Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ 

Գնահատել՝ Զարթօնքի սերունդը, ինչպէս Դէպի Իրապաշտները խումբը, ինչ դժբախտութիւն որ ը լլամ՝ հարկադ ր ուած գործերէ աւելի մարդերու կշիռով ։ Պէտք կա՞ յ, յիշեցնելու  թէ այս երկուքէն ո՞րն է դիմացկունը։ Երկու խումբէն ալ մեզի հասած ժառանգութիւնը, իր ատենին այնքան մանրագին արժեւորուած, այսօր այնքան տժգոյն, Խրիմեանի առիթով ալ կը գործադրէ ճնշում, դատողին վրայ, զայն ստիպելով շ եղիլ « ուղիղ ճանապարհէն » ու գոհանալու, կշտանալու, փառաւորուելու տեղ գործերուն խորը անմեռ գեղեցկութեանց փաստերով, անկապտելի արժանիքները գրականութեանց զբաղիլ անձերով որոնց սխրագին գեղեցկութիւնը, երբեմն յուզիչ ալ չափերու բարձրացող, ենթակայ է սակայն հակադիր աղօտացման, նոյնիսկ աղաւաղման։ 

Կուտամ անուններ. Գ. Օտեան, Ն. Ռուսինեան, Մ. Մամուրեան, Ծերենց, յիշելու համար ամենէն յատկանշականները։ Ասոնք երեք քառորդ դար առաջ ազնուագոյն նմոյշները կը կազմէին մեր իմացական ընտրանիին։ Սեղմեցէք սակայն այդ անունները, ըսել կ՚ուզեմ՝ անոնցմէ պահանջեցէք որ պահ մը չհեռանան իրենց գործերէն, որպէսզի ասոնց բարիքովը աշխատինք զիրենք վերակազմել: Պիտի տեսնէք թէ որքան դժուար է Օտեանի ատենաբանութիւններէն, նամականիէն, կտոր փրթուճ քրոնիկներէն վերակազմել մեծ փառքը մեծագոյն անձնաւորութիւններէն մէկուն։ Ո՞ւր դնել հանգոյցը այդ մեծութեան։ Ո՞րն է էջը ուր մեզի ներուէր մեծ, իրաւ գրագէտը զգալ այդ ցիրուցան կտորներէն որոնք Գրիգոր Օտեանի անունով մեզի կը մնան իբրեւ վկայութիւն։ Եւ սակայն այդ կտորիկներուն հեղինակը մարդոց մեծագոյններէն մէկն է։ Ու ասիկա այսպէս՝ միւսներուն համար ալ, անձնաւորութեանց աւելի կամ նուազ փայլով մը, կարկառով մը։ 

Բայց Խրիմեան բախտաւոր է դարձեալ Ս. Ոսկանէն, Մամուրեանէն, Նար Պէյէն աւելի, քանի որ միւս անուններէն գրել է ոչ ինչ բացի իրենց կապուած գործօնութեան քաղցը յի շ ատակներէն, այսօր մեզ խանդավառող։ Անկարելի է կարդալ Սեւ Լերին Մարդը, Ստուերք Հայկականքը, Ոսկանի é pigrammeները, երբ մատենագրութեան ուսուցիչ մը չէ մէկը։ Ու չի կարդացուիր անշուշտ Հրաւիրակ Երկրին Աւետեաց ը, ոչ ալ Խաչի Ճառ ը կամ Ողբացող Խորենացին ։ Պապիկ եւ Թոռնի՞կ ը։ Այս մասին աւելի ուշ։ Բայց հիմակուընէ իսկ կրնանք ըսել թէ այս գիրքը ունի էջեր որոնք չեն կրնար մեռնիլ: Ու այդ էջերը կը պակսին միւսներուն: Ուրե՞մն։ Խրիմեանի գործին այս փոքր մասը կը պաշտպանէ զինքը։ 

Յօրինել Խրիմեան մը, գրագէտ մը ոտքի կեցնող մեզի ծանօթ միջոցներով, դժուար աշխատանք մըն է։ Կը զգուշանամ ատկէ, քանի որ ըսի թէ Հայոց Հայրիկը հայոց գրականութեան պատկանելէ աւելի կը պատկանէր հայոց պատմութեան, շատ աւելի իրաւ կերպով մը թերեւս որքան չենք կրնար այս հաւաստումը գործածել Զարթօնքի մարդոց որեւէ մէկին համար, բացի հանգամանաւոր քերթողներէն։ Միւս կողմէն Համապատկեր ը նոր շար հայ կենսագրութեանց մը չի փառասիրեր։ Յօրինել Խրիմեան մը, այնպէս ինչպէս ապրած է անիկա, ազդած՝ իր շրջապատին, ազդուած ալ անկէ, աշխատանք մըն է զոր կատարած են, ըսի վերը, մէկէ աւելի հեղինակաւոր գրողներ: Ընթերցողը կը ղրկեմ ուրեմն այդ հատորներուն։ 

Եւ սակայն աւելի քան ստոյգ է որ այս « պարեգօտաւոր » մարդը ոչ միայն լեցուցած է իր կէս դարը, այլեւ յորդած ալ է անկէ, անշուշտ ոչ իր հզօր իմացականութեամբը, ոչ իր վարած բանակներուն յաղթանակներովը, ոչ ալ իր կտակած միլիոններուն բարիքներովը։ Վեղար մը, նոյնիսկ կաթողիկոսական խաչով պսակաւոր, շատ շատ հայոց հայրապետութեան գաւազանագիրքին մէջ թուական մը պիտի ապահովել անոր։ Խրիմեանի խօսքը, հէքեաթին մէջ հասակ առած, թերեւս օժտուած էր որոշ ջերմութեամբ, բայց իբր քարոզ, այսինքն կազմակերպուած խօսքի հանդէս, կը կրկնէ իր բարոյախօսական տափակ նկարագիրները, գէթ մեզի մնացած նմոյշներուն մէջ ( Խաչի Ճառ, հրաժարականը ) ։ Յետոյ, Պապիկ եւ Թոռնիկ ի հեղինակը եթէ չէ ապրած եկեղեցական դասական կենցաղը ( ինչպէս մենք կը տեսնենք ասոր մէկ կերպարանքը Աշըգեանի մէկ հատորին, Կենցաղ Եկեղեցականաց անունին տակ ), չէ ալ ապրած գրագէտի, առնուազն գիրքի հանդէպ որոշ կիրք մը ունեցողի աւելի կամ նուազ խոր, անկեղծ, կամ հակառակէն՝ ունայնամիտ, փառամոլ եպիսկոպոսի մ ը, աբբայի մը ն ման։ Դուք հազիւ թէ կը կարօտիք Սրուանձտեանցի մը, Ալիշանի մը գործերուն դիմաց եկեղեցականի մը անհրաժեշտ ստուերին, իրենց գործերը դատելու ատեն։ Վարդենիք ը կրնար ստորագրուիլ Առաջին Տերեւքին թէժ հեղինակէն։ « Բայց իր գիրքե՞րը », պիտի փութաք թերեւս հարցնելու: 

Ու այդ հարցումին պատասխան մը ճարելու համար է որ ահաւասիկ կը գրուին այս էջերը։ Եթէ Սրուանձտեանցի հատորները բարիք մըն են մեր ժողովուրդին, իրենց գրուելու ժամանակին ինչպէս եւ այսօր ( պարզ է այս հաւաստումին հետեւութիւնը ), այդ բարիքը չե՞ն, աւելի կամ նուազ չափերու վրայ, գիրքերը Զարթօնքի մարդոց, գէթ իրենց ատենին համար։ Համապատկեր ը չկրցաւ մերժել [1] Տերոյենցը, Միսաքեանը, Զօրայանը ։ Անշուշտ այս մարդոց արդիւնքներէն ( գրական )` չնուաճուելով, այլ այդ մարդոց կեանքին փաստերովը մտահոգ: Մեր օրերուն գրողի, գործիչը, եկեղեցականի յղացքները անձնացած, մասնաւորուած են ըստ բաւականին։ Հարիւր տարի առա՞ջ։ Ունինք « գրոց աշխատաւոր » ի ընդհանրացած տարազը այդ օրերէն։ Ու այդ տարազը եթէ քիչ մը տարօրինակ է, անսովոր նոյնիսկ Մեծարենցի մը կամ Վարուժանի մը համար, հարազատ է ու պարկեշտ, նոյնիսկ արտայայտիչ Խրիմեանին համար։ 

Համապատկեր ը, իր Ա. հատորի ընդհանրութեանց ընթացքին  արեւմտահայ գրականութիւնը ըմբռնելու իր կերպերուն մէջ տեղ է տուած օտարոտի, առնուազն ոչ հայեցի մեղադրանքները դիմաւորելու աշխատանքի մը։ Այդ քաջալերը անշուշտ ես չէի կրնար առնել ոչ Նուագք, ոչ ալ Յուզման Ժամեր հատորներէն։ Հայեցի գրականութեան տագնապը լուրջ տագնապ մըն էր իր օրին։ Այսօր, այդ գրականութեան հաշուեյարդարին, այդ մտահոգութիւնը կը ստանայ ուրիշ նկարագիր։ Մեր անցեալէն կարելի եղածին չափ շատ բան ազատել կրնալու սրտառուչ փափաք մըն է Համապատկեր ը։ Ու այդ փափաքը ահա կը պաշտպանուի մասնաւորաբար այն գործերով որոնց խորքը ամենէն աւելի հարազատ, մօտիկ կը մնայ մեր ժողովուրդի հոգիին, որ թէեւ չի հերքեր Պոլիսը, բայց կը գորովի Վանին, Խարբերդին, Հայոց աշխարհին էին հին հոգեմասերուն վրայ։ 

Ու առաջին հաւաստում՝ 

Մկրտիչ Խրիմեան իր մարմնին ինչպէս մտքին հէնքը առած է մեր հայրենիքին սրտին իսկ մէջէն։ Եթէ Այրարատը դարեր ու դարեր հայոց աշխարհին գանկը հանդիսացած է, այսպէս ըսելու համար, ես ինծի կուտամ իրաւունք այդ աշխարհին սիրտը դաւանելու Վասպուրականը: Չեմ կենսագրեր: Դիտել կուտամ որ 1847 ին Պոլիս ուսուցիչ ( ծնած է Վան, 1820 Ապրիլին ) Մկրտիչ Խրիմեանը, առջի երիտասարդութեան իր բովանդակ հրայրքին ու խռովքին մէջ, տիպար մըն է որ անհնար է այսօր վերակազմել: Ատիկա յաջողութեամբ իրագործելու համար, պէտք պիտի ըլլար վերստին սեղանի բերել Համապատկեր ին Ա. հատորին հիմնական տագնապները։ Վանէն Պոլիս զբօսաշրջիկ մը չէր եկողը, այլ բանաստեղծ մը, Թորգոմ Սրբազանի պատկերուն բացատրութեամբ՝ տրուպատուր մը որ այդ ճամբորդութիւնը կատարեր էր Պարսկաստանի, Կովկասի վրայով: Եթէ այդ արարքին արդիւնքը՝ Հրաւիրակ Արարատեան ը մեզ կ՚ընէ այսօր յուսախաբ, իր բանաստեղծական էն առատութեանը փոխարէն տեղական ին, պատմական ին, իրական ին նիհարութեամբը, ասիկա չեմ խոշորցներ: Հայոց հայրենիքը 1840 ին երազ էր ու մշուշ, պատմութիւն էր ու ոտանաւոր։ Ռաֆֆի, որ ըրած է Խրիմեանին ճամբորդութիւնը, իր ապրումները ( Կայծեր ) մեզի տուած է աւելի հանգամանաւոր, իրապաշտիկ, նոյնիսկ « հեռապաշտիկ » ( եթէ կը ներէք ) նպատակներով։ Մէջտեղն է Ալիշանի շքեղ յիշատակարանը։ Բայց երեք անուններուն ալ հասարակաց՝ ապրումներու նոյն հոգեյատակը: Այս ճշդումը անոր համար՝ որպէս զի զատուին հոգեղէն ուրիշ դրութիւններ։ Վանանդեցիի, Թաղիադեանցի պոէմաները այսօր ծիծաղելի յայտարարելը ո՛չ հերոսութիւն է, ո՛չ ալ վանդալութիւն։ Բայց անոնց ներքին իրականութիւնը հիմնովին տարբեր թելադրանքներ ունի մեր վրայ: Հայոց հայրենիքը Վենետիկի մենաշնորհը չէր, բայց անոր այն կերպարանքը որ պիտի իյնայ սեւեռման Ռաֆֆիի, Ալիշանի, Խրիմեանի գործերէն ներս, կ՚առնէր իր բոլոր տարրերը ոչ Կալկաթայէն, ոչ ալ Վենետիկէն։ Այլ, պէտք կա՞յ, պոռալու, 

Հայոց հայրենիքէն,

որ թէեւ ռոմանթիք կը թուի իբր ձայն ու տարազ, այո 1847 ին Պոլիս դասախօսող Մկրտիչ Խրիմեանի շրթներէն, անձէն, կերպարանքէն, կը ստանար բոլորովին տարբեր նկարագիր, 1850 ին, մեր մտաւոր սպասին բովանդակ կշիռը կը գտնենք մենք կրօնական ին ու ազգային ին մէջ։ Շարժումը, դարուն մեծ մղումներուն հպատակ, կը հակի ազգայինին։ Չեմ վերլուծեր Մխիթարեաններու հայրենասիրական զգայնութիւնը ( կրնաք դառնալ ետ, Համապատկեր ը Ա. հատորին ), հիմնովին պատմա - կրօնական։ Բայց կը թելադրեմ ԺԹ. դարու արեւմտեան մշակոյթին մեծագոյն յատկանիշներէն մէկը որ զարթումն է շիջած ազգայնութեանց, ազգայնականութեանց։ Պոլսեցին, Վենետիկէն դարձող, Բարիզէն պսակաւոր երիտասարդ մտաւորականը այսինքն, տեսակ մը դժուար յուզումով, հիացումով պիտի մտիկ ընէ խայաստանցի վարժապետը, որ, վաղ երիտասարդութեան փառքին մէջ թերեւս, կը շողացնէր մեծ երեսները իր տարօրինակ անձնաւորութեան: Մենք մեր մարմինն ենք, մեր հոգին ըլլալէ առաջ։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց երբեմն մեր հոգին կը ստուերէ մեր մարմինը: Մարդիկ մագաղաթեայ տժգունութեամբ գլուխէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին ` գտան գերագոյն յուզումներ։ Խաս - գեղի [2] ոստանիկ աղաները, ոմանք սերունդի մը շրջափոխումով բաւական քաղքենի, ուրիշներ՝ տակաւին անաղարտ պահող իրենց երկրին համն ու հոտը, ի՜նչ ապրումներով մտիկ ըրին երիտասարդ Վանեցին որ հայոց հայրենիքին սիրտէն կուգար, մօտիկ ու անմիջական զգայութիւններու կենդանի հանդէս մը ինչպէս։ Աւելի՜ն։ Որ կը բերէր հայոց հայրենիքին մշշամած մասերէն - մոռցած էինք, ենք տակաւին մինչեւ օրս, պատուական հայութիւնը Պարսկաստանին մանաւանդ անոր հոգեղէնութեան ամենէն ամուր, նուիրական սրբարաններէն, Էջմիածինէն, կենդանի, ապրուած, իրաւ վկայութիւններ, յորդ, բանաստեղծ զգայնութեան մը մէջէն այլապէս հզօր, յուզիչ, դղրդող։ Ի՜նչ ապրումներ [3], այդ վարժապետէն, դարձեալ անցած ըլլալու էին իր աշակերտներուն: Պատմութիւնը մեզի ձգած է այդ ապրումներէն կերպարանքներ, մեծերու վրայով։ Տարիէն քիչ պակաս միջոցի մը մէջ, հայաստանցի այդ վարժապետը իջեր էր Պոլիսին բոլոր խաւերուն: Զէնքը կը յանձնէին իրարու, Պոլսոյ թաղերը։ Տուները անոր բացին իրենց դռները ( այն օրերուն ազնուականութեան փաստ էր մասնաւոր դասերով զաւակ դաստիարակելը ) ։ Պէտք կա՞յ, մտածելու թէ ինչ կը խօսէր այս վարժապետը, ոչ մէկ դպրոցէ անցած, միայն իր հօրեղբօր խնամքին տակ Սաղմոս ու Աւետարան ճանչցած։ 1849 ին անիկա կը բախտաւորուի իր հիացումներուն կանխիկ գինը գանձելու, Բագրատունիին ձօնուած իր մէկ քերթուածը տպուած գտնելով Բազմավէպ հանդէսին մէջ։ Աղաները, չըսելու համար ամիրաները կը հետաքրքրուին այդ վարժապետին բանաստեղծութիւններովը, գրուած՝ այդ օրերու ընթացիկ գրաբարով։ Մէկը կը բանայ շարքը մեկենասեալ հատորներուն։ 1850 ին, տուներու մէջ, հանդէսներու առիթով կարդացուած այդ ոտանաւորները Հրաւիրակ   Արարատեան անունին տակ կ՚իջնէին հրապարակ։ Ունէ՞ր սա վարժապետը ասպարէզին սուղ հոսհոսութիւնը որ նկարագիրի մաս կը կազմէր Պոլսոյ մէջ յաջողած ուսուցիչներուն, ընդհանրապէս տաղաչափ կամ երաժիշտ։ Համբաւը, որուն հետ անոր յարաբերանքը մեծ հարցերէն մէկը կը նկատեմ տեսակ մը հոգեխօսական վիճակի, պիտի վարուէր այդ մարդուն հետ բացառիկ հանգամանքներով։ Գիտէ՞ք թէ, զինուորութենէ փախուստ տալու աւագ նպատակով ձեռք ձգուած սա Պոլիսը գրեթէ կը կրկնէ Պոլիսը միւսներուն, պարզ գեղջուկներ, որոնք իրենց կիներուն հետ քանի մը ամիս միայն ապրելէ ու անոնց արգանդին մէջ տունին ժառանգը սերմանելէ անմիջապէս յետոյ, ինկած են պանդխտութեան։ Խայաստանցի վարժապետը, Հրաւիրակ ին փառքէն առաջ կին մը ունէր Վան, աղջիկ մըն ալ, որոնց հետ իր յարաբերութիւնը չեմ կարծեր որ ըլլար տարբեր տիպարին միջինին վրայ ընդհանրացած։ Պանդուխտը սովորաբար արկածախնդիր մըն է, գրելէ միշտ փախստական մը, երբեմն նիւթական, երբեմն հոգեկան պարտքերէ։ Պոլսոյ աւագ տուներուն փնտռուած աշուղը, բարձր շրջանակներուն փառաբանուած բանաստե՞ղծը։ Մեր ուսումնասիրութիւնը շահ մը չունի այդ մարդուն երիտասարդութեան մէջ զգացական տռամաներ հեռազգալէ։ Խրիմեան ծանր զրպարտութեանց մատեան մը ունի ձգած իր ետեւէն, Պոլիս ինչպէս Վան։ Յովհաննէս Քօլօզ վարժապետը, իրեն նման բանաստեղծ, քնարա դիւցազնական շունչով մը սեւցուցած է էջեր որոնց ընդմէջէն հայոց Հայրիկին սրբանկարը կը վերածուի անասելի թշուառութեան մը։ Չեմ խառնշտկեր այդ կոյանոցը, ոչ անշուշտ Խրիմեանի հանդէպ յարգանքէ մը զգաստացած, այլ այն քիչերէ կասկածուած փաստին համար որ մեր կեանքն է, երբ զայն պիտի չգործածենք վէպին: Ու Խրիմեան վէպ չէ գրած, ինչպէս քնարերգական տաղեր չէ ձգած որպէսզի ատոնց արժէքը լուսաւորելու համար ստիպուած ըլլայի քրքրել կեանքի մութ մնացած կողմեր, տռամայի շուքեր։ Իրողութիւն է սակայն որ յաջողած վարժապետը փոխանակ մտածելու իր Վանին, ուր կ՚աճէր իր զաւակը, հոն դառնալու մարդկային իր պարտքին, պիտի գտնէ կերպը աղաները շահագրգռելու նոր իր ոդիսականին դէպի Աւետեաց երկիրը: Այս մարդը ոչ միայն իր գիրքերը, այլեւ իր ճամբորդութիւնները պիտի յաջողի մեկենասներու վզին բեռնալ: 1850 ին, ուրեմն Հրաւիրակ Արարատեան ի ամենէն հրատապ փառաւորման շրջանին, Խայաստանցի հայրենասէր վարժապետը պիտի առնէ իր ուխտաւորութեան ճամբու ծախսը ու պիտի իյնայ Ս. Յակոբ։ 

Անոր հօրեղբայրը, ըսի, անոր սորվեցուցած էր կարդալ։ Լիմ ու Կտուց անապատներուն մէջ 1840 ին իր ընթերցումը կատարելագործա՜ծ վարժապետը տասը տարի վերջը Ս. Յակոբայ Մայրավանքէն ի՞նչ ունէր առնելիք։ Իր կենսագիրը, Թորգոմ Սրբազան, կը խօսի յուսախաբութենէ մը, առանց կասկածելու որ Խրիմեան մարդն էր որ սահմանուած էր ոչինչ սորվելու: Կը սորվին անոնք որ քիչ կամ գէշ կ՚ապրին։ Խրիմեան, լայն, լաւ, խորունկ ապրումին տիպարն էր։ Նմանները կ՚իւրացնեն միայն ու միայն բնազդին իրենց մատուցածը, մնացեալին հանդէպ խոր անտարբերութեամբ մը։ Հրաւիրակ Արարատեան ին գրաբարը Վենետիկէն ալ վեր յաջողութիւն մըն էր։

Չեմ դանդաղիր սա ճամբորդութիւնը, այն օրերու բառով՝ ուխտաւորութիւնը աճեցնելու եւ իբր նախապատրաստութիւն օգտագործելու՝ ապագայ եկեղեցականին։ Խրիմեանին Պոլիսը, հեռուէն տեսնուած, այդ շրջանին մեզի կը թելադրէ ամէն կարելիութիւն։ Սփիւռքի հոգեբանութիւնը պարտաւոր էք չէզոքացնել որպէսզի հասկնալի դառնան ձեզի կարգ մը տարօրինակութիւններ։ Դար մը առաջն ալ մի մոռնաք: Մեր օրերուն, Խայաստանցի վարժապետին առաջին ընելիքը հարուստ ամուսնութիւն մը կնքելը պիտի ըլլար։ Իմացական ճնշումներու պարագային ` Եւրոպա մը, մասնագիտական ուսումի մը համար։ Յետոյ, այդ 1850 ը մեծ ուսանողներուն ոսկեդարն է։ Ու Խայաստանցի վարժապետը որ այնքան դիւրաւ կը ճարէր մեկենասը, Զօրայեանէ մը, Թէրզեանէ մը, Մամուրեանէ մը աւելի նպաստաւոր շնորհներ կը պարզէր այդ Եւրոպային արժանաւորութեան մը համար։ Անշուշտ՝ անիկա տառապեցաւ իր սխալէն, իր ամուսնութենէն։ Բայց անկէ առաջ, կը միջամտէր անոր իրական խառնուածքը։ Խրիմեանին տիպարը ուսանողէն վեր ու դուրս է: Ու սխալի մէջ չեմ երբ համարձակիմ այդ տիպարին հիմնական նկարագիր ընդունիլ տեղ փոխելու, վիճակ փոխելու, նորին վազելու խորունկ իր ախորժակները։ Ի վերջոյ Ս. Յակոբայ մայրավանքը, սորվելու տրամադիր միտքի մը համար ունէր բազմաթիւ կարելիութիւններ։ Ասկէ զատ՝ Ս. Յակոբը հարիւր տարի առաջ հոգեբանութիւն մըն էր, խորութիւն մը, հոգեղէն դրութիւն մը, իրապէս կրօնական հոգեխառնութեան հանդիսարան մը։ Հրաւիրակ Արարատեան մը իբր գեղեցկութիւն երբ այնքան վեր է Հրաւիրակ Երկրին Աւետեաց էն, այդ իսկ հանգամանքով կրնայ նպաստ մը դառնալ իմ առաջարկած ըմբռնողութեան, այդ տիպարէն։ Էջմիածինը, 1850 ին, հայրենասէր Վանեցի վարժապետին հոգին չնորոգեց անշուշտ։ Բայց տուաւ անոր հայրենասիրութեան արդար յատակ մը։ Դեռ մենք թագաւորներով չէինք մտածեր այդ 1850 ին, այլ հայրապետներով։ Կրօնազգած հոգեխառնութեան մը համար՝ Սաղիմը քանի մը պատիկ աւելի հզօր ազդակ։ Խրիմեան Երուսաղէմը երազած է, ինչպէս բոլոր հայերը երազած են։ Տասնամեայ մանուկ, իմ հոգին տօնական գեղեցկութիւն կ՚ըլլար մահտեսները դիմաւորելու օրը։ Բայց ես գաղթական տղայ մըն էի։ Այսինքն հայրենիքէն տարակայ խլեակ մը։ Խրիմեան մեր հայրենիքն էր։ Ու մի մոռնաք դարձեալ ազգային առածը որ կ՚ըսէ. « Վանեցիին կաղը Չինումաչին եւ գացեր » ։ Ես տեսայ աչազուրկը, որ միայն Քիփլինկի վէպին հերոսը չէ, Ափրիկէն խուզարկելու յանդգնող, չունեցած իր աչքերովը։ Համբարձում Երամեան, աչազուրկ Վանեցին Նեղոսի ափերո՜ւն, 1924 ին, երբ 1915 ը, 1918 ը, 1920 ը, 1922 ը ահաւոր իրականութիւններ էին Վանին համար։ Ու Համբարձում Երամեան Հայրիկ մըն ալ չէր, բայց մարդն էր որ հարիւրաչեաներուն ձեռներեցութիւնը, սատանորդիութիւնը խմբած էր իր կամքի տունին։

Սաղիմէն պիտի շահի Հրաւիրակ Երկրին Աւետեաց ը որ քերթուած ըլլալէ առաջ գիրք մըն է, այսինքն անոր անունը տարածելու գահաւորակ մը։ Այս վերագրումը չի բխիր չարութեան զգացումէ մը։ Հարիւր անգամ ու հարիւր տեղ Մկրտիչ Խրիմեան ապացուցած է թէ զերծ էր հոսհոսութենէ, գրական նախրամտութենէ, չհանդուրժելով ճառախօսութիւնները, գրքունակ ու գիրքով կառուցուած հանդէսները: Բայց իր գիրքերը գրեթէ միշտ կը զուգադիպին նորութեան, նոր գործօնութեան հովերուն։ Իր թերթերը ( Արծուի Վասպուրականի եւ Արծուիկ Տարօնոյ ), դուք  ազատ էք գրական ըմբռնողութեան մը կապելու: Ես չեմ դժուարանար անոնց ետին գտնելու իմ տիպարը որ բերան փոխի վարժութեան մը նման պիտի դառնայ գիրքին, երբ խօսքին, շարժումին, երթեւեկին յոգնութիւնը կը դառնար տիրական: Դիտեցէք ոչ իբր ժամանակագրական իրողութիւն որ այս մարդը իր երկու գաւառական պաշտօնավարութիւնները ( Վան եւ Տարօն ) պիտի զուգորդ ընէ թերթերով գործունէութեան փառքին։ Գիտէք Հրաւիրակ ներուն պատմութիւնը։ 1876-1879 ի շրջանին, այսինքն երբ հալածանքը, յոգնութիւնը ու քաղաքական տագնապները զիրար կը յաջորդեն, ազգին խղճմտանքը ալեկոծելով, Խրիմեան վրայէ վրայ պիտի յանձնէ մամուլին Խաչի Ճառ, Ժամանակ եւ Խորհուրդ Իւր պրոշիւրները 1876 ին, երբ տասը տարի առաջ, Մուշէն դարձն, հրատարակած էր Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից ը, անշուշտ եպիսկոպոսացման իբրեւ նախատօնակ։ 1877 ին՝ Վանգոյժ ը, Հայգոյժ ը։ Առաջինը Վանի շուկային հրդեհումը ողբալու, երկրորդը ռուս - թուրք պատերազմի ընթացքին Պայազիտի եւ Ալաշկերտի 15, 000 հայերուն փողոտումը պոռալու։ Վան իբր առաջնորդ երթալէ առաջ, 1879 ին, անիկա պիտի գործածէ 1867 ի ռազմավարութիւնը ( Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից ), իրարու ետեւէ տպագրութեան յանձնելով Դրախտի Ընտանիք (1878) եւ Սիրաք եւ Սամուէլ ը (1879) ։ Այսինքն ` երբ իր մարմինը անկարող է տեղէ տեղ փոխադրելու, իր գրիչին պիտի տայ կարգը իր հոգեկան այդ խորունկ ախորժակը յագեցնելու: Խրիմեան կա՛մ պիտի խօսի, կա՛մ պիտի գործէ, արկածախնդրէ, կա՛մ պիտի անցնի սեղանին ու արարքէ, գործօնութենէ սա անդիմադրելի մղումները պիտի վերածէ սեւ տողերու կարաւանին։ Գրական փառասիրութի՞ւնը։ Բայց այս պոլսեցիութիւնը անոր մտքին անկիւնն իսկ տեղ չունէր։ Ու իր գրածին վրայ արժէքի մը տագնապը բոլորովին հեռու էր անոր գրական խղճմտանքէն։ Չունինք ճիշդ թուականը Պապիկ եւ Թոռնիկ ի խմբագրման: Կ՚ենթադրեմ սակայն որ Երուսաղէմ՝ իր աքսորանքին (1890) նուէրն է անիկա։ Հայրապետական գահէն անիկա պիտի արտօնէ Պապիկ եւ Թոռնիկ ին հրատարակութիւնը (1894) ։ 1900 ին՝ Թագաւորական Ժողով ը։ 1901 ին՝ Վերջալոյսի Ձայնե ր։ 1902 ին՝ Ողբացող Խորենացին: Գործերու սա շարքը չի կանխեր իմ աշխատանքին գնացքը: 

Այս նկատումներուն մէջ տեղ կուտամ իր Կիլիկիա ճամբորդութեան, 1852 ին։ Համապատկեր ը կենսագրում չի ներեր իրեն: Բայց կը հրաւիրուիք լրջութեան, հայութեան պատմական սրբավայրը, Էջմիածին, այսինքն հայ արեան հանդիսարանը եւ Հայութեան ամենէն խորունկ ուխտավա՞յրը, այսինքն հայ - քրիստոնեայ յղացքին արձակարանը, Սաղիմ։ Կիլիկիա՞ն։ Այդ դժբախտ հողերուն վրայ 1850 ին երիտասարդ, հայրենասէր, արկածախնդիր միտք մը ինչե՜ր չի հետապնդեր իր ներքին պահանջները յագեցնելու։ Կարեւորը ան չէ թէ ի՞նքն է Կիլիկիա ճամբորդութեան մը գաղափարին տարածիչը թէ դէպքերը, կարիքներն են որ կը ստեղծեն զայն։ Ասպետը պատրաստ է։ Դպրոցնե՞րը, տունի դասե՞րը։ Ազգային զարթօնքին եռուզե՞ռը։ ( Հիմնուած է Մասիս ը։ Թոյլատու է ռեժիմը ։ Ամբողջ Թուրքիա կ՚անցնի նորոգման շունչէն։ Պոլիսը [4] կրակ է առած ազգային գործունէութեան զգացումներէն ) ։ Արկածախնդրութիւնը ահաւոր կիրք մըն է ու Խրիմեան ատոր մղումին, բռնութեան տակ, կը ծալէ, կը ծրարէ ու կը դնէ մէկդի միւս բոլոր նկատողութիւնները։ Կիլիկեան մեր քաղաքական հասկացողութեան մէջ ի՜նչ ոսկեհիւս պատրանքներու ծնունդ չէ տուած։ Շահեցա՞ւ Խրիմեան երիտասարդ հայրենասէրը Թորոսի երկրէն, ինչպէս շահած էին Ռուսինեանը, Ծերենցը, Չրաքեանը ու Տիկին Եսայեանը, իւրաքանչիւրը իրենց ձեւերովը։ Հարցումը չունի պատասխան։ Ապագայ գրական անոր գործունէութեան մէջ հազիւ հետքեր կան անուններէ։ Բան մը չըսա՞ւ Սսոյ նուիրական ստուերներով հարուստ Աթոռը։ Պատմութիւնը լուռ է։ Այդ Կիլիկիան անհետ, « աննշմարանք » պիտի գրէր ինք, անցած է այդ երիտասարդութեան վրայէն։ Չեմ զարմանար։ Գրելը Խրիմեանին համար իր գործօնութիւնը շարունակել է թուղթի վրայ, այսինքն խօսիլ,  շարժիլ, թելադրել, անցնիլ ու աներեւոյթ ըլլալ։ Երբեմն այդ գրելը կեցուածք է թերեւս, դեր մը, եթէ կ՚ուզէք։ Երբեք՝ գրական ապրումներու անդրադարձ: 

1853 ին վերջապէս Վան, ուր դուք գիտէք թէ ձգած էր, եօթը տարի առաջ, կնիկ մը եւ աղջնակ մը: Ի՞նչ հոգիով անիկա կ՚ընէր իր անդրանիկ դարձը դէպի հայրենի տունը, ինք՝ որ ունէր իր ջիղերուն հիւսուած, ա՛լ անքակտելի, լման աշխարհը հայոց պատմութեան, իր ամենէն փառաւոր յիշատակարաններուն, աւերակներուն, ասոնց շուրջ եւ կենդանի ապրումներուն խռովքովը: Ի վերջոյ Այրարատը երգել ` Հիւրմիւզ կրկնել մը չէր անշուշտ սա մարդուն գրական փառասիրանքին մէջ։ Կ՚անցնիմ։ Բայց չեմ կրնար զինքը իր աւերակ տունէն ներս առաջնորդած պահուն չփռել անոր նայուածքի ներսի դաշտին շքեղաշուք Պոլիսը, ասոր ապարանքները. շարունակելը ձեզմէ: Ուր անոր խորհուրդի մը պէս հրապուրիչ, ծանր ձգողութեամբ մը տրոփուն անձնաւորութիւնը ճանչցեր էր փառքերուն է՛ն գեղանի, գեղացի մը զգայարանքները անհունօրէն լարող, - գրական փառքը, երբ իր քերթուածները կ՚անցնէին ձեռքէ ձեռք, թաղէ թաղ։ Ճանչցեր էր խօսքին անտարազելի գինովութիւնը երբ մենք մեր ծանր անձնաւորութիւնը կ՚ընենք կենդանի նուագարան մեր սիրտը զարնող յոյզերուն ու կ՚արձագանգենք մեզմէ դուրս մեր ներքին կրակները, անով անցնելու համար ուրիշներուն սիրտը։ Պէտք է քալել, սակայն։ Անիկա տեսա՜ւ անշուշտ լռին ուրուականը իր կնոջ, թաղուած տարիներ առաջ, բայց ելած այդ րոպէին իր գերեզմանէն, մտած հայրենի սենեակը, իր մաշած, հալած, ծիւրումով սպառած մարմինը դնելով անկիւնի անկողինին, որուն բարձին մէկ մասին՝ գլխիկը իր աղջնակին։ Մարդերու կեա՜նք՝ Քեզ ինչպէս կ՚ուրանանք երբեմն։ Ու եղաւ, միշտ այդ րոպէին, մենաւոր, մօրը մահուամբ փողոց մնացած իր զաւկին ալ ուրուականը, պզտիկ պզտիկ հալելով ու իր անմեղուկ մարմինը տանելով մօրկանը, հողի ծոցին, կուշտ կուշտի: Ահա տռաման։ 

Չեմ երթար առաջ, պարտականութեան զգացումին ու ասոր զանցումովը դատապարտութեան ատեանին կանչելու ասպետը որ եօթը ձիգ տարիներ թափառեր էր աշխարհէ աշխարհ, ու ազգը, հայրենիքը սիրելու առաքելութեան մը փողահարն էր եղեր, այսպէս մոռնալու չափ իր արեան հանդէպ իր աւագ պարտքը։ Կը խորհիմ թէ ձեռքէ ձեռք, սրահէ սրահ, երկրէ երկիր ու պալատէ  պալատ յափշտակուած սա երիտասարդը ըլլալէ առաջ Խայաստանցի հայրենասէր գործիչը, քարոզիչը, առաքեալը պարտքին տակն էր իր կնոջը ամուսինը ու իր զաւկին հայրը ըլլալու: Այս տողերուն հետ իմ մտքիս կը բացուին ընդարձակ ողբերգութիւնները որոնք ապրուեցան մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերէն, քիչ մը ամէն դարերուն: Մեր գրականութեան մէջ Պանդուխտի Կեանքէն ը կը փոքրէք երբ վերածէք գրական թեմայի։ Լման տասնըհինգ դար այդ ողբերգութիւնը մեր պատմութեան ամենէն սրբազան տագնապներէն մէկն է: Խորհեցէք մեր պատմիչներով սեւեռուած փաստերուն։ Տիկնայք Փափկասունք ը թէեւ կը թուի ներքին տռամա, իրականին մէջ այդ էջը քրոնիկ մըն է, գրուած՝ ցաւին մէջ գերուած նախարարներուն: Ինչ աղեխարշ են դրուագները Ղեւոնդի, Արծրունիի, Դրասխանակերտցիի, Ասողիկի, Լաստիվերտցիի, մինչեւ Դարանաղցի ու մինչեւ Արամ Անտոնեան, բոլորին մէջ ալ մէկ ու նոյն ցաւին ծաղիկներ ով դրասանգուած, անհունօրէն յուզիչ, սրտառուչ։ Ձեզի կը ձգեմ, ուրեմն, այս ամէնը ապրող երիտասարդ Խայաստանցիին հոգեխառնութիւնը յօրինել։ Ընթերցողը երբեմն կը հրաւիրուի, իր կարգին, ընելու այս աշխատանքները։ Մարդկային կեանքը տարօրէն խիտ է ու ընդարձակ։ Գրելը տարօրէն կարճ է ու սահմանափակ։ Դուք կարելիութիւն ունիք այդ կեանքը, կեանքերը ձեր ներսը վերստին ապրելու : Կ՚անցնիմ։ 

Մինչեւ կարգ առնելը Աղթամարայ պատմական տաճարին, մէջ, 1854 ին, Խրիմեան պիտի ապրի շուքը թերեւս իր անձնաւորութեան: Վէպի հերո՜ս մը: Ինչու չէ։ Իմ հետաքրքրութիւնս, կեանքի հարցերով, Համապատկեր ին մէջ չի մեկնիր սակայն թիւերու, թուականներու փառքէն կամ պարտքէն: Խրիմեանի կենսագիրները լայնօրէն կը զբաղին այդ կեանքին բոլոր փոխադրումներովը, շրջումներովը։ Վարդապետ ձեռնադրուելէն մինչեւ հողք իջնելը մենք ունեինք լման կէս դար ու քիչ մը աւելի, մեր առջին։ Ու ի՜նչ կէս դար է անիկա, սանկ քիչիկ մը ` հեռուէն, վերէն դիտուած։ Ու այդ դարու բոլոր ծանրագոյն յոյզերուն, բախտորոշ հանգոյցներուն ( շինեցէք լման այդ թուականները, յարակից ամբողջ զարհուրանքներով, յոյսի, խանդի, լքումի ու կործանման փոփոխակ կերպարանքներու տակ ), Լիմ՝ ու Կտուց անապատներուն մէջ սաղմոս քաղել միայն սորված թուող սա մարդը դուք պիտի գտնէք, սակայն, ամենէն պատասխանատու դերերով, անբացատրելի է ինչպէս անխուսափելի: Երբ իր ճակտէն քաշեցին վեղարին կիսաքօղ պատուարը,  Խրիմեան տառապեցա՞ւ որ աշխարհին կէսը կ՚առնէին այսպէս իր աչքերուն ծիրէն, ի՜նք որ նուաճեր էր ընդարձակ փառքեր, յօրիներ գրագէտի, բանաստեղծի, գործիչի անհաւասարելի համբաւ մը, ճանչցեր քաղաքը, քաղքենին, իր ժողովուրդին բարձրագոյն ալ խաւերը [5] ։ Ու տարիքի գարունքին, այս ամէնը առաթուր անցնող երիտասարդին մէջ ներելի՞ է նկատի ունենալ, առնուազն հեռուէ հեռու ընդզգալ մասնաւոր այն հոգեխառնութիւնը, վիճակը որ ԺԹ. դարու եւրոպական մեծ վէպերուն մէջ տեսակ մը դեուս էքս մաշինա մը իբրեւ, լուծում մը բերած է անոնց գնացքին։ Քօղ կ՚առնէին երբեմն ամենէն ազնուական կիները, սիրոյ մը դագաղակիրը դառնալով։ Ու պարեգօտ կը հագնէին երբեմն ամենէն իրաւ երիտասարդները, միշտ պատրանք մը, պարտութիւն մը, կործանում մը հոգիէն դիմագրաւելու կամքով մը։ Կ՚անցնիմ 

Ու ատենը եկած է որ լրջանամ։ 

Մկրտիչ Խրիմեան խեղճ ու պատառ բարոյախօսը չէ Uիրաք եւ Սամուէլ ին, Մարգարիտ Արքայութեանան Երկնից ին, ոչ ալ աւելի կամ նուազ շատաբան գիւղատնտեսը Պապիկ եւ Թոռնիկ հատորին։ Համապատկեր ը, առանց ազգային պատմութիւն մը փառասիրելու, մեր գրագէտները տալու, կերպարանելու իր աւագ առաջադրութեան մէջ, ըսի վերերը, չի տառապիր սակայն գրող է մի մարդը այլապէս ազատագրելու, երբ այդ մարդուն ետին աշխարհ մը կը խտանայ։ Խրիմեան մեր վերջին կիսադարուն ամենէն պատմական, ժողովրդական անձնաւորութիւնն էր, գիտէք ատիկա։ Վաթսունէ աւելի տարիներ, անոր կրունկներուն, մենք կը գտնենք հաւատարիմ՝ փառքը, ինչպէս իր ստուերը։ Ու դարձեալ, միշտ այդ ժամանակին մէջ, մենք կը գտնենք, մեր պատմութեան բոլոր բեմերուն վրայ, այդ մարդուն երեսին, ետեւէն, հասցէին նախատինքը, հալածանքը, հաւասար յորդութեամբ, կենդանութեամբ։ Զինքը պատուած են Հայոց Հայրիկ անկարելի տիտղոսով, ինչպէս սեւցուցած են իր անձն ու գործը մեծատարած աղմուկով, թատերական ելույթներով։ Չեմ զբաղիր համբաւներուն քմայքներովը, ընդհանրապէս ճարտար ձեռնարկներու յայտարար, երբեմն մեր միամտութեանց անդրադարձ: Cabale։ Արժանիք ։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց ժամանակը բանջար չի քաղեր։ Ու վաղ կամ ուշ կը բերէ իր հարուածը։ Գրականութեան մէջ մանաւանդ համբաւը անզօր է զիս զինաթափելու։ Այսպէս չէ սակայն չարափառ համբաւը։ Կա՞ր Սուրէն Պարթեւեան չարահամբաւ փառքին ետին հանդէս մը մեղքերու, ուժերու, պայմաններու որպէսզի այդ շատ շքեղ տաղանդը ճռչէր, այդ համբաւին թոյնէն, չձգելու չափ մեր երախտագիտութեան արժանի գործ մը: Խրիմեանի գրական համբաւը այսօր չի յուզեր զիս: Բայց իր անձնաւորութեան շուրջ սա քաղաքական համբա՞ւը: Իրաւ է որ ժամանակը չէ եղած Խրիմեանի հակառակորդներուն [6], d é tracteurներուն հետ որոնք իրենց կարգին կողմեր  լուսաւորած են խորհրդաւոր այդ մարդէն սակայն։ Իր կենսագիրներուն դրական ու պայծառ գոյնե՞րը։ 

Ըսի թէ պատմութիւն չեմ փառասիրեր: Բայց մարդկօրէն կը տառապիմ առեղծ ուած ին առջեւ։ Ուրիշներու շուրջ գրուածք ները, առանց այլեւ այլի, կը հասնին իրենց առաջադրութեան։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան ( իր կեանքը եւ գործը ) հատորը, Արշակ Չօպանեանի կողմէ գրուած, կը լրացնէ Օրթագեղցի քերթողին իմաստը, իրմէն վերջն ալ։ Քանի կը կարդամ Խրիմեանի նուիրուած հանդէսները, նոյն համեմատութեամբ կը քայքայուի հէքեաթը անոր անունին շուրջը, իմ ներսը։ Ստոյգը այդ կենսագրութեանց մէջ սա մարդուն ստեղծած անհուն խանդավառութիւնն է, զոր արդարացնող, բացատրող ազդակները այնքան քիչ են, քիչ կուգան սակայն։ Ամէն տեղ ճակատը երկուք է: Իր հետ ու իր դեմ ։ Հանրային մարդոց ճակատագիրն է անշուշտ քիչ մը ասիկա։ Բայց Խրիմեան աւելի է քան հանրային մարդը։ Ու քանի կը կարդամ իր գործերը, այնքան իր հէքեաթը ներսէն կը տկարանայ, միշտ իր առեղծուածը մթնցնելով։ Ու իմ՝ տագնա՜պը, սա պայմաններուն տակ, մարդը լրիւ ընդգրկելու անկարողութեան մը։ Անշուշտ չէք մոռնար որ Համապատկեր ը հայոց ազգային պատմութիւնը չէր փառասիրեր: Ու գրագէտներէն իր սիրածը՝ գործերուն կշիռը, կենդանութիւնը, դերը: Այս մայր մտահոգութեան ընդմէջէն ` պիտի հրաժարիմ հետեւելու Խրիմեանի կեանքին ծանր թուականներուն։ 

Վարդապետ բառը արդարացնող կատարելութեամբ մը, քանի որ սորվեցուցած է, իր իսկ միջոցներով հաստատելով ուսուցման կեդրոններ: Հայաստանի սիրտին վրայ Վարագայ որբանոցը, իր դպրոցովը, տպարանովը, եւ անհերքելի վկայութիւն մըն է ուսուցանողէն։ 

Եկեղեցական Հայ Եկեղեցւոյ սպասը մնաց իր սրտին ամենէն մօտիկ սխրանքը։ Լիմ անապատի սաղմոսներէն մինչեւ հայոց հայրապետութեան փառքը անիկա ապրած է Խայաստանցի տէրտէրին հոգեբանութեամբը։ 

Քարոզիչ շ փոթութիւն ստեղծող մասնակիութեամբ մը։ Զինքը մտիկ ընողներու վկայութիւնը չենք կրնար հերքել, թէեւ իր ըսածները ունինք այդ բեմերէն, տարօրէն պարզ, տկար նոյնիսկ, իբրեւ կազմակերպեալ բան։ 

Ազգային գործիչ աւելի քան վաթսուն տարի անիկա հայոց պատմութեան ու ճակատագրին մէկ իշխանը իբրեւ խօսած, գործած, տնօրինած է: 

Գրագէտ Իր գիրքերուն բազմաթիւ տպագրութիւններովը։ 

Հայոց Հայրիկ որ կը համադրէ կիսադարեան իր գործունէութիւնը: 

Այսպէս երեսներու բաժնուած Խրիմեան անունը գիտեմ՝ թէ կը նուաղի, կը տկարանայ իր խորհուրդէն։ Բայց պատրանքներուն գիրն է կանուխ թէ ուշ շ ոգիանալ։ Իր աստուածացումէն ու զինքը քայքայող քիչ մը միամիտ իմաստութենէն ձերբազատ տրամադրութեամբ մը կը փորձեմ մօտենալ սա երեսներուն։ Մի առարկէք թէ Համապատկեր ը աւելորդ հետաքրքրութեանց սիրոյն իր սահմանները կը զանցէ։ Իմ գործի մուտքին ես տուեր եմ հիմնական ազդակները, նման տեղումներ արդարացնող։ 1860 էն մինչեւ գրեթէ 1880, արեւմտահայ գրականութիւնը ողողուած է ոչ թէ Խրիմեանի գրական չունեցած հասկացողութեամբը, այլ այն հոգեխառնութեամբ որ այս մարդուն խօսքին ու գիրին ճամբաներովը կը դառնայ մարմին։ Այդ հոգեխառնութեան global որակո՞ւմ մը։ Եթէ կ՚ուզէք։ Հայրենախօս, հայրենապաշտ հոգեբանութիւնն է անիկա, իրաւ է թէ Վենետիկէն փոխադրուած, բայց շատ շուտով գտած իր իրական նկարագիրը։ Ոչ մէկ երանգ՝ Մխիթարեան պատմութեան եւ բանաստեղծութեան մէջ, որ մեզի թելադրէր 1860 ի մարդոց  հոգիին իրական կերպարանքը եւ Ազգային Սահմանադրութիւն, ազգային թատրոն, ազգային գրականութիւն, ազգային դաստիարակութիւն, բոլորը մէկ ու նոյն հոգեխառնութեան բխումները կը մնան։ Չեմ ըսեր թէ Խրիմեանն է ստեղծիչը այդ ամենուն։ Բայց կը հաւատամ թէ Բարիզ կրթուած մեր Զարթօնքի ուժերը պիտի առնէին բոլորովին տարբեր ուղղութիւն, պիտի զարգանային ոչ - փափաքելի կերպարանքներով ( ինչպէս կը գտնենք ասիկա Նար - Պէյին, Թէրզեանին, Ոսկանին մօտ ) եթէ երբեք իրենց պատրաստութիւնը չդիմաւորուէր Խրիմեանէն մարմնացած մասնակի ստուգումներով։ Այդ մաuնակին հայոց ազգն էր, ոչ իր անցեալին աւելի կամ նուազ սեւցուած կամ լուսողող պատկերացման մէջ, այլ այնպէս ինչպէս կար անիկա հայոց աշխարհին տրտում, տառապագին, ահա ւ որ իրականութեան ներքեւ։ Ըսին թէ Խրիմեան մարդը եղաւ իր ժամանակին: Չեմ սր բ ագրեր վարկածը, բայց կը ջանամ հասկանալ այդ տարողութեամբ: Զարթօնքի տղաքը իրենց ազգին ծանրածանր կարիքները ընդառաջելու յօժար ընող հոգեբանութեան մէջ մեծ, եզակի է ահա Խայաստանցի այդ վարժապետը։ Այդ Խայաստանը Վենետիկցի աբբաներուն, երէցներուն, քերթողներուն համար, հարկ կա՞յ, կրկնելու, դրախտ է ու Նոյեան տապան, Արամ է ու Վարդան, Էջմիածին է եւ Սիս: Բայց այս բոլոր անունները՝ նստած, իրենք իրենց վրայ, պատմութեան փոշիներով ոսկեհուռ: Խրիմեանն ալ պիտի շեփորէ այդ բառերը, ասոնցմէ ծորող անցեալին դիւթքը, բայց պիտի աւելցնէ ուրիշ ալ ճիչ մը, զոր Մխիթարեան աբբաները ոչ միայն պիտի չհամարձակէին արձակել, այլ միտքէ անցնելն իսկ պիտի համարէին սրբապղծութիւն։ Այդ ճիչը՝ հրաւէրն էր այդ աւերակները ազատագրելու ։ Զարթօնքի սերունդը, այս հրաւէրին ընդմէջէն, անցուած կ՚ըլլար: Դէպի Իրապաշտները փաղանգը յստակ չունեցաւ հրաւէրին խելամտումը. այնքան այդ կոչը կը բախէր անպատրաստութեան, ամրակուռ շահերու, զգօնամիտ պաշտօնեաներուն հաւաքական ընդդիմութեան։ Բայց Իրապաշտները անոր, այդ կոչին ոչ միայն արձագանգը կուտան, այլեւ կ՚անցնին աւելի անդին քան սկզբնական զանգը։ Խրիմեան Մկրտիչ ժամանակին ուզած մարդը չէր ( ես կը զատուիմ ուրեմն ընդհանուր մտայնութենէն ), բայց այդ ժամանակին համար՝ porte - parole մը, մունետիկ մը, եթէ կ՚ուզէք։ Յետոյ, ազգային հարցը, 1880 ին, այնքան ծանր, բարդ, տագնապուն, նուաճելի չէր սոսկականէն, որքան ալ ուժ ըլլար մթերուած այդ անհատին մէջ։ 

Արագ, կը մօտենամ Խրիմեան Հայրիկը բաղադրող [7] վերադիրներուն։ 

ա ) Վարդապետը այս մարդուն մէջ ինքնաբուխ է, ինչպէս են գրեթէ բոլոր միւս միութիւնները իրմով ընդհանրացած յղացքին։ Իր թափառումները, ժամանակէ իր նեղութիւնը, մանաւանդ խառնուածքին աւագ ցուցմունքը կը խօսին ընդդէմ ուսուցանողին որ չի հ երքեր անշուշտ պայքարի փաստ մը, բայց  կ՚ախորժի հանդարտ, շրջահայեաց, մանաւանդ յարատեւ գործօնութենէն։ Ունինք իր Պոլիսը, Հրաւիրակ ին շրջանէն, բայց չունինք իր ուսուցումին ուղղակի հետքերը, որոնք աշակերտներու, ասոնց մէջ մշակուած լուրջ, տիրական, տեւող վարժութիւններու ձեւով վարդապետի մը դէմքը կը ճշդեն: Իր Վարագը, իբրեւ վարժարան, նորութիւն մը չէ, քանի որ ուսմանց ծրագիրը կը մնար այնքան նախնական եւ Խրիմեան իր հանգանակութիւնները կատարած է յանուն իր վարժարանին ու մամուլին ։ Միւս կողմէն չարհամարհել փաստը որ Զարթօնքի սերունդին գերագոյն առաջադրութիւններէն մէկը կազմեց, հայ վարժարանը: Եթէ Նիկողոս Զօրայեան այդ վարժարանը փառաբանեց իբր պատրաստութիւն շուկայի, ու Սկիւտարի ճեմարանը բարեխառնեց, այդ շուկայիկ յղացքին մէջ դնելով գրաբար քերթուածին ալ համը, Խրիմեան, Վենետիկէն ներշնչուած, իր վարժարանին համար ունի հայրենասիրական ծանր փառասիրութիւն։ Սերունդ մը տուաւ Վարագը, որմէ Ամիրճանեան, Սրուանձտեանց անցած են հայոց գրականութեան պատմութեան, վերջինը ծանր ալ փառքով։ 1870 ի մարդոց պաշտամունքը ուսման հանդէպ կը գործէ նաեւ Խրիմեանի մէջ։ Վարագայ որբանոցն ու Արծուի Վասպուրականի ն, իր ձագուկ Արծուիկ Տարօնոյ ով, Խրիմեանի մէջ վարդապետ յղացքը կ՚ազատագրեն։ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսը մեծ վարդապետներու, սորվեցնողներու ոսկեղնիկ  մէկ շրջանն է: Խրիմեան առաջին գիծի, այսինքն շրջան, մտայնութիւն սկսող կամ փոխող ուսուցիչ մը չերեւիր մեզի, բայց Վանի նման հեռանկեալ խոր շ ի մը մէջ իմացական շարժումի մը մղիչ ուժն է անիկա։ Ի՞նչ փոյթ որ եւրոպական պատրաստութիւն մը պակսէր անոր։ Այս մարդը իր սրտովը իրագործած է ինչ որ իրագործելի էր գանկով։ Իր պատրիարքութեան ու քարոզչութեան Պոլիսը ու հայրապետութիւնը չեն բերեր փաստեր որպէսզի վարդապետի իր հոգեբանութիւնը ազատագրուէր իր ցանկութեանց միջին գիծէն։ Դուրեան Սրբազան վարդապետ մըն էր, ինչպէս բանասէր մը, բանաստեղծ մը, եկեղեցական մը։ Խրիմեանի համար կրթական շարժումը չունի այն առինքնող ձգողութիւնը զոր քաղաքական կիրքը կ՚արթնցնէր իր մէջ։ 

 

բ ) Եկեղեցականը որ զիս կը հետաքրքրէ իր գրականութեան հասկացողութեան բերելիք իր բարիքովը առաւելապէս: Կրնա՞նք, իր կենսագրութիւնը կարդալէ յետոյ, մեր միտքին մէջ իր կերպարանքը արժեւորել այն պարզութեամբ, օծուն քաղցրութեամբ, յուզիչ, սրբանուէր ինքնաբաշխումով որոնք իբր յատկանիշ կը յառնեն մեր երեւակայութեան դէմ երբ կանուանենք մեր մեծ հայրապետները։ Իր արիւնը թափած չըլլալը մի մեծցնէք, սուրբի լուսապսակ մը երբ կը պակսի իրեն։ Չեմ վերլուծել մեր պատմութեան դասական յղացքը եկեղեցական տիպարէն։ Շատ մը առիթներ օգտագործեր եմ ես, մեր արքաներուն այնքան անփառունակ, նսեմ կերպարանքներուն ընդդէմ մեր հայրապետներուն շքեղ գեղեցկութիւնը, մեծութիւնը արժեւորելով։ ԺԹ. դարուն դասական հայրապետը չեն հերքեր անշուշտ մեր մեծ եկեղեցականները, բայց հեռու ալ են զայն հարազատ թելադրելէ։ Հայոց կաթողիկոսները կրօնական պետեր չեղան միայն։ Անոնք իրենց ժողովուրդը հարուածող աղէտներուն մէջ եղան բարձր խորհրդանիշ անձնաւորութիւններ, հասնելով կարիքներուն, երբեմն խելքով, երբեմն սրտով ու սրբութեամբ ղեկավարելով աղէտները, ասոնք արձակող ձեռքերը կարկելով աղօթքով կամ անէծքով։ Կայ տակաւին ժողովրդական ալ տրամադրութիւնը, արեւելքը ու իր բռնապետները, նախապաշարումը եւ նրա մեծութիւնը եւ Խրիմեան սրտայոյզ եկեղեցական մըն է Վան ու Տարօն։ Այս աշխարհամասերը հարիւր տարի առաջ չէին պատկանէր մեր պատմութեան։ Հիմնական երեք ազդակները հայը, թուրքը, քուրտը իրենց միջնադարը  կ՚ապրէին, յաւիտենական արեւելքին անայլայլ յօրինուածքը: Ու այդ արեւելքը կ՚ակնածէր պարեգօտաւոր մարդէն։ Հազիւ կայ քսան տարի որ թուրքին աշխարհահայեացքը չի գործեր իր կրօնականներուն ցուցմունքովը: Անկէ առաջ, դարեր ու դարեր, կրօնականը թուրքին մէջ ամէն բան է։ Խրիմեան կը ճանչնայ թուրքը ( իր թափանցումը, նրբամտութիւնը, հասկացողութիւնը կը դառնան նշանակել իր կենսագրողներուն բոլորին համար ալ ), բայց կ՚ապրի քուրտը, ըսել կ՚ուզեմ այս լեռնական ու խաշնարած ժողովուրդին զգացական գրութիւնը չի հերքեր իրմէն։ Իր բոլոր քարոզները, երբ մերկացնէք աւետարանեան իր գործադրումներէն, կ՚ըլլան հողագործ, խաշնարած, լեռնական ժողովուրդի մը անգիր բարոյականին թելադրանքները: Ու կայ տակաւին իր ալ ժողովուրդին ճնշումը, հայ - քրիստոնեան, որ կը միջամտէ իր բարոյախօսութիւնները պզտիկ մը գունաւորելու։ Կայ, ասկէ զատ, հայոց պատմութիւնը որ կ՚օգտագործուի իր օրերուն իբրեւ սրբազան յուռութք: Ու կայ իր ժամանակը, այնքան նոր յոյզերով թրթռուն։ Դէմ է Խրիմեան վանքերուն, ոչ անոնց հոգեղէն թելադրանքներուն, այլ հոն որջացած միաբանութիւններուն պորտաբոյծ ու վնասակար միջնադարին։ Դէմ է նմանապէս քաղքենի եկեղեցականներուն, այսինքն առաջնորդ եպիսկոպոսներուն, ազդեցիկ վարդապետներուն որոնք իրենց շահերը ունին պաշտպանելիք։ Ու հարցը, իսկոյն։ Հoտապե՞տը, հովուապե՞տը: Այս մարդը մասնագէտն է կռիւներ, բախումներ, առնուազն անհանգստութիւն, յ ու զում յարուցանելու: Պատմեցի ձեզի իր Օրթագեղի ժամուն մէջ պատարագը, ամիրաները սարսափի մատնող իր բացագանչութիւններով։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն որքան իրարու հետ հաշտ կ՚ընթանան եկեղեցականը ու ամբոխներ յուզող յեղափոխականը, երկուքն ալ տառացիօրէն ճիշդ Խրիմեանի ասպարէզին ամբողջ հասակովը: Կայ տակաւին միւս փաստը, ժողովուրդը պառակտելու, ինքնաբաւ ու ինքնահաւան ճպուռները սաստելու, լրագրողները, երեսփոխանները արհամարհելու, մանաւանդ ազգային բարձր, պաշտօնական շրջանակներու մէջ ձեւախնդիր ոգիին, պատշաճութեան դէմ ինքնաբուխ պարզութեամբ մը, ինքնագլուխ գործելու բազմառատ դրուագներուն վկայութիւնը: Քիչ անդին երբ գործիչը իյնայ վերլուծման, ես կուտամ յեղափոխականին ալ մեծ գիծերը։ Խրիմեան կրնայ յորդել դասական կաղապարէն հայ եկեղեցականին։ Անշուշտ իմաստուն կ՚ըլլաք՝ այս նկատողութիւնը պահելու իր պատշաճ սահմանին ներսը։ Մեծ եկեղեցականը վեղարէն չ՚առներ այդ ստորոգելին։ Վեղարէն առաջ՝ մարդ մը։ Այդ մարդը [8] կա՞ր Վանեցի սա շ ուշտակ վարդապետին մէջ։ Իր կենսագիրները միաբան են հարցումին պատասխանին մէջ։ Ժողովուրդը, իր ինքնաբեր գնահատումով, տուած է պատասխանը: Դժուար է հերքել այսքան յստակ բանաձեւումներ։ Մարդ մը որակող մեծ ստորոգելիները քիչ մը շատ ընդհանուր, պարտաւոր են մասնաւորուիլ ժողովուրդէ ժողովուրդ, նոյնիսկ շրջանէ շրջան։ Մարդեր էին մեր մեծ հովուապետները ` Տիզբոն, Դամասկոս, Գահիրէ, Բիւզանդիոն, նոյնիսկ Մոսկուա։ Բայց գործօնութեան որքա՜ն տարբերակներով։ 

 

գ ) Քարոզիչը։ Խրիմեանի գրական վաստակին կէսէն աւելին կ՚իյնայ խօսքի բաժինին մէջ, յստակ է ասիկա։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ առարկայական քննութեան ունինք հնարաւորութիւնը: Տագնապ մը սակայն պարզ է դարձեալ: Ասիկա՝ գիրի ինկած խօսքին ճակատագիրն է, առանց հիմնական պաշտպանութեանը իր կենդանի զգեստին։ Որեւէ միջոց չի կրնար դերասանին արդարութիւն ընել, քանի որ բեմէն դուրս անիկա հասարակ արարած մըն է: Քարոզիչը կը կրկնէ նոյն դժբախտութիւնը։ Եւ որովհետեւ խօսողին սարիք ը ձայն, ներքին մագնիսականութիւն, շարժուձեւերու հանդէս, կոկորդ ու թոք գլխաւորները կը նկատուին այս սարիքին դարձեալ անբաւական՝ գրագետ մը ազատագրելու, ստիպուած եմ գրուածը ինքնին մէջ արժեւորելու: Չեմ բացուիր, մեծ ատենաբաններու կեանքերը, հմայք ն երը մինչեւ։ Այսօր ալ յուզումով կը կարդանք իրաւ հռետոր ն երուն մեզի ձգածը։ Կը պզտիկցնեմ ծիրը իմ նկատողութեանց։ Խրիմեան խօսած է կէս դար։ Հայոց հայրենիքը, գաղթաշխարհը տուած են բեմը իր խօսքին։ Հայոց պատմութիւնը, մանաւանդ իր ժամանակին հայոց իրա ւ ժողովուրդը կազմած են անոր խօսքին տիրական յատակը։ Վարժապետ, վարդապետ, եպիսկոպոս, պատրիարք, կաթողիկոս, այս մարդը միշտ ունեցած է պատեհութիւն՝ զանգուածներու հետ իր խօսքը արժեւորելու ։ Ըսի թէ դժուար էր զբաղվել խօսողին հանգամանքներովը, քանի որ իմ ընելիքը Խրիմեան մը վերակազմել չէ ի կատարելութեան, ամբողջական կենսագրումի մը հետամտող, գրագէտին համար անհրաժեշտը միայն արտօնելով ինծի օգտագործել։ Անցել է ուրիշ կէս դար մը։ Մահը, որ ջնջած է ապականելի մասը Խրիմեանին, անզօր է մնացած անոր խօսքին յատակը յարդարող տռաման վճռապէս լուծելու: Խորագոյն դժբախտութիւններու կիկլոնէ մը վերջ Մկրտիչ Խրիմեան փակած է իր աչքերը, որոնց խնայուեցաւ սակայն գերագոյնը այդ դժբախտութեանց, 1915 ը: Ու այսօրուան հայրենիքին վերանորոգ փառքը, գեղեցկութիւնը չեմ աճեցներ իրենց իմաստէն անդին, մոռցնել տալու հա՝ ինչ որ ըրեր էր հայոց Հայրիկին կէս դարը, այնքան խռովայոյզ, այնքան անսփոփ։ Գրականութիւնը քարոզէն, բ արոյախօսութենէն, թերեւս պատմութենէն կը տարբերի անով՝ որ ասոնցմէ աւելի արտօնուած է իրմով ծածկուած վիճակները կենդանի պահելու: Պզտիկ ինքնամփոփում մը, պատմական որոշ կանխապատրաստութիւն, ոգեկոչման թեթեւ շնորհներ բա՛ւ՝ որպէսզի 1888 ին քրոնիկ մը Պանդուխտի մը Կեանքէն ( Հրանդ ) մեզի դարձնէ, շատ քիչ տոյժով, հոգեյատակը մարդոց որոնք այդ թուականներուն Պոլսոյ խաներուն մէջ դրուած էին ջիղ ջիղ փտելու, Պալըգլըի գերեզմանատունը պարարտացնելու ճակատագրով մը, երբ անդին, հայոց հայրենիքին մէջ, այդ մարդոց կիները, զաւակները, տունն ու տեղը իրենց կարգին կը չորնային, անժառանգ ու դժբախտ: Այս վերակեանքին կարելիութիւնը հաւատարիմ չէ սակայն Սիրաք եւ Սամուէլ ին համար։ Նոյն իսկ խօսուած Խաչի Ճառ ը ( բնագիրը կ՚ըսէ՝ Վերջին Շաբաթ - Ճառ Խաչի ) մեզ կը ձգէ անտարբեր, մանաւանդ երբ զինքը յօրինող կախարդ Հայրիկին պաշտպանութիւնն ալ չունի։ Խրիմեանի քարոզները միամիտ մի ըլլաք անոր գրականութեան բաղադրիչ հիմնատարրեր ընդունելու: Բայց կուգայ մեր նկատումին խօսքէն աւելի ` ասկէ շահուած բարիքին ճակատագիրը։ Խրիմեանի մէջ ես զատած եմ գործիչը որպէսզի այս բարակրաֆ ին տակ զետեղեմ այդ տարիքին վերլուծումը։ Հոս՝ կրօնականի մը խորքէն մեր սպասածին կշիռը: Ու կը լրջանամ։ Մարդկային հոգին անշուշտ որ անհուն կարելիութիւններու հանդէս մըն է։ Ու Խրիմեան եղաւ շ փումի մէջ այդ հոգիին ընդարձակ յուզումներուն։ Կա՞յ, իր խօսքին մեզի մնացած դէզին ետին այդ հոգիին մէջ, իր իսկ աչքովը սեւեռուած քանի մը նորութիւններ։ Ուրիշ բառերով՝ իր քարոզներուն մէջ այս մարդը մօտեցա՞ծ է հոգեվիճակներու որոնք իրմէն առաջ չէին յստակ ( թէեւ գոյ ) եւ իրմով ինկան հասարակաց խելամտումին, թափանցումին: Կը հրաւիրեմ ձեզ որ, այս թելադրանքին ընդմէջէն, աչքէ անցընէք անգամ մըն ալ Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից ը, Խաչի Ճառ ը, Դրախտի Ընտանիք ը, Uիրաք եւ Սամուէլ ը,  ասոնց ներսը գտնելու համար ձեր ժողովուրդին հոգեկան իսկութենէն խորունկ, իրաւ, հեռահաս վկայութիւններ։ Այո՛, Պապիկ եւ Թոռնիկ ը կը պահէ այդ կեանքէն որոշ տարրեր։ Բայց պզտիկ ուշադրութիւն մը ձեզ պիտի մօտեցնէ իրական թափանցումին։ Այդ գիրքին գրական վերլուծումը, աւելի անդին, ինծի առիթ ` որպէսզի իմ ժողովուրդին քանի մը շատ խորունկ, իւրայատուկ ապրումները այդ էջերէն ձգեմ սեւեռման: Բայց գիտենք որ Պապիկ եւ Թոռնիկ ը չէ խօսուած։ Միւս կողմէն այս մարդուն խօսքէ դիւրութիւնը հաւասար կու գար գիրէ դիւրութեան։ Ունինք, ինքնագիր կամ թարգմանածոյ, դէզ մը քարոզներու, որոնց անկանգնելի հասարակութիւնը այլեւս դադրած է մեզ տառապեցնելէ: Խրիմեանով գլխաւորուած սա քարոզագրութիւնը չի բաւեր դատապարտել: Պարտաւոր ենք գիտնալ որ հայոց հազարէ աւելի եկեղեցիներուն տասը հազար է աւելի մարդեր կը տառապէին Աստուծոյ խօսքը տաք ու կենդանի իրենց ունկընդիրներուն հասցնելու ու կը մնային անկարող։ Իրողութիւն էր որ Խրիմեանի պատարագը ու ետեւէն՝ խօսքը Պոլսոյ քառասունէ աւելի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ ո՛չ միայն թաղականներուն համար նիւթական վարձատրութիւն մըն էր այդ խօսքը խմելու վազող հազարներուն ժամուցովը գոյացող, այլեւ այն հոգեկան խորունկ վայելքին համար որ այդ գեղջուկ բառերուն կախարդանքն էր միշտ հազարներու ականջներուն։ Չմոռնալ որ 1896 էն առաջ Պոլսոյ մաքսատունը, խաները, թաղերը հազարներով կը գործածէին Վասպուրականի, Տարօնի, Բարձր Հայքի երիտասարդները, բոլորն ալ յորովայնէ ընտրեալ հօտ Վանեցի եպիսկոպոսին: Գունդագունդ այդ տղաքը կը թափէին այն եկեղեցին որուն թաղական խորհուրդը Շաբաթ օրուընէ Մասիս օրաթերթին մէջ ծանուցումը կուտար Կիրակիի Ս. Պատարագին « զոր հանդերձեալ է մատուցանել » Մկրտիչ արքեպիսկոպոս Խրիմեան, մանաւանդ Պերլինի պատուիրակութենէն վերջ։ Ու գիտենք տակաւին այդ պատուիրակութենէն առաջ Տարօնը, Վանը, այսինքն անհանդարտ բազմութիւններով գերագրգիռ թեմեր որոնց բազմաթիւ տաճարներուն մէջ Խրիմեան Կիրակի չէր փախցներ առանց քարոզի։ Ունինք մանաւանդ Պոլիսը, իր մայր, պատրիարքական եկեղեցիներով ու պատրիարքարանի ներսը բազմաթիւ ժողովներով։ Այս բոլորին միտք - բանին ա ՛ն` որ արդէն խօսքի մեծ շնորհներով օժտուած այս մարդուն տուած էր պատեհութիւն առնուազն մեր սրբազան պերճախօսութիւնը ( ա՛ն՝ զոր գաղիացիք իբր գրական սեռ ընդունած են գրականութեան  դասագիրքերուն մէջ ) բախտաւորելու հատորով մը ուր մեզի տրուէր զգալ իրաւ մտածողը, իրաւ խօսողը, մեզ նուաճող նոյնիսկ առանց գրական ջնարակի։ Այդ հատորը չենք կրնար կազմել իր ամբողջական գործէն: Ըսի թէ իր կենսագիրները համաձայն էին իրարու անոր մէջ ընդունելու խօսքի իշխան մը: Թէրզիպաշեանի, Աճէմեանի վկայութիւնները բացարձակ են այդ մասին։ Հրանդ, Արփիարեան այդ խօսքին վրայ ձգած են մեզի սրտայոյզ խոստովանութիւններ։ Բոլոր այս հաւաստումները կ՚ապացուցանեն բան մը սակայն, այսինքն անոր խօսքին նիւթեղէնը: Իր կեանքին բոլոր շրջաններուն անիկա գիտէր իր մարմինը հանդերձել իր դերին, պարթեւ, բարձրադիր, լայն պարեգօտով անգամ մըն ալ ընդարձակուած, թեզանիքներուն անդունդներէն ադամանդակուռ իր մատներուն քաղցր հրապոյրը անծանօթ ստեղներու վրայէն կարծես հաւաքելով, մինչ իր կիսասքօղ աչուըները մոմերուն լոյսին մէջ կը կոտրտուէին գոհարի փշրանքներով ու իր հարուստ մօրուքը կը բացուէր առատ իր կուրծքին։ Այսպէս կազմակերպուած, անոր մարմինը կենդանի նուագարան մըն էր, ծանրածանր յոյզերով թրթռուն։ Ու պէտք չէ պատմութիւն ընել որպէսզի թարմանան ձեր յիշողութեան մէջ իրարմէ ուժգին այդ խռովքները։ Այս հաւաստումներէն վերջ, չեմ լայննար դէպի անբաւարարութիւնը անոր խօսքի խորքին։ Քարոզ մը գրական կամ իմաստասիրական մարզանք մը չէ։ Անոր անդրանիկ առաքինութիւնը՝ ինքզինքը ըլլալը, ապահովաբար։ 

Հըրաժարական
Քարոզըդ տուիր,
Մեր սիրտերուն մէջ,
Հայրիկ ճան,
Կրակ վառեցիր  

կ՚ըսէ ժամանակին շատ սիրուած երգ մը։ 1850-1890 ի շրջանին Խրիմեան ժողովրդական իրաւ, ամուր, յուզող իշխանն է խօսքին, անկախաբար այդ խօսքին ներքին տարողութենէն, արժէքէն: Անշուշտ պիտի ըլլար շատ ցանկալի որպէսզի այդ խօսքին ընդմէջէն մենք կարողանայինք հաղորդուիլ ուրիշ ալ ապրումներում, բացառիկ որքան ազնուական, որոնք մտածման կամ փորձառութեան փայլակներով մեզ մղէ ի ն զգաստութեան, մեր մութ ներսը ողողէին պայծառութիւններով, առնուազն բարիքը ընէին մեզ մեզի ճանչցնելու մեր այն մասերէն որոնք անբաւարար չափերով հասած են մեր խորագոյն, ներքնագոյն իրականութեան։ Պապիկ եւ Թոռնիկ ին մէջ, բնական խրատներու շարքին, տեղ մը անիկա կ՚ըսէ, առանց ձեւակերպութեան, որ թոռնիկին կինը պակսած պարագային ( կ՚ակնարկէ մահուան ) Աստուած ողորմած է: Անոր տեղը տրտում երկրորդ պսակ մը կարող է լեցնել: Ու ահա՝ մտած ուղին տարօրէն իրաւ մաuը. հողը ` պակսած պարագային ( կ՚ակնարկէ արտին վաճառումով ուրի շ ի սեպհականութիւնը դառնալուն ) ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿՈՐԱԾ Է։ Այս հիմնովին արեւելեան ապրումը Խրիմեան կը վերածէ ահա փորձառական իմաստասիրութեան մը պատգամին։ Իր քարոզներուն մէջ նման պատգամներու պակասն է որ ինծի կը թելադրէ այս վերապահանքը։ Փոխադրելով հարցը փորձառական բարոյականէն քարոզը ատոր արտայայտութիւնն է ամենէն առաջ հոգեկան մարզ, կը տառապիմ նոյն անբաւականութեան համար: Այս մարդը մեր հոգիէն միայն նիւթ, սարք, ընթացիկ ապրումներ է սեւեռած ու անգիտացած է վսեմ այն պա հ երը ուր բարձր իմացականութիւն մը եւ ոսկի սիրտ մը կը միաւորին, ծնունդ տալու համար դարերուն ազնուական կտակներուն: Խրիմեանի դէմքին ընդհանուր յօրինուածութեան ( կշիռ ) մէջ ես կը ճշդեմ այս պակասին տարողութիւնը 

 

դ ) Ազգային գործիչը: Աւելի քան վաթսուն տարիներ այս Խայաստանցի հայրենախօս մարդը աշխատած է ազգային իրականութեան վրայ, յամառ ու յարատեւ կիրքով մը որ տաղանդի հետ կը շփոթուի իր մօտ: Գերի ժողովուրդի մը իմացական ընտրանին զարմանալի չէ որ իր նախասիրութիւնը դարձնէ այդ ժողովուրդին բարօրութիւնը, չըսելու համար ազատագրութիւնը։ Մեր Զարթօնքին ( ԺԹ. դար ) գործաւորները հասարակաց ունին այս տագնապն ու կիրքը: Մի հարցնէք թէ որքան պատրաստութիւն՝ իրենց դերին համար ալ։ Էականը կրօնականին, վարժապետին քաջածանօթ յղացքին մէջ մուտք առնելն է նոր բանի մը զոր կ՚անգիտանան մինչեւ 1850 մեր իմացական սպասարկուները, առաւելապէս ուսուցանող ու կղերիկոս։ Անցելապաշտ, կրօնամոլ, եսակեդրոն, սեպհական բարիքներու հետամուտ կաղապարը 1800 ի կաթոլիկ աբբաներուն, բազմալեզու պատուելիներուն, 1850 էն ասդին կը ստանայ ուրիշ նկարագիր։ Այս նկարագիրն է ահա որ անձէ անձ, մտայնութենէ մտայնութիւն շրջափոխուելով՝ պիտի ստեղծէ մեր Զարթօնքին հերարձակ գործաւորները, լայնօրէն աշխարհիկ տարրերով ( կրօնականը առաջին անգամ ըլլալով կ՚անցնի երկրորդ բլանի մեր  պատմութեան պաշտօնագործութեան մէջ ), բայց մասնաւորման շատ զօրաւոր կերպարանքներով։ Ազգային գործիչներ ՝ մեր Զարթօնքին բոլոր միաւորները, նոյնիսկ պատանի Դուրեանը երբ իր քերթուածները, գոնէ մէկ մասը անոնց, կը յատկացնէ օրուան յոյզերը սեւեռելու ու կը բերէ իր նիհար ուժերուն կարելի բարիքը, գրելով ողբերգութիւններ ու զանոնք բեմադրելով չու ն եցած իր թոքերով։ Ազգային գործիչներ ՝ մեր բոլոր երեսփոխանները, մեծ տոկոսը բժիշկներուն, պետական պաշտօնատարներուն, երգահաններուն, ազգային երեսփոխաններուն, վարժապետներուն։ Այս գործունէութիւնը ժամանակին հետ ինքզինքը պիտի տեսակաւորէ: 1880 ին՝ արդէն կերպով մը բիւրեղացում։ 1886 ին՝ յեղափոխականը։ 1890 ին ` գործիչը վտանգաւոր ու վտանգահար կենդանին է մեր ընկերութեան մէջ, պետական հսկողութեամբ ու հալածանքով կրկնապէս լուսապսակուած։ Խրիմեան անցած է յղացքին բոլոր մանրամասնութիւններէն։ Աղթամարէն մինչեւ Էջմիածին, անիկա ոչ միայն վարժապետը, կրօնականը, գրողը, վարչական մարդը կը կեդրոնէ գործիչին կաղապարէն ներս, նմանելով այս գետինին վրայ իր սերունդին բոլոր կարեւոր միութիւններուն, այլեւ կը կերպարանէ նոր մը։ Կը ղրկեմ ձեզ կենդանի ուրուագիծին, գտնելու համար հոն այդ նորին տարրերը: Այս մարդը, Պոլիս, չի վախնար վառ օ դապետ ամիրայէ մը որ դասին մէջ մտիկ կ՚ընէ իր քարոզը, վառօդ՝ ուզելու, Խայաստանի թշնամիները հարուածելու։ Այս մարդը, միշտ այդ Պոլիսին մէջ, ճարտարապետ ուրիշ ամիրա մը կը հրաւիրէ իր Խայաստանը որպէսզի ասոր աւերակները վերակառուցուին, տաճարները փառապսակ բարձրանան։ Ու գիտէք իր ստեղծած խանդավառութիւնը Կովկաս։ 1860ի ն արդէն գործիչը իրմով խանդ է ու գեղեցկութիւն։ Իր Վանը, Տարօնը բացառիկ շրջաններ են այդ կեանքէն։ Երկու ամենէն հարազատ հայ կեդրոններուն մէջ այս տարօրինակ մարդուն գործունէութիւնը, քանի մը ծանր խաւերէ [9] բաղադրեալ ընկերութեան մը  մէջ, հրաշալիք մըն է ճկուն, իմաստուն բայց սրտէ փրթած ալ վարչութեան մը։ Կրնաք առարկել ինծի, իր հիմնովին անպատրաստ ասպարէզին մէջ անոր դիմաւորած կորանքներուն փաստերը օգտագործելով։ Ատեն մը, գոնէ մինչեւ Վարժապետեանի մահը, այս ազգին քաղաքական շարժումները հակակշռուած են յառաջամարտիկ ինչպէս վերջապահ ուժերու դաշն գործակցութեամբ մը։ Խրիմեան 1878 ին պարզ միջին մը չէ, ոչ ալ եւրոպական արքունիքները տպաւորելու կանչուած շքեղ խորհրդանշան մը, պարեգօտաւոր դասակարգին յատուկ հմայքով մը։ Իր հետ ունի իմաստութիւնը, փայլը, կարտինալութիւնը յանձին  Նար - Պէյի որուն գրաբար քերթուածները, պերճախօսութեամբ հանրահռչակ ատենաբանութիւնները եւ ազդեցիկ սիրուհիները բաւ էին հակակշռելու Վանեցի եպիսկոպոսի՛ն նախկին ալ պատրիարք նախնական, պարզամիտ, անկով ներկայութիւնը երբ չուզենք կշի ռ ին մէջ նետել ազգին գերագոյն ճպուռներուն, Չերազին եւ Փափազեանին, դպրոցական սրահներու մէջ վաստկած մեծափառ, դափնեպսակ վկայութիւնները։ 1885 էն վերջ ազգային երազին ամենէն թանձրացեալ խորհրդանիշը, հակուած, հալածուած, թուրքէն սարսափուած, հայէն նախանձուած։ Մէկ կողմէն մղձաւանջային անձնաւորութիւն մը, քանի որ Պոլսոյ աւագերէցը, քաղքենին, հարուստ դասակարգը, մեծաքանակին առեւտրականը բնազդաբար դիրք կ՚առնեն իրմով անձնաւորուած քաղաքականութեան դէմ, հաւանական բարդութիւններէ զարհուրած։ Միւս կողմէն՝ լման հայութեան խուլ ցանկութիւններուն մագնիս մը ինչպէս, հայրենիքին ազատագրման պատգամ ու ապահովութիւն, թուրք կայսրութեան բոլոր գաւառներուն մէջ ցրուած բազմութիւններուն ու Կովկասի մէջ նորանորոգ հայրենասիրութեամբ խանդավառ զանգուածներուն համար։ Իր հրամանին տակ՝ բանակը պանդուխտներուն, որոնց թիւը կ՚անցնի յիսուն հազարը (1896 ին ջարդերէն վերջ միայն պաշտօնապէս թուահամարեալ գաւառացի ամուրի երիտասարդներուն գումարը 46, 000 էր, որոնք բռնահա ւ աք տարագրուեցան Պոլսէն, իրենց հայրենիքները վերադարձուելու ակնապատիր պատրուակին տակ եւ հալեցան ճամբան, առանց իրենց գեղերը հասնելու ) ։ Որոնք զայն կը դաւանին իրենց սուրբը ու պատրաստ են անոր համար իրենց անձը զոհելու, առանց այլեւայլի։ Մրցակցութիւնը բարձրաստիճան կղերականներուն։ Ազգին խղճմտանքին մէջ գոյաւոր երկուութի՜ւնը ` որ զայն կ՚ուզէ իր հետ ունենալ: Հնչակեանները կը հաւատան անոր հեղինակութեան ու դերին։ 1870 էն մինչեւ 1890, ազգային ճակատը, իր խայտաբղետ բանուորներովը, կրքոտ երեսփոխաններովը, զգուշաւոր պէյերովը, փաշաներովը, մանաւանդ ամենապատիւ, գերապատիւ եպիսկոպոսներովը փոխնիփոխ կ՚ապաստանի այս մարդուն հմայքին։ Միայն ազգային ժողով անուանուած համախմբումի մը մէջ անոր ստեղծած խռովքը բաւ է խորտակելու ամենէն ամուր ջիղերը հանրային սպասաւորի մը։ Խրիմեան տառապելուն չափովը տառապեցուցած է ազգային բարձր շրջանակները: Զինքը իշխանութեան պատրիարքութեան բերողները կը զգան իրենց ոչ թէ սխալը, այլ ողբերգական անկարողութիւնը, քաղաքականութիւն խաղալու հոն ուր ազգային ազատ գործունէութեան մը մեքենականութիւնը անհնարին բան մըն էր, պարզ այդ ժողովուրդին գերութեամբը զգետնուած։ Ազգային գործիչէն այս մարդը ունի տիրական քանի մը նկարագիրներ։ Ատոնցմէ մէկը ` իր խորունկ, գրեթէ անշահախնդիր հայրենասիրութիւնը։ Ապրած է օրը օրին, առանց ճոխութեան, երբեմն անհրաժեշտին համար իսկ նեղուելով։ Մարդիկ կը վստահին իր ժուժկալութեան, հանրային իրին հանդէպ իր խորունկ յարգանքին։ Դրամէն վեր եպիսկոպոս մը Պոլսոյ մէջ ոչ միայն ուշագրաւ, այլեւ սրբութիւն մըն էր։ Ազգային գործիչի ուրիշ յատկանիշ մը իր մօտ՝ իր տաք, կրքոտ խառնուածք ը որ ձեւերէ, ձեւակերպութենէ, զգուշաւոր անդաճմունքներէ գիտէ անցնիլ անդին եւ օրուան ծանր մղումները կը դիմաւորէ սկզբնածագ ( spontan é) խանդով մը։ Չմոռնալ որ 1850 էն մինչեւ իր Երուսաղէմ աքսորը, այսինքն մօտ կէս դար արեւմտահայ զանգուածը կրունկին տակն է իրարմէ ծանր դժբախտութիւններու: Այս քառասուն տարիներուն ամէն իրաւ տագնապ, ազգային հարցի ճակատին վրայ, պիտի գտնէ զինքը, անշուշտ իրեն չհարցուցած, տեսակ մը ժողովրդային մղումով։ Երբ այդ շրջանին մեր պալայով պատուանիշ փաշաները, պէյերը, պետական ծանր համակրանք վայելող էֆէնտիները, բժիշկները, առնուազն Եւրոպա ըրած պաշտօնատարները հանգամանաւոր անձերն են ազգային քաղաքականութեան իբր ազդակ ծառայելու, ազգը ինքնաբերաբար կը յառի Խայաստանցի վարդապետին սրածայր վեղարին։ Անիկա գիտէ առիթները տաքը տաքին օգտագործել։ Թող պետական չարաշուք կարգադրութեամբ մը 1876 ին Վանի շուկան, իր 1500 խանութներով, մոխրանայ, քաղաքին հայ բնակչութիւնը մատնելով միակտուր անօթութեան, Խրիմեան, առանց անդրադարձի, պիտի անցնի սեղանին, քանի մը օրուան մէջ գրէ իր արձակ քերթուածը ( Վանգոյժ ), գտնէ անմիջական մեկենասը, ու, տեղն է ըսել, դեռ հրդեհին մուխը չցամքած, նետէ հայութեան յուզումին վրայ կրակէ բառերուն փոթորիկը, անսանձ որքան աննկատ, իրաւ որքան սրտառուչ: Անիկա քաջ էր եղած ուղղակի ամբաստանելու թուրք կառավարութիւնը։ Ու ասիկա այսպէս՝ բոլոր ծանր տագնապներուն համար։ Անիկա անըմբռնելի դիւրութեամբ մը կը ճարէ դրամը իր բոլոր հանրօգուտ ձեռնարկներուն, չնմանելով դրամէն առաջ կազմակերպեալ ծրագրով աշխատաւորներուն որոնք ԺԹ. դարուն մեր հարուստներուն բարեկամեցողութիւնը օգտագործելու համար պայման կը նկատէին պիւտճէն, ծրագիրը, նախահաշիւը։ Ազգային գործիչէն այս մարդը ունի անհուն, անսպառ կորովը աշխատանքին։ Կ՚ընդունիմ զինքը երբ իր փառասիրութեանց ծիրին մէջ կը նկատէ ամէն բան, Պոլիսէն ինչպէս գաւառներէն: Ի վերջոյ մոռնալու չէք Վանի համար խմբագրուած բայց Պոլիս տպագրուած հանդէսի մը իր խմբագրապետութիւնը։ Մ շ տագործօն ու մշտաշարժ այս մարդը գրչով, բերնով, մօրուքով, ձայնով, արցունքով, պարզ իր ներկայութեամբը պիտի կատարէ առանձին այնքան գործ որքան Զարթօնքի սերունդին գործաւորները միասնաբար։ Ուրիշ խնդիր՝ կատարուածին որակը։ Վանի մէջ Կեդրոնակա ն մը ` 1860 ին անըմբռնելի, բայց իր Վարագայ որբանոցը նախաստուերն է 1910, Վանայ Կեդրոնականին ։ Այս յոգնիլ չգիտցող գործօնութեան ի՞նչն էր պակսածը որպէսզի անոր ճիգերը մնային առանձին, այսինքն չտային իրենցմէ սպասելի բարիքը։ Ահա ճակատագրական, գուցէ անիրաւ ալ հարցապնդումը: Զինքը դատափետողները կը ծանրանան իր կեանքին վերջին տասնամեակին բացառիկ անարգասաւորութեան վրայ ու չեն մտաբերեր որ Լուսաւորչի Աթո ռ ին ղրկուած Խրիմեան կաթողիկոսը բանտարկեալ մըն էր նախ իրմէն, յետոյ դէպքերէն արտաքին քաղաքականութեան, - յետոյ Լուսաւորչայ իսկ գահէն։ 1900 ին անոր խեղճ ու պատառ քերթուածները երբ կը փորձեն օգտագործել անոր անփառունակ կաթողիկոսութիւնը արժեզրկելու, արագ կը սահին գերագոյն իր ժեսթէն, ազգային կալուածները, գլխուն գինովը, կառավարութեան չյանձնելու: Կեցէք վաթսունէ աւելի գիտակից գործօնութեան իր տարիներուն գումարին առջեւ ու ըսէք ինծի թէ ո՜րն էր հայ եկեղեցականը որուն օրերը ըլլային լեցուն այդքան ծանրածանր ապրումներով, իրենց կարգին շօշափելի արարքներու վերածուած երբեմն։ Կը տառապինք որ այդ արարքներէն ոմանք ըլլան կերպարանքն առած անտանելի գիրքերու: Բայց իր ճիշդ գեղեցկութեան, արժէքին մէջ չենք տեսներ անոր Վանը, անոր Տարօնը, որոնք հայութեան ամենէն սրտոտ, յառաջահայեաց հատուածները պիտի ըլլային։ 1896 ը չյաջողեցաւ կործանել Վանը որ միս մինակը մնաց 1915 ը անվտանգ անցընելու շքեղ դիւցազնութեան մէջ։ Քառորդ Միլիոնի մօտ հայութիւն մը երբ փարեցաւ խեղճ ու պատառ իր զէնքերուն, ընդդէմ գերման կատարելատիպ զէնուզարդով զրա հ աւոր կառավարութեան մը գրոհին, կը գործէր հեռու բայց զօրաւոր ուժերու ունկնդիր, ցանուած այդ մարտիկներուն հոգեդաշտին, քառորդ դար առաջ,  Խրիմեան Մկրտիչին մատուըներէն ու բերնէն: Ազգային գործիչ միայն արարքի մը գործադրիչը չէ, այլ է նոյն չափով արարքները կարելի ընող հոգեխառնութեան մը ստեղծիչը: Խրիմեանի համար ազգային գործիչը ամենէն տիրական վերադիրն է: Չեմ գտնել շատ իմ վերլուծումը։ Համապատկեր ը գրականութեան պատմութիւն ըլլալուն չափովը, ազգային մեր ապրումներուն հանդիսարանը, յայտարարեր եմ այնքան անգամներ։ Քիչ անդին, երբ ես կը տարբաղադրեմ իր մեծագոյն տիպարը, Հայրիկը, կը նետեմ նժարին ուրիշ ալ նկատողութիւններ: 

 

ե ) Գրագէտը ` զոր կը վերլուծեմ առանձին, ուրիշ գլխու մը մէջ։ 

 

զ ) Հայրիկ հայոց ։ Համապատկեր ի Ա. Հատորին մէջ, Գրիգոր Օտեանի առիթով, ես խօսեր եմ ազգային համբաւին տարողութենէն։ Հոն Խրիմեան, Ալիշան կը յիշուին իբր այդ համբաւին ամենէն ընդարձակ մարմնառութիւնները։ Գրիգոր Օտեան այդ երկուքէն տարբեր տարողութեամբ անուն մըն էր, անշուշտ թափանցումի տեսակէտէն նուազ հեռահաս, քանի որ զանգուածները հազիւ լսած էին զայն։ Խրիմեան համահայկական գերագոյն անունն է լման կէս դար։ Գրականութեան պատմիչը գիրքերու անուններու հաւաքիչ մը չէ։ Անիկա այդ գիրքերը լեցնող հոգիին հետ ամենէն շատ ունի պարտքեր։ Կրնայ պատրանքը միջամտած ըլլալ, աս ու ան անունը աստուածացնելու արարքին մէջ։ Ժամանակին պարտքն է լուսաւորել առեղծուածը, փարատել պատրանքը ու արժէքներու կշիռը գործադրել ժամանակէն դուրս չափերով։ Ունինք Մամուրեան մեծը, մեծապայծառ իմացականութիւն Պէրպէրեանը, ազնուական քերթող Թէրզեանը, անհունն Ալիշանը, անզուգական քերթողուհի Սիպիլը։ Ու շ արունակելը ձեզմէ։ Մօտեցէք վերադիրներուն առանց նախապա շ արման։ Առնուազն կը վարձատրուիք զանոնք յօրինող հոգեխառնութիւններուն վրայ ձեր գտածովը։ 

Ըսի թէ ոչ մէկ անուն, մերձաւոր ընդարձակութեամբ մը, ըրած էր թափանցում դէպի զանգուածներուն հոգին որքան ատիկա կը հաստատենք Հայոց Հայրիկին համար։ Կանխող էջերու մէջ տրուած են տարրեր, եզրեր, այդ հրաշքը ընդունելի ընել աշխատող։ Կ՚անցնիմ շատ արագ, անխուսափելի կործանիչներէն, ոչ անոր համար որ այս մարդիկը սխալ էին զգացած կամ դատած մարդն ու իր գործունէութիւնը, այլ միւս փաստին ուշադիր, որուն համեմատ այս ծաւալով ամէն համբաւ ինքնաբերաբար կ՚այլակերպուի, կ՚աղաւաղուի, տեւողութեան  որքան միջոցին մէջ, ինքզինքը պաշտպանելու անկարող։ Մահ մը երբեմն փրկութիւն է, քանի որ կը սառեցնէ համբաւները ու ողջերը միշտ քիչ տրամադրութիւն պիտի ունենան մեռելներով զբաղելու, մանաւանդ վերջնականապէս քանդուածը անգամ մըն ալ քանդելու: 

Հայոց Հայրիկը ժողովուրդէն բխող տարազ մըն է, ամենէն առաջ։ Այդ ժողովուրդը այդ գնահատումները կազմակերպած ատեն, ամենէն քիչ մտիկ պիտի ընէ իրմէն դուրս ազդակներու: Գրողներու ընկերութիւն մը, կուսակցութիւններ ի վիճակի էին այս ու այն անուններ լուսապսակելու: 1860 ին Պէշիկթաշլեան իր տաղանդին բոլոր ուժովը, շատ շատ Արսէնին ( Բագրատունի ) գահ մը կրնար ճարել, Պառնասի մէջ, ան ալ Վիրգիլիոսին ձեռքովը, բայց չէր կրնար Հայկ Դիւցազն ը իջեցնել ընթերցումի։ 1870 ին Պետրոս Դուրեան, հաւանաբար ընդհանուր խանդավառութեան անձնատուր, Մկրտիչ Խրիմեանին Պոլսոյ պատրիարքութեան մէջ փառքի աթոռ մը կը փառաբանէ, գրելով այսպէս իր ամենէն միջակ քերթուածները ( երկու հատ են Հայրիկին ուղղուած բան նաստեղծութիւնները այդ տղուն կողմէ ) ։ Հայոց Հայրիկ ը ուրեմն գրողներու հնարք մը չէ, ու իբր այդ՝ թելի արտայայտիչ։ Կասկած չունիմ որ Խրիմեանի գիրքերը այդ վերադիրին դարբնումին մէջ հիմնովին անազդեցիկ մնացած են։ Ու կայ միւս փաստը բարձրաստիճան եկեղեցականութեան գրեթէ աննուաղ հակառակութիւնը՝ Վանեցի այս վարդապետին, եպիսկոպոսին, պատրիարքին ընդդէմ։ Չեմ կրկներ կենսագրութեան մայր գիծերը: Պաշտօնական եկեղեցականութիւնը, այսինքն ժողովները, առնուազն զչարած են զայն։ Երկրորդ փաստն ալ չեմ հեռացներ աչքէ, ազգին բարձր դասուն ընդդիմութիւնը իր մանաւանդ քաղաքական ձեռնարկներուն։ 1876-1877 ի տագնապներուն, Համիտի խաղարկութիւնը հայ դատը վարկաբեկելու, ատեն մը գետին է շահած, Վարժապետեանով ու անոր ետին գործող թրքական ուղղութեան պաշտպան հայ աւագանիով: Խրիմեան մինակն է պաշտպանելու անպաշտպանելին։ Այս հաստատումները կը ձգտին հասկնալի ընել Հայոց Հայրիկ ին վարկը, որ կը յօրինուէր իր բնական կալուածէն դուրս բարեխառնութեան մը մէջ։ Խրիմեան հալածուած է քիչ մը ամէն տեղ, մասնաւոր սաստկութեամբ մը իր եղբայրակիցներէն ու գործակիցներէն։ Այս իրողութենէն անդին կը ծագի իր ժողովրդականութիւնը: 

Զայն, այդ ժողովրդականութիւնը ընդունիլ ծնունդ իր  մարդոց, Պոլիս, ուր գիտէք թէ որքան մեծ էր թիւը Վանեցի, Տարօնցի պանդուխտներուն, պիտի նշանակէր աններելի պարզապաշտութիւն մը։ Հայոց Հայրիկ ը կուգայ թերեւս շատ աւելի խորունկ հոգեխառնութիւններէ։ Տարազին անդրադա՞րձ մը ` խոշոր այն տագնապին որ արեւմտահայ ԺԹ. դարն էր, մանաւանդ իր կէսէն, երբ Կալկաթա, Էջմիածին, Վենետիկ որոշ հասունութիւն մը ճարող մեր Զարթօնքը կը ձգէր այլեւս վանքերու, գիրքերու, արկածախնդիրներու խանձարուրն ու պաշտպանութիւնը ու կ՚իջնէր իր իրական գետինը, ծոցը այն ժողովուրդին որմէ վկայութիւն էր ըլլալու սահմանուած ։ Եւ կամք, միշտ ԺԹ. դարուն, մեր շուրջը հոլովող քաղաքական մեծ դէպքերու հակազդեցութի՞ւն՝ երբ առտու մը կ՚արթննային մեր մեծերը, մեզի բախտակից ժողովուրդներ գտնելով քարտէսին վրայ, այլեւս ազատագրուած դարաւոր ստրկութենէն։ Ու, շարունակելով՝ բողոքի լռին, անկարող եղանա՞կ մը, քանի մը միլիոն մարդոց վրայ գործադրուիլ սկսած սառն հալածանքին դէմ, մինչ մեր երկրին մէջ մեր հողերը կը բռնագրաւուէին մեզմէ, տրուելու համար գաղթական իսլամներու, մեր երիտասարդները կը բռնադատուէին գեղն ու քաղաքը լքելու ու Պոլիս վազելու, հոն հալելու համար, ու մեր տուներուն վրայ կը հիւսուէր ահաւոր սպառնալիքը մահուան, ամէն օր գործող, ամէն օր օճախ մը մարող է առանց որ մէկը կարողանար իր կարգին սպառնալ այդ մահուան 

Ինչպէս կը տեսնէք, Մկրտիչ Խրիմեանին հետ դրուած, ապրումները, իրենց կարգին, ամենէն ընդարձակներն են մեր այդ շրջանի պատմութեան։ Ալիշան մը ուսումնասիրել կը նշանակէ մարդ մը անդամազննել, այսինքն՝ ուղեղ մը խորաչափել ու գրեթէ միայն այնքան, քանի որ պատուական պենետիքթէն ը գրած է իր քերթուածները ամենէն առաջ իրեն համար, իր հաշւոյն, հազիւ մտածելով իրմէ դուրս ընթերցողներու, ասոնց հոգեկան պահանջները ընդառաջելու սրտոտ ցանկութեամբ, երբ գրական փառասիրութիւնը կը յաջող էր լռեցնել։ Անոր պատմական վաստակն ալ հայոց պատմութեան կը սպասարկէ, ու շատ ալ հեռուէն ` այդ պատմութեան մէջ հոգի փնտռող մարդոց։ Այդպէս չէ Խրիմեանին ո՛ չ անձը, ո՛չ գործը: Այդ անձնաւորութիւնը, գիտէք, եղած է մեր ժողովուրդը յուզող ամենէն ծանր տագնապներու ոչ միայն խանձարուրին, այլեւ յաճախ պատանքի հանդէսին։ Ու եղած է անկարող հանդիսականի ամենէն նսեմ ճակատագիրով։ Ձգեցէք արագ թուումի այդ մարդուն կեանքին  հիմնական թուականները, ու պիտի գտնէք որ այդ թուականները իրենք իրենց արդէն մեր պատմութեան ամենէն բախտորո շ, ամենէն տռամաթիք տարիներուն կը զուգադիպին։ Ասիկա մի համարէք արդիւնք պատահման։ Ասիկա ն շ ան մըն է թէ այդ թուականները ծնունդ կուտան մարդերու, գործօնութիւններու, տռամաներու, որոնց համագումարը երբեմն կ՚ամփոփուի անունի մը ետին, երբեմն տարեթիւն մը։ Հայոց Հայրիկ ը մէկն է այդ անուններէն։ Ապրիլ 24 ը ` մէկ ուրիշը։ 

Կատարեցէք փորձը անոր անունին կապուած հարցերը հասկանալու, առանց իր ներկայութեան։ Պիտի զգաք որ այդ բոլոր տագնապները իրենք իրենց վրա են արդէն։ Գաւառական լուսաւորութիւնը, Խրիմեանով գլխաւորուած ու լուսապսակ, ինքնին իրականութիւն է 1860 ի խղճմտանքներուն համար։ Գաւառի հայերուն հարստահարութիւնը այս մարդը չգործածեց Պոլիս խուժելու համար։ Կար անիկա, այդ հողերուն երեսին, հեռու դարերէն սկսեալ։ Խրիմեան երկու տագնապներն ալ կեդրոնացուց իր անձին ներսը ու հագաւ զանոնք արմատապէս, բացարձակութեամբ մը որ զինքը կ՚ընծայէ առանձին։ 1860 ին մեր Զարթօնքին աշխարհիկ ինչպէս կրօնական գործաւորները տոգորուած էին անշուշտ խանդով, կիրքով, հայրենասպաս գաղափարներով։ Բացի Ծերենցէն, որ իր արհեստը իբրեւ վահան գործածեց իր գրական ձգտումներուն, միւսները կը գործեն իրենց հունովը, սեպհական ծիրին մէջը ոչ միայն իրենց կարողութիւններուն, այլեւ կարելիութիւններուն։ Ոսկի գանձի մը գինով դուք պիտի չյաջողէիք Լուսինեան Խորէն եպիսկոպոսը ղրկել Վան կամ Տարօն։ Խրիմեան, զանգատան յատուկ հայրենասիրութեամբ մը չէ որ ձգած է Պոլիսը, ինչպէս փառքի հետամուտ ախորժակներով չէ որ հեռացած է պահ մը Վանէն։ Անիկա այդ երկու կեդրոններուն ալ խուլ, անմերժելի ձգողութեանը մէջ գործած է, գործածած է իր ուժերը: Այս անձին չմտածելու, պէտքին առջեւ թեւաբաց վազելու, ու երբեմն ալ կարիքը յաղթահարելու բախտ մը սխալ չ ը լլար նկատել Հայոց Հայրիկ ին անդրանիկ խանձարուրը։ Այս վարկածը իր բոլոր լոյսը, ստուգութիւնը կը գտնէ երբ մօտիկէն քննէք 1860 ի երիտասարդ հոգեւորականներուն պարզած կեդրոնաձիգ ախորժակները։ Մայրաքաղաքը ասպարէզն է, փառքը, հանգիստը, գերագոյն դիրքերու հեռակէտ մը, առնուազն պատրիարքութիւն եւ կաթողիկոսութիւն։ Գաւա՞ռը։ Ձեզի կը ձգեմ պարտքը, այդ շրջաններուն լիովին մտապատկերելու  մեր եկեղեցիներուն, մանաւանդ առաջնորդանիստ թեմերուն իրական պատկերը [10] ։ 

Բայց Խրիմեանի տիտղոսը, ծնունդ առած ժողովուրդին ծոցէն, Պոլսոյ մեջ տակաւ պիտի ամրանայ ի հեճուկս բոլոր չկամութեանց, իր կարգակիցներէն որքան գործակից աշխարհականներէն հանդերձուած բոլոր արգելքները նուաճելով։ 1870 ին այդ մարդը ազգին խղճմտանքն է որ կը փոխադրէ Գում Գաբուի աթոռին։ Մօտ քառորդ դար իր զարգացումը անշեղ առաջ վարող յղացք ը Զարթօնքը արդէն կերպարանք է կրօնական, ընկերային, կրթական, գրական մարզերու վրայ։ Քաղաքակա՞նը։ Հոս կը ն երուի զետեղել հանրահռչակ արեւելեան խնդիրը որուն մէկ երեuակն է մեր քաղաքական կացութեան խորհուրդը։ Ոսկեդա՜րը ` եւրոպական դիւանագիտական հակամարտութեանց, ռուս հիւպատոսներուն ու սկսող գերման փառքին։ Ազգային պատմութիւնը, Խրիմեանին հետ, իր հարազատ գետնին վրայ է սակայն, քան մեր ուրիշ որեւէ գրողին հետ։ Ու ընդարձակ զուլումը, որ մեր լրագիրներուն մէջ հարստահարութեանց հարց անունն ունի, Խրիմեանի ոչ միայն պատրիարքութիւնը կը կանխէ, այլեւ կ՚ապրի Վանեցի պատրիարքին հռչակաւոր հրաժարականէն վերջն ալ այդ Աթոռէն։ Պ. Դուրեան Հայոց Հայրիկ ը Աթոռէ առաջնորդած։ Իր մահէն վերջը մեր գրողները, լրագրողները Հայոց ը հալեցուցած են, թերեւս քաղաքական իմաստութեամբ մը ու վերածած են հայրենախօս վարդապետը Խրիմեան Հայրիկ ին: Բիւրեղացումը կատարեալ էր։ Խրիմեան, 1850 ին, Հրաւիրակ Արարատեան քերթուածը սապէս կը մկրտէ. 

յօրինեալ ի չափս հայկականս
ի Մկրտիչէ Խրըմեան Վանեցւոյ։ 

1867 ին՝ Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից արձակ հատորին համար կը գրէ 

խուն վաստակ երկոց 
Մկրտիչ Վարդապետի Խրիմեան:

1876 ին՝ երկու հատորներ 

ա ) Վերջին Շաբաթ եւ Խաչի Ճառ 

բ ) Ժամանակ եւ Խորհուրդ Իւր

կը հոգեգրուին եւ կը խորհրդածուին 

Խրիմեան Հայրիկէ։

1894 ին ` Պապիկ եւ Թոռնիկ ը կը գրէ 

Հայոց Հայրիկը:

1900 ին հրատարակուող Թագաւորաց Ժողովը հեղինակ ունի 

Հայոց Հայրիկը:

Այս նկատողութիւնները բան մը կ՚ընեն պարզ։ ատիկա այդ տիտղոսին ( Հայրիկ ) գրականութեամբ նուիրագործումն է զոր գրական տաղանդին չափովը անշուշտ յաջողագործած է քաղաքական գործունէութիւն մը։ Նահապետ Հայոց ը, անմոռանալի այդ 1860 ին, չհասաւ ժողովրդական լայն խաւերուն։ Ալի շ անի համբաւը մահէն վերջ պիտի աճէր, գերաճէր դիմելու համար իր մահուան 

Ինչ որ ալ ըլլայ Հայոց Հայրիկ խորհրդանշանային տարազին կշիռը, ըսել կ՚ուզեմ՝ երբ գործադրենք անշահախնդիր վերլուծումը Վանեցի վարդապետին գրական վաստակին վրայ, մենք հարկին տակն ենք Հայրիկ ը փոխադրել իր գրական կալուածէն դուրս, իր հարազատ միջավայրին մէջ որ կիսադարեան մեր քաղաքական կեանքն է, առանց այլեւ այլն։ Ու անմիջապէս անողոք հարցականը, 

Ի՞նչ է ըրած այս անզոյգ վարդապետը, մանաւանդ այդ գետինին վրայ, արժանանալու համար սա համայնական գնահատման։ 

Գրականութեան պատմութիւնը չի կրնար հանգամանօրէն լայնՆալ, իր մէկ վաստակաւորը գնահատելու ատեն, ասոր արտագրական վաստակը ազատօրէն օգտագործելու [11] ։ Զարթօնքի  գործաւորները, առաւելազանց աստիճանով մը, կը պատկանին մեր մշակութային, ազգային պատմութեան մանաւանդ։ Հայոց Հայրիկ ը խորհրդանիշ տարազ մըն է։ Քիչ վերը զանազան բաժիններու մէջ ( եկեղեցականը, վարդապետը, ազգային գործիչը ) ես տուի մաս մը բան այն նկարագիրներէն որոնց գումարը կը հալի տիտղոսին ներսը։ Կայ ուրիշ եղանակ մը, կեանքին չափ նպաստաւոր, տիտղոսը թելադրելու։ Ատիկա՝ իր անձնականութեան հզօր ճառագայթումը պիտի ըլլար, իր արարքները լուսաւորող ու ասոնք ազգային մեծատարած նշանակութեան մը առաջնորդող։ Պոլիս, պատրիարքութենէն վերջ, այս մարդը, մինչեւ Պերլինի Վեհաժողովը, գրավաճառներու եւ թաղականներու, քաղքցիներու եւ մաքսատան բանուորներու ընտանութիւնն է նախասիրած։ Իր բախումները, պատրիարքական Աթոռին վրայ իր sommaire գործելակերպը, երեսփոխան էֆէնտիները եւ կայսերական պալատին մէջ լաւ դիտուած պէյերն ու փա շ աները իր դէմ հանելու իր թերեւս դիտումնաւոր, թերեւս ակամայ monoeuvreները մէկ կողմէ՝ երբ կը յօրինեն իր հէքեաթին հակադիր երեսը, ի՞նչն է միջամտողը որպէսզի զանգուածը իր բոլոր ուժերը յատկացնէ չքաւորելու հէքեաթին միւս  երեսը։ Իր գիրքերը, մանաւանդ Վանգոյժ ը որոշ յանդգնութիւններ էին, որոշ վտանգ՝ իր քարոզներէն վերջ։ Հարիսան եւ երկաթե շերեփը Պերլինէն վերջ անոր անունը լուսապսակեցին նոր վտանգներով։ Իր կենսագիրները կը ներկայացնեն Պերլինէն վերջ անոր քարոզները, լայնօրէն յեղափոխական։ Հնչակեան կուսակցութեան պետերէն Խան Ազատ, իր յուշերուն մէջ կուտայ այդ հոգեբանութեան անդրադարձը, թէեւ կը պզտիկցնէ Հայրիկը։ 

Իր քարոզները, 1880 էն վերջ, գրաքննութեան ամրանալը, յեղափոխական կուսակցութեանց սաղմնաւորումը վաթսունամեայ այս մարդը կը բերեն ժողովրդական լուսապսակի մը։ Հայկական խնդիրը Մասիս ին մէջ քանի մը տարի սիւնակի մը վերադիրը կազմելէ վերջ, կամացուկ մը պիտի անհետանայ: Մեր գրականութիւնը, վարժապետներու ազդեցութեան տակ, պիտի զգուշանալ այդ խնդրով զբաղելէ. Մեր քաղքենին իր համակրութիւնը բացէ ի բաց կը ցուցադրէ թրքասէր շրջանակին, կազմուած կայսրութեան սպասարկող հայ պաշտօնատարներէ։ Ազգային ժողովը նուաճուած է փաշաներէ, վսեմաշուքներէ։ Հին, արի տրիբուններուն ձայները, երգերը տակաւ կը դասուին վտանգաւոր։ Մինչեւ Հայրիկի աքսորուիլը Երուսաղէմ (1890), հայութեան ճակատագիրը մտած է վճռական փուլի մը մէջ։ Յեղափոխութիւնը, մութ իր հմայքովը, հասկնալի իր սարսափովը, իր ստեղծած ահաւոր լարումովը, եւրոպական դիւանագիտութեան ստորին հաշիւներուն վրայ իր միամիտ վստահութեամբը, ոչ միայն շրջանին ծանրագոյն հոգեխառնութիւնն է, այլեւ կ՚անդրադառնայ զանգուածին ալ դարաւոր հիմունքներուն։ Առանձին գի՛րք՝ շրջանը որ կը փակուի 1895-1896 ի փողոտումներով։ Խրիմեանի վարկը ոչ միայն չի տժգունիր, այլեւ կ՚առաւելու։ Երուսաղէմէն ազգը զինք երբ Էջմիածին կը ճամբէ իբր հովուապետ, հայրապետ Լուսաւորչի Տունին, աւելորդ անգամ մըն ալ փաստը տուած կ՚ըլլայ Հայոց Հայրիկ տիտղոսին աննուաղ կենդանութեան։ 

Չեմ զբաղիր այդ տիտղոսին ճառագայթումովը հայոց հայրապետութեան գահին վրայ: Խրիմեան իր կորովը լիովին սպառած մարդ մըն էր երբ Իջման տեղին ըրաւ իր պատարագը։ Այդ կորովէն վկայութիւն անշուշտ՝ իր ճամբորդութիւնները դէպի Ձարերու քաղաքները, փոխարքաներու վերջնագիրներուն դէմ ( կալուածներու եւ Էջմիածնի գանձին յանձնումը, դպրոցներու պետականացումը ) իր կտրուկ ընդդիմութիւնները, Մայր Աթոռոյ տաճարին ներսը իր նորոգման ձեռնարկները։ Ու ահաւոր կաֆ ը Վերջալոյսի Ձայներ ուն եւ Ողբացող Խորենացի ին։ Հայկական հարցը կ՚ապրէր իր հոգեվարքը, այնպէս ինչպէս դրեր էին զայն սեղանի 1870), 1880 ի, 1890 ի մարդերը: 1900 ին մեր ժողովուրդը, արեւմտեան իր կէսին մէջ, կը դիմէր մահուան (1915 ը գերեզմանն էր այդ մեծ հոգեվարքին ): Արեւելեան իր կէսը կը մտնէր պայքարի ճամբան։ Ու Հայրիկը անկարող հանդիսատեսն էր այս երկու մեծ աղէտներուն: Իր գերեզմա՞նը, Լուսաւորչի Տան մէջ . 

Անպատմելի տրտմութիւն։ 

Իր բոլոր ձեռնարկներուն մէջ ձախողած այս մարդը գոնէ փրկած էր իր տիտղոսը, իրմէն վերջը ապրող։ Հայոց Հայրիկ ը, դասական յղացքէն բոլորովին պարպուած, այսօր սրտառուչ é pitaphe մըն է գերեզմանին վրայ մարդու մը որ աւելի քան վաթսուն ձիգ տարիներ պայքարեցաւ իր ժողովուրդին համար, յուսաւէտ, քիչ անգամ յուսակորոյս։ Կտրեց այդ տարիները անհուն տրտմութիւններով ինչպէս քիչ խանդավառութեամբ։ Հաւատաց, նման ամէն Վանեցիի, իր ժողովուրդին ոչ միայն դատին արդարութեան, այլեւ այդ ժողովուրդին պատմութեան ու մեծութեան: Խոնարհագոյն սեմերէն մինչեւ բարձրագահ ապարանքները պտտցուց իր խորհուրդը, ազգային ազատագրութեան սրբազան երազը, բաժնելով իր ժողովուրդին տագնապանքն ու կարօտները մարդկօրէն ապրելու, ստեղծելու եւ մեռնելու։ Ու արգիլուեցաւ տարրական իսկ սփոփանքէն։ Մահուան առտուն, հաւանաբար անոր հոգիի աչքերուն շ ինուեցաւ Աղթամարայ նսեմ տաճարը, իր ծնրադրումը, ընդունելու Հայաստանեայց Եկեղեցիին կարգաւորի իր պաշտօնը ու այն 50 60 տարիներուն պողոտան որ քալեց իր հրայրքներուն հետ, ինչպէս կախարդ գօտի մը, ժապաւէն մը, որոնցմէ մեր նոր պատմութեան ամենէն ծանր տռամաները կը պարզուէին։ 

Ի՜նչ կը տանէր անիկա, այդ վերջին րոպէին, այս ա շ խարհէն, դէպի այն միւսը ուր իր Պապիկը հաւանաբար, արքայութեան ոսկեբեր արտերէն մէկուն մէջ, իր լուծքը կը դնէր հանգիստի, ընդունելու համար ալեփառ հայրապետը, ու, գորովոտ, հպարտ, անոր յանձնելու 

մաճը,

որուն արoրը հերկելու էր այլեւս յաւիտենութիւնը ։ 

 


 



[1]        Արեւմտահայ գրականութեան առանձին պատմութիւն մը ասկէ վերջ խնդրական է բոլորովին, քանի որ կեանքի կալուածէն բանասիրական կամ զուտ պատմագիտական կալուածին մէջ իյնալու վրայ է արդէն այն վաստակը որ մեր ժողովուրդի մէկ թեւին դարու մը ապրումները կը պատսպարէ իր ներսը։ Ժողովուրդը որմէ ծնաւ այդ գրականութիւնը, սփիւռքով՝ արդէն հերքուած է: Հայրենիքը՝ ուրիշ ապրումներու հանդէս, ուրիշ գրականութիւն մը կը յարդարէ արդէն, ինքնագլուխ, անցեալին հետ հազիւ տարտամ աղերսով մը։ Ապագայ պատմիչը հարկադրուած է խառնելու մեր, արեւմտահայ գրականութիւնը հայոց գրականութեան ընդհանուր աւազանին։ Որքան իրարմէ հեռու ապրումներ են Էջմիածինը եւ Սիսը: Բայց ԺԲ. դարուն Շնորհալին հայ հայրապետ մըն է, Սիս Լամբրոն կաթողիկոս ըլլալէ առաջ։

[2]        Արեւմտահայ գրականութիւնը tellurique ապրումներու յստակ թելադրանքներ չէ ձգած մեզի: Անոր ներսը մինչեւ հիմա առանց անպատեհութեան մենք կը հաստատենք՝ ա) զուտ պոլսականը, բ) գաւառականը: Խրիմեանը առիթ է որպէսզի այս վերջինը իյնայ հանգամանաւոր վերլուծման, թէեւ Համապատկեր ին ընթացքին, գրեթէ բոլոր գաւառիկ հեղինակներու հետ այդ հարցը կը բերուի ուսումնասիրութեան (Հրանդ, Զարդարեան, Թլկատինցի, աւագ դէմքեր՝ որոնք այդ գաւառականը կը բարձրացնեն ոստանիկին փառքին): Հոս ճշդումներ, պոլսականին ներսը: Համապատկեր ին Ա. հատորը, ընդհանրութեանց մէջ, մօտեցած է այդ պոլսականին մեծ նկարագիրներուն։ Խաս-գեղը, հոս գրական նկարագիր մը թելադրելէ առաջ, ընկերային տարողութեամբ բառ մըն է: Մինաս Չերազ երբ զայն Պոլիսին Աթէնքը կ՚անուան է, գրական իր նորասկիզբ փառքէն զառածուն, անկարող է սակայն մոռցնելու ամիրաներու մեծ ոստանը, այդ Խաս-գեղը, որ մեր օրերէն դար մը առաջ կը պարզէր իւրայատուկ յատկանիշներ։ Մեծ ոստանին, Պոլիսին քիչ մը շատ լուզումնահար շրջաններէն հեռու այդ խորշը յարմար ապաստան մը կ՚ընծայէր կարծես բախտին փոփոխակ քմայքներուն ենթակայ մեր աւագանիին որ թուրք եպարքոսներու փառքին կամ կործանումին անմիջական հետեւանքները ստիպուած էր կրել։ Կեդրոնէ սա հեռաւորութեան մէջ մեր հարուստ դասակարգին, իշխանաւորներուն փառասիրանքը պիտի աւելնար անշուշտ իրենց տուներէն, ապարանքներէն, տարածուելու համար ժամուն, դպրոցին։ Մկրտիչ Խրիմեան, գաւառացի վարժապետ, Վանէն բերած իր հաստ շեշտը ռումբի պէս զարնելով զինքը մտիկ ընողներուն քիթին ու բերնին, երբ կը գտնէ իր առջին բաց ոստանիկ թաղին աղջկանց վարժարանը, տուած կ՚ըլլայ իր հմայքին անդրանիկ վաւերագրումը։ 1910ին, այդ ոստանիկ, մենծ-աղա նկարագիրը մենք կը գտնենք Գատը-գիւղ։ Չկայ անշուշտ Օրթագիւղի, Սկիւտարի մասնայատուկ երանգ մը արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Բայց Խաս-գեղի դպրոցը (Չերազ, Եղիա, Պէրպէրեան) ոգի մըն է գրեթէ, թէեւ անկեդրոն, բայց յիշուած հեղինակներուն մօտ գտած որոշ կերպարանք։ Բերա՞ն, Մանաւանդ Գում-Գաբուն, իր ազգային պատրիարքարանով։ Քաղաքական սա գործօնութիւնները չեն տարածուած դէպի գրականը թէեւ, բայց մարդիկ Սկիւտար ին ճարած են որոշ վարկ մը։ Պէրպէրեան վարժարանը միջնակէտ էր անշուշտ այդ հմայքին։ Բայց անկէ առաջ է Պետրոս Դուրեանը՝ Régional սա փառասիրութիւնները չեն բարձրացած յատկանիշներով Նոճեստանը, Ներաշխարհը, Սկիւտարի Վերջալոյսները, Սիլիհտարի Պարտէզները միայն գիրքերու անուններ չեն, այլեւ սա զգացական նրբերանգներու հանդիսարան, Խաս-գեղը՝ վարժապետութիւնն էր, Սկիւտարը՝ բանաստեղծութիւն, գրականութիւն եւ ընկերք: Օրթագիւղը՝ հայրենասիրութիւն եւ թատրոն:

[3]        Համապատկեր ը ապրումներու հանդէս մըն էր։ Չէք մոռնար ասիկա: Այս մտածումով է որ ես ինծի կուտամ իրաւունքը շեղումներու։ խօսեցայ ձեզի Դուրեանին հետ իմ հոգեկան հաղորդումէն։ Դուք չէք գիտեր որ այս տողերուն հեղինակը, իր կարգին, անցած է այն ապրումներէն որոնք վերը, Խրիմեանին առիթով, փորձեցի թելադրել ձեզի։ 1910ին Խաս-գեղը աւերակն էր իր փառքին (1896ի ջարդը կործանած էր զայն): Ու Գատը-գեղը կը յաւակնէր, ամիրաներու ոստանէն խաղցուած դերին։ Մեծահարուստ Կեսարացիներու, Ակնցիներու դասակարգ մը հոն կազմեր էր այդ օրերու աւագանին։ Իրենց վարժարա՞նը։ Չեմ պատմեր հսկողութիւնը, այլամերժ հոգը այդ վարժարանը մեկուսացնելու օրուան հայ կեանքին մեծ յուզումներէն։ « Պահպանողականութեան միջնաբերդ » իր որակումը այս գեղը կը ջանար արժեւորել ծայրայեղ ուշադրութեամբ մը։ Դուրեան Սրբազանին ծանր միջնորդութիւնը ինծի բացաւ դուռը այդ վարժարանին։ Գիւղէն կուգայի: Օձիք չէի գործածեր: Խնդալ չէի գիտեր։ Զգեստներս՝ պատրաստ գնուած։ Նոյնիսկ կօշիկներս եղան դիտողութեան առարկայ Տնօրէնին կողմէ որ իմ առարկութիւնը թէ ոտքերով դաս տալու չէի ընդունեց մեծ անվստահութեամբ, վախով։ Ինծի կը յանձնուէր հայերէնի դասը, իբր ամենէն փորձանաւորը, անբարեբերը, կործանիչը, Հայերէնը, 1910ի՞ն, Պոլսոյ մէջ։ Ու 1900ին՝ Արմաշի մէջ։ Կը նշանակէր քունի, ձանձրոյթի, տառապանքի պահ ուսանողութեան համար։ Իմ առջեւս ունէի այս աւագանիին տղաքը, մանչ ու աղջիկ, տարօրէն նրբացած հայրենի գոյներուն մեղմացումովը, ու ոստանիկ ապրումներուն յաւելումովը: Պատրաստ՝ դասատուն, մանաւանդ հայերէնի դասատուն կործանելու։ Իմ ձեւերը, կերպարանքը, մանաւանդ դեռ չվարժուած փողկա՜պը ստեղծեցին ծանր տագնապը տղոց որոնք իրենց անդրանիկ մղումները զսպելու վարժուած էին բարեբախտաբար, առտնին քաղաքավարութեան ամենօրեայ դասերէն իրենց ներսը նստած։ Կը խօսէին իրենց լեզուն, թեթեւ շեշտերովը իրենց տուներուն։ Ի՜նչ երկարեմ։ Պահը լրացած էր ու սառոյցը կոտրած։ Տղաքը իմ մէջ կը տեսնէին գիւղը, անոր ետեւէն՝ մեր հայրենիքը, անոր ընդմէջէն՝ մեր պատմութիւնը, բաներ որոնց համար կարօտ չէին ճիգի։ Երկրորդ դասին, իրենց տեսածներուն կ՚աւելնար Հայ գրականութիւնը, անշուշտ արեւմտեանը, իր մեծ բանաստեղծներուն ընդմէջէն։ Ու այդ փակ, առնուազն անընտել, անտրամադիր հոգիները կը բացուէին իրենց ժողովուրդին ամենէն իրաւ ապրումներուն։ Ես չելայ, Խրիմեանին նման, ամիրաներու ատեանին։ Բայց վարժարանին մէջ հայ գրականութիւնը, հայերէն գրելը դարձան տղոց ամենէն սիրելի ապրումները։ Տող մը կանոնաւոր գիր ընելու անընդունակ տղաքը կը պատմէին իրենց ապրումները, իրենց յատուկ գեղեցկութեամբ։ Տասնըհինգը նոր մտած աղջնակ մը, հիւծախտաւոր ու արեւի պէս աղուոր, իր պատշգամին վարդը կը խօսեցնէր ինծի լեզուով մը որ գրագէտը կը ձգէր ստուերի։ Մեռաւ անիկա, վարդերէն վերջ։ Բայց իր պատկերը, մինչեւ այսօր դալկօրէն կարմիր, չէ կորսնցուցած փշուրն իսկ իր սխրագին յուզումէն։ Խաս-գեղի մէջ Մկրտիչ Խրիմեա՞նը։ Ան ալ կը ձգեմ ձեզի որ վերակազմէք։

[4]        Գրական ստեղծագործութիւնը հրահրող թուականներ կան, որոնք կը գոցեն երկար բռնութիւններ ու կ՚արձակեն նոր կարելիութիւններ։ Համապատկեր ը խօսած է 1899էն ու յաջորդ խանդի տարիներէն։ 1909ին ինծի տրուեցաւ ապրիլ այդ խանդին զգայութիւնները, թուրքերուն խաբուսիկ ազատութեանը յաջորդ տարիներուն, մինչեւ 1915ի սպանդը: Հակառակ ահաւոր Ատանային, 1910-1914 նորոգման, կիրքի, գործօնութեան շրջան մըն էր: Չեմ ըսեր թէ Վարուժան, Զարդարեան նուէրն են մեզի այդ օրերուն։ Բայց կը հաստատեմ թէ բոլոր գրողները մէջն էին թափին, ջերմութեան, հաւատքին թէ իրենց ժողովուրդին համար սկիզբ կ՚առնէր վերջապէս հանդարտ ստեղծումին շրջանը: Ուսանող, գրող, կուսակցութիւններու սպայակոյտերը, զանգուածը, բոլորն ալ կը կրկնապատկէին իրենց հոգեղէն ընկալչութիւնները: Ուրիշ հարց՝ թէ շրջանը ծնունդ չտուաւ գրական մեծ գործերու, բացի քնարական քանի մը շատ թանկ յաջողուածքներէ։ Խրիմեանի Կիլիկիան, 1852ին մօտիկն էր այդ ապրումները թելադրելու Պոլիսը ձգելու պատրաստուող այդ գործիչին, բանաստեղծին որ ճարած էր միջակէն վեր ժողովրդականութիւն:

[5]        Խրիմեանէն կենսագիրները կը լռեն սրտի տագնապներ: Յովհաննէս Քօլօզի անուանարկիչ ակնարկութիւնները կը պահեն իրենց այդ համբաւը: Պատմութիւնը չէ տուած արձագանգ ուրիշ կարգէ զրոյցներու։ Արշակ Ալպօյաճեան, բերանացի իր վկայութիւնները, այդ մասին չէ գացած առաջ, գիրով ալ պաշտպանելու: Հաւանաբար հանրային մարդու ետեւէն յօրինուած հէքեաթին վրայ, հասուն մարդու իր դատաստանը կը միջամտէր որպէսզի ընթացք առնէին դատափետումները։ Ազգային պատմութիւնը մարդերը արժեւորելու ատեն իր ուշը կը կեդրոնացնէ մարդոց արդիւնքին։ Գրականութեան պատմութիւնը, մարդոց արդիւնքը արժեւորելու ատեն մեծ չափով կարօտ է մարդոց ներքին փաստերուն։ Խրիմեան Վարդենիք մը չէ գրած, շփոթութիւն ստեղծող։ Բայց բոլոր իր կենսագիրները միաբան են շքեղ իր ձգողութիւնը բացատրելու մանաւանդ մարմնեղէն տարրերով։ Լինչ (Արմենիա, Ա. հատոր) այդ մարդը պատկերելու ատեն անոր հոգին կը յօրինէ անոր մարմինովը։ Ու տագնա՞պը։ Ո՜ր յուզումին սլաքին տակ սա հանրածանօթ, « հայրենախօս », մեծ վարժապետը պիտի ծռէ իր վիզը հայ եկեղեցականի այնքան դատափետուած լուծին։ Գիտէր անշուշտ թէ ինչ կ՚ընէր, երբ կը ծնրադրէր, աշխարհէն իր հրաժարումը խորհրդանիշ պատկերելով, ձեռնադրողին առջեւ։ Չունինք յայտնի ոչ մէկ մեղադրանք, աշխարհի այդ կարօտովը հասկնալի։ Դաւերը, յարձակումները կը մեկնին, իր շուրջը, բոլորովին տարբեր ակերէ:

[6]        Ոխորտներով չեմ կրնար զբաղիլ։ Համապատկեր ը մարդեր կործանելէ առաջ, կանգնելու դեր մը կը ներէ իրեն։ 1885ին, Արեւելք օրաթերթին մէջ (Պոլիս), Աշակերտ ծածկանունով յօդուածներու շարքը սկիզբը կ՚ընէր աստուածացման աշխատանքի մը։ Այդ յօդուածները մօտիկէն կը հետեւին Խրիմեանի կեանքին թուականներուն։ Անոր կաթողիկոսացման իբր նախապատրաստութիւն, Է. Ակնունի հրատարակած է գրքոյկ մը (1892)։ Ահագին յուզում, իրարանցում է ստեղծած Արծրունին, իր Մշակ ին մէջ հայրիկին նուիրուած գրեթէ վսեմին մէջ ընկղմող կենդանագրով մը։ Իր կաթողիկոսացման մանրամասնութիւնները, հանդիսութեանց նկարագիրը, ճամփորդութեանց, այցելութեանց թերթերով օգտագործումը կատարած է Մեսրոպ Եպիսկոպոս, այդ ամենը հատորի մը վերածելով ( Ուղեւորութիւն Երուսաղէմէ Էջմիածին Իր մահը` ուրիշ առիթ յօդուածներու, յուշերու տարափին։ Ռ. Խան-Ազատ, 1908ին հրատարակած է առանձին հատորով այդ յիշողութիւնները։ Ծանօթ է Թորգոմ Արքեպիսկոպոսին Խրիմեան Հայրիկ ը, նախապէս Արեւ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած, ապա հատորի մտած (1925)։ Հայկ Աճէմեանի իսկապէս colossale վաստակին Ա. հատորը (1929), ուր հայրենակից մը Խրիմեանի, անոր կեանքը կը վերածէ գրեթէ դիւցազներգական պատմումի։ Կայ տակաւին Արծիւը իր Բոյնին Մէջ (1938), Աւետիս ԹԷրզիպաշեանի կողմէ, անձնական տպաւորութիւններու հանդէս մը, ուր Խրիմեան կը նկարուի հում ու մերկ իր գիծերով։ Լինչի վկայութիւնը ունիք վերը։ Բոլոր այս աշխատանքները, հեղինակաւոր որքան հանգամանաւոր անձերու կողմէ կատարուած, ու բոլոր ցանուցրիւ յօդուածները որոնք 1860էն մինչեւ մեր օրերը, զանազան կերպարանքներու տակ, ինկած են մեր մամուլի էջերուն (նոյնիսկ անանուանելի Խրիմեան Հայրիկը Լ. Ս. Երեմեանի), երբ կը ներդաշնակուին հասարակաց զգացման մը մէջ, հայոց հայրիկը, անշուշտ որ կը ստանան ծանր իրենց կշիռը։ Գիտէք Քօլօզ Յովհաննէս վարժապետի տաղաչափեալ պարսաւագիրը։ Մէջտեղն են Խրիմեանի վրայ յարձակողականներուն փաստերը, դատերը, դատաստանները, վճիռները։ Ու մէջտեղն են մանաւանդ իր գրական գործերը։ Ներկայ ուսումնասիրութեան սկիզբը իմ վախը, վարանքը լիովին կ՚արդարանան նման դեպքերու, նման վկայութիւններու դիմաց:

[7]        Իր Ա ղ թամարայ մէջ վարդապետ ձեռնադրումէն տարի մը վերջը Պոլիս է անիկա, 1855։ Մի հարցնէք թէ ինչ է գործը պատրիարքներու  քաղաքին մէջ, մանաւանդ ինչու ձգած է իրեն այնքան կարօտ այդ շ րջանը։ Պատրուա՞կ թէ ներքին անդիմադրելի մղում, այդ Պոլիսին մէջ անիկա պիտի հնարէ միջոցը հրատարակելու Արծուի Վասպուրականի ն, որուն բովանդակութիւնը մօտէն թէեւ յիշեցնող Բազմավէպ ը, բայց ձգտումը շատ աւելի հեռուները կը փառասիրէր։ Հանդէսը ճառերու, յուշագրութիւններու, տեղագրութիւններու, քերթուածներու խառն հաւաքավայր մըն էր։ Իր անունն իսկ յաւակնութիւն մըն էր ու երազ մը. ԱՐԾՈՒԻ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ, Թռուցեալ Հայրենասէր Թեւօք յԱրծրունի Գահէն ի Վանտnuպ։ Խմբագիր՝ Հայրենախօս Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան: Ծրագիր՝ կրօնք, ազգ, հայրենիք, յառաջդիմութիւն: Ա. Տարիի երեք թիւերուն մէջ անիկա կը շահագործէ իր Կիլիկիան, այս անգամ արձակ տպաւորութեանց ձեւով ու լեցուն այն տաք, յորդ շունչով որ նկարագիր պիտի կազմէր մանաւանդ իր ձեռնասունին գործերուն մէջ (Սրուանձտեանց)։ Լեզուն՝ կէս գրաբար, կէս աշխարհաբար։ Տպաւորութիւնը թերթին կ՚ըլլայ զօրեղ, արտօնելով իրեն սեպհական տպարան մը ունենալ։ Հանդէսը կը ղրկուէր Վան ուր կը յափշտակուէր: Բայց թափառական ասպետը այդ մարդուն մէջ առաւել քան կենդանի կը մնայ։ Անիկա, միշտ հնարագիւտ, պիտի յաջողի անլուր իր արկածախնդրութիւնը իրագործելու, ու թերթին մամուլը « շալկած », կարելի է պատկերուն խօսիլ, շունչը պիտի առնէ Վան, ներկայանալու կաթողիկոսական տեղապահին՝ Աղթամար, այս կղզին վերածելու համար Ս. Ղազարի ։ Մարգարէ ըլլալու պէտք չկայ այս դիմումին արդիւնքը գուշակելու: 1900ին ես հանդիպումը ըրի Մարգար սարկաւագի մը, Արմաշ։ Տեղ մը հանգամանօրէն խօսեր եմ Լիմ անապատէն մեր կողմերը «զարգանալու» համար ղրկուած այդ երկոտանիէն, որուն մազերն իսկ չկրցանք տեսներ։ Կէս դար առաջ Մարգար սարկաւագէն ծնող վարդապետը ձեզի կը ձգեմ երեւակայել։ Խրիմեան կը դրուի ճամբու, պատմական կղզիէն։ Վարագ: Հոն ալ իր դէմն են միաբաններ: Չունիմ տեղ այս կիրքերը, յիմարութիւնը վերլուծելու: Պոլսոյ իր վարկը կը միջամտէ, ընդոտնելու այդ թշուառութիւնները։ Խրիմեան կը բանայ Վարագայ ժառանգաւորաց վարժարանը։ Հոն զինքը պիտի գտնէ Ռաֆֆին։ Դարձեալ կը հրաւիրուիք այս երկու սրբազան խենթերը մտապատկերել, Զարթօնքին անհուն տենդին ու երիտասարդութեան այլապէս հզօր կրակներուն մէջ։ Արծուի Վասպուրականի ն վարժարանի մէջ հաստատուած մամուլէն լոյս կը տեսնէ կրկին։ Կուտամ թիւի մը (1859) ցանկ նիւթոց ը որ բաւ է գաղափար մը թելադրելու վանահայրին առաջադրութիւններէն, Հանդէս Աստուածպաշտութեան Եկեղեցաշէն Հարց, այսինքն համառօտ հանդիսարան Հայ Եկեղեցւոյ շքեղ հովուապետներուն, Գիւտ, Մանդակունի, 551ի տոմարաշէն Մովսէսը, Անձինք ի քերթող Կոմիտասը, Շինող Ներսէսը, Սահակ Պարթեւ, Օձնեցին ( Յ ովհան իմաստասէր), Քռթենաւոր, Ստեփաննոս Սիւնեցի, Անանիա Շիրակացի, եւ այլն, այսինքն Յուշիկք Հայրենեաց ին սպայակոյտը, քանի որ Հանդիսարան Հայրենասէր Առաքինեաց միւս բաժինին մէջ կ՚երեւին Վռամշապուհ, Աշոտները (մէկը՝ Ողորմածը, մէկը՝ Երկաթը), Գագիկ, Ռուբէն, եւայլն։ Ուրիշ բաժինի մը մէջ՝ Տեսարանք Հայրենի Աշխարհաց, այսինքն Վասպուրական ը, իբրեւ տեղագրութիւն, պատմագրութիւն։ Սիսուան էն, Սիսական էն, Այրարատ էն ու Շիրակ էն առաջ, Խրիմեան կը փորձէ հայրենագիտութեան սրբազան ու կէս ճամբան մնացած իր երազը իրագործել։ Պիտի յիշէք անշուշտ իր Աթամար ը որ Ս. Ղազար ը պիտի ներկայացնէր, հայրենի ծովուն մէջ։ Հարկ կա՞ յ, անդրադառնալու որ Խրիմեան Ալի շ ան մը չէ, ոչ ի տաղանդն, ինչպէս կ՚ըսեն, այլ խառնուածքով։ Ալիշան իր գործին բուրգերը բարձրացուց իր սենեակէն հազիւ թէ ատեն զոհելով դուրս մը ելլելու։ Խրիմեան սենեակին մարդը ի ծնէ կ՚արհամարհէ, Արծուի Վասպուրականի ին այդ ցանկ նիւթոցը տակաւին ունի Բուրաստան Բարոյական Առաքինութեանց, 1860ի զուարճալիքը, գիտելիքը, բարոյախօսութիւնը, առակները, խակ, համով լեզուով մը խմբագրուած, անմիջական հաղորդումով մը պաշտպանուած։ Կայ՝ Թանգարան Հայկազնեան Դպրութեանց, այսինքն ստեղծագործութիւն, արձակ ինչպէս չափաբերեալ: Ահա այդ կտորներէն վերնագիրներ. Գովասանութիւն ի Վասպուրական Աշխարհ, Անի Քաղաքի Ողբերգութիւն, Շուշանիկ Դուստր Սենեքերիմայ արքայի, Տաղ Վարագայ Խաչին, Մեծն Վարդան ի Շաւարշան, Եղիշէն ի Շաւարշան, Արսէն՝ ի Դաշտն Աւարայրի: Այս բոլորը, այսօր գրեթէ անկարելի իբրեւ հետաքրքրութիւն, ինչպէս մտահոգութիւն, մօտ հարիւր տարի առաջ Վանեցիներուն համար երկնառաք մանանային չափ կ՚արժէին անշուշտ։ Թերթին ետին գրագէ՞տը։ Բայց ինչ հարկ՝ սա խստապահանջութեան։ Այդ գրագէտը Խրիմեան եղած է միայն ու միայն Հրաւիրակ ներուն եւ մասամբ մըն ալ Պապիկ եւ Թոռնիկ ին մէջ, այսինքն սկիզբի եւ վերջի հանդէսի մը մէջ։ Գրելը յոգնութիւն առնելն էր անոր գործելու եղանակին մէջ։ Երկու երեք տարի՝ պայքարի, մահափորձի, խենթ աշխատանքի: Ու… հանգիստը՝ այսինքն նոր ճամբորդութիւն մը դէպի Կովկաս։ Պատրուակը՝ որբանոցը եւ Արծուի Վասպուրականի ն։ Հանգանակութի՞ւն: Սրտագին ընդունելութիւնը, զոր ըրին իրեն, փաստ մըն է իր արժանիքներուն չափովը, 1860ի Զարթօնքի հոգեբանութեան։ Մամուլը խանդավառ է իրմով: Ժողովուրդը գունդագունդ կը խուժէ լսելու հայրենախօս վարդապետին քարոզները։ Արծրունիին հայրը կը կազմակերպէ հանգանակութիւնը, մեծ գումարով մը սկսելով զայն՝ Թիֆլիսի թերթերը մեծ գովեստով կը խօսին անոր քարոզներուն վրայ « Ահա վարդապետը էսենց կուլի » (այսպէս կ՚ըլլայ) կը գրեն ժամանակին թերթերը։ Ու անխուսափելին։ Իր ստեղծած խանդավառութիւնը կը զանցէ չափը ու պատճառ կ՚ըլլայ որ հայրենախօս վարդապետը կանչուի ետ Էջմիածին, շրջաններէն ուր գացած էր հանգանակութիւնը եւ քարոզութիւնը տարածելու, արգիլուի իր առաքելութենէն (Ժամանակին կաթողիկոսը ետ կ՚առնէ Խրիմեանէն հանգանակութեան կոնդակը) ու հեռացուի։ Խրիմեան նոյն ատեն նոր գաղափարաբանութիւն մը կը պաշտպանէր այդ հանգանակութեան հետ: Ատիկա, սաղմնային ձեւի մը տակ, Հայ Յեղափոխութեան անդրանիկ թոթովանքը կը նկատեմ, անշուշտ անկազմակերպ, թոյլ, բայց արժանի՝ ուշադրութեան։ (Հոս տեղն է որ յիշեցնեմ իր մէկ քարոզը, « Եկի հուր արկանել » բնաբանով, խօսուած 1854ին, Պոլիս։ Անբաւ ժողովուրդ, եկեղեցին: Ատեանին առջեւ արքունի ճարտարապետ Կարապետ Ամիրա Պալեան եւ արքունի վառօդապետ Յովհաննէս Պէյ Տատեան, այսինքն Պոլսոյ ամենէն բարձրակառոյց անձնաւորութիւնները: Հայաստանէն նոր ժամանած վարդապետը որ իր կրակէ աչքերը պիտի ուղղէ Տատեանին «Ո՛վ արքունի վառօդապետ, քու ամբարած վառօդէն քիչ մըն ալ Հայաստանցի հայերուս տուր որ գործածենք մեր թշնամիներուն դէմ»: Ու անմիջապէս, նոյն հուրքով՝ Պալեանին «Ո՛վ արքունի ճարտարապետ, բաւ է որ սուլթանաց համար պալատներ չունես, եկուր, քեզ Հայաստան տանիմ, հ ոն մեր նախնեաց աւերակներ շատ կան, եկուր նորոգէ մեր փլած ու կիսաւերակ ամրոցներ, բերդեր ու պալատներ…»։ Ձեզի կը ձգեմ այս կոչերուն անհուն անդրադարձումները երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն ու մանաւանդ ժողովուրդին վրայ): Խրիմեան բնազդական մղումն էր, ձայնը՝ իր ժողովուրդին, կաթողիկոսին արգելքին հակառակ, ինքնագլուխ անիկա պիտի շարունակէ հանգանակութիւնը, պիտի անցնի Պարսկաստան (Ռաֆֆիին) ու դառնայ Վարագ: Կենսագիրը . Աճէմեան) կը նշէ, « համեստ արդիւնքով », որ հաւանաբար հետեւանքն է պաշտօնական հալածանքին։ Յետո՞յ… Առաջնորդ Տարօնի։ Հոն Արծուի Վասպուրականի ն պիտի փոխուի Արծուիկ Տարօնոյ ին. Վարագ ին տեղ Ս. Կարապետ, աւելի հանգամանաւոր վանք մը անշուշտ, ուրկէ ներս միաբանութիւնը կը պարզէր հասարակաց նոյն պատկերը։ Տարօնի թերթը շարունակութիւնն է Վարագայ թերթին։ Խրիմեան տարիքին մէջ կը քալէ, բայց կը քալէ հայոց աշխարհին ամեննէն տարօրինակ, խորհրդաւոր ալ մասերուն մէջ: Առանց պատմութեան վսեմացումին Մշոյ դաշտը հայոց աշխարհին մէջ կը պարզէ արտակարգ ձգողութիւն մը։ Չեմ նկարագրեր։ Բայց դիտել կուտամ որ այդ հոգի բուսնող հողերուն վրայ կ՚ապրէր ամենէն իրաւ հայութիւնը։ Հարիւրաւոր գեղերուն շէնութիւնը, հակառակ կազմակերպուած զուլումին: Այդ դաշտավայրին մէջ, գեղացիները քուրտին ու թուրքին, հայուն ու կղերին հարստահարութիւններէն ազատելու իր ճիգերուն հետ է որ կ՚ընդունի իր ամենէն մեծ տիտղոսը, Հայրիկ ը: Բայց միշտ անխուսափելին։ Հալածա՛նքը որ պիտի պարզէ ցեղային երանգէն uտորնութիւններ։ Իր թերթը պիտի ամբաստանուի: Իր քարոզները պիտի մատնուին։ Թուրքը եւ հայ թուրքը պիտի դաշնակցին իր դէմ, Խրիմեան պիտի հեռացուի Տարօնէն Վա՛ն։ Նոյն պատմութիւնը։ Իր թշնամիները չէին դադրեր։. Կառավարութիւնը այդ «վտանգաւոր» մարդը իր մօտը պիտի ուզէ, հսկել կարենալու համար։ Ու կերպը գտած է զայն հեռացնելու հայոց հայրենիքէն, 1869ին, Պոլսոյ ազգային ժողովը, հաւանաբար կառավարական թելադրութեամբ (Օտեանն է ժողովին հոգին) Խրիմեանը կ՚ընտրէ Պատրիարք Կ. Պոլսոյ հայութեան։ Անոր մուտքը, իբրեւ պատրիարք, Պոլիս, աննկարագրելի իրողութիւն մըն էր։ Ազգային պատմութեան կը պատկանի Խիմեանի պատրիարքութիւնը։ Կ՚անցնիմ։ Սրտայոյզ է իր տապալումը: 1874էն ասդին անիկա պիտի անցնի Պոլսոյ քարոզիչ եպիսկոպոսներու շարքին, տարբերութեամբ մը սակայն։ Անիկա պիտի հեղինակէ։ Այսինքն ինքզինքը շարժումի մէջ զզալու իր անդուլ կարօտը պիտի առնէ գրիչին շարժումէն։ Իր հատորները կը պատկանէին այդ սուղ շրջանին, գիտէք արդէն։ Անոր պատուիրակութիւնը (Պերլինի Վեհաժողովին) դարձեալ կը պատկանի ազգային պատմութեան, 1880էն մինչեւ իր Երուսաղէմ աքսորը (1889), Խրիմեան Համիտի ոստիկանութեան աչալուրջ հսկողութեան տակն է։ Ու նոյն ատեն սկսող յեղափոխական խլրտումներուն խորհրդանիշ յուռութք մը։ Այդ թուականներուն, հայ յեղափոխական գործունէութիւնը Պոլսոյ մէջ կը ջանայ կազմակերպել մաքսատան բանուորները, պանդուխտները (ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Մշեցի եւ Վասպուրականցի)։ Խրիմեան անհուն հեղինակութիւն ունէր այդ տառապահար զանգուածներուն վրայ: Կառավարութիւնը այս մարդէն հաւանական վտանգը կանխելու մտահոգութեամբ, թերեւս Պոլսոյ իր հակառակորդներէն ալ ուժ առած, Երուսաղէմ կ՚աքսորէ վտանգաւոր եկեղեցականը։ Անկէ՝ հայոց հայրապետութեան գերագոյն աթոռը (1893)։ Խրիմեանի կաթողիկոսութիւնն ալ կը պատկանի հայոց պատմութեան։ Աքսորանքը մեզի ձգած է Պապիկ եւ Թոռնիկը որ թէեւ լոյս կը տեսնէ Էջմիածին (1894), բայց գրուած է խաղաղ, յետահայեաց հոգեբանութեան մը մէջ: Թագաւորաց ժողովը, Ողբացող Խորենացին, Վերջալոյսի Ձայներ ը չեն պատկաներ հայոց գրականութեան իբրեւ արժէք: Այս երկար գործունէութեան (պիտի մեռնի 1907ին) հոս ուրուագրումը, ըսի անգամ մը, կենսագրական փառասիրութեան մը ծնունդ մի նկատէք։ Վաթսունէ աւելի տարիներ այս մարդը պիտի գործէ, գրեթէ ինքնագլուխ, մտիկ ընելով միայն ու միայն իր ներքին ձայներուն։ Պիտի բանայ յառաջահայեաց միտքը նորութիւններու, Վանայ եւ Տարօնի մէջ տպարան մը, անլուր իբրեւ կարելիութիւն (պետութիւնն իսկ այդ կարեւոր կուսակալութեանց մէջ դեռ այդ թուականներուն չունի տպարան) բայց փաստ է նոյն ատեն սա Վանեցի տէրտէրին իմացական ծանր կարողութեանց։ Սքեմը սա գործիչը բարերարա՞ծ է թէ արգիլած զայն իր լրիւ իրագործումէն։ Ակադեմական է հարցումը։ 1870էն ասդին Փորթուգալեանն ալ աշխատած է այն հողերուն վրայ ուր կ՚իյնային Հայրիկի քրտինքները։ Վասպուրականը, հայոց ներքին գաւառներուն մէջ կը պարզէր, նոյնիսկ մինչեւ 1915, ամենէն յառաջատու կերպարանքը: Թիֆլիսի, Էջմիածնի մերձաւորութի՞ւն։ Յեղափոխական ձեռնարկներու համար իր հողային ինչպէս ցեղային յարմարութիւննե՞րը: Իր ահաւոր մթե՞րքը գեղացի տարրէն (Մու շ ը անոր մասը կը կազմէր, բայց պետական իմաստութիւնը, հայ հոգին կոտորակելու համար, զատած էր զայն Վասպուրականէն, առանձին կուսակալութեան մը ձեւով)։ Չունիմ տեղ այս ամէնը կշռելու։ Խրիմեանի գործը - գրական կեանքին կը պարտի որոշ մաս մը միայն։ Գիտէք թէ Հրաւիրակ Արարատեան ն է ասիկա։ Այս երկար ծանօթութեան նպատակն է սակայն մասամբ հասկնալի ընել սա մարդուն գրական վրիպանքը։ Պիտի մտածէ՞ք, իմ ետեւէն, թէ գեղացի այդ մատղշուկ վարժապետը, այնքան ճարտար ու ընտել ձեւով մը գործածելէ վերջը Բագրատունիին ոճը, բնականաբար պիտի քալէր ճամբովը Թէրզեաններուն, Սէթեաններուն, առնուազն Աճէմեաններուն։ Ի՞նչն է միջամտած, որպէսզի չօգտագործէ 1850ի տրամադրութիւնները (իր գործին ստեղծած խանդավառութեան դիմաց, Հրաւիրակ ով) ու չանցնի Եւրոպա, այլ ընէ բոլորովին հակառակ, դարձը դէպի հայրենիք: Ու դուք գիտէք այս կկոցին արշաւները…։ Տիպարը ուրեմն մօտիկն է արկածախնդիր ասպետին։ Վերցուցէք սքեմը, դուք թերեւս պիտի ունենայիք անդրանիկ հայդուկը, լեռնէ լեռ։ Լրջացուցէք սքեմը, դուք պիտի ունենայիք թերեւս յիշատակարանային վաստակը Ալիշանեան հայրենագիտութեան։ 1850ին, հայրենիքը ուխտ մըն էր, սրբութիւն մը, կախարդանք մը։ 1885ին, անոր համար արիւն թափելը չեմ մեծ տեսներ, քանի որ թուրքին ծրագիրը պարզ էր ամենուս։ Բայց Խրիմեանի կեանքին թելադրանքները, Համապատկեր ին համար աւելորդ չեն: ԳԷթ անոր ընդմէջէն ինծի պարզ կը դառնայ Նար-Պէյի վրիպանքը, Օրմանեանի, Դուրեանի անամբողջ աշխատանքները: Մեր սրբազան գրականութիւնը քրտինքով չէ շա հ ուած, թերեւս անոր համար որ այդ պահին կարելիութիւնը այլեւս դուրս էր շրջանէն։ Բայց պատիւ իրեն, չէ գրած՝ Վարդենիք ը, Քնար Պանդխտին ը:

[8]        Խրիմեանի կենսագիրները այս կէտին վրայ ալ կը մնան միաբան. Դժուար՝ Եկեղեցւոյ մեծ հայրերէն մէկը զուգակ շ ռական եզր առնել, այդ մարդը ճշդելու համար: Զօրաւոր էր իր կամքը, բայց գերին էր անիկա իր տրամադրութեանց։ Կը կամենար ուժգին, կրքոտ թափով։ Բայց անդրանիկ յաջողուածքները կը մեղմէին այդ պրկագին կամեցողութիւնը: Դրած է հետեւողականութիւն քանի մը առաջադրութեանց իրագործման համար: Ատոնցմէ մէկն էր թերթ հանել, մէկ ուրիշը՝ դպրոց հաստատել, մէկ երրորդը՝ յառաջադէմ գաղափարները ախոյեանել: Այս առաջադրութիւնները անոր մօտ գտան կիրքի մը տարողութիւնը։ Բայց մեծ եկեղեցականը իր մտածումներուն կորովին չափ, իր սրտին, այսինքն զգացումներուն ուժովը կը պսակէ իր ասպարէզը։ Չեղաւ դրամի մարդը։ Համաձայն եմ։ Բայց Վարագայ 25 հոգինոց վարժարանէն զատ ոչ մէկ հաստատ ձեռնարկ չունինք իր յիշատակը կոթողելու: Հոն ուր Գէորգ Դ. պիտի յաջողի Գէորգեան մեծ հաստատութիւն մը կազմակերպել, Խրիմեան ոտանաւոր միայն գրած է։ Հոն ուր Վարժապետեան պիտի գտնէ կերպը Կեդրոնական վարժարանը կարելի ընելու, (իր մահէն վերջ արդէն իրականութիւն) Խրիմեան իր գիրքերը միայն պիտի ըլլայ հետամուտ իրարու ետեւէ վերստին տպագրելու։ Ոչ ոք 1870էն 1885 Պոլսոյ մէջ կը վայելէր անոր անսահման վարկը։ 1873ին, ազգային ժողովին հետ բախումը անխուսափելի ճակատագիր մըն է սակայն։ Իր շուրջը հարուստները կը սպասէ ի ն խելքին ու սիրտին։ ԹԷ՛ Տարօն, թէ՛ Վան անիկա իր ժողովրդականութիւնը չէ արժեցուցած, իր համբաւին վայել ընդարձակ ձեռնարկներու մէջ։ Ու պզտիկ քէներու, քաշքշուքներու, սրամտութեան վայելքներու մէջ սպառած է բնատուր իր շնորհները։ Կը պատկառէին իրմէ քիւրտերը ու կը սիրէին իր նախնական մարդու ելույթները։ Կենսագիրները կը խօսին դիւանագէտ, նրբիմաց, թափանցամիտ, գրեթէ հոգեբան մարդէն։ Չունիմ հակափաստեր։ Բայց այդ վերագրումները լուսաւորող դրուագները քիչ են դժբախտաբար։ Թուրքերը միշտ կասկածեցան իր վրայ։ Ու Պոլսոյ մեծ եպիսկոպոսները անոր ժողովրդականութիւնը կը կարծէին քաւել տալ իրեն, հեռուէ հեռու անոր արգիլելով ծանր փառքերուն աստիճանները։ Զինքը պատրիարքութենէ վար առնելէ վերջը Վարագ աքսորելը Խրիմեանին շնորհներուն անազդեցիկ ըլլալուն գրաւականն է ամենէն առաջ։ Վանէն Պոլիս զինքը ք շ ող եպիսկոպոսները դարձեալ յաղթական են այդ մեծ մարդուն վրայ: Մակարի կաթողիկոսութիւնը՝ ուրիշ պարտութիւն։ Երուսաղէմ աքսորը (1889) ուրիշ։ Ո՞ւր է այս ծանր իրադարձութեանց մէջ մեծ եկեղեցականին ապաստանարանը Խրիմեան պիտի պատասխանէր, ժողովուրղին սիրտը, որ շատ շատ տիտղոս մը ընդունակ էր իրեն տալու, եւ կամ իր ականջները, աչքերը տրամադրելու իր խօսքերուն ու իր պարթեւ հասակին։ Խրիմեանի հեղինակութիւնը պարզ ժողովուրդին վրայ ծնունդ է եղած հակասական մտածումներուիր զմայլելի ձայնը, համաձայն իր կենսագիր ԹԷրզիպա շ եանին վկայութեան, իր շքեղ շ էնքը որ հ նօրեայ սուրբի մը հով ու ձեւերը կը համադրէր, իր ձեւերը, վարուողական ու կատարեալ, որոնք մարդերու հաճութիւնը կ՚ապահովէին, ձիրքեր են անշուշտ։ Աւելցուցէք կարեկցուն իր սիրտը, ուրիշին հասնիլը, աղքատին հասնելու իր մշտապատրաստութիւնը, դաշտի բանուորներուն հետ անմիջական, սրտագին իր հաղորդումը:

[9]        Աւելորդ է ներկայացնել հայ խաւը, մեր օրերուն։ Բայց 1860ին՝ այդ խաւը իսկական մթնոլորտն է հանրութեան սպասաւորը վտանգող։ Պէտք չկայ մեր ընտրանին, արհեստաւորը, գեղջուկ զանգուածները առանձին առանձին վերլուծելու: Բաւ է դիտել տալ որ ամէն վարդապետ թիրախ մըն էր այդ կարգերուն համար։ Աւելցուցէք թուրքը, այս անգամ պատմական իմաստի մը մէջ, ծայրագաւառներուն կառավարումը, տակաւ թրքացումը հետապնդող հանգանակով մը ալ ծանրաբեռնուած։ Ուժ, կաշառք, նենգութիւն ու սպառնալիք պիտի գործածեն թուրքերը, ջարդերէն առաջ։ Աւելցուցէք մանաւանդ քուրտը, այդ թուականներուն պարզ աւազակ, ատկէ ասդին պետական դերի մը գործադրիչը։ Այս հակամարտութիւնները պարտաւոր էք ճիշդ արժեւորել որպէսզի արդար ըլլաք գնահատելու ատեն երիտասարդ հոգեւորականի մը վիճակուած պաշտօնին անհուն դժուարութիւնները։ Խրիմեան կը ճանչնայ մարդերը, կացութիւնները ներսէն որքան դուրսէն ապրումներու գինով մը։ Ու գիտակ է իր դէմ ամուր կազմուած ճակատին: Իր հեղինակութիւնը իր իսկ ժողովուրդին վրայ miner կ՚ընեն նախ ինքը, իր անսանձ, պաշտօնականէն խորշող, կոտրող - թափող նկարագրովը, յետոյ անխուսափելի ուրիշ ազդակներ, հարուստի, զարգացածի, նախապա շ արեալի, կրօնականի, թաղամիջեան ասպետներու բազմաբղէտ լէգէոնին կերպարանքներովը։ Չեմ առաջարկեր լեռնական գամփռին ու քաղքենի բարակներու տռամաթիք ճակատումը։ Ամբաստանուած է ներելի ու աններելի, իրական ու երեւակայական յանցանքներով, մեղքերով։ Թէրզիպա շ եանի հատորը ( Արծիւը Իր Բոյնին Մէջ ) պերճախօս է ինքնին, այս ուղղութեամբ, այս մարդուն շուրջ հիւսուած մթին դաւերը պարզաբանող ։ Աճէմեանին հատորը՝ ուրիշ փաստա շ արան։ Խրիմեան տպագրած է, դասախօսած է, հայրենիք է գովասանած, շրջանի մը ուր ռուսական ցանկութիւններով, յաղթանակներով Հայաստանի դերը կը բարձրանար մի ջ ազգային կշիռի, մանաւանդ անկլօ-ռուս դարաւոր հակամարտութեան բախման իբր վառարան։ Կ՚ըմբռնէք ուրեմն թուրքին տագնապը, իմաստութեան անոր ճամբաները, հողամասի մը մէջ ուր պետական պաշտօնեան միայն կը ներկայացնէր կեդրոնական կառավարութիւնը։ Ու բուն իսկ դաշտին, լեռներուն վրայ գործող տարրը կ՚ատէր զինքը հաւասարապէս։ Ջարդերը 1878ին պարզեցին մթնոլորտը ինչպէս ճամբան, «Հայաստանը առանց հայու»ն նոր կարգախօս, որ 1870ին թէեւ չէ արտասանուած, բայց կը պատրաստուի արդէն, դիւանագիտական կուլիսներուն ներսերը։ Ու ան որ 1850ին իր հայրենիքը կ՚երազէր ազատագրել, քառորդ դար յետոյ, այլեւս հասուն գործիչ, Պոլիսին բոլոր նենգութիւններուն քաջածանօթ, մօրուքը կ՚առնէր ձեռքը, մտածելու… Այդ մօրուքը անիկա 1878ին պտտցուց ալ Եւրոպա, ուրկէ, աւա՜ղ, պիտի դառնար իր շ երեփին ու հերիսային հէքեաթովը կշտացնելու զինքը տագնապօք կարկած ամբոխները։

[10]      Ես չեմ ապրած 1860ը, բայց անջինջ սեւեռումով մը հոգիս բոլոր ցանցին վրայ ունիմ 1900ը։ Այդ 1860ին մեր եկեղեցականը, թեմ մը վարելու իր դերով, սանկ առաջնորդ մը Վանի, Կարնոյ, Տիգրանակերտի, արարած մըն է որ դուրս է մեր պայմաններէն։ Ու կը մնան անդին՝ Աղթամարն ու Սիսը, իրենց անորակելի կաթողիկոսներով ու ահաւորօրէն տգէտ միաբանութիւններով։ Դարձեալ, Պոլիսը, իր հրաշագործ պատրիարքներով։ Ասոնք, ժամանակին մշուշին ետին, կորսնցուցած են ոչ միայն իրենց կմախքները, այլեւ գիծերը։ Ի՜նչ մարդեր էին Խրիմեանի հակառակորդները Վանայ մէջ։ Մտածեցէք այդ եպիսկոպոսներուն ծանր փառքին, աւելի ծանր չարագործութեանց։ 1900ին, Արմա շ ականները իբրեւ եկեղեցական, գաւառներու մէջ գործելու ատեն, կը վայելէին ոչ միայն պատրիարքարանին այլեւ Պապը - Ալ ի ին պաշտպանութիւնը։

[11]      Եթէ աչքէ հեռացնենք Համապատկեր ին ծրագիրն ու նպատակները, թերեւս արտօնուինք Խրիմեանի եւ ուրիշներու համար գործադրել ժամանակին մեթոտը, որ մարդը եւ իր գործը կը քալեցնէ միասին, մարդուն համար լայնօրէն օգտուելով շրջանային իրադարձութիւններէն ու հոգեխառնութիւններէ, մտայնութիւններէ, գործը յարդարելով բխում մը, մարմնառութիւն մը այդ ամենէն։ Այսպէս՝ ազատ ենք Տայսթայէվսքին ինքիր մէջ արժեւորել, այսինքն անոր գործ են բացատրութիւնը կապել հեղինակին հակազդեցութիւններուն։ Մեթոտը, թէեւ խնդրես կան, պարտքին տակն է գործերու ծնունդն ու զարգացումը շահասիրելու, գործաւորին ապրումներէն առաւելապէս լուսաւորուած։ Գործադրեցէք այդ մեթոտը Խրիմեանի համար: Դուք կը գտնէք զձեզ անկարելիութեան առջեւ։ Ուրկէ՞ կուգան Հրաւիրակ ները եթէ ոչ 1850ի Վենետիկէն, այսինքն տեղէ մը ուր հայոց հայրենիքէն խօսող վարդապետը ստերջ ոտանաւորներ միայն ունէր շահարկելի։ Ուրկէ՞ կուգան Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից ը, Խաչի Ճառ ը, Սիրաք եւ Սամուէլ ը, եթէ ոչ .. գրավաճառի կրպակէն ուր գործնապաշտ մարդ մը կերպը գտած է խօսքը դրամի վերածելու, ոչ անշուշտ դեղին տենդէն վարակման մը գինով, այլ ինքզինքը ամէն տուն թափանցուած ընծայելու թերեւս թաքուն փառասիրութեան զուգորդելով ձեռքի տակ բարերարելու սկզբունքը։ Արծուի ները անշուշտ պէտք մը կ՚ընդառաջեն։ Ունինք Վանգոյժ ը, Հայգոյժ ը որոնք գրական գործերու անուններ են բայց չեն գրականութիւն։ Պապիկ Թոռնիկ ը գրուած է 1890ին, Երուսաղէմ, այսինքն տեղ մը ուր հողի տեղ Աստուած քար է բաշխած ու անձրեւը տարին քանի մը ամիս կը դանդաղի, ոչինչ փոխելով Ս. Քաղաքը եզերող անիծակուռ ամայքէն։ Ու անոր ( Պապիկ եւ Թոռնիկ ) պարունակած թելադրանքները կը նմանին Թագաւորաց Ժողով ին եւ Ողբացող Խորենացի ին։ Խրիմեան Հայրիկի գրական-քաղաքական տիտղոսը դուրս է հոգեբանօրէն իր գիրքէն։ Ու այս հ աւաստումին չուշանար հետեւանքը, - քաղաքական պատմութիւն որուն հանդէպ ամէն գրականութեան պատմիչ պարտաւոր է զգոյշ մնալ ։