Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ ԽՄԲԱԳԻՐԸ 

Եւ սակայն Մատթէոս Մամուրեան հսկայ անուն մըն է արեւմտահայ գրականութեան սկիզբի կէս դարը լեցնող, ու անկէ ալ աւելցող։ Մենք տեսանք անոր վէպը, թատրոնը: Չեմ գիտեր, քերթուած գրա՞ծ է: Եւ մեր շփումը այդ գործին հետ՝ խորունկ յուսախաբութենէ մը աւելի է անշուշտ: Անոնք որ յիսուն տարի վերջ պիտի գրեն արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւն մը, անշուշտ լայնօրէն պիտի կենան Զարթօնքի սերունդի ոչ թէ գործին, այլ անոր ընդհանուր տարողութեան եւ իմաստին առջեւ։ Պիտի զբաղին այդ սերունդը փաղանքող դէմքերուն այլապէս սխրալի, քաղցր, տրտում, դժբախտ եւ գրականէն դուրս այնքան հարուստ գիծերու թելադրանքով: Ընդունելով գնացքի ընդհանուր կերպը որով գէթ մինչեւ այս թուականը (1942) քալեց արեւմտահայ գրականութիւնը։ Այդ  ապագայ պատմիչը պիտի ունենայ հաւանաբար բազմաթիւ գործներ, հետզհետէ իրենք զիրենք կատարելագործած, գրականութեան յղացքին շատ աւելի հաւատարիմ։ Ի՞նչ պիտի ընդունի անիկա Զարթօնքի սերունդի մարդերէն իբրեւ ցեղային հարստութեան մթերք։ Հարցումին պատասխանը այսօր կը սկսի արդէն։ Մ. Մամուրեան հազիւ թէ կը պատկանի արեւմտահայ գրականութեան, իր գործին ստեղծագործական մասին մէջ։ Ուրիշ հարց՝ մարդ մը արժեւորելու մեր երկիւղած յարգանքը։ Այսօր կ՚ընեմ այդ զիջումը, փնտռելով Մ . Մամուրեանի անունով մեզի հասած թղթեղենէն երեւան բերելու եթէ ոչ խմբագիր մը, գէթ գրագէտի այն տիպարը՝ որ ինքը եղաւ ուրիշներէն բոլորովին տարբեր, չըսելու համար կատարեալ

Թէ ի՞նչ է այդ տիպարը, որո՞նք են անոր տիրական ստորոգելիները, որքա՞ն իրաւ տարր կայ գրագէտ յղացքէն Մ. Մամուրեան անունին տակ մեր պատմութեան անցած մեծ յիշատակին ետին - յետագայ քանի մը էջերը պիտի ըսեն ատիկա։ Մ. Մամուրեան թուղթի գործաւոր մըն է, վարժապետ մը, դիւանապետ մը, ազգային դէմք մը։ Հոս չունիմ միջամտելիք։ Կ՚ըսեմ. Մ. Մամուրեան երեսուն տարի հանդէս հրատարակած է։ Մ. Մամուրեան երեսունէ աւելի հատորներ թարգմանած է Ռոմանթիք վիպասաններէ։ Աւելի քան քսան տարիներ Իզմիրի վարժարաններուն ընդհանուր տնօրէնութիւնը վարած է, սերունդներ դաստիարակելով։ Ասկէ առաջ Պոլիս անիկա եղած է պետը պատրիարքարանի ազգային դիւանին։ Ունեցած է իր ձայնը այս ազգը յուզող բոլոր հարցերուն մէջ, սանկ քառասուն մը տարիներ (1860-1900)։ Միտք բանի՞ն այս թւումներուն: Սա՝ որ անիկա իր սերունդի մարդն է, իր ամբողջ իմացականութիւնը ինչպէս մարմնական կորովը յօժարակամ սպաս դրած իր ժողովուրդի զարգացման ։ Այս իտէալը այդ սերունդէն ոչ ոք իրագործած է որքան Մ. Մամուրեան։ Միտքս կուգայ Գր. Օտեանը որ դարձաւ գրականութեան, երբ այլեւս քաղաքական գործունէութեան ճամբաները գոցուեր էին երեսին։ Ռուսինեանը բաւական տառապելէ ետք ( Ուղղախօսութիւն, Տարեցոյցներ, Ներքին Կանոնագիր Ազգային Երեսփոխանական Ժողովոյ, Ազգային Տուրքի Կանոնագիր,   շքեղ ճառեր՝ երեսփոխանական ժողովին մէջ արտասանուած) կը խրի վարժապետութեան ծանծաղուտին ներսը եւ կը մեռնի վաղազրաւ, առանց կարենալ ձգելու իր զարգացման ու կորովին համարժեք աշխատանք մը մեզի։ Կարելի է ընդհանրացնել սա տողանցքը մարդերու եւ գործերու, ափսոսալ Ստուերք Հայկականք ին Քնար Պանդխտին, Թովմաս Թէրզեանի դիւաններուն, Աճէմեանի բանաստեղծութիւններուն, Պէրպէրեանի քրոնիկներուն կորանքը։ Չենք կրնար Մատթէոս Մամուրեանը մերկացնել խմբագրի իր փառքէն, թէ՛ իր ժամանակին մէջ եւ թէ՛ այսօր։ 

