Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՐԲՈՒՀԻ  ՏԻՒՍԱԲ  (1842-1901) 

Արեւմտահայ գրականութեան մէջ Տիկին Տիւսաբ աւելի է քան անուն մը։ Թէեւ իր գործը այսօր հիմնովին պաղած, իր ատենին ունեցած է խոշոր արձագանգ ու անդրադարձ: Բայց ճակատագրական է որ իր սերունդին շատ մը դէմքերուն գրեթէ նման անիկա կը պահէ առեղծուածային իր նկարագիրը, պատկանելով արեւմտահայ գրականութեան՝ գործէն աւելի անունովը։ Ինչ մտածում որ զիս ըրած է զգոյշ այս գրականութեան դռները փակելէ Զարթօնքի սերունդի ջոջ դէմքերուն երեսին՝ նոյնութեամբ ի զօրու է Տիկին Տիւսաբի համար ալ։ Անբաւարար գրագէտ, բայց շողարձակ գործունէութիւն։ Մանաւանդ վաթսունական թուականներուն, Զարթօնքի բուռն, խռովայոյզ պայմաններուն վերեւ։ Այս հաստատումը բա՞ւ՝ որպէսզի նուիրուին իր անունին յետագայ էջերը։ Կը խորհիմ թէ  այո՛։

Իրմէն առաջ արեւմտահայ գրականութեան մէջ հազիւ թէ կը յիշուի կանացի որեւէ դէմք: Կամսարականին մօրաքոյրը, վաթսունական թուականներուն, որ գրած է յօդուածներ, հրատարակած՝ Կիթառ անունով հանդէս մը, առաջին հետաքրքրական նմոյշն է կիներու սեռէն այդ գրականութեան սպասին: Տիկին Տիւսաբ, Օր. Սրբուհի Վահանեան անունին տակ (մինչեւ իր ամուսնութիւնը, 1871) բերած է լայն մասնակցութիւն կրթական, գրական, Զարթօնքի սերունդին նախասիրութիւնը կազմող բարենորոգչական կարեւոր ձեռնարկներով։ Իր ընտանեկան շուքը, հոգեկան իր խանդը, զարգացած, շնորհալի օրիորդի մը իր հմայքը բարերար կերպով մը իրար կը բարեխառնեն որպէսզի գրեթէ արեւմտացած (որով եւ իր ժողովուրդին համար գրել է կորսուած) այս ոյժը մեր ընկերութեան վերին խաւերուն մէջ ինքզինքը արժեւորէ: Անշուշտ գրականութեան պատմութիւն մը գործերու պատմութիւն մըն է։ Այդ դժբախտ ճշմարտութիւնը պէտք է կրկնել Զարթօնքի սերունդին գրեթէ ամէն դէմքերուն հետ։ Արդ, Տիկին Տիւսաբի գրական վաստակը ուշագրաւ է թէ՛ իբրեւ քանակ, թէ՛ հետաքրքրութիւն, թէ՛ իբրեւ ժամանակ։ Պէշիկթաշլեանի մահուան առիթով` երեսունէն վար այս օրիորդը իր ուսուցչին յիշատակին գրաբար եղերերգութիւն մը գրելու չափ թթռագին ռոմանթիզմ մը կը պարզէ (Պէշիկթաշլեանի գործերու յառաջաբանին մէջ այդ տաղը հիւրընկալած է Ծերենց)։ Աշխարհաբար Լեզու անունով իր գրքոյկը (1880) տարօրինակ վկայութիւն մը չէ անշուշտ կնոջ մը համար որ այլեւս իր իմացական հաւասարակշռութիւնը եւ ընկերային դիրքը ամրապնդած՝ իրեն կը ներէ աշխարհաբարի եւ գրաբարի պայքարին վրայ իր այլապէս հեղինակաւոր որովհետեւ անսովոր ու անսպասելի ձայնը բերել։ 1883ին՝ Մայտա, 1884ին՝ Սիրանոյշ, 1887ին` Արաքսիա կամ Վարժուհին: Առոյգ արգանդէ մը կանոնաւորաբար դուրս եկող զաւակներու նման սա գիրքերը եթէ մեր գրականութիւնը չեն բարերարեր բայց ժամանակէ մը վկայութիւններ` կը կազմեն իրենց արթնցուցած ընդարձակ հետաքրքրութեան տեսակէտով։ Մայտա ն կատարեալ գրական événement մըն է։ Անիկա մեծաքանակ մելան թափել է տուած ութսունական թուականներու ջոջ ինչպէս նոր փետրաւորուող գրողներու։ Մինչեւ իր մահը (1901), վերջին գիրքէն ետքը Տիկին Տիւսաբ ոչինչ է արտադրած։ 

Եթէ նկատի ունենանք երեք այդ վէպերուն հիմնական ձախողանքը եւ կենանք մտածկոտ այն ընդարձակ վարկին դիմաց որ իր անունն է մինչեւ 1900 ու քիչ մը աւելի վերջ, պիտի այցուինք իրարու հակադիր մտածումներէ։ Աւելի անդին ես կը վերլուծեմ այս վարկին ազդակները տրտմօրէն, եւ գործին վրիպանքը փրկելու իմ անկարողութեանս ցաւը կը ջանամ դիմաւորել անձին կարելի խորհուրդովը