ՍԿԵՊՏԻԿՈՒԹԻՒՆ
Կը
սիրե՜մ
քեզ,
ո՜վ
անո՜ւշ
բառ
քաղցրահունչ,
Մշտնջեայ
երգ,
որով
կ՚օրրես
իմ
հոգին,
Ինչպէս
կ՚օրրեն
տըղուն,
որ
լուռ
մընայ,
մունջ
։
Քանիներո՜ւ
զայն,
անխորհո՜ւրդ,
ըսիր,
կին
։
Գիտեմ
բայց
մեր
սիրտն
է
այնքան
տարօրէն՝
Որ
տակաւին
կ՚ուզեմ
հաւտալ
այդ
խօսքին,
Ինչպէս
մանուկ
մ՚որ
երազին
մէջ
վերջնօրէն՝
Փակէ
աչերն,
որ
հրեշտակներ
տեսնէ
կրկին
։
Փակեմ
աչքերս
ես
ալ
սիրոյ
տեսիլքին,
Անունդ,
որու
մէջ
սուզի
միշտ
իմ
կամք,
Ես
երազող
տըղու
նըման
նայիմ
մութին՝
Ուր
կը
փթթի
կապոյտ
ծաղիկ
մը
—
խաբկանք
։