Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. [ԳՐՈՂԸ, ՔՐՈՆԻԿԱԳԻՐԸ, ՔՆՆԱԴԱՏԸ]

/150/ Առաջին երիտասարդութենէն մինչեւ բաղդատաբար վաղահաս իր մահը՝ չափահասութեան լիալիր կորովին մէջը, Արտաշէս Յարութիւնեան հրատարակած է անհամար յօդուածներ (ունի ֆրանսերէն հանդէսներու մէջ կեղծ անունով գրութիւններ ալ)։

Այդ գրութիւնները կը շօշափեն քիչ մը ամէն բան դէմք, գիրք, գրական եւ ընկերային շարժումներ, բարոյախօսութիւն, բանավէճ, տպաւորութիւններ, արձակ քերթուած, հեքիաթ, պարսաւ ։ Կարճ՝ ինչ որ մեր օրերու մողոքը մամուլը կը պահանջէ իր գրողներէն։ Արեւմտահայ գրականութեան պարտադիր տուրքն է ատիկա իր մշակներին, այնքան թշուառ լրբութեամբ մը հանուած (բառին տուէք հին առումը)։ Պոլսոյ մէջ, Արտաշէս Յարութիւնեան ընթացիկ, փնտռուած լրագրող մը պիտի ըլլար թերթերու, հանդէսներու ամպիոններէն իր ըսելիքները լսելի ընելու բոլոր միջոցներով օժտուած։ Խելացի էր ու թափանցամիտ։ Կը ճանչնար, քանի մը շփումներով, մարդերն ու կը կշռէր վիճակները, փառասիրութիւնները։ Անշուշտ, ասպարէզին մէջ իսկ ամենօրեայ մարզանքը իրեն պիտի հայթայթէր լրագրական գործունէութեան մը համար անհրաժեշտ միւս լայն հմտութիւնն ալ (որուն փաստերը կան Մամուրեանի, Պէրպէրեանի եւ, ստիպուած եմ յիշել, Քէչեանի վրայ), ու եփուն, գործնական ուրիշ ալ առաքինութիւններ։ Բարի՞ք, չարի՞ք։ Էականը ան է, որ իր սերունդէն Արամ Անտոնեան ըրած էր աւելին, սանկ քառորդ դար մը աղմկելով մեր գրական ու լրագրական հրապարակը, քերթուածէ զատ ամէն բան գրելով եւ ծիծաղելի ընելու իր ջանքին մէջ մեր հրապարակագրական յաւակնութիւնները, հասեր աստիճանի մը, ուրկէ անդին մարդ ա՛լ չի պատկանիր իր ասպարէզին։ Այս շատ վարվռուն, շատ սրամիտ, շատ խելացի ու շքեղօրէն հոսհոս պոլսեցին պիտի փրկէր սակայն իր գրական անկումները մեծ ու իրաւ գիրքով մը, « Այն սեւ օրերուն », ու պիտի ապահովէր իր անկորուստ փառքը։ Դարձեալ կը յիշեմ, միշտ Արտաշէսի սերունդէն, Օննիկ Չիֆթէ–Սարաֆը, վերամկրտուած քրիստոնեայ Յովհաննէս Ասպետ, /151/ որ դղրդալից փառքով մը պիտի լուսապսակէր այս անգամ խեղճ հոսհոսութիւն մը, պիտի օրհներգուէր իբր իրական աստուածութիւն մը, պիտի ընդունէր Արամազդեան պաշտամունքով մը խունկն ու գովեստը հրապարակին (Արտաշէսի մեծ դժբախտութիւնը պիտի մնայ իր յիշատակը խորապէս վիրաւորող կորանք մը՝ այդ գետնաքարշ պաշտամունքին թափօրապետը, արարողապետը եղած ըլլալու) ու պիտի հաւատար իր վրայ թափուած տիտղոսներուն, ածականներուն, ըստ այնմ կառավարելու համար գրականութեան նախարարութիւն մը, որուն ի պաշտօնէ աստիճանապետն էր անուանուած։ Պիտի խօսէր ու գրէր գիտցածին, մանաւանդ չգիտցածին վրայ, ու իր ոճին, գրելակերպին (իրմէ բառը) տափակութիւնը, անինքնութիւնը պիտի արժեւորէր իբրեւ գերագոյն առաքինութիւնը գրելու արուեստին։ Խոշոր մոռացում մը արդէն կը վարձատրէ սա նոյնքան խոշոր փառքը Միամիտի մը արկածները », ըլլալէ ետք գրական մեծակառոյց յաջողութիւն մը, վերադարձած է իր ճշմարիտ ծաւալին պոռնկագրական թշուառ filet–ի իրական իր պատկերին)։ Չեմ երկարեր ցանկը: 1910–ին եւ քիչ մը աւելի ետքը, մեր գրականութիւնը կնիկներու եւ լրագրողներու բռնապետութեան տակ «կը հեծեծէ», եթէ հին չէք գտներ փոխաբերութիւնը։ Մալկարայի իր խանութին խորէն, Արտաշէս Յարութիւնեան կերպը գտած էր այդ մարդոց հետ de pair քալելու։ Ու ասիկա պզտիկ յանցագործութիւն մը չէր։ Ան այդ Պոլիսը, մանաւանդ անոր գրական շրջանակները յուզող բոլոր հարցերուն մէջ ունէր իր ձայնը։ Ինքն էր, որ տարտամ ձգտում մը, իրապաշտներէն ընդզգացուած, ռոմանթիքներէն յանգէտս գործադրուած (Խրիմեանի գրական յղացք մը լայնօրէն գունաւորեց, գրական վարդապետութեան մը dimension–ները տուաւ անոր ու գրական ֆերմայի մը վերածեց, գաւառական գրականութեան ժլատ տարազը փոխարինելով վաղուան գրականութեան հնչեղ ու փողփողուն տարազով։ Այսօր քիչ մը տափակ, վարժապետական այդ ճարտարանքը 1900–ին քաղաքացիական առաքինութեան (vertu civique) կարկառուն վկայութիւն մըն էր։ Հարցարան կազմակերպել, պատասխաններ սպասել, դասաւորել ու մանիֆեսթի ձեւով եզրակացութիւններ բանաձեւել, եւրոպական վերջին գրական նորութիւնները հրապարակին սպառման յարմար ընծայել, կարճ՝ գեղարուեստագէտ—քննադատի շատ ցանկալի տիտղոս մը սեպհականել արարքներ են, որոնք ոստանէն հեռու, յիմար գիւղաքաղաքի մը մէջ իրագործուած ըլլալու զարմանքով մըն ալ աճած, կ՚անդրադառնային նոյն այդ հրապարակին։

/152/ Արուեստի, իմաստասիրութեան, ընկերաբանութեան եւ ուրիշ շատ մը ութիւններու շուրջ աւելի կամ նուազ միամիտ, մակերեսային տեսութիւններ, ԺԹ. դարու կէսէն ասդին իմաստի լայն գրութիւններուն տեղը գրաւել ձգտող քանի մը էջնոց աֆորիզմներ ։ 1900–ին մեր մէջ զարհուրելի էր փառքը լաստակերտող արձակ քերթուածը, իր հոյակապ բառակոյտով, ու նմանապէս Զարդարեանով հսկայ վարկի մը արժանացած բանաստեղծօրէն մշակուող հեքիաթ, երբեմն դիմաստուերային յօրինումներ մարդերէ, երբեմն շքեղ հայհոյանքներ այս ու այն տկար կամ անուանի գրողներու հասցէին։ Ինչպէս կը տեսնէք, ընդարձակ է ծիրը անոր ոչ–ոտանաւոր գործունէութեան ու բազմազան՝ ածուները, ուր անոր միտքին խոփը կատարեց պեղումի աշխատանք։ Ու ահա տարօրինակը։ Մինչ անոր ոտանաւոր գործունէութիւնը լիովին խաղաղած, այլեւս անխօս վկայութիւն մըն է մարդէ մը, անոր արձակ (վերջապէս ստիպուած եմ գրելու բառը) գործունէութիւնը դեռ կը պահէ որոշ կենդանութիւն։ Իր կարծիքները, տեսութիւնները, վճիռները (ուր քննադատին բախտը պիտի ընայ տարբեր) կը պատկանին պատմութեան, այսինքն մեր փառասիրութեանց դամբարանին։ Բայց զանոնք առարկայող կերպը կը շարունակէ զբաղեցնել զիս։ Ոչինչէն մեկնող այդ տղան, քառորդ դարու յամառ աշխատանքով մը, իր միտքը ազատագրած է ո՛չ միայն մեր գրականութեան ընդհանուր թանձրութենէն (նկատի ունիմ գրական հարցերու մէջ այն հաստ խաւարը, որ կը յամառի, օրինակի համար, Ալիշանի կամ Սէթեանի փառքովը), կամ անտեղի նրբամոլութենէն (Չրաքեան), այլ ընտելացնել իր միտքը իր ժամանակի եւրոպական առաջապահ մտածողութեան։ Կը խնդրուի ձեզմէ այս վերագրումը պահել իր համեմատականութեան մէջ։

Այդ տարօրինակութիւնը զիս չի վրդովեր սակայն, երբ խորացնենք վերլուծումը. մեր հաստատելիքը մէկ ու նոյն տագնապն է, ոտանաւորէն ինչպէս արձակէն։ Արուեստագէտը միշտ բան մը ըսող մարդն է։ Ու արուեստի գործը արձակ թէ ոտանաւոր իրաւ վկայութիւն մըն է շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ։ Դար մը առաջ շատ ընթացիկ, նոյնիսկ յատկանշական տարանջատումը այսօր ինկած է իր վարկէն։ Հիմա մարդիկ ո՛չ միայն մոռցած են մէկը բանաստեղծ կոչել իր գործին չափաբերուած ըլլալու հանգամանքէն մեկնելով, այլ կամչնան նոյնիսկ այդ զանազանումը ընդունելէ։ Արձակը, չափաբերեալը պիտակներ են։ 100 տարի առաջ անոնք անխորտակելի սահմանումներ էին։ Ու Բագրատունիի տաղաչափութիւնը (որուն օրէնքները հաներ էր մեր հին շարականներէն), առանձին նուիրականու/153/թիւն, նուիրապետութեան գեղեցիկ դպրութեանց հանրապետութեան մէջ։ Շատ շատերու համար Արտաշէս Յարութիւնեան տաղանդաւոր արձակագիր մըն էր, երբ իր ծանրակառոյց նախադասութիւնները կը պաշտպանէր բազմաթիւ ստորագրութիւններով ( Կարօ, Շահէն–Կարօ, Ուրուական, Մանուշակ. իմ գիտցածներս)։ Թերեւս բանաստեղծին ուրացումէն աւելի կ՚ըսէ սա վարկը։ Իրականութեան մէջ Արտաշէս Յարութիւնեանի արձակը աւելի կ՚արժէ ո՛չ իբր գրականութեան մը, ինքնատիպ խառնուածքի մը, իւրակերտ գեղեցկագիտութեան մը արտայայտման գործիքը, որով մենք զմեզ կը յօրինենք, կը տարբերենք, կ՚անձնացնենք, այլ այն բաղդատաբար ազատ, ամուր, ինքզինք ըլլալ ձգտող կերպը, որով ան իր ապրումները (մենք կ՚ապրինք մեր եւ ուրիշներուն ալ դիրքերը) պիտի առարկայի աւելի լայն տարածութեամբ, քիչ նեղուելով չափէ, յանգէ, կշիռէ։ Իր ոտանաւորին մէջ սա ինքզինք նուաճելու ու առարկայելու ջանքը կապուած է բազմաթիւ արգելքներու, չըսելու համար կապանքներու։ Արձակին մէջ գետինը ազատ է ու լայն։ Ու մեզի համար դժուար չէ հեղինակը տեսնել իր բառերուն մէջ ու ետեւ, առանց ուրիշի մը նպաստին։ Այլապէս ձախող ոտանաւոր ու ձախող արձակ բացատրութիւնները պիտի ըլլային սոփեստացում, մէկ ու նոյն գործողութեան վրայ (գրելու արարքը) իբր պիտակ։ Ու ահա՛ ձեզի օրինակներ։ Եղիայի արձակը գէշ ոտանաւոր մըն է, վասնզի ոտանաւորին վրայ այնքան անգամ փորձուած սպրիկ խաղերը, նրբացումները, բառափորձերը ու ձայնախաղերը արձակին մէջ կը դառնան անտանելի։ Շատ կանուխէն, քերթելու փառասիրութիւնը անոր համար սրբազան տագնապ մըն էր ու մեռաւ առանց մեզի կարենալ ձգելու աւարտուն ոտանաւոր մը, մինչ իր արձակներուն մեծ մասը վիրաւոր է ոտանաւորին տագնապովը։ Ու, մի՛ զարմանաք, եթէ ըսեմ, թէ Պէրպէրեանի արձակը այդ մարդէն կարելի, յաջող բանաստեղծութիւն մըն է։ Մեծարենցի արձակը՝ 1900–ի բառակոյտ, ինչպէս մէկ խոշոր մասը իր քերթուածներուն։ Վարուժան եւ Սիամանթօ արձակ չեն ձգած։ Դուրեանի նամակները (արձակ) քերթուածներուն համարժէք գեղեցկութիւններ են։

* * *

Իր արձակներուն լայն մթերքին մէջ Արտաշէս Յարութիւնեան կը թուի աւելի հանգիստ, տեղաւորուած (case), նոյնիսկ, սխալ չըլլար ըսել՝ ինքնացած հաստատումներ, որոնք անկարելի են իր քերթողական դիւաններուն հետ։ Կը կարծեմ, թէ տուի որոշ բացատրու/154/թիւն սա տարօրինակութեան։ Նիհար իր զգայնութիւնը անբաւարար էր անոր բառերը կենագործելու, մինչ յորդ, մշակուած անոր իմացականութիւնը իր բառերուն որոշ ծանրութիւն, թելադրականութիւն բաշխելու արդար կերպով ընդունակ։ Ըսի, թէ անկարելի էր իրմէ կարդալ տպաւորապաշտ որեւէ արձակ, որ զգայարանքներու ենթակայ նուաճում մըն է, շատ քիչ չափով մը իմացականութեան կարօտ։

 

