Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Դժբախտ մոգ մըն եմ մեռելահըմայ,
Որ իմ իսկ դիւթիչ բոլորակիս մէջ
Անխոհեմօրէն բանտուած եմ հիմա ։

Կապուած իր ոտքին, ես անմըխիթա՜ր
Կը դիտեմ յաւէտ իր աչքերն անշէջ,
Ու ժամերն այսպէս կ՚անցնի՜ն անդադար ։

Ու ժամե՜ր, օրե՜ր, շաբաթնե՜ր բոլոր
Կ՚անցնին երազի մը պէս քաղցրոլոր ։
Հազի՜ւ գիտեմ ի՜նչ որ լեզուս կ՚ըսէ.
Չեմ գիտեր ինչ որ ինք ալ ինձ կ՚ըսէ ։

Բայց երբեմըն ինձ ա՜յնպէս կու գայ որ
Բերնիս կը հըպին շրթունքներն անոր,
Այն ատեն է որ հոգիս կը լսէ
Իր խորքերուն մէջ՝ ճարճատնե՜ր բոցէ ։

1908