Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

7. ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ (1886-1908)

/363/ Անոնք, որ օր մը, գուցէ բաւական հեռաւոր, պիտի գրեն արեւմտահայ բանաստեղծութեան պատմութիւնը, քիչ անուն պիտի արձանագրեն, որ Մեծարենցի չափ թելադրութիւններ բերէ իրենց, մասնաւոր շրջանի մը ընդհանուր յատկանիշներուն տեսակէտէն։ Հակառակ անոր, որ մեր գրականութեան մէջ, ամէն գրիչ շարժող ոտանաւոր ալ գրած ըլլայ անպատճառ, քանի մը դէմք հազիւ կը զատուին կարաւանէն, որոնք ունենային նախնական ու պարտադիր շնորհը խառնուածքին։ Արուեստը աւելի ուշ կու գայ։

Մեծարենցի գործը, իր կազմին վտիտ ու սահմանափակ նկարագրին հակառակ, շահեկան ու մանաւանդ յատկանշական յիշատակարան մըն է կրկին ժամանակներու զգայնութեան։

Պզտիկ, բայց երբեմն վերջնական ներշնչումներու այն փնջիկը, որ կարելի կ՚ըլլայ հանել իր գործէն, իր յոյսերուն քիչ մը շատ ընդհանուր յատկութիւններովը կը յիշեցնէ տասնիններորդ դարու մեծ քնարերգակներուն յաւիտենական նիւթերէն մէկ քանին սէր, ցաւ, իրերուն հանդէպ համակիր զգայնութիւն ու նկարչական մտահոգութիւններ։

Սահմանափակ, վասնզի բանաստեղծները առաջին իսկ սարսուռներուն արդէն կը սպառեն կուսութիւնը իրենց տաղանդին։ 10-15 քերթուածներ էին, որոնք Լամարթինը համբաւի տարին ու անոնք են, որ դիմացան անոր բոլոր փառքերէն ու պատրանքներէն ետքը։ Նոյնպէս քիչ է թիւը քերթուածներուն, որոնք Դուրեանով առարկայացան, բայց պիտի ապրին մեր լեզուին չափ։

Յատկանշական, վասնզի անոր կը յանգի, հոն հալելու, եթէ ոչ իր գերագոյն նրբութեանը, անհայտութեանը վերածուելու համար քերթողութեան արուեստ մը, որ այնքան զօրեղ ու ինքնատիպ բխու/364/մով մը երեւան եկած էր ատենին, ուրիշ պատանիի մը հոգիէն, Դուրեանէն, եւ որ դժբախտութիւնը ունեցաւ իյնալու նիհար մատներու կամ ներկուած շրթներու մարզանքին մէջ, չարափոխուելով, դալկանալով ու ինք իրեն մեռնելով ի վերջոյ։

Անկէ կը սկսի ուրիշ ժամանակներու, մեր ժամանակին զգայնութիւնը նորէն, որուն անդրանիկ սարսուռներն ու յուզումները տեսաւ ան ամենէն առաջ։ Ու անոնց արտայայտութեան տառապանքը դիմաւորեց վճիտ բայց յուսաբեկ համակերպութեամբ մը, երբ իր շուրջը պանդոյրներու երջանիկ կարաւան մը կը հայհոյէր իր ցաւին ու արուեստին:

Ու ան գրեթէ միս-մինակ մխուեցաւ ներս ճամբայէն, որ բարձունքները կը տանի։ Ու թողուց, որ հանդարտ-հանդարտ, կիներուն միսն ու զգեստները որոճան ուրիշներ ու փառաբանուին։