Կը մնայ ընդարձակ այդ արտադրութիւններէն կատարել անհրաԺեշտ զեղչը, ու ծանրանալ քանի մը հիմնական մասերու վրայ։ Միանգամ ընդմիշտ կը յայտարարեմ, թէ որեւէ տպաւորապաշտ քրոնիկ, որեւէ արձակ քերթուած եւ կամ բանաստեղծօրէն (Յովհաննէս կաթողիկոս, Թ. դարուն, կ՚ըսէ քերթողօրէն) մշակուած հեքիաթ կը մնան դուրս իմ նկատառումէս։ Արձակագիր Յարութիւնեանն ալ տաղաչափ Յարութիւնեանին չափ ունի մեղքեր։ Կը խնայեմ ինծի ճիգը սա վրիպանքը լայնօրէն վերլուծելու։ Արտաշէս Յարութիւնեան իր տրտմութիւնը, աննշան քերթողի տառապանքը, չըսելու համար փառասիրութիւնը, քիչիկ մը երիտասարդութիւն, զգացական խռովքներ հազիւ յաջողած է տրամադրել իր քերթողութեան։ Տպաւորապաշտ էջերը ծիծաղելի զարդարանքներ, խաբէութիւն կամ սուտ ու սնոտիք են, եթէ երբեք չեն սնանիր զգայութիւններէ։ Ուղեղով կը մտածենք ու մարմինով կը զգանք։ Արտաշէս Յարութիւնեանի գրական արձակները շրջանին նորոյթին նուէրն են հրապարակին ու, նման ամէն նորոյթի, կը դադրին շատ արագ իրենց իմաստէն։ Հոդ եւս Արտաշէս Յարութիւնեանը։ Դարձեալ իմ նկատառումէս դուրս կը նետեմ զուտ լրագրական, բանասիրա–լեզուական, ընկերաբանական կարճ կամ ծաւալուն յօդուածները, որոնց մէջ ան անկարող էր որեւէ լուրջ, առնուազն ինքնատիպ նշմարանքներ ունենալ, իր միջավայրին եւ դաստիարակութեան կրկնակ թերացումներովը, իրմէ անկախ անշուշտ, բայց անհերքելի։ Խանդավառ էր Կիւսթավ լը Պոնի տեսութիւններով, որոնցմէ լայն արձագանգներ կան իր գրախօսականներուն կամ աֆորիզմներուն մէջ։ Չէր ընդուներ իմ վերապահութիւնները, իմացական, մանաւանդ ընկերային երեւոյթները բնախօսական կամ բնագիտական երեւոյթներու նման կարգի, օրէնքի ենթարկելու։ ԺԹ. դարու կէսերուն կոկոզավիզ տեսութիւնները անշուշտ շատ բան կորսնցուցած էին իրենց անձուկ, միահեծան հեղինակութենէն։ Տարակոյսը Անաթոլ Ֆրանսով, հեգնութիւնը Կուրմոնով, անհատապաշտութիւնը Ժ. տը Կոլթիէով, Վալերիով օրուան կարգախօսներն էին /155/ Ի. դարու սկիզբը։ Արտաշէս Յարութիւնեան ուզած էր իմացական հաւասարակշռութեան մը հասնիլ, այս չեմ ըսեր երկրորդական, այլ այդ հաւասարակշռութենէն տարաբախտ կերպով մը զուրկ վարպետներուն յաճախանքին մէջ։ Ամենէն աւելի անոր մեղքին վրայ իր կնիքը դնողը եղած էր Կուրմոնը, որ արեւմտեան մշակոյթին բոլոր ծալքերը խուզարկած էր, մթերելով ահաւոր հմտութիւն մը, բայց կ՚ապրէր տառապանքը իմացական նաւաբեկեալին: Կիւսթավ լը Պոն հաստ ու հաստատ սկզբունքներու մարդ մըն էր։ Ընկերային վարդապետութեանց մէջ ան կը կարծէր կարելի ճշմարտութեան մօտիկը կենալ, մերժելով հաւաքականութեան օրէնքները, ասոր վրայ խարսխուած ընկերութեան մը անյարիր ճակատագիրը։ Գուշակեր էր շրջանը, ուր մեր քաղաքակրթութիւնը պիտի սանձազերծէր ինքզինք իրեն պարտադրուած բոլոր կապանքներէն ու ըլլար կրկէսը անհասկնալի փողոտումներու, բայց չէր համարձակած ողջունել իր ժողովուրդին այնքան յատուկ տկարացումը, արագ-արագ դէպի քայքայում քալող։ Իր մեծ հատորը ընկերվարութեան վրայ (Le socialisme) աղմուկ հանեց, բայց անկարող եղաւ կացութեան վրայ որեւէ բարիքի։ Կը հաւատար, անոր մէջ, որակին, զոր կը նոյնացնէր ֆրանսական աւագ առաքինութեանց հետ։ Առաջին Մեծ Պատերազմը (1914-1918) արիւնոտ հերքում մը պիտի ըլլար ընկերաբանական դպրոցին բոլոր յաւակնութիւններուն։ Կիւսթավ լը Պոն չհասկցաւ, թէ քանակը, լաւ օգտագործուած, սա մեր աշխարհին գերագոյն օրէնքն է, քիչ մը ամէն գետնի վրայ։ Ի՞նչ պիտի ըսէր պատուական գիտունը (որուն մասնագիտութիւնը արեւելեան քաղաքակրթութեանց լայն ծանօթացումովը եղեր էր յատկանշուած) յետպատերազմեան Արեւմուտքին պատկերին առջեւ, ուր հսկայական յիմարութիւններով կը հերքուէր Արեւմուտքն ու կը կործանէր իր իմաստութիւնը, Արեւելքի ամենազօր, ամէնդարեայ օրէնքին, ուժին գերակայութեանը առջեւ։ « Ամբոխներու հոգեբանութիւնը » (Կ. լը Պոն) հաճելի, թելադրիչ ընթերցում մըն է, երբեք՝ հոգեբանութիւն ։ Հակասութիւններու սա թուումը երկար էր։ Արտաշէս Յարութիւնեան կը սիրէր կարդալ Նիցչէն, բրուսականութեան անողոք առաքեալը, որմէ թերեւս կը սերին երկու համաշխարհիկ պատերազմները մղել յօժարող սերունդները։ Նիցչէէն Արտաշէս Յարութիւնեան կը սիրէր մտածման սրութիւնը, պարագայական ուժը, կարգի ու ամբողջութեան հանդէպ արհամարհանքը, ներշնչեալի անպատասխանատու ապերասանութիւնը. բոլորը մէկ լայնօրէն պաշտպանուած արտայայտութեան ամենէն քաղցր, տպաւորիչ, ամուր շնորհներով։ Անշուշտ անհաղորդ չէր /156/ այս մարդուն եւ նմաններուն մօտ մտածման արարքին այլապէս իրաւ, գրականէն բոլորովին տարբեր իրողութեան։ Բայց ո՛չ իր կանխապատրաստութիւնը, ո՛չ ալ ինքնակրթութիւնը պիտի բաւէին իրեն մտածման ընդարձակ աշխարհը արկածախնդրել։ Չշփոթեց իմաստասիրութիւնը իմաստի հանդէպ ջերմ հետաքրքրութեան մը հետ։ Բոլորովին տարբեր կրթանքներ են։ Համեստ էր, հասկնալու չափ իրեն ներելի վայելքներուն տարողութիւնը։ Ատով էր, որ չնմանեցաւ Ռ. Պէրպէրեանին, որ փիլիսոփայութեան առձեռններու (traité) դասախօսութիւնը պիտի ջանար արժեւորել իմաստասիրելու արարքին փառքովը. Եղիշէ Դուրեանին, որ Պէրպէրեանէն ետք նման գիրքեր գործածեց ու իմաստասիրութեան պատմութիւնը փորձեց բարձրացնել իմաստասիրելու արարքին. Տիրան Չրաքեանին, որ դասերէ իր ուղեղին կառչած իմաստի գրութիւններուն վրայ այնքան անազնիւ կերպով շահադիտումներ փորձեց… Այս անունները անոր համար, վասնզի Արտաշէս Յարութիւնեանի ընթերցումները ընտրուած էին առօրեային համար։ Խելացի մարդու իր իւրացումները ան գործածեց գրականութեան, ըստ ամենայնի նմանելով Կուրմոնին, որուն գործէն դրութիւն մը չանջատուիր, բայց որուն մէջ իմաստին բոլոր երանգները իրենց հակազդեցութիւնները ունէին։

 

« Մոխիր եւ մախր », « Թափառումներ եւ հակասութիւններ » իրմէ հաճոյքով եւ լրջութեամբ գործածուած խորագիրներ են, որոնց տակ ան զգացական տպաւորապաշտութեան քիչիկ մը ընդհանրացած ու տժգունած հասարակ տեղիքը պիտի փորձէր գունաւորել իմացական տպաւորապաշտութեան բաղդատաբար քիչ մաշած, մեր մէջ գրեթէ նորութիւն նկատուող խառնուրդով մը։ Ինք կը հաւատար այդ նօթերուն տարողութեան, բայց կը մերժէր անոնց մէջ հրապարակէն փրփրացուած իմաստասիրականը, թէ եւ իր քննադատ–գեղեցկագէտ գրողի վարկը ըլլար պարտական այս շշուկներուն։ Նահատակ Գրագէտներու Բարեկամներու կողմէ հրատարակուած հատորին մէջ վերնագիրը վերածուած է « Իմաստասիրական »ի, քիչիկ մը մեծարելի ընելու չափ անոր անտիպները [1], որոնք կը պատկանին գրական նոյն ե/157/ղանակին, որ սխալ չըլլար որակել իմացական տպաւորապաշտութիւն։ Ըսի, թէ չէր ուզած կամ կրցած կարդալ Պերկսոնը, հակառակ համաշխարհիկ փառքին, որով պատմուճանուած էր Elan vital–ի, մտատեսութեան (intuition) ջերմաշունչ մարգարէն, որ իմաստասիրական մեծ գրութիւններու ալ ապայժմէ արկածախնդրութիւնը պիտի փորձէր նորոգել, մտածման արարքը ազատագրել գրականութենէն, լրագրութենէն, ուսուցողական թշուառութենէն։ Ո՛չ մէկ իմաստասիրական դպրոց, իբր այդ, չէր նուաճուած Արտաշէսէն։ Իմացական pointillisme–ը սակայն չմնաց իր հասողութեան մօտիկ։ Մեր հրապարակին համար մտածելու արարքը հոմանիշ էր բարոյախօսելու, վարժապետելու կամ գիտցածն ու չգիտցածը մթին փաթաթներով զգեստաւորուած հրապարակ նետելու։ Ռոպէրթ գոլէճի /158/ ուսուցիչներ, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, ասոր հետքերուն վրայէն Տիրան Չրաքեան կը նկատուին պատասխանատու սա զառածումին։ 1900–ի մեր մտայնութիւնն ալ քիչ դեր չունեցաւ։ 1885–ին գրագէտները պարկեշտ էին, իրենց տպաւորութիւններուն համար բաւ կը համարէին քրոնիկը։ 1900–ին ամենէն ողորմելի տաղաչափը գեղեցկագէտ մըն էր նոյն ատեն։ Թովմաս Թերզեան «Բազմավէպ»ի մէջ դէպի 1900, ստորագրած է գեղեցկագիտական յօդուածներու շարք մը, որոնց վրայ կ՚արժէ ծանրանալ իբր ճաշակի խաթարում։ Արտաշէս Յարութիւնեան շարժումէն տարուած, բայց միշտ իմաստուն, չկրկնեց ո՛չ Թերզեանի գրքունակ pédantisme–ը, ո՛չ ալ Չրաքեանի քիչիկ մը խարդաւանող խաղարկութիւնը։ Ո՛չ տափակ, ո՛չ ալ խաբեբայ, mystificateur: Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ բարիք բերաւ անկէ գրական մեր բարքերուն։ Չարիքը, օրինակ՝ ծառայելն էր բոլոր տաղաչափներուն, լրագրողներուն, որոնք իրենց սովորական փառասիրութեանց վրայ նոր մըն ալ պիտի բարդէին մտածելու, դատելու, արժէքներ առաջարկելու, հանճարներ մունետիկելու այլապէս նախանձելի դերը։ Այս չարիքը մատի չեմ փաթթեր։ Բայց Ենովք Արմէն մը (իր անհուն յաւակնութիւններով) կու գայ Ա. Յարութիւնեանէն, թէեւ քսուած ըլլար Ռոպէրթ գոլէճի հոգեբանական կուռքերուն։

 

Արտաշէս Յարութիւնեանի մէջ մտածող մը դժուար է ընդունիլ, բայց նոյնքան որոշ է, որ «Մոխիր եւ մախր»ը գրական–իմացական ձգտումներու խառնուրդ մըն է։ Ինծի կը ներեմ մալկարացի գրագէտը ամենէն աւելի հոդ արժեւորել փորձել վստահ ըլլալով, որ եւ ընդառաջեմ իր ալ փափաքներուն։ Իր բանաստեղծութիւնը անկարելի էր այդտեղ. տեսանք ատիկա։ Իր գեղարուեստագէտ-քննադատի վարկը խնդրական է շատ մը տեսակէտներով, պիտի տեսնէք ատիկա ալ։ Կը մնայ ինծի փունջը այդ նիհար էջերուն, որոնց արժէքը, գէթ միջին, ժամանակին հետ ուղիղ համեմատելով հանդերձ, այսօր ալ կը պահէ որոշ շահեկանութիւն։ Կարդացէ՛ք Եղիայի « Կատուի մը յուշագիրքը », համոզուելու համար փոփոխութեան, որ տասը-քսան տարին կատարած է մեր մէջ, իմաստին հանդէպ մեր կեցուածքը առնուազն ազատագրելով սա բանդագուշանքէն, բաջաղանքէն։ Արտաշէս Յարութիւնեան խաչագող մը, մունետիկ մը, խաբեբայ մը չէ, ո՛չ ալ երկրորդական վարժարանի մէջ իմաստասիրութեան աթոռի մը վրայ վարժապետ, որ տխուր դերը ստանձնած ըլլայ ուրիշներուն մտածողութիւնը պատանիներու ձանձրոյթին վրայ դիզելու։ Իր հաշւոյն ան մտածած է իր ժամանակին քանի մը կարեւոր հարցերը, /159/ ընդհանրապէս գրականութեան պարունակէն, ու այդ մտածումները, միշտ առանց յաւակնութեան, դրած է թուղթին։ Մեր չտեսութիւնը, այդ արարքէն (հիմնովին պարկեշտ) պիտի ստեղծէր գեղեցկագէտը, քննադատը:

 

Ահա՛ մէկ–երկու ցուցմունքներ:

ա. Արտաշէս Յարութիւնեանի մտածումները փշրանքներ են. չարամիտ մը կրնար աւելցնել՝ փոշի մը մտածումներու (une poussière d՛idées), քիչիկ մը տարադէպ փութկոտութեամբ, նոյնիսկ անգթութեամբ անոնց վրայ պատշաճեցնելով ֆրանսական տարազը, որ չմշակուած, չճարտարապետուած, չամբողջացած ու ամէն բանի շուրջ թիթեռատիպ ոստոստումը յիշեցնող մտածման մոլութիւնը կը ձգտի պատկերել։ Չեմ կրնար Արտաշէսի մտածումները պաշտպանել, անոնց մէջ երբ չի տրուիր ինծի պատեհութիւն, երեւան բերելու անձնական փորձառութեան անծածկելի կնիքը։ Գիտենք, թէ ի՛նչ նեղ էին իր հոգիին համար գծուած շրջանակներուն խորը այդ աննշան գիւղաքաղաքին, ուր բարքերու աստիճանացոյցը ահաւոր իր օրէնքները կը պարտադրէր ամէնուն։ Դուք թերեւս սխալ դատեցիք Արտաշէսի լռին համակերպութիւնը, երբ ան իր սիրտը չվարանեցաւ զոհել տունին խաղաղութեան։ Հակառակը, կրնաք վստահ ըլլալ, կործանումը պիտի նշանակէր այդ նահապետական տունին։ Իրենց փափաքին հակառակ այդ տունին մէջ հարս մը ստոյգ մահն էր անոր հօրը, մօրը, քրոջը։ Ու մէկին զոհը երեքին փրկութեանը համար այսօր միայն սխալ կը հնչէ մեր ապերասան ախորժակներուն կիկլոնին մէջ։ Այս մէկ հատիկ օրինակը բաւ է իր բոլոր տրտմութիւնը, թշուառութիւնը ձեզի հասկնալի ընելու Արտաշէս Յարութիւնեանի մօտ փորձառութեան, անձնական ապրումին գինը կազմող մտածումներու պակասը։ Եւրոպայի, մանաւանդ Ռուսիոյ մէջ միջին գրագէտ մը, մինչեւ առաջին երիտասարդութիւն, անցած կ՚ըլլար աշխարհի յուսախաբութիւններէ, պատրանքների, քանի մը հեղ հիմնովին փոխած մորթը իր հոգիին, ճարած իրեն համար հաւասարակշռութիւն մը մարմինի եւ միտքի, բոլոր այս բարիքները գտնելով պատրաստ իր շուրջը, եթէ ոչ իր տունին խորը։ Արտաշէս Յարութիւնեան գիրքերու աշխարհ մը ունի իրեն տրամադրելի։ Ու ո՛չ մէկ արմանք՝ երբ իր մտածական փորձառութեանց պատգամները մեզի գան գիրքերու ճամբով։ Բայց թուղթին եւ միասին տարբերութիւնները չեմ խորանարդեր։ Քառասուն տարուայ արցունքներու բիւրեղացումն է Լա Ռոշֆուքոյի հատորը (Matières), աշխարհի ամենէն ընդարձակ ապա/160/րանքի մը հազարումէկ խորշերուն կամ դարպասներուն, դահլիճներուն ծիրանափայլ իրենց փթթումը ընող մեր կիրքերուն, մոլութեանց, քիչ անգամ արժանիքներուն։ Վերսալի պալատը մարդկութիւնն էր ամբողջ ԺԷ. դարուն։ Անոր ամենէն ականաւոր մեղքերուն հանդիսարանը։ Արտաշէսի գիւղը չենք կրնար բաղդատել արքայական ախոռներուն իսկ։ Այն ատե՞ն։ Իմ կարծիքով, գեղեցիկ բախտ մըն է անշուշտ, որ Արտաշէս ըլլայ խուսափած միւս տկարութենէն, տափակութենէն, յիմար յաւակնութենէն, որոնք կը պարզուին մեր երանելի մամուլին մէջ, հասարակ անպաճման, ամուլ որոճումի մը կերպարանքին տակ այս ու այն հարցերու շուրջ, ձեռնհաս հեղինակաւոր մարդոց կողմէ, լրջօրէն, հանգամանօրէն ուսումնասիրուած։ Մեր դրական, կրօնական, բանասիրական հանդէսներուն, նոյնիսկ պարբերաթերթերուն մէջ անոնք ո՛չ միայն հանդիպելի, այլ փնտռուած, փառաբանուած սխրանքներ էին։ 1900–ին, երբ Եղիան մտած էր յիմարանոց եւ Չրաքեան իր « Ներաշխարհ »ին հսկումին, այդ մարդիկը յաճախ համալսարանական [2], երբեմն թերաւարտ /161/ (որոնք կուսակցական ասպարէզին մէջ այդ թերին պիտի լրացնէին դէպի ամբողջական յիմարացումը, հեռուէն հեռու ողջունելով Փանջունիներու սերունդը), երբեմն ինքնաբոյս, որոնց ատիկա ներուած էր մեր մամուլին մէջ, ամենէն աւելի դժբախտները, անտանելի, յաւակնոտ, անմարսելի տեսաբանները պրոշիւրի փիլիսոփայութեան կամ յօդուածի, որոնք գրելու արուեստի մը գոյութիւնը կ՚անգիտէին կամաւոր սոփեստութեամբ մը, իրենց ահաւոր jargon-ը պաշտպանելու խուլ ալ բնազդով մը։ Այս դպրոցին ոսկեդարը կը զուգադիպի 1910–ին, Կովկասէն Պոլիս տեղափոխուած մատենաշարներով, Ժընեւին վկայեալ վարժապետներու ձգտումնապաշտ, յառաջապահ, արմատական ձաբռտուքներով, ճչան ու մեծամիտ, մանաւանդ թղթեղէնով, տարազով սպառազէն։ Արտաշէս Յարութիւնեան չէ ստորագրած հաչան, խուժ, touffu պրոշիւրներ ընկերաբանական այս ու այն հարցերու շուրջ, այս ու այն պրոպագանդիստին տեսութեանց իբր արձագանգ։ Չունի պատմափիլիսոփայական յօդուածներ թափօրելու մեղքը, մանաւանդ թարգմանութիւնները իբր հեղինակութիւն քշելու խաչագողական գռեհկութիւնը, երբ այնքան դիւրին էր այդ հարցերուն շուրջ առնուազն պարկեշտ փոխադրումներ կատարել, ընդհանրացնել՝ եւրոպական միտքը չարչարող ընկերային տագնապներու շուրջ, պատուական ուղեղներու առաջարկները, հատորիկ ձեւով մատուցուած երիտասարդութեան նկատառման։ Արտաշէս Յարութիւնեան չայցուեցաւ ալ մանկավարժական սնոտիքէն, որ լայնօրէն կը փռուէր աւելի քան մանկամիտ յօդուածներու ներսը (հիմա գիրքի է վերածուած այս անիմաստութիւնը), քանի որ ամենէն սպառուած ապրանքն էր անիկա, յաճախորդին ապահով (մեր թշուառ վարժապետներուն բանակը) ու ճարտարութեամբ ալ պաշտպանուած (ականջը խօսի Հինդլեանի, Մալաթեանի ու իրենց ձագուկներուն, « Կոչնակ »ի փրոֆէսէօրներուն, մանաւանդ 1900-1908–ի պարբերականներուն անկարելի փառքերուն, այսօր շքեղ մռայլութիւն)։ Բոլոր այս արդարացման խօսքերը Արտաշէս Յարութիւնեանի պարագային համար, կը մնան սակայն արդարացման խօսքեր։ Անպարտութիւնը իրաւ է, որ արժանիք մըն է, փաստ մը պարկեշտութեան, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս։ Այս ամէնը չեն արգիլեր, որ Արտաշէսի աֆորիզմները չըլլան փշրանքներ: Իր գիւղը, ասով իր մտքին պարտադրուած անխուսափելի անսուաղութիւնները չեն օգտագործելի իր չքմեղացման։ Ո՛չ ոք իրմէ կը պահանջէր թռուցիկ, հպանցիկ, առնուազն ուրուագրային իմաստութեան հանդէս մը։

