Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գաւառի մը խորը երկրի մ՚աննըշան,

Աւանի մը հին փողոցին անկեան մօտ,

Խանութ մ՚ունի փերեզակը մըտաշփոթ,

Կըրպակ մը՝ զոր իր պապէն է ժառանգած։

 

Այդ կըրպակը՝ սահմանն է իր գոյութեան,

Շըրջագիծը անյեղլի՝

Իր աննըշան ու անշըշուկ կենցաղին,

Այդ կըրպակը՝ իր խոհերուն թանկագին

Նըւիրական սուրբ բագին։

 

Հոն՝ աշխարհի հաճոյքին,

Հոն՝ աշխարհի պէտքին համար,

Փերեզակը՝ մունջ ու խոնարհ,

Կը վաճառէ կըտաւ, կերպաս, տըպածոյ,

Եազմա, գուլպայ, ֆէս, անկուածոյ՛

Եւ՝ այստեղէն իրեր ջնջին անհամար։

 

Կըտաւները՝ խոշոր ժանգոտ իր կանգունով

Կը չափէ,

Ու մըկրատով մ՚անսահման՝

Կը կըտրատէ զանոնք երբոր պէտք ըլլան,

Ու երկուքն ալ, մըկրատն՝ ինչպէս այդ կանգուն,

Կըրպակին հետ՝

Ժառանգութիւն մընացեր է այս մարդուն։

 

Ամառ օրերն՝ օրն է տարի, օրն՝ անհո՜ւն,

Ու նեղ փողոցն է ամայի, անշըշուկ,

Եւ գընորդի մ՚իսկ չերեւիր մազին շուք։

 

Այդ ձանձրոյթի եւ ըսպասման

Եւ մաղաղկուն ըսպառման մութ օրերուն,

Խանութպանը, կըծկած անկիւնն իր կըրպակին,

Տագնապահար ու անձկագին,

Կը չափչըփէ սեւ սահմաններն համբերութեան,

Եւ իր ժանգոտ մըկրատով՝

Կը մըկրատէ, կը յօշոտէ իր յոյսերուն,

Երազներուն խեռ ու դալար

Բողբոջներըն անհամար։

 

Պապենական ժառանգութեան խըստամբեր

Ծանրատաղտուկ երկնաքարն իր կըռնակին,

Խանութպանը կը տոկայ, խանութպանը՝ անտարբեր

Աշխարհի բիրտ հեգնանքին,

Բոսոր արեան բիծ՝ մ՚իր տըժգոյն շըրթունքին։

 

Ժառանգական երկանաքարն անսահման

Կը ծանրանա՜յ անկարեկիր, անհընարի՜ն,

Տառապատանջ՝ այլ անբասիր

Հոգւոյն վըրայ առանձնամոլ փերեզակին։

Եւ այս անգութ հարկն՝ իր հոգին կը ջընջէ,

Կ՚ընկճէ զինքը, կը փըշրէ կամքն իր վիրաւոր,

Ուրախութեան վերջին ծիլերն իր սըրտին՝

Կը փեթըռտի՜ն, կը փեթըռտի՜ն։

Ու չըլլային եթէ կանգունն ու մըկրատ,

Փերեզակը, իր իղձերովն անըսպառ,

Երազներովն իր առատ,

Այս աշխարհի լուրջ, հեռատես

Իմաստութեան խոհեմ աչքին՝

Կորած, կորա՜ծ էր իսպառ,

Հիմա բիւր փառք արարչին,

Որ շընորհեց իմաստութիւնն իր երկիւղին

Այս աննըշան մարդուն ջընջին,

Ու՝ ո՛չ մէկը ոչի՜նչ գիտէ իր ներսէն,

Ո՛չ ոք ոչի՛նչ պիտի գիտնայ իր ցաւերէն,

Ու վըշտագին պատմութիւնն իր փըճացման՝

Պիտի անցնի լուռ, անվաւեր, աննըշմար,

Եւ իր անզօր երազները թանկագին՝

Պիտի չիյնան զոհ՝ այս ռամիկ աշխարհքին

Պիղծ, շընական ծաղրանքին։

 

Ու մինչեւ վերջն իր օրերուն սեւածիր,

Հոն, կըրպակին կըծկած անկիւնն աննըշմար,

Փերեզակը մունջ ու խոնարհ,

Պիտի ծախէ կըտաւ, կերպաս, տըպածոյ,

Եազմա, գուլպայ, ֆէս, անկուածոյ,

Եւ այստեղէն նիւթեր ջընջին անհամար,

Իր հինաւուրց կանգունով

Չափչըփելով սեւ սահմաններն համբերութեան,

Եւ իր ժանգոտ մըկրատով

Յօշոտելով իր յոյսերուն

Եւ իր վըսեմ անուրջներուն

Բողբոջներն անհամար, բողբոջներն անըսպառ

Իբր աշխարհիս իմաստութեանը համար։

1912