Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հոգւոյս խորը կարօտներ կան

Որ կը քանդեն զիս օրէ օր,

Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն

Մոմին ճերմակ մարմինն աղուոր։

 

Կարօտներ կան խորը մըտքիս,

Որ անդադար զայն կը փորեն.

Լա՛ւ, ի՞նչ է վերջն այս ցաւերուն.

Լուռ՝ կը խորհիմ ես ինքնիրեն։

 

Ու կը լայննայ վէրքը տակաւ

Չը դարմանուած կարօտներուն.

Ոչ ո՛ք գիտէ զանոնք, ի՞նչ փոյթ,

Ես դագաղն եմ այդ ցաւերուն։

 

Չընչի՞ն ցաւեր, է՜, ո՞վ գիտէ.

Խորհուրդներն են անոնք հոգւոյս.

Մեծ երազներ եւ իղձեր վառ

Կը մարին խորն այդ ցաւերուս։

 

Ու կարօտներն իմ մեծամոլ

Կ՚ըսպառեն զիս մինչեւ ցըմահ,

Ինչպէս բոցի կարմիր լեզուն

Մոմին մաքուր մարմինն աղուոր։

 

1912