Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

6. ՄԻՔԱՅԷԼ ԿԻՒՐՃԵԱՆ (1879—1965)

Լոնտոն, Լեւոն Բաշալեանի խմբագրութեամբ հրատարակուող « Նոր կեանք » հանդէսին մէջ (1898), լոյս կը տեսնէր վէպ մը, « Մարտիկ Աղա », որ իբր հեղինակ ունէր « Պարոյր » կեղծանունը։

Կ՚արտագրեմ Երուանդ Օտեանի « Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս » յիշատակներու հատորէն.

«… Բայց ահա՝ օր մը ամբողջ Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութը յուզուեցաւ, ալեկոծուեցաւ, անօրինակ տագնապի մը մատնուեցաւ «Նոր կեանք»ի համար։

Ի՞նչ էր պատահած։

Իր հոկտեմբեր մէկի թիւով սկսած էր վէպ մը «Մարտիկ Աղա» համեստ խորագրով, որուն ներքեւ իբրեւ հեղինակի անուն կ՚երեւար Պարոյր ստորագրութիւնը:

Առաջին թիւը իբրեւ գրական գեղեցիկ էջ մը հաճոյքով կարդացուեցաւ եւ շատերը հետաքրքրուեցան իմանալու թէ ո՞ր ծանօթ գրիչը ծածկուած էր այդ Պարոյր անունին տակ։

Նոյնիսկ Արփիար ու ես չէինք գիտեր ո՛վ ըլլալը, որովհետեւ գրութիւնը ուղղակի Լոնտոն՝ Բաշալեանին ղրկուած էր։ Եւ սակայն սկսնակի մը գրութիւնը չէր հաւանաբար։

Տիգրան Կամսարականը ըլլալու է չէ՛, անպատճառ Արփիարն գրողը… Թերեւս Օտեանն է…

Վերջապէս ամէն մարդ ենթադրութիւններու մէջ կը մոլորուէր։

Քանի մը թիւ ետքը՝ վէպը կը ներկայացնէր Աղեքսանդրիոյ մէջ հայկական սալոն մը, ուր կ՚երեւային գաղթականութեան շատ մը ծանօթ դէմքերը ամենաճշգրիտ՝ եւ սակայն գերազանցօրէն ծաղրանկարուած գիծերով եւ կին, էրիկմարդ եւ ո՛չ մէկուն խնայուած էր։

/316/ Ամէնքը հո՛ն, իրենց ծիծաղելի կողմերուն բովանդակ մերկութեամբ կ՚երեւային։ Իրենց դէմքը, մարմինը, խօսուածքը, հագուստը, ամէն ինչ մէջտեղ հանուած էր անպատկառ չարաճճիութեամբ մը »։

Յետոյ Օտեան կ՚ընէ արտագրումը վէպէն քանի մը կենդանագիրները, որոնցմէ մէկը կու տամ.

«… Գէր մըն ալ աս։ Արջի եւ խոզի խառնուրդ մը: Էն ցայտող բանը իր մէջ իր գլուխն է, ահագին բազմահատոր գլուխ մը, խոշոր թմբուկի մը ձեւով, գրեթէ առանց վիզի փակցուած կարճոտն պատկառելի մարմնի մը, տակառաձեւ ցցուած փորով մը բեռնաւորուած։ Խծուծէ յօնքեր, մացառուտ պեխեր, լայն, մեծփոր քիթ մը, խոշոր աչքեր ուռած, ցցուած ակնագունտերով, ահագին խորշոմներով խորխորատուած դէմք մը, ձայնը ասոնց համեմատ։ Կինը իրմէ միայն անունը ունի: Ծանր, կոշտ, լայնափոր բաներու այդ դէզը ամուսնացած է ջիղերու նիհար ծրարի մը, կնկան պչրող մարմինի մը հետ, քիչ մը անցած գեղեցկութիւններով, անհանդարտ եւ աշխոյժ, որ կը սրնգէ ու կայծուըռտէ այդ խոշոր թմբուկին, այդ գոմէշին քով »։

Վէպէն սա արտագրումէն յետոյ, Օտեան կը շարունակէ իր յիշատակները։

« Ու այս ձեւով, մէկիկ–մէկիկ, Պարոյր անողոք երգիծանքով մը կը նկարագրէ Աղեքսանդրիոյ հայ ծանօթ տիպարները։

- Թէեւ անունները չարափոխուած՝ բայց նկարը այնքան ճիշդ է, որ կարելի չէ սխալիլ, եւ ոչ ոք կրնայ պնդել թէ ինք չէ ակնարկուած անձը։

Ահռելի փոթորիկ մըն էր փրթաւ քաղաքին մէջ: Տուները, սրճարանները, զբօսավայրերը, ամէն մարդ «Մարտիկ Աղա»յով կը զբաղէր։ Անոնք որ տակաւին վէպին մէջ չէին երեւցած՝ սրտատրոփ կը սպասէին իրենց կարգին, արդէն իսկ ծաղրուածները կը ջանային իրենք զիրենք մխիթարել ըսելով.

Մենք կարգը անցուցինք։

Եւ սակայն եւ ո՛չ մէկը կը ներէր Պարոյրին՝ որուն ով ըլլալը չէին գիտեր սակայն:

Այդ յուզումին ատենն էր երբ օր մը Շարապասէն Աղեքսանդրիա գացի, ուր կը գտնուէր Արփիար, որ կը պատրաստուէր վերադառնալ Լոնտոն։

Խեղը փորձանքի հանդիպած էր «Մարտիկ Աղա»յին պատճառով։

/317/ Լեւոն Բաշալեան գաղտնաբար Արփիարի իմացուցած էր Պարոյրին ո՛վ ըլլալը, սակայն պատուիրելով որ ինէ զատ ո՛չ մէկուն յայտնէ։ Միւս` կողմէ՝ Լեւոն Մկրտիչեան, իբրեւ հնչակեան պետերէն մին, դիմում էր ըրած Լոնտոն հեղինակին իսկական անունը իմանալու համար, սակայն Բաշալեան մերժած էր յայտնելու։ Մկրտիչեան պահանջած էր, որ վէպին հրատարակութիւնը դադարեցնեն, Արփիար եւ Բաշալեան ընդդիմացած էին ասոր։ Մկրտիչեան հեռագրով հրահանգ տուած էր դարձեալ վէպը դադրեցնելու, սակայն շարունակուած էր։ Ասոր վրայ Մկրտիչեան սպառնացեր էր հրաժարուելու եւ կուսակցութենէն քաշուելու։

Ամենէն զուարճալին այն էր, որ վէպին հերոսը՝ Սուրէն, որ իբրեւ դաշնակցական ներկայացուած է՝ հնչակեան ծանօթ գործիչ մըն էր։ Ատ ալ ո՛չ նուազ գայթակղութիւն կը պատճառէր խնդրին տեղեակ կուսակցականներուն մէջ »։

Օտեան կը պատմէ յետոյ Պարոյրի հետ իր ծանօթացումը եւ կը շարունակէ.

«… Կիւրճեան այդ թուականին նիհար ու տժգոյն տղայ մըն էր, որ թոքախտաւորի տպաւորութիւն կը գործէր տեսնողին վրայ։

Ինք «Մարտիկ Աղա»յին մէջ ինքզինքն ալ նկարագրած է ։

Ահաւասիկ այդ ինքնապատկերը։

«… կար նաեւ 19-20 տարեկան երիտասարդ մը, տժգոյն, նիհար, սմքած, սատկած երեւոյթով. երկայն սուր քիթ մը ունէր, ոլոր մոլոր բուսնող նորածիլ բեխեր, մօրուքի կասկած մը թուշին ծայրը մրոտող, թաւ տգեղ յօնքեր՝ մարած, մարմրած աչքերուն վրայ։ Մինակ կամ ընկերներու հետ, երկինք նայելով կամ ձեռքը ունեցած մէկ գիրքին վրայ, սա տղան իր մտահոգ սիլուէթը կը պտըտցնէր ամբոխին մէջէն, ակնարկը տարտամ, քալուածքը փլփլող, անցօղուն: Հակառակ այս բաներուն՝ կրցեր էր աղուոր պաշտօն մը ձեռք ձգել պետական պաշտօնատան մը մէջ, ի մեծ ապշութիւն շատերու, որոնց համար իր սէրսէմութիւնը վաւերական էր: Անունն էր Քուրջեան, շատ լաւ պատկերացնող իր անձը ու նկարագիրը »։

Անոնք որ կատղած էին, «Նոր կեանք»ի Պարոյրի դէմ այս տողերը կարդալով ու Քուրջեանի մէջ ճանչնալով Միքայէլ Կիւրճեանը, սրտմտած կ՚ըսէին իրարու.

Անպիտանը, սա խեղճ Միքայէլէն ի՞նչ կ՚ուզէ - հանդարտ, խելօք տղայ մըն է, որ մէկուն սիրտը կոտրել չ՚ուզեր…

/318/ Եւ սակայն այս վէպին յարուցած գայթակղութիւնը այնքա՛ն մեծ էր որ ի վերջոյ «Նոր կեանք» ստիպուեցաւ զայն կարճ կապել, ամբողջ գլուխներ կրճատելով, այնպէս որ հազիւ կէսը հրատարակուած էր: Ու այս պակասաւոր վիճակին մէջն էր որ Ամերիկայի «Ազգ»ը զայն քանի մը տարի առաջ արտատպեց։

Լոնտոն գտնուած միջոցիս, երբ սրտերնիս նեղանար գիշերները, Լեւոն Բաշալեանի հետ կը հանէինք «Մարտիկ Աղա»յի անտիպ մնացած ձեռագիրները, եւ զանոնք կարդալով հաճելի ժամանց մը կ՚ընծայէինք մենք մեզի »։

(Երուանդ Օտեան, «ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ՊՈԼՍԷՆ ԴՈՒՐՍ», էջ 138—143)։

 

Պատուական քրոնիկագիրին սա տողերը Միքայէլ Կիւրճեանի անձէն աւելի վէպ ըսուած երեւոյթին լուրջ կը պարունակեն մէկէ աւելի թելադրանքներ։ Զիս անտարբեր կը ձգեն անշուշտ աղմուկը այդ գործին վրայ, իրադարձութիւնները, որոնք այդ օրերու կուսակցական կիրքերուն կը մնան ենթակայ, դատաստանները Երուանդ Օտեանի։ Վեր կառնեմ

ա. Վէպին կենդանի անձերու վրայ calqué ըլլալը.

բ. Կրճատուած հրատարակուիլը (հազիւ կէսը, կը խոստովանի Օտեան).

գ. Չտպուած մասերում ձեռագիր գոյութիւնը.

դ-— «Նոր կեանք»ի մէջ լոյս տեսածին նոյնութեամբ արտատպուիլը Ամերիկայի «Ազգ»էն ։

 

«Մարտիկ Աղա» վէպը անտարակոյս որ գրական գործ մըն է, մասնաւոր սեռի մը դարբնոցին մէջ կերպարանք առած։ Այդ սեռին համար Երուանդ Օտեան հնարած է բառ մը, երգիծավէպ, որ թէեւ կամայական է, բայց նկարագիր տուող տարազ մըն է։ Միքայէլ Կիւրճեան անով իր մուտքը կ՚ընէ արեւմտահայ գրականութեան մէջ, շատ վաղատի։ Ու կը ստեղծէ աղմուկ, քիչիկ մը յիշեցնելով Տիգրան Կամuարականը, որուն մուտքն ալ եղած է այդ պայմաններով: Գրիգոր Զօհրապը, որուն « Անհետացած սերունդ մը » վէպը կը հալածուի, չես գիտեր ինչո՛ւ, քանի որ մեր կեանքէն տախտակ մը ըլլալով հանդերձ, չէր մեղաւոր ողջ անուններու վրայ շահադիտութեամբ մը, ինչպէս կը թուի ըլլալ պարագան « Մարտիկ Աղա »յի։ Ուշագրաւ հանգիտութիւն « Վարժապետին աղջիկը » ու եթէ չնեղուիք՝ « Աղջկան մը սիրտը » (Սիպիլ), ինչպէս Զօհրապի վէպը « Մարտիկ Աղա »յի /319/ նման չունեցան իրենց յաջորդները։ Վէպէն դէպի պատմուածք այս երեք հեղինակներն ալ իրենց սահիլը չուզեցին բացատրել։ Միքայէլ Կիւրճեան հոս ալ կը պարզէ այդ հանգիտութիւնը։ Հատուկոտոր պատմուածքներ, պատկերներ հանդիպելու են իրմէ 1901–էն ասդին։ Պետրոս Ագաթան կեղծանունին տակ ան քիչիկ մը երկարաշունչ ուրիշ պատմուածք մը ունի « Սուտը իրաւ, խենթը՝ խելօք » խորագրով, « Արեւելեան մամուլ »ի մէջ։

 

Ինչո՞ւ սա շատ խոստմնալից, նոյնիսկ շքեղ սկիզբները վաւերական տաղանդները մնացին զուրկ յաջորդութեան արդար փառքէն: Ճիղճ ծաւալով պատմուածքներու տեղ Զօհրապէն ի՞նչ Պոլիս մը իրաւունք էր սպասել։ Ո՞ւր փնտռել սա պատասխանատու ազդակը հարցեր, որոնք կը շահագրգռեն գրականութիւնը, բայց չեն պատկանիր անոր պատմութեան։ Կը զատեմ « Մարտիկ Աղա »ն, զբաղուելու համար այն քանի մը կատարումներով, զորս Երուանդ Օտեանի քրոնիկը թելադրած էր։

 

ա. Կենդանի անձերու նմանահանութիւնը (calque) վէպի մէջ՝ գրականութեանց մէջ ծնունդ է տուած երկար վիճաբանութիւններու։ Կը յիշեմ, մեր մէջ, Շիրվանզատէի « Արսեն Դիմաքսեան » վէպին շուրջ ստեղծուած աղմուկը ու նոյն հեղինակին նախասիրութիւնը՝ իր խաղերն ու վէպերը թափանցիկ անձնաւորութեանց համար հաշիւներ մաքրելու բեմ մը նկատելու։ Կէս դար յետոյ « Արսեն Դիմաքսեան »ը, « Պատուի համար »ը կը մնան առանձին իրենց մէջ գոյ ստեղծագործ տաղանդէն միայն պաշտպանելի եւ ո՛չ թէ այս ու այն ողջ յիմարին հաշւոյն, ուրիշներու ծիծաղովը։ Յայտնի է որ, հոս ալ, ինչպէս ամէն տեղ, վէպին ճակատագիրը պայմանաւոր է ամենէն առաջ վիպողին տաղանդովը, մշակելու եւ նուաճելու ձիրքերովը, գրական խղճմտանքովը։ Բանալիով վէ՞պը (roman à clef)։ Անշուշտ. բայց բանալիէն առաջ (ըսել կ՚ուզեմ ասով հայթայթելի հետաքրքրութենէն առաջ) վէ՛պը, ինք իրմով, իր սեպհական տինամիզմով ու արժէքով։ Վաւերագրական, այսինքն պատմութեան անցած եղելութիւններու եւ անձնաւորութիւններու պարագային նպաստը չեմ ուրանար, միայն կ՚արժեւորեմ երրորդաբար, չորրորդաբար, միշտ վիպողի տաղանդին տալով տիրական կշիռը։ Վասնզի, ինչպէս ըսի, վէպին համար հիմնականը պատմական ստուգութենէն աւելի, խորհրդանշական այն վկայութիւնն է, որով շրջան մը, մտայնութիւն մը, առնուազն մարդկային փորձառութեան փաստ մը մեզի կը մատուցուին խտացած ձե/320/ւի մը տակ, մաքրուած երկրորդականին (accessoire) թերեւս հաճելի, սուր, նոյնիսկ տպաւորիչ մանրամասնութիւններէն։ Մեր առօրեային մէջ կը յօրինուի անշուշտ վէպին ատաղձը։ Բայց ո՛չ մէկ ատեն ատաղձ մը շէնք մը չէ։ Ինչ որ ստեղծում կ՚անուանենք, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ այդ նախանիւթը վերյարդարելու աշխատանքին արդիւնքը։ Տաղանդը կերպ մըն է, սա աշխատանքի դրութիւնը տիտղոսող։ Ու ասիկա գիտնալը սկիզբն է գիրքերու արուեստի կասկածելի գիտութեան: Կ՚ենթադրեմ, որ գրելու հակամէտ ամէն երիտասարդի նման Միքայէլ Կիւրճեան անունով թարմատի երիտասարդ մը, երբ գրիչը կ՚առնէր ձեռքը, այցուած էր կենդանի, իրաւ մարդեր, ցայտուն, աղաղակող մտավիճակներ ու յիմարութիւններ կամ առաքինութիւններ սեւեռելու սրբազան ցանկութենէն։ Շատ երիտասարդ, ան ընդարձակ փորձառութիւններ ունէր, անմիջական շրջապատէն ու մարդոց աներեւոյթ, բայց հաստատապէս զգալի ոգեղէն ոլորտէն։ Զուր տեղը չէ, որ հոգին կը կազմենք, յաճախ մեզմէ անկախ, թերեւս առանց մեր ուզելուն եւ գիտնալուն։ Դիւրին է վերակազմել « Մարտիկ Աղա » վէպին հոգեբանական անդաստանը, որ Աղեքսանդրիան ըլլալէ առաջ Պոլիսն էր ամենէն եղերական, յիմարախանդ տարիներուն (1895–1996), որոնք տարիներն են նոյն ատեն Միքայէլ Կիւրճեան անունով երիտասարդին ոգեղէն կազմաւորման։ Դիւրին է տակաւին այդ կազմաւորման հետեւիլ Աղեքսանդրիա, որ դէպի հարաւ փախած, ցատկած Պոլիս մըն է, մեծ գիծերու մէջ անայլայլ, բայց կլիմայի փոփոխութեամբ մը միայն երանգաւոր։ Միքայէլ Կիւրճեան, ըսել կ՚ուզեմ անոր տաղանդը իր սրտին մէջն է [1] ։ Ու պիտի մնայ տարիներ այդ տարրին մէջ։

/321/ Ու հիմա, ենթարկելէ առաջ « Մարտիկ Աղա » վէպին վաւերագրապէս իրաւ անձնաւորութեանց (Օտեանի վկայութիւնը չի հերքուիր) տարողութիւնը գրական գնահատման, ընթերցողը կը հրաւիրեմ սա տեսակ փորձերու.

1. Կարդալ Յակոբ Պարոնեանի «Նար-Պէյ»ը («ԱԶԳԱՅԻՆ ՋՈՋԵՐ»), իբր նմոյշ առնուած։ Ջնջել կտորին վերնագիրը ու տեղը դնել ինչ որ ուզէ, նոյնիսկ ամենէն շքեղ անունը։ Ու հետեւեցէ՛ք ձեր տպաւորութեան մէջ տեղի ունենալիք անհուն փոփոխութեան: Այդպէս փոխակերպուած, Պարոնեանի այդ էջը պիտի վերածուի հիմնովին տարբեր բանի մը, պահ մը ընդունելով, որ խորապէս տեղեակ ալ էր Խորէն եպիսկոպոս Գալֆայեան անունին տակ ապրած անձնաւորութեան ամբողջ պատմութեան, անոր գրական ու քարոզչական բովանդակ գործունէութեան։ Երեք քառորդ դար առաջ գրուած այդ էջը կ՚արժէ երեք հազար տարի ալ, իր խտացուցած յիմարութեան մարդկային փաստովը, այդ անունով պայմանաւոր այն պատրանքին ընդմէջէն, որ արուեստի գործերէն ոմանց համար անհրաժեշտ է։ Այսպէս, վերցուցէ՛ք այդ պատրանքը թատերասրահ մը լեցնող մարդոց հոգիներէն, դուք կը կործանէք խաղը։ Դրէ՛ք հիմա Մարտիկ Աղային իսկական անունը, ու վէպը լեցնող մարդերն ալ տարէ՛ք իրենց վաւերագրական ճշգրտութեան փաստին, դուք կ՚ունենաք համով, չարաճճի քրոնիկ մը, Աղեքսանդրեան բարքերէ, բայց երբե՛ք արուեստի գործ մը։ « Մարտիկ Աղա »ն արուեստի գործ է այն փոքրիկ փոփոխութեամբ, զոր նկատումները ստիպուած են ընելու մղել հեղինակը։ Այդ մարդերը կ՚արժեն իրենց տիպարային արժէքը, որ պիտի քննուի առանձին։

2. Ընթերցողը կը հրաւիրեմ դարձեալ բանալ « Հայկական նամականի »ն, որ 1860–ի մարդոց, առաջաւոր դասին, հաւաքավայրն է։ Անշուշտ յիմարներ չեն Մամուրեանի ջոջերը, բայց ունին իրենց յիմարութեան իւրայատուկ կերպերը։ Մամուրեան այդ մարդերը կը ճանչնայ թերեւս աւելի մտերիմ ընտանութեամբ մը, քան Մ. Կիւրճեան իրենները, որոնք աչքի ճամբով ու քիչիկ մը ականջով ստացուած փլաք ներ են։ Մամուրեան իր տպաւորութիւնը տալու ատեն /322/ պաշտպանութիւնն ալ կը վայելէ գրականին, որ նախնական, անսեթեւեթ, չըսելու համար անարուեստ եղանակն է դեռ հազիւ սկսած իմացական ջանքի մը։ Մամուրեան իրաւ, ապահով բառեր ունի իր զգայութիւնները հարազատօրէն թարգմանելու։ Կարդացէ՛ք Մամուրեանէն ու Կիւրճեանէն մէկ-մէկ կենդանագիր։ Երկրորդին ոճին մէջ արուեստը, այսինքն ըսելու ձեւին խնամքը գերազանց է նոյնիսկ դիտողութեան հաստատ բարիքէն։ Եւ սակայն, ի հեճուկս այս ամէնուն, ընդունելով հանդերձ, որ քաջատեղեակ էք, օրինակ, Թաշման ին . Պէշիկթաշլեան) ո՛չ միայն տաղանդին տարողութեան (գործը մէջտեղն է), այլեւ կեանքին ալ կարելի իրադարձութիւններուն։ Ձեր ընթերցումը հարկադրաբար պիտի սահի, այդ երկու էջին վրայէն, ուր բանաստեղծին կենդանագիրը կը փորձուի։ Չէզոք, չըսելու համար անտարբեր, տրամադրութիւն մը պիտի տեղաւորուի ընթերցումին եւ իրականութեան միջեւ։ Եթէ վերլուծող մըն էք, պիտի անդրադառնաք սա աղօտացման ազդակներուն ու թերեւս պիտի գտնէք ալ զանոնք։ Դուք հատորներ էք կարդացած « Առ զեփիւռն Ալէմտաղիի » երգիչին վրայ, զայն ձեր մտքի տունին շատ բնական մէկ անդամը ըրած, տարիներու յաճախանքով մը իր գործին հետ։ Ու կը զգաք յանկարծ, որ Մամուրեանի այդ մէկուկէս էջը ոչինչ է բաղդատուած այն մթերքին, որ զետեղուած է իբր տպաւորութիւն, ապրում ձեր ներսը Պէշիկթաշլեանէն։ Ու խելամտումը, սակայն, աւելորդ էջ մը կարդալու։ Նիւթը, այսինքն Մ. Պէշիկթաշլեան, ինքնին գրական թեմա մըն էր, ո՛չ թէ Կիւրճեանի մարդոց պէս փողոցի երեսին հանդիպելի թշուառութիւն։ Մատթէոս Մամուրեան առնուազն տանելի գրագէտ մըն էր։ Ձեր անտրամադրութիւնը Թաշման էն, նոյնքան իրական։ Մի՛ աճապարէք սակայն սա տհաճութեան զգացումներուն պատասխանատու նկատել Մամուրեանի գրական ընդունակութիւններուն տկար, միջակ կամ գերազանց աստիճանները։ Նոյնիսկ այն պարագային, երբ « Հայկական նամականի »ն գրուած ըլլար այնպէս, ինչպէս գրուած են Տիկին տը Սէվինյիի նամակները, այսինքն նամակներուն մէջ պատմապէս վաւերագրական անուններու իսկական գործածութեամբ մը, կացութիւնը պիտի չփոխուէր ի նպաստ՝ Մամուրեանի։ Մատամ տը Սէվինյիի գործը պատմութեան սպաս մը չէ անշուշտ, ո՛չ ալ վրէժխնդրական նպատակներու ծնունդ համապատկեր մը, ինչպէս է պարագան Սէն Սիմոնի յիշատակներուն, նոյն այդ դարէն ու պալատէն։ Բայց Տիկինին « Նամակներ »ը իրաւամբ արուեստի բարձր էջեր են։ Ո՞վ հանեց զանոնք այդ հրաշքին, եթէ ոչ կեանքը, բայց կեանք մը, որ Մամուրեանի, Կիւրճեանի հա/323/շիւներուն [2] եւ նպատակներուն համար ու համեմատ չըլլար չափուած կամ ձեւուած, այլ՝ ինք իրեն համար, ըսել կ՚ուզեմ այն պարզ, կնճռոտ, մաքուր կամ տղմաթաւալ կերպին համար, որով անցան օրերը այդ իշխաններուն եւ իշխանուհիներուն վրայէն։ Պատրանքը Մամուրեանի, Կիւրճեանի ու բոլոր նմաններուն կու գայ գրելու արուեստ կոչուած բանի մը վրայ տարապայման, եթէ ոչ դժբախտ հաւատքէ մը։ Վերցուցէ՛ք վիպական (ըսել կ՚ուզեմ վէպի թեքնիքով) շարդարանքը իրական մարդեր կաղապարելու ձեր եղանակին, դուք կ՚ունենաք մարդերը, միշտ անշուշտ առանց արուեստի, բայց առնուազն քիչ մեղաւոր, քանի որ վաւերագրականին պաշտպանութիւնը կը վայելէք, որ ինք իր մէջ արժէք մըն է, երբ երկու պարագային ալ, այսինքն վիպական յարդարանքով կամ առանց անոր, ձեր մեզի տալիքը անբաւարարութիւնն է կեանքին ամբողջական նուաճումին։

3. Կարդալ Արփիարեանի « Օրուան կեանքէն » վերնագրին տակ ձեր ամենէն չհանած էջերը։ Աւելի քան կէս դարով բաժնուած ենք Արփիարեանէն։ Կ՚առնեմ օրինակ մը Կիւրճեանի հրատարակած « Շիրակ » (1905, Գահիրէ, Եգիպտոս) հանդէսէն, Սիմոն Ֆէլէկեան ըսուած մարդու մը մահուան քրոնիկէն։ 1905–ին շատ քիչեր, պիտի յիշէին Դուրեանը սրբագրել յաւակնող այդ մեծ հայկաբանը, քերթողը։ Արփիարեան էջի մը վրայ սեւեռած է այդ մարդը, բայց հիմնական գիծերու հանդէսով մը։ Անշուշտ Սիմոն Ֆէլէկեան ըսուած ողբերգութիւնը չէ նուաճուած այդ մէկ էջին վրայ։ Բայց արուեստը ընտրութիւն է։ Ու բոլոր ողբերգութիւնները մարդոց վեր են մեր միջոցներով սեւեռելի ըլլալէ։ Արփիարեանի քրոնիկը բարիքը կ՚ընէ, այդ խտութեամբ, այդ իրաւութեամբ, աւելորդին ու մանրամասնին անխնայ յապաւումովը, կորուստէ փրկելու քանի մը գիծ, ինչ որ կարելի ծառայութիւնն է մեզմէ սպասելի։

Իրարմէ տարբեր մտայնութեամբ մարդոց կողմէ կատարուած սա սեւեռումները երբ կը փորձենք դատել, հարկադրաբար կը զգանք որոշ անհանգստութիւն որքան դժուարութիւն։ Կէս դար առաջ քա/324/ղաք մը տակնուվրայ ընող, կուսակցութեան մը պետերը իրարու դէմ լարելու չափ ազդեցիկ « Մարտիկ Աղա »ն այսօր իրականօրէն իրեն հաւատարիմ ունի իր միակ բարիքը, կարդացուելու իր առաքինութիւնը, որ այդ օրերուն յստակ արժանիք մը չէր այնքան, որքան երբ լռած են իր շուրջը այսօր ուրիշ աղբիւրէ ազդեցութիւններ։ Իրականութեան վրայ նմանահանուած մարդերը պարզ ու տկլոր մարդեր են ու շատ շուտով կը փոշիանան, եթէ չեն անցած արուեստին հնոցէն, որ խորախորհուրդ բառ մը չէ սա տողերուն վրայ։ Որ կը թելադրէ մեր անդրանիկ, խառն, հում տպաւորութիւնները, հասկնալի զիջողութեամբ մը, չխորանարդելի հաշիւ մեր այս ու այն շնորհներուն (ոճ, սրամտութիւն, սահունութիւն գոյներու ու գիծեր քաշելու եւ փակցնելու, հմտութիւն, անգթութիւն, մեծամտութիւն, բոլոր այն սպրիկ առաւելութիւնները, որոնք երիտասարդութեան կողմէ գործածելի միջոցներ են եթէ ոչ տուրքեր, իրենց տեղը նուաճելու աշխարհի սեղանէն), այլ ենթարկել զանոնք աւելի երկար incubation–ի, իւրացնել անոնց շուրջը արուեստին փրոթոփլազման, որպէսզի սնանին առատ ու աճին անարգել, ջերմանան ու կենսաւորուին։ Որ կը թելադրէ մանաւանդ այդ տպաւորութիւնները ազատագրել պարագայականին, թարմին, հետաքրքրականին սուտ, հաղորդական հանգամանքներէն, ամբողջացնել, ճարելով անոնց անհրաժեշտ ալ տեւողութիւն վերջնական բիւրեղացման ։ Այս գործողութիւնները գրքունակ ճնշումներ չեն։ Դարերու փորձառութիւնը կը կենայ անոնց պաշտպան։ Քրոնիկը, տպաւորութիւնը, իրենք իրենց լրագրական փառք մը կը լաստակերտեն։ Արուեստը հրաշքն է դարերու տիրապետումին։ Հեռու ինձմէ յիմար փառասիրութիւնը ապառնիին վրայ շահադիտութեան մը։ Ո՛վ որ կը սկսի « Մարտիկ Աղա »ն, խորունկ հաճոյքով մը կը տոգորուի առաջին էջերէն։ Շեշտ, կեանք, տալու արագ ու աշխոյժ եղանակը վաւերական խառնուածք մը կը թելադրեն։ Բայց այդ տպաւորութիւնը տակաւ կը տժգունի, քանի որ չի խորանար էջերուն հետ։ Կու գան մարդերը, իրարու ետեւէ, իրենց բազմազանակ յիմարութեան մէջ հետզհետէ դառնալով միօրինակ, տակաւ անտանելի, նոյնիսկ հեղինակը սա չարիքին։ Բայց ինքը, Միքայէլ Կիւրճեան, որ չի կասկածիր, թէ այդ աւանակներու ջոլիրը մենք ամէն ժամ կը հրմշտկենք կեանքին մէջ ու կ՚անցնինք, ըսել կ՚ուզեմ՝ չենք զբաղիր իրենցմով ։ Արուեստին ինչպէս կեանքին մէջ, անոնք շահեկան են, երբ իրենք զիրենք կամ զմեզ կը զանցեն: Ահա թե ինչո՞ւ յիմարանոցի մը բոլոր յիմարները ահաւոր ողբերգութեանց վկայութիւններ ըլլալով հանդերձ, այդ ողբերգու/325/թիւնը չեն կրնար թելադրել մեզի։ Մենք կ՚անցնինք անոնց մօտէն, արգահատանքի, յուզման պահերով ու փշրանքներով։ Բայց արուեստը մեզ կը նուաճէ, անոնց վրայով, երբ մէկը, երկուքը փռուին շերտ առ շերտ, մեր աչքին (ներքին) ու մենք տեսնենք անիւները, անուաշարքը, որոնք այդ խլեակը դէպի սա անդունդը առաջնորդեցին։ Մ. Կիւրճեանի « Մարտիկ Աղա »ն հոյակապ էջեր ունի գիտէ՞ք ո՛ւր։ Ո՛չ թէ Աղեքսանդրիա իր յիմարութիւնը այնքան անդիմադրելի գրաւչութեամբ մը պարտադրել փորձած ատեն, կամ երբ Փարիզները կը թափառի յեղափոխականները հալածելու կամ անոնցմէ քիթէն բռնուելու իր ծիծաղելի տկարամտութեանը փաստերով, այլ երբ Պոլիս է (այսինքն երբ Կիւրճեան կը յօրինէ անոր կերպարանքը իբրեւ վաճառական)։ Կիւրճեան անմոռանալի քանի մը էջերու վրայ քանդակած է այդ մարդուն կենդանագիրը։ Ու տարօրինակ է, որ այդ յաջողուածքը ան ըլլայ իրագործած առանց ծաղրանկարի նպաստի, ուղիղ եղանակով մը յարձակելով զանգուածին վրայ այդ մարդուն յատկանիշներուն։ Տիպարային սեւեռումներու մէջ երեւան բերած սա դրութիւնը, ճշգրտութիւնը, արագութիւնն ու կենդանութիւնը Կիւրճեանի մէջ կը թելադրեն բարուական (de mæurs) վիպողը, որ քանի մը պատիկ աւելի կ՚արժէ անշուշտ քան երգիծող վիպասանը, տրուած ըլլալով պարտադիր շրջանակը սեռին, ուր չենք արտօնուած մեր ուզածը ընելու, քանի որ յանձնառութիւններ ունինք ընթերցողին հետ: «Փորը թմբուկի պէս» առջեւը ձգած այդ մարդը Աղեքսանդրիոյ ծիծաղելի ֆանթոշը ըլլալէ առաջ նմոյշ մըն է Պոլսոյ աղաներէն, որոնք դասակարգ մը ողջուն ձեւելու չափ առատ էին, սանկ 1890–ական թուականներուն, ամիրաներուն կործանումէն ետք ճլդորած, փերեզակային իրենց ծագումը անյայտ ընելու տագնապին մէջ յաճախ ծիծաղելի, բայց որոնց տղաքը, ընտրովի՝ պիտի տային մեր իմացական սպասորեարը, աւելի ընդհանրովի՝ խանութպանը, մեծաքանակի վաճառականը [3] ։ Մարտիկ աղան ուրուային նմոյշ մըն է անոնցմէ։ /326/ Միտքը ինքնաբաւ (իրեն գործերուն հաշիւ բռնող), կռնակը հաստ, որոշ չափով ալ ունայնամիտ, այդ մարդը Պոլսոյ մէջ ազգային պատուակալ պաշտօններու յարմարագոյն թեկնածու, Աղեքսանդրիա արմատախիլ մէկու մը տպաւորութիւնը կ՚ընէ։ Իրաւ է, որ Միքայէլ Կիւրճեան զայն օժտած է արտաքուստ չնչին թուացող բայց ներսէն այնքան անհրաժեշտ մանրամասնութեանց գումարով մը, ուր երբեմն կը ներուի ճանչնալ մեր խստագոյն անձնաւորութիւնը: Բայց այդ խղճմտանքը չէ ծառայած բարերար դերի մը, քանի որ երգիծավէպին իսկ պատրանքովը, վէպին հիւսքն ու գնացքը ամրօրէն կաշկանդուած են, ու խստագոյն անձնաւորութիւնը ինքզինք արժեւորելու գետին չունի, բացի ծիծաղելիէն, որ միակտուր ու անայլայլ պայմանն է եղած վէպին։ Ամբողջ բանակ մը կայ երկու սեռէ յիմարներու այդ վէպին մէջ։ Անասնութիւն, գիշախանձութիւն, նախանձ, իրար չքաշել, իրար կործանելու չափ առաջ մղել հակառակութիւնները, ասոնք այդ մարդոց բնական, իրաւ յատկանիշներն են։ Երբեմն-երբեմն սանկ բարեսրտութիւն մը, ժամ մը կամ դպրոց շինելու յօժար։ Երբեմն ալ հեշտագին ընդունուած ծիծաղելիութիւն։ Անշուշտ։ Բայց Օտեան կը հաւաստէ թէ « Մարտիկ Աղա »յին անձնաւորութիւնները թափանցիկ չեն, թէեւ չարափոխուած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Միքայէլ Կիւրճեան իր վէպին համար հետապնդած էր ամենէն առաջ այդ թափանցականութիւնը, ուրիշ խօսքով՝ ծաղրանկարչի շահագրգռութիւն մը վարած է գրագէտին տաղանդը։ Նոր չէ, որ ուրիշներու հաշւոյն խնդալը պիտի սիրենք։ Այնպէս որ վէպը Մարտիկ Աղային վէպը ըլլալուն չափ վէպն է բոլոր այդ յիմարներուն։ Ըսի՞, թէ վէպին (այս) մէջ անոնք այդքանն ալ չեն, քանի որ հինցեր են, գործողութեան հետ առանց աղերսի, իրենց յիմարութիւնները քաշելու համար ծուղակը քաշուած։ Նման զգացում մը դժբախտութիւն է սակայն, քանի որ ուրիշներու համար գրած կ՚ըլլանք մեր վէպը։ Մի՛ շփոթէք անանձն կամ առարկայական պատկերացումը, որ տարբեր աշխատանք է բոլորովին։ Այս ու այն մասնաւոր անձը վաւերագրական արժէք մը ունի երբ ողջ է, մեր վէպին ճարելով իրաւին բարիքը։ Բայց նոր չէ, որ արդար արուեստը չի տառապիր իրաւով։ Անիկա կը գոհանայ ի /327/ րաւանմանով, ճշմարտանմանով (vraisemblable): Արդարեւ, իրաւը ինքզինք կը պարտադրէ մեզի, բայց մէկ պայմանով։ Անիկա պարտաւոր է աւելի ըլլալ քան իրաւը: Այս աւելին է, որ պիտի դիմանայ երբ չըլլայ իրաւը ։ Ահա՛ թէ ինչո՛ւ մենք, երբ այսօր կը կարդանք « Մարտիկ Աղա»ն, երբեք չենք հետաքրքրուիր անոր վաւերականութեան մագաղաթներովը։ Հոն երեւցող հիւրերն ալ մեզ կը հետաքրքրեն աւելիին այն աստիճանովը, որ դրուած է անոնց յօրինման մէջ։ Օտեան կը պատկերէ մարդոց իրարանցումը վէպին մէջ իրենց կարգին սպասելով։ Միքայէլ Կիւրճեան սա հեշտանքին զոհած է իրաւ, մեծ վէպի մը փառքը։ « Մարտիկ Աղա »ն սովորական սաթիր մըն է, որ ոչ բարքի տախտակներով, բայց անբաւարար դասակարգ մը պիտակելու: Կեդրոնական անձնաւորութիւնը իր ունայնասիրութենէն դուրս ուրիշ ոչ մէկ զսպանակ բերած է գործողութեան։ Նոյնքան անբաւական տիպար մըն է վէպին երկրորդ անձնաւորութիւնը, յեղափոխական գործիչ Սուրեան: Այս ալ նմանահանուած, ինչպէս կը հաւաստէ Օտեան։ Արդ, 1900–ի յեղափոխական վարուելակերպը, որոշ մասերով, այդ մարդուն միջոցով տեսանելի է վէպին մէջ։ Բայց որքան քիչ` տիպարը լման հագնելու։ Չեմ դատեր այդ ոչնչութիւնը (որուն մեղքը իրը ըլլալէն առաջ ծնողքինն է սակայն, այսինքն Կիւրճեանին)։ Ո՛չ վիպային է ան, ըսել կ՚ուզեմ՝ ներկայացուցչական գիծերով մարդ մը, որ գործէր, համաձայն ծանր մղումներու։ Այդ օրերուն ատրճանակով շանթաժը կրնար ընթացիկ ըլլալ յանուն յեղափոխութեան, բայց ոչ ծիծաղելի։ Սուրեան վէպի հերոս մը չէ։ Ու չէ ծաղրանկարային ալ հերոս մը, զոր աւելորդ է պիտակել փորձել։ Թելադրելէ առաջ Փանջունին, կը ղրկեմ ձեզ Երուխանի գծած մանկավարժին Ամիրային աղջիկը »)։ Անշուշտ կայ Խրիստոֆը Արփիարեանի։ Երուխանի մանկավարժը կը խորհիմ, թէ d՛après nature յoրինում մըն է, որ թէեւ մայր գործողութեան վրայ դուրսէն շուքի մը պէս կ՚երեւի, բայց վիպողին տաղանդովը չէ վերածուած հիւրի, խամաճիկի դերերուն, ինչպէս են « Մարտիկ Աղա »յի մէջ բոլոր անձնաւորութիւնները, բացի իւսկիւտարցի վաճառականէն եւ շանթաժիստ յեղափոխականէն։ Կովկասահայ գանկաչափը ունի դեր մը կեղծ ու կէս բժիշկին իմացական կազմաւորման մէջ։ Ո՞վ է այդ Սուրեանը։ Հարիւրաւոր շանթաժիստներ կ՚ապրին այս աշխարհի երեսին, առանց իրենց մտքէն անցընելու ձգել իրենց գետինը, նետուելու համար վէպին սահմաններէն ներս, ուր դժուարութեան կը մնան ենթակայ, իրենք զիրենք մարսելի ընելու։ Կրկին կը հարցնեմ, ո՞վ է այդ Սուրեանը, որ հարուստի աղջիկ մըն ալ գլխէ հանելու չափ /328/ տաղանդ ունի, բայց կը մնայ հում, ըսել կ՚ուզեմ՝ հնոցէն չանցած բախտախնդիր մը։ Զինք այդ աստիճան իսկ ձգողը, կը կարծեմ, իր վաւերագրական հարազատութիւնն է։ Ու աւելի՛ն. ջնջեցէ՛ք այդ Սուրեանը, վէպը կը շահի ։ Ջնջեցէ՛ք հիւրերը, վէպը կը թեթեւնայ ։ Միքայէլ Կիւրճեան, իբր վաւերական արուեստագէտ, պարտքին տակն էր կասկածելու այս ամէնը ու ըստ այնմ յօրինելու իր մարդերը, որոնց պարագայական հարազատութիւնը զինք պարագայապէս բաւարարելու միայն էր ընդունակ։ Քառասուն տարի վերջ այդ գոհացումը ա՛լ խնդրոյ նիւթ իսկ չի կրնար ըլլալ։ Կը կարդանք « Մարտիկ Աղա »ն ու կը խորհինք շատ ուրիշ բաներու, այսօր մեզի համար այլապէս թանկագին ընկերութեան մը համապատկերէն (քանի որ բացի երգիծանքէն, ուրիշ նպատակի չեն ծառայեր այդ մարդերը երկրորդաբար, երբ կու գան ու կ՚երթան, իրենց բարոյական, մանաւանդ ֆիզիքական պատկերները ժուռ ածելով), քանի մը հզօր զգացումներու իբր բախման կեդրոն (Սուրեան չի զգար իր պիտակը, յեղափոխութիւնը, « Մարտիկ Աղա »ն ո՛չ մէկ իրաւ կրական վիճակ կը պարզէ վէպին ընթացքին, ուր արդէն ուրիշներ իրենք զիրենք ցուցահանդէս հանող յիմարներ են եւ սնապարծութենէն դուրս ոչինչ ունին իբրեւ հոգեյատակ), առնուազն ամուր, տիրական մտայնութեան մը նուաճման բարիքէն (որ շատ իրաւ կերպով մը գոյ էր, այս դարուն սկիզբը, երբ մեր մտաւորականութիւնը ազգային զգացումը ենթարկած էր մոլեգնութեամբ մասնաւորուած կիրքի, կուսակցական տարակարծութիւնները՝ արեան հարկի, մեր ժողովուրդը ինքզինք կ՚ուտէր, նոյն կատաղութեամբ ըլլալով լեցուած թուրքին, ինչպէս յեղափոխական հայուն դէմ ), այս բոլորը հասողութեանը տակ Կիւրճեանի տաղանդին։

բ. Վէպը կրճատուած է Հնչակեան Կուսակցութեան Աղեքսանդրիոյ մասնաճիւղին միջամտութեամբը, ըստ Օտեանի վկայութեան՝ կէսէն աւելիով ։ Կը մնայ զեղչուածին ազդեցութիւնը գնահատել հրատարակուածին վրայ։ Երբեմն այս գիծէ կրճատումներ կը սպաննեն գրուածք մը։ Այսպէս թլփատումներ էին թուրք գրաքննութեան կողմէ կատարուած անդամահատումները հայ գրողներու յօդուածներէն։ Թուրք գրաքննութեան չափ անողոք էր անշուշտ կուսակցական գրաքննութիւնը Կիւրճեանի վէպին վրայ։ Թէ այդ վանտալութիւնը կտրտած ու մէկդի նետած է վէպին մարմինէն մասնաւորաբար շատ թափանցիկ անձնաւորութեանց կենդանագիրներ եւ կամ շատ ծանօթ իրողութեանց վերարտադրութիւնը, կը մնայ դուրս ստուգութենէ։ /329/ Այսպէս անդամահատուած, այս վէպը անշուշտ որ արդարօրէն պիտի ընդվզէր ամէն վճիռի ընդդէմ։ Բայց կայ պարագայ մը, այս ալ նոյնքան արդարօրէն ծանրակշիռ հետեւանքներով։ Մ. Կիւրճեան տակաւին այսօր իսկ ի վիճակի էր վէպին ամբողջութիւնը հրատարակելու։ Չէ ըրած այս պարտքը, ծնունդ տալով երկրորդ կասկածներու շարքի մը։ Կ՚աւելցնեմ, որ գործին վրայ կատարուած (խմբագրական կարիքներու համաձայն եւ ո՛չ թէ արտաքին ճնշումով) կտրատումներ երբեմն բարիք են, հեղինակին թուլութիւնը (ընդդէմ իր տուրքին) լայնօրէն հակակշռող։ Հանդէսի կամ թերթի վարիչ մը յաճախ ընթացիկ մտայնութեան մօտէն հաղորդ մէկն է ու գիտէ իր ընթերցողներուն միջին ճաշակը, միշտ հեղինակէ մը աւելի իրազեկութեամբ։ « Մարտիկ Աղա »յին վրայ գործադրուած գործողութիւնը կրնա՞ր պատկանիլ սա վերջին մտահոգութեան։ Գաղտնիք։ Այս հաւասարապէս հաւանական զոյգ կարելիութեանց առջեւ վճիռ մը պիտի ըլլար ծիծաղելի, առանց քանի մը բացառիկ ցուցմունքներու նպաuտին ու կշիռին։

 

գ. Այդ ցուցմունքներէն մէկը ձեռագրին գոյութիւնն էր վէպին հրատարակութենէն տարիներ ետքը։ Ի՛նչ ալ ըլլային նկատումները Մ. Կիւրճեանի (ընդունելով հանդերձ, որ ան Աղեքսանդրիա չունէր իր ձեռագրին ամբողջական օրինակը, չենք կրնար հերքել ասոր գոյութիւնը Բաշալեանի մօտ, որ իբրեւ խմբագիր expert մըն էր ձեռագրային արժէքներու), դժուար է զանոնք հաշտեցնել վէպի հրատարակուած պատկերին դժբախտութեան, քանի որ քառասուն տարիներու անջրպետի մը վրայ վէպը չէ դարմանած այդ անդամահատումին ենթադրեալ հետեւանքները։ Իրողութիւն է ուրեմն, որ Կիւրճեան ուրացած է այդ կրճատուած մասերուն վրայ իր հայրութիւնը։ Աւելի՛ն. չէ պահանջած ետ, այդ բզկտուած կերպարանքին ներքեւ, ձեռագիրը, որուն վրայ հեղինակներու համարումը, գուրգուրանքը, երբեմն կատաղի տարփանքը մօտիկէն կը յիշեցնեն ստեղծումի արարքին մթին գոյութիւնը, կիրքը։ Մ. Կիւրճեան, ըսի, այդ վէպին հրատարակումէն մինչեւ այսօր չէ դադրած արեւմտահայ գրականութեան իր դարպասէն։ Իմ բոլոր իրաւունքիս մէջ եմ, երբ հոս կը պահանջեմ հեղինակէն առնուազն հայրական զգացում մը այդ դժբախտ ծնած անդրանիկ զաւկին վրայ։ Կէս դարի մօտ ժամանակ է անցեր այդ հերոսական օրերէն։ « Մարտիկ Աղա »ն ո՛չ միայն նոր կեանքէն չէ ազատագրած իր կոշկոճեալ մարմինը, սեպհական դամբարանի մը պատուին համար բան մը, որ տեսակ մը լիւքս ալ հայթայթելու /330/ էր առաջին դժուարութիւնները ընդոտնող եւ որոշ վարկի բարձրացած հեղինակին այլ չէ տառապած իր անդամահատութեան տառապանքը [4] ։ Ցաւերուն ցաւն է հեղինակի մը համար իր գրուածքին սա ճակատագիրը։ Չօպանեան քրոնիկներ պիտի չվարանէր նուիրել ինիսունական թուականներուն գրաքննութեան կողմէ մորթուած ածականի մը վերահաստատումին համար։ Մենք տեսանք, թէ ի՛նչ գուրգուրագին հպարտութեամբ մը, Տիգրան Կամսարական, այդ ինիսունական թուականներուն « Մասիս »ի մէջ լոյս տեսած իր մէկ պատմուածք–պատկերին Ջրհանի մը պատմութիւնը », Յարօ ) հարազատ բնագիրը վերստին յանձնեց մամուլին (յետպատերազմեան « Ա /331/ նահիտ »), յուզիչ բացատրականով մը։ Բաղդատութիւնը ո՜վ ողբերգութիւն շնորհակալութեան զգացում մըն էր, ընթերցողին մօտ… գրաքննութեան, որ, առանց ուզելու, կատարած էր սրբազան սրբագրութիւնը։ Ասիկա ո՛չ չարութիւն է իմ կողմէն, ո՛չ ալ չարամտութիւն։ « Մարտիկ Աղա »յին համար իմ փափաքը պիտի ըլլար intégral վերարտադրումը 1900–ի հոգեբանութեան։ Վերակազմուած, իր սկզբնական կերպարանքը հագած « Մարտիկ Աղա » մը շահ մըն էր մեր գրականութեան, փաստ մը Մ. Կիւրճեանի անկայուն բայց իրաւ տաղանդէն։ Այն պարագային, երբ սա չկամութիւնը կու գայ հեղինակին իսկ խստապահանջ, խղճահար ճաշակէն, մեզի կը մնայ ընդունիլ լռելեայն կատարուած ու ասպետօրէն պահուած սա հերոսութիւնը, այս անգամ առանց ցաւի, տագնապի։ Նոր չէ, որ գիտենք յետ մահու կոչուած գիրքերուն ճակատագիրը։ Գրեթէ միշտ անոնք այդ ճակատագիրները իրենց հետ կը բերեն։

 

դ.. « Ազգ »ի մէջ « Մարտիկ Աղա »ն նոյնութեամբ (այսինքն « Նոր կեանք »ի մէջ լոյս տեսած կերպարանքով) հրատարակումը արտօնող ոգի՞ն։ Մ. Կիւրճեան տարօրինակ գրագէտ մըն էր։ Մեր գրականութեան իր մուտքը փորձանքով մը ընող սա երիտասարդը ինչո՞ւ չեղաւ բաւական արիասիրտ, իր գործը այդպէս այլանդակուած, անդամահատ ուրիշ անգամ մըն ալ իրեն մատուցուած տեսնելու։ Կը հարցնեմ ու կը լռեմ։ Մեր գրականութիւնը աւելի չի կրնար զբաղիլ գործերու անեքտոդիկ հանգամանքներովը։ Իմ վերաբերումը կը ջանայ մտայնութիւնը սեւեռել գրողներուն ինչպէս ընթերցողներուն։ Երբ ինք գրողը կ՚անգիտանայ այս կարգի տագնապանք մը, ինծի կը մնայ լռել։

Այսպէս թէ այնպէս « Մարտիկ Աղա » վէպը մեր գրականութեան մէջ ո՛չ միայն պատմութիւն մը ունի, այլեւ ունի իրեն հետ կապուած աւելի կարեւոր անդրադարձումներ։ Փրկած է մարդեր, մտայնութիւններ, ճաշակներ, պահեր ։ Ասոնք քիչ անգամ հաստատելի իրողութիւններ են, մանաւանդ անաւարտ, հաշմանդամ ծնած գործերու վրայ։ Իրաւ է, որ Մ. Կիւրճեան կը վայելէր բոլոր պատեհութիւնները կատարեալ գործ մը ընելու այդ երիտասարդական բախումը ու մեր գրականութեան մէջ բարձրանալու մեր մեծ երախտաւորներու շարքին։ Չէ այցուած նման փառասիրութենէ մը։ Ա՛լ չեմ փաթթեր մատի սա ընկրկումը։ Իր խեղանդամ պատկերին տակն ալ « Մարտիկ Աղա » յաջողած գործ մըն է։

 


 



[1]     1922–էն ետք Պոլիս մը մենք տեսանք դարձեալ Փարիզ։ Մէկէ աւելի էին տաղանդները, որոնք 1918–1922 Պոլսոյ մէջ կազմաւորուած, հետեւեցան մեր մտաւորականներու փախուստին ու երեսուն հազարի մօտեցող զանգուածի մը հետ, ինկան ստուերներու եւ լոյսին մայրաքաղաքը։ Ունեցանք այդ տաղանդներուն մէջ վիպողներ, որոնք այդ տարօրինակ միջավայրին մէջ հասունացան բացառիկ արագութեամբ, բայց օտար բարձի վրայ (բառին տուէք հողային իր իմաստը)։ Արդիւնքը այն եղաւ, որ « Նահանջը առանց երգի »ն, « Արեւ արեւ »ը, աւելի ուշ « Մեր կեանքը » (նկատի չեմ առներ Վազգէն Շուշանեանի վէպը, որ միշտ անաւարտ մնաց։ Միւսները, Ն. Սարաֆեան, Պ. Զարոյեան « Փորձ »էն դեռ չեն սղագրած իրենց ստորագրութիւնը։ Որբունիին « Փորձը » կէս հասած խնձորի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէ վրաս) օտար ծնունդներու կը նմանին, իրենց գեղեցկութիւնը, նոյնիսկ կատարելութիւնը, անկեղծութիւնը կարծես կ՚անցնին մեր ընկերութեան միջին ընկալչութիւնը։ Չեմ երթար առաջ, զանոնք բոլորովին օտար հռչակելու, ու ատով նետելու ֆրանսական վէպին ծովին մէջ, ուր պիտի ընկլուզէին անվերադարձ: Փարիզը Աղեքսանդրիա չէր։ Մեր երեսուն հազարը լուծուած էր վեց միլիոնի մէջ։ Ու արուեստագէտը չէր պաշտպանուած։

[2]     Կ՚ենթադրեմ, թէ տպագրական պայմանները դեր ունեցան Մամուրեանի կերպին մէջ։ Այդ օրերուն նոր սկսած քրոնիկը չէր կրնար կեանքը ամբողջութեամբ նուաճել յաւակնիլ: Վէպ մը, թէեւ փորձիչ, բայց կը պարզէր դժուարութիւններ (աւելի վերջ « Սեւ լերին մարդը » իր՝ վրիպանքովը կ՚ընէ բացատրելի սա զգուշաւորութիւնը)։ Նամակը հաղորդ էր կեանքին, բայց մարդիկ չէին կասկածեր, կեանքին մէջն իսկ ըլլալուն, անոր անբաւարարութենէն իբր վկայութիւն: Կիւրճեան նամակներու տեղ կենդանագիրներու փառքէն կը թուի ընկճուած ըլլալ:

[3]     Որ սեւեռուած չէ արեւմտահայ վէպին մէջ։ Խոնարհներ, արհեստաւորներ (Բաշալեան, Երուխան), տէրտէր կամ թաղական (Օտեան), ամենէն աւելի կիներ, իրենց տեսակներուն, աստիճաններուն առատութեամբը (Տիւսաբ, Սիպիլ, Եսայեան), քանի մը աղջիկ, երբեմն փաստաբան կամ պէյի կտոր մը բայց ոչ վաճառականը, որ թերեւս միակ ամբողջ տիպարն է Պոլսէն սեւեռելի, անոր բացառիկ ծնունդը ըլլալուն։ Կրնաք մեծազօրը ունենալ նկատի, Կեսարական կամ Ակնեան ծագումով, որ Զօհրապի բառովը «բոպիկ» պիտի իյնայ Պոլիս ու Իւսկիւտարի մէջ ապարանքի մը տէր իբրեւ պիտի դամբանախօսուի մեռած ատենը: Կրնաք աւելի անդին ալ նայիլ, հսկայ տուներու վարիչներուն, սովորաբար վերի տիպարին երկրորդ սերունդէն, քանի մը լեզու գրող ու խօսող, բայց որուն մասնագիտութիւնն է փիացան, պասման, ճերմակեղէնը։ Մեր վէպը այս մարդերէն շուքեր միայն ուրուագրած է։ «Մարտիկ Աղա»յին մէջ դասակարգին ծաղրանկարը վտանգած է դասակարգին իրական նկարը։

[4]     Մ. Կիւրճեան չէ զիջած հատորին փառասիրումին։ Համաձայն եմ հոս իրեն, երբ նկատի կ՚առնէ երակային խաչագողութեան ամօթանքն ու մեղքը: Իր վիպակները բաւ էին սակայն նիւթ ճարելու կանոնաւոր հատորի մը, ճիշդ ինչպէս ըրած են իրապաշտները։ Կայ փաստը «Փրկանքը»ին, որուն ձեռագիրը տեսեր ու կարդացեր եմ կամսարականի մօտ: «Չարշըլը Արթին Աղա»ն անշուշտ ամէն էջ շքեղօրէն շահարկող Օտեանին շահագործումին ձգուած անդաստան մը նկատող Կիւրճեանը ո՞ր պատրանքներու, դառնութիւններու հակահարուածը կը վճարէ, երբ այնքան դիւրին էր իրեն համար գիրքին հմայքովը տարուիլ։ «Մարտիկ Աղա»ն, իր ամբողջական կերպարանքին մէջ ի՞նչ ունէր, ունի վախնալիք։ Չեմ զառածեր ենթադրութիւններով։ Կ՚ըլլամ աւելի պարկեշտ, աւելի մարդկային սա զանցառութիւնը արդիւնք նկատելով հազար ու մէկ չնչին կամ ծանր հոգերու, որոնք մեր օրերուն վրայ իրենց շուքը կը բեռցնեն, մեզ ընելով անտրամադիր քիչ մը ամէն բանի։ Իր բարեկամներէն Լեւոն Բաշալեան չէ՞ մեղաւոր նոյն մեղքով։ Ան ալ անցած է փառքէն, համբաւին ինչպէս դրամին։ Կովկաս իր նորավէպերը վերստին հրատարակող գրագէտը անկարո՞ղ էր անոնց հաւաքումը կատարել մէկ ծածքի տակ։ Արփիարեանին ալ ուրիշ չէ մեղքը։ Իր վիպակները ուրիշներու կողմէ հատորուած խաչագողական ձեռնարկներ են։ Գիրքի հանդէպ սա արհամարհանքը, էապէս լրագրական, Կիւրճեանի մօտ չի պաշտպանուիր ասպարէզին հարկադրանքներէն ալ։ Ու կու գամ հիմնականին: Մ. Կիւրճեան չի՞ հաւատար իր գործին (ինչպէս կ՚ենթադրեմ, թէ էր իրականութիւնը Տիկին Սիպիլի քերթողական տառապանքին, երբ անզուգական բանաստեղծուհին ոչ մէկ գնով արտօնեց «Ցոլքեր»էն (1901) ետք իր հրատարակած բազմաթիւ քերթուածներուն ուրիշ հատորով մը հրապարակ գալը), գէթ «Մարտիկ Աղա»յի խորունկ արժէքին, անոր զլանալով ահա քառասուն ու աւելի տարիներու վրայ, գիրքի մը ամենէն սրբազան իրաւունքը, երբ մանաւանդ այդ գիրքը զաւակն ալ է հարուստի մը։ Իմ փափաքն էր հերքուիլ։ Հայ գրականութիւնը, կ՚ենթադրեմ, որ աղուոր թիւ մը կ՚ունենար աւելցած իր քիչ արժէքներուն rayon-ին։