Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՐԵԳԻՆ ՍՐՈՒԱՆՁՏԵԱՆՑ (1840—1892) 

Այս անունէն ետին փառք մը, կսկիծ մը, անդարձ կորուստի մը տագնապը, ինչպէս նաեւ անորակելի սերունդի մը խորհրդանիշ մէկ պատկերը կը թուին ըլլալ խտացած։ Կ՚աւելցնեմ անմիջապէս որ սանկ քսան մը տարի, 1870էն մինչեւ իր մահը, Գարեգին Սրուանձտեանց արեւմտահայ գրականութեան մէջ աւելի է քան բոլոր երեւակայելի համբաւները։ Ուրախ եմ կարենալ ըսելուս որ այդ վարկը չի նմանին իր ուսուցչին եւ հայրենակցին, Խրիմեանին ճարտարապետած սուտ ու փուտ փառքին։ Եթէ երբեք երկուքին ալ համբաւը իջած է լայն խաւերու, Սրուանձտեանցի գտած ժողովրդականութիւնը եւ դիմաւորած յարգանքը այլապէս ուշագրաւ, խորունկ գեղեցկութիւններ ունի իր մէջը, վասնզի անով խանդավառուած եղան Վենետիկը ինչպէս Վիեննան, Թիֆլիսը ինչպէս Մոսկուան ։ Հայրենագիտութեան լուրջ եւ իրաւ կեդրոններէն բարձրացող սա խանդաղատագին հիացումը անշուշտ բան մը կ՚ապացուցանէ եւ է աւելի քան ինչ որ իրագործած է Խրիմեան իր տէրտէրի միջոցներով, գրավաճառներու բարեկամութիւնը շահագործելով իր ողբալի արձակին համար։ Սրուանձտեանցի մեզի ձգած վաստակը ուրեմն մօտէն եւ ծանրօրէն կը շահագրգռէ հայրենագիտութիւնը, բառ մը՝ զոր հազիւ կարելի է այսօր իբրեւ աւարտած յղացք նետել հրապարակ։ Անծանօթ չէք ճիգին որուն գինն է այդ տարազը։ Մեր ժողովուրդին իրաւ փառքերուն, հարազատ բարքերուն, պատմութեան իմաստին եւ անոր ապագայ կեանքին տագնապը դուք գիտէք որ կ՚ապրուի երկու հարիւր տարիէ ի վեր: Վենետիկ, Վիեննա, Պոլիս, Տփխիս, Վաղարշապատ, Մոսկուա այն մեծ կեդրոններն են ուր այդ գիտութիւնը մշակուեցաւ, պաշտուեցաւ անհաւասար արդիւնքներով անշուշտ։ Այսօր աւելի գիտենք քան այն օրը, երբ Սեբաստացի աբբա մը կղզիի մը մէջ հիմը կը դնէր մեծ գործին, հայ հայրենիքին վերագիւտին։ Ի՞նչ շքեղ անուններ այս տողերուն ետեւէն կը յառնեն իմ մտքին։ Որքա՞ն շատ աշխատած են այդ սերունդները, այդ սրտառուչ առաքելութեան մէջ երեւան բերելով մեր ժողովուրդին արիութիւնները, շինարար այն ստեղծագործութիւնը որով կը զատորոշուին անոր բոլոր արարքները նիւթի ինչպէս ոգիի գիտութիւններուն վրայ։ Սրուանձտեանց այդ անուններու մէջ տարօրինակ ճակատագրով ողբերգութիւն մըն է։ Իբրեւ աշխատող այսինքն ճիգին ընդունակ եւ ատակ անիկա ամենէն զրկուածն է այդ խումբին անուններէն, ոչ իսկ կանոնաւոր կրթութեան մը բարիքէն անցած այս վարդապետի կտորը առանց օտար լեզուի, առանց միջազգային բանասիրութեան մեծ ու անխուսափելի նպաստն ու նույնիսկ առանց մատենադարանի գրասենեակի, թէկուզ իմացական կրթանքը արտօնող ժամանակին, մեզի ձգած է գործ մը որուն գինը այլեւս դարձած է անհատելի: Կան բառեր որոնք վեր են մեր գիներէն ու սակերէն։ Ասոնցմէ է Սրուանձտեանցով փրկուած հայ հայրենիքին ամենէն ծփուն բայց ամենէն թանկ հոգեղէն գրութիւնը, նոր բառով մը` հայ հոգիին յօրինուածքը, ատոր ներքին տարողութիւններն ու տարրերուն վրայ ձեռք ձգած սեւեռումը։ Այս մտածումս իր ամբողջ եղերական հոծութիւնը կը զգենու երբ սա տողերը թելադրած պահուն (1943 Փետրուար) աչք մը կը նետեմ մտքով այն