Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ձիւնն աւելի՝ շըռայլօրէն կ՚իյնայ վար

Տըրտմաթախիծ իրիկուան մը սուգին մէջ.

Բաթիլներուն հեգնալից պարն հողմավար

Կ՚ուրուագըծէ իր խօլական ել եւ էջ։

 

Կը կործանի անհուն կապոյտն երկինքին,

—Մըրըրկավար ցընորքներուս խենդ խուճապ.

Ինծի տալով վայելքն աղի, հեշտագին,

Ունայնութեանն երազներուս հմայաթափ։

 

Հեռուն՝ ամէն բան կը մարի տրտմագին,

Ձիւնին մէջէն՝ որ անդադար կը տեղայ.

Միայն մօտիկ հողմաղացը գիւղակին՝

Կ՚երազէ հոն զերթ կնգղաւոր աբեղայ։

 

Չարագուշակ իրիկուան մէջ՝ ամէն իր

Սպասում մ՚է ճամբուն վըրայ բազմախութ,

Եւ ամէն բան լուռ կ՚որոճայ մըտացիր

Նախազգացումը գիշերուան մօտալուտ։