Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. [«ՄԵԾ ՈՃԻՐԸ»]

/270/Այս մտածումները անօգուտ ձեւով մը չեն միջամտեր իմ եւ « Այն սեւ օրերուն » հատորին միջեւ։ Գրագէտի մը տիրական կնի՞քը, թէ նիւթին ահաւոր բարիքը՝ հեղինա՛կ այս արդիւնքին։ Ու կը դնեմ արեւմտահայ գրականութիւնը իր ամենէն հպարտ արդիւնքին մէջ պակասաւոր մնալուն եղերական հարցը։ Բայց անոր անցնելէ առաջ, արագ՝ սա միւս ալ հաւաստումը։ Ամենէն խորունկ ցաւերը, ամենէն խորունկ ապրումները ամենէն քիչ շահագործելի տարրեր են գրական շուկային երեսին, ուր բառը, քիչ իսկութիւնը, շատախօսութիւնը, ծանծաղումը, հասարակ տեղիքին վաճառման մէջ բազմամիջոց տարփողողը լքումը յաճախ կը փոխարինեն հարազատ ապրանքը։ Արամ Անտոնեան հեղինակն է նոյն ատեն « Մեծ ոճիրը » վերտառութեամբ ուրիշ հատորի մը, որ փառասիրած է այդ ահաւոր նիւթը՝ որմէ դրուագներ էին պատկերները « Այն սեւ օրերուն »ը կազմող, վերածել մարդկային ըմբռնողութեան մատչելի արարքի մը։

Նման փառասիրութեան մը համար, Արամ Անտոնեան իր տրամադրութեան տակ ունէր ա) անձնական իր ապրումները, բ) ոճիրը լուսաւորող բազմաթիւ վաւերաթուղթեր, գ) գրողի իր մասնաւոր մէկ ախորժակը, որով ան նորավէպէն սահեր էր պատմողական կառուցումներու: 1900–ին vie romancée–ները հոս ու հոն ունէին գոյութիւն ֆրանսական գրականութեան մէջ մանաւանդ։ Արամ Անտոնեան, ենիչէրիի թոռ (ինչպէս կը վկայէ իր մէկ խոստովանութիւնը, Թէոդիկին ուղղուած նամակի մը մէջ), բռնապետական գրաքննութեան իսկ օրերուն կերպը գտած էր ԺԹ. դարու առաջին կէսով հետաքրքրուելու անպատիժ։ Ստորագրած էր մէկէ աւելի մենագրութիւններ, պատմական գետնի վրայ։ Խմբագրութենէն դէպի գրավաճառին կրպակը անոր անցքը քմայք մը չէր, քմայքներու շատ անձնատուր այդ մարդուն մէջ։ 1910–ին արդէն գիրքերը ճանչնալու, գնահատելու մէջ ձեռնհաս մասնագէտ մըն էր, ու միշտ իր խոստովանութեամբ, Պոլսոյ մէջ, այդ թուականներուն, առանց իր միջ/271/նորդութեան, գրատուն (այսինքն իր պարունակութիւնը) չէր ծախուեր։ Ընդարձակ ձեռնարկ մըն է իր « Պալքանեան (1912) պատերազմին պատմութիւնը », անշուշտ լրագրողի աճապարանքով, բայց այդ սեռին դժուարութիւնները յաղթահարելու համար ալ որոշ aisance–ով. « Մեծ ոճիրը » (1921, Ամերիկա, հրատարակութիւն « Պահակ »ի) ահա կը հպատակի այս ախորժակին, ամենէն առաջ, ու երկրորդաբար իր խմբագրական վարժութիւններուն։

« Մեծ ոճիրը » գրականութեան յաղթահարելի ձեռնա՞րկ։ Մէկ կողմէն անոր ահաւոր ընդարձակութիւնը, բեմին տարադէպ զանազանութիւնները, դերակատարներուն անըմբռնելի տեսակէ մը ընտրուած մարդերէ բաղկանալը, հեղինակին (գիրքը կառուցանող) միջոցներու անբաւականութիւնը ու ոճիրին յաջորդ այլապէս հրատապ հարցերը ազդակներ են, որպէսզի նման ձեռնարկ մը վերածուի հիմնականէն ալ պակաս ուրուագրային կերպարանքի մը։ Արամ Անտոնեան կը պատմէ, թէ 1918–ին անգլիացւոց Հալէպ մտնելուն հետ երբ վազած էր վերապրողներուն, անոնցմէ առնելու համար այդ հրաշքներուն (վերասերումին) բանալին, կը զգայ, դժնդակ իր անկարողութեան դիմաց պարզուող անհուն հունձքը։ Ամէն մէկ վերապրող հատոր մը լեցնելէ աւելի ողբերգական իրողութիւններու անկարող վկայ մըն էր։ Ու հայկական սպանդը հազարաւոր հատորներու նիւթ հայթայթող քաոս մը։ « Այն սեւ օրերուն »ին առիթով ես մատնանիշ ըրի վտանգը, միօրինակութեան վտանգը, որ արուեստագէտներու ամենէն մահացու թշնամին է։ Պատմական գո՞րծ մը։ Հոս ալ փաստերուն միակերպութիւնը դառնօրէն կ՚անդրադառնայ շահեկանութեան հարցին։ Արամ Անտոնեանի գործը չէ հասած տրամին, վասնզի անոր հեղինակը, այդ փառասիրութիւնը կարելի արդիւնքի մը տանող համբերութիւնը, խղճմտանքը չէ յաջողած պարտադրել իր խմբագրի աշխոյժին, անհամբեր, ոստոստուն յատկութիւններուն։

Բայց 1915–ը մարդկային պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող սեւ թուական մըն է։ Այդ բացառիկ իրողութեան տարրերը կու գան ա) թուրքէն, բ) հայերէն ։ « Այն սեւ օրերուն »ը այդ թուականէն իբր վկայութիւն տուած էր առաւելապէս հայը ։ « Մեծ ոճիրը » կու տայ առաւելապէս թուրքը։ Դժբախտութիւնը հոն է, որ պատմութիւնն ու գրականութիւնը շատ հաշտ չըլլան իրարու։ Ուրիշ դժբախտութիւն, որ Արամ Անտոնեան անբաւարար պատմիչ մըն է, ինչպէս որ էր արդէն անբաւարար գրագէտ մը։

Իր անձնական ապրումները գիրքին մէջ հազիւ թէ կշիռ մը ունին, այն գլխաւոր պատճառով, որ տրամային թաւալման պահուն /272/ Արամ Անտոնեան անուն այդ ամբոխին մէջ անկիւն մը, ծակ մը գլուխը թաղելու դատապարտուած անբաւական վկայ մըն է։ Անշուշտ պատմել՝ Եփրատի եզերքին մեռել կրողներու մարդկօրէն ըմբռնելի բնականութիւնը, արարք մըն է, որուն գործադրութեան կը բաւեն մեր աչքերը, այսինքն ասոնց տեսածները։ Ու ասիկա այսպէս, « Այն սեւ օրերուն »ը կազմող բոլոր հատորներուն համար։ Բայց Հալէպի մէջ, կուսակալներու, տնօրէններու, կուսակցութեան պատուիրակներու եւ կառավարական ուրիշ մեծ ու պզտիկ պաշտօնեաներու դաւակցութեամբ մը կազմակերպել սանկ քսան մը բիւր կիներու, մանուկներու ջարդը գործողութիւն մըն է, որ հայու մը, ան ալ տարագիր, միջոցները անհունապէս կը գլէ կ՚անցնի։

« Մեծ ոճիրը », իր ծնունդին իսկ պայմաններով, ենթակայ է ահա այս անբաւարարութեանց։ Անիկա գրական գործ մը չըլլալուն չափովը, պատմական գործ մըն ալ չէ, հակառակ անոր, որ Արամ Անտոնեան վաւերաթուղթերը ջանք է ըրած խօսեցնելու։ Չեմ գիտեր ի՛նչ էր իր մտադրութիւնը այդ կցկտուր հեռագիրները այդքան խոշոր արժեւորելու, երբ իբր հայ, իր խորագոյն գիտակցութեան մէջ առաւել քան ապահով էր տրամային իրական հեղինակներին, ինչպէս ասոր հետապնդած արդիւնքէն։ Ատիկա բնաջնջումն էր իր ժողովուրդին։

Ջարդը ուրիշ երեւոյթ մըն է, աշխարհի ամէն մասերուն վրայ, գրեթէ ամէն դարու, բնական աղէտի մը կանոնաւորութեամբը։ Թուրքերը, իբր յաղթականներ, ու աւելի նախնական բնազդներու գերի խուժան մը, այդ երեւոյթին հանդէպ, մեր օրերուն, կը պարզեն աւելի սերտ, տաք ընկալչութիւն մը։ Եթէ դժուար է անգլիացիի մը համար մանուկներ սպաննելը, թուրքին համար չեմ ըսեր՝ հաճոյք մը, այլ ազգային պարտականութիւն մըն է, 1915–ին։ Անտոնեան: Հեռագիրներէն արտահանելի սա փաստը թուրքերը երբ կ՚ուրանան, անշուշտ խորունկ հեշտանքով մը կը խորհին այդ սուտով շահուելիք արդիւնքին։ Այսօր, այդ ահաւոր սպանդին սառնասիրտ գործադրիչը ամբողջ ժողովուրդ մըն է այդ գործադրիչը ազգերու շարքին սրբագրուած, ազատագրուած, փայփայուած մէկ անդամն է ազգերու մեծ ընտանիքին, որուն կը վազեն արդարութեան եւ պատիւի ախոյեան մշակոյթներու մեծ կեդրոններէն (Լոնտոն, Փարիզ, Պերլին, Մոսկուա) իրար գերազանցող համակրական արտայայտութիւններ, նուէրներ։ Գաղիացիք երկրամասեր (Կիլիկիա եւ Ալեքսանտրէթի Սանճագ) նուիրեցին։ Անգլիացիք՝ ականակուռ սուրեր։ Ռուսերը՝ զէնք ու դրամ։ Գերմանները՝ իրենց սպայակոյտը։ Անշուշտ։ Թուր/273/քերը, խորունկ եւ իրատես հոգեբաններ նախնական ժողովուրդները պարզ կը տեսնեն ու պարզ կը չափեն համոզուած էին, անպատիժ, նոյնիսկ վարձատրեալ, դուրս գալու, հերիք է, որ իրենց ջիղերը ըլլային ընդունակ այդ ծանր արարքը յաջողութեամբ գլուխ հանելու։ Ամէն մէկ հեռագիր, Անտոնեանի գիրքին մէջ, չի մոռնար այդ ջիղերը զօրացնող դարմանը մատակարարել։ 1915–ը գլուխ-գործոց մըն է սառնասիրտ, հաւասարակշիռ, մեծատարած կամեցողութեան մը։ Պարտաւոր ենք խոստովանիլ ասիկա, ո՛չ թէ այսօր, երբ այդ կայսրութեան հողերէն ջնջուած են, աւելի մութ, այսինքն լոյսին չինկած պայմաններու մէջ, սանկ երեք-չորս միլիոնի մօտեցող յոյները (որոնցմէ հազիւ միլիոն մը ժողովուրդ մայր հայրենիք է ապաստաներ), նոյնքան միլիոններ ու մարտական արտակարգ ընդունակութիւններով նշանաւոր ուրիշ ցեղեր (քուրտ, չէրքէզ), այլ թուրքերու պատմութեան ամէն մէկ դարերուն համար։ Մեղադրել մեր անկազմակերպութիւնը, անգործնականութիւնը, կրակոտութիւնը՝ հայհոյել է ոչ թէ գոյութիւն չունեցող արդարութեան, իրաւունքի հասցէներուն, այլ մեր ողջմտութեան։ Երբ այս տողերը կը գրուին, աշխարհ երկրորդ համատարած սպանդի մը թատերաբեմն է դարձեալ։ Ու մի՛ զարմանաք, երբ այս անգամ այդ սպանդին տիրական գործադրիչը ըլլայ Եւրոպայի ամենէն զարգացած, ամենէն լուսամիտ, ամենէն քաղաքակիրթ մէկ ժողովուրդը։ Անշուշտ գերմանները թուրքերէն չսորվեցան ջարդը։ Ու կու գամ աւելի տխուրին։ Ի՛նչ որ քաղաքակրթութիւն կը կոչենք, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ տկլոր, շատ ազազուն արդիւնքը բիւրաւոր սերունդներու խուլ, յաճախ չգիտակցուած ճիգին։ Պարտաւոր էք, մէկ հարուածով, կործանել պատրանքներու շէնքը, որուն վրայ կառուցուած էին երեք հազար տարիներու գինը ներկայացնող ու այնքան դիւրաբեկ իրագործումները։ ԺԹ. դարը մարդը նետեց իր բնական կրկէսին կենդանիներու դասակարգին։ Իրա՞ւ, սո՞ւտ։ Նոր չէր հարցին ողբերգական կողմը, այլ երեւոյթին հակազդեցութիւնը։ 1850–ին մարդիկ, բարձրագոյն մշակոյթներու ասպետներ, իր բնական հետեւանքներուն տարին այդ թանկագին assertion-ը։ Եւ ունեցանք ուժին կամեցողութեան (la volonté de puissance) նոր վարդապետութիւնը։ Մարդկութեան գերագոյն թշնամիները ո՛չ ջարդարարներն [1] են, ո՛չ ալ պարտեալ/274/ները, այլ այն մարդերը, որոնք սպաննելու հասարակ արարքը, ուրիշները խաբելու, տկարը ոչնչացնելու ճիղճ, դիւրին, աւելի քան գռեհիկ որովհետեւ ամէնուն մատչելի ստորնութիւնները վերածեցին նորակերտ, վերակառոյց հերոսութեան։ Չեմ մասնաւորեր իմ մեղադրանքը այս ու այն ազգին, այս ու այն դպրոցին։ Մեղաւոր են բոլորը, որոնք պատմութիւնը մեկնակէտ առնելով, իրենք իրենց ներեցին փաթթուիլ հերոսական հետեւութիւններու, գերմարդերու տեսութեան եւ ուժին ձգտումին։ Գրականութեամբ հանրացած այս վարդապետութիւններուն արծարծիչը պիտի ըլլային քաղաքական թանձրարմատ միտքեր ալ։ Անոնք, որ քիչ մը ուշ մնացած էին խառնուելու ԺԹ. դարու կէսերը romance ընող կեանքի հեշտութեանց ու ողբերուն փրուսիացիներ, թուրքեր իրենց այդ յետամնացութիւնը ոսկեզօծել փորձեցին ուժի զգայարանք մը ստեղծելով, որմէ պաշտպանուած Պիզմարք մը արհամարհեց ամբողջ գերմանական միտքը եւ զօրապաշտութիւնը լուսապսակեց իբրեւ անմրցակից քաղաքակրթութիւն մը։ 1870–էն կը սկսի աշխարհը, որուն վերջին հոգեվարքի հռնդիւնները մեզի կը տրուի մտիկ ընել։ Տասը տարի ետք մարդիկ անշուշտ պիտի չամչնան տկար ժողովուրդներու բնաջնջումը գործադրած ըլլալնուն։ Բայց կը խորհիմք, թէ այդ արարքով փառաւորուիլը պիտի զեղչէին իրենց հպարտութիւններէն։ Ի՛նչ ողբերգութիւն, որ մարդ մը հին օրերուն կեսար մը խումբ մը մեր օրերուն կուսակցութիւնները ըլլան ի վիճակի մարդկութեան ճա/275/կատագրին հետ խաղալու, այնքան անարգ շնականութեամբ մը այս ու այն խայծերով մղեն, հրահրեն մեր բոլորին մէջ քիչիկ մը սանձուած, մեղմացած գազանը, անասունը, թանձրաթաղանթ կողերը սանձազերծելու։ Այս վարդապետութեանց գինն են ջարդերը, նկատի առած իրենց այն կերպարանքներուն մէջ, ուր բնաջնջումը առաքինութեան մրցանակ մը կը դառնայ։ Առաջին մեծ պատերազմը, այդ հայեցողութեան մէջ տեսաբանները ըստ բաւականին լուսաբանեց։ Օսվալտ Մօէնգլէր, որ իր ծանօթ գիրքը երկնեց հոգեբանութեան մը մէջ, ուր la volonté de puissance–ը, իբր նոր աշտարակէ մը արձանագրուած, տախտակ մըն էր մորթուող ժողովուրդներու գլխուն, կը խօսի 1950–էն ետք տեղի ունենալիք բնաջնջման պատերազմներուն (guerres d՛annihilation) վրայ, ահաւոր վճռականութեամբ մը: Այդ գիրքէն քառորդ դար չանցած, կը պայթէր երկրորդ մեծ սպանդը։ Բայց ու կը կենամ ու կը հարցնեմ. կարելի չէ՞ր, որ այդ սպանդները տեղի չունենային, չկործանուէին դարերու արդիւնք այնքան թանկ ժառանգութիւններ, նիւթեղէն, մանաւանդ հոգեղէն մարզին վրայ։ Ինչո՞ւ այդ ու նման տեսութիւններով հրազինուած երիտասարդութիւն մը իր հոգիին մաքրութիւնը լուար արիւնի, անարգ սնամտութեան աղտերուն մէջ, երբ քիչիկ մը բարեկամեցողութիւն, չըսելու համար խելք՝ բաւ էր այդ անոպայ արարքին մէջ, որ մորթելու մասնագիտացած՝ ասպարէզէն կռուողն է կարգ մը բանակներու մէջ, առաջ բերելու գոնէ այն հոգեբանութիւնը, որ զինուորինն էր 1870–էն առաջ։ Մահը տալու արարքը ինչո՞ւ բարձրացաւ ազգային իտէալներու գերագոյնին։ Ինչո՞ւ մտաւորական ուժը վատօրէն, դաւադրօրէն զինակցեցաւ սպանդի բնազդներուն։ Ինչո՞ւ թուրքերը, որոնք ծծած էին գերման սպայակոյտին ազդեցութեան տակ այդ սպանդին թոյնը, այնքան շուտ թօթափեցին 1840–ի, 1848–ի սկզբունքներուն այլապէս քիչ ոճրագործ ներշնչումները։ Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ։

Կը դառնամ իմ հարցին, որ հայ եւ թուրք հարցն է, անոր ո՛չ ամբողջ հասակը անշուշտ, այլ անոր վերջին կէս դարը։ Չեմ խօսիր դարերէն, ուր այդ հարցը զերծ էր այն ահէն, ժահրէն, մահացու ճնշումներէն, որոնցմով մշուշապատ, քաշքշեց ինքզինք միշտ այդ 1870–էն, թրքական թուանշանով՝ 1878–էն ասդին ու պատռեցաւ 1915–ին, անդիմադրելի որքան վերջնական։ Պետութիւնը, այսինքն զայն վարելու գիտութիւնը գրականութիւն չէ։ Կ՚ընդունիմ։ Պետութիւնը, այսինքն զայն պահպանելու պարտքը գրիչին, մելանին, թուղթին ոճիր է վստահիլ։ Կ՚ընդունիմ։ Պետութիւնը, այսինքն՝ ասոր սահմաններուն մէջ ինկած մարդոց հացը, զգեստը, վայելքը, հո/276/գեկան զարգացումը ապահով ընելու նկրտումը պարտքէն վեր պարտք մըն է մարդոց համար, որոնք ընտրուած են այդ ամենը հայթայթելու համար։ Կ՚ընդունիմ։ Ու տակաւին շատ բաներ, որոնք հացէ, արիւնէ, կիրքէ իբր անդիմադրելի մղումներ կը գրաւեն մեր տրամադրելի բոլոր ուժերը։ Բայց չեմ ընդունիր, որ այդ ամէնուն ապահովումը վստահուի հանդիպող գիւղացիին: Ան, որ հիմնադրեց 1870–ի աշխարհը, գիւղացի մըն է, խորունկ արհամարհանքով մը մտքին, անկէ սերած բոլոր բարիքներուն վրայ։ Կը պատմեն, որ Բ. Կայսրութեան ճարտարապետը (Պիզմարք) մարդն է եղած, որ կը հպարտանար կեանքին մէջ գիրք մը բացած չըլլալուն։ Ու աչքէ անցուցէք աւելի մօտ օրերու հերոսները։ Ան, որ կը յաւակնի ճարտարապետած ըլլալ Գ. Գերման Reich-ը, նախակրթութիւնն իսկ անատակ է եղած կանոնաւոր կերպով աւարտելու։ Ու ան, որ հին Հռոմի սահմանները փողոցներու պատերուն վրայ սեւագիր արձանագրեց, ամէն իտալացիի աչքերուն իբր ամենօրեայ խայծ, երկաթագործի մը տղան է, դարձեալ անբաւարար կրթութեամբ։ Ու ասիկա այսպէս, բայց մանաւանդ թուրքին ու իր ամրախարիսխ աւանդութիւններուն։ Ան, գէթ իր վերջին կերպարանքին մէջ, կ՚իյնայ այն հսկայ մատնութեան ծիրին, ուր խորասոյզ յօրացաւ ԺԹ. դարու Միտքը, գլխագրեալ՝ Իմացականութիւնը։ Մտաւորականութեան այս ստորին մատնութիւնն է, որ Եւրոպայի մէջ ուժին կրունկներուն լքելով դարերու գին քաղաքակրթութիւնը, Արեւելքի մէջ թուրքերը վերածեց գերագոյն իմաստասէրներու։ Ըսի, թէ այդ գերմանածին վարդապետութիւնը ի՛նչ արժեց փոքր ժողովուրդներու սպառսպուռ կոտորածին մէջ։ Ա՛լ մի խօսիք ինծի խիղճէ, արդարութենէ, քաղաքակրթութենէ։ Իրաւ էին, ինչ որ Արամ Անտոնեան նօթագրած էր « Այն սեւ օրերուն » պատկերներով։ Բայց աւելի քան իրաւ է « Մեծ ոճիրը » յօրինող էջերուն ամէն մէկ տառը։ Չգիտցո՞ղը։ Բայց ո՛չ ոք։ Մեր ժողովուրդը այդ կարգի ստութիւններուն համար կը գործածէ պատկերաւոր բացատրութիւն մը Օրնի տղան իսկ գիտէր ։ 

Արամ Անտոնեան դատ մը կը թուի պաշտպանել այդ գիրքին մէջ։ Ատիկա՝ այդ ոճիրին բարձրագոյն կարգադրութեամբ մը ի կատար ածուիլն է։ Բայց կա՞ր արդեօք կարիք նման փաստերու։ Իբր հայ, այդ մասին հեղինակը դուրս է ամէն տարակոյսէ։ Բայց քաղաքակիրթ մարդկութի՞ւնը։ Հո՛ս է, որ կը սկսի մեր ողբերգութիւնը։ Մենք, մեր դժբախտութեան մէջ, մեզի պաշտպան կարծիքներ, պատրանքներու դրութիւն մը հեղինակած ենք։ Կը մտածենք, որ Վանայ այսինչ գիւղին հիմնայատակ կործանումը թուրքին ձեռքով իրողու/277/թիւն մըն է, որ կը դղրդէ խղճմտանքները։ Անշո՛ւշտ, եթէ երբեք այդ խղճմտանքները դրուին շփման մէջ արարքին գործադրութեան։ Անկէ դուրս, այսինքն թուղթի վրայ, այդ արարքին առաջ բերելիք հակազդեցութիւնը այդ խղճմտանքներուն վրայ հաւասար է գրեթէ ոչինչի։ Ու ասիկա ճիշդ է ահաւոր ճշգրտութեամբ մը։ Հայ–թուրք հարցին մէջ, մեր կողմէ գործածուած առաջին մեղքը այս պարզագոյն ճշմարտութեան անգոսնումն է։ Ատիկա չի նշանակեր, թէ մեր ժողովուրդը օտարին վրայ դրած էր իր ազատումին տագնապանքը։ Բայց կը նշանակէ, թէ մեր յուսախաբութեան մէջ վրայ էինք տուած այն պուտ մը խելքն ալ, որ մեզի չէր պակսած մեր գերութեան բոլոր դարերուն։ Տակաւին, մենք եղանք միամիտ, մեր հոգեբանութիւնը, կազմուած մեր պատմութեամբ, զոհելու մեր իմացականութեան, որ քիչ մը քիչ է ենթակայ արտաքին պայմաններու եւ ինք իրեն կ՚ախորժի վստահիլ։ Գործեր էինք թուրքին հաշւոյն, երբ 1878–էն առաջ, մեր իմացականութեան բոլոր շնորհները դատարկելով, որպէսզի կիսավայրենի հորդաներէ, բանակի ու պաշտօնեայէ կազմուած նախնական համայնքէ մը երեւան գար մեր օրերու հիմնական կրթանքներուն ընդունակ ընկերութիւն մը, ազգ մը՝ որուն ներսը կայսրութեան իսկապէս առոյգ խմորը հասուննար ու հասունցնէր, աշխարհի ամենէն նոր, քիչ մաշած մարդերէն պետութիւն մը հանդերձելու։ Չեմ կրկներ, ինչ որ « Համապատկեր »ի ընթացքին այնքան անգամներ վերլուծեր եմ որոշ յստակութեամբ։ Մենք մեր այդ առաքինութիւնը փոխ տուինք, ենթադրեցինք թուրքին։ Ու մեր պատիժը ատով մեզի կը թուի այնքան անըմբռնելի։ Տակաւի՛ն։ Մեր ներքին տարակարծութիւնները քիչ անգամ կը տարուէին արիւնին ճամբաներուն։ Կը հաւատայինք, որ մարդ մորթելը արարքներուն ամենէն դժուարն էր, մենք՝ հարաւի մշակոյթին մէջը կազմուած։ Ու չէինք կասկածեր, որ աննշան իրողութիւններ դուռ կրնային բանալ այսքան հսկայ արեան հեղեղներու։ Այսօր, հասկնալի մտասեւեռումով մը, կը դատենք թուրքը, զայն որակելով վայրագ, բարբարոս եւայլն։ Բայց չենք անդրադառնար, որ ադկէ աւելի դառն որակումով մը մեր սպանդը կ՚արդարացնեն անոնք, մեզի շռայլուա՜ծ բարիքներուն փոխարէն, մեզմէ չսիրուելու իրականութիւնը վերածելով մռայլ ապերախտութեան մը։ Ապրեր էինք տիրոջ եւ ծառայի հոգեբանութիւններով, աւելի քան վեց–եօթը հարիւր տարի։ Գտեր էինք հոգեկան, իմացական, զգայական հաւասարակշռութիւն մը։ 1800–ին, արքայական հրաման մը կրնար մեր ամբողջ աւագանին կախաղան բարձրացնել։ Մեր պատրիարքը, այդ օրերուն, պիտի սգար պատահարը եւ պիտի /278/ ջանար մատաղներով ամոքել աստուածային զայրոյթը, որ այդ հրովարտակին ձեռամբ կը պատժէր մեր «ծովացեալ» մեղքերը։ 1900–ին, միշտ արքայական հրաման մը, ի վիճակի էր շէն քաղաքի մը հայութիւնը քսանչորս ժամուան մէջ վերածել մոխիրի։ Ո՛չ Հայոց պատրիարքը, ո՛չ անոնց մտաւորականները չէին բացատրեր այդ անըմբռնելի իրողութիւնը միայն մեղքերուն փաստովը։ Ու հետեւանքը, երկկողմանի անհասկացողութեանց կրակովը զայրագնած։ Թուրքերը մեզ ներկայացուցին պետութեան թշնամի, առանց բաւարար պատճառի։ Բայց իրենց նախնական տրամաբանութիւնը ի վիճակի էր այդքան քիչով ալ գոհանալու։ Հայերը մոռցան, թէ քառորդ դար առաջ այդ 1870–էն չունէին իրաւունք իրենց ուզածին պէս հագնելու, գրելու, ապրելու եւ պարտաւոր էին դարերով դարբնուած շղթան պատշաճեցնել նոր պայմաններու հանդէսին։ Մեր Փարիզը, Լոնտրան, մեզ պատրեցին իրենց գեղեցկութիւններով, որոնցմէ նուազագոյնները չէին անոնք, որ արուեստէն, պատմութենէն, պետական կեանքէն կ՚առնեն իրենց զսպանակները։ Ու թուրքերը չեղան նրբամիտ մեր այդ նազանքները տանելու իրենց վաւերական կերպարանքին տակ։ Ջարդերը, 1878–էն ետքը, ո՛չ թէ պատահական, ժողովրդային պոռթկումներ են, այլ՝ արտայայտութիւնը այդ նախնամիտ հոգեբանութեան: «Կրնային մորթել», կը պոռային մեզի, «երբ Սելիմի մէկ ակնարկը ուզէր ատիկա»։ Բայց երկու դարու նահանջ մը այդ ուժէն դարձեալ ի զօրու էր այդ ժողովուրդին ներսը կենդանի պահելու այդ հեւքը կանխող ուրիշ երեք դարերու դիւցազներգութիւնը։

Պատմութիւնը ոչինչ կարող է ապացուցանել, քանի որ հերքումներու հանդէս մըն է։ Անտոնեանի բերած փաստերը « Մեծ ոճիրը »ին մէջ ահաւոր են, որքան պարզ։ Կ՚անջատեմ հարցը պատմական, իրաւական իր փաթաթներէն։ Դնե՞լ զայն բարոյական գետնի վրայ։ Բայց թուրքերը, եպարքոսէն մինչեւ գեղջուկ հովիւը, խորագոյն հանդարտութեամբ ընդունեցին բնաջնջման պատգամը։ Ատիկա հին դարերու բնազդներուն հրաւէր մըն էր, իրենց համար շատ հաճելի։ Ու կատարուեցաւ պատմութեան ամենէն դաժան դաւաճանութիւնը։ Անտոնեանի գիրքին մէջ կայ լուսանկար մը, աղջիկներու որբանոցէ մը, ուր թուրքերէն ամենէն նշանաւոր, ամենէն արեւմտացած մտաւորական կինը, գործիչ, գրագէտ, թարգմանիչ, անգլիական մշակոյթի ախոյեան, Խալիտէ Էտիպ, գլուխն է խումբին, որ պաշտօն ունի այդ որբերը տաճկցնելու։ Ո՛չ մէկ քաղաք, աննշան բացառութիւններէ դուրս, կրցաւ մարդկօրէն սպասելի տարրական իսկ ընդվզումը, չեմ ըսեր բողոքը, ո՛չ թէ կատարուածին իմաստին (այս մասին ո՛չ մէկ /279/ տարակոյս ունէր գոյութիւն մեր ժողովուրդին խղճմտանքին մէջ), այլ ձեւին դէմ, որ աշխարհի մէջ իր նմանը չունի պատմութեան հիմնուելէն ասդին։ Անտոնեանի գիրքը կը թելադրէ այդ ձեւերէն ոմանք, սուր, արագ, ամփոփ։ Իմ իրաւունքին մէջ եմ, արարին այդ թելադրանքները բանալու, դարձեալ մարդկօրէն, ու մտքիս առջեւ կեցնելու պատկերը, պատկերները, դաշտերը մարդկային սպանդի մը, ուր բառը անզօր է հեռուէն հեռու իսկ ինծի բերելու ահաւոր իրականութիւնը։ Այս դժնդակ պարտքը թուղթին իսկ կը խնայեմ սակայն։ Թուրքերը զայն ապրեցան։ Ապրեցան ոճիրին հեղինակները, իրենց վայել սառնութեամբ, հեշտանքով։ Ո՛չ միայն ոճրագործ մարդեր ունին գոյութիւն։ Ունին գոյութիւն ոճրագործ ցեղեր։ Ու թուրքերը չեն մերժեր այդ պատիւը։ Մէկը, Անտոնեանի գիրքին մէջ, այդ ջարդարարներէն, կը վիրաւորուի, երբ իրեն կ՚ըլլայ հարցում, թէ ճի՞շդ է, որ բիւր մը հայ էր սպաննած։ Վրդովեալ խղճմտանքը այդ գազանին կը բողոքէ։ Ինք պատիւ ունի։ 10. 000 հայը ի՜նչ ճիղճ թիւ։ Քանի մը հարիւր հազա՜ր։ Այդ քանակը միայն պիտի գոհացնէր սա անըմբռնելի արժանապատուութիւնը։ Ու եղա՛ն այդ մարդերը, ո՛չ անշուշտ իբր հրէշային, բացառիկ տիպարներ։ Անոնք հոն են միշտ, այդ ցեղին արեան մօրուտքին մէջ իրենց կերպարանքները դրած բոյծի։ Կը փչէ հովը ու անոնք հարսնեակի ձեւով կը բանան իրենց թեւերը ու նման վամպիր ներու, կը յածին ո՛ւր որ կը փչէ այդ հովը եւ կը սպաննեն։ Անտոնեանի գիրքին մէջ կը յիշատակուին ոճիրի անընդունակ պաշտօնեաներ, որոնք միւսլիւման ի իրենց խիղճը կը վախնան արատաւորելէ արգիլուած արարքներով։ Ի վերջոյ, մարգարէն չէ հրահանգած աման ի ինկած մարդերը մորթելու, Ալլահին ձրի փառքին համար։ Անոնք կը հեռացուին, կ՚ըլլան պաշտօնանկ։ Խորապէս թուրք այս քաղաքականութիւնը պետական իմաստութիւն մի՛ կարծէք։ Եոզղատի ջարդարարը, Քեմալ պէյ մը, ձախորդ ներշնչումով մը, անշուշտ Եւրոպան խաբելու համար։ Խօսքը կու տամ Անտոնեանին…