տեսարանին որ իմ հայրենիքն է, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ վերջապէս տաճկցած ոչ միայն իր մարդերուն հետախաղաղ բնաջնջումով այդ մարզերէն, այլ մանաւանդ անոր հոգիին, անոր մշակոյթին կերպարանք տուող մեծ ու պզտիկ բոլոր նշխարներէն։ Սրուանձտեանց հաւաքած է այդ հողերուն վրայ ապրող շրթունքներու ամբողջ ծորումները, այդ` հողերէն ծնած դարերուն ամբողջ պատկերները, մատենադարաններուն բոլոր բարիքը, որ խուցերու, մատուռներու եւ գիւղերու պաշտելի հիւրերը եղան դարերով, ձեռագրի, զարդի, նկարի, գիրքի կերպարանքներուն ներքեւ։ Զգացած է վերջին անգամ (անկէ յետոյ հայ հայրենիքին ապրումները, անոր հողերէն արթնցած զգայութիւններուն հանդէսը մենք չունեցանք ոչ ոքի գրչին տակ: Գրաքննութիւնը քսանէ աւելի տարիներ արգիլեց մեզի տեղագրական ասումներ մեր հայրենիքէն) այդ հայրենիքին խուլ, խորունկ, անվերածելի պատկերակերպումները որոնք իր էջերուն մէջ կը մնան ընդմիշտ շահուած։ Իր Մանանա ն նման պատկերներու անփոխարինելի հանդիսարան մըն է հայ հայրենիքին ֆիզիք կերպարանքէն: Զուր տեղը չէր որ մարդիկ լալով կը կարդային Համով Հոտով ը որ դարձեալ հայոց հայրենիքին համն ու հոտն է իսկապէս, կախարդական alchimieով մը կարծես գողցուած  եւ թուղթին մէջ ընդմիշտ բանտարկուած։ Կը յիշեմ Թորոս Աղբար ը ուր ինծի տրուած է կարդացած ըլլալ ամենէն քաղցր քանի մը էջերը որոնց ներքեւ կարենայի հաստատել ամենէն իրաւ հայը, իր թերութիւններով ու առաւելութիւններովը։ Եւ սակայն Սրուանձտեանցի գործը հազիւ թէ կը շոշափէ գրականութեան յղացքը այնպէս ինչպէս դրեր եմ զայն իմ աշխատանքի մուտքին։ Հայոց քաղաքակրթութեան ցեղագրական պատմութեան համար այնքան թանկ տարրեր փրկագործող այս մարդը հազիւ հազ մտածած է գրականութիւն ըսուած բանի մը կարելիութեան, չլսելու համար նոյնիսկ գոյութեան։ Բախտը ուզած է որ այս բացարձակ անշահախնդրութիւնը հանդէպ գեղարուեստին, այս հաշտ արհամարհոտ զգուշաւորութիւնը, պոլսական գրավաճառական ստոր շահադիտութիւններէն այդ գործը իրագործելու համար իրմէն հանդուրժուած, յօժարուած հերոսական զոհողութեանց գինովը (բռնուած ուսուցիչ մըն էր, սիրուած եպիսկոպոս մը, ազդեցիկ ազգային մը՝ Պոլսոյ մէջ բոլոր բարիքներուն ու վայելքներուն արդար իրաւունքով), ականատեսի, բուն իսկ հողէն հաւաքողի կենդանի իր արդիւնքներովը՝ Գարեգին Սրուանձտեանց կ՚աւելնայ հայրենագիտութենէն, ցեղագրական ստորոգելիներէն ու կը մտնէ արեւմտահայ գրականութեան կալուածէն ներս, բաց ճակատով, շատ աւելի հարուստ ու իրաւ նուիրանքով մը որքան չեն եղած պարագաները իրեն կարգակից ջոջ եկեղեցականներուն, սկսելով Նար–Պեյեն մինչեւ Օրմանեան, Դուրեան եւ Գուշակեան։ 

Իր անունին կը կապեմ հետեւաբար արեւմտահայ գրականութեան մէջ եկեղեցական գրողներու փաղանգը, ասոնք արժեւորելու հարցը, անկախաբար ահաւոր իր միւս բարիքէն որ փրկութիւնն էր հայոց հայրենիքին, այնքան հանճարային յստակութեամբ մը երկնուած եւ գործադրուած, իր շրջիկ տէր պապայի պարզունակ բայց երկաթ կամքին իբր նուէր այս ժողովուրդին։ Գարեգին Սրուանձտեանց բարիք մըն է, գեղեցկութիւն մը, երախտիք մը։