/162/ բ— Խայտաբղետ են անոնք, արդիւնք ընթերցումներու, որոնք կու գան իմացական սուր, բայց ոչ լայն հետաքրքրութիւններէ ։ Երկրորդականաբար, այդ մտածումները կը դիմաւորեն անմիջական կարծիքներ, մեր գրական հրապարակին ուղղակի ծնունդ։ Այդ հաստատումներէն առաջինը կ՚ընեմ դարձեալ անձնական ծանօթութեան փաստերով։ Ըսեմ անմիջապէս, որ հակառակ իր շփացած լեզուին ու հովին, միտքով խորապէս պարկեշտ մարդ մըն էր ան։ Երբե՛ք չայցուեցաւ հմտութիւն ծախելու քիչ մը պատուելիական խանդէն, փառասիրութենէն, տրուած ըլլալով օրէնքը, որ մեզ պոռացող, ցուցադրող կ՚ընէ ամենէն աւելի մեր չունեցածը դիմացինին թելադրելու թաքուն տկարամտութեամբ։ Ան Mercure de France հանդէսին հիացող մըն էր ու հաւատարիմ բաժանորդ մը, դեռ առաջին երիտասարդութենէն։ Այդ հանդէսը կենդանի, հանրամատոյց, արդի հարցերը լայն խաւերու սեպհականութիւնը դարձնելու իր յաւակնութիւնը կարդարացնէր իր երկրորդ կէսովը, զոր յատկացուցած էր գրական (իր բոլոր ստորաբաժանումներով բանաստեղծական, վէպ, թատրոն, քննադատութիւն, գրական պատմութիւն եւ դէպքեր, հին գիրքերու վրայ նոր յայտնութիւններ եւ այլն) , գիտական (դարձեալ իր բոլոր տեսակներուն մէջ), իմաստասիրական (իր բոլոր դպրոցներուն հանդէպ տրամադրելի բաժիններով), պատմական, կրօնական, ֆոլքլորային, համաշխարհիկ գրական շարժումը արձագանգող բազմատեսակ կրթանքներում, այդ ամէնուն մասին ամիսը երկու անգամ մատուցանելով շատ ամփոփ տեղեկագիրներ։ Հմտութեան չբարձրացող, ոչ ալ լայնքի կամ խորութեան ձգտող սա աշխատանքին հաշուեկշիռը չէ, որ կը կատարեմ։ Կը հաստատեմ ուրիշ տեսակ մը չարիք, որ ամէն կրթանքի մէջ կը սպառնայ իրաւ հետաքրքրութեան, առձեռնով գոհացման քիչիկ մը հասկնալի մեղքին։

Հանգիտութիւնը Արտաշէս Յարութիւնեանի մտածողութեան սա ձգտումներուն հետ մի՛ փութաք տանիլ իր անխուսափելի հետեւանքներուն։ Անոր յիշողութիւնը անընդունակ էր ամբարման քաղքենի ախորժակին։ Հանդէսին quinzaine–ները մտադիր ընթերցումներ միայն կու տային անոր։ Անոր միւս կէսը յատկացուած էր քանի մը խոր ու լայն ուսումնասիրութեանց, բախտաւոր բառով մը՝ փորձերու (essais), որոնք նիւթը կա՛մ կը նորոգէին, կա՛մ կը սպառէին, միջազգային տարողութեամբ հրատապ հարցեր բոլորն ալ, որոնք թրքական գրաքննութեան կողմէ թապու կը մնային թրքական մամուլին (մէջն ըլլալով նաեւ մերը)։ Մարդկային էր, որ Արտաշէս Յարութիւնեան փորձուէր հանդէսին համայնագիտական ուղղութեամբ, քիչ մը շատ /163/ մատչելի թափանցող որեւէ իմացականութեան։ Իր աֆորիզմները ո՛չ միայն իբրեւ մտածման կաղապար, այլեւ խորք ու նիւթ, հետեւանքն են սա իրողութեան։ Ու ահա՛ դժբախտութիւնը։ Օտարներու մտածումները հարկադրաբար օտարներու կեանքին ցոլացումներն են առանձնաբար։ Անոնց ետին ամբողջ մարդկութիւնը շահագրգռող տարրերու գոյութիւնը ստիպողական չէ միշտ։ Արտաշէս իր աֆորիզմներուն համար իբր փթթումի parc (ածու) չէր կրնար ունենալ իր մտածումները, իր ժողովուրդին, որ այդ հարցերուն հանդէպ չէ յարդարուած, քանի որ իր օրերը կը կրեն կնիքը իր ճակատագրին։ (Գերութիւնը մտքի եւ մարմնի բացառիկ վիճակ է)։ Ու արեւմտահայ գրականութիւնը իր թեթեւութիւնը, ծանծաղութիւնը թերեւս կը պարտի այդ վիճակին։ Ուրկէ՞ պիտի ճարէր Յարութիւնեան նախանիւթը իր մտածումներուն, եթէ ոչ իր օրերուն մեր մէջ մշակուած դրա քննութենէն։ Այս ապրումներուն բիւրեղացումն ալ ան պարտաւոր էր իբր խմոր գործածել քննադատական իր ընդարձակ աշխատանքին, գիրքերու, անձերու վրայ իր նշմարները, տպաւորութիւնները որոշ չափով ամրացնելու։ Դէմքին, գլխուն գործունէութեան հետ զուգորդ գաղափարներ, այսպէս պաշտպանուած անոր թափանցումի եւ սեւեռումի շնորհներէն, իր քննադատականները կ՚ազատեն բառերու հանդէս մը ըլլալու անփառունակ բախտէն։ Աֆորիզմները, խայտաբղէտ, անյարիր, շատ մօտիկը կը կենան բառակոյտին, բայց չեն ենթարկուիլ մեղքին, որ տիրական է անոր տպաւորութեանց (արտաքին աշխարհէն, «Թափառումներ»ու ձեւով գրուածքներու մէջ այս տկարութիւնը սանձուած է կեանքի խորունկ բարիքով), արձակ քերթուածներու (որոնք առանձին իբր այդ մշակուելէ աւելի միջանցուած (intervalé) են արձակ էջերու), հեքիաթին մէջ։ Թէ այդ աֆորիզմները (անտիպները Ն. Գ. Բ. ի) բարիք մը կը բերեն իր վարկին կամ կը ծանրաբեռնեն անոր յիշատակը, հարց մըն է, որ անհատական ընթերցումով է պայմանաւոր։ Անոնք, որ այդ աֆորիզմները թելադրող իրողութիւնները կը ճանչնան իրենց հարազատ աշխարհին, աղբիւրներուն վրայ, պիտի տառապին մատուցուածին անբաւարարութեամբը, որ տառապանք է մանաւանդ արտայայտութեան անփութութեան մը գնով։ Ինչ որ գիրքի մը, անձի մը դէմ մեր ըսելիքները կը գունաւորէ, մեզի չի մնար հաւատարիմ գաղափարներու կամ հարցերու դէմ, որոնք մեր զգացական հասողութենէն դուրս են ընդհանրապէս։ Մարդերու դէմ մեր կռիւը կամ համակրանքը բաղդատելի չեն մտածումներու դէմ մեր ունենալիք կեցուածքին։ Այս է պատճառը թերեւս մեր չկամութեան։ Որքան ալ անարդար, յար/164/ձակում մը մարդոց վրայ մեզ միշտ տրամադիր կ՚ունենայ քան ժողովուրդներու դէմ։

 

Արտաշէս Յարութիւնեան ընդոծին գրագէտ մը չէ, որպէսզի իր արտայայտութիւնը ունենար իրեն պաշտպան։ Ան կազմութիւնն է կամքին ու մեր կարիքներուն։ Ու ոճի պակասը մանաւանդ իմացական կրկէսին վրայ մեզ կը հարուածէ։ Մենք այդ աֆորիզմներուն փայլատ, անկնիք ճշդութիւնը կամ աղաղակող հռետորութիւնը չէ, որ պիտի սերտենք։ Նրբամաղ (subtile) իր իմացականութիւնը չէ ջերմացած ներքին կիրքին, կեանքին, արիւնին զարկովը։ Սանկ ու նանկ նախադասութիւններու վստահած է Արտաշէս այդ մտածման փշրանքներուն բառերը։ Տեղ–տեղ անոնք քանի մը տողի խեղճուկ պատեանին մէջ խղդուելու չափ նեղ կ՚ապրին։ Ուրիշ տեղեր, մէկէ աւելի էջեր անոնց խտութիւնը ծանծաղութեան մէջ կ՚արժեզրկեն։ Այսպէս անհամաչափ, անգոյն, անձնականութեան տաք աւիւնէն ալ զուրկ, անոնք ասպարէզէն գիտուններու անկնիք լեզուն կը յիշեցնեն քիչ մը։ Տիրան Չրաքեանի « Ներաշխարհ »ն ալ լեցուն է սա խայտաբղետ փշրանքներով (մտածման)։ Ասոնց խորքէ անբաւարարութիւնը յաճախ գծած է սակայն ձեւի, արտայայտութեան հզօր անձնականութեամբ մը, պատրանք ստեղծելու չափ երբեմն ինքնատիպ։ Արտաշէս Յարութիւնեանի յուզած հարցերուն անծանօթներ ձրի, տառապագին ընթերցում մը պիտի ըլլան ըրած, քանի որ հասկնալու տագնապ մըն ալ պիտի բարդուի ոճի ձանձրոյթին վրայ։

 

Կարելի էր խօսիլ տակաւին խորքի անբաւարարութեան մը մասին, բայց ատիկա զգալի է ինքնին վերի ընդլայնումներէն։ Մեր հրապարակը զանոնք գտաւ իրենց այդ կերպարանքին տակ ու արժեւորեց ըստ իր ընկալչութեան աստիճանին։ Գեղեցկագէտի տիտղոս մը հաւանաբար կը մեկնի այդ փշրանքներուն թելադրած խորութեան պատրանքէն։ Բացի զգացական վրիպութիւններէն, մտածման միգամածը տարերային է ու նախնական։ Ատոնք իրենց լիութեան մէջ իմացական շքեղ տագնապներ են օրօրներու մօտ։ Ու մեր ընթերցողներէն անոնք, որ օտար լեզուի մը տէրն են, դժգոհութեամբ ուս պիտի թօթուեն սա փշուր-փշուր իմաստութեան դիմաց։ Եւ սակայն Արտաշէս Յարութիւնեան կը հաւատար խորապէս անոր արժէքին։ Չէ՞ որ Կուրմոնը այդ եղանակով յաջողած էր մտածման ամբողջ դրութիւն մը նետել ոտքի, մանաւանդ կար յապաղած գերփառքը Նիցչէի, որ կտոր–կտոր ընելով հանդերձ դարաւոր յղացքներ, իր գիրքերը սիրեր էր /165/ կազմել այդ տարտղնումին իսկ փոշիներէն։ Կայծկլտուն, բոցավառ մտածումը գերման քերթողին, ջերմ, ցոլացիկ իմաստութիւնը ֆրանսացի վերլուծողին դեր մը ունեցան սա պատրանքին մէջ։ Պէ՞տք է հաստատել այդ պատրանքը ու ծանրանալ մանաւանդ իր ազնիւ ճիգին, երբ այդ պատրանքը կը սնանի, միշտ արեւմտահայ գրականութեան մէջ, փառասէր, վարդապետամոլ, ունայնամիտ այն կեցուածքով, որ դպրոց էր կազմած Չերազէն, Եղիայէն, Պէրպէրեանէն իսկ, շարունակելու համար մինչեւ « Ներաշխարհ », Թէոդիկի « Տարեցոյց »ները, « Հայաստանի կոչնակ »ը։ Կը խորհիմ, թէ իր յիշատակը չեմ ըլլար անարգած, երբ սա չքմեղանքը, « մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց »ը կը ձգեմ ընթերցողին նկատառման։ Այդ կտորներուն մէջ ո՛չ մէկ վճռական կեցուածք, մեզ յուզող բոլոր հարցերուն համար։ Միակ հաստատումը տարակոյսն է, ամէն բանի հանդէպ զգուշաւոր հակազդեցութիւն մը, որ ինքնին անոր սա անձնականութեան ալ համապատասխան կեցուածք մը կ՚ըլլար տակաւ, տարիքին յառաջացման հետ ալ հաշտ։ Ն. Գ. Բ. ի հրատարակած հատորին 166–րդ էջը նախանիւթն է այն յօդուածին, որ լոյս տեսաւ « Ազատամարտ յաւելուած »ին մէջ, իբր սկիզբ մը իր գրական քրոնիկներուն եւ մշակուած իր կերպարանքին տակ, « Ազատամարտ »ի քրոնիկը անշուշտ աւելի չէ, քան սկզբնական նիւթը, իր պարունակած գաղափարներու մթերքին տեսակէտով. բայց կու տայ գոհացում մը, վասնզի լրագրական է։ Նորէն, անտիպներուն մէջ դիւրաւ կը զանցուի իմաստասիրականը, որ հասարակ անդաճմունք է բարձրագոյն խռովքներու, խորհուրդներու, տագնապներու շուրջ, « Գրականութիւն եւ գեղարուեստ »ը, ուր քննադատութեան մանրուք մը կը փորձուի սքողել քիչ մը շատ բառեր։ Բայց պարտաւոր ենք կանգ առնել « Մոխիր եւ մախր » անտիպին առջեւ։ Կարդացէ՛ք։

