Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Երանելին՝ մենակեաց մ՚էր նորատի,

Հոգին՝ ազատ անցաւորին պայմանէն,

Եւ անձնատուր Երազի մը տարօրէն

Որ մենութեան անկիւնին մէջ կը փըթթի։

 

Տըւայտանք մը խոր, անըսփոփ կարօտի

Մենակեացին կը պըրկէր սիրտն ուժգնօրէն,

Պիտի գըտնէ՜ր, երբ գար շընորհն հըրեղէն,

Պայծառ բըղխում աստուածային ոլորտի։

 

Եւ աղօթքի պահու մը մէջ վերասլաց,

Հոգւոյն վըճիտ ամենատես աչքը բա՜ց,

Տեսա՜ւ շարանն հըրաքանդակ տառերուն…։

 

Ու դարե՜ր վերջ, նոյն իսկ դըպիր մ՚աննըշան,

Այդ նիշերով թեւ կուտայ իր ներշնչման,

Սուրբին ձօնուած իր այս տաղովն անանուն։