որ Վահան Մալէզեան տարբեր է անոնցմէ։ Այս դարուն սկիզբը անիկա բացառիկ գրագէտ մըն է [1] ։


 



[1]     Ահա՛, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս: Պարկեշտութիւն եւ անկեղծութիւն զիս կը պարտադրեն խոստովանելու, որ գրական խառնուածք ունեցող պատանիներու վրայ (որոնցմէ մէկն էի) Վահան Մալէզեանի ազդեցութիւնը կը հաւասարէր Արշակ Չօպանեանի վայելած վարկին։ Կը փնտռէինք այդ ախտավարակ զգայնութեան վեց վիպակները։ Խանդավառ էինք անոր քերթուածներով, նուրբ, նոր, փնտռուած ու համեմուն: Ինծի հետ ունէի բազմաթիւ ընկերներս (Արմաշի Դպրեվանքի Ա. դասարանէն), բոլորն ալ լրջօրէն տարուած այդ անունին հմայքէն։ Ասիկա փաստ մըն է, արժանի արձանագրութեան: