Հեղինակ

Բաժին
Alishan  

Թեմա
Epistles  

1900

2197.

Մեսրոպ Արք. Սմբատեանին [1]

Ս. Ղազար, 14 / 26 Յունուար 1900

Արհիապատիւ Տէր,

Այս ի՜նչ անակնկալ եւ ուրախարար լուր է՝ զոր կ՚աւետէք, զգալի դիմօք երեւել մեզ ի կղզեկիս պանդըխտութեան, յերթալդ կամ ի դառնալդ ի Ս[ուր]բ Տեղեաց [2]. մասն ուխտիդ համարելով զայդ փափագ՝ սրբազան իմն համարիմ, եւ սպասեմ անձկանօք, յաջողութեամբ Ա[ստուծո]յ, շնորհելով Ձեզ զօրութիւն եւ քաջողջութիւն՝ յերկար ուղեւորութեանդ։ Ձեր ազնիւ եւ ջերմ զգացումն մեր նուաստութեան վրայ՝ ոչ փոքր քաջալեր եւ մխիթարութիւն է մեզ. եւ այդպիսի Բարձրապատիւ եւ խոհական Բարեկամի տեսութիւնն՝ բաւական ընդդէմ այլատեսից եւ այլախոհից բազմաց։

Գուցէ յառաջ քան զգիրս այս ընդունած էք տարւոյս « Բազմավիպի» առաջին պրակը. իսկ անցեալ տարիներու ո՞ր թիւք կամ հատորներ կ՚ուզէք, հրամեցէք գրել որոշակի եւ իսկոյն ղրկուին՝ ուր եւ նշանակէք։

Խնդիր մ՚ունիմ զոր Ձեր ախորժակաց այլ հաճոյ համարիմ. օրերումս օրագրաց մէջ եւ դուրս՝ մեր ազգային եկեղեցւոյ առաքելականութեան վրայ վիճուի, որոյ լուծման մեծ նպաստ կրնայ ըլլալ ասկէ՝ 32 տարի առաջ Աթոռոյդ Արարատ [3] օրագրի Ա. տարւոյ թերթից մէջ հրատարակեալ յօդուած մի, զոր հրատարակողն (ո՞վ է) կ՚ըսէ, Բարեյիշատակ Գէորգ Կաթողիկոսն հետը բերեր է ի Կ. Պօլսոյ առեալ ի Միհրդատեան [4] բանասիրէ, երեք թուղթ մագաղաթեայ, որոյ բնագիրը գրուած իբր Հայոց ՂԸ թուին՝ գտեր եւ օրինակեր է Զաքարիա Արքեպ[իսկոպո]ս Արտազու ի ՉԼԸ –Թ թուին, յորում յիշին յանուանէ յաջորդք Թադէի՝ հինգ, անընդմէջ յաջորդութեամբ, եւ այլք նոյնպէս յաջորդք ոմանք Բարդողիմեայ Առաքելոյ. Անուանքն՝ շատն զուտ հայկական, թուականքն այլ յարմար, բայց շարաբանութիւն լեզուին ոչ երեւի զուտ հայկական եւ այս տարակոյս տայ [5]: Արդ իմ խնդիր է ի Սրբազանէդ, տալ քննել եւ գտնել այդ երեք թղթերը կամ մագաղաթները եւ մաս մի, քանի մի տող, կամ կէս էջ՝ եթէ հնար է լուսատպել (ֆոթոկրաֆ) կամ ճարտարի մի ձեռօք յար եւ նման ընդօրինակել եւ խաւրել նուաստիս, որ ի ժամուս այս խնդրոյ պարապիմ. իսկ եթէ հնար էր, երանի՜ թէ ինքդ Տէրդ՝ ի ծոցիդ դնելով բերէիր տայիր ինձ ի ցոյց եւ ի քննութիւն, զոր եւ ես համարէի իբրեւ ի Սինայէ իջեալ պատգամաբեր եւ աւետաբեր [6] ։

Խորին յարգանքս մատուցանելով Ձեր միջնորդութեամբ առ Ամենապատիւ Հայրապետն, եւ ապա Ձեր Արհիապատիւ Տէրութեան, ակն կալեալ մնամ

Ն[ուաստ] Ծառայ եւ աղօթարար
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր]
Կ[ուսին]

2198.

Կարապետ Կոստանեանին [7]

Ս. Ղազար, 1 Մայիս 1900

Հրաւէր յոբելեան հանդիսի [8].

Նոր Ի-րդ դարուս հետ կը սկսի Գ. դար Մխիթարեան Ուխտիս, զոր երջանիկ Հայր մեր հաստատած է Աստուծոյ եւ Աստուածամօր նախախնամութեամբ յ8 Սեպտեմբերի 1701 տարւոյ: Փափագելով այս երկուհարիւրամեայ Յոբելինի յիշատակը ըստ կարի մերում եւ ըստ տկարութեան արժանաւորապէս կատարել [9], ի միջոցի լրման եւ յարման երկու անցեալ դարուց եւ Գ-ին, յ8 Սեպտեմբերի 1901, պարտք երախտագիտութեան համարիմք՝ ոչ միայն ծանուցանել մեր պատուական ազգայնոց, որոց բարոյական օգտին նուիրած են Հայր մեր Մխիթար եւ իր որդիքն իրենց նպատակը, ջանքն եւ աշխատանքը, այլ եւ համարձակիմք խնդրել իրենց բարեյօժար կարելի նիւթական նպաստը, ի պէտս (ծախուց) պատրաստութեան հանդիսի եւ մնայուն յիշատակաց յոբելինին, որոյ համար այլեւայլ գրաւոր վայելչազարդ գործք առաջարկուած եւ սկսուած այլ են ի հրատարակութիւն, ի պատիւ Նախահօրս մերոյ եւ ի վայելս զինքն եւ իր գործը յարգողացս, որոց ընծայաբերութեան կամ տըրից համեմատ կ՚ելնէ իրենց այլ մասն՝ այն հրատարակեալ յիշատակներէն եւ անկարողաց այլ նպաստելու մնան ձրի բաշխելիք ինչ:

Եթէ լռութիւն ազգիս հայոց՝ յիրս ինչ տարբեր տեսութիւն ունեցեր է եւ ունի, սակայն հարկ է խոստովանիլ, որ գրեթէ առհասարակ ազնուապէս միաբաներ է այս երկերիւրամեայ շրջանին մէջ, ի յարգութեան առ Հայր մեր Մխիթար, ճանչնալով զնա մի ի գերագոյն բարերարաց, երախտաւորաց եւ պարծանաց իւրոց, որոց համաձայն օտարազգիք անգամ տեսողք իր կանգնած եւ կանոնած վանաց եւ վարժից, վկայեն գովութեամբ եւ զարմանօք:

Չեմք տարակուսիր, որ այս նոր երրորդ դարուս սկզբան եւ ընթացից մէջ այլ նորոգէ Հայրն Մխիթար իր եռաշնորհ հոգին, աստուածսիրութեան, ընկերսիրութեան եւ իմաստասիրութեան՝ յՈրդիս իւր եւ ըլլայ անդադար բարեխօս վասն ազգիս, ձայնակցելով իր եւ մեր նախնի երանաւէտ Ս[ուրբ] Հարց Լուսաւորչաց Հայոց:

Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան

2199.

Գաթինկոյ [10] Ալիշանին

Ս. Ղազար, 2 Մայիս 1900

Սիրելի Քուրիկ,

Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի.

Մի՛ ըսեր թէ ուշացայ. քառասուն օր կը տօնեմ. Քրիստոսի Յարութիւնը, շնորհաւորելու եւ ուրախանալու ժամանակ ունիմք. ամէն կիրակի օր այլ Քրիստոսի Յարութեան յիշատակ է. պէտք է ուրախանալ Քրիստոսի հետ ասանկ օրեր, ինչպէս եւ երբեմն տրտմիլ իր չարչարանաց եւ խաչելութեան համար. եւ մեր ցաւերուն համբերել իր սիրուն համար. ցաւերն քիչ ուշ քիչ շուտ կ՚անցնին, սէրը միշտ մնայ։

Գիրդ շատ հաճոյ եղաւ ինձ. սիրելի քրոջ պէս գրեր էիր, ես ալ ընդունեցայ սիրելի եղբօր պէս. բաւական լաւ լուրեր այլ տուեր էիր, մեր եղբօր եւ քեռորդւոց վրայ. յուսամ որ Մայիսի օդով եւ կաթով՝ աւելի աղէկ առողջ ըլլան. դու այլ բարի օրինակ տուր այս կերպով. ես այլ, փառք Աստուծոյ, հանգիստ եմ, տարի տարուան վրայ շալկելով։

Քեզ պատկերիկ մ՚այլ խաւրեմ, որ մէկալներու քով դնես, մէկ մի մանուկ Յիսուսին նայիս, մէկ մի մօրը, մէկ մի Ս. Յովսեփայ. վարի հրեշտակաց մէջ այլ Սերովբէներ Քերովբէները փնտռես անոնցմէ մէկուն գլխամազերուն վրայ կապոյտ կապ մի կայ. ի՞նչ նշանակէ։

Հիմայ յանձնեմ բարեւներս, նախ մեր եղբօր, թէ եւ միտք ունիմ իրեն այլ գրելու. ապա Տիրուհի քեռդստեր [11], եղբօրն եւ որդւոց. ապա քու Էլպիսիդ եւ իր եղբօր Պր. Յակովբայ, որոյ յանձնէ իր վրայ գրածս. որ ինձ ալ յանձնուած է խաւրելու մեր հին եւ պատուական ծանօթից եւ աշակերտաց մեր վարժարանաց. ինքն իր գիտցածն ընէ։ Հաշիւ մի ունէր մեր եղբօր հետ. սա գրեց ինձ թէ գոցեր է այն հաշիւը, տալով իրեն հաւաքում մի բիւզանդական հին դրամոց. յուսամ որ հիմայ Յակոբիկ աղայն այլ հանգչած է. զիս այլ հանգչած սեպէ՛ այդ հոգէն։

Փափագելով Քու հանգստեանդ այլ, որոյ կարծեմ կ՚օգնեն կղզիներու օդերն եւ սիրելիներուդ ընկերութիւնն, մնամ

Աղօթարար եղբայրդ
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2200.

* Հ. Մատաթիա Վրդ. Չոտոյեանին

Ս. Ղազար, 23 Մայիս 1900

Սիրելի եւ Պատուական Հայր,

Յամսոյ հետէ ընկալեալ եմ զգրեալդ ի 25 Մարտի. սպասէի գրութեան դասակցիդ, Պ[ատուական] Հ[օր] Ստեփանոսի, այլ արդ տեսեալ զի յապաղէ նա, գրեմ զհամառօտս, եւ խնդամ զի պատրաստ ես լսել եւ առնել ըստ պատուիրանի Աբբահօրս, ընդ կալ եւ ընդ դառնալ այտի ուր եսդ այժմ. եւ միշտ այդպէս եղիցիս:

Վասն Ձեռագրաց՝ զայս ինչ ասեմ. նախ, զորս ոչ կարես գնել կամ ստանալ, ընդօրինակեա ողջամբ զյիշատակարանսն, առանց համառօտելոյ, որպէս զայն Աւետարանին զոր ասես գրեալ ի ՌԻԶ [1577] թուին ի Թլավանս. արժան էր գաղափարել զայդ: Երկրորդ, յորժամ այդպիսի կոկիկ Աւետարան կամ այլ մատեան հանդիպի, որ անթերի իցէ եւ յիշատակարանաւ, եւ չափաւոր ինչ գնով, որպէս, եթէ յիշելոյ Աւետարանիդ (ՌԻԶ) [1577] պահանջեն մինչեւ 5 կամ 6 ոսկի (համարեալ թէ ունիցի եւ պատկերս) կարես գնել եւ ապահովապէս հասուցանել մեզ: Երրորդ վասն գնոյ կամ արծաթոյ առ ի ստանալ, թէ ոչ ունիս՝ առցես փոխ յեպիսկոպոսէդ կամ յայլմէ ծանօթէ, եւ ծանուսցես ինձ թէ որո՞վ օրինակաւ յապահովի մարթ է Քեզ հասուցանել զկշիռն, համարիմ թէ ի Կ. Պօլսէ ի ձեռն Գործակալի մերոյ Վ[երապատուեալ] Հ[օր] Դանիէլի, եւ ես հատուցանեմ նմա կամ Գործակալի վանացս:

Արդ քաջալերեաց, եւ մի՛ ի դերեւ հաներ զպատեհ, եթէ, որպէս յիշեցի՝ կոկ եւ անթերի իցեն մատեանքն եւ ոչ ծանրագինք:

Խոնարհական ողջոյն Տեառն Եպիսկոպոսի, եւ Քեզ ողջամբ մնալ:

Հոգեկից
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

. Գ. ] Ի զօրաւիգն քեզ եղիցի անուանատու Առաքեալդ [12], եւ բարեխօս Քեզ եւ ինձ:

2201.

* ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԵՆԵՏԻԿ

ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐ 12 յունիսի, 1900

Ես ներքոյ գրեալս գիտեմ եւ հաստատեմ, որ քոյրս՝ օրիորդն Գաթինկոյ Ալիշան, դուստր Պետրոսի Ալիշանեան եւ Թագուհւոյ Մարգարեան, ծնած է ի Կ. Պօլիս, ի 23 Փետրուարի 1831 տարւոյ։

Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

Ներքոյ գրեալս վկայեմ որ վերի գրութիւնը ստոյգ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Ղեւոնդ Ալիշանեան Վարդապետին յատուկ ձեռաց գրութիւնն է, զոր եւ կը հաստատեմ միաբանութեանս կնքով։

Իգնատիոս Վ[արդապետ] Կիւրեղեան

Արքեպիսկոպոս եւ Ընդհանուր Աբբայ Մխիթարեանց

P. P. ARMENI MECHITARISTI

IN S. LAZZARO VENEZIA

2202.

Գաթինկոյ Ալիշանին [13]

Ս. Ղազար, 13 յունիս 1900

Սիրելի քուրիկ,

Պարոն Յովհ[աննէս] Փափազեանի խնդրոյ համեմատ՝ երկու տող վկայական մի գրեցի քու ծնընդեանդ թուականին, եւ խաւրեցի ի Պատրիարքարան. իրեն ալ գրեմ քանի մի տող եւ յանձնեմ քեզ: Յուսամ որ բաւական առողջ ըլլաս, եւ կարելի է հիմայ ի կղզին ալ ըլլաս Տիրուհի քեռդստեր հետ, զոր ողջունեմ, փափագելով իր առողջութեան եւ զուարթութեան, զոր եւ քեզի հետ յանձնեմ ի բարեխօսութիւն Ս. Անտոնի Պատուացւոյ, որոյ տօն է այսօր: Ողջ լեր:

Հարազատդ
Հ. Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2203.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 10 յուլ [ իս ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Ըստ կամաց Վեհի, վաղիւ (չորեքշաբաթի) ընդ առաւօտն նմին ժամու յորում մեկնեցաւ Եղ[բայր] Անտոն ՝ յեռանդն) մեկնեսցի եւ Պ[ատուական] Հ[այր] Ներսէս, ընդ Պատուա անցանելով, եւ եղիցի յերեկոյին այդր առ Ձեզ: Չգիտեմ թէ զոր գրեմս զայս՝ հասցէ՞ վաղագոյն քան զնա:

Համբուրիւ աջոյ Վեհի եւ ողջունիւ առ եղբարս՝ ողջամբ մնասցուք:

Հոգեկից
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2204.

* Հ. Մանուէլ Վրդ. Քաջունիին - Փատովա

Ս. Ղազար, 29 յուլիս 1900

Սիրելի եւ Մեծարգոյ Եղբայր,

Յոյս ոչ ամաչեցուցանէ. սովիմբ քաջալերեալ մատուցող պիտակիս, խնդրեաց յինէն միջնորդել, զի արասցես նմա շնորհս, որպէս եւ արդէն խնդրեալ է, բոլորակաց կամ անուոց ի պէտս երկար ճանապարհին եւ ի դիւր ինչ սըգոյ վասն պատահարի հօր իւրոյ: Դու գիտես զարժանն եւ առնես. բայց ասացից (ծածուկ) զի վաղիւ թօթափեմ զ80 ամ պանդխտութեանս. նմա՝ զնիւթականն եւ ինձ շնորհելով զտուրս աղօթից, ողջ լեր:

Հոգեկից Եղբայր
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2205.

* Հ. Յովհաննէս Վրդ. Թորոսեանին - Հռոմ

Ս. Ղազար, 1 Օգոս [ տոս ] 1900

Սիրելի եւ Պատուական Հայր,

Խնդրեմ զներծրարեալս յանձնել առ որ ուղղեալն է, անքոյթ:

Ծանոյց ոմն յեղբարցս, զի ընկալեալ ես ի Հոլաս Էֆէնտիէ զամսական յուլիս ամսոյ վասն եղբօրորդեացն. իցէ թէ եւ աւելի ինչ տայր, ի պէտս կարօտելոցն, կամ դուստր նորա կրսեր (Բասսեկա) որպէս երբեմն առաքէր եւ ի Պետրպուրկէ:

Ողջոյն եղբարց եւ ողջ լինել Քեզ:

Հոգեկից
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2206.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 22 Օգոստ [ ոս ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Հայր,

Ծանո՛ ինձ եթէ ամսականքն յուլիսի ընկալա՞ր եւ զօգոստոսի ի Հոլաս Էֆէնտիէ, եւ յո՞յր ձեռն հասուցանես ինձ:

Զծրարեալս աւանդեա առ որ ուղղեալն է:

Ոչ գիտեմ յո՞ր վիճակի կայ ախտացեալ եղբայր մեր Հ[այր] Թովմաս, որով վասն զօր ամենայն աղօթեմ եւ յիշեմ ի պատարագի. եթէ եւ որպէս եւ յոյր ձեռն կամ բերանով՝ արժան համարի, ծանո՛ նմա զայս, զի յոյժ հոգամ, թէ երբեք սրտառեալ իցէ յինէն. ես սիրով եւ սգով յիշեմ եւ յիշեցից զնա, զի տացէ նմա Տէր ըստ սրտի նորա եւ ըստ գրութեան առ Վեհս, եւ ըստ ցաւոցն զոր կրէ յերկար խօթութիւնն, թեթեւութիւն քաւարանի եւ ակնկալութիւն համբերատար կրողաց՝ անդորրութիւն եւ սփոփանս հանդերձեալ յուսով եւ վարձուք:

Հոգեկից Եղբայր
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

. Գ. ] 27 Օգոստ[ոս] Հինգ աւուրբք յառաջ առաքեցի Քեզ զծրար թղթոց իմոց, յորս մոռացեալ եմ զկարեւորս զայս դնել, մնացեալ է ի խռան այլոց ինչ թղթոց իմոց: Քեզ զծերութիւն իմ կամ այլ ինչ:

2207.

Մեսրոպ Արք. Սմբատեանին [14]

Ս. Ղազար, 5 Հոկտ[եմբեր] 1900

Գերապատիւ Սրբազան Տէր,

Ձեր խնամով որոնելն այն իմ խնդրած քանի մի թերթից պատճէնը, գրեթէ կէս գիւտի գոհութիւն տուաւ ինձ, որոյ համար եւ սրտանց շնորհակալ եմ, նոյնպէս եւ առաջին որոնող Յ[արգոյ] Գարեգին Վարդապետի [15]. փոքրիկ ինչ ըլլալով փնտռուածն՝ շատ հեղ դիւրաւ չի գտուիր, եթէ ցանկի մէջ անցած եւ նշանակուած չըլլայ տեղն։

Իսկ գալով Ձեր գալըստեան եւ բարի դիտաւորութեան՝ մեծագոյն մեզ ընծայ Եկողն պիտի ըլլայ [16], որոյ յաջողութեանն ամենայն մասամբ, յետ նուիրելոյ զխոնարհութեան համբոյրս աջոյ Ամենապատիւ Հայրապետին, մնամ փափագող եւ աղօթող

Ձեր Գերապատիւ Տէրութեան

Խ[ոնարհ] Ծառայ
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր]
Կ[ուսին]

2208.

«Վտակ » Ժողովածուի Խմբագրութեան [17]

Վենետիկ, Ս. Ղազար, 17 Հոկտեմբեր 1900

Բարեսէր եւ Ուսումնասէր Պարոնայք,

Մի՛ տարակուսիք, որ Ձեր բարեսէր մտածութիւնն յօգուտ մեր որբոց, շատ հաճոյ եւ ուրախական է ինձ, եւ հաւատամ թէ Ձեր բարեսրտութեանն համեմատ արդիւնաւոր ըլլաք, թէ առաջի մերազնի հասարակութեան եւ թէ մանաւանդ առաջի Աստուծոյ, եւ ի ժամու ընդունիք ի նմանէ արժանաւոր վարձս։

Գրաւորապէս չեմ կարող մասնակցիլ Ձեզ, արդէն երկար բան մի գրած եմ՝ մեր վանքում հրատարակուող « Որբունի» [18] միակ թերթի մէջ, որ թերեւս անծանօթ չէ Ձեզ. այլ լի սրտով փափագիմ Ձեր այդ եւ ուրիշ կարեւոր գործոց յաջողութեան, եւ մնամ

Աղօթարար
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր]
Կ[ուսին]

2209.

Հասցէատէրը անանուն [19] - Վիեննա

Վենետիկ - Ս. Ղազար, 24 Հոկտ [ եմբեր ] 1900

Բարեմիտ Օրիորդ,

Եթէ գրքոյկ մի խաւրելու եւ ընդունելու դժարութիւն չըլլար, ի ժամանակիս, յօժարէի խաւրել. բայց որովհետեւ դու գոհ կ՚ըլլաս թղթիկ մ՚այլ համբուրելով, ես խաւրեմ Քեզ պատշաճագոյն համբուրելիք մի, մեր Փրկչին սրբազան ոտքն, որ զմեզ խածնող օձերը կոխեց եւ երկնից ճամբան դիւրագնալի ըրաւ. եւ ահա տեսնես որ Քեզի նման մէկ մի՝ գրկեր եւ համբուրէ զայն եւ չի բաժնուիր անկէ։ Դու այլ՝ եթէ ոչ միշտ ձեռօք եւ շրթամբք, բայց սրտով միշտ գրկէ եւ համբուրէ, խնդրելով որ միշտ պահէ զՔեզ հլու համեստ, եւ արժանի դուստր ըլլալու այն ամէնօրհնեալ վերափոխեալ Տիրամօր՝ որոյ Սանուհի դրոշմես զՔեզ. աղօթելով եւ ինձ համար՝ որ ինչպէս անուանիմ իրեն որդեգիր՝ ըլլամ եւ մնամ նոյնպէս։

Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2210.

Մեսրոպ Արք. Սմբատեանին [20]

Ս. Ղազար, 25 Հոկտ[եմբեր[ [1]900

Արհիապատիւ Տէր,

Ձեր անցեալ ամսոյ հընգին շնորհած թղթին պատասխանեցի այս ամսոյս հրնգին եւ պէտք է հիմայ ընդունած ըլլաք։ Երեկ ընդունեցայ նոյն (ըստ մեզ) անցեալ ամսոյ 20-ին գրածնիդ եւ քսան րուբլի վասն երկու օրինակ Հայապատումի [21], զոր ըստ նշանակութեանդ եւ ժամանակին յուղարկեմք այն եւ այն տեղ: Եթէ ներէ Տէրն ինձ այլ տեսնել գործոյս աւարտը, որ եւ ըստ իմիք չէ իմ գործ, զի մեր պատմիչներէն քաղուած կոտորակք են, միայն համառօտ աշխարհաբառ ծանօթութիւններ կարգած եմ. ի սկզբան այլ երկարկեկ տեղեկութիւն մի այն մեր պատմչաց վրայօք. սա կրնայ ըսուիլ իմ գործս, որ դեռ չէ սկսուած տպագրիլ, այլ իբր յառաջաբան յետոյ տպագրուի։

Արդէն շնորհակալութիւնս գրեր էի եւ կրկնեմ Ձեր այդպէս խնամով որոնելուն յիշեալ երեք մագաղաթեայ թղթերը, նոյնպէս եւ Յովսէփեան յարգոյ Գարեգին վարդապետի: Ներեցէք տուած աշխատութեանս եւ այլ մի՛ աշխատիք. գրեթէ առիթն այլ անցաւ՝ ուր որ պիտի յիշէի զայն։

Եղանակներն յառաջեն, ձմեռն առ դուրս կայ, մաղթեմ որ հանգիստ անցընէք եւ առաջիկայ տարին կատարէ Ձեր եւ մեր փափագները, առ այժմ հաճիք մատուցանել Նորին Վեհափառութեան խոնարհական համբոյրս, որպէս եւ Ձեր

Արհիական Տէրութեանդ

Ն[ուաստ] Ծառայ
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր]
Կ[ուսին]

2211.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 3 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Ես ոչինչ գիտելով զգետայարոյցս Տիբերի եւ զհեղեղս, վասն հողմոց եւ ցրտոյն խիթայի վասն Աբբահօր մերոյ, եւ ցաբեղայս մեր ասացի աղօթել վասն յաջողութեան ճանապարհին եւ վասն խնդրոյ Երանաշնորհ Նախահօր մերոյ: Այսօր այն ինչ լուեալ զհեղեղացն՝ երկմտէի. այլ գրեաթէ ի նմին պահու եհաս թղթեակդ եւ գոհացոյց յոյժ: Խոնարհ ողջունիւ աջահամբոյր նմին եւ յաջողութիւն:

Այսօր պարզ եւ արեւազուարճ երկինք. նորընծայք գնացին ի Մուր[ատ]-Ռափ[այէլեան] վարժարան եւ դարձան, եւ ի պահուս վարժարանեայք երթան ի Լիտոյ: - Ողջ լեր: Ողջոյն Պ[ատուական] Հ[օր] Եսայեայ:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2212.

* Հ. Մանուէլ Վրդ. Քաջունիին Փատովա - Al Torresin

Ս. Ղազար, 9 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Մեծարգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Համարիմ թէ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Գրիգոր գրեալ իցէ եւ Քեզ զծանր եւ յոյժ ծանր խօթութիւն Վեհիս, polmonite աջոյ թոքոյն, ի չորից աւուրց հետէ, անկեալ յանկողնի ի տան մերում վարձելոյ առ Ամիչի, որք ամենայն խնամով հոգան, եւ միանձնուհի մի կարգեալ է ի ծառայութիւն: Բայց կարեւոր համարի մեզ առաքել եւ զմի ի մէնջ, զի շուարեալ եմ ասէ, Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Գրիգոր. թելադրեալ է սա առ հիւանդն կոչել զՎ[երապատուեալ] Հ[այր] Եւգենիոս, այլ Վեհն ոչ է կամեցեալ ասելով թէ եւ Նա հիւանդասցի: Արդ, մեք յաղօթս ապաստան կամք, եւ դու յանձն առ պատարագել ի սեղան հրաշագործին քաղաքիդ հանրածանօթ Ս. Անտոնի [22], եւ իցէ՜ թէ զայդ արարեալ եկաւորէիր վաղ առ մեզ, առ խոկալ խօսել եւ միաբանութեամբ սահմանել զառնել մեր: Եթէ հանդիպի այդր Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Եւգենիոս ՝ ծանուցանել եւ նմա:

Ողջ լեր եւ երեւեաց մեզ:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2213.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 9 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Յետ գրելոյ Քեզ յառաւօտուս, ընկալայ զՔոյդ, զերիկեանն յետ 11դ ժամուն. եւ ի վերայ հասեալ վիճակի Հօր մերոյ, պնդեմք զաղօթս. հաստատեցաք եռօրեայ յետ երեկոյեան ժամերգութեան ի խորանի Տիրուհւոյն երգել զ Աղաչեմք զքեզ Ս. Աստուածածին [23] ՝ Մխիթարայ Աբբահօրս եւ այլ ինչ: Ջանամք եւ զՔեզ արգահատիլ օգնականութեամբ, զի թէ ոչ են կամք Վեհի գալուստ Վ[երապատուեալ] Հ[օր] Մինասայ եւ ոչ սորա, Տէր առաջնորդեսցէ այլում: Զի՞նչ ասացից առ Վեհ. մի՛ երկբայիցի զի ամենեքին սերտ սրտիւ զգամք եւ աղօթեմք: Ողջ լեր:

Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

(Դարձո՛)

Յ. Գ. Ոչ կարացի առաքել զթղթիկս այս առ ի չգոյէ նաւակի: - Լուայ արդ անագանի զի հեռագրեալ ես առ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Մինաս եթէ առաւել ծանրացեալ է խօթութիւն Վեհին. յուսամ զի որքան եւ ծանր է եւ Քո հոգդ, կարեւորագոյն գիտելով զհոգեւորն՝ թելադրեսցես յապահովել ընդունել զսուրբ խորհուրդս, ի ձեռն որո՞յ եւ հաճիցի ընդունել, կամ Քեզ պատշաճ երեւեսցի:

Թերեւս յառաջ քան զգիրս այս՝ ժամանեսցէ ոք ի մերոցս լինել զօրավիգն Քեզ եւ նմա. եւ զոր բարի համարիցիք արասջիք խաղաղութեամբ, որչափ տացէ Տէր արիութիւն եւ շնորհս. եւ մեք աղօթեմք սրտառուչ:

Լո՛ւր Տէր եւ ողորմեա. Սուրբ Աստուածածին յիշեա՛ զմեզ:

2214.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 9 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Աւելորդ է ասել յո՞ր կիրս եւ տագնապս կամք՝ յետ ընդունելոյ զգրեալդ առ իս. այլ յոյս մեր եւ աղաչանք առ Տէր մեր եւ առ Տիրամայրն են, բարեբաղդ համարիմք զի երեկ յերեկոյին եդաք զՍրբութիւն յաթոռ իւրում եւ երկրպագեցաք, ըստ օրինի. ոչ գիտէի յայնժամ զվտանգն, զի ոչ էին ծանուցեալ ինձ զհեռագիրդ առ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Մինաս, եւ գրեթէ ի պահու ընթրեաց ընկալայ զոր առ իսն: - Արդ ամենեքեան աղօթեմք եւ տամք աղօթել, որպէս եւ Դու անշուշտ տացես աղօթել հաւատաւորաց եւ աղքատաց, եւ ծանուսցես թէ պիտո՞յ ինչ իցէ աստի առաքել այդր: Քաջալերեա եւ առ ի մէնջ կողմանէ զՎեհս, զոր գորովալիր գրկօք եւ ծնգօք խոնարհեալ համբուրեմք, եւ մնամք նորոյ առ ի Քէն լրոյ, յանձն արարեալ ի կամս Աստուծոյ զՆա եւ զանձինս մեր:

Ողջ լեր, եւ Տէր համարեսցի Քեզ վարձս վասն խնամոցդ:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

. Գ. ] Դարձ արարեալ յառաւօտեան ժամերգութենէ գրեմ զայս: Ողջոյն Հ[օր] Եսայեայ:

2215.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 10 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Հայր,

Յետին գիրդ, տխրական քան զառաջինսն, բայց հեռագիրդ յետնագոյն յուսադրական, եւ լաւագունին ակն ունիմք: Անշուշտ հասեալ է այդր Հ[այր] Գործակալ մեր, յօգնութիւն Ձեզ եւ Վեհի: Սկսաք կատարել յետ երեկոյեան ժամու առաջի սեղանոյ Տիրամօրն երգել զԱղաչեմ զքեզ Մխ[իթար] Աբբահօր, հանդերձ աղօթիւք վասն հիւանդաց: Այսօր մատուցաւ Պատարագն ի հրաշագործ Տիրամօրն խորան ի Ս. Խորան: Յանձնեցի Պ[ատուական] Հ[օր] Ստեփանի որ երթայր ի քաղաք ծանուցանել եւ ի Պատրիարքարանն զխօթութիւն Վեհիս. Ծիրանաւորն [24] խնդրեալ է ինքնին լսել ի նմանէ, եւ գորովեալ ինքն եւ իւրքն, եւ անդէն հրամայեալ է տպագրութեամբ հրատարակել աղօթս վասն նորա ի թեմի իւրում: Ջանամք ըստ տկար կարի մերում թախանձ արկանել Պահպանչի որդեգրացս [25] ՝ վասն Հիւանդին եւ հիւանդապահաց եւ մեր գլխովին:

Ողջոյն սիրով Պ[ատուական] Հ[օր] Եսայեայ, առ որ հաճեցեալ է Աստուծոյ, այս օրինակ տալ կատարել զիղձ իւր եւ զուխտ. համարեսցի զայս առ յինէն իբրեւ ուղղակի առ ինքն գրեալ, ի պատասխանի իւրումն ի սուղ ժամուս: - Զի՞նչ եւ ո՞րպէս ասել առ Աբբահայրս մեր:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2216.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 11 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Օրհնեալ լիցի ձեռնդ հեռագրող յառաւօտուս յինն ժամու. ոչ միայն Հարք եւ եղբարք եւ մանկունք մեր, այլ եւ սպասաւորք եւ ամենայն ծանօթք, որպէս ծարաւիք սպասեն եւ հարցանեն զորպիսութենէ Վեհի: Ոչ կամիմ գրով խօսիլ ընդ նմա, առ ի չվրդովել զզգայուն սիրտն, յանձնեմ պահապան հրեշտակաց մերոց ազդել զզգացուածս մեր, մինչեւ ժամ լիցի եւ մեզ պապաջել: - Կրօնական եւ քաղաքական լրագիրն եւս Վենետկոյ հրատարակեցին ի դիմաց Ծիրանաւոր Պատրիարք քաղաքիս [26] ՝ աղօթս վասն Նորա. եւ իմ այս հաւատք են, զի անհնար է Տիրամօրն չլսել այսքան պաղատանաց. կամ շնորհէ Նմա, որով եւ մեզ, կեանս ընդ երկայն աւուրս, քան զոր չկարեմք մեք այլ ինչ խոկալ եւ խնդրել, կամ առաւել ինչ քան զայն առնէ, որում չկարեմ խելամուտ լինել, այլ հաւատամ:

Աղօթեմք եւ վասն Ձեր հոգողացդ, զի գտջիք եւ դիւր եւ վարձս ըստ խնամոցդ եւ տքնութեանդ:

Ի ժամուս, յետ ճաշու, Պ[ատուական] Հ[այր] Սուքիաս [27] երթայ ի քաղաք վասն Քոյ ինչ խնդրոյ, եւ գրեսցէ Քեզ անշուշտ: - Ողջ լեր:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2217.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 11 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Համարիմ զի ծանօթ է Ձեզ ցաւալի եւ սրտառուչ լուր ծանր հիւանդութեան Վեհիս, ի Հռովմ [28], այլ արժան համարիմ եւ ինձէն գրել եղբայրութեանդ, զի ծանուսցես միաբանիցդ մերոց աղօթել եւ պաղատիլ առ Տէր եւ առ Տիրամայր, զի ողորմեսցին մեզ եւ շնորհեսցեն ընդ երկայն աւուրս զսիրելի եւ զկարեւոր Աբբահայրս մեր:

Ողջունելով զմի մի ի Հարց եւ եղբարց մերոց, խնդրեմ աղօթել եւ վասն հիգոյս, մնալով

Հոգեկից Եղբայր
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

. Գ. ] Վերջին հեռագիր զոր արար Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Յուսիկ ի Հռովմէ այսօր յինն ժամու առաւօտուս՝ լաւագոյն է: Վեհ ընկալեալ է զթոշակն յետին եւ զօրհնութիւն քահանայապետին, աղօթէ եւ օրհնէ:

2218.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 12 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Մեծարգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Արդէն յերկուց աւուրց հետէ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Յուսիկ գտանի ի Հռովմ, ի զօրաւիգն Հիւանդին եւ հիւանդապահաց: Յետին լուրք զոր ի թղթոց եւ ի հեռագրոց ընկալաք՝ յուսադրական են. կամ նշոյլ ինչ յուսոյ. ակն ունիմք յետ սուղ ժամու ընդունել հեռագրով՝ աւելի ինչ. եւ հաւատամք թէ ոչ յամօթ արասցէ զմեզ պաշտելի Պաշտպան եւ Պահապան Որդեգրացս [29]: Զօր ամենայն յետ երեկոյեան ժամերգութեան երգեմք զԱղաչեմք զքեզ՝ Մխիթարայ Աբբահօրս եւ այլ ինչ. եւ բազում աղօթողք են ի քաղաքիս եւ այլուր: Ըղձամ տեսանել եւ զՍիրելիդ՝ յաւուրքս, եթէ ոչ շատ նեղեսցի յօդոյ եւ յուղւոյ. զի իբրեւ առաջակայ՝ միայն Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Վահան է ընդ իս, եւ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Մինաս դանդաղէ գալ, այլ առաքէ զհեռագիրս զոր ընդունի ի Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Գրիգորէ:

Հոգեկից Եղբայր
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2219.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 13 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Քրիստոս Տէրն մեր իր արքայութեան հրաւիրելոց գրեթէ նախադաս ըրաւ զտեսողս հիւանդաց. ո՞րքան առաւել եւս հեռուէն գնացողներն ի տեսութիւն եւ տքնողներն հիւանդին քով, հանդերձ պէսպէս հոգերով եւ մտածութեամբք: Անշուշտ այսպիսի եւ լաւ եւս խորհրդածութեամբք եւ սիրով հիւանդին եւ եղբարց՝ քաջալերիք, զի որ այդպէս վաստակի, ոչ միայն ոչ կորուսցէ զվարձս իւր, այլ եւ բազմապատիկ առցէ եւ ի մէնջ շատ եւ շատ շնորհակալութիւն եւ շնորհապարտութիւն:

Ոչ սակաւ յուսադրեց զմեզ երիկեան գիրդ եւ իրիկունը ըրած հեռագիրդ առ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Մինաս, յուսամք որ քան զայն աւելի ըլլայ այս կէսօրուան ըրած կամ ընելիքդ, որոյ սպասեմք ի նոյն ժամուս:

Մեր անբաւ սէր, աղօթք եւ խոնարհութիւն առ Գեր[ապայծառ] Աբբահայրս, ողջոյնք առ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Գրիգոր, Պ[ատուական] Հ[այր] Եսայի, եւ առ Ամիչիս, որոց ամենեցուն վասն աղօթեմք: - Ողջ լեր եւ հանգիր:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2220.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 14 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Սիրելի եւ Արգոյ Հայր,

Երեկուան գրածդ յ9 ½ ժամու առաւօտուն, արշալոյս է զուարթագոյն առաւօտու եւ կենսաբեր աւուր. ամէն լսողք եւ որք պիտի լսեն ժամուս) վանքէն դուրս գտնուելով, անչափ խնդացի եւ պիտի խնդան. եւ աւելի եռանդեամբ պիտի աղօթեն եւ շնորհակալեն Աստուծոյ, Տիրամօր եւ Մխիթարայ Աբբահօր: Ժամս կարճ է, ողջունելով մեր եղբարքդ յայտնէ մեր կիրքը. եւ եւս առաւել մեր անգին Հօր, առ որ հարկաւ պէտք է խնդակցիմք: Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Ստեփան անշուշտ յօժարութեամբ կատարէ թելադրութիւնդ: Ձեզ այլ բարի հանգիստ եւ ախորժակ:

Քաղքիս Ծիրանաւոր Պատրիարքն [30] այլ ազնիւ զգացմամբ գրեր էր առ Նա: - Յուսամ որ բժիշկք այլ չեն նեղացըներ զհիւանդն՝ քննելով եւ զննելով ստէպ: - Շնորհակալութիւն ամէն դարմանողաց եւ հոգցողաց: - Ողջ լեր:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2221.

* ՀՀ. Գրիգոր եւ Յուսիկ Վարդապետներուն - Հռոմ

Ս. Ղազար, 17 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբարք,
ՎՎ. ՀՀ. Գրիգոր եւ Յուսիկ,

Այն ինչ դարձ արարեալ յերեկոյեան ժամերգութենէ (երեկ) եւ յաղերսանաց առ Տիրամայրն Աղաչեմք զՔեզին ընկալաք զերիկեան հեռագիրդ, եւ մեծ եղեւ խնդութիւն մեր սկզբնաւորեալն առ ի Ձէնջ: Յառաւօտուս ըստ սովորականին մատուցաւ Պատարագ եւ զՔեզ Աստուած [31], ի տարեդարձի Ս. Պաշտպանի Վեհիս. եւ ի ճաշու՝ ըստ թելադրութեանդ՝ տնտեսն խրախացոյց, եւ յետ ընթրեաց լիցի արբումն թէյի, ըստ եղբայրական սիրոյ: Էր ընդ մեզ ի ճաշու Սանտալճեան Վարդապետն [32], եւ աղաչեաց մատուցանել առ Վեհ՝ զխնդակցութիւնն. իսկ զմերն, ոչ կարէք մատուցանել, զի զեղուն զգլխով ձերով յոլովակի:

Այսօր զարթուցին զյիշատակ տօնի Ս. Ղազարու երկու Գաբուչինք եւ երէց մի, եկեալք ի պատարագել, խոնարհ ողջոյն եւ լիուլի խնդութիւն առ Վեհ:

Զիա՞րդ կայ Քիւփէլեանն [33]: - Ողջ լերուք:

Հոգեկից
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2222.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 21 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Ի ժամուս ընկալեալ զգրեալդ երեկ, աներկմիտ լինել կամիմ զՁեզ, զի ոչ դադարեմք յաղօթելոյ, նա եւ միաբան յետ երեկոյեան ժամու, եւ խնդրեմք քաջալերել զՎեհս, զի մեծ լիցի յապայն խնդութիւն Նորա եւ մեր քան զայժմու տխրութիւնս: Տխուր է արդարեւ եւ մեզ ընդ հիւանդութեան նորին եւ զրկիլն ի շնորհազարդութենէն զՍրբազան տօնքս, որք եւ առ ի չգոյէ նորին եւ դասապետաց մերոց, չասացից եւ վասն թարմատար ծերոյս, անշուք լիցին զայս ամ. այլ գիտեմք զի Տէր հայի ի սիրտս, եւ մխիթարեսցէ՝ որպէս եւ երբ գիտէ:

Եթէ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Յուսիկ գտցէ պարապ, խնդրեմ զի բերցի քանի մի մասնատըփիկս (մասունքի աման) զոր յանձն արարեալ էի Պ[ատուական] Հ[օր] Եսայեայ: Իսկ Քո ընկալեալ կանխիկ զշնորհակալիս մեր վասն անդուլ խնամատարութեանդ եւ զշնորհս հրաշափառ Տօնիցս, մաղթելով եւ որոց ընդ Քեզդ են, եւս առաւել հասարակաց Հօրս՝ ողջ լեր:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2223.

* Հ. Գրիգոր Վրդ. Ճելալեանին - Հռոմ

Ս. Ղազար, 23 Դեկ [ տեմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Որպէս եւ թելադրես, ի գալստեան Վ[երապատուեալ] Հ[օր] Մանուէլ ի խօսեսցուք զխնդրոյդ եւ ծանուսցուք զկարծիս մեր: Բայց այժմ ընկալ զշնորհաւորութիւնս եւ զշնորհակալիս իմ վասն այնքան անքուն խնամոցդ առ Վեհն, եւ մատո՛ Սմա զիմ եւ զբովանդակ Միաբանիցս մաղթանս եւ զողջոյնս եւ զհամբոյրս որդիականս, զի անդորր սրտիւ եւ մարմնով, օրհնեսցէ զամենեսին, եւ մեք անպակաս աղօթեմք բարի յուսով:

Քանզի ի չորեքշաբաթի աւուրս պահեմ, եւ յեօթնեկիս Ս. Ստեփանոս է եւ Հաւտօն, ասեն թէ լուծանելի են պահքս. խնդրեմ հարցանել զՎեհս եւ ծանուցանել ինձ հեռագրաւ զի լիցի ժամանակ պատրաստութեան աջոյ կամ ահեկի:

Ողջոյն սիրոյ առ Պատուական Հարս մեր. Զիա՞րդ կայ Քիւփէլեանն. ողջ լեր:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2224.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 27 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Սիրելի եւ Արգոյ Հայր,

Քանի մ՚օր առաջ լսուեցաւ որ այս մեծ տօներէս անմիջապէս վերջը, պիտի դառնաս ի վանս, ուր յայտ է թէ որչափ հարկաւոր ես, մանաւանդ այս տարեմտին օրերը. յետոյ լռութիւն է. խնդրեմ շուտով իմացու. ((կամ թէ փոխանակ Քո՝ Գեր[ապայծառ] Աբբահայր ուրիշ մէկ մի կ՚ուզէ. եւ ո՞վ)):

Քանի մ՚օր առաջ թուղթ առի մեր Պ[ատուական] Հ[այր] Թադէոսէն, ի Խարբերդէ. երեք ամսէ վեր յանկողին է եղեր լերդացաւով. այնքան ատեն պատարագ չըսելով՝ պատարագուց ալ չընդունելով. ստակի կարօտի եւ չգիտնալով մեր Գեր[ապայծառ] Աբբահօր հիւանդութիւնը, կու խնդրէ որ իրեն բան մի խաւրէ: Ինծի կ՚երեւնայ որ Դուք գրէք առ Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Դանիէլ, որ որչափ պատշաճ համարիք, խաւրէ նպաստ մի. ես միայն քաջալերեմ եւ յուսացընեմ որ խաւրուի քիչ շատ բան մի, եւ մխիթարուի խեղճն:

Ողջունելով զմեր եղբարս, եւ խոնարհելով առ Գեր[ապայծառ] Աբբահայր, մնամ

Հոգեկից Եղբայր
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

2225.

* Մխիթարեան միաբանի մը, անունը անյայտ

Ս. Ղազար, 27 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Արգոյ եւ Սիրելի Եղբայր,

Կատարեալ չափաւոր վայելչութեամբ զհանդէսս Ս. Տօնիցս, մեկնեցաւ յառաւօտուս Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Մանուէլ ի Պատուա: Խօսեցաք զխնդրոյդ, երեքին առաջիկայքս որք ի վանս, եւ հաճոյ է մեզ գալդ ընդ Վեհի ի վանս, եւ կալդ. եւ եթէ յապայն այլ ինչ պատշաճ թուիցի՝ ցուցցէ ժամանակն:

Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Յուսիկ գրեալ էր, որպէս լուայ, եթէ դարձցի այսր յետ Տօնիցս, եւ ապա չգրեաց ինչ, եւ մնամք յերկբայս. չկամիմք ամենեւին անհաճոյ ինչ առնել Գեր[ապայծառ] Աբբահօր, այլ յայտ է զի կարեւոր է Գործակալին գտանել այսր, ի կիրս երկուց ամաց:

Առաքեմ զթղթեանն հասեալ այսր վասն Վեհի փոխեալ զ Վենետիկ ի Հռովմ, եւ զոմանց թղթեանս եւ քարտս: Կամէի ի կաղանդի ընձեռել Վեհի 100 լիրայ ինչ հաւաքեալ ի տրից օտարականաց, եւ արդ ի դիմաց Նորին բաշխեմ աղքատաց եւ ակնկալուաց, կուսանաց եւն.: Քորք կամ դստերք del Sacro Cuore al Pianto առաքեալ էին նմա զմանկիկն Յիսուս ի մըսրին առ մանուշակին, առ որս ի ձեռն Եղ[բայր] Օգոստինոս ի տացի տասնեակ մի, որպէս եւ Կլարիսեանց (Ալլա Ճիւտեգգա) [34] եւ այլուր եթէ չբաւիցէ հարիւրեակն յիշեալ, տաց ի պատարագեաց եկեղեցեաց քաղաքիս, նշանակելով զթիւ սոցին եւ զքանակն:

Խոնար[հ] համբոյր եւ մաղթանք առ Վեհ, եւ ողջոյն առ երկոսին հոգեկից եղբարս, եւ Քեզ քաջողջութիւն:

Հոգեկից Եղբ[այր]
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]

. Գ. ] Առ Վեհ առաքեալ են քարտքս ծրարեալք:

2226.

* Հ. Թադէոս Վրդ. Թոմաճանեանին - Խարբերդ

Ս. Ղազար, 29 Դեկտ [ եմբեր ] 1900

Սիրելի եւ Պատուական Հայրիկ,

Ցաւեաց ինձ եւ ցաւէ, որպէս եւ այլոց եղբարցս, խօթութիւն Քո յամսոց հետէ, ընդ նմին եւ կարօտութիւնդ. յուսամ զի ասպնջականքդ որպէս զմի ի հարազատ հոգեկցաց իւրեանց դարման տարցեն Քեզ, եւ վաղ կամ անագան շնորհեսցէ Քեզ Տէր առողջութիւն. եւ յայնժամ մնասցես նորոյ հրամանի աստուստ, վասն կալոյ մնալոյ այդր, կամ դառնալոյ այլուր. մինչեւ առ այդ պատուէր, մի՛ ինչ հոգար. մեք աղօթեմք եւ վասն Քո, եւ Դու աղօթեա վասն Գեր[ապայծառ] Աբբահօրս, որ ծանրագոյն քան զՔեզ խօթացեալ կայ ի Հռովմ, որում պաշտեալ են եւ զյետին թոշակն, այլ ողորմութեամբ Տիրամօրն այժմ սկսանի կազդուրիլ. բայց ամսոց պէտք են առ ի կարող լինելոյ դառնալ ի վանս: Յայս դէպս չէր ինձ մարթ գրել եւ ծանուցանել նմա վասն Քո, եւ խնդրել նպաստ ինչ ի պէտս Քո, այլ գրեցի առ Գործակալ մեր Վ[երապատուեալ] Հ[այր] Յուսիկ, որ եւ նա ի Հռովմ է, եւ յուսամ զի շատ կամ սակաւ առաքեսցի ինչ Քեզ, աստի կամ ի Կ. Պօլսոյ: Ծանո՛ դարձեալ թէ զիա՞րդ կաս. թեթեւացա՞ւ ախտն. եւ զգոյշ կալ ի ցրտոյ, որ անշուշտ սաստիկ է այդր քան աստ:

Յառաջ քան զնոր տարիս, մաղթեմ Քեզ քաջողջութիւն, եւ Դու աղօթեա վասն իմ, որպէս եւ ես Քեզ

Հոգեկից
Հ[այր] Ղեւոնդ Մ[արգար] Ալիշան
Ո[րդեգիր] Կ[ուսին]


 



1900

[1]          Բնագիրը կը գտնուի ՊԿՊԱ Կաթողիկոսական դիւանին մէջ (ֆոնտ թիւ 57, ցուցակ թիւ 1, թղթ. թիւ 467: Առաջին անգամ հրատարակուած է Սուրէն Շտիկեանի «Ղեւոնդ Ալիշան, Նամակներ» աշխատութեան մէջ (Երեւան, 1969, էջ 189-190): Կ՚արտատպուի նոյնութեամբ:

[2]          1900 թուականի գարնան, Սմբատեանը նպատակադրած էր Երուսաղէմ երթալ եւ որոշած էր այցելել նաեւ Վենետիկ: Այս է, որուն կ՚ակնարկէ Ալիշան:

[3]          իմա՛ Արարատ, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի պաշտօնական ամսագիր:

[4]          Իմա՛ Միհրդատեան Թադէոս:

[5]          Տե՛ս «Արարատ», 1868, թիւ 1 («Պատմական»): Յօդուածի հեղինակը անյայտ է:

[6]          Կ՚ակնարկէ Աստուածաշունչի Ելից Գիրքի 32: 15 անցքին, ուր Մովսէս մարգարէն Սինա լեռնէն իջաւ, ձեռքերուն մէջ ունենալով վկայութեան երկու տախտակները:

[7]          Բնագիրը կը գտնուի ԳԱԹ Կարապետ Կոստանեանի հաւաքածոյին մէջ, (թիւ 2052): Առաջին անգամ հրատարակուած է Սուրէն Շտիկեանի «Ղեւոնդ Ալիշան, Նամակներ» աշխատութեան մէջ (Երեւան, 1969, էջ 190-191): Կ՚արտատպուի որոշ սրբագրութիւններով:

[8]          Կայ նաեւ սոյն ուղերձի տպագիրը՝ նկարուած թուղթի վրայ եւ գեղեցիկ ձեւաւորուած, որ կ՚ուղարկուէր հայ մտաւորականութեան:

[9]          Յոբելեանը կատարելու համար ստեղծուած էր յանձնաժողով՝ հետեւեալ կազմով. Հ. Յուսիկ Վրդ. Մեհրապեան (նախագահ), Հ. Յովհաննէս Վրդ. Թորոսեան, Հ. Ստեփան Վրդ. Սարեան, Հ. Եսայի Վրս. Եսայի Տայեցի (ատենադպիր), Հ. Վարդան Վրդ. Հացունի, Հ. Սիմոն Վրդ. Երեմեան:

[10]       Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի հարազատ քոյրն է։

[11]       Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի քրոջ աղջիկը, ամուսնացեալ՝ Ստաւրիտէս:

[12]       Այս նամակի հասցէատէրը անանուն է: Շնորհիւ այս ակնարկին, 1900 տարուան «Օրացոյց եւ Գուշակ Օդոց»ին մէջ (Վենետիկ - Ղազար), կրցանք ստուգել, որ նշուած Առաքեալը Մատաթիան է: 25 Մայիս, Հինգշաբթի, Երկնային վիճակ ի յիշատակ վիճակաւ ընտրութեան Մատաթիայ առաքելոյն: Հետեւաբար նամակը ուղղուած է Հ. Մատաթիա Վրդ. Չոտոյեանին:

[13]    Բնագիրը կը պահուի Ալիշանի ընտանիքի ժառանգներէն արժանթինաբնակ Տիկին Nora Toros De Arslanian մօտ, որ ազնուաբար մեզի տրամադրեց լուսապատճէնները իր ընտանեկան հաւաքածոյէն:

[14]       Բնագիրը կը գտնուի ՊԿՊԱ Կաթողիկոսական դիւանին մէջ (ֆոնտ թիւ 57, ցուցակ թիւ 1, թղթ. թիւ 467: Առաջին անգամ հրատարակուած է Սուրէն Շտիկեանի «Ղեւոնդ Ալիշան, Նամակներ» աշխատութեան մէջ (Երեւան, 1969, էջ 191-192): Կ՚արտատպուի նոյնութեամբ:

[15]       Նկատի ունի ականաւոր հայագէտ, արուեստաբան, Գարեգին Եպս. Յովսէփեանը (1867-1952), յաջորդաբար Գարեգին Ա. Յովսէփեան, Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1943-1952):

[16]       1900 թուականի գարնան, Սմբատեան Սրբազանը նպատակադրած էր երթալ Երուսաղէմ եւ որոշած էր այցելել նաեւ Վենետիկ:

[17]       Առաջին անգամ տպագրուած է «Վտակ» (գրական-բանասիրական ժողովածու)ի մէջ (Թիֆլիս, 1901), որպէս յառաջաբան: Վերահրատարակուած է Սուրէն Շտիկեանի «Ղեւոնդ Ալիշան, Նամակներ» աշխատութեան մէջ (Երեւան, 1969, էջ 192): Կ՚արտատպուի նոյնութեամբ: Նամակը ունի հետեւեալ պատմութիւնը: 900-ական թուականներու սկիզբներէն Վ. Փափազեանի նախաձեռնութեամբ կը ստեղծուի յանձնաժողով, որ կ՚որոշէ ժողովածու մը հրատարակել եւ արդիւնքը յատկացնել հայ որբերուն: Ուղերձներով կը դիմեն հայ գրական-ընկերային մտքի բոլոր ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին նաեւ Ալիշանին: Ալիշանի նամակը պատասխանն է այդ ուղերձին:

[18]       Տե՛ս «Երրեակ Ներսիսեանք» (նկատի ունի Ներսէս Պարթեւը, Ներսէս Շնորհալին եւ Ներսէս Լամբրոնացին) յօդուածը. «Որբունի կամ պատկերազարդ բացառիկ Բազմավէպ», 1900, Յուլիս:

[19]       Նամակին բնագիրը կը պահուի Վիեննայի Մխիթարեան Մենաստանի դիւանին մէջ։ Կը հրատարակուի առաջին անգամ:

[20]       Բնագիրը կը գտնուի ՊԿՊԱ Կաթողիկոսական դիւանին մէջ (ֆոնտ թիւ 57, ցուցակ թիւ 1, թղթ. Թիւ 467: Առաջին անգամ հրատարակուած է Սուրէն Շտիկեանի «Ղեւոնդ Ալիշան, Նամակներ» աշխատութեան մէջ (Երեւան, 1969, էջ 192-3): Կը վերահրատարակուի նոյնութեամբ:

[21]       Նկատի ունի իր «Հայապատում. պատմիչք եւ պատմութիւնք հայոց» (Վենետիկ, 1901) աշխատութիւնը:

[22]       Իմա՛ Basilica di Sant’Antonio di Padova.

[23]       Մխիթար Սեբաստացիի կողմէ յօրինուած տաղ « Երգ Գովասանաց եւ Պաղատանաց առ Ամենասուրբ Աստուածածինն », բաղկացած 18 տուներէ, այբբենական կարգով:

[24]       Իմա՛ Sarto Giuseppe Melchiorre.

[25]       Տիրամայր Սուրբ Աստուածածնին:

[26]       Իմա՛ Sarto Giuseppe Melchiorre.

[27]       Իմա՛ Էփրիկեան Հ. Սուքիաս Վրդ.:

[28]       Իմա՛ Կիւրեղեան Հ. Իգնատիոս Վրդ.:

[29]       Իմա՛ Տիրամայր Սուրբ Աստուածածնին:

[30]       Իմա՛ Sarto Giuseppe Melchiorre.

[31]       «Զքեզ Աստուած գովաբանեմք» օրհներգ, Լատիներէն՝ Te Deum laudamus.

[32]       Իմա՛ Սանտալճեան Յովսէփ Վրդ., Հայ Կաթողիկէ եկեղեցական Կ. Պոլսոյ թեմէն, նախկին սան Փարիզի Grand-Séminaire Saint-Sulpice կղերանոցի, Յուլիս 7 1879-ին անուանուած Cameriere di Sua Santità (Պաշտօնատար Հռոմի Պապի անձնական ծառայութեան), քարտուղար Գերպ. Հասուն Կ. Պոլսոյ Պատրիարքի: Հեղինակն է հետեւեալ աշխատասիրութիւններուն. Joseph Sandalgian, L'idiome des inscriptions cuneiformes urartiques, Rome, Librarie Hermann Loescher, 1898; Les Inscriptions cunéiformes urartiques : transcrites avec une triple traduction interlinéaire en arménien classique, en latin et en français, suivies d'un glossaire et d'une grammaire : mémoire présenté à l'Académie des Inscriptions de France, Venise, Impr. -libr. des Pères Mékhitaristes, 1900; Յովսէփ Վ. Սանտալճեան, Ասորենտանեայ եւ Պարսիկ սեպագիր Արձանագրութիւնք - Կամ նոցին քաղուածք որոնք Նաիրի-Ուրարտու աշխարհին պատմութեան կը վերաբերին, Ազգային մատենադարան Խ, 1901, Մխիթարեան տպարան Վիեննա, էջ 264: Histoire documentaire de l'Arménie des âges du paganisme (1410 av. -305 apr. J. -C. ): Précédée de questions ethnographiques, linguistiques et archéologiques, et suivie de la mythologie ourarto-arménienne, Volume 1 & 2, Rome : Imprimerie du Senat de J. Bardi, 1917. ( Գրախօսականը տե՛ս Մատիկեան Հ. Աղեքսանդր, Հանդէս Ամսօրեայ, 1921, էջ 441-445):

[33]       Իմա՛ Քիւբէլեան Գերապայծառ Յովհաննէս:

[34]       Կ՚ակնարկէ Վենետիկի Isola della Giudecca կղզիիմիանձնուհիներուն ( Suore Clarisse - Քլարիսեան Քոյրեր ):