« Վճիռը տրուեցաւ ո՛չ այնքան արդարութիւնը գոհացնելու որքան օտարը խաբելու համար որ Թուրքիոյ մէջ արդարութիւնը սին բառ մը չէ։ Եւ 68 000 հայերու սպանութեան ու կողոպուտին համար մահուան դատապարտուեցաւ մէկ հատիկ մարդ մը »։ Անշո՛ւշտ։ Ան կը նոյնանար այն միւսին հետ, որ քանի մը հարիւր հազար մորթած ըլալու հերոսութեամբը հազիւ կը գոհանար։ Բայց մտիկ ըրէք, միշտ Անտոնեանն է գրողը։ « Փոթորիկը չուշացաւ: Պոլսոյ մէջ ուր իբր թէ իթթիհատական ոճրագործ մտայնութիւնը անհետացած էր /280/ եւ անոր տեղ մարմին առեր էր արդար ու լայնախոհ ոգի մը, ժողովուրդին միանգամայն բոլոր դասակարգերը հսկայ ցոյցեր կատարեցին, թափօրներ կազմեցին, բողոքելու համար այդ վճիռին, մանաւանդ անոր գործադրութեան դէմ: Քէմալ պէյ հռչակուեցաւ «ազգային նահատակ», որոշուեցաւ յիշատակարան մը կանգնել իր մարտիրոսութիւնը պանծացնելու համար, իր այրին եւ զաւակները առնուեցան ազգային խնամատարութեան տակ։ Եւ այն թուրք ժողովուրդը, որ հանրային հանգանակութեանց համար իր քսակը այն ատեն միայն կը բանայ երբ վիզը կը սեղմեն, ինքնաբերաբար, հինգ–տասը օրուան ընթացքին, 20. 000 օսմ. ոսկւոյ գումար մը հանգանակելով յանձնեց Քէմալ Պէյի այրիին » («ՄԵԾ ՈՃԻՐԸ», էջ 272)։

Իմ յիշատակներուն մէջ, այդ Պոլիսէն, ունիմ անջնջելի երկու տախտակներ։ Ատոնցմէ մէկն է քսանմէկ հնչակեաններու կախաղանումը, 1915–ին։ Չպատմուելիք պատկեր էր անիկա։ Ու ես միակ հայն էի, որ պատահմամբ կ՚անցնէի հրապարակէն։ Քիչ թիւով մարդեր, մեծ թիւով զինուոր։ Հարիւրապետներ, հազարապետներ, փաշաներ։ Ու ոճիրին հեղինակը, ինքը այդ օրերու պատերազմական նախարարը, որ լոսիկ, կիսաժպիտ, որոշ ալ սեթեւեթով, անցուց իր ինքնաշարժը ճօճուողներուն առջեւէն։ Կախուողներուն մէջ կային ինծի մօտիկ բարեկամներ։ Մէկը տոքթէօր մը, Պէննէ, ինծի հետ ապրեր էր, գիւղը, տարիէն աւելի։ Ինչե՜ր անցան իմ հոգիէն, երբ տեսայ իր նեղ ճակատը, որ առեր էր արծաթին դալուկը։ Երկրորդ պատկերը այդ Քէմալին կախաղանն է։ Պատերազմական նախարարութեան այդ ընդարձակ հրապարակին վրայ, կը ճօճէր 68. 000 մարդերու մտքէս հազիւ թէ անցաւ, որ ասոնք հայեր էին սպաննիչը։ Խեղճ ու զզուելի պատկեր մըն էր այդ կերպարանքը, որ մահուան կնիքին մէջ կը դառնար տափաստանեան կաղապարին, կտաւին։ Ինք անշահեկան էր անշուշտ։ Բայց չեմ կրնար մոռնալ այն դարձեալ անպատմելի յոյզը, լռին, արտասուախառն, ամփոփ ու ամբողջ, որ այդ հրապարակը ողողող խուժանին բիւրաւոր զգայարանքներէն կը ծորէր, գրեթէ իմանալի հեղումով մը։ Ո՛չ մէկ փաշա։ Ոչ մէկ ոստիկան։ Բայց հնգեակ մը բիւրի մօտեցող զանգուածը թուրքերուն, ամէն սեռէ ու հասակէ։ Բազմութիւն՝ կիները, որոնք կու լային։ Տղաքը՝ որոնք կու լային։ Ու մռայլ ահին ու սարսափին մէջը այդ ապրումին, այդ զանգուածը կը պարզէր ամենէն խորունկ դասը քաղաքական ո՛չ թէ անգոյ իմաստութեան մը, դուրսէն պատուաստուած հայրենասիրութեան մը, բողոքարկու կեցուածքի մը, այլ այն ընդոծին, մեր աղիքներէն փրթող խելքին, որ չի բացա/281/տրուիր։ Քաշուեցայ։ Ու ինծի կը հետեւէին հեռու քաղաքին հարիւրաւոր, հազարաւոր պզտիկները, կիները, ծերերը, որոնք, հոդ կախուողին հրամանովը տարուած էին կախաղանէն աւելի ահաւոր մահուան մը։ 68. 000–ը գրուեցաւ աչքիս առջեւ քանի՜-քանի անգամներ։ Կը վախնայի ետ նայելու։ Ամբոխը խորանածուփ պատ մըն էր, հրապարակին վրայ ինկած։ Այնքան 1915–ը ազգային ապրումներու հանդէս մըն էր թուրքին համար։

Չեմ ամբաստաներ, վասնզի անօգուտ է։ Կը խնայեմ սովորական որակումներն ալ, որոնք թուղթը սեւցնելէ անդին չունին ուրիշ դեր։ Ու կը մտածեմ։ Քանի մը ամիս առաջ ռուսերը Խարքովի մէջ մորթուած յիսուն հազար մարդոց համար չորս ոճրագործ կախաղան հանեցին։ 1943–ին, ուրեմն Քանթ, Կէօթէ, Նիցչէ վերծանած սպաները, 1915–ի Հիւկօ, Լամարթին, Ռընան, Նիցչէ եւ ուրիշ մեծ մարդեր կարդացած քաղաքական պաշտօնեաներուն (բաւական կը ճանչնամ թուրք սպայութիւնը, որ պատերազմէն, անոր գինովութենէն ետք կը սիրէր արժեւորել բանաստեղծութիւնը, չնմանելով ճազային պաշտօնեաներուն, որոնք պատմութեան, քաղաքական տնտեսագիտութեան եւ աշխարհագրութեան համար մասնաւոր հակումներ կը սնուցանէին) հաւասար էին այդ անզգամութեան մէջ։ Ետքէն սորվըուած իմաստութեան մը ձայնը չէ ասիկա իմ մէջ։ Մեր սերունդը թուրքին զգայութիւնը աճեցուցած էր իր երկու ծայրայեղութեանց ճամբովը։ Մենք ո՛չ միայն կ՚ախորժէինք այդ զգայնութեան մէջ վայրենին հաստատել, այլ անոր կը զլանայինք ինչ որ մեր պապերը կը յաւակնէին գտած ըլլալ։ Մեզի համար թուրքը ջարդ արտադրող մեքենայ մըն էր։ Այսօրուան գերմա՞նը։ Ունիմ տակաւին 1912–ը իմ յիշատակներուս մէջ, որոնցմէ մաս մը տուած եմ Արտաշէս Յարութիւնեան ին նուիրուած մենագրութեան մէջ։ Հոն խօսեր եմ այդ թուրքէն, որ իր կարգին կ՚երթար իր գլուխը պառկեցնելու քաղաքիկին (Մալկարա) ճամիին պատին։ Պատը ունէր մէկ մեթր բարձրութիւն փողոցէն։ Բռնուած թուրքը, զինուորներու (պուլկար) առաջնորդութեամբ, կը քալէր դէպի պատը, ուր արիւնը արդէն առուակաձեւ կը պաղէր։ Քսան քայլ ճամբայ պիտի առնէր մահապարտը հոն հասնելու համար։ Ու ես կը տեսնէի այդ մարդուն աչքերը, խորհելով այն երեք հարիւր հազար հայերուն, որոնք այդպէս մորթած էին 1896–ին, ու այն միւս երեսուն հազարներուն, որոնք քանի մը տարի առաջ անցեր էին նոյն ապրումներով դէպի մահ (1909, Ատանայի եղեռնը)։ Պատին վրայ երկու գիւղացի իրենց կարմրած կացինները կը պահէին իրենց ուսերուն։ Զոհը կը քալէր։ Կը /282/ դնէր գլուխը յարմարցուած փայտեայ դաշտի մը եզրին։ Կ՚իջնէին, արտակարգ կանոնաւորութեամբ մը, կացինները, մէկին ու միւսին ու գլուխը կ՚իյնար պատէն անդին, ճամիին ներքնաբակին, ուր բանտարկուած կիները կու լային անհնարին սաստկութեամբ։ Պուլկար սպան, որ կը վարէր սպանդը այդ կիներուն աչքին, իմ թելադրութեամբը վարագոյր մը կախել հրամայեց դուրսէն։ Բայց այդ կիները մոռնալ չեն կրնար տեսարանը։ Այս տողերուն հեղինակը, երբ կը պատմէ այս անպատմելի պատկերները, կը ձգտի ապացուցանելու սա տարօրինակ հոգեբանութիւնը, որ այդ կարգի արարքներուն անհնարին, անմարդկային իրականութիւնը կը հանդուրժէ։ Այդ տեսարանէն առաջ, նոյն օրուան առտուն, ես իմ գլխուն գնով, թուրք էի պահած իմ տունիս մէջ։ Ու ճամիին հրապարակը, իր պատը, հոն կանգուն կացինով դահիճները ու մանաւանդ թուրքը, այդպէս ցաւագին, այդպէս մարդկային պարզ ապրումներ չեն։ Անոնք շաբաթ չ՚անցնիր որ չխռովեն իմ գիտակցութեանս դաշտը։ Ու անոնք կը խուժեն այդպէս, հազիւ թէ թրքական երանգով մը երանգաւոր։ Ի՞նչ անհուն հոգեվարք էր ըլլալու հոգին թուրք ժողովուրդին այդ ու յաջորդ տարիներուն։ Դատելու այս կերպը թուրքերը կրնան ռոմանթիզմ որակել։ Բայց չկրցան իրենց կէս միլիոնը ազատել այդ պզտիկ միջադէպէն, որ 1912–ի պատերազմն էր։

Անտոնեանի գիրքը անոնցմէ է, որոնք չեն ներկայացուիր։ Անիկա գէշ գրուած պատմութիւն մըն է անշուշտ, երբ մօտենանք գրական պահանջներու կարկինով։ Յօրինուած կսկիծին ահաւոր այրուցքին տակ, յաճախուած սպանդին ամբողջ հասակէն, պոլսեցի հոսհոս, գերզգայուն, կրքոտ խմբագիրը, նոր բառով մը reporter-ը, չէ պահած որոշ առարկայականութիւն, հանդարտութիւն, բնագիրները, դոկումենտները շահագործելու մէջ թափանցում։ Չէ տուած մարդերը, դերակատարները, իրենց ամբողջական կերպարանքին մէջ։ Չէ յօրինած հոգեխառնութիւնը, որ ջարդով խանդավառ զանգուածներունն էր։ Իր առաջադրութիւնը՝ Ջարդը չպատմելու, ձախորդ յղացք մըն է եղած իր մօտ։ Իր վստահութիւնը վաւերագրականին վրայ՝ զինք հեռու է պահած կեանքին իսկ վերարտադրումէն, որ հարիւր անգամ աւելի զօրաւոր տպաւորութիւն կը ձգէ քան թուղթին վկայութիւնը։ Մի՛ տարուիք խորհելու, որ մանրավէպը, դրուագը, տեղական մանրամասնութիւնը պիտի փորձէք արժեւորել, քան հաստատ հաւաստումը պաշտօնագիրներուն։ Բայց կը խորհիմ, թէ ինծի հետ էք կարդալու ծածկագիր հեռագրի մը պարունակութիւնը, որ անշէջ, ամբողջական կոտորում կը հրամայէ, քանի մը տողով, բայց ան/283/բաւական է զայն ընդունող գազանին հոգեբանութիւնն ալ լուսաբանելու։ Արդ, զիս շահագրգռողը այդ ամէնուն մէջ մարդկային էն ասդին, անդին մնալն է մարդոց։ Ու Անտոնեանի գիրքը մեզի ուրուագիրներու հետ շփումի կը դնէ։ Քարի վրայ բեւեռագի՞րը։ Անշուշտ։ Պայմանաւ որ մէկը կարդար, վերակազմէր այդ նշաններուն խորհրդանիշ պատգամը։

 

Հայ-թուրք հարցը այսօր մշուշ է, աղօտած ու մարսուած: Անտոնեանի գիրքին բարիքը այդ աղօտանքը հակակշռելը պիտի ըլլար ամենէն առաջ։ Հիմա, Սփիւռքի մեր տղաքը, երիտասարդները ու ասոնցմէ ուղղակի սերող գրողները դժուար կը մօտենան երէցներուն արհաւիրքին։ Ատիկա իրենց իրաւունքը ըլլալով հանդերձ, փաստն է իրենց տղայամտութեան։ Այս ժողովուրդը ապրեցաւ 1878-1918–ի շրջանին ամբողջ եղերականութիւնը, իր ամենէն հեռանկեալ բջիջներուն իսկ ներսը։ Իր պատմութեան մէջ չէ արձանագրուած այս ընդարձակութեամբ տրամա։ Դարձեալ, այդ տրամային յոյզը հասած է այս ժողովուրդին ամենէն անզգած տարրերուն անգիտակցութեան խորքերը մինչեւ։ Ի՞նչ է արուեստը, եթէ ո՛չ անգիտակցութեան մէջ մթերուած ամենէն զօրաւոր տարրերուն գիտակցութեան հանուիլը: Ու ի՞նչ կ՚արժէ գրականութիւն մը, երբ այդ զօրաւոր տարրերը, ճիչը իրենց տիրական նկարագրին համար, կը զգուշանայ գործածելէ։ 1900–ի գրաքննութիւնը պատճառ՝ որպէսզի արեւմտահայ գրականութիւնը անընդունակ ըլլար զբաղելու երեք հարիւր հազար մարդոց անըմբռնելի կերպերու տակ մահացումով։ 1909–ի սպանդը գլուխ–գործոց մը տուաւ այդ գրականութեան (Տիկին Եսայեանի « Աւերակներուն մէջ »ը)։ 1915՞-ը։ «Ամէն ամէն ասեմ ձեզ», կ՚ըսէ Աւետարանը, երբ իր ըսելիքին վրայ խորունկ է իր հաւատքը։ Ու կ՚ըսեմ ձեզի. Մեր գրականութիւնը պիտի չունենայ աւելի հայ, զօրաւոր, սրտապնդիչ հատոր մը, քան այն, որ պիտի գրուի 1915–էն։ Անոր մէկ pastiche–ը (Վերֆէլի վէպը), պարզ իր նիւթին բարիքովը, նուաճեց համաշխարհային խղճմտանքը։ Եւ սակայն ի՜նչ սուտ գիրք մըն է «Մուսա–տաղի քառասուն օրերը», երբ նկատի առնուի աղէտին իսկ համեմատութեանը մէջ։ Հազիւ քանի մը դրուագ, ուր իրականութիւնը հեռուէ հեռու ըլլար զգալի։ Ու չեմ զարմանար։ Մեր ողբերգութիւնը ուրիշները ատկէ աւելի անկարող պիտի ըլլային նուաճել։ Ա՛լ չեմ զբաղիր այն թուքոտ հիացումով, որով հրամցուցին մերինները այդ վէպը։ Անտոնեանի « Այն սեւ օրերուն »ը, գրուած քիչ մը աւելի խնամքով, մանաւանդ նուազ parti pris–ով /284/ (իրենները ստորնացնելու հասկնալի հոգեբանութիւն մը, արդիւնք՝ այս ստորնութիւնները ամենէն աւելի զգալու ի վիճակի եղող զգանութեան մը տագնապին), մանաւանդ տարածուած աւելի խիտ հոգեխառնութիւններու ծովը մինչեւ, պիտի ըլլար ազգային մատեան մը։ Չեմ մեղադրեր։ Արամ Անտոնեան չէ այդ խղճմտանքով, envergure–ով, փառասիրութիւններով պաշտպանուած գրողը։ Ան թողած է, որ իր յիշատակը անմահացնող առիթ մը կորսուի այնքան քիչ արդիւնքով մեր գրականութեան համար։ « Մեծ ոճիրը » կարծես գիտակից ջանք մըն է կորուստին ետեւէն վազելու։ Հոս ալ լրագրողը, reporter–ը, մեր օրերու բառով՝ ամերիկեան թղթակիցը զինքը զառածած են ճշմարիտ պողոտայէն։ Պատճառ մը չունիմ կասկածի տակ ձգելու գիրքին 250–րդ էջին վերջին տողին ստուգութիւնը։ Արամ Անտոնեան այնտեղ գրած է՝ «Լոնտոն, Մայիս— Յունիս, 1919 ». այսինքն այդ երկու հարիւր յիսուն էջերուն երկու ամսուան մէջ խմբագրուիլը։ Ու ահա անոնց ուրուագիծ պարունակութիւնը։ Գլուխի մը մէջ . ) Անտոնեան ծրագրած է տալ Ջարդարարները, Նայիմ պէյի (որ հետագային պաշտօնեայ մըն է տարագրութեան կեդրոնական դիւանին մէջ, Հալէպ) յիշողութիւնները օգտագործող։ Քսանը քիչ անցնող էջերու մէջ Անտոնեան կը ջանայ 1915–ի թուրք հոգեբանութիւնը, պետական վաւերագրերը, հրահանգները խտացնել, նոյն ատեն գծել կենդանագիրները իրարմէ ընդարձակ երեք հաւաքական փողոտումին հերոսներուն։ Ա՛րդ, միայն թուրք հոգեբանութիւնը չէր նուաճելի հարիւրաւոր էջերու իսկ վրայով։ Ես ապրեր եմ 1915–ը։ Մէկ օրուան յիշատակներս, թուրքերուն ձեռքէն իմ գլուխս ազատելու համար Պոլիս, կը լեցնեն քանի մը հարիւր էջեր։ Ո՛չ մէկ չափազանցութին։ Ան, որ իր կրունկին վրայ գիտէ Թալաթի ոստիկանութեան պառականին, ու գիտէ ճակատագիրը, որ կը սպասէ իրեն, երբ իյնայ անոր ժանիքներուն ու մանաւանդ գիտէ իր ժողովուրդին կոտորումը քիչ մը ամէն տեղ, ուր արեւու լոյսը կ՚իջնէ, այդ կայսրութեան սահմաններէն ներս, ան կ՚ապրի անհնարին խորութեամբ։ Ինչերո՛ւ ընդունակ է ըրած զիս այդ հալածագին վազքը ոստիկաններուն ցանցէն դուրս պոռթկալու համար։ Ու հիմա, երբ կը գրեմ այս տողերը, ինծի կու գան մէկ օրուան մը ապրումներուն ուրուականները, աւելի բազմամբոխ քան բանակներունը։ Ու իմ ապրումներս թուրքերն էին, Պոլսոյ մէջ, իրենց ամէն կերպարանքներուն տակ։ Ու ես կ՚ապրէի այդ մարդերը տարօրէն յատուկ թափանցումներով։ Անտոնեանի գիրքին Ա. գլուխը, այդ իսկ անբաւականութեամբ, կը տկարանայ արուեստէն, ըլլալու համար սիրտով, տեն/285/դով, կիրքով առնուած արձանագրութիւն մը։ Բ. գլուխը Ռաս–իւլ Այնի եւ Ինթիլլիի ջարդերն են, միշտ Նայիմ պէյի յիշողութիւններէն։ Արդ, բախտը զիս դրաւ շփման մէջ այդ Ռաս–իլ–Այնի ջարդէն հրաշքով ազատուած ընտանիքի մը հետ։ Հայրենակից, դպրոցակից գիւղացի մըն էր այդ ազատուողը։ Այն թուականին, ուր իր պատմումը ըրաւ ինծի, մօտ էր երեսունհինգի։ Չունիմ կեանքիս մէջ այդ քան խորունկ տրտմած օր։ Իմ հայրենակիցը, այդ անպատմելին պատմելով, հասեր էր որոշ կանոնաւորութեան։ Նախ շքեղ ամբողջութիւն մըն էր դրուագը։ Իր տեղը, աւերակ ջրաղացի մը պատերուն ներքեւ ինկած, իր վիճակին կու տար պատեհութիւն տեսածը պահելու իր հայեացքին հասողութեան [2] ։ Հետն էին կինը, չորս պզտիկները, լեզուն բռնուած մայրը։ Ամբողջ քսանչորս ժամ, թելափակ շրջանակի մը ներսը առնուած մարդոց վրայ հրացաններու տարափը տեղացեր էր, հերթով փոխուող դասակներու կողմէ։ Պատմումը կը կեցնեմ։ Երկրորդ քսանչորս ժամ մը յատկացուած էր այդ կէս մեռած վասնզի դիակները ներքեւ ապաստան գտնելը բնազդական իմաստութիւն մըն էր մuակոյտը այրելու։ Երկու քսանչորս ժամը այդ գիւղացին ան/286/ցուցել էր ինքն ալ չէր կրնար յիշել ի՛նչպէս… Ասոնք քաղաքակիրթ աշխարհը մարսեց։ 1919–ի վերջերուն Տիկին Եսայեան երբ պիտի հեռանար Պոլսէն, դառնութեամբ ճօճեց իր յոգնած գլուխը։ Դաշնակիցները յոգնած էին մեր ողբերգութենէն: Աւելորդ կը նկատէին մեր ճիգը՝ հպարտ ջարդարարները երեւան հանելով արդարութեան յանձնելու։ Տիկին Եսայեան տխուր էր մանաւանդ այդ թուականին թուրքերուն տուները գերեվար կիները, մանուկները ազատել կրնալու մեր անկարողութեան համար, քանի որ դաշնակից արդարութիւնը այդ կարգի պահանջներու ստեղծելիք հակազդեցութիւններէն սկսած էր անհանգիստ ըլլալ։

Ու կատարուեցաւ մարդկութեան ճակտին քսուած գերագոյն նախատինքին քիչ-քիչ այլափոխումը, պայծառակերպումը։ Մինչեւ Լոզանի դաշնագիրը թուրքերը արդէն քաղաքակիրթ ժողովուրդ մըն էին։ Ջարդե՞րը։ Պատերազմական օրերու եւ շրջանակներու մէջ անխուսափելի դժբախտութիւններ։ Գերի կինե՞րը, մանուկնե՞րը։ Ամերիկացիք, իրենց փասթէօրներու բերանով, յայտարարեցին, որ անօգուտ էր հակառակիլ աստուածային կարգադրութեան, որուն հրամանովն էր, որ անշուշտ այդ կիներն ու մանուկները կը տարուէին հեթանոսներուն տուները, անոնց մէջ արթնցնելու համար քրիստոնէական բարոյականին գերազանց բարձրութեան կենդանական փաստերը։ Զօհրապ տեղ մը կը գրէ. «Աստուած իր ըրածը չէր գիտեր»։ Այսպէս մտածեցին փասթէօրները եւ այսպէս դատեցին աշխարհի ճակատագիրը ձեւով իմաստունները։ Ու այդքան ընդարձակ ոճիրներու հանդէսը մարդկութիւնը ո՛չ միայն մոռցաւ, այլեւ անոր հանդիսադիրները պսակեց փառքով ու պատուով։

 

Անտոնեանի « Մեծ ոճիրը » իր յաջորդ գլուխներուն մէջ . ը կը պատմէ անթերի ժուժկալութեամբ մը Տէր-Զօրի ջարդը։ Դ. ը՝ կանխամտածութիւնը, աւելորդ եռանդով մը անշուշտ մեզի համար, բայց քրիստոնեայ Եւրոպայի համար որոշ հետաքրքրութեամբ մը, կ՚ենթադրեմ։ « Ջարդերու ընդհանուր հանգամանքը », « Պզտիկ մարտիրոսները », ուր պատմուածը իբր փաթեթիք մարդկային պատմութեան մէջ նման էջերէն կը նկատեմ գերազանց։ Ու տակաւին՝ կառավարութեան միջոցները՝ քաջալերելու ջարդարարները, արդարացման կեղծ փորձերը եւ այլն) մեզի կու տայ աղէտին համադրական թելադրանքները։ Այսքան հարուստ խորքէ մը բարձրացող այս գիրքին ձեւը, հակառակ Անտոնեանի լրագրական անսրբագրելի ունակութիւններուն, մնացած է զուսպ։ Արագ, տարօրէն կենդանի, արեւի /287/ լոյսին չափ իրաւ այդ ապրումները ի՛նչ փոյթ, որ չըլլան արտայայտուած Տիկին Եսայեանի մը թրթռուն զգայնութեամբ։ Անոնք, այդպէս քիչ, այդպէս ցամաք ու մերկ, կը յուզեն։ Կ՚արձանագրեմ պզտիկ դրուագ մը:

 

«… Աղջիկ մը հիւանդ պառկած էր, մէկ քանի օրուան անօթութեամբ: Մայրը գլխուն վերեւ կը հսկէր: Մօտէն՝ եփող միսի հոտ կու գար: Տղու դիակ մը կ՚եփէին անշուշտ:

Աղջիկը կ՚ըսէ մօրը:

Մա՛յր, գնա կտոր մը ուզէ, ա՛լ չեմ դիմանար…

Մայրը կ՚երթայ, բայց քիչ վերջը ձեռնունայն կը վերադառնայ։

Չտուի՞ն, կ՚ըսէ աղջիկը. մա՛յր, եթէ մեռնիմ, դուն ալ իմ միսէս չտաս անոնց. մինակդ կեր։

Մայրերը՝ այլեւս յիմարացած, իրենց զաւակները ծախու հանած էին։ Կիներ կը գոռային.

Աղջիկս է, հարազատ է, հոգիս է, կը ծախեմ ու չեն առներ, նայեցէ՛ք ինձ, չե՜ն առներ…

- Դեղագործ մը, որ հետը թոյն ունէր, դեղահատներ շինած էր, ու բախտաւորներ զանոնք կը գնէին հատը մէկ ոսկիի, վայրկեան մը առաջ ազատելու համար այն անպատում չարչարանքներէն »։

(«ՄԵԾ ՈՃԻՐԸ», էջ 110)։

Այս տողերը ո՛չ միայն գաղափար մը կու տան կատարուածին ահեղութենէն, այլեւ Անտոնեանի ներկայացման կերպը կը ճշդեն։ Այս յստակութեամբ, այս փաթեթիքով, այս ամբողջական թելադրողութեամբ Անտոնեան ջանացած է իր կրցածը ընել, իր ժողովուրդին երախտագիտութեան արժանանալէ առաջ, իր խղճմտանքին խաղաղեցմանը համար։

« Մեծ ոճիրը », թէեւ արտաքոյ գրականութեան, գրուած է ամէն ժամանակներու համար արժեւոր պարկեշտութեամբ մը։

Մեծ գի՞րք մը։

Դուք ըսէք։


 



[1]     Որոնք դատապարտուած են տեղի տալու իմացականութեան։ Չեմ ըսեր սրտին։ Հնէաբանութիւնը հետաքրքրական իրողութիւններու արձագանգներ կը հասցընէ մեզի, ոսկորներու ճամբով։ Ըստ տուեալներու (այդ գիտութեան) ստոյգ է, որ երկրագունդը անցած է հսկայական կենդանիներով վխտացող շրջանէ մը, ուր քսան–երեսուն մեթր հասակով վիշապներ կը տիրէին ջուրին ու դեռ չամրացած, գէջ հողերուն: Ու ահա, կրկէսին վրայ, երեւան կու գայ այդ հսկաներուն քով գաճաճ կոչուելու արժանի… մարդը, որ կը հակակշռէր այդ տկարութիւնը ուղեղին անհամեմատ մեծութեամբը: Այդ ճիղճ կենդանին է, որ այդ ուղեղին շնորհիւ, պիտի սկսի պայքարը ընդդէմ հսկաներուն։ Քարայրներուն խորը ինչ խոշոր ոսկորներու դէզեր, պզտիկ, սրածայր քարերու հետ խառնուած, որոնք այդ խելքին գիւտը իբրեւ զգետներ էին այդ գողիաթները։ Ո՛չ fantaisie է ասիկա եւ ո՛չ ալ ձրի վերագրում։ Ջարդողները, պատերազմիկները կը ներկայացնեն մարդկութեան նախնական դարերը։ Սանկ երկու հազար մը տարի, անոնք պահուեցան որոշ ստուերի մը մէջ, վասնզի իմացականութիւնը գտած էր կերպը ինքզինք բերելու առաջին փլանի։ Այսօ՞ր: Կը սպասենք երկրորդ սպանդին վախճանին, որպէսզի համոզուինք, թէ անդարձ ընկղմած է ուրիշները սպաննելու, անոնց ունեցածը վայելելու իսկապէս հակամարդկային բնազդը, որուն վերերեւումն է ամօթը մեր քաղաքակրթութեան։

[2]     Իմ ծրագրին մէջ էր «Մնացորդաց»ի վերջին հատորը յատկացնել այդ պատմումին: Առանց յաւակնութեան, պարզ այդ գիւղացին ինծի յաջողեցաւ թելադրել կատարուածին ամբողջ պարզութիւնը, ամբողջական անասնութեան մը մէջ գործադրուած։ Այդ գիւղացին կը ներկայացնէր ջարդողները, անհնարին յստակութեամբ մը շարժումները, միմիքը, աչքի խաղերը։ Ու քանի կը պատմէր, իմ մէջ կը դադրէին մարդկայինը, անոր կապուած դրութիւններ զգացումի, մտածումի, բարոյական զգայարանքի, որոնց վրայ այնքան հպարտ, գուրգուրոտ ըլլալու մէջ այնքան կիրք էի վատնած։ Ուրե՞մն։ Պիտի չգա՞ր ժամանակը, երբ մարդասպանութիւնը ասոր հաւաքական կերպարանքը կը հագնէին ջարդերը, պատերազմները - պիտի դադրէր փառքի, յաջողութեան, ազգային փառասիրութեան թելադիր ազդակ մը նկատուելէ ու պիտի դառնար իր անասնական իմաստին։ 1918–էն ետք գերմանները, փոխանակ սրբագրելու կանխող սերունդներուն զառանցանքը, կերպը գտան այս ոճրախոյզ բնազդները օրինականացնելու, ազգայնացնելու։ 1930–ին ամէն գերման, ամէն իտալացի կը հաւատար, որ պատերազմը մարդկութեան գերագոյն բարիքն է։ Արդ, «Մնացորդաց»ի վերջին գիրքը պիտի ուզէր աշխարհէն վճռական կեցուածք մը ամէն մարդու դէմ, ըլլա՛յ անհատական, ըլլա՛յ զանգուածի ձեւով, որ սպաննելը վերածէր դարձեալ օրինակելի սպաննուելու մը։ Թող կտրուէին ո՛չ թէ գլուխները, այլ ձեռքերը քանի մը հազար թուրքերու, եւ մարդկութիւնը 1939–էն ետք պիտի չունենար ողբալու այնքան ահաւոր ողբերգութիւններ, Եւրոպայի ամենէն մշակուած ոստաններուն ներսը։