Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կը հեծէ անվերջ հովը ձըմեռուան,

Հինաւուրց ոգի,

Եւ կ՚եղերերգէ ողբերգը մահուան,

Արցունքի, սուգի։

 

Ու ձիւնն, ըսպիտակ խորհըրդանշան

Յոյսերու սառած,

Կը տեղայ անդուլ, ուխտաւոր դաժան

Ու թափառայած։

 

Հոս, սենեկիս մէջ, մենարան մաքուր

Ու տաճար խոկմանց,

Ես՝ անքուն հոգի՝ պատարագն եմ լուռ

Ու պաշտօնն անանց։

 

Եւ մինչ կ՚երազեմ դըժնէ գիշերին

Հըսկող մենական,

Դեռ հովը կ՚երգէ սեւ պատարագին

Անվերջ շարական։

 

Խոհեր՝ գըլխիս մէջ, սէրեր՝ սըրտիս մէջ

Տակաւ կը սառին,

Հոգւոյս պէս՝ թափուր, անլոյս, փառաշէջ,

Սենեակս է լըռին։

 

Գիշերն է երկա՜յն անվերջ կ՚երկարի՜,

Հոգերով լեցուն,

Ու եղերօրէն ներսըս կը մարի

Ջահն երազներուն։

 

Ու կըզգամ տակաւ հեշտութիւնն անհուն

Ցուրտ առանձնութեան,

Մինչ դուրսն արհաւրոտ վայիւնն հովերուն

Կ՚ողբայ, յաւիտեա՜ն։

 

Այլ իմ գանկիս մէջ մըտածմանցս իմ սեւ

Հիւլէներ ցըրտին

Կարծես ա՜լ դադար կ՚առնեն ակներեւ

Ու հոն կը սառի՜ն։