Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հիփոկրէնի ես եմ յամառ ուխտաւոր,

Եւ կէս ճամբան զիս կը լըքէ Պեգասոս,

Այլ արբենալ աղբերակէն մշտահոս՝

Դեռ կ՚երազե՜մ շալկած հողէ իմ սափոր։

 

Եւ սուրբ լերան կողերն ի վեր փառաւոր,

Քարուտ ճամբէն, յիմա՜րօրէն, փոսէ փոս,

Կը փորձեմ դեռ ես մագլցիլ յամր, անխօս,

Մինչ կ՚ըզգետնէ զիս յոգնութիւն մ՚անսովոր։

 

Ո՜վ ուխտ, հաւատքդ՝ իմ ճամբորդի ցուպս ամուր,

Կը քաշքշէ զիս՝ ցորչափ վառ է քու հուր,

Ո՜վ ուխտ անմեռ՝ նուիրական աղբիւրին։

 

Եւ կասկածոտ ու գըլխիկոր՝ այլ յամառ,

Պիտի քալեմ դերբուկ ճամբէն, յամրաբար,

Մինչեւ վերջին կայծն ուժերուս մարդկայի՜ն։