Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գեղամ Բարսեղեանին

Այգիս դալար՝ կը սարսըռայ ցընծագին,

Ողկոյզներու մարգարտաշար յորդման մէջ.

Կ՚ուռի կայլակը մեղրալից հատիկին՝

Օծուած այգուն արծաթափայլ ցօղով գէջ։

 

Համայնասփիւռ կարմիր համբոյրն արեւին

Կը կայծկըլտի ծիրաներփնեան ցոլքերով,

Ու կը խայտայ մենարանիս փոքր այգին՝

Առտըւան մէջ, օրուան սեմին վըրայ զով։

 

Կը մըխըրճին մատներս յուզմամբ երջանիկ,

Տերեւներուն ագուցուածքին մէջ տամուկ,

Ու կը ճըռփեմ ատոք ողկոյզն անդրանիկ,

Իբրեւ մարգրիտ, իբրեւ մաքուր դեղին խունկ։

 

Կը խորտակուի ակռաներուս տակ՝ լեցուն

Հատիկներուն մեղրածորան սաթն անփայլ,

Ու կ՚ըմբոշխնեմ հեշտապարգեւ ջինջ քաղցուն՝

Որ կ՚ամոքէ բերնիս պապակը մըռայլ։

 

Ու կը մըղուի երակներուս մէջ՝ շինիչ

Թափանցանց հոյզն անճառելի նեկտարին,

Եւ կը մոռնամ ես ամէն բան քիչ առ քիչ,

Վայելքին մէջ արբեցութեան այս խորին5

 

1912