Անժամանակ է անշուշտ խօսիլ իր առաջնորդներուն մասին, Արեւելեան Մամուլ ին մէջ, եւ արժեւորել դարձեալ անոր դէմքը հարիւրաւոր այն խմբագրականներուն մէջ, որոնք երեսուն տարիներու վրայ արձակուած նշմարներ են, քիչ մը ամէն բանի շուրջ։ Անշուշտ հանդէսի մը (ամսեայ) խմբագրութիւնը (ըսել կ՚ուզեմ անոր սկիզբը զետեղուելիք քանի մը էջ խօսքը) չի բաղդատուիր այն միւս ողբերգութեան հետ զոր ով գիտէ ո՞ր սատանան մեր մեղքին համար դժոխքին ամենէն խոր ալքերէն բռներ բերեր է, գայթակղութեան քարի մը պէս կախելու մեր գրողներու ճիտին։ Կ՚ակնարկեմ օրաթերթերու մէջ խմբագրական որակուած տաժանքին։ Մարդուկ մըն է մեր օրաթերթերուն խմբագիրը յաճախ, որ պարտքին տակն է ամէն օր երկու երեք սիւնակ խօսք աղալու, երբ այդ խօսքը բուսցնող բոլոր արտերը գրեթէ արգիլուած են մեզի: Ինչ որ հայ հասարակութիւնը կը կոչուէր մեր մերձաւոր անցեալին մէջ, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ եպիսկոպոսներու, տէրտէրներու, վարժապետներու, թաղականներու խառնիճաղանճ հանդէս մը։ Օրաթերթը այս մարդերու շուրջը ստեղծուած, ստեղծուելիք շահեկանութիւնը ունէր միայն իր խօսքին հաստատ զսպանակ։ Կը հասկցուի թէ անգլիական կայսրութեան մը պաշտօնական օռկանը, Թայմզ, ամէն օր հրամցուելիք նիւթ մը ունենար իր ժողովուրդին։ Այնքան ընդարձակ էին կեանքի բաժինները այդ կայսրութեան մէջ։ Փոխադրեցէք հարցը մեր ժողովուրդին վրայ, եւ բարի եղէք չափսոսալ վատնուած մելանին, որով գրուեցան հազարաւոր խմբագրականներ, ափ մը ժողովուրդի վայելումին: Մատթէոս Մամուրեան ամիսը մեկ անգամ դժուարութիւն չունեցաւ անշուշտ իր չորս էջերը լեցնելու։ Ուրախութիւն է հաստատել որ այդ չորս էջը ունի քիչ մը աւելի ընդարձակ տարողութիւն քան օրաթերթի բաջաղանքը, առաւելապէս հրապարակի ապրանք, սանկ գայթակղութիւն, uանկ հայհոյանք, սանկ քաղաքական իմաստասիրութիւն: Շարունակելը ձեզմէ։ Մատթէոս Մամուրեանի խմբագրականները կը շօշափեն քիչ մը ամէն բան անշուշտ կրթական, գրական, քաղաքական, պատմական, եւայլն, եւ այլն։ Ատոնց մէջ մեզի մատուցուած մթերքը դժբախտաբար գրեթէ միշտ, չի պատկանին գրականութեան։ Այնպէս որ հոս չէ որ պիտի գտնէինք տիրական գիծը իրմով որակուած գրագէտի տիտղոսին է 

Միւս կողմէ` անոր հանդէսին երեսնամեայ հաւաքածոն չտեմարան մըն է ազգային կեանքի բոլոր իրադարձութեանց։ Չմոռնալ որ Մատթէոս Մամուրեան յորովայնէ ընտրեալ ազգայինճի մըն է (իր գործերն ալ կիյնան այդ կալուածին մէջ)։ Այս իսկ հաստատումով՝ դարձեալ Մամուրեանէ անստորագիր զետեղուած հարիւրաւոր նկատողութիւնները դուրս կը մնան անոր գրագէտի հանգամանքներէն։