« Անհամար թերութիւններս, իմ ցաւալի անբաւականութիւններուս սայրասուր վիշտը կը տառապեցնէ զիս անդուլ։ Իմ անդարմանելի մարդկայնութիւնս՝ իմ անյուսութիւնս է։ Սարսափելի անկեղծութեամբ մը՝ ինքզինքս կը ճանչնամ, իմ անպէտ ոչնչութիւնս եւ անմխիթար կը մտմտամ »։

«ՄՈԽԻՐ ԵՒ ՄԱԽՐ» (անտիպ Ն. Գ. Բ. ի, էջ 177)։

 

Ընելով հանդերձ զեղչին բաժինը սա շրջուած հռետորութեան, ստիպուած եմ որոշ արժէք մը խոստովանիլ սա տողերուն, որոնք անշուշտ հսկայ ու յիմար փառասիրութեան մը անդրադարձը չեն։ Ար/166/տաշէս Յարութիւնեան տարիքին հետ հասած էր սա համեստութեան։ 1914–ի « Մեհեան »ին մէջ, նոյն անկեղծութեամբ, ան մեղադրանքի խօսքեր ունի իր սերունդին դէմ, որմէ խուսափած է անակնկալը, գրողի մը ամենէն ուշ շիջելի առաքինութիւնը։ Երիտասարդութեան խանդին սա նահանջը ան կը կարծէր դիմաւորել սա խոստովանութիւններով։ Այդ օրերէն երեսուն տարի ետք իմ գտածս մտածող Արտաշէսէն սա տառապագին complexe–ն է, իր լրումին չարժանացած միտքին ողբերգութիւնը։ Իբր այդ Արտաշէս Յարութիւնեանի էջերը կը վերածուին համեստ, իրաւ վկայութիւններու, ամէն անգամ որ զգացական կերպարանքով մը կը մատուցուին մեզի։ Ան այդ ատեններուն ինքզինքը կը պաշտպանէ արձակ–քերթուածին քառակոյտէն, կը ջերմանայ ու կը համակէ մեզ։

* * *

Ատեն է, որ զբաղիմ իր մեծագոյն տիտղոսովը, քննադատ [3] Յարութիւնեանով։

/167/ Արդարութիւն մը, իսկոյն, այդ տարազին տակ մեզի հասած գրական վաստակին հանդէպ։ Արտաշէս Յարութիւնեանի քերթուածները մեռեալ տարր են, մտածումները՝ իմաստի փշրանք։ Ու չեն կարդացուիր առաջինները։ Վերջիններուն որոշ շահեկանութիւնն ալ չեմ երաշխաւորեր։ Բայց չեն հինցած անոր քննադատականները ։ Ի՞նչպէս բացատրել այս տարօրինակութիւնը. կա՛մ այն է, որ մեր ախորժակները այդ կարգի ընթերցումներու մասին կը պահեն իրենց սրութիւնը, առանց տկարացման (թէեւ զուտ գրականութենէն դուրս այդ հետաքրքրութիւնը կը թուի կոտրած ըլլալ իր թափը) եւ կամ գրագէտը Արտաշէս Յարութիւնեանի մէջ այս մարզին վրայ ինքզինք իրագործած է, կարելի իրաւութեամբ։ Այս վարկածներին առաջինը չի պատկանիր գրականութեան պատմութեան։ Ճաշակներն ու նորոյթները թէեւ զօրաւոր ազդակներ, մեծ համադրումներու մէջ միայն իրենց բաղդատաբար ներելի մուտքը ունին։ 1900–ին ախորժակ մըն էր անշուշտ քննադատին պահածը մեր հրապարակին վրայ, բայց այդ հրապարակը նոյն ու աւելի հզօր ցանկութիւններ ունէր մտածման, վէպին, մանաւանդ պատմումին ու քերթուածին հանդէպ։ Արտաշէս Յարութիւնեան չէ պատմած կամ վիպած։ Բայց գոհացում տուած է միւս պահանջներուն։ Կը ծանրանամ քննադատ (հանգամանաւոր) Յարութիւնեանի վերլուծման։

 

Այդ աշխատանքը (քննադատի) անոր մօտ զգեցած է մէկէ աւելի երեսներ։ Երբեմն անիկա արեւմտահայ գրականութեան մէջ այնքան յարգի քրոնիկն է գրական իրողութեան(ց) շուրջ, զուարթ, սրամիտ, թթու, խածան, որոշ humeur-ով ու կանաչութեամբ (բառին տուէք ֆրանսերէն իր երանգը), հանդէսի մը 5-6 կամ 3-4 էջերը լեցնող, ազատ, ճիշդ ու ճիշդ խմբագրականի մը գնացքովը, թեթեւութեամբը, անիմաստութեամբը։ Երբեմն դիմանկար մըն է (ինք կը գրէ « գրական դիմաստուերներ »), արագ, պճլտուն գիծերով, ուր հեղի/168/նակի մը դէմքին հիմնական յատկանիշները ան ձգտած է սեւեռել դարձեալ խմբագրական, առօրեայ աշխոյժի մը մէջէն (նոր չէ անշուշտ սեռը [4] Անոր գրչին տակ պիտի երեւան տակաւին քիչ մը տխուր ալ պարտքեր, այս ու այն նանրամտութիւնը հարուածելու խստեռանդն պարտականութիւնը, որ իր կարգին կը վերածուի ուրիշ նանրամտութեան մը գրական վէճերն են անոնք, որոշ ջերմութեամբ, եռանդով ու շահեկանութեամբ։ Արտաշէս Յարութիւնեան հաւանաբար Չօպանեանէն ժառանգած է այդ տխրութիւնը իր վրան ըսուած ամէն խօսք, գովեստ թէ պարսաւ պարզելու կամ հարուածելու, աւելորդ դիւրազգածութեամբ մը, որ յաճախ մարդերը կը զառածէ ուղիղ դատաստանէն։ Ան ենթարկուած է բազմադիմի յարձակումներու, պոլսական լրագրութեան վարպետորդի աղուէսներուն կողմէ ու քաղաքացիական առաքինութիւն է ընդունած անոնց պատասխանել համապատասխան միջոցներով ու ոճով։ Իր քննադատի գործին մէջ այս մասը դադրած է ապրել, այսօր, ու ասիկա հասկնալի է անշուշտ։ Տակաւին կայ իր մեծ enquête–ը, վաղուան գրականութեան այն օրերուն հրատապ հարցին շուրջ, որով գրական տեսարանի մը դժուար վարկն ալ պիտի ապահովել։ Գրած է յառաջաբաններ ալ, քիչ–շատ ուշադրութիւն գրաւած անունի մը մէկ գործը կնքահայրելու, եթէ կը ներուի բառը։

Ընդարձակ զանազանութեամբ սա վաստակին ետին անտարակոյս, որ կայ իր ըրածը գիտցող մարդ մը: Հմտութիւն, թափանցում, /169/ դատում (այսինքն ասիկա ընելու ընդունակութիւն մը) նախապայմանները կը կազմեն քննադատական ամէն լուրջ աշխատանքի։ Խառնուածք, անձնականութիւն, կիրք, խանդ, գրելու ինքնատիպ առանձնախառնութիւն (իրն է բառը) երկրորդական նպաստներ են, բայց առաջիններուն չափ ու աւելի բարերար։ Մեր մէջ սա բաժանումները առանձին–առանձին չեն ներկայացուած։ Համբաւի հասած մեր հմուտ դատողները չեն կարդացուիր յաճախ (Վենետիկեան դպրոցի, ամերիկացի ուսուցչապետներու դատաստանները գրական երեւոյթներու շուրջ)։ Երկրորդական նպաստներու բարիքը երբեմն կը տարածենք, ծածկելու ճիգով նախապայմաններուն պակասաւոր տարողութիւնը։

ա. Հմտութիւն. տուի ձեզի իր իմացական աշխարհին գլխաւոր երեսները։ Քիչ, բայց լաւ կարդացող մարդ էր ան։ Դասական, պատմական, մշակութային մեծ կրթանքները մատչելի չէին եղած իրեն։ Իր դատողութիւնը կազմուած է սէմպոլիսթ դպրոցին հանդէսներուն եւ գիրքերուն մէջ։ Գաղտնիք չէ, որ բացի Կուրմոնէն, այդ դպրոցը չունեցաւ դատումի, համադրումի, կառուցումի եւ քանդումի առաջամարտիկ աշխատաւոր մը։ Սէմպոլիսթներէն առաջ վարդապետական, տոկմաթիք ինքնադատութիւնը Ֆ. Պրիւնըթիէրի, Է. Ֆակէի գաղափարապաշտ վերլուծումները սիրելի չեն եղած Արտաշէս Յարութիւնեանին, որ իր ընթերցումներուն ակօսովը հասած էր փրոֆէսէօրներու քննադատութեան հանդէպ որոշ արհամարհանքի։ Սէմպոլիսթներուն հետ եւ վերջ ան կարդացած էր մանաւանդ Ժիւլ լը Մեթրի եւ Անաթոլ Ֆրանսի ժամանակակից գործերու եւ կեանքին վրայ աշխոյժ, առատ, կենդանի քրոնիկները, ու իր հմտութիւնը, թէեւ գոյ, բայց կը պատուէր, կը սքօղուէր, թաթով ու ճաշակով։ Արտաքին պատրաստութեան սա թելադրանքները մի՛ արհամարհէք։ Եթէ Անաթոլ Ֆրանսը խոշոր հմուտ մըն էր, չէր այդ հմուտը Ժիւլ լա Ֆորկը: Ու Արտաշէս Յարութիւնեան արտօնուած կը զգար ինքզինք քիչ կարդալու։ Մեր գրականութեան համար հմտութեան հարցը կրթանք մը չէ։ Անիկա միջոցներու ու ժամանակի հարց մըն է, ամէն բանէ առաջ։ Արտաշէս Յարութիւնեան գիտէք, թէ ո՛ւր կ՚ապրէր։ Սխալի մէջ չեմ, եթէ ենթադրեմ, որ 1890–ին այդ գիւղաքաղաքին մէջ գիրքը Աստուածաշունչն էր ու իմացական սնունդը հաւանաբար օրաթերթը։ Գրաքննութեան խստութիւնները հայ ընթերցողին համար արգիլեալ գօտիի վերածած էին մեր հին մատենագրութիւնը ամբողջութեամբ, արեւելահայ գրականութիւնը դարձեալ ամբողջութեամբ, արեւմտահայ գրականութեան առաջին արդիւնքները, զար/170/թօնքի սերունդին եւ ռոմանթիքներու գործին ամենէն հիւթառատ մասերը։ Գիրքը, նոյնիսկ կրթական նախարարութեան արտօնութեան խոշոր փաստովը իր մուտքին, առանձին էջի վրայ, միշտ վտանգի դուռ մըն էր։ Գրագէտը կասկածներու տակ, ծանր ու մթին հսկողութեան մը ենթակայ, մանաւանդ կեդրոնէն հեռու, ուր պաշտօնեաներու աչալուրջ հայրենասիրութեան վարկ մըն էր խուզարկութիւնը, թուղթերու եւ գիրքերու ձերբակալումը, Պոլիս առաքումն « ի քննութիւն »։ Կը հասկցուի, թէ ինչո՛ւ Արտաշէս Յարութիւնեան չէ աւարտած իր պատրաստութիւնը, դատելու ասպարէզին համար։ Այս խրամատային հանգամանքը անգամ մը տեսանք իր մտքին կազմութեան մէջ, «ընդհանուրս», ինչպէս կ՚ըսեն։ Վիպասան մը պարտին տակն է իր սեռին ամբողջական շրջափոխութիւնը ճանչնալու, քերթող մը նմանապէս. բայց իւրաքանչիւրը իր կարգին կրնայ իրեն ներել պակասներ, իր մշակած սեռէն դուրս ծանօթութեանց։ Քննադա՞տը։ Խոշոր են ու ծանրածանր անոր պարտքերը։ Ան ստիպուած է գիտնալ ամէն բան, քանի որ իր պաշտօնն է խօսիլ ամէն բանի շուրջը (միշտ իմացական, գրական հարցերէ)։ Ըլլալ կարդացած ամէն բան, որ իր ժողովուրդին մտաւոր երկունքն է դարէ դար, ըլլալ ծանօթ միջազգային գրականութեան ամէն մեծ, յատկանշական գործերուն, ըլլալ նոյն ատեն մասնագիտացած մէկ–երկու կրթանքներու համար։ Արտաշէս Յարութիւնեան իբր բանաստեղծ չէր կրնար՝ անգիտանալ սեռին շրջափոխութիւնը. իբր քննադատ՝ այս կրթանքին ալ կեանքին մեծ կողմերը։ Ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը չէր ըրած սակայն։ Այս տեղեկութիւննե՞րը։ Բաւ են, բացատրելու համար անոր վերապահութիւնը, չըսելու համար արհամարհանքը ծանր հմտութեան ու ասոր պարտադրած բազմակողմանի պատրաստութեան դէմ։ Ինք չէր տառապեր Սենթ-Պէօվը կարդացած չըլլալուն, Թէնի արժեզրկումը կը շահագործէր, զայն կարդացած չըլլալու անպատեհութեան ընդդէմ։ Քննադատական դպրոցներու հանդէպ իր զգուշաւոր կեցուածքը թաքուն դրդապատճառ ունի սա թերին, խրամատները, որոնք կրնան պակսիլ, չըլլալ ոեւէ յամառ ընթերցողի մը կրթութեան մէջ, բայց ատով չեն ազատագրեր իմացականութեան խաղը, խոյանքը, թափանցումները։ Արտաշէս կը հաւատար քիչով իր քննադատի դերը կատարելու կարելիութեան մը։ Օրինակը կու գար իր անձէն։ Միւս կողմէ իրողութիւն էր այդ օրերուն, 1900–էն քիչ առաջ ու քիչ ետք, մեղրալուսինն էր տպաւորապաշտ քննադատութեան։ Սէմպոլիսթներուն, էսթեթներուն գրոհին տակ դատելու ամբարտակները ինկան գետին։ Բաղդատելու, լուսաւորելու, կարդալու տեղ /171/ վճռելու, պատգամելու, յոխորտալու նորութիւնն էր տիրականը։ Այդ կրթանքին համար անհրաժեշտը գիտնալը չէր, այլ տպաւորուիլը, այդ տպաւորութիւնները ձեւով տալու գրական նորմը։ Քննադատութիւնը հազիւ կը զատուէր լրագրութենէն, ո՛չ ալ՝ իր նիւթով։ Այլապէս կառուցման, մշակման, արտայայտումի կերպերը ամրապէս կը կրկնէին օրագրերու սիրական, ընթացիկ կերպերը։ Արտաշէս Յարութիւնեանի հմտութիւնը վար էր պոլսեցի միջին խմբագրողին ալ իմացական մթերքէն։ Եթէ երբեք պահեց իր վարկը իբրեւ քննադատ, ատիկա պարտական է ան իր երկրորդ տուրքին։

 

բ. Թափանցելու կարողութիւն, որ թէեւ ուղեղային գործողութիւն մը կը թուի առաջին ակնարկով, բայց տարբեր բան մը, դիտակ մը նոր զգայարանքին նուէր, քիչերու մօտ հաստատելի։ Անշուշտ ի վերջոյ իմացական ամէն գործունէութեան կեդրոնը ուղեղն է, բայց բնախօսութենէն սորված ենք արտուղեղային ալ գործունէութեան մեր մարմնին ներսերը։ Փոքր ուղեղներու լման դրութիւններ, որոնք որքան ալ ենթակայ կեդրոնին, կը պահեն սակայն սեպհական անկախութիւնը, մեր գիտակցութեան ետին մշշասքօղ ամբողջ մեր բուսային կեանքը ղեկավարող։ Թափանցումը առանձին զգայարանք մըն է։ Մարդերու վրայ գործադրուած պարագային, անիկա կ՚երաշխաւորէ գործօնութեան մեծ տիպարները, կացութիւններու եւ տագնապներու յարդարիչ անձնաւորութիւնները, դիւանագէտները, մեծ զօրավարները, առաքեալները ու աշխարհը վարող փոքրաթիւ բայց ամենազօր փաղանգը։ Գիրքերու վրայ գործադրում մը մեզ կրնայ բաւարարել, մեր առաջին իրաւունքին dessous–ները իջնելու արարքին մէջ։ Կան այն դատողները, որոնք քանի մը էջի վրայ իրենց տպաւորութիւնները կը յաջողին արձանագրել իրենցմէ ներս ու գրեթէ չեն սխալիր։ Այն կարողութեամբ օժտուած էր Արտաշէս Յարութիւնեան։ Հակառակ անկշիռ մարմինին, տպաւորութիւն կը ձգէր անպայման։ Իր ծանրութիւնը, հովը շատ ալ բարոյական կազմութեան մը չէին պարտական, իրենք զիրենք։ Անոնք կրնային գալ իր դէմինը կշռող մարդու վստահութենէ մը։ Այս ճանաչումը ան գործադրեց ահա գիրքերու մարզին վրայ։ Իր աշխատանքները քիչիկ մը մոգութեան մօտեցող մարզանքներու վրայ, մասնաւորապէս գրաճանաչութիւնը ձրի ժամավաճառութիւն մը չէին։ Ձեռագիրները կը թափանցէր ՝ անոնց տէրերը աւելի խոր ճանչնալու համար։ Յետոյ չէք մոռնար, որ իր թափանցումին դաշտը արեւմտահայ գրականութիւնն էր, ասոր ալ շատ սահմանափակ մէկ շրջանը, իր օրերուն լոյս տեսած գիր/172/քերու վրայ ընդհանրապէս։ Գալուստ Կոստանդեանի վրայ իր յօդուածը փաստ մըն է իր մտքին սա պարագայական տարողութեան։ Իզմիրցի գիտունը երեւոյթ մըն էր մեր գրականութեան համար, 1850–ին։ Բայց նոյն ատեն թանկագին նիւթ մը, որուն վրայ դժուար չէր ընդարձակ հարցեր զգալ ու արծարծել։ Իր ըրածը լրագրական հասարակ տեղիքն է։ Եղիայի վրայ իր յարձակողականէն ետք (1898, « Մասիս », Մ. Շամտանճեանի խմբագրութեամբ), 1902–ին « Արեւելեան մամուլ »ի մէջ նորոգուած essais–ն Արեւելեան մամուլ », 1902) անշուշտ հերքումը չէ առաջին ամբաստանութեան, բայց չէ նոյն ատեն Եղիա Տէմիրճիպաշեան գրական իրողութեան կարելի վերլուծումը [5] ։ Այն ատե՞ն։ Ինչպէ՞ս արժեւորել քրոնիկները, « Գրական դիմաստուերներ »ը, որոնք քանի մը բան են իր գրչին տակ։ Միտքս կու գան Տիգրան Արփիարեանի քրոնիկները, այդ տարիներուն։ Պատուական գրո՛ղը, որ իր վարած հանդէսները (գլխաւորաբար « Մասիս ») գիտէր իր ընթերցողներուն սիրելի ընել, ամենէն առաջ գրողներու ընտրութեամբ մը, երկրորդաբար ուղղելով անոնց արտայայտութիւնները, հոգ տանելով ո՛չ ոք ցաւցնել։ Բայց իր քրոնիկներուն մէջ կը սեւեռէր այդ անտեսանելի, գրեթէ հազիւ գուշակելի ռազմախաղերուն ընդմէջէն, նաեւ շրջանին ամենէն ցայտուն նկարագիրները։ Ու այս ամէնը առանց հովի, ցոյցի, շարլաթան հպարտութեան։ Արտաշէս Յարութիւնեան, հասկնալի է, որ ըլլար զուրկ պոլսական սա politique–էն, ու ըլլար իր գիւղին հարազատ մարդը, պոռալով, կանչելով, պէտք եղած տեղն ալ հայհոյելով։ Միտքս կու գայ Արշակ Չօպանեանը, իր յաւակնոտ ուսումնասիրութիւններով, քննադատութիւն որակուած աշխատանքին վրայ իր լայն վստահութեամբը, գրագէտներու ամբողջական նկարներով, զորս յետոյ գիր/173/քի պիտի անցընէր « Դէմքեր » յատկանշական տիտղոսին տակ։ Արշակ Չօպանեան գրական իրողութեան, արուեստի եւ գաղափարներու շարժումին մէջ ինքզինք կ՚ախորժէր մասնաւորելէ։ Իր քրոնիկները կը կազմեն, շատ քիչ ընդմիջումներով, մեր իմացական կեանքին համայնագիտարանը։ Իր « Դէմքեր »ը, առաւելապէս գրական յօրինումներ, նոյն ատեն մեր մտքին պատմութեան համար թանկագին վկայութիւններ են։ Ու հարցուցէ՛ք դուք ձեզի, թէ ինչի՞ պիտի ծառայեն « Գրական դիմաստուերներ »ը սանկ քառորդ դար յետոյ սա տողերուն գրութեան թուականէն։ Ու աւելի խիստ պահանջկոտութեամբ մը, պիտի կրնա՞ք գրականութեան սեպհականութիւնը դարձնել անոր գրական քրոնիկները։ Կը կասկածիմ։

Կը յիշեմ տեղ մը կարդացած ըլլալ (թերեւս Թիպոտէի մէջ) քննադատութեան մասին յատկանշական կարծիք մը։ Ֆրանսացիներուն տպաւորապաշտ, սկեպտիկ, քննադատութիւնը լրջացնող, խոր ու իրաւ ու արգասաբեր հմտութեան ենթարկող քննադատը կը կարծէ, թէ գրական քննադատութիւնը գոյութեան իրաւունք չունի բացի այն պարագայէն, երբ դիրքերու եւ ասոնց գործաւորներուն նկարագրական պատմութիւնը կ՚ընէ։ Ունի այս վարկածին համար փաստերը մեծ կործանումներու։ Արդարեւ, 1840–ի մեծագոյն դատողը, Վիլմէն, 1880–ին հանուած էր, վտարուած էր գրականութեան պատմութենէն, որովհետեւ դատած էր գերմաններէն եկած օրէնքներէն աւելի ԺԸ. դարու ճաշակներուն ճնշումին տակ։ 1850–էն ետք Թէնի եւ Սէնթ–Պէօվի դպրոցներուն բախտը ուրիշ փաստ։ Թէն Հեկէլեան տիալէքթիքը գործադրած էր արուեստներու իմաստասիրութեան մը կերտումին (Philosophie de l՛art) ու գուշակած պատմական–նկարագրական մեթոտը, բայց իր դատումները ենթարկած deterministe իմաստասիրութեան postulat–ներուն։ Այս որոշադրականութիւնը, մանաւանդ ոգեղէն իրականութեանց մէջ, յաճախ կը հերքուի։ Կեանքը, այսինքն զայն վարող ուժերը ոգին չեն սեղմուիր փորձանօթներու մէջ։ Տապալեցին սա յաւակնոտ վարդապետութիւնն ալ, հակառակ պատմական–նկարագրական տարրերու որոշ բարիքին, որ Թէնի հատորներուն մէջ կը մնայ բովանդակուած։ Խնայուած է Սէնթ–Պէօվը, որովհետեւ կը պատմէ ու կը նկարագրէ մարդերը եւ գործերը։ Այս անունները հոս աւելորդ չեմ նկատեր։ Արտաշէս Յարութիւնեանը չեմ զուգակշռեր Թէնին կամ Սէնթ–Պէօվին։ Իր « Դիմաստուերնե՞ր »ը։ Անշո՛ւշտ։ Անոնք գրագէտներն են ժողովուրդի մը, կէս դարու գրականութեան մը զանազան կողմերէն ու մշակոյթէն առանձնացած։ Չեմ դառնար Թիպոտէի տեսութեան։ Գրականութեան /174/ պատմութիւնը անշուշտ պատմութիւնն է գիրքերու։ Բայց ահա՛ վտանգը։ Այս գիրքերուն աւելի հարազատ պատմութիւնը մենք կը գտնենք մատենագիտութեան մէջ (կարդացէք Հ. Արսէն Ղազիկեանի փառաւոր հատորները)։ Ի՞նչ է ուրեմն գրականութեան պատմութիւնը։ Արտաշէս Յարութիւնեան լրագրէն անդին փառասիրութիւններ չէր ունեցած։ Այդ է պատճառը, որ ան ըլլայ զգուշացած մեծ համադրութիւններէ։ Ունէր թափանցումը արեւմտահայ գրականութեան ճիգին, ձգտումներուն, ստոյգ չափանիշեր արդ գրականութեան մէջ արժէքներ կշռելու։ Բայց մունետիկի, միջնորդի տրտում դերը մտքէն չանցուց ընդարձակել։ Վաղուան գրականութեան ելոյթը, իրմէ առաջ, ելոյթն է Խրիմեանի, Սրուանձտեանցի, որոնք խօսելէ, տեսաբանելէ աւելի ստեղծեցին։ Անոր գաղափարագրութիւնը մասամբ ըրաւ Արփիարեան։ Չօպանեան զայն հասկցած է ամբողջովին։ Հրանդ, Թլկատինցին, Զարդարեանը փաստացի կը ստեղծեն, երբ ինքը լրագրական յօդուածին կապերուն կը մնայ ենթակայ։ Երբ պարագայէն, օրէն, այժմ էականն ուզենք անջատել իր որեւէ քրոնիկը որ հոմանիշ է անոնց մէջ դիմացող, ուրիշ ժամանակներու, պարագաներու խօսող տարրերու հաստատումին պիտի վտանգենք անոր գոյութիւնն իսկ։ Այն միակ հարցը, ուր ան խորունկ ու ընդարձակ գաղափարներու կը ձգտի մօտենալ, վաղուան գրականութեան enquête–ն է։ Տուի անոր տարողութիւնը։ Արտաշէսը կարելի է հաշտեցնել մեր խստապահանջութեան, զայն զետեղելով ամրապէս իր շրջանին մէջ։ Բայց ատիկա ներելի է խոշոր տոյժով մը։ Իր ժամանակին միայն պատկանող գրագէտին ճակատագիրն է այդ ժամանակին հետ թաղուիլ հետախաղաղ։ Ըսի, թէ անոր « Դիմաստուերներ »ը կը կարդացուէին քառորդ դար յետոյ։ Բայց կրաւորական ընթերցումով մը, մեր հետաքրքրութեան խօսելու, մեզ մտածելու, խորանալու մղելու անկարող։ Հետեւա՞նքը սա յոգնութեան։ Լրագրութիւնը։ Աւելի՝ իր անամբողջութիւնը, որ հասարակաց էր իր իմացական գործունէութեան գրեթէ բոլոր միւս երեսներուն համար ալ, բայց տարբերութեամբ մը անբաւական քերթող մը, անամբողջ մտածող մը կ՚ըլլան հասկնալի, մա՛նաւանդ երբ կ՚առընթերադրուին իրաւ քերթողի մը, ամբողջ մտածողներու։ Բանաստեղծ Յարութիւնեանի վարկը տուժեց երբ Թէքէեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի քերթողութիւնները այնքան անդիմադրելի ուժգնութեամբ, գրաւչութեամբ իրենց կեանքը բերին մեր ճաշակներուն։ Անզուգական քերթողուհին ամենէն առաջ զգաց այդ կորուստին եղերական կշիռը։ Արտաշէս ունէր ինքզինք մխիթարելու պատճառներ։ Քերթողներու սա փա/175/ղանգը զուրկ էր վաւերական մտածողէ մը։ 1910–ին մեզի կը պակսէր առնուազն քննադատը, որ ըլլար ընդունակ նոր կշիռներ գործածելու։ Պրոշիւրի գրականութեան, իմաստասիրութեան ասպետները, գլխաւորաբար արեւելահայ աղբիւրներէ ջուր խմող, ծիծաղելի ըրին իրենք զիրենք։ Արտաշէս համարձակած է դատել Վարանդեանի « Վերածնող հայրենիք »ը, գիրքին մէջ շօշափուած հարցերուն հանդէպ շատ իրաւ իր անբաւականութիւնը դարձեալ վեր դատելով գիրքին իսկ ողբալի միջակութենէն։ Վարժապետական, յառաջամարտիկ գաղափարաբանութեան ունայն յաւակնութիւններուն դէմ առնուազն վերապահ, լրագրական ճարտարութիւն մը կը պաշտպանէր իր դատումներուն միամիտ ապահովութիւնը։ Այն օրերուն « Ազատամարտ » օրաթերթին մէջ փորձը կը կատարուէր, Դարբինեանի գլխաւորութեամբ, մարքսիստ գեղեցկագիտութիւն մը ընդհանրացնելու։ Փորձը անիմաստութիւն մըն էր։ Արեւմտահայ գրականութիւնը բոլորովին տարբեր զգայութիւններու, հոգեվիճակներու արտայայտութիւն մըն էր ու իբր այդ կը մնար դուրս Դարբինեան եւ ընկերքի առաջարկած կշիռներէն։ Օրերն էին դարձեալ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան աքլորիկ տեսարաններուն։ Հրապարակին հետաքրքրութիւնները փոխած էին իրենց զառիթափը, առանց ստեղծած ըլլալու զինքը տեսաբանօրէն գոհացնող մունետիկները, պատրաստ դատողները վերացական իրենց փառքերուն։ Ի՛նչ արդարութիւն, որ Արտաշէս Յարութիւնեան, որ սանկ տասը տարի միահեծան շարժած էր քննադատութեան մականը, ստանար իր բեմը։ Յետոյ, քովն ի վեր սա թշուառութեանց, մարդիկ ականատես կ՚ըլլային ուրիշ ալ իրողութեանց։ Կամսարականի նախաձեռնութեամբ ի պատիւ Շիրվանզադէի կազմուած հատորին մէջ արեւմտահայ գրողներու բաւական մեծ թիւ մը ստորագրած էր քննադատական բաւական ամուր գրուածքներ: Արտաշէս Յարութիւնեան, իբրեւ դատող, վար չէր անշուշտ ո՛չ Չէօկիւրեանէն, ո՛չ ալ Չրաքեանէն։ Աւելի՛ն. 1905–էն գրական եղելութիւն իբրեւ ողջունուած քննադատականները նոյն այդ Արտաշէս Յարութիւնեանէն հասարակ, անյարիր, անամբողջ տպաւորութեանց խուրձեր էին, բաղդատուած 1900–էն ետք անկէ ստորագրուած ողջամիտ, բարեկիրթ (courtois), առնուազն լաւ դարձուած (bien tourné) գրութիւններուն « Ազատամարտ »ի յաւելուածին, « Բիւզանդիոն »ի, « Շանթ »ի մէջ։ Այս յապաղած հասունութիւնը կը բախէր սակայն ընթերցող հասարակութեան մը, որ տարօրէն հեռու կը զգար ինքզինք իմաստուն խօսքերէ։ Նոր հասնող սերունդը ծարաւն ունէր հաստատ գիտութեան, ընկերաբանական դրութիւննե/176/րու շուրջ համայնագիտական հասարակ խօսքին։ Յիշեցի « Վերածնող հայրենիք »ը, պարտաւոր եմ յիշել նաեւ նոյն վարժապետէն « Կրօն եւ գիտութիւն »ը, մանաւանդ « Հոսանքներ »ը, գիրք մը, որ մինչեւ այսօր ալ իր անունին հմայքը, առասպել, շարունակած է պահել միշտ միամիտ մարդոց ներսը։ Արտաշէս Յարութիւնեան ատենը չունէր ինքզինք նորոգելու։ Ըսի, թէ ի՛նչ կարծէին իր վերջին երկու գրութիւնները « Մեհեան » հանդէսին, որոնք անոր մտքին լաւագոյն արդիւնքները կը նկատեմ։ Բայց ահա՛ ողբերգականը։ Մարդիկ կը կարդային Արտաշէսը բայց կը խենթենային կայծկլտուն, շրջուած հռետորութեամբ մը ու նորաջրդեղ պատկերներու առատութեամբ ուշագրաւ Կոստան Զարեանի չեմ ըսեր եղջերուաքաղին, այլ թխածոյ յօրինումներուն վրայ։ Ու արդարութիւն է խոստովանիլ, որ նախասահմանադրական իր կաֆերը, սխալները (կշիռքէ), կիրքերը, անպատասխանատու պատգամներուն մեղքը գրեթէ գնած է այդ յետսահմանադրական քանի մը տարիներու թափանցող, որոշ արդարութեամբ արժանաւոր գործունէութեամբ մը։ Ան գրած է խանդով, խելքով, որոշ ալ humeur-ով, բայց մա՛նաւանդ գրական իրողութեան (fait littéraire) շուրջ մեր հրապարակին համար բաւարար ձեռնհասութեամբ մը։ Ռուբէն Զարդարեան հիացումով խօսեր էր Աւետիք Իսահակեանի մէկ պրոշիւր քերթուածին վրայ Աբուլալա Մահարի »)։ Արտաշէս հրապարակ չդրաւ իր դատաստանը, բայց ինծի հետ էր զայն ուրանալու անկեղծութեան մէջ։ Այս ամէնը կը գրեմ քննադատի անոր վարկը « իր հրապարակին » համար արժեւորելու։ Այն պարագային, որ անհաւանական բարիք մը վերջ ի վերջոյ ազատագրէ քննադատութիւն որակուած լրագրութիւնը, զայն վերածելու համար գրական ստեղծագործութեան մը իրաւ իմաստին։ Արտաշէս Յարութիւնեան պիտի կրնա՞յ, իբրեւ քննադատ օգտուիլ անկէ։ Հո՛ս է, որ կը կասկածիմ։ Ան միամիտ էր եղած իր թափանցումը, հոգեկան իր պզտիկ ճանաչողութիւնը (զոր կը հաւատար ժառանգած ըլլալ կրաֆոլոժիէն ), մանաւանդ ոճի տուրքը (գրել գիտնալու նախնական պարտքը) բաւ համարելու ու չէր անդրադարձած Կուրմոնի մեթոտին գաղտ բարիքին, որ Սէնթ–Պէօվէն կտակուած լեցուիլն է, բայց յորդելու աստիճան դատման առարկայէն, նիւթէն, գրողներէն ու շրջաններէն ինչ որ մեր լեզուով կը թարգմանուի շատ–շատ գիտնալ, բառերէն ու փաթաթէն խզտուած քիչ մը իրաւը նուաճելու համար։ Աւելո՞րդ է հոս անգամ մըն ալ յիշեցնել, որ տպաւորապաշտ քննադատութիւնը գրեթէ միշտ կ՚ապաստանի տպաւորութեանց, որոնք մարդկային ամէն ապրումները նման ենթակայ են հազար ու մէկ /177/ հաշիւներու, ընկալչութեան աստիճաններու, կարճ՝ affectif մեր աշխարհին խուլ, հզօր, աննահանջ ցուցմունքներուն։ Դատումը իմացական արարք մըն է ու իբր այդ միշտ կը տառապի մեր զգայնութեան միջամխումներէն։ Դարձեալ, պէտք է յիշեցնել, որ առարկայական որակուած քննադատութիւնն ալ կռնակը կու տայ հաստատ օրէնքներու, սանկ քանի մը հազար տարիներու ծանրութեամբը ու չի կասկածիր, որ արուեստը կեանքն իսկ ըլլալով, հերքումն է ոչ–կեանքին, այսինքն գիտութեան, ամրախարիսխ, անփոփոխ սկզբունքներու։ Ընթերցողը կը զգայ, թէ ո՞ւր է տկար կէտը ամէն քննադատութեան։ Պէտք է դառնալ պատմական քննադատութեան (չեմ ակնարկեր ֆերմաններով ընդհանրացած ու առաւել չափով բնագրային, բանասիրական, քիչիկ մըն ալ բարուական, յեղաշրջական դպրոցին, որուն տկար, անճաշակ մէկ կերպարանքը դժուար չէ գտնել Վենետիկեան Մխիթարեան հայրերու դպրոցին գործունէութեան մէջ)։ Թիպոտէի հասկացողութեան մէջ պատմումը նկարագրական վերարտադրութիւնն է գործին ներքին ու արտաքին աշխարհներուն, ինչպէս կարելի, համոզիչ, կենդանի ոգեկոչումը անոր հեղինակին, ամենէն առաջ իբր սովորական մարդ մը, ինք իր ջիղերուն ու միտքին մեծ ցուցմունքներուն ենթակայ, երկրորդաբար զինք շրջապատող իմացական, հոգեկան, նոյնիսկ ընկերային խոշոր պայմաններուն, այսինքն իբր գրագէտ։ Արտաշէս Յարութիւնեան իր գլխուն բարձ ունէր Կուրմոնի « Գրական պտոյտներ »ը (Promenades littéraires): Բայց տարօրինակը ա՛յն էր, որ ահաւոր խորութեամբ հմտութեան ծովէ մը ճարուած մարգարիտ այդ փոքր կառոյցները Արտաշէս Յարութիւնեան կ՚օգտագործէր մեր գրականութեան համար իբր տպաւորուելու կերպեր ու չէր զգար պէտքը զանազանութիւն մը դնելու ընդմէջ այն միւս ալ քրոնիկներուն, զորս (Ժիւլ լը Մեթր) մանաւանդ Անաթոլ Ֆրանս կը ստորագրէր «La revue littéraire» ընդհանուր տիտղոսին տակ, օրաթերթերու կամ հանդէսներու արջառին իբր հաճելի խար ու դարման։ « Թայիս »ի հեղինակն ալ ունէր հինգ հատոր քրոնիկ, գրական աշխարհէն, որոնց մէջ ան կ՚արտայայտէր ի տպաւորապաշտ եղանակը շնորհագեղ, ճկուն, տարօրէն պայծառ իր ոճին բարիքներովը, մտքէ չանցընելով մտահոգուիլ աւելիով, այսինքն մտածման, իրաւ ապրումին տարրերով, ամէն մէկ յօդուածէ ներս։ Գոհ էր ան, եթէ երբեք իր թերթօնը դիւրամարս, իր սրամտութիւնը՝ ծորուն, իր դատումը ըրած ըլլար պայծառ։ Բայց Արտաշէս Յարութիւնեան հիացում ունէր մանաւանդ Կուրմոնի կերպին վրայ, այնքան որ չէր վարանած թարգմանելու անոր Les mas/178/ques-ը, « Դիմակները », որոնք խորունկ էջեր են լայն հմտութեան մէջ հասունցած, բայց արագ, շողարձակ (flamboyant) գործադրութեամբ մը արտայայտման, լեցուն՝ գրական իրողութիւնները ամէն կողմէ սեղմող ու անհատները նուաճող տիրական տարրերով։ Արտաշէս Յարութիւնեան զուրկ էր ժամադրութեան շնորհէն։ Յետոյ, պէտք է ըսել վերջապէս իրական վերադարձը սա աշխատութեան, որ լրագրութիւնն է անպայման։ Շատ մը տեղեր ան չէ վախցած յարձակելէ այդ լրագրութեան վրայ, անշուշտ չկասկածելով, որ ուրիշ բան չէր իր ըրածը։ « Գրական դէմքեր », « Դիմաստուերներ », « Քրոնիկ » տիտղոսներուն տակ ան շօշափած է, լրագրական ախորժակներով ու հերոսութեամբ մեր հրապարակին, մանաւանդ հանդէսներուն վարիչներուն փափաքները, այսինքն նորութիւնը, որ ընդարձակ ծիրով մը կը ներկայանայ իր նկատառման եւ Պետրոս Վանքեան անունով եպիսկոպոս մը դէմք է, վասնզի Ռոտոսթոյէն իբր առաջնորդ Մալկարա այցելած է։ Արտաշէս Յարութիւնեան չի փախցներ առիթը այդ մարդուկին նուիրելու 4-5 ութածալ էջեր, որոնք փայլուն լրագրութիւն ալ չեն, չըլլալէ զատ գրականութիւն, վանքին եպիսկոպոսին այդ աշխարհին հիմնական օտարութեամբը պայմանաւոր։ Ի՞նչպէս որակել այս արարքը։ Ընդարձակել վերլուծումին ծիրը, անկէ ներս առնելու համար շրջանին յատկանշական անձնաւորութիւնները, ինչպէս ըրած է Սէնթ-Պէօվ, չարդարանար անով, որ դիմանկարուած անձնաւորութիւնները անբաւարար են այդ տեսակ մտահոգութեան մը բարիքին։ Դարձեալ, Մուշեղ եպիսկոպոս մը ոճի անստգիւտ վարպետ մը կը հռչակուի իր գրչին տակ։ Սա սրբապղծութիւնը գիտակցակա՞ն է, թէ անպատասխանատու շողում մը։ Հարցուցէ՛ք ու անցէ՛ք։ Անմոռանալի է մանաւանդ յառաջաբանը « Միամիտի մը արկածները » հռչակաւոր թացիկութեան, ուր շռայլուած գովեստին սաստկութիւնը զայրացման կը փոխուի ընթերցողին մէջ, գործին խեղճութեան հսկայ ճնշումէն աւելի, դատումի պատրուակին տակ սա քներգուած կեղծիքին առջեւ։ Եւ սակայն, կը կրկնեմ, պարկեշտ մարդ մըն էր ան, չըսելու համար անկաշառ։ Դատումի վրիպանքները անխուսափելի էին այդ օրերուն, այդ մտայնութեանց ու իրեն տրամադրուած պայմաններով։ Չեմ ուռեցներ գրական իր չափերը։ Եթէ Մկրտիչ Աճէմեան մը անխառն բանաստեղծ կ՚որակուի անկէ, որովհետեւ արձակ չէ գրած մարդուկը, կը խորհիմ այդ անխառն բանաստեղծութիւնը, Վալերիով եւ Պրեմոնով աւելի վերջը օրուան նորութիւն, այդ օրերուն պոլսահայ դատողներու մտքին մէջ առհասարակ անկէ տարբեր բան մը չէր կրնար ըլլալ։ Եղիայի վրայ /178/ իր լուացողականէն խօսեցայ։ Մնաց, որ այդ ողջամիտ ու զգօն մարդը յաճախ զառածած է իր կիրքերով, ներելու աստիճան իրեն՝ գրել լեզու մը, զոր պիտի ամչնար խօսելու։ Կը պարծենայ, որ չէ հերքած ինքզինք։ Իր պայմաններով զարգացած դատողի մը համար անկարելի սա հաստատումը ամէն տարի հերքած է տարաբախտաբար։ Տուի Եղիայի վրայ իր essai–ին պարագան։ Դժուար է համառօտակի էջերու վերածել այդ դատումները, կարծիքները, պարսաւները, գնահատումները, ո՛չ անոր համար որ առատ են, խոր, խիտ են անոնք, այլ որովհետեւ տպաւորութիւններ են, կրուած համաձայն ընկալչական պայմաններու։ Տասնհինգ-քսան տարի Արտաշէս Յարութիւնեան ընկալեալ դատաւորն էր մեր գրականութեան։ Ու ահա արդիւնքը։ Մի՛ փորձէք տիտղոսը ծիծաղելի ընել։ Բայց մտքի բերէք մեր գրականութեան միւս պատգամախօսը։ Կու տամ անոր ալ անունը Արշակ Չօպանեան աւելի տարածուն դաշտով մը գործունէութեան, որ ըրաւ այդ աշխատանքը, թերեւս նոյն դժպհի պամաններու ճնշումին տակ, բայց դիմաւորեց դատումին տագնապը, կարելի անարդարութիւնները, օրագիրէն աւելի հանդիսական (հանդէսի վայել) մտահոգութեամբ, պարսաւի կամ գովեստի մէջ մշտական քնարերգութեան (lyrisme) ապաստանած։ Այս իմաստութիւնը անոր յաճախ բարիքներ բերաւ, մանաւանդ նոր ալ մեռած նշխարներու արժեւորման պահերուն ու առօրեայէն որոշ ալ անկախութիւն։ Գրական ուրիշ դպրոցի մը պետը չէր անշուշտ, երբ իր հետաքրքրութիւնները երկարեց դէպի միջնադար (վիեննացիները երկար ատեն զինք մեծարեցին ազգային բանասէր հզօր պատուանունով, առանց ուզելու թերեւս Չօպանեանի ճիտին կապելով մեղք մը, որմէ անմասն էր ան իր հայ էջերով, Մ. Պէշիկթաշլեանով, Քուչակով) ու նկարագիր ճարեց իր դատումներով։ Կրնաք այդ գիրքերու անուններուն հետ զուգորդ մտածումներ կազմել ձեր մտքին մէջ ու ըսել, որ Արշակ Չօպանեան, տպաւորապաշտ իր քրոնիկները եւ դէմքերու շուրջ ստուերագրութիւնները, որոնցմով կը հիմնէր մեր քննադատութիւնը, կանուխէն լքած է, կիրարկելու համար, իր ուժերուն եւ մեր ընկալչութեան չափով, պատմական քննադատութիւնը։ Պէտք է աւելցնել, որ կեանքի իր կերպը (եազմա չէ ծախած, թէկուզ անօթի, առնուազն երազած է), քաղաքակրթական մեծ ոստաններու մէջ իրեն տրամադրելի դիւրութիւնները կազմակերպած է ի հաշիւ իր աշխատանքին։ Որոշ հմտութիւնը, աղբիւրներու (նոյնիսկ ձեռագիր) հետ շփումը, բանասիրական եղանակին քիչ-քիչ մեր մէջ երեւան բերած. համբերատար պրպտումը, երբ կը միանան ոճին ալ ջերմութեամբը, /180/ որ անհրաժեշտ է այդ փոշիներու տակ սառած գեղեցկութիւնները տաքցնելու, կենագործելու, քիչ մը մեր ըրածը արուեստին շատ մօտիկ նուաճում մըն է, եթէ երբեք արուեստ իսկ չէ։ Զեղչեցէ՛ք Թէնի գործէն գիտական որոշադրութեան ծանր կնիքը, դուք կը կարդաք այդ էջերը իբրեւ արուեստի գործ, այնքան տաք է այդ աշխարհը կենագործող ոճը։ Արտաշէս Յարութիւնեան զուրկ չէր անշուշտ այդ ջերմութենէն, նոյնիսկ կիրքէն ոճի, թէ ըլլար զուրկ պրպտումէն, խորհրդածումին մեզի պարգեւած aisance–էն, նոյնիսկ ապահովութենէն երբ կը դատենք։ Էմիլ Վերհառնի վրայ իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ ան կարծես կը ձգտի հմտութեան հով մը զգալի ընել, չմտածելով, որ օտարներու գրականութեանց մէջ մեր հմտութիւնը աւելորդ պերճանք մըն է։ Չօպանեանէն ետք, Նաղաշ Յովնաթանի գործին առիթով ան փորձած է իր տպաւորութիւնները կազմակերպել, աշուղներու մեզի ձգած վաստակին վրայէն բարձրանալու համար հայ հոգիի մը պարագրկումին։ Հատուածական այս ջանքը դէպի համադրում շատ ուշ պիտի խանդավառէր զինք։ Ան զուրկ էր ծնած, հմտութեան կիրքէն դուրս, միտքի այն մասնայատուկ ալ յօրինուածքէն, որ յաւակնոտ տարազով մը կը կոչուի համադրող մտայնութիւն։ Ինչ տագնապ, որ Արտաշէս Յարութիւնեան ինքզինք ընդունէր իր չունեցածին պաշտպանութեանը մէջ, կարծէր խոյս տուած ըլլալ վերլուծումէն (իր դատելու, յօրինելու կերպերուն քիչ մը պատգամային, խիտ ու հակիրճ փաստերը հասկնալով իրենց իրողութեան հակադիր իմաստով մը։ Մարդիկ կը պատգամեն, երբ իրենք զիրենք ներշնչուած գիտեն, ու կարճ կը կապեն երբ քիչ գիտեն) ու ըրած ըլլալ համադրական յօրինում, նմանելու համար «Դիմակները» (Կուրմոն) անունով դատաստանումներուն։ Իրողութիւն է, որ մեր պատրանքները ոչ միայն կը վարեն մեզ, այլեւ կ՚երջանկացնեն։ Երբ Չօպանեանի քննադատական վաստակը կ՚անցընէք աչքէ, հետզհետէ ձեր մէջ կը նստին բարակ բիւրեղներ, կազմելու համար ամբողջական տպաւորութիւն, համապատկեր մը այն սկզբնական մտավիճակին, որ յատակ կը ծառայէ այդ գործին։ Արշակ Չօպանեան սպասարկուն է այդ կանխակազմ գաղափարներու ապացուցման։ Ունէր իր թեզերը [6], որոնց պաշտպանութեանը ծառայեցուց իր վերլուծումները ինչ որ կը նշանակէ համադրումի երթալ։ Այս կանխատրամադրութիւնները ան պիտի ունենար ամէն մէկ հատորի համար։

/181/ Արդիւնքը այն եղաւ որ, օրինակի մը համար, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի վրայ իր գիրքը առնուազն պատմական համապատկեր, եթէ ո՛չ համադրական տախտակներ կը վերբերէր, որոնք պիտի ապրին նոյնիսկ այն պարագային, երբ գրական մարդը (այսինքն քննադատական գաճէ զարդարանքները) փշրուի ժամանակի ընթացքին։ Գործի մը մեր զգայնութեան խօսող տարրերը հազուադէպ, դժուար բարիքներ են, որոնք մեզի կու գան միայն ու միայն վաւերական խառնուածքներէ, դուք սրբագրեցէ՛ք՝ տաղանդէ։ Գործի մը ուղեղին, ասկէ ալ մեր յօդուածներուն անդրադարձող տպաւորութիւններու ոստայնը կրնայ ծնունդ տալ հաճ զգացումներու։ Միտքին պարտքն է պատրել ։ Բայց ինչպէս որ Արտաշէս Յարութիւնեան խոստովանած է տեղ մը, այդ ինքնապատրումը, այնքան անհրաժեշտ ստեղծումը բոլոր տագնապներուն կը փարատի, մեզ ձգելով լքուն, յուսահատ մեղմ է։ Ասիկա իր գրածէն դժգոհ մարդու տագնապ մը չէ սակայն։ Կը զգանք այդ արարքին ամբողջ ծանրութիւնը, երբ ստեղծումին հուրքը հանգած է մեր ներսը։ Կարդացէ՛ք Արտաշէս Յարութիւնեանի քննադատական ամենէն լուրջ, յաջող, տաք, փառաբանուած յօդուածները, « Դիմաստուերներ »ու կալուածէն։ Ձեր գտնելիքը, մա՛նաւանդ, առաջին ընթերցումին, հանդէս մըն է տպաւորութեանց, որոշ կնիքով, բայց ծփուն, տարտամ, համով, փոխնիփոխ անուշէն մինչեւ կծու ու անիրաւ ծաղրը, շատ բարեկիրթ թոնէն մինչեւ ամենաբիրտ, չըսելու համար գռեհիկ լուտանքը։ Նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ, սա տպաւորութիւնները մեզ կը շահագրգռեն, քանի որ մեր զգայնութեան կ՚անդրադառնան։ Բայց այդպէս չէ պարագան, երբ ան կը փորձէ գործածել իր իմացականութիւնը։ Այդ ատեն է, որ մեր միտքը կը դժուարի հետեւիլ գովեստին կամ պարսաւին, այս կամ այն գործի հասցէին։ Ո՞ր սատանան թելադրեց զինք յառաջաբանել « Միամիտի մը արկածները », երբ ասոր հեղինակին իմացական տարողութիւնը, մանաւանդ զգայնութեան որակը, ողբալի ամենագիտութիւնը, հոսհոսութիւնը, չորրորդական աղբիւրներու հանդէպ երախտառատ պարկեշտութիւնը, քիչ մը ծանր կոխող ղազէթաճիութիւնը մէջտեղն էին տաղանդի անբաւարարութեան, տագնապ մը անգամ շէնք–շնորհք չտագնապող եւ ժողովրդական հանդէսներով («Je sais tout») իր միտքը բաւարարող անորակելի այդ թշուառութիւնը, տաճիկներու ոստիկանները յիշեցնող անձակ իր տգիտութեան փաստովն ալ կրկնապէս խարանաւոր։ Ի՞նչն էր գտածը սա պայմաններուն մէջ, որոնց տիրական մեղքը իրենց տափակութիւնն է ամենէն առաջ։ Գոնէ բարքեր, միջավայր ըլլային նուաճուած։ Պան/182/դոկէ պանդոկ սա մթին բարքերու հանդէ՞սը։ Կը խորհիմ, թէ կարդացուելու արժանիքը, շատ մը դատողներու նման, Ա. Յարութիւնեան վերածած է տաղանդի։ Իր կողմէն սա պատահական դժբախտութիւնը անշուշտ, որ անիրաւութիւն պիտի ըլլար ընդարձակել, տարածել։ Շատեր դադրեցան վստահելէ իր մտքին, երբ կարդացուելու առաքինութիւնը բաւ համարեց տաղանդ մը լաստակերտելու։ Եւ մեր գրականութեան թէեւ առժամեայ, բայց իր կնքահայրութեամբը պարգեւը ըրաւ մեծ գրագէտի մը, մարդէ մը, որ հիմնովին զուրկ էր ծնած արուեստի զգայարանքէն, աւելի քան եօթը պորտ լրագրող ու ասկէ անդին ոչ մէկ աշխատանքի ընդունակ։ Տպաւորապաշտ քննադատութիւնը բնական թափով մը կիյնայ զգացական մեր մտահոգութեանց կալուածին։ Յովհաննէս Տոհմիկ (Ասպետ ըլլալէ առաջ) գոված էր, կը գովէր, պիտի գովէր Արտաշէսը։ Մի՛ մոռնաք ասիկա։ Քսան տարի ետքը Յովհաննէս Գազանճեան իր մեծ գրագէտի փառքը ահա քաւած է չարաչար։ Հիմա շատ քիչեր գիտեն, թէ քառասուն տարի առաջ Յովհաննէս Գազանճեան անունով մարդ մը կար, որ հանդէսներու մէջ լոյս տեսած նորութիւններու մասին տեղեկագիրներ կը հրատարակէր, քլիշէ նախադասութեանց բարիքովն ալ համեմուած այս ու այն գիրքին կամ հեղինակին մասին։ Այսօր նշանաւոր անծանօթ մըն է այդ տեղեկաբերը։ Արտաշէս Յարութիւնեանի « Լքուած քնար »ի մասին հոյակա՜պ ուսումնասիրութիւն մը հեղինակ էր այդ չարագուշակ դիմաստուերին։ Կը յիշէք աւելի տխուր դիմանկարն ալ արքեպիսկոպոսի մը, որ իբրեւ պրուսացի իր լեզուն կրնար չգիտնալ ու չէր ալ գիտեր։ Մարդ կը հարցնէ, ի՞նչ գործ ունի. այդ եկեղեցականը գրական դիմաստուերներու շարքին մէջ։ Յետոյ, կեղծ գրագէտ եւ քիչ մը աւելի կարծր տիտղոսներով պատուանշանուած Արամ Անտոնեանը անցած է մեր գրականութեան պատմութեան այնքան իրաւ, մեծ իր գիրքովը « Այն սեւ օրերուն », որ անակընկալ մը չէր անշուշտ այն անլուրջ, ապերասան, առնուազն պոհեմ լրագրողէն, խմբագրական մեր դարասկիզբի պայմաններուն հարազատ ծնունդ, բայց որուն գրածը անպայման կը կարդացուէր Օ. Չիֆթէ-Սարաֆի չափ եթէ ոչ աւելի, եւ այս ու այն հարցերուն հետ, մէջէն երբեմն–երբեմն ո՛չ թէ Արտաշէսի դատումին « սուտ, երեւակայուած » պատմուածքներ կը ստորագրէր, այլ մեր ամէնուն պէս անխնամ, արագ, չհասունցած պատկերներ կը յօրինէր, պատմելու արարքին հանդէպ զեղծանումով մը անշուշտ։ Բայց գոնէ այդ պատկերներուն հերոսներն ու աշխարհը կը պատկանէին իր ժողովուրդին, հոս զատուելով « Միամիտի մը արկածները »էն։ Ու ահա՛ խոտանը. /183/ Արտաշէս Յարութիւնեան «հեշտագին խունկ կը ծխէր» այս վերջին գիրքին, անօգուտ պաշտումի մը մեղքէն աւելի, գրական դպրոց մը հիմնաւորելու մեղքը այսօր իսկ չկարենալով քաւել։ Երկար է շարքը իր հակասութիւններուն, անիրաւութիւններուն, անկասկացողութեանց փաստերուն։ Երկար է մանաւանդ իր դիմաստուերային յաջողութեանց վնասը թուել հոս, նախ իր իսկ գրական շրջափոխութեան տեսակէտէն, երկրորդաբար անոնցմով ոգեւորուած այն ընդարձակ «սիլուէթային» կտորներուն, որոնք այնքան վարկաբեկ կ՚ընեն շրջանը եւ Արտաշէս Յարութիւնեան այդ ամբոխին մէջ յաջողած է պահել գրագէտի իրական արժանաւորութիւն մը (dignité), զոր թէեւ դժուար է բացատրել, բայց նոյնքան անիմաստ պիտի ըլլար ուրանալ։

Կարելի՞ է վերահաստատել Արտաշէս Յարութիւնեանի եթէ ո՛չ վաստակը, գէթ դէմքը շարքին մէջ մեր երախտաւոր գրչի մշակներուն։ Ըսի ձեզի, թէ կը կարդացուէին իրմէ որոշ, սեղմ շահեկանութեամբ մասեր իր « Մոխիր եւ մախր »էն, « Թափառումներ եւ հակասութիւններ »էն։ Իր « Քրոնիկ »ները օգտագործելի էին գրական պատմութեան մէջ, իրենց շատ յատկանշական յայտնումներովը օրուան ճաշակներէն, բարքերէն, բարեխառնութենէն ։ Իր « Դիմաստուերներ »ը, հակառակ աւելի խոր գիծերով յօրինուած ըլլալուն քան Զօհրապի « Ծանօթ դէմքեր »ը, դեռ ունին վաւերագրական արժէք, ոչ ենթականերու ներքին իմաստէն, այլ հայոց քննադատական ախորժակներէն։ Այնպէս, որ կատարուելէ ետք լրագրականին վրայ անհրաժեշտ զեղչը այս խառնակ աշխատանքէն, դեռ կ՚ունենանք բաւարար էջեր, որոնք, կը կարծեմ, իրենց վրայ կը կրեն կեանքի, կենդանութեան ապահով վկայութիւններ։ Ունինք անորակելի եղջերուաքաղը Հ. Սիմոն Երեմեանի, բազմահատոր որքան բազմամեղ, « Գրագէտ հայեր »ու ողբալի շարքը։ Չօպանեանի « Դէմքեր »ը, Յովհաննէս Աւագեանի « Դէմքեր »ը, Զօհրապի « Ծանօթ դէմքեր »ը, Հրանդ Ասատուրի « Դիմաստուերներ »ը։ Ի՞նչ պիտի ըլլար հատորի մը բախտը, կազմուած Արտաշէս Յարութիւնեանի « Գրական դիմաստուերներ »էն։ Կ՚ենթադրեմ, որ նման գիրք մը միայն պիտի տժգունէր Հ. Ասատուրի հատորէն, որուն վաւերագրական տարողութիւնը թերեւս մէկ առաքինութիւնն է բոլոր նման գործերուն մէջ տիրական ըլլալու արժանի։ Մոռնալու չունինք իրաւունք իր քերթուածները, որոնցմէ ութը–տասը կտոր կարող են պատիւով տեղ ունենալ գրական արձակներուն Մոխիր եւ մախր », « Թափառումներ եւ հակասութիւններ ») լաւագոյններէն կազմուած գիրքի մը մէջ։ Խաղաղութեամբ /184/ կ՚ուրանանք իմաստասիրական բաջաղանքը։ Մօրիս Մեթերլինկի La sagesse et la destinée, Le trésor des humbles հատորները, Կուրմոնի Promenades littéraires et philosophiques-ին, La surface des idées-ին հետ անոր բարձր դիրքերը եղան։ Իր ընթերցումներուն իր վրայ ունեցած իմացական գրգիռին հետքերն են Արտաշէս Յարութիւնեանի « Իմաստասիրականք »ը։ Պարզ արձագանգներ, որոնք չէին կրնար անձնանալ, Արտաշէս Յարութիւնեանի անընկալչութեան ու մեր միջավայրին ալ օտար ու անպատրաստ պայմաններուն հարկադրանքովը։ Կը մերժենք գեղեցկագէտը ո՛չ թէ այդ բառին ետին մե՜ծ, դժուա՛ր, սրբասո՜ւրբ յուռութք մը ընդունելով, այլ իր իսկ բարիքին համար։ Գեղեցկագիտութիւնը, գէթ իր այն կերպարանքին մէջ որով կ՚երեւայ իմաստասիրական դասագիրքերու մէջ բարոյականին, տրամաբանականին, բնազանցականին կոյտերուն, նիհար, անվաւեր կրթանք մըն է, հետզհետէ վատուժող ու կը ձգտի ինքզինքը փրկելու համար շրջափոխութեան (գրական գաղափարին) պատճառաբանական պատմութիւն մը դառնալ։ Անոր օրէնքները, Քանթէն բանաձեւուած, մեռեալ ծնունդներ էին։

 

Նկատի կ՚առնեմ Արտաշէս Յարութիւնեանի « Քրոնիկներ »ը (անգիտանալով գրականէն դուրս ամէն էջ, այս պիտակին տակ), որոնք սեռին (մեր մէջ իրաւ, բարի, արդիւնառատ սեռ մըն է անիկա, փորձուած մեր վաւերական վարպետներէն անխտիր, յաճախ գեղեցիկ յաջողութեամբ) յատուկ բոլոր թեթեւութիւններուն, թերութիւններուն, անբաւարարութեան մնալով հանդերձ ենթակայ, չէզոք, առնուազն վարկաբեկիչ կացութիւններ չեն բարեբախտաբար։ Անոնք այն գետինն են, ուր Արտաշէս Յարութիւնեանի գրական խառնուածքը իր յատակը կ՚որոշադրէ։ Նոյն ատեն անոնք միջոց մը պիտի ըլլան մեր ընթերցող հասարակութեան փոխադրելու քանի մը արու, իրաւ, բարերար գաղափարներ այնպիսի ատեն մը, ուր մեր գրականութիւնը կը հեծեծէր բարձր կրունկներուն տակը կնիկներուն, օրուան ճաշակին, արժէքներուն տէր ու տիրական, խայտաբղետ խաչակրութեանը առջեւ դատումներու վսեմ ակին։ Քիչ անգամ Արտաշէս Յարութիւնեան խաբուած է նորոյթի փորձութենէն։ Եթէ երբեք իր յիշատակին համար վիրաւորիչ է իր վրիպանքը՝ Չիֆթէ-Սարաֆի մը կշիռին մէջ, նոյն ատեն բարի փաստ մը իր դատումին առողջութեան, ինքզինք զգաստ պահելու՝ մեծատարած ու ամայի խաչակրութեան առջեւ ընդդէմ Միսաք Մեծարենցի, որուն հարազատ խառնուածքը անհանգիստ ընելու բոլոր պատճառները ունէր օրուան /185/ տաղաչափներուն փառասիրութիւնները։ Նոր ու անսովոր տաղանդի մը ստեղծած սա խռովքին դիմաց Արտաշէս Յարութիւնեան չեղաւ Սիպիլ մը, որ մերժեց յառաջաբանել « Ծիածան »ը (Մեծարենց), իր համբաւին համար գուրգուրոտ բծախնդրութեամբ մը, թշնամի չընելու համար նորատի բանաստեղծին հալածիչները իր նրբենի փառքին։ Անշուշտ « Ծիածան »ը հարիւր անգամ աւելի իրաւ գիրք մըն էր, քան « Միամիտի մը արկածները »։ Բայց ստիպուած ենք բաւարարուիլ « Արեւելեան մամուլ »ի մէջ Մեծարենցին նուիրուած յօդուածով մը, ուր, հարկ է ըսել, մեծ գիծերով հաստատումներ կան նորաբոյս քերթողին տաղանդին մասին։ Տեղն է խօսիլ վաղուան գրականութեան վրայ իր տեսութիւններուն ո՛չ թէ տարողութենէն, այլ հոսանքէն, քաջութենէն։ Ի՞նչ է այդ քիչ մը անճոռոմ պիտակին ետին թաքնուած հարազատ մտածումը, եթէ ոչ հայ (աւելի յետոյ « Մեհեան »ի մէջ ընդարձակուած ձեւով՝ « Հայաստանեայց » գրականութեան ցանկալի մտապատկերը, գրականութիւնը մեր ժողովուրդին, իր ցաւերուն ու երեսներուն բոլոր սանդուխներովը, արտայայտման ու մշակման կարելի մեզատպութեամբ մը։ Ի՜նչ փոյթ, որ ինք մնաց անկարող իր տեսաբանումները իրացնելու։ Կային մէջտեղ անուններ, որոնք տասը տարի առաջ ու նոյնիսկ այդ տեսութեան թուականներուն չխնայուեցան պոլսաճաշակ դատողներէ սարսափելու չափ տրտում մակդիրներով։ Նոյնիսկ այն պարագային, որ կատարուի անձնական կիրքին զեղչը Չօպանեանի հանդիսաւոր դատաստանէն, որ խռօ մը կը գտնէր « Պանդուխտի կեանքէն » քրոնիկներուն անմահ հեղինակին մէջ, դարձեալ կը մնայ բաւական մը արհամարհանք գրականութեան հայացած յղացքին դէմ, որ կը ծրարուի պարզուկ տարազին ետին։ Արտաշէս Յարութիւնեան պաշտպանած է հայ գրականութեան հարազատութեան համար իր պայքարը, զօրաւոր կիրքով, որոշ ալ խելքով: Աւելի ետքը, 1910–էն անդին ուրիշ սերունդ մը Մեհեան ») պիտի տարածէր իր յաւակնութիւնները, հայ հոգիին գիւտը ընելու առաջադրութեամբ։ Ուշագրաւը այն է, որ այդ հանգանակին հեղինակները Մեհեան »ի առաջին թիւին մէջ տպուած) կու գային իրարու բոլորովին հակադիր բարեխառնութիւններէ։ Վարուժան իր տաղանդին լիակատար փթթումին մէջ կը ներկայացնէր մեր գրականութեան ընդհանուր կերպարանքը, անոր կարգ մը կողմերուն բիւրեղացեալ շնորհները։ Կոստան Զարեան մթին ձգտումներուն բոլոր կենդանութեամբը, մեր գրականութեան համար յանդգնութիւն եւ խենթութիւն կը մուրար մեր երիտասարդութենէն, որպէսզի մեր փոքր ուժերը արձակէինք դէպի արկածախնդրական նուաճումներ (ինչ որ պիտի /186/ փորձէր պատերազմէ ետք իր բազմաձեւ ստեղծագործութիւններով)։ Այս տողերը գրողը իր ժողովուրդը կ՚ուզէր իր գրականութեան համար, բարձրագոյն, իրաւ արուեստի մը միջոցով նուաճելի։ Արտաշէս Յարութիւնեան վաղուան գրականութեան դրօշին տակ, 1900–ին, անշուշտ այդ ամէնը չունէր նախատեսած։ Անոր համար Զարդարեանի, Թլկատինցիի, նոյնիսկ խեղճուկ Յովհաննէս Գազանճեանի մը կտորները բաւ էին զինքը հաճ ընելու։ Բայց չի կրնար հերքուիլ կապը, որ կայ երկու ձգտումներուն ալ ներսը։ Վաղուան գրականութիւնը, գէթ իբր տարազ, արդար ու արժանաւոր յղացք մըն է։

* * *

Արտաշէս Յարութիւնեան քաւա՞ծ է իր համբաւին մեղքը։

Երբ այս տողերը կը գրեմ, հայոց գրականութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալ, ո՛չ անոր համար, որ պատերազմը զայն կ՚ընէ անկարելի, այլ ուրիշ ալ իրողութեանց փաստով։ 1939–ին արեւմտահայ գրականութիւնը կը մշակուի մէկէ աւելի կեդրոններու մէջ, բոլորովին ներհակ տրամադրութեանց մարդոց կողմէ։ Ամերիկայի մէջ անիկա հետաքրքրական պատմում է եւ կամ գաղափարագրական բաջաղանք։ « Հայրենիք » հանդէսին դպրոցը կործանեց մեր վէպը։ Փարիզի մէջ անիկա քմայական շանթաժ է, չըսելու համար աւելի տխուր բան մը։ Հայաստանի մէջ կը տպուին Մեծարենց, Պարոնեան, Օտեան: Ն. Գ. Բ. ի ձեռնարկը տպագրական է։ Այնպէս որ մոռացումը, որ կը ծանրանայ Արտաշէսի գործին վրայ, գրական ըլլալէ աւելի պարագայական է։ Թէ տեղի պիտի տայ արդար գնահատման մը, չեմ՝ կրնար գուշակել։ Իմ փորձը չի համարձակիր այդ երկդիմութիւնը բառնալ։ Տուի սակայն ընդարձակ էջեր, պարզ այն պատճառով, որ ընտիր նմոյշ մըն էր ան ոչինչէն մեկնողի եւ իր բարձը գրաւող ռազմիկի։

 

Անպայման ան կ՚արժէ աւելի քան ջոլիրը մարդոց ամէն մէկէն, որոնք 1895-1910–ին մէջտեղերը դատեցին մեր գրականութիւնը, տօնացուցեցին անոր իրաւ կամ անվաւեր քուրմերը։ Դպրոցի պետ մը չէր կրնար ըլլալ։ Բայց իր օրինակը համակրելի էր եւ մէկէ աւելի մարդոց եթէ շփոթում բաշխեց, ուրիշներ ալ մղեց չարքաշ, յամառ աշխատանքի։ Կը գրեմ հոս իրեն իմ երախտագիտութիւնը։

 


 



[1]     Ն. Գ. Բ-ի հրատարակիչները գէշ ծառայութիւն մը մատուցած են Արտաշէս Յարութիւնեանի յիշատակին, այդ անտիպները ընդունելով հատորէն ներս, այսպիսով տեղ չձգելով վաւերական «Մոխիր եւ մախր»ներուն, որոնք մշակուած են եւ գտած իրենց վերջնական աւարտը (acticvé)։ Քիչ մը շատ խանդավառ ենք անտիպով, մոռնալով սակայն իրողութիւնը, որուն համեմատ հեղինակներու զգուշաւորութիւնը այդ կտորները հրապարակ նետելէ ունի իր զօրաւոր պատճառները։ Ամենէն քիչը, անոնք չեն անցած գրագէտին վերջնական retouche-էն, որ տիրական է միշտ։ Ըսել չեմ ուզեր, թէ այդ անտիպները արժանի չէին կեանքի։ Հեղինակներու ամբողջական գործերուն հրատարակութեան մէջ անոնք ունին տեղի մը իրաւունքը: Բայց ծաղկաքաղի մը մէջ անոնք կը գրաւեն տեղը վերջնական կնիքէն անցած, ամբողջացած հատուածներու: Արտաշէս կը խօսէր ինծի այդ նօթերէն, առնուած օրը օրին, ափյափոյ, արագ, անամբողջ, ուրուագրային, ընդհանրապէս ընթերցումի մը արձագանգ կամ հակազդեցութիւն, քիչ անգամ կեանքէն թխած։ Այնպէս, ինչպէս կ՚երեւին անոնք Ն. Գ. Բ. հատորին մէջ, հեռու են մշակուած, իրենց լիութիւնը իրագործուած աֆորիզմներ ըլլալէ, որոնց յաւակնութիւնն ունէր «Մոխիր ու մախր» տիտղոսուած կտորներուն մէջ։ Անոնք, առաջին բխում, միշտ թերագիծը միայն կու տան մտածումին։ Մեր զգացումները երբեմն կու գան միակտուր ու ամբողջ։ Կան քերթողներ (Լամարթին), որոնք բառ մը չեն փոխած իրենց ոտանաւորին անդրանիկ հեղումէն, ուրիշներու խորագոյն սրբագրութեանց դիմաց (Լաֆոնթէնէն մնացած ձեռագիր մը սկզբնական յեղումէն առակի մը կը պահէ միայն երեք բառ)։ Բայց մտածումին ուրիշ է կեանքը։ Արտաշէսի անտիպները չեն գտած լեզուական արդուկն իսկ։ Մշակումը իբր յօրինում, հինում (մանել) դանդաղ կը զարգանայ։ Ժամանակը, անդրադարձ աշխատանքը, վերադարձը ու յղկումը, լրացումը մեծ դեր ունին անոր վերջնական կառոյցին մէջ։ Արտաշէս Յարութիւնեան կը գանգատէր ժամանակէն, բացառաբար խռովայոյզ, միշտ սպասման մէջ լաւագոյն օրերը, որոնք եղերապէս պիտի զլացուէին իրեն։ Այդ անտիպները չեն վիրաւորեր անշուշտ անոր մտածումը խորապէս, բայց կը պարզեն անոր «Մոխիր ու մախր»ին կազմութեան պրոցեսը։ Հում տպաւորութենէն լաւ դարձուած (bien tourné) աֆորիզմ մը իր յաջողուածքն էր այդ գետնին վրայ։

 

[2]     1900–ին Հիւսիսի գրականութիւնները եւ գերմանական համալսարանները նորութենէ մը աւելի փառքեր էին։ Մենք ունէինք կէս երկվեցեակ մտաւորական, այդ համալսարանները մտած ու ելած, անշուշտ վկայեալ ալ, ու մեր մէջ իրենց մագաղաթները արժեւորելու աշխատող, դասախօսելով, գրելով, խմբագրելով, անպատուելու համար իրենց ուսում «ջամբող» այդ հաստատութիւնները, ամենէն առաջ։ Կը խնայեմ անունները։ Լեւոն Սեղբոսեան ամենէն կարկառուն զոհն է այդ ոգիին: Կան տակաւին ամերիկեան համալսարաններու փրոֆէսէօրները, Պոլիս, գաւառները, աստուածաբանութեան տոքթէօրները, որոնք լայն կը փռեն իրենց անունները իրենց դասերու երջանիկ արձագանգները թռցնելով «ի լուսաւորութիւն» մեր մտքի խաւարին, մարդկային սրբազան պայքարը, իմաստի կրկէսին վրայ, վերածելով կրօնա–բարոյախօսական տափակ քարոզներու։ Ի՜նչ չարիք էր ատիկա, 1000–ին, մեր կործանելու մօտ միտքին հասցուած, քանի որ թէ՛ գերմանական, թէ՛ ամերիկեան այդ փորձանքները խորունկ ու հեշտագին փոյթով մը կ՚ընդառաջուէին մեր տկլոր խմբագիրներէն: Օր մը անշուշտ մէկը պիտի փորձուի պատմել, թէ ի՛նչ թշուառութիւններ մշակեց ու աճեցուց մեր մէջ Ռոպէրթ գոլէճ կոչուած տափակութեան, առեւտրական դրապաշտութեան միջնաբերդը, որ մեր ամենէն ընկալուչ ու իմացական ընտրանին ըլլալու ամենէն ատակ, հանգամանաւոր երիտասարդութիւնը վերածեց տոմարակալներ, թարգմաններու, պանքայի պաշտօնեաներու, վաճառականներու փարիսեցի, ապազգայնացած խաժամուժին։ Մեր հարուստները հայութենէ զերծող տխուր այդ վառարանը մեր գրականութեան վրայ սա անարգ փառքն ալ պիտի ջանար արժեւորել։

[3]     Գրական–քննադատական բանակռիւները (արդար է բառը) մեր այսօրուան ախորժակներուն այնքան սիրելի, գրգռիչ նոյնիսկ, ոչ նոր են եւ ոչ ալ մեզայատուկ։ Դեռ Պղատոնի օրերուն, անոնք կ՚առնէին նոյն ոգեւորութիւնը։ Սոփեստները հնութեան՝ գեղեցկագէտ–քննադատներն են։ Այդ վէճերը, որքան կենդանի, շահեկան, ժամանակին մէջ տարօրէն արագ կը պաղին։ Մինչ գործը կը դիմանայ, անոր շուրջ ստեղծուած աղմուկը մշուշի պէս կը ցնդի: Գոռնէյլ յաճախ իր խաղերուն կը կցէր նախաբաններ, ուր իր օրերու քննադատական կշիռները, իմաստութիւնը, տարազները ու վէճին բոլոր հրայրքը իրարու կը խառնուէին, ստեղծելու համար ծանր հետաքրքրութիւն: Գործի մուտքին այս մռայլ մոխրաստանը այսօր նայուածքի մը իսկ արժանի չենք նկատեր։ Բայց կը կարդանք գործը։ Արշակ Չօպանեանի, ինչպէս Արտաշէս Յարութիւնեանի գրական գործունէութիւնները վերլուծած ատեն, անհրաժեշտութիւն է անոնց մէջ քննադատը անթարկել առանձին ուսումնասիրութեան պարագայ, որ դեռ չի վիրաւորեր մեր բարքերը։ 1905–ին մեր մեծ լրագրողներէն մէկը, Արփիար Արփիարեան, արեւմտահայ գրականութեան վրայ համադրական փորձի մը մէջ երբ Նահապետ Ռուսինեանին գայթակղելի ըլլալու չափ ընդարձակ տեղ մը կու տայ, հաւանաբար կը կանխէ մեր օրերը, ուր թէեւ ընդունուած է լրագրողին, հրապարակագրին, գործիչներուն օտարութիւնը գրական պատմութեան մէջ, բայց ուր դեռ չէ կոտրած նախապաշարումը հանդէպ քննադատին։ Զայն վտարել գրականութեան պատմութենէն քիչ մը տարօրինակ կը թուի մեզի։ Մեր գրականութեան պատմութիւնը չի կրնար անգիտանալ մեծ ու շպարուած անունները զարթօնքի սերունդի մարդոց։ Ո՛չ ոք, որ առարկէր տեղը ազգային, մշակութային պատմութեան մը մէջ Նիկողայոս Զօրայեանի, Նահապետ Ռուսինեանի, Ստեփան Ոսկանի, Գալուստ Կոստանդեանի, մասամբ՝ Գրիգոր Օտեանի, փառաւոր փաղանգ, բայց որոնց գործը չի պատկանիր որեւէ գրականութեան։ Նոյնը պիտի ըսէն յիշուած դարի վերջը ուրիշ պատմիչներ մեր քննադատներուն համար, ասոնցմէ ընդունելով նիհար կամ յորդ բաժինները ստեղծագործեալ արդիւնքին, բայց ուրանալով իմաստի լրագրութիւնը, որուն անունն է յաւակնոտ քննադատութիւնը։

[4]     Անոր կնքահայրը, Արշակ Չօպանեան, իր երիտասարդական խանդը ուզած է արժեւորել, ինիսունական թուականներէն սկսեալ. մեր լրագրութեան մէջ իբր համով նորութիւն։ Անոր ջանքերը պիտի լքէին, սակայն այս ընթացիկ հետաքրքրութիւնը, բարձրանալու համար մեծատարած փառքերու նուաճման։ Արդէն հինգ տարի ետք Արշակ Չօպանեան essais-ն է, որ կը կազմակերպէ, այսինքն համադրական յօրինումը, ուր մարդերը դէմք են եւ ոչ թէ դիմաստուեր ու գրական իրողութիւնը(ները)՝ գրական, քննադատական ուսումնասիրութիւն։ Իր հանդէսներուն մէջ քրոնիկը վերածուած է գրական պատմութեան նախատարերքին։ 1900–ին, լեգէոն են այդ լուսանկարիչները։ Զօհրապի «Ծանօթ դէմքեր»ը սկզբնական կաղապար կը ծառայեն գրական զանազան նկարներու։ Պիտի ունենանք «Ճանչւոր դէմքեր»ը, «Վայրկենականներ»ը (instantané) ու որքան կը յիշեմ՝ «Կէս–վայրկենականներ»ը, «Սիլուէթներ»ը, բոլորն ալ խմբագրական բարքերու պահանջ, թերթը lancer ընելու մեղապարտ ցանկութիւններու ծնունդ։ Ա. Յարութիւնեան գտած է միջինը` իր «Դիմաստուերներ»ը ստուերէն աւելի են, առանց «Դէմքեր» ըլլալու:

[5]     Կ՚ըսեմ կարելի, վասնզի ոեւէ գրողի վրայ մեր սեւեռումները մեղաւոր ծնունդէ մը կու գան։ Ի՛նչ որ ալ ընենք, գրական գործ մը հանգչած կեանք մըն է: Ու տիրական կոչուած գիծերը յաճախ տեսողական պատրանք։ Դժուար է քսան–երեսուն էջերու մէջ թխմել, տեղաւորել քսան–երեսուն տարիներու վկայութիւն մը պատմող գործերը։ Հարկադրաբար, ամէն essais պակասաւոր է սա դժբախտութեան գնով։ Քննադատը, որ վերլուծելու տեղ կը պատգամէ, կը կարդացուի, երբ գրել գիտէ։ Ու մի՛ մոռնաք, կը կարդացուի ո՛չ թէ դատող մը ըլլալուն, այլ գրել գիտնալուն։ Արտաշէս Յարութիւնեանի արձակները միշտ կողմ մը ունին սուր, գրեթէ ուշագրաւ: Իրմէ ստորագրուած հուսկ յօդուածն ալ ունի իր հովը։ Եթէ չըրաւ իւղոտ կառուցումներ իր օրերուն մտայնութիւնը նուաճելու յաւակնութեամբ, պէտք է արդարացուի սա պայմաններուն կշիռովը։

[6]     Տեսնել Արշակ Չօպանեանի մէջ «Քննադատը» գլուխը, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Ե. հատոր, «Իրապաշտները», էջ